Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

«Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք»

«Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք»

2020–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք» (ՄԱՏ. 28։19

ԵՐԳ 139 Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Յիսուսի գերեզմանին քով, հրեշտակ մը ի՞նչ կ’ըսէ կիներուն, եւ Յիսուս իրենց ի՞նչ ուղղութիւն կու տայ։

Ք.Ե. 33–ի նիսան 16–ի առտուն է։ Քանի մը աստուածավախ կիներ սրտաբեկ վիճակով կ’ուղղուին դէպի գերեզման, ուր աւելի քան 36 ժամ առաջ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմինը դրուեցաւ։ Երբ գերեզմանին վայրը կը հասնին, մարմինին վրայ բոյրեր ու իւղեր դնելու համար, անակնկալի կու գան. գերեզմանը պարապ է։ Հրեշտակ մը իրենց կ’ըսէ, որ Յիսուս յարութիւն առած է, եւ կ’աւելցնէ. «Ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա» (Մատ. 28։1-7. Ղուկ. 23։56. 24։10

2 Կիները գերեզմանէն հեռանալէ ետք, Յիսուս իրենց կը մօտենայ եւ այս ուղղութիւնը կու տայ. «Գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատ. 28։10)։ Ան իր աշակերտներուն տալիք շա՛տ կարեւոր ուղղութիւններ ունենալու է, քանի որ այս ժողովը առաջին բանն է, որ կը կարգադրէ իր յարութենէն ետք։

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՊԱՏՈՒԷՐԸ ՈՐՈ՞ՆՑ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

Երբ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք իր առաքեալներուն եւ ուրիշներուն հետ տեսնուեցաւ Գալիլիոյ մէջ, անոնց պատուիրեց, որ ‘երթան ու աշակերտեն’ (տե՛ս պարբերութիւն 3-4)

3-4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ արձանագրուած պատուէրը միայն առաքեալներուն չէր տրուած (տե՛ս կողքին նկարը)։

3 Կարդա՛ Մատթէոս 28։16-20։ Յիսուսի կազմակերպած հանդիպումին ընթացքին, ան նշեց այն կարեւոր գործը, որ իր աշակերտները առաջին դարուն պիտի կատարէին. այն նոյն գործը, որ ներկայիս մենք կ’ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։

4 Յիսուս կ’ուզէ որ իր բոլոր հետեւորդները քարոզեն։ Ան այս պատուէրը միայն իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն չտուաւ։ Ինչպէ՞ս վստահ ենք։ Երբ Գալիլիոյ մէջ լերան վրայ այդ պատուէրը տրուեցաւ, միայն առաքեալնե՞րը ներկայ էին։ Յիշէ որ հրեշտակը կիներուն ըսաւ. «[Գալիլիոյ մէջ] պիտի տեսնէք զանիկա»։ Ուրեմն, հաւատարիմ կիներ ալ այդ առիթին ներկայ ըլլալու էին։ Բայց ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալ կը յայտնէ, թէ Յիսուս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ» (Ա. Կոր. 15։6)։ Ո՞ւր։

5. Ա. Կորնթացիս 15։6–էն ի՞նչ կը սորվինք։

5 Տրամաբանական պատճառներ ունինք մտածելու, թէ Պօղոս ի մտի ունէր Մատթէոս 28–րդ գլուխի մէջ նկարագրուած Գալիլիոյ հանդիպումը։ Առաջին, Յիսուսի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը գալիլիացի էր։ Ուստի մեծ բազմութիւն մը հաւաքելու տրամաբանական վայրը պիտի ըլլար Գալիլիոյ մէջ լեռ մը եւ ոչ թէ Երուսաղէմի մէջ անձնական տուն մը։ Երկրորդ, յարուցեալ Յիսուս արդէն Երուսաղէմի մէջ իր 11 առաքեալներուն հանդիպած էր անձնական տան մը մէջ։ Եթէ ան կ’ուզէր միայն իր առաքեալներուն պատուիրել որ քարոզեն ու աշակերտեն, ատիկա կրնար ընել Երուսաղէմի՛ մէջ, փոխանակ իրենցմէ, կիներէն եւ ուրիշներէն խնդրելու որ Գալիլիոյ մէջ իրեն հանդիպին (Ղուկ. 24։33, 36

6. Մատթէոս 28։20–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ աշակերտելու պատուէրը մեր օրերուն կը կիրարկուի, իսկ այս պատուէրը ո՞ր տարողութեամբ ի գործ կը դրուի։

6 Նկատի առ երրորդ կարեւոր պատճառ մը. աշակերտելու Յիսուսի պատուէրը միայն առաջին դարու քրիստոնեաներուն չէր ուղղուած։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ուղղած իր խօսքերը եզրափակեց ըսելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ, շատե՜ր ներկայիս կ’աշակերտեն։ Մտածէ՛. ամէն տարի գրեթէ 300,000 անհատներ կը մկրտուին որպէս Եհովայի վկաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները կը դառնան։

7. Ի՞նչ պիտի քննարկենք եւ ինչո՞ւ։

7 Աստուածաշունչը սերտողներէն շատեր կը յառաջդիմեն ու կը մկրտուին։ Սակայն, այնպէս կը թուի որ ոմանք, որոնք մեզի հետ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կը սերտեն, կը վախնան Քրիստոսի աշակերտները դառնալու։ Անոնք սերտողութիւններէն հաճոյք կ’առնեն, բայց չեն յառաջդիմեր դէպի մկրտութիւն։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումասիրութիւն կը վարես, վստահ ենք որ կ’ուզես աշակերտիդ օգնել, որ իր սորվածը գործադրէ եւ Քրիստոսի աշակերտը դառնայ։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աշակերտին սրտին հասնիլ եւ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Ինչո՞ւ հարկ է որ այս նիւթը քննարկենք։ Քանի որ երբեմն որոշումի առջեւ կ’ըլլանք՝ թէ դասը շարունակե՛նք կամ ոչ։

ՋԱՆԱ՛ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼ

8. Ինչո՞ւ թերեւս դժուար ըլլայ աշակերտին սրտին հասնիլ։

8 Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծառայեն, քանի որ զինք կը սիրեն։ Ուստի մեր նպատակն է՝ մեր աշակերտներուն օգնել հասկնալու, թէ Եհովան իրենցմով խորապէս հետաքրքրուած է եւ զիրենք շատ կը սիրէ։ Կ’ուզենք իրենց օգնել, որ Եհովան նկատեն որպէս «որբերուն հայրը ու որբեւայրիներուն դատաւորը» (Սաղ. 68։5)։ Երբ աշակերտներդ գիտակցին, թէ Աստուած զիրենք որքա՜ն կը սիրէ, իրենք ալ պիտի սկսին զինք սիրել։ Կարգ մը աշակերտներու համար դժուար է Եհովան նկատել որպէս սիրառատ Հայր, քանի որ իրենց հօրմէն սէր ու գուրգուրանք չեն տեսած (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Հետեւաբար, մինչ դասը կը վարես, Եհովայի հոյակապ յատկութիւնները շեշտէ։ Աշակերտներուդ օգնէ հասկնալու, թէ մեր հոգատար Աստուածը կ’ուզէ որ իրենք յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն, եւ պատրաստ է իրենց օգնելու որ այդ նպատակակէտին հասնին։ Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։

9-10. Աստուածաշունչի դասեր վարելու համար, ո՞ր գիրքերը պէտք է գործածենք եւ ինչո՞ւ։

9 «Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն» գիրքը եւ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» * գիրքը գործածէ։ Այդ հրատարակութիւնները յատկապէս պատրաստուած են մեզի օգնելու, որ մեր աշակերտներուն սրտին հասնինք։ Օրինակ, Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գրքին առաջին դասը կը պատասխանէ այս հարցումներուն. Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Աստուած ի՞նչ կը զգայ, երբ մարդոց չարչարանքը տեսնէ։ Կրնա՞ս Եհովային բարեկամը ըլլալ։ Իսկ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը աշակերտին պիտի օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս աստուածաշնչական սկզբունքները գործադրելով, կրնայ իր կեանքը բարելաւել եւ Եհովային մօտենալ։ Նոյնիսկ եթէ այս գիրքերը արդէն ուրիշներու հետ սերտած ես, իւրաքանչիւր դաս լաւ պատրաստէ եւ աշակերտին իւրայատուկ պէտքերը ի մտի ունեցիր։

10 Սակայն, սեպենք թէ աշակերտը հետաքրքրուած է նիւթով մը, որ քննարկուած է հրատարակութեան մը մէջ, որ Ուսուցանելու գործիքներու տուփին մաս չի կազմեր։ Կրնաս զինք քաջալերել որ այդ հրատարակութիւնը անձամբ կարդայ, որպէսզի կարենաս շարունակել իրեն հետ սերտել յանձնարարուած երկու գիրքերը։

Ուսումնասիրութիւնը սկսէ աղօթքով (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ե՞րբ պէտք է դասը սկսինք եւ փակենք աղօթքով, եւ նիւթը ինչպէ՞ս կրնաս բանալ։

11 Ուսումնասիրութիւնը աղօթքով սկսէ։ Ընդհանուր առմամբ, լաւագոյն բանն է՝ կարելի եղածին չափ շուտ դասը սկսիլ եւ փակել աղօթքով. ընդհանրապէս առաջին քանի մը շաբթուան ընթացքին։ Պէտք է աշակերտին օգնենք գիտակցելու, թէ Աստուծոյ Խօսքը կարելի է հասկնալ միայն սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Կարգ մը Վկաներ աղօթքի նիւթը կը բանան՝ կարդալով Յակոբոս 1։5–ը, որ կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ»։ Ետքը, կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրել»։ Աշակերտը հաւանաբար պիտի ըսէ, որ Աստուծոյ պէտք է աղօթենք։

12. Սաղմոս 139։2-4–ը ինչպէ՞ս կը գործածես աշակերտին օգնելու որ աղօթքի որակը բարելաւէ։

12 Աշակերտիդ սորվեցուր ինչպէ՛ս աղօթել։ Զինք վստահեցուր որ Եհովան իր սրտագին աղօթքներուն ականջ կու տայ։ Բացատրէ որ մեր անձնական աղօթքներուն մէջ, կրնանք իրապէս մեր սիրտը բանալ Եհովային՝ արտայայտելով զգացումներ, որոնք ուրիշներու կը վարանինք ըսելու։ Ի վերջոյ, Եհովան արդէն գիտէ մեր ամենաներքին մտածումները (կարդա՛ Սաղմոս 139։2-4)։ Կրնանք նաեւ մեր աշակերտը քաջալերել, որ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ սխալ մտածում մը փոխելու եւ վատ սովորութիւններ յաղթահարելու։ Օրինակ, սեպենք որ մէկը, որ ժամանակէ մը ի վեր կը սերտէ, հեթանոսական ծագում ունեցող որոշ տօն մը կը սիրէ։ Գիտէ թէ սխալ է, բայց տակաւին անոր կարգ մը երեսակներէն հաճոյք կ’առնէ։ Զինք քաջալերէ, որ Եհովային ըսէ թէ ճիշդ ի՛նչ կը զգայ եւ Իրեն աղաչէ, որ օգնէ սիրելու միայն ի՛նչ որ Ինք կը սիրէ (Սաղ. 97։10

Աստուածաշունչի աշակերտդ ժողովներու հրաւիրէ (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. ա) Ինչո՞ւ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է մեր աշակերտները ժողովներու հրաւիրենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ աշակերտը հանգիստ զգայ Թագաւորութեան սրահին մէջ։

13 Կարելի եղածին չափ շուտ աշակերտդ ժողովներու հրաւիրէ։ Ժողովներուն ընթացքին, աշակերտդ ի՛նչ որ կը լսէ ու կը նկատէ, կրնայ իր սրտին դպչիլ եւ իրեն օգնել յառաջդիմելու։ Ցոյց տուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն, եւ զինք ջերմօրէն հրաւիրէ որ քեզի հետ գայ։ Եթէ կարելի է, առաջարկէ զինք հասցնել ժողովներուն։ Լաւ կ’ըլլայ որ տարբեր հրատարակիչներ ուսումնասիրութեան ներկայ ըլլան։ Այդպէս, աշակերտդ ժողովքին մէջ ուրիշ անհատներու պիտի ծանօթանայ եւ հաւանաբար աւելի հանգիստ պիտի զգայ երբ ժողովներու յաճախէ։

ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՅԱՌԱՋԴԻՄԷ

14. Ի՞նչը կրնայ աշակերտը մղել հոգեւորապէս յառաջդիմելու։

14 Մեր նպատակն է Աստուածաշունչի աշակերտին օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ (Եփ. 4։13)։ Երբ մէկը ընդունի Աստուածաշունչը սերտել, թերեւս գլխաւորաբար հետաքրքրուած ըլլայ թէ ինչպէ՛ս անձնապէս պիտի օգտուի։ Սակայն, մինչ կը սկսի աւելի՛ Եհովան սիրել, հաւանաբար պիտի սկսի մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուրիշներուն օգնել, մէջը ըլլալով անոնք, որոնք արդէն ժողովքին մաս կը կազմեն (Մատ. 22։37-39)։ Յարմար ժամանակին, խօսէ Թագաւորութեան գործին նիւթապէս թիկունք կանգնելու առանձնաշնորհումին մասին։

Աշակերտիդ սորվեցուր ի՛նչ ընել, երբ խնդիրներ ծագին (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտին օգնել որ ճիշդ կերպով վարուի, երբ խնդիրներ ծագին։

15 Աշակերտիդ սորվեցուր ի՛նչ ընել, երբ խնդիրներ ծագին։ Օրինակ, սեպէ որ աշակերտդ, որ չմկրտուած հրատարակիչ է, քեզի կ’ըսէ որ ժողովքին մէջ մէկէ մը վիրաւորուած է։ Փոխանակ կողմ բռնելու, իրեն բացատրէ թէ Աստուածաշունչին համաձայն ի՛նչ պէտք է ընէ։ Կրնայ կա՛մ եղբօր ներել, կա՛մ՝ եթէ չի կրնար հարցը մոռնալ՝ անձին ազնուօրէն եւ սիրալիրօրէն խօսիլ, ‘զինք շահելու’ նպատակով (համեմատէ՛ Մատթէոս 18։15)։ Աշակերտին օգնէ, որ պատրաստէ իր ըսելիքը։ Իրեն ցոյց տուր, թէ հարցը լուծելու գործնական կերպեր գիտնալու համար ինչպէ՛ս կրնայ գործածել՝ JW Library® էփը, Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–ը եւ jw.org® կայքը։ Մկրտուելէ առաջ ո՛րքան աւելի մարզում ստանայ խնդիրներ լուծելու համար, ա՛յնքան աւելի լաւ փոխյարաբերութիւններ պիտի ունենայ ետքը ժողովքին մէջ։

16. Ուրիշ հրատարակիչ մը դասին հրաւիրելու նկատմամբ ի՞նչ առաւելութիւններ կը տեսնես։

16 Դասին հրաւիրէ ժողովքէն անհատներ եւ շրջանային տեսուչը, երբ ժողովքին կ’այցելէ։ Ինչո՞ւ։ Վերոնշեալ պատճառներէն զատ, ուրիշ հրատարակիչներ թերեւս կարենան աշակերտիդ տալ այն օգնութիւնը, որ դուն չես կրնար տալ։ Օրինակ, սեպէ որ աշակերտդ կրկին անգամ փորձած է ծխախոտի գործածութիւնը դադրեցնել, բայց ձախողած է։ Հրաւիրէ Վկայ մը, որ այդ սովորութիւնը յաղթահարած է, թերեւս քանի մը անգամ ձախողելէ ետք։ Ան թերեւս աշակերտին գործնական խրատներ տայ, որոնց պէտք ունի։ Եթէ անհանգիստ կը զգաս փորձառու եղբօր մը ներկայութեան դասը վարելու, իրմէ խնդրէ որ ինք դասը վարէ։ Ամէն պարագայի, աշակերտդ կրնայ ուրիշներու փորձառութենէն օգտուիլ։ Յիշէ որ մեր նպատակն է՝ աշակերտին օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։

ՊԷ՞ՏՔ Է ԴԱՍԸ ԿԵՑՆԵՄ

17-18. Ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնես, երբ դասը կեցնելու որոշումին առջեւ ես։

17 Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտդ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ չի մտցներ, պէտք է դուն քեզի հարցնես. ‘Ժամանա՞կն է, որ դասը կեցնեմ’։ Պարագան վերլուծելու ատեն, պէտք է աշակերտիդ կարողութիւնը նկատի առնես։ Ոմանք ուրիշներէ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտին յառաջդիմելու համար։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Աշակերտս իր կարողութեան համեմատ տրամաբանական արագութեամբ կը յառաջդիմէ՞’։ ‘Սկսա՞ծ է իր սորվածները պահել կամ գործադրել’ (Մատ. 28։20)։ Աշակերտ մը թերեւս դանդաղ յառաջդիմէ, բայց պէտք է աստիճանաբար փոփոխութիւններ մտցնէ իր կեանքին մէջ։

18 Սակայն, ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ ժամանակէ մը ի վեր մէկու մը հետ կը սերտենք, բայց ան ցոյց չի տար թէ ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է իրեն համար։ Հետեւեալ պարագան նկատի առ. աշակերտդ ամբողջացուցած է Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը, եւ թերեւս նոյնիսկ սկսած է Աստուծոյ սէրը գիրքը սերտել, բայց տակաւին ժողովի մը,– նոյնիսկ Յիշատակատօնին,– ներկայ չէ գտնուած։ Եւ յաճախ անկարեւոր պատճառներով դասը չեղեալ կ’ընէ։ Այս պարագային, լաւ կ’ընես եթէ աշակերտին հետ անկեղծօրէն խօսիս *։

19. Ի՞նչ կրնաս ըսել մէկու մը, որ այնպէս կ’երեւի թէ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը չ’արժեւորեր, եւ ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնես։

19 Կրնաս խօսակցութիւնը սկսիլ հետեւեալ հարցումը հարցնելով. ‘Ի՞նչ է քեզի համար ամէնէն դժուար բանը, որ արգելք կ’ըլլայ որ Եհովայի վկայ դառնաս’։ Աշակերտը թերեւս պատասխանէ. ‘Խնդիր չունիմ Աստուածաշունչը սերտելու, բայց բնա՛ւ Եհովայի վկայ պիտի չըլլամ’։ Եթէ որոշ ժամանակ մը սերտելէ ետք այս կեցուածքը ունի, իմաստ ունի՞ շարունակել ուսումնասիրութիւնը։ Միւս կողմէ, աշակերտդ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով քեզի ըսէ, թէ ի՛նչ բան զինք ետ կը պահէ յառաջդիմելէ։ Օրինակ, թերեւս կը զգայ թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայ տունէ տուն քարոզել։ Երբ գիտնաս թէ ի՛նչ կը մտածէ, աւելի ի վիճակի պիտի ըլլաս իրեն օգնելու։

Ժամանակ մի՛ վատներ ոչ–արդիւնաբեր դաս մը վարելով (տե՛ս պարբերութիւն 20)

20. Գործք 13։48–ը հասկնալը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, որ գիտնանք թէ ուսումնասիրութիւն մը պիտի կեցնե՛նք կամ ոչ։

20 Ցաւօք սրտի, կարգ մը աշակերտներ կը նմանին Եզեկիէլի օրուան իսրայէլացիներուն։ Անոնց մասին Եհովան Եզեկիէլի ըսաւ. «Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր» (Եզեկ. 33։32)։ Թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ մէկու մը ըսել, որ պիտի դադրինք իրեն հետ սերտելէ։ Սակայն, մնացած «ժամանակը կարճցած է» (Ա. Կոր. 7։29)։ Փոխանակ աւելի ժամանակ վատնելու ոչ–արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար, պէտք է ջանանք գտնել ուրիշ մէկը, որ կ’ապացուցանէ որ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» է (ՆԱ) (կարդա՛ Գործք 13։48

Թերեւս թաղամասիդ մէջ կան անհատներ, որոնք աղօթքով օգնութիւն կը խնդրեն (տե՛ս պարբերութիւն 20)

21. Ի՞նչ է 2020–ի տարուան համարը, եւ ինչո՞ւ ժամանակայարմար է։

21 2020 տարուան ընթացքին, մեր տարուան համարը պիտի օգնէ, որ կեդրոնանանք աշակերտելու գործին որակը բարելաւելու վրայ։ Անիկա առնուած է՝ Գալիլիոյ մէջ լերան մը վրայ այդ կարեւոր հանդիպումին ընթացքին Յիսուսի ըսած խօսքերէն. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք» (Մատ. 28։19

Թող որ վճռենք աշակերտելու գործին որակը բարելաւել եւ մեր աշակերտներուն օգնել, որ մկրտուին (տե՛ս պարբերութիւն 21)

ԵՐԳ 96 Արժանաւորները փնտռենք

^ պարբ. 5 2020–ի տարուան համարը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘աշակերտենք’։ Այս պատուէրը Եհովայի բոլոր ծառաներուն կը կիրարկուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն սրտին հասնիլ, որպէսզի Քրիստոսի աշակերտները դառնան։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր աշակերտներուն օգնել, որ Եհովային մօտենան։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք որոշել թէ աշակերտի մը հետ սերտելը պէ՛տք է կեցնենք կամ ոչ։

^ պարբ. 9 Երբ Ինչպէ՞ս կրնանք մնալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ գիրքը արեւմտահայերէնով մատչելի ըլլայ, զայն պէտք է գործածես։