Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

Ձեզի հետ պիտի երթանք

Ձեզի հետ պիտի երթանք

«Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (ԶԱՔ. 8։23

ԵՐԳ 146 Ինծի ըրիք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Ուրիշ ոչխարները («տասը մարդ»ը) պատիւ կը սեպեն Եհովան պաշտել օծեալներուն («Հրեայ»ին) հետ (տե՛ս պարբերութիւն 1-2)

1. Եհովան ըսաւ որ մեր օրերուն ի՞նչ պիտի պատահէր։

ԵՀՈՎԱՆ մեր օրերուն մասին մարգարէացաւ. «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’» (Զաք. 8։23)։ Այս համարին մէջ «Հրեան» կը ներկայացնէ անոնք, որոնք Աստուած սուրբ հոգիով օծած է։ Անոնք նաեւ կը կոչուին «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 6։16)։ Իսկ «տասը մարդ»ը կը ներկայացնեն անոնք, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Անոնք գիտեն, որ Եհովան օծեալներու այս խումբը օրհնած է, եւ պատիւ կը սեպեն զինք պաշտել անոնց հետ մէկտեղ։

2. «Տասը մարդ»ը ի՞նչ առումով օծեալներուն ‘հետ կ’երթան’։

2 Թէեւ ներկայիս անկարելի է երկրի վրայ իւրաքանչիւր օծեալի անունը գիտնալ *, բայց անոնք՝ որոնք կը յուսան երկրի վրայ ապրիլ, կրնա՛ն օծեալներուն ‘հետ երթալ’։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ‘տասը մարդը հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնէին, ըսելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»’։ Համարը մէկ հրեայ կը նշէ։ Բայց տասը մարդը կ’ըսեն՝ «ձեզի»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ այս հրեան մէկ անձ չէ, հապա օծեալներու ամբողջ խումբը կը ներկայացնէ։ Օծեալ չեղողները օծեալներուն հետ Եհովային կը ծառայեն։ Սակայն, անոնք օծեալները իրենց առաջնորդները չեն նկատեր, գիտակցելով որ Յիսո՛ւս իրենց «Առաջնորդ»ն է (Մատ. 23։10, ՆԹ

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։

3 Որովհետեւ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տակաւին օծեալ քրիստոնեաներ կան, ոմանք թերեւս հարց տան. 1) Օծեալները իրենք զիրենք ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն։ 2) Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենանք։ 3) Պէ՞տք է մտահոգուինք, եթէ մասնակցողներուն թիւը աւելնայ։ Յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՆԿԱՏԵՆ

4. Օծեալները պէտք է լուրջի առնեն Ա. Կորնթացիս 11։27-29–ի մէջ նշուած ո՞ր զգուշացումը եւ ինչո՞ւ։

4 Օծեալները լրջօրէն պէտք է մտածեն այն զգուշացումին մասին, որ գրուած է Ա. Կորնթացիս 11։27-29–ին մէջ (կարդա՛)։ Օծեալ մը ինչպէ՞ս «անարժանաբար» Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի։ Եթէ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն չապրելով հանդերձ, հացէն ուտէ ու գինիէն խմէ (Եբ. 6։4-6. 10։26-29)։ Օծեալները կը գիտակցին, որ պէտք է հաւատարիմ մնան, եթէ կ’ուզեն «Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը ստանալ (Փլպ. 3։13-16

5. Օծեալ քրիստոնեաները իրենց մասին ի՞նչ պէտք է խորհին։

5 Եհովայի սուրբ հոգին իր ծառաներուն կ’օգնէ, որ խոնարհ ըլլան եւ ոչ թէ հպարտ (Եփ. 4։1-3. Կող. 3։10, 12)։ Ուստի օծեալները չեն խորհիր, որ ուրիշներէն աւելի լաւ են։ Գիտեն որ պայման չէ որ Եհովան իրենց աւելի սուրբ հոգի տայ, քան՝ իր միւս ծառաներուն։ Եւ չեն խորհիր, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները աւելի լաւ կը հասկնան, քան՝ ուրիշ ոեւէ մէկը։ Եւ բնա՛ւ մէկու մը չեն ըսեր, որ ան ալ օծուած է եւ պէտք է սկսի Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ։ Փոխարէնը, անոնք խոնարհաբար կը գիտակցին, որ միայն Եհովան մարդիկը կը հրաւիրէ որ երկինք երթան։

6. Ա. Կորնթացիս 4։7, 8–ի համաձայն, օծեալ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

6 Ճիշդ է որ օծեալները պատիւ կը սեպեն, որ երկինք երթալու հրաւիրուած են, բայց ուրիշներէն չեն ակնկալեր, որ իրենց հետ յատուկ կերպով վարուին (Փլպ. 2։2, 3)։ Երբ Եհովան անհատ մը կ’օծէ, ատոր մասին բոլորին չի գիտցներ. հետեւաբար օծեալը չի զարմանար, եթէ ոմանք անմիջապէս չհաւատան որ ինք օծուած է։ Ան կը գիտակցի, որ Աստուածաշունչը կը խրատէ շուտով չհաւատալ մէկու մը, որ կ’ըսէ թէ Աստուած իրեն յատուկ պատասխանատուութիւն մը տուած է (Յայտ. 2։2)։ Չուզելով իր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, օծեալը մարդոց հետ ծանօթանալու ատեն չ’ըսեր թէ ինք օծեալ է։ Եւ վստահաբար ուրիշներուն առջեւ ատով պիտի չպարծենայ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։7, 8

7. Օծեալները ի՞նչ պիտի չընեն եւ ինչո՞ւ։

7 Օծեալները չեն մտածեր, որ պէտք է միայն ուրիշ օծեալներու հետ ժամանակ անցընեն, կարծես ակումբի մը կը պատկանին։ Անոնք ուրիշ օծեալներ չեն փնտռեր, անոնց հետ օծումի նիւթը քննարկելու համար կամ անոնց հետ առանձնաբար Աստուածաշունչը սերտելու համար (Գաղ. 1։15-17)։ Եթէ այդպէս ընեն, ժողովքը միացած պիտի չըլլայ։ Անոնք սուրբ հոգիին դէմ գործած պիտի ըլլան, որ Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ խաղաղութիւն եւ միութիւն ունենալու (Հռով. 16։17, 18

ՕԾԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ Ի՞ՆՉ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆՔ

Պէտք չէ օծեալներուն կամ առաջնորդութիւն առնողներուն հետ վարուինք այնպիսի կերպով մը, որ կարծես հռչակաւոր անհատներ են (տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլաս թէ ինչպէ՛ս կը վարուիս օծեալներուն հետ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

8 Օծեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք պէտք է ունենանք։ Սխալ պիտի ըլլայ անհատի մը վրայ չափէ դուրս սքանչանալ, նոյնիսկ եթէ ան Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն մէկն է (Մատ. 23։8-12)։ Երբ Աստուածաշունչը կը խօսի երէցներուն մասին, մեզ կը քաջալերէ որ ‘իրենց հաւատքին հետեւինք’, բայց մեզի չ’ըսեր, որ կրնանք ոեւէ մարդ մեր առաջնորդը ընել (Եբ. 13։7, ԱԾ)։ Ճիշդ է որ ըստ Սուրբ Գիրքին, ոմանք «կրկին պատիւի արժանի» են, բայց այդ է պարագան, քանի որ անոնք ‘աղէկ վերակացութիւն կ’ընեն’ եւ ծանր «կ’աշխատին խօսքը քարոզելով եւ սորվեցնելով», եւ ոչ թէ քանի որ օծեալ են (Ա. Տիմ. 5։17)։ Եթէ օծեալներուն չափէ աւելի գովասանքի խօսքեր ըսենք եւ ուշադրութիւն ընծայենք, կրնանք զիրենք նեղ կացութեան մատնել *։ Կամ աւելի գէշը, կրնանք պատճառ ըլլալ որ անոնք հպարտանան (Հռով. 12։3)։ Մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէ ընել բան մը, որ կրնայ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն մէկը մղել, որ այսպիսի լուրջ սխալ մը գործէ (Ղուկ. 17։2

9. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ օծեալները կը յարգենք։

9 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ կը յարգենք անոնք, որոնք Եհովայի կողմէ օծուած են։ Անոնց չենք հարցներ, թէ ինչպէ՛ս գիտցան որ օծեալ եղան։ Ասիկա անձնական հարց է, որուն մասին իրաւունք չունինք գիտնալու (Ա. Թես. 4։11. Բ. Թես. 3։11)։ Եւ պէտք չէ ենթադրենք, որ օծեալին ամուսինը կամ կինը, ծնողքը կամ ընտանիքի ուրիշ անդամներ եւս օծուած են։ Մէկը երկնային յոյսը չի ժառանգեր իր ընտանիքէն, հապա Աստուծմէ կը ստանայ (Ա. Թես. 2։12)։ Նաեւ պէտք չէ հարցնենք այնպիսի հարցումներ, որոնք կրնան ուրիշները վիրաւորել։ Օրինակ, օծեալ եղբօր մը կնոջ չենք հարցներ, թէ ի՛նչ կը զգայ, քանի որ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի առանց իր ամուսինին։ Ի վերջոյ, կրնանք ամբողջովին վստահ ըլլալ, որ նոր աշխարհին մէջ, Եհովան ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 145։16

10. Անձնաւորութիւններու վրայ չսքանչանալով, ինչպէ՞ս մենք մեզ կը պաշտպանենք։

10 Օծեալները ուրիշներէն աւելի կարեւոր չսեպելով, մենք մեզ ալ կը պաշտպանենք։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, որ կարգ մը օծեալներ թերեւս հաւատարիմ չմնան (Մատ. 25։10-12. Բ. Պետ. 2։20, 21)։ Եթէ «երեսպաշտութիւն» չընենք, կամ՝ անձնաւորութիւններու վրայ չսքանչանանք, բնա՛ւ ուրիշներուն պիտի չհետեւինք, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք օծեալ են կամ համբաւաւոր են կամ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայեն (Յդ. 16)։ Այսպէս, եթէ անհաւատարիմ ըլլան կամ ժողովքը լքեն, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի չկորսնցնենք կամ իրեն ծառայելէ պիտի չդադրինք։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԷ՞ՏՔ Է ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՆՔ

11. Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւին ի՞նչ պատահած է։

11 Տարիներ շարունակ, Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներուն թիւը յարատեւ կը նուազէր։ Բայց վերջերս, թիւը ամէն տարի կ’աւելնայ։ Պէ՞տք է ատոր մասին մտահոգուինք։ Ո՛չ։ Նկատի առնենք կարգ մը գլխաւոր կէտեր, որոնք մեր միտքը պէտք է պահենք։

12. Մասնակցողներուն թիւին նկատմամբ ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք։

12 «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Եհովային հակառակը, այն եղբայրները, որոնք մասնակցողներուն թիւը կը հաշուեն, չեն գիտեր թէ իրապէս որո՛նք օծեալ են։ Ուստի, այդ թիւը կը պարփակէ անոնք, որոնք կը կարծեն օծեալ են, բայց օծեալ չեն։ Օրինակ, մասնակցողներէն ոմանք յետագային մասնակցելէ դադրեցան։ Ուրիշներ թերեւս մտային կամ զգացական խնդիրներ ունին, որոնց պատճառաւ կը հաւատան որ Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն։ Յստակ է որ ճշգրտօրէն չենք գիտեր, թէ երկրի վրայ քանի՛ օծեալ մնացած է։

13. Աստուածաշունչը կ’ըսէ՞ թէ քանի՛ օծեալ երկրի վրայ պիտի ըլլայ, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։

13 Երկրագունդին չորս կողմը օծեալներ պիտի ըլլան, երբ Յիսուս գայ՝ զիրենք երկինք տանելու (Մատ. 24։31)։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, որ վերջին օրերուն ընթացքին, երկրի վրայ քիչ թիւով օծեալներ պիտի ըլլան (Յայտ. 12։17)։ Բայց չի յայտներ, թէ օծեալներուն թիւը որքա՛ն է, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։

Երբ մէկը Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցի, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Հռովմայեցիս 9։11, 16–ի համաձայն, օծեալներու ընտրութեան նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ըմբռնենք։

14 Եհովան կ’որոշէ թէ ե՛րբ օծեալներ պիտի ընտրէ (Հռով. 8։28-30)։ Եհովան Յիսուսի յարութենէն ետք սկսաւ օծեալներ ընտրել։ Այնպէս կ’երեւի որ առաջին դարուն, բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները օծեալ էին։ Յաջորդող դարերուն, քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն մեծամասնութիւնը Քրիստոսին իրապէս չհետեւեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, այդ տարիներուն ընթացքին, Եհովան օծեց քիչեր, որոնք ճշմարիտ քրիստոնեաներ էին։ Անոնք այն ցորենին պէս էին, որուն մասին Յիսուս ըսաւ, որ որոմներու մէջ պիտի աճէր (Մատ. 13։24-30)։ Վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան շարունակած է ընտրել մարդիկ, որոնք 144,000–ին մաս պիտի կազմեն *։ Ուստի, եթէ Աստուած որոշէ վերջէն քիչ առաջ ընտրել ոմանք, վստահաբար իր իմաստութիւնը հարցականի տակ պէտք չէ առնենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 9։11, 16) *։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չվարուինք այն գործաւորներուն պէս, որոնք Յիսուս նկարագրեց իր առակներէն մէկուն մէջ։ Անոնք դժգոհեցան տեսնելով, թէ իրենց տէրը ինչպէ՛ս վարուեցաւ վերջին ժամուն աշխատողներուն հետ (Մատ. 20։8-15

15. Բոլո՞ր օծեալները Մատթէոս 24։45-47–ի մէջ նշուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մաս կը կազմեն. բացատրէ։

15 Ո՛չ բոլոր անոնք՝ որոնք երկնային յոյսը ունին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մաս կը կազմեն (կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47Ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր Եհովան եւ Յիսուսը քանի մը եղբայրներ կը գործածեն՝ շատեր կերակրելու կամ անոնց սորվեցնելու։ Առաջին դարուն, միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ գործածուեցան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրելու։ Ներկայիս, միայն քանի մը օծեալ քրիստոնեաներ պատասխանատուութիւնը ունին Աստուծոյ ժողովուրդին ‘ատենին կերակուր’ տալու։

16. Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցար։

16 Այս յօդուածէն ի՞նչ սորվեցանք։ Եհովան որոշած է երկրի վրայ յաւիտենական կեանք տալ իր ժողովուրդին մեծամասնութեան, իսկ երկնային կեանք տալ քիչերու, որոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։ Եհովան կը վարձատրէ իր բոլոր ծառաները,– ‘հրեան’ եւ «տասը մարդ»ը,– եւ անոնցմէ կը պահանջէ, որ նոյն օրէնքներուն հնազանդին եւ հաւատարիմ մնան։ Բոլորը պէտք է խոնարհ մնան։ Բոլորը պէտք է միասնաբար իրեն ծառայեն եւ միացած ըլլան։ Եւ բոլորը պէտք է ջանան ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանել։ Մինչ վերջին կը մօտենանք, բոլորս շարունակենք Եհովայի ծառայել եւ Քրիստոսի հետեւիլ որպէս «մէկ հօտ» (Յովհ. 10։16

^ պարբ. 5 Այս տարի, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնենք երեքշաբթի, ապրիլ 7–ին։ Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք անոնք, որոնք խորհրդանիշներուն կը մասնակցին։ Պէ՞տք է մտահոգուինք, եթէ մասնակցողներուն թիւը շարունակէ աւելնալ։ Յօդուածը հիմնուած է Դիտարան–ի յունուար 2016 թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածին վրայ, եւ պիտի պատասխանէ այդ հարցումներուն։

^ պարբ. 2 Սաղմոս 87։5, 6–ի համաձայն, ապագային Աստուած թերեւս յայտնէ Յիսուսի հետ բոլոր իշխողներուն անունները (Հռով. 8։19

^ պարբ. 8 Տե՛ս «Սէրը ‘անվայել վարմունք չ’ունենար’» յօդուածը, Դիտարան–ի յունուար 2016 թիւին մէջ, էջ 27։

^ պարբ. 14 Թէեւ Գործք 2։33–ը ցոյց կու տայ, որ սուրբ հոգին Յիսուսի միջոցաւ կը թափուի, բայց Եհովան ինք իւրաքանչիւր անհատ կ’ընտրէ։

^ պարբ. 14 Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 մայիս 2007 թիւին մէջ (անգլերէն)։

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երեւակայէ որ կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչ մը եւ իր կինը համաժողովի մը մէջ շրջապատուած են ամբոխով մը, որոնք կ’ուզեն զիրենք նկարել։ Ի՜նչ անյարգալից բան։