Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

«Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ»

«Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ»

«Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (ԵՍԱ. 41։10

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Եսայի 41։10–ին խօսքը ինչպէ՞ս Եօշիքոյին ազդեց։ բ) Եհովան որո՞ւն օգտին համար գրել տուաւ այդ խօսքը։

ԵՕՇԻՔՕ անունով հաւատարիմ քոյր մը, գէշ լուր մը առաւ։ Իր բժշկուհին ըսաւ, որ միայն քանի մը ամսուան կեանք ունի։ Եօշիքոն ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան յիշեց իր նախասիրած համարներէն մէկը՝ Եսայի 41։10 (կարդա՛)։ Ետքը, հանդարտօրէն բժշկուհիին ըսաւ, որ ինք վախ չունի, քանի որ Եհովան իր ձեռքը բռնած է *։ Այդ մխիթարիչ համարը մեր սիրելի քրոջ օգնեց, որ Եհովային լիովին վստահի։ Նոյն համարը կրնայ մեզի ալ օգնել, որ հանդարտ մնանք երբ խիստ փորձութիւններու առջեւ գտնուինք։ Այս կէտը հասկնալու համար, նա՛խ նկատի առնենք, թէ Աստուած ինչո՛ւ այդ խօսքը գրել տուաւ։

2 Սկիզբը Եհովան զայն գրել տուաւ, մխիթարելու համար այն հրեաները, որոնք յետագային Բաբելոն պիտի աքսորուէին։ Բայց այդ պատգամէն նաեւ պիտի օգտուէին իր բոլոր ծառաները դարերու ընթացքին եւ մինչեւ օրս (Եսա. 40։8. Հռով. 15։4)։ Մենք կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, եւ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք Եսայի գրքին տուած քաջալերութեան (Բ. Տիմ. 3։1

3. ա) Ի՞նչ խոստումներ կան Եսայի 41։10–ին մէջ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք ունինք այդ խոստումներուն։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք 2019–ի տարուան համարին՝ Եսայի 41։10–ին մէջ արձանագրուած հաւատք զօրացնող երեք խոստումներու վրայ. 1) Եհովան մեզի հետ պիտի ըլլայ, 2) ան մեր Աստուածն է, եւ 3) ան մեզի պիտի օգնէ։ Մենք պէտք ունինք այս հաւաստիացումներուն *, քանի որ նեղութիւններէ կ’անցնինք, Եօշիքոյին պէս։ Ասկէ զատ, աշխարհի վատ իրավիճակները մեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն։ Իսկ մեզմէ ոմանք նոյնիսկ կը տոկան զօրաւոր կառավարութիւններու կողմէ եղած հալածանքին։ Այս երեք հաւաստիացումները մէկ–մէկ նկատի առնենք։

«ԵՍ ՀԻՄԱ ՔԵԶԻ ՀԵՏ ԵՄ»

4. ա) Ի՞նչ է առաջին հաւաստիացումը, որ նկատի պիտի առնենք (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Եհովան ի՞նչ կերպերով մեզի հանդէպ իր զգացումները կ’արտայայտէ։ գ) Աստուծոյ խօսքերը ինչպէ՞ս քեզի կ’ազդեն։

4 Եհովան մեզ նա՛խ կը հաւաստիացնէ ըսելով. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ» *։ Ան ցոյց կու տայ որ մեզի հետ է՝ իր լման ուշադրութիւնը մեզի դարձնելով եւ մեզի հանդէպ իր գուրգուրանքը յայտնելով։ Նկատէ թէ մեզի հանդէպ իր ջերմ եւ խոր զգացումները ինչպէ՛ս կ’արտայայտէ. «Իմ առջեւս պատուական եղար, պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի» (Եսա. 43։4)։ Տիեզերքին մէջ ո՛չ մէկ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ Եհովան իր ծառաները սիրելէ դադրի. մեզի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը անխախտ է (Եսա. 54։10)։ Երբ իր սէրը կը զգանք ու բարեկամութիւնը կը վայելենք, քաջութեամբ կը լեցուինք։ Ան մեզ պիտի պաշտպանէ, ինչպէս որ պաշտպանեց իր բարեկամը՝ Աբրամը, կամ Աբրահամը։ Իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Աբրամ, ես քեզի վահան եմ» (Ծն. 15։1

Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք քաջ ըլլալ եւ յաջողութեամբ տոկալ որեւէ փորձութեան, նոյնիսկ եթէ ատիկա յորդած գետի պէս կամ կրակի պէս ըլլայ (տե՛ս պարբերութիւն 5-6) *

5-6. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան կ’ուզէ մեզի օգնել երբ փորձութիւններու մէջ ըլլանք։ բ) Եօշիքոյին օրինակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

5 Գիտենք որ Եհովան կ’ուզէ մեզի օգնել երբ դժուարութիւններու մէջ ըլլանք, քանի որ իր ժողովուրդին կը խոստանայ. «Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ» (Եսա. 43։2)։ Այս խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

6 Ճիշդ է որ Եհովան չի խոստանար որ կեանքի դժուարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, բայց պիտի չձգէ որ խնդիրներու «գետեր»ը մեզ խեղդեն կամ փորձութիւններու «բոցը» մնայուն կերպով մեզի վնասէ։ Ան կը վստահեցնէ որ մեզի հետ ըլլալով պիտի օգնէ որ այդ դժուարութիւններէն ապահովաբար ‘անցնինք’։ Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան մեր վախերը պիտի հանդարտեցնէ, որպէսզի իրեն հանդէպ ուղղամիտ մնանք, նոյնիսկ երբ մահուան դիմաց գտնուինք (Եսա. 41։13)։ Նախապէս նշուած Եօշիքոն փորձառաբար ասոր ճիշդ ըլլալը տեսաւ։ Իր աղջիկը կ’ըսէ. «Մօրս հանդարտութիւնը մեզ շատ տպաւորեց։ Մեր աչքով տեսանք թէ Եհովան իրեն ներքին խաղաղութիւն տուաւ։ Մինչեւ իր մահը, մայրս հիւանդապահուհիներու եւ հիւանդներու հետ կը խօսէր Եհովային եւ անոր խոստումներուն մասին»։ Եօշիքոյին օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Երբ վստահինք Եհովայի խոստումին՝ «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ», մենք ալ քաջ ու զօրաւոր պիտի ըլլանք, մինչ փորձութիւններու կը տոկանք։

«ԵՍ ՔՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԵՄ»

7-8. ա) Ի՞նչ է երկրորդ հաւաստիացումը, որ նկատի պիտի առնենք։ բ) Եհովան ինչո՞ւ հրեայ աքսորեալներուն ըսաւ. «Մի՛ զարհուրիր»։ գ) Եսայի 46։3, 4–ին ո՞ր խօսքերը Աստուծոյ ժողովուրդին սիրտը հանդարտեցուցին։

7 Նկատէ Եսայիին գրած երկրորդ հաւաստիացումը. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ»։ Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Այս համարին բնագրին մէջ, «զարհուրիլ» թարգմանուած բայը ունի այն գաղափարը, թէ «մէկը մտահոգուելով անդադար ետեւ կը նայի, քանի որ կը վախնայ որ վտանգաւոր բան մը կամ անձ մը իրեն վնաս հասցնէ»։

8 Եհովան ինչո՞ւ ըսաւ այն հրեաներուն, որոնք Բաբելոն պիտի աքսորուէին, որ ‘չզարհուրին’։ Քանի որ գիտէր որ Բաբելոնի բնակիչները պիտի վախնային։ Ի՞նչ պատճառով պիտի վախնային։ Երբ հրեաներուն աքսորման 70 տարիները վերջանալու վրայ ըլլային, Մարա–Պարսկաստանի հզօր բանակը պիտի յարձակէր Բաբելոնի վրայ։ Եհովան այս բանակը պիտի գործածէր, որ իր ժողովուրդը Բաբելոնի գերութենէն ազատէր (Եսա. 41։2-4)։ Երբ բաբելոնացիները եւ ուրիշ ազգերէ մարդիկ գիտցան որ իրենց թշնամին կը մօտենայ, փորձեցին քաջ մնալ, իրարու ըսելով. «Զօրացի՛ր»։ Անոնք նաեւ աւելի չաստուածներ շինեցին, յուսալով որ զիրենք պաշտպանեն (Եսա. 41։5-7)։ Մինչ այդ, Եսայի գրքին մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքերը հրեայ աքսորեալներուն սիրտը հանդարտեցուցին. «Ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ. . . [միւսներուն հակառակը] դուն իմ ծառաս ես. . . մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ» (Եսա. 41։8-10)։ Նկատէ թէ Եհովան ըսաւ. «Ես քու Աստուածդ եմ»։ Այս խօսքերով, իր հաւատարիմ երկրպագուները հաւաստիացուց, որ զիրենք չէր մոռցած. ան դեռ իրենց Աստուածն էր, եւ անոնք դեռ իր ժողովուրդն էին։ Ան անոնց ըսաւ. «Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ»։ Հրեայ աքսորեալները անկասկած քաջալերուեցան այդ սրտապնդիչ խօսքերով (կարդա՛ Եսայի 46։3, 4

9-10. Ինչո՞ւ պէտք չունինք վախնալու. օրինակով մը բացատրէ։

9 Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի մարդիկ մտահոգ են, քանի որ աշխարհի վիճակները երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլան։ Անշուշտ մենք ալ ունինք այն նոյն խնդիրները, որոնք աշխարհը ունի, բայց պէտք չունինք վախնալու։ Եհովան մեզի կ’ըսէ. «Ես քու Աստուածդ եմ»։ Այս խօսքը ինչո՞ւ զօրաւոր պատճառ մըն է, որ հանդարտ մնանք։

10 Նկատի առ այս օրինակը. Ճիմ ու Պեն օդանաւի մը մէջ են, որ զօրաւոր փոթորիկի կը հանդիպի։ Մինչ օդանաւը շարունակ կը ցնցուի, օդաչուն բարձրախօսով բոլորին կ’ըսէ. «Ապահովութեան գօտին կապած պահեցէք։ Որոշ ժամանակ մը մեր թռիչքը այսպէս պիտի շարունակուի»։ Ճիմը շատ կը մտահոգուի։ Բայց օդաչուն կ’աւելցնէ. «Հոգ մի՛ ընէք. խօսողը ձեր օդաչուն է»։ Այդ վայրկեանին Ճիմը գլուխը կը շարժէ ըսելով՝ «Չեմ հասկնար ի՛նչ կերպով կը փորձէ հանդարտեցնել մեզ»։ Բայց կը նկատէ որ Պենը բնա՛ւ մտահոգ չէ։ Անոր կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս այսքան հանդարտ կրնաս մնալ»։ Պենը կը ժպտայ ու կ’ըսէ. «Քանի որ այդ օդաչուն շատ լաւ կը ճանչնամ։ Հա՛յրս է»։ Ան կ’աւելցնէ. «Քեզի գաղափար մը տամ հօրս մասին։ Վստահ եմ որ եթէ զինք ճանչնաս եւ գիտնաս թէ որքա՛ն հմուտ օդաչու մըն է, դուն ալ հանդարտ պիտի ըլլաս»։

11. Երկու ճամբորդներուն օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

11 Այս օրինակէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք։ Մենք Պենին պէս հանդարտ կը մնանք, քանի որ շատ լաւ կը ճանչնանք մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան։ Գիտենք որ ան պիտի օգնէ, որ տոկանք այն փոթորկանման խնդիրներուն, որոնք այս դրութեան վերջին օրերուն կը դիմագրաւենք (Եսա. 35։4)։ Եհովային կը վստահինք, անոր համար կրնանք հանդարտ մնալ, մինչ աշխարհը վախի մէջ է (Եսա. 30։15)։ Եւ, Պենին պէս, ուրիշներուն կը պատմենք, թէ ի՛նչ պատճառներ ունինք Աստուծոյ վստահելու։ Այսպէս, իրենք ալ կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան իրենց պիտի օգնէ՝ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւեն։

«ՔԵԶ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱՑՆԵՄ ՈՒ ՔԵԶԻ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ»

12. ա) Ի՞նչ է երրորդ հաւաստիացումը, որ նկատի պիտի առնենք։ բ) Եհովայի «բազուկ»ին ակնարկելը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։

12 Նկատի առ Եսայիին գրած երրորդ հաւաստիացումը. «Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ»։ Եսային արդէն նկարագրած էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը պիտի զօրացնէր, ըսելով. «Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ» (Եսա. 40։10)։ Աստուածաշունչը «բազուկ» բառը յաճախ այլաբանօրէն կը գործածէ զօրութեան ակնարկելու։ Ուստի Եհովային «բազուկը. . . պիտի իշխէ» արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան զօրաւոր Թագաւոր է։ Ան անցեալին իր հզօր ուժը գործածեց, որ իր ծառաներուն թիկունք կանգնի եւ զանոնք պաշտպանէ, ու կը շարունակէ զօրացնել եւ պաշտպանել այն անհատները, որոնք այսօր իրեն կը վստահին (Բ. Օր. 1։30, 31. Եսա. 43։10

Որեւէ գործիք կամ զէնք պիտի չյաջողի Եհովայի պաշտպանող բազուկին դէմ (տե՛ս պարբերութիւն 12-16) *

13. ա) Եհովան յատկապէս ե՞րբ մեզ կը զօրացնէ, ինչպէս որ խոստացած է։ բ) Ի՞նչ երաշխիք մեզ կը զօրացնէ եւ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։

13 Մանաւանդ երբ թշնամիները մեզ հալածեն, Եհովան իր խոստումը կը պահէ. «Քեզ պիտի զօրացնեմ»։ Այսօր աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, մեր թշնամիները ամէն ջանք կ’ընեն, որ մեր քարոզչութիւնը կեցնեն կամ մեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլեն։ Բայց եւ այնպէս, այս յարձակումներէն չենք վախնար։ Եհովան մեզի տուած է երաշխիք մը, որ մեզ կը զօրացնէ եւ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։ Ան մեզի կը խոստանայ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ Այս խօսքը մեզի կը յիշեցնէ երեք կարեւոր իրողութիւններ։

14. Ինչո՞ւ չենք զարմանար որ Աստուծոյ թշնամիները մեր վրայ կը յարձակին։

14 Առաջին, Քրիստոսին հետեւորդները ըլլալով, կ’ակնկալե՛նք որ ատուինք (Մատ. 10։22)։ Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն իր աշակերտները խիստ կերպով պիտի հալածուէին (Մատ. 24։9. Յովհ. 15։20)։ Երկրորդ, Եսայիի մարգարէութիւնը մեզ կը զգուշացնէ, որ մեր թշնամիները մեզ ատելէ աւելին պիտի ընեն. անոնք մեզի դէմ զանազան գործիքներ կամ զէնքեր պիտի գործածեն։ Ատոնք պարփակած են՝ խորամանկ խաբէութիւն, սուտեր եւ խիստ հալածանք (Մատ. 5։11)։ Եհովան արգելք պիտի չըլլայ, որ մեր թշնամիները այդ գործիքները գործածեն՝ մեզի դէմ պատերազմելու (Եփ. 6։12. Յայտ. 12։17)։ Բայց հարկ չկայ որ վախնանք։ Ինչո՞ւ։

15-16. ա) Ի՞նչ է երրորդ իրողութիւնը, որ պէտք է յիշենք, եւ Եսայի 25։4, 5–ը ատոր ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի։ բ) Ըստ Եսայի 41։11, 12–ին, մեզի դէմ պատերազմողներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։

15 Նկատի առ երրորդ իրողութիւնը, որ պէտք է յիշենք։ Եհովան ըսաւ որ «ոեւէ գործիք» որ մեզի դէմ կը գործածուի, «ամենեւին պիտի չյաջողի»։ Ճիշդ ինչպէս որ պատը մեզ կը պաշտպանէ կործանարար փոթորիկէ, նոյնպէս Եհովան մեզ կը պաշտպանէ ‘անօրէն մարդոց կատաղութենէն’ (կարդա՛ Եսայի 25։4, 5)։ Մեր թշնամիները բնա՛ւ պիտի չկարենան մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել (Եսա. 65։17

16 Եհովան իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ, մանրամասնութեամբ նկարագրելով թէ մեզի «դէմ ամէն բարկացողներ»ուն ի՛նչ պիտի ըլլայ (կարդա՛ Եսայի 41։11, 12)։ Մեր թշնամիները մեզի դէմ որքա՛ն ալ խիստ պատերազմ մղեն, ի վերջոյ «չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին»։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆՔ

Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնանք աւելցնել, Աստուածաշունչին մէջ իր մասին կանոնաւորաբար կարդալով (տե՛ս պարբերութիւն 17-18) *

17-18. ա) Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ. օրինակ մը տուր։ բ) 2019–ի տարուան համարին վրայ խոկալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

17 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը կը զօրացնենք, զինք լաւ ճանչնալով։ Եւ Աստուած լաւ ճանչնալու միակ կերպն է՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ կարդալ եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալ։ Աստուածաշունչի արձանագրութեան ընդմէջէն կը տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին իր ժողովուրդը պաշտպանեց։ Այդ պատմութիւնները մեզ կը վստահեցնեն, որ Եհովան ներկայիս մեզ պիտի հոգայ։

18 Նկատէ այն գեղեցիկ պատկերաւոր խօսքը որ Եսային կը գործածէ, նկարագրելու համար թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ կը պաշտպանէ։ Ան Եհովային կ’ակնարկէ որպէս հովիւ եւ Իր ծառաներուն՝ որպէս գառնուկներ, եւ կ’ըսէ. «Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ» (Եսա. 40։11)։ Երբ կը կարդանք որ Եհովան ինչպէս իր զօրաւոր բազուկովը մեզ կը կրէ, չե՞նք զգար որ պաշտպանուած ենք եւ չե՞նք հանդարտիր։ Որպէսզի հանդարտ մնանք հակառակ մեր խնդիրներուն, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան Եսայի 41։10–ը ընտրեց որպէս 2019–ի տարուան համար. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ»։ Այս սրտապնդիչ խօսքին վրայ խոկա՛։ Ատիկա քեզ պիտի զօրացնէ, որ գալիք դժուարութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւես։

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ պարբ. 5 2019–ի տարուան համարը երեք պատճառ կու տայ հանդարտ մնալու, նոյնիսկ երբ գէշ բաներ պատահին աշխարհին մէջ կամ մեզի։ Այս յօդուածը կը քննարկէ այդ պատճառները եւ մեզի կ’օգնէ, որ շատ չմտահոգուինք եւ Եհովային աւելի՛ վստահինք։ Տարուան համարին վրայ խոկա՛, եւ եթէ կրնաս՝ գոց սորվէ։ Համարը քեզ պիտի զօրացնէ, որ գալիք խնդիրները յաջողութեամբ դիմագրաւես։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հաւաստիացումը ճշմարիտ խօսք մը կամ խոստում մըն է, որ բան մը անպայման պիտի կատարուի։ Եհովային տուած հաւաստիացումները մեզի կ’օգնեն, որ շատ չմտահոգուինք այն խնդիրներուն համար, որոնք ապագային թերեւս ունենանք։

^ պարբ. 4 «Մի՛ վախնար» արտայայտութիւնը երեք անգամ կը նշուի՝ Եսայի 41։10, 13 եւ 14–ին մէջ։ Նոյն համարներուն մէջ «ես» դերանունն ալ կրկին անգամ կը նշուի (ակնարկելով Եհովային)։ Եհովան Եսային ներշնչեց որ «ես» դերանունը շատ գործածէ, կարեւոր կէտ մը շեշտելու համար. մեր վախերը պիտի թեթեւնան, միայն երբ Եհովային վստահինք։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ընտանիքի անդամներ փորձութիւններէ կ’անցնին գործին մէջ, առողջապահական գետնի վրայ, ծառայութեան մէջ եւ դպրոցը։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տան մը մէջ Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովը կ’ընդհատուի ոստիկաններու կողմէ, բայց եղբայրներն ու քոյրերը իրար չեն անցնիր։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր յայտագիրները մեզ կը զօրացնեն որ տոկանք։