Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

Պարզ առիթ մը ի՞նչ կը սորվեցնէ երկնային Թագաւորի մը մասին

Պարզ առիթ մը ի՞նչ կը սորվեցնէ երկնային Թագաւորի մը մասին

«Ասիկա կը խորհրդանշէ իմ մարմինս. . . ասիկա կը խորհրդանշէ իմ արիւնս» (ՄԱՏ. 26։26-28, ՆԱ

ԵՐԳ 108 Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ Յիսուս մեզի պարզ կերպ մը տար իր մահը յիշատակելու։ բ) Յիսուսին ո՞ր յատկութիւնները նկատի պիտի առնենք։

ԿՐՆԱ՞Ս նկարագրել թէ Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Անկասկած մեր մեծամասնութիւնը կը յիշէ, թէ Տէրունական ընթրիքին ընթացքին ի՛նչ կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ պարզ ընթրիք մըն է։ Բայց առիթը շա՛տ կարեւոր է, անոր համար թերեւս հարցնենք. ‘Տէրունական ընթրիքը ինչո՞ւ շատ պարզ է’։

2 Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ճանչցուած էր կարեւոր ճշմարտութիւնները պարզ, յստակ եւ դիւրահասկնալի կերպով սորվեցնելով (Մատ. 7։28, 29)։ Նոյնպէս, ան մեզի տուաւ պարզ բայց իմաստալից կերպ մը իր մահը յիշատակելու։ Մօտէն նկատի առնենք Յիշատակատօնը * եւ տեսնենք կարգ մը բաներ որ Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ։ Մինչ այսպէս կ’ընենք, ա՛լ աւելի պիտի հասկնանք թէ Յիսուս որքա՛ն խոնարհ, քաջ եւ սիրալիր է, եւ պիտի սորվինք զինք աւելի լաւ ընդօրինակել։

ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՆԱՐՀ Է

Յիշատակատօնի խորհրդանիշները՝ հացն ու գինին, մեզի կը յիշեցնեն որ Յիսուս իր կեանքը տուաւ մեզի համար եւ հիմա երկնքի մէջ մեր Թագաւորն է (տե՛ս պարբերութիւն 3-5)

3. Ինչպէս որ Մատթէոս 26։26-28–ին մէջ արձանագրուած է, Յիսուսին հաստատած Յիշատակատօնը որքա՞ն պարզ էր, իսկ հացն ու գինին ի՞նչ խորհրդանշեցին։

3 Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ներկայութեամբ։ Ան առաւ ինչ որ Պասեքի ընթրիքէն մնացած էր եւ այս պարզ յիշատակութիւնը ըրաւ (կարդա՛ Մատթէոս 26։26-28)։ Ան գործածեց միայն անխմոր հացը եւ գինին։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ, որ այդ երկու հիմնական բաները կը խորհրդանշէին իր կատարեալ մարմինն ու արիւնը, որոնք իրենց համար պիտի զոհէր։ Առաքեալները թերեւս չզարմացան երբ տեսան, թէ այս կարեւոր նոր ընթրիքը որքա՛ն պարզ էր։ Ինչո՞ւ։

4. Նախապէս Մարթային տրուած խրատը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ Յիսուս ինչո՛ւ Տէրունական ընթրիքը պարզ պահեց։

4 Նկատէ թէ ամիսներ առաջ՝ Յիսուսի ծառայութեան երրորդ տարուան ընթացքին, ինչ եղաւ երբ իր մտերիմ բարեկամներուն՝ Ղազարոսին, Մարթային ու Մարիամին տունը այցելեց։ Այդ հանդարտ միջավայրին մէջ, Յիսուս սկսաւ սորվեցնել։ Մարթան հոն էր, բայց զբաղած էր իր յարգելի հիւրին համար ճոխ ճաշ մը պատրաստելով։ Ասիկա տեսնելով, Յիսուս ազնուութեամբ Մարթան սրբագրեց, իրեն օգնելով որ հասկնայ թէ միշտ անհրաժեշտ չէր փառաւոր ճաշ պատրաստել (Ղուկ. 10։40-42)։ Յետագային, իր մահէն միայն քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս անձամբ գործադրեց իր տուած խրատը։ Ան Տէրունական ընթրիքը պարզ պահեց։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Յիսուսին մասին։

5. Այս ընթրիքին պարզութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ Յիսուսի մասին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս համաձայն է Փիլիպպեցիս 2։5-8–ին հետ։

5 Յիսուս խոնարհ էր իր բոլոր ըսածներուն ու ըրածներուն մէջ։ Ուստի զարմանալի չէ, որ մեծ խոնարհութիւն ցոյց տուաւ երկրի վրայ իր կեանքին վերջին գիշերը (Մատ. 11։29)։ Ան գիտէր թէ մարդկային պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ զոհը մատուցանելու վրայ էր եւ թէ Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տար՝ երկնքի մէջ Թագաւոր ըլլալու համար։ Հակառակ ասոր, ան անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրեց իր վրայ, պահանջելով որ իր մահը փառաւոր կերպով յիշատակուի։ Հապա, իր աշակերտներուն ըսաւ որ ամէն տարի զինք յիշեն այս պարզ ընթրիքին միջոցաւ (Յովհ. 13։15. Ա. Կոր. 11։23-25)։ Պարզ բայց պատշաճ ընթրիքը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս հպարտ անձ մը չէր։ Ուրախ ենք գիտնալով որ խոնարհութիւնը մեր երկնաւոր Թագաւորին ամէնէն ուշագրաւ յատկութիւններէն մէկն է (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։5-8

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի խոնարհութիւնը ընդօրինակել, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք։

6 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսի խոնարհութիւնը։ Ուրիշներուն շահերը մեր շահերէն առաջ դնելով (Փլպ. 2։3, 4)։ Վերադառնանք Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերուան։ Ան գիտէր որ ցաւալի մահ պիտի դիմագրաւէր, բայց խորապէս մտահոգ էր իր հաւատարիմ առաքեալներուն նկատմամբ, որոնք քիչ ետք իրեն համար սուգ պիտի ընէին։ Ուստի, ան իր վերջին գիշերը անցուց անոնց սորվեցնելով, քաջալերելով եւ հաւաստիացնելով (Յովհ. 14։25-31)։ Յիսուս խոնարհաբար ուրիշներուն բարօրութեամբ աւելի հետաքրքրուած էր քան՝ իր բարօրութեամբ։ Ի՜նչ աղուոր օրինակ է մեզի։

ՅԻՍՈՒՍ ՔԱՋ Է

7. Յիսուս ինչպէ՞ս մեծ քաջութիւն ցոյց տուաւ, Տէրունական ընթրիքը հաստատելէ անմիջապէս ետք։

7 Տէրունական ընթրիքը հաստատելէ անմիջապէս ետք, Յիսուս շատ մեծ քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան ընդունեց իր Հօր կամքը իրեն համար, հակառակ անոր որ գիտէր թէ ատիկա ընելը կը նշանակէր, թէ մահապատիժի պիտի ենթարկուէր հայհոյութիւն ընելու ամօթալի ոճիրով (Մատ. 26։65, 66. Ղուկ. 22։41, 42)։ Յիսուս լիովին ուղղամիտ մնաց, որպէսզի Եհովայի անունը պատուէ, Իր գերիշխանութիւնը ջատագովէ եւ զղջացող մարդոց առջեւ բանայ անվերջ կեանք մը ունենալու ճամբան։ Միեւնոյն ատեն, ան իր հետեւորդները պատրաստեց իրենց դիմագրաւելիք բաներուն համար։

8. ա) Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ի՞նչ ըսաւ։ բ) Իր մահուան յաջորդող տարիներուն, աշակերտները ինչպէ՞ս իրեն պէս քաջութիւն ցուցաբերեցին։

8 Յիսուս քաջութիւն ցոյց տուաւ նաեւ, երբ մէկդի դրաւ որեւէ մտահոգութիւն որ թերեւս ունէր, եւ կեդրոնացաւ իր հաւատարիմ առաքեալներուն պէտքերուն վրայ։ Այդ պարզ ընթրիքը,– որ Յուդան արձակելէ ետք հաստատեց,– ապագայ օծեալ հետեւորդներուն պիտի յիշեցնէր, թէ նոր ուխտին մէկ մասը կը կազմէին եւ թէ իր թափուած արեան շնորհիւ ի՛նչ օգուտներ կը վայելէին (Ա. Կոր. 10։16, 17)։ Օգնելու համար որ հաւատարիմ մնան եւ իրեն հետ երկնային կեանքին արժանանան, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, թէ ինքն ու իր Հայրը իրենցմէ ի՛նչ կ’ակնկալէին (Յովհ. 15։12-15)։ Ան նաեւ իր առաքեալներուն տեղեկացուց, թէ ի՛նչ փորձութիւններ պիտի դիմագրաւէին։ Ետքը, քաջալերելով որ իր օրինակին հետեւին, ըսաւ որ «քաջասի՛րտ» ըլլան (Յովհ. 16։1-4ա, 33)։ Տարիներ ետք, Յիսուսի աշակերտները տակաւին կը շարունակէին իր անձնազոհ օրինակին հետեւիլ եւ քաջութիւն ցուցաբերել։ Սուղ գին վճարելով, փորձութիւններու մէջ իրարու թիկունք կանգնեցան (Եբ. 10։33, 34

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին պէս քաջ ըլլալ։

9 Այսօր մենք ալ Յիսուսին պէս քաջութիւն ցոյց կու տանք։ Օրինակ, մեզմէ քաջութիւն կը պահանջէ, որ օգնենք իրենց հաւատքին համար հալածուող եղբայրներուն։ Երբեմն մեր եղբայրները անարդարօրէն կը բանտարկուին։ Այդ պարագային, պէտք է որ ամէն բան ընենք իրենց օգնելու, մէջը ըլլալով՝ իրենց համար աղօթել ու կառավարական պաշտօնեաներու եւ նոյնիսկ դատաւորներու առջեւ զիրենք պաշտպանել (Փլպ. 1։14. Եբ. 13։19)։ Քաջութիւն ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է՝ շարունակել «համարձակ» քարոզել (Գործք 14։3)։ Յիսուսին պէս, վճռած ենք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել, նոյնիսկ երբ մարդիկ մեզի հակառակին եւ հալածեն։ Սակայն երբեմն թերեւս զգանք որ քաջ չենք։ Այդ պարագային ի՞նչ կրնանք ընել։

10. Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ։

10 Կրնանք ա՛լ աւելի քաջ ըլլալ, մտածելով այն յոյսին մասին, որ Քրիստոսի զոհին շնորհիւ կարելի դարձաւ (Յովհ. 3։16. Եփ. 1։7)։ Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, մասնաւոր առիթ ունինք փրկանքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնելու։ Այդ ժամանակամիջոցին, Յիշատակատօնին յատկացուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւէ՛ եւ աղօթքով խոկա՛ Յիսուսի կեանքին վերջին օրերուն պատահած դէպքերուն վրայ։ Ետքը, երբ Տէրունական ընթրիքին օրը հաւաքուինք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն իմաստը եւ խորապէս ըմբռնենք այն բացառիկ զոհը, որ ատոնք կը ներկայացնեն։ Երբ հասկնանք թէ Յիսուսը եւ Եհովան մեզի համար ի՛նչ ըրած են եւ թէ ատիկա ի՛նչ օգուտներ կը բերէ մեզի եւ մեր սիրելիներուն, մեր յոյսը կ’աւելնայ եւ կը մղուինք քաջութեամբ տոկալու մինչեւ վերջ (Եբ. 12։3

11-12. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։

11 Մինչեւ հիմա տեսանք, որ Տէրունական ընթրիքը մեզի կը յիշեցնէ ոչ միայն թանկագին փրկանքը, հապա նաեւ Յիսուսին հիանալի յատկութիւնները՝ խոնարհութիւնն ու քաջութիւնը։ Մենք շա՜տ երախտապարտ ենք, որ Յիսուս կը շարունակէ այս յատկութիւնները ցուցաբերել որպէս մեր Քահանայապետը, որ մեզի բարեխօս կ’ըլլայ (Եբ. 7։24, 25)։ Մեր սրտագին գնահատութիւնը յայտնելու համար, պէտք է հաւատարմօրէն Յիսուսին մահը յիշատակենք, ինչպէս որ ինք պատուիրեց (Ղուկ. 22։19, 20)։ Ասիկա կ’ընենք այն օրը, որ կը համապատասխանէ նիսան 14–ին, որ տարուան ամէնէն կարեւոր օրն է։

12 Տէրունական ընթրիքի պարզ երեսակներէն կրնանք տեսնել ուրիշ յատկութիւն մը, որ Յիսուսը մղեց մեզի համար մեռնելու։ Ան այդ յատկութեամբ ճանչցուեցաւ իր երկրային կեանքին ընթացքին։ Ի՞նչ էր այդ յատկութիւնը։

ՅԻՍՈՒՍ ՍԷՐ ՈՒՆԻ

13. Յովհաննէս 15։9 եւ Ա. Յովհաննէս 4։8-10–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրեն Եհովային ու Յիսուսին ցուցաբերած սէրը, եւ անոնց սէրէն որո՞նք կ’օգտուին։

13 Յիսուս ամէն բանի մէջ կատարեալ կերպով արտացոլեց իր Հօր խոր սէրը մեզի հանդէպ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։9. Ա. Յովհաննէս 4։8-10)։ Ամէնէն կարեւորը, Յիսուս սրտանց մղուեցաւ իր կեանքը մեզի համար տալու։ Ըլլա՛նք օծեալներէն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, կ’օգտուինք այն սէրէն, որ Եհովան եւ Յիսուսը այդ զոհին միջոցաւ ցոյց տուին (Յովհ. 10։16. Ա. Յովհ. 2։2)։ Նաեւ մտածէ՛ Տէրունական ընթրիքին պարզութեան մասին, ինչ որ ցոյց կու տայ Յիսուսին սէրն ու նկատառութիւնը իր աշակերտներուն հանդէպ։ Ինչպէ՞ս։

Յիսուս սիրալիրօրէն հաստատեց Յիշատակատօն մը, որ այնքան պարզ էր որ կարելի էր զայն տօնել դարերու ընթացքին եւ զանազան պարագաներու ներքեւ (տե՛ս պարբերութիւն 14-16) *

14. Յիսուս ի՞նչ կերպով իր աշակերտներուն հանդէպ սէր ցոյց տուաւ։

14 Յիսուս հոգիէն–ծնած իր հետեւորդներուն հանդէպ սէր ցոյց տուաւ, հաստատելով ոչ թէ բարդ ծէս մը, հապա պարզ ընթրիք մը։ Ժամանակի ընթացքին, այդ օծեալ աշակերտները պէտք էր Յիշատակատօնը տօնէին ամէն տարի եւ զանազան պարագաներու ներքեւ, մէջը ըլլալով բանտարկութիւն (Յայտ. 2։10)։ Արդեօք անոնք կրցա՞ն Յիսուսին հնազանդիլ։ Այո՛։

15-16. Ոմանք ինչպէ՞ս կրցած են Տէրունական ընթրիքը յիշատակել դժուար պարագաներու ներքեւ։

15 Առաջին դարէն մինչեւ այսօր, ճշմարիտ քրիստոնեաները ջանք թափած են որ Յիսուսի մահը յիշատակեն։ Անոնք Տէրունական ընթրիքին համար պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսան որքան որ կրնային, երբեմն դժուար պարագաներու ներքեւ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակները։ Երբ եղբայր Հարոլտ Քինկը Չինաստանի մէջ առանձնացած բանտարկութեան մէջ էր, պէտք էր որ Յիշատակատօնը տօնելու կերպ մը գտնէր։ Ան գաղտնաբար Յիշատակատօնի խորհրդանիշները պատրաստեց, գործածելով ինչ որ իր ձեռքին տակ ունէր։ Նաեւ, շա՜տ ուշադրութեամբ հաշուեց Յիշատակատօնին թուականը։ Երբ Յիշատակատօնի օրը եկաւ, ան առանձնաբար երգեց, աղօթեց եւ սուրբգրային դասախօսութիւն մը տուաւ։

16 Իսկ ուրիշ օրինակ մըն է՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմին խումբ մը քոյրեր, որոնք բանտարկուած էին համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ եւ իրենց կեանքը վտանգեցին Տէրունական ընթրիքը յիշատակելու համար։ Սակայն, որովհետեւ այդ ընթրիքին մէջ գործածուած խորհրդանիշները շատ պարզ էին, անոնք կրցան գաղտնաբար Յիշատակատօնը տօնել։ Անոնք տեղեկագրեցին. «Իրարու շատ մօտ կեցանք ճերմակ լաթով ծածկուած պզտիկ սեղանի մը շուրջ, որուն վրայ խորհրդանիշները դրինք։ Եւ սենեակը լուսաւորելու համար մոմ դրինք, փոխանակ ելեկտրականութիւն գործածելու,– ինչ որ կրնար մեր ըրածը մէջտեղ հանել։ . . .Կրկին անգամ սրտաբուխ կերպով մեր Հօր յայտնեցինք մեր ուխտերը, որ ամբողջ զօրութեամբ իր սուրբ անունը ջատագովենք»։ Այս քոյրերը ի՜նչ հոյակապ հաւատք ցոյց տուին։ Իսկ Յիսուս ի՜նչ մեծ սէր դրսեւորեց, երբ կարելի դարձուց որ Յիշատակատօնը տօնենք նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։

17. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել։

17 Մինչ Յիշատակատօնը կը մօտենայ, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի լաւ կերպով Յիսուսը ընդօրինակել սէր ցոյց տալու մէջ։ Արդեօք կը մտածե՞մ հաւատակիցներուս պէտքերուն մասին՝ իմ պէտքերէս աւելի։ Եղբայրներէս ու քոյրերէս աւելի՞ն կ’ակնկալեմ քան ինչ որ կրնան ընել, թէ ոչ իրենց սահմանափակումներուն գիտակից եմ’։ Թող մի՛շտ Յիսուսը ընդօրինակենք եւ «կարեկից» ըլլանք (Ա. Պետ. 3։8

ՅԻՇԷ՛ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ, ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԷՐԸ

18-19. ա) Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը շատ երկար ժամանակ պիտի չտօնենք։ Երբ Յիսուս «գայ» մեծ նեղութեան ընթացքին, իր «ընտրեալներ»ուն մնացորդը երկինք պիտի առնէ, եւ Յիշատակատօնը այլեւս պիտի չտօնուի (Ա. Կոր. 11։26. Մատ. 24։31

19 Նոյնիսկ երբ Եհովայի ժողովուրդը Յիշատակատօնը տօնելէ դադրի, անկասկած ջերմութեամբ պիտի յիշեն այս պարզ ընթրիքը, որ կը յայտնէ այն մեծ խոնարհութիւնը, քաջութիւնը եւ սէրը, որ մարդ մը ցարդ ցուցաբերած է։ Անոնք, որոնք այս անսովոր ընթրիքը յիշատակեցին, վստահաբար այն ատեն անոր մասին պիտի պատմեն բոլորին օգտին համար։ Բայց Տէրունական ընթրիքէն հի՛մա օգտուելու համար, պէտք է վճռենք ընդօրինակել Յիսուսի խոնարհութիւնը, քաջութիւնը եւ սէրը։ Եթէ այդպէս ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովային խոստացած վարձատրութիւնը պիտի ստանանք (Բ. Պետ. 1։10, 11

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

^ պարբ. 5 Մօտ ատենէն Տէրունական ընթրիքին ներկայ պիտի գտնուինք, յիշատակելու համար Յիսուս Քրիստոսին մահը։ Այս պարզ ընթրիքէն շատ բան կը սորվինք Յիսուսի խոնարհութեան, քաջութեան եւ սիրոյն մասին։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր արժէքաւոր յատկութիւնները ընդօրինակել։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Յիշատակատօնը առիթ մըն է, ուր պատմական դէպքի մը կամ կարեւոր անձի մը յիշատակը կը յարգուի։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Խաղարկութիւններ հաւատարիմ ծառաներու, որոնք Յիշատակատօնը տօնեցին առաջին դարու ժողովքին մէջ, 1800–ական թուականներու վերջաւորութեան, նացի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ, եւ համեստ բացօթեայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, որ Հարաւային Ամերիկայի տաք երկրի մը մէջ է։