Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

«Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ»

«Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ»

«Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (ՀՌՈՎ. 8։16

ԵՐԳ 147 Յատուկ սեփականութիւն

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Պէնտէկոստէին, Եհովան ուշագրաւ կերպով սուրբ հոգին թափեց շուրջ 120 աշակերտներու վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 1-2)

1-2. Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, ի՞նչ ուշագրաւ դէպք մը պատահեցաւ։

ԿԻՐԱԿԻ առտու է Երուսաղէմի մէջ։ Թուականը՝ Ք.Ե. 33 է, եւ Պէնտէկոստէի օրն է։ Շուրջ 120 աշակերտներ հաւաքուած են տան մը վերնատան մէջ (Գործք 1։13-15. 2։1)։ Քանի մը օր առաջ, Յիսուս իրենց ըսած էր, որ Երուսաղէմի մէջ մնան, քանի որ յատուկ պարգեւ մը պիտի ստանան (Գործք 1։4, 5)։ Այժմ ի՞նչ կը պատահի։

2 «Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը [կ’ըլլայ] սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս»։ Ձայնը ամբողջ տան մէջ կը լսուի։ Ետքը, ‘որպէս թէ կրակէ լեզուներ’ կ’երեւնան աշակերտներուն գլուխներուն վերեւ, եւ բոլորը ‘սուրբ հոգիով կը լեցուին’ (Գործք 2։2-4)։ Եհովան այս ուշագրաւ կերպով սուրբ հոգին կը թափէ այդ խումբին վրայ (Գործք 1։8)։ Անոնք առաջինն են, որ սուրբ հոգիով կ’օծուին * եւ երկինքին մէջ Յիսուսի հետ իշխելու յոյսը կը ստանան։

Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ, ԵՐԲ ԱՆՀԱՏ ՄԸ Կ’ՕԾՈՒԻ

3. Պէնտէկոստէին ներկայ եղողները ինչո՞ւ որեւէ կասկած չունէին, որ սուրբ հոգիով օծուեցան։

3 Եթէ այդ օրը վերնատան մէջ հաւաքուած աշակերտներէն մէկը ըլլայիր, պատահածը բնա՛ւ պիտի չմոռնայիր։ Պիտի նկատէիր, որ կրակէ լեզուի նմանող բան մը գլխուդ վրայ հանգչեցաւ եւ սկսար լեզուներ խօսիլ (Գործք 2։5-12)։ Մտքիդ մէջ որեւէ կասկած պիտի չունենայիր, որ սուրբ հոգիով օծուեցար։ Բայց արդեօք բոլոր անոնք, որոնք սուրբ հոգիով կ’օծուին, իրենց օծումը նո՞յն կերպով կը ստանան։ Ո՛չ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

4. Առաջին դարուն, բոլոր օծեալներուն օծումը նո՞յն ժամանակին տեղի ունեցաւ. բացատրէ։

4 Նկատի առնենք ժամանակաւորումի հարցը։ Շուրջ 120 քրիստոնեաները միակ անհատները չէին, որոնք Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգիով օծուեցան։ Այդ օրուան ընթացքին, շուրջ 3000 հոգի նաեւ ստացան Յիսուսի խոստացած սուրբ հոգին։ Անոնք օծուեցան իրենց մկրտութեան ատեն (Գործք 2։37, 38, 41)։ Բայց յաջորդ տարիներուն, ոչ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները իրենց օծումը ստացան մկրտութեան ատեն։ Օրինակ, սամարացիները իրենց օծումը ստացան իրենց մկրտութենէն ժամանակ մը ետք (Գործք 8։14-17)։ Իսկ Կոռնելիոսը եւ իր ընտանիքը օծուեցան մկրտուելէ առաջ, ինչ որ վստահաբար բացառիկ դէպք մըն էր (Գործք 10։44-48

5. Բ. Կորնթացիս 1։21, 22–ի համաձայն, մէկը ինչպէ՞ս կ’օծուի։

5 Նկատի առնենք նաեւ թէ մէկը ինչպէ՛ս կ’օծուի։ Օծեալներէն ոմանք թերեւս սկիզբը դժուարութիւն ունենան ընդունելու, որ Եհովան զիրենք ընտրած է։ Անոնք թերեւս հարց տան. ‘Աստուած ինչո՞ւ զի՛ս ընտրեց’։ Բայց ուրիշներ այդ կերպով չեն հակազդեր։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը պատահի բոլոր անոնց՝ որոնք կ’օծուին. «Հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք *. որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է» (Եփ. 1։13, 14)։ Ուրեմն, Եհովան սուրբ հոգին կը գործածէ՝ այս քրիստոնեաներուն բացարձակապէս յստակ դարձնելու, որ զիրենք ընտրած է։ Այս կերպով, սուրբ հոգին «գրաւ» է, կամ՝ խոստում եւ երաշխիք, որ զիրենք կը վստահեցնէ, թէ ապագային յաւիտեան պիտի ապրին երկինքին մէջ եւ ոչ թէ երկրի վրայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։21, 22

6. Օծեալ քրիստոնեան ի՞նչ պէտք է ընէ, որ իր երկնային վարձատրութիւնը ստանայ։

6 Եթէ քրիստոնեայ մը օծեալ է, երկնային վարձատրութիւնը ինքնաբերաբա՞ր պիտի ստանայ։ Ո՛չ։ Ան վստահ է որ ընտրուած է երկինք երթալու։ Սակայն, պէտք է յիշէ այս յորդորը. «Ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք» (Բ. Պետ. 1։10)։ Ուստի, թէեւ օծեալ քրիստոնեան ընտրուած է, կամ կոչում ստացած է, որ երկինք երթայ, ան իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ, միայն եթէ հաւատարիմ մնայ (Փլպ. 3։12-14. Եբ. 3։1. Յայտ. 2։10

ՄԷԿԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԳԻՏՆԱՅ ՈՐ ՕԾԵԱԼ Է

7. Օծեալները ինչպէ՞ս գիտեն, որ երկնային կոչումը ունին։

7 Բայց անհատ մը ինչպէ՞ս կը գիտնայ, որ երկնային կոչումը ունի։ Պատասխանը յստակօրէն յայտնի է հռոմայեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերէն, որոնք ‘սուրբ ըլլալու կանչուած էին’։ Ան անոնց ըսաւ. «Դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (Հռով. 1։7. 8։15, 16)։ Ուրեմն, Աստուած սուրբ հոգիին միջոցաւ օծեալներուն յստակ կը դարձնէ, որ երկնային կոչումը ունին (Ա. Թես. 2։12

8. Ա. Յովհաննէս 2։20, 27–ն ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ օծեալ քրիստոնեաները պէտք չունին որ մէկը հաստատէ, թէ իրենք օծեալ են։

8 Եհովան երկնային կոչում ստացողներուն մտքին ու սրտին մէջ որեւէ կասկած չի ձգեր (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։20, 27)։ Անշուշտ, ուրիշներու պէս, օծեալ քրիստոնեաները ժողովքին միջոցաւ պէտք է Եհովայէն սորվին։ Բայց անոնք պէտք չունին, որ մէկը հաստատէ թէ իրենք օծուած են։ Եհովան տիեզերքին մէջ ամէնէն զօրաւոր ուժը՝ իր սուրբ հոգին, գործածած է, որպէսզի անոնց բացարձակապէս յստակ դարձնէ, որ օծեալ են։

‘ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԾՆԱՆԻՆ’

9. Եփեսացիս 1։18–ին համաձայն, երբ մէկը կ’օծուի, ինչպիսի՞ փոփոխութեան կ’ենթարկուի։

9 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը դժուարութիւն կ’ունենայ ըմբռնելու, թէ մէկու մը ի՛նչ կը պատահի, երբ Աստուած զինք կ’օծէ։ Ասիկա բնական է, քանի որ իրենք չեն օծուած։ Աստուած մարդը ստեղծեց յաւիտեան ապրելու համար երկրի՛ վրայ, եւ ոչ թէ երկինքի մէջ (Ծն. 1։28. Սաղ. 37։29)։ Բայց ան ոմանք ընտրած է, որպէսզի երկինքի մէջ ապրին։ Ուստի, երբ զանոնք կ’օծէ, իրենց յոյսը եւ մտածելակերպը հիմնովին կը փոխէ, այնպէս որ կը սկսին երկնային կեանքին ակնկառոյց սպասել (կարդա՛ Եփեսացիս 1։18

10. Ի՞նչ կը նշանակէ «նորէն ծնանիլ» (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

10 Երբ քրիստոնեաները սուրբ հոգիով կ’օծուին, ‘նորէն կը ծնանին’ *։ Յիսուս նաեւ նշեց, որ անկարելի է օծեալ չեղողի մը բացատրել, թէ «նորէն ծնանիլը» կամ ‘հոգիէն ծնանիլը’ ճիշդ ինչպիսի՛ բան մըն է (Յովհ. 3։3-8

11. Բացատրէ թէ երբ քրիստոնեան կ’օծուի, ինչպէ՛ս իր մտածելակերպը կը փոխուի։

11 Երբ քրիստոնեաները կ’օծուին, անոնց մտածելակերպին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։ Անոնք օծուելէ առաջ, կ’արժեւորէին երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Անոնք մեծ փափաքով կը սպասէին այն ժամանակին, երբ Եհովան ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Անոնք թերեւս երեւակայեցին, որ յարութիւն առած ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը կը դիմաւորեն։ Բայց օծուելէ ետք, սկսան տարբեր կերպով մտածել։ Ինչո՞ւ։ Անոնք չսկսան մտածել, թէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը բաւարար լաւ չէ։ Իրենց միտքը չփոխեցին զգացական ճնշումի կամ տառապանքի պատճառով։ Յանկարծ չզգացին, որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը ձանձրացուցիչ պիտի ըլլայ։ Փոխարէնը, Եհովան սուրբ հոգին գործածեց անոնց մտածելակերպը եւ արժեւորած յոյսը փոխելու։

12. Ա. Պետրոս 1։3, 4–ի համաձայն, օծեալ քրիստոնեաները իրենց յոյսին մասին ի՞նչ կը զգան։

12 Այն անհատը, որ կ’օծուի, թերեւս այս թանկարժէք առանձնաշնորհումին անարժան զգայ։ Բայց ան մէկ վայրկեան իսկ չի կասկածիր, որ Եհովան զինք ընտրած է։ Անոր սիրտը ուրախութեամբ եւ գնահատութեամբ կը լեցուի, երբ կը մտածէ իր երկնային յոյսին մասին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։3, 4

13. Օծեալները երկրի վրայ իրենց կեանքին նկատմամբ ի՞նչ կը զգան։

13 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ օծեալները կ’ուզեն մեռնիլ։ Պօղոս առաքեալ այդ հարցումին կը պատասխանէ։ Ան իրենց մարդկային մարմինը վրանի նմանցուց եւ ըսաւ. «Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ» (Բ. Կոր. 5։4)։ Այս քրիստոնեաները ներկայ կեանքը ապրելու փափաքը չեն կորսնցուցած, այսինքն՝ չեն ուզեր որ շուտով վերջ գտնէ։ Ընդհակառակը, անոնք կեանքը կը վայելեն եւ կ’ուզեն իւրաքանչիւր օր գործածել Եհովային ծառայելու՝ իրենց ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ։ Սակայն, ի՛նչ ալ ընեն, անոնք միշտ կը յիշեն ապագային նկատմամբ իրենց փառաւոր յոյսը (Ա. Կոր. 15։53. Բ. Պետ. 1։4. Ա. Յովհ. 3։2, 3. Յայտ. 20։6

ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՕԾԱ՞Ծ Է

14. Ի՞նչ բաներ ապացոյց չեն, թէ անհատ մը սուրբ հոգիով օծուած է։

14 Թերեւս հարց կու տաս, թէ սուրբ հոգիով օծուա՛ծ ես կամ ոչ։ Այդ պարագային, հետեւեալ հարցումներուն մասին մտածէ. զօրաւոր փափաք ունի՞ս Եհովային կամքը ընելու։ Կը զգա՞ս որ շատ նախանձախնդիր ես քարոզչութեան մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն կը սերտե՞ս եւ կը սիրե՞ս «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն մասին սորվիլ (Ա. Կոր. 2։10)։ Կը զգա՞ս թէ Եհովան քարոզչութեան մէջ քեզի հոյակապ արդիւնքներ տուած է։ Պատասխանատուութեան խոր զգացում ունի՞ս ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու։ Ապացոյցներ տեսա՞ծ ես, թէ Եհովան շատ մը մասնայատուկ կերպերով կեանքիդ մէջ քեզի օգնած է։ Եթէ այս հարցումներուն վճռականօրէն «այո՛» պատասխանես, ասիկա կը փաստէ՞ որ երկնային կոչումը ունիս։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները այսպէս կրնան զգալ, օծեալ ըլլա՛ն կամ ոչ։ Եւ սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովան նոյն զօրութիւնը կրնայ տալ իր ծառաներէն ոեւէ մէկուն, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր յոյսը։ Իրականութեան մէջ, եթէ հարց կու տաս թէ սուրբ հոգիով օծուա՛ծ ես կամ ոչ, կասկածիլդ ինքնին կը նշանակէ որ չե՛ս օծուած։ Եհովայէն կոչում ստացողները հարց չեն տար, թէ օծուա՛ծ են կամ ոչ. անոնք գիտե՛ն թէ օծուած են։

Եհովան սուրբ հոգին գործածեց Աբրահամին, Սառային, Դաւիթին եւ Յովհաննէս Մկրտիչին ոյժ տալու, որ հիանալի բաներ ընեն, բայց զայն չգործածեց անոնց տալու երկինքի մէջ ապրելու յոյսը (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Ինչպէ՞ս գիտենք որ ոչ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ հոգին ստացած են, ընտրուած են երկինք երթալու։

15 Սուրբ Գիրքին մէջ կան հաւատքի տէր մարդոց բազմաթիւ օրինակներ, որոնք սուրբ հոգին ստացան, բայց երկինքին մէջ ապրելու յոյսը չունէին։ Դաւիթ սուրբ հոգիով առաջնորդուեցաւ (Ա. Թագ. 16։13)։ Սուրբ հոգին իրեն օգնեց, որ Եհովայի մասին խորունկ բաներ հասկնայ, եւ զինք առաջնորդեց որ Աստուածաշունչին կարգ մը մասերը գրէ (Մար. 12։36)։ Բայց եւ այնպէս, Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ Դաւիթ «երկինք չելաւ» (Գործք 2։34)։ Յովհաննէս Մկրտիչ ‘սուրբ հոգիով լեցուեցաւ’ (Ղուկ. 1։13-16)։ Յիսուս ըսաւ որ Յովհաննէսէն աւելի մեծ մէկը չկայ, բայց աւելցուց որ երկնային Թագաւորութեան մաս պիտի չկազմէր (Մատ. 11։10, 11)։ Եհովան սուրբ հոգին գործածեց, որ անոնց ոյժ տայ հիանալի բաներ ընելու, բայց սուրբ հոգին չգործածեց զանոնք ընտրելու, որ երկինքի մէջ ապրին։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ նուազ հաւատարիմ էին, քան՝ անոնք, որոնք երկինքի մէջ իշխելու ընտրուած են։ Ո՛չ։ Պարզապէս կը նշանակէ, որ Եհովան զիրենք ետ կեանքի պիտի բերէ երկրային Դրախտին մէջ (Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15

16. Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ յոյս ունի։

16 Ներկայիս երկրի վրայ Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը երկինքի մէջ ապրելու յոյսը չունի։ Աբրահամի, Սառայի, Դաւիթի, Յովհաննէս Մկրտիչի եւ սուրբգրական ժամանակներուն ապրած ուրիշ շատ մը տղամարդոց ու կիներու պէս, անոնք յոյս ունին երկրի վրայ ապրելու, Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ (Եբ. 11։10

17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

17 Որովհետեւ օծեալներէն ոմանք տակաւին մեզի հետ են, բնականաբար կարգ մը հարցումներ կը ծագին (Յայտ. 12։17)։ Օրինակ, օծեալները ինչպէ՞ս պէտք է իրենք զիրենք նկատեն։ Եթէ ժողովքիդ մէջ մէկը սկսի Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ, անոր հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենաս։ Եւ եթէ օծեալ ըլլալ դաւանողներուն թիւը շարունակէ աւելնալ, պէ՞տք է մտահոգուիս։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այդ հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

^ պարբ. 5 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Եհովան կարգ մը քրիստոնեաներու հիանալի յոյս մը տուած է. երկինքին մէջ իր Որդիին հետ իշխելու յոյսը։ Սակայն այս քրիստոնեաները ինչպէ՞ս գիտեն, որ այս հոյակապ առանձնաշնորհումին համար ընտրուած են։ Ի՞նչ կը պատահի, երբ Եհովան մէկը կը հրաւիրէ որ երկինք երթայ։ Յօդուածը հիմնուած է Դիտարան–ի յունուար 2016 թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածին վրայ, եւ պիտի պատասխանէ այդ կարեւոր հարցումներուն։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Սուրբ հոգիով օծուիլ. Եհովան սուրբ հոգին գործածելով կ’ընտրէ անհատ մը, որպէսզի երկինքին մէջ Յիսուսի հետ իշխէ։ Ան իր հոգիին միջոցաւ անհատին կու տայ ապագային նկատմամբ խոստում մը, կամ «գրաւական» մը (Եփ. 1։13, 14)։ Այս քրիստոնեաները կրնա՛ն ըսել, որ սուրբ հոգին իրենց «վկայութիւն կու տայ», կամ յստակ կը դարձնէ, թէ իրենց վարձատրութիւնը երկինքին մէջն է (Հռով. 8։16

^ պարբ. 5 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Կնքել. Այս կնքումը մնայուն չ’ըլլար մինչեւ անհատին հաւատարմաբար մեռնելէն որոշ ժամանակ առաջ կամ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ժամանակ մը առաջ (Եփ. 4։30. Յայտ. 7։2-4. տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի ապրիլ 2016 թիւին մէջ)։

^ պարբ. 10 Յաւելեալ բացատրութեան համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «նորէն ծնանիլ», տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 2009 թիւը, էջ 3-12։

ԵՐԳ 151 Աստուծոյ որդիները կը յայտնուին

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ըլլա՛նք մեր հաւատքին համար բանտարկուած կամ ճշմարտութիւնը քարոզելու եւ սորվեցնելու համար ազատ, ակնկառոյց կը սպասենք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապրինք երկրի վրայ։