Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ առտու, 24 յունուար 2018–ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Բեթէլի ընտանիքները ուրախացան լսելով յատուկ յայտարարութիւն մը. եղբայր Գեննեթ Քուք Կրտսեր եղաւ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը։
Եղբայր Քուք ծնաւ եւ մեծցաւ Փէնսիլվանիոյ մէջ, ԱՄՆ։ Ճշմարտութիւնը լսեց իր դասընկերէն՝ բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէն առաջ, եւ 7 յունիս 1980–ին մկրտուեցաւ։ Ան սկսաւ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ 1 սեպտեմբեր 1982–ին։ Երկու տարի ետք Բեթէլ հրաւիրուեցաւ, եւ 12 հոկտեմբեր 1984–ին սկսաւ ծառայել Ուոլգիլի մէջ, Նիւ Եորք։
Յաջորդ 25 տարիներուն ընթացքին, եղբայր Քուք տարբեր նշանակումներ ունեցաւ Տպարանին մէջ եւ Բեթէլի Գրասենեակին մէջ։ 1996–ին ամուսնացաւ Ճէյմի անունով քրոջ մը հետ, եւ ան իրեն հետ սկսաւ ծառայել Ուոլգիլի մէջ։ Դեկտեմբեր 2009–ին, անոնք փոխադրուեցան Դիտարանի կրթական կեդրոնը Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք, ուր եղբայր Քուք նշանակուեցաւ ծառայելու Թղթակցութեան բաժանմունքին մէջ։ Ապրիլ 2016–ին,– Ուոլգիլ վերադառնալէ կարճ ժամանակ ետք,– եղբայր Քուք եւ իր կինը նշանակուեցան Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Իսկ հինգ ամիս ետք, փոխադրուեցան կեդրոնատեղին՝ Ուորուիքի մէջ, Նիւ Եորք։ Յունուար 2017–ին, եղբայր Քուք նշանակուեցաւ որպէս Կառավարիչ մարմինի Գրական յանձնախումբին օգնական։