Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2

Կրնաս մեծ «մխիթարութեան» աղբիւր ըլլալ

Կրնաս մեծ «մխիթարութեան» աղբիւր ըլլալ

«Ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութիւն» (ԿՈՂ. 4։11

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր ի՞նչ ճնշիչ պարագաներ կը դիմագրաւեն։

ԱՇԽԱՐՀԻ տարածքին, Եհովայի ծառաներէն շատեր ճնշիչ եւ նոյնիսկ ցաւալի պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Ժողովքիդ մէջ ասիկա նկատա՞ծ ես։ Կարգ մը քրիստոնեաներ լուրջ հիւանդութիւններէ կը տառապին կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Ուրիշներու սիրտը կոտրած է, քանի որ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամը ճշմարտութիւնը լքած է։ Իսկ ոմանք ալ բնական աղէտներու պատճառած նեղութիւնները կը կրեն։ Բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարուելու պէտք ունին։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օգնել։

2. Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ երբեմն մխիթարութեան պէտք ունեցաւ։

2 Պօղոս առաքեալ ետեւ–ետեւի վտանգաւոր պարագաներէ անցաւ (Բ. Կոր. 11։23-28)։ Ան նաեւ պէտք էր որ «մարմնի խայթոց»ի մը տոկար, որ հաւանաբար առողջապահական խնդիր մըն էր (Բ. Կոր. 12։7)։ Ասկէ զատ, ան յուսախաբ եղաւ, երբ Դեմաս, որ ատեն մը իր գործակիցն էր, զինք լքեց, քանի որ «աշխարհը սիրեց» (Բ. Տիմ. 4։10)։ Պօղոս քաջ օծեալ քրիստոնեայ մըն էր, որ անձնուիրաբար ուրիշներուն կ’օգնէր, բայց երբեմն նոյնիսկ ինք կը վհատէր (Հռով. 9։1, 2

3. Եհովան ինչպէ՞ս Պօղոսը մխիթարեց ու քաջալերեց։

3 Պօղոս պէտք եղած մխիթարութիւնն ու քաջալերութիւնը ստացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան վստահաբար սուրբ հոգին գործածեց զինք զօրացնելու համար (Բ. Կոր. 4։7. Փլպ. 4։13)։ Ան նաեւ հաւատակիցներու միջոցաւ զինք մխիթարեց։ Պօղոս անոնցմէ ոմանք նկարագրեց որպէս մեծ «մխիթարութեան» աղբիւր (Կող. 4։11)։ Անոնց մէջ կային՝ Արիստարքոսը, Տիւքիկոսը եւ Մարկոսը։ Անոնք Պօղոսը զօրացուցին, իրեն օգնելով որ տոկայ։ Ի՞նչ յատկութիւններ օգնեցին որ անոնք ազդու մխիթարողներ ըլլան։ Ինչպէ՞ս կրնանք զիրենք ընդօրինակել, մինչ կը ջանանք իրար մխիթարել ու քաջալերել։

ԱՐԻՍՏԱՐՔՈՍԻ ՆՄԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ

Արիստարքոսի պէս, կրնանք հաւատարիմ բարեկամ ըլլալ՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կառչելով «նեղութեան ատեն» (տե՛ս պարբերութիւն 4-5) *

4. Արիստարքոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ Պօղոսին հաւատարիմ բարեկամ էր։

4 Արիստարքոսը,– մակեդոնացի քրիստոնեայ մը Թեսաղոնիկէէն,– Պօղոսին հաւատարիմ բարեկամն էր։ Աստուածաշունչին մէջ Արիստարքոս առաջին անգամ կը նշուի, երբ Պօղոս Եփեսոսը այցելեց իր երրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին։ Պօղոսին ընկերակցած ատեն, ամբոխ մը զինք բռնեց (Գործք 19։29)։ Երբ վերջապէս ազատ արձակուեցաւ, իր ապահովութիւնը չփնտռեց, հապա հաւատարմաբար Պօղոսի հետ մնաց։ Քանի մը ամիս ետք, Յունաստանի մէջ, Արիստարքոս տակաւին Պօղոսի կողքին էր, թէեւ հակառակորդները շարունակեցին Պօղոսի կեանքին սպառնալ (Գործք 20։2-4)։ Շուրջ Ք.Ե. 58–ին, երբ Պօղոս Հռոմ ղրկուեցաւ որպէս բանտարկեալ, Արիստարքոս այդ երկար ճամբորդութեան մէջ իրեն ընկերակցեցաւ, եւ միասնաբար նաւաբեկութեան հանդիպեցան (Գործք 27։1, 2, 41)։ Երբ Հռոմ էին, այնպէս կ’երեւի որ ան ատեն մը Պօղոսի հետ բանտարկուեցաւ (Կող. 4։10)։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս այս հաւատարիմ ընկերակիցէն քաջալերուեցաւ ու մխիթարուեցաւ։

5. Առակաց 17։17–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ բարեկամ ըլլալ։

5 Արիստարքոսի պէս, մենք ալ կրնանք հաւատարիմ բարեկամ ըլլալ՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կառչելով, ոչ միայն լաւ ժամանակներուն, հապա նաեւ «նեղութեան ատեն» (կարդա՛ Առակաց 17։17 *)։ Նոյնիսկ երբ նեղութիւն մը վերջ գտնէ, եղբայրը կամ քոյրը թերեւս տակաւին պէտք ունենայ մխիթարուելու։ Ֆրէնսես * անունով քոյր մը, որուն երկու ծնողներն ալ քաղցկեղէն մահացան երեք ամսուան մէջ, կ’ըսէ. «Կը խորհիմ թէ նեղութիւնները երկար ժամանակ մեզ կը տանջեն։ Եւ շա՜տ կ’արժեւորեմ այն հաւատարիմ բարեկամները, որոնք կը յիշեն թէ տակաւին կը տանջուիմ, թէեւ ծնողներուս մահուան վրայ երկար ժամանակ անցած է»։

6. Հաւատարմութիւնը մեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

6 Հաւատարիմ բարեկամները զոհողութիւններ կ’ընեն, իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Օրինակ, Փիթըր անունով եղբայր մը մահացու հիւանդութիւն մը ունեցաւ։ Իր կինը՝ Քաթրեն, կ’ըսէ. «Մեր ժողովքէն զոյգ մը մեզ տարաւ ժամադրութեան, ուր գիտցանք Փիթըրին հիւանդութեան մասին։ Անոնք ա՛յդ պահուն որոշեցին, որ այս տանջալից հանգրուանին մեզ մինակ պիտի չձգեն, եւ անկէ ի վեր մեր կողքին եղած են, երբոր իրենց պէտք ունեցած ենք»։ Որքա՜ն մխիթարական է ունենալ իսկական բարեկամներ, որոնք մեզի կ’օգնեն նեղութիւններու տոկալու։

ՏԻՒՔԻԿՈՍԻ ՆՄԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻ

Տիւքիկոսի պէս, կրնանք վստահելի բարեկամ ըլլալ, երբ ուրիշներ խնդիրներ կը դիմագրաւեն (տե՛ս պարբերութիւն 7-9) *

7-8. Կողոսացիս 4։7-9–ի համաձայն, Տիւքիկոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ վստահելի է։

7 Տիւքիկոսը,– հռոմէական Ասիա նահանգէն քրիստոնեայ մը,– Պօղոսի վստահելի ընկերակից մըն էր (Գործք 20։4)։ Շուրջ Ք.Ե. 55–ին, Պօղոս կարգադրեց նուիրատուութիւններ հաւաքել Հրէաստանի քրիստոնեաներուն համար, եւ թերեւս Տիւքիկոսին թոյլ տուաւ որ օգնէ այս կարեւոր նշանակումին մէջ (Բ. Կոր. 8։18-20)։ Յետագային, երբ Պօղոս առաջին անգամ Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ, Տիւքիկոս ծառայեց որպէս իր անձնական պատգամաբերը։ Ան Պօղոսի քաջալերական նամակներն ու պատգամները Ասիոյ ժողովքներուն փոխանցեց (Կող. 4։7-9

8 Տիւքիկոս Պօղոսի վստահելի բարեկամը մնաց (Տիտ. 3։12)։ Այդ օրերուն, բոլոր քրիստոնեաները Տիւքիկոսի պէս վստահելի չէին։ Շուրջ Ք.Ե. 65–ին, Պօղոս իր երկրորդ բանտարկութեան ընթացքին գրեց, թէ Ասիա նահանգին մէջ գտնուող շատ մը քրիստոնեայ տղամարդիկ չէին ուզեր իրեն ընկերակցիլ, հաւանաբար քանի որ հակառակորդներէն կը վախնային (Բ. Տիմ. 1։15)։ Միւս կողմէ, ան կրցաւ Տիւքիկոսի վստահիլ եւ իրեն տուաւ յաւելեալ նշանակում մը (Բ. Տիմ. 4։12)։ Պօղոս վստահաբար գնահատեց, որ Տիւքիկոսի պէս լաւ բարեկամ մը ունէր։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Տիւքիկոսը ընդօրինակել։

9 Կրնանք Տիւքիկոսը ընդօրինակել՝ վստահելի բարեկամ մը ըլլալով։ Օրինակ, ոչ միայն կը խոստանանք օգնել պէտք ունեցող եղբայրներուն ու քոյրերուն, հապա նաեւ իրենց համար գործնական բաներ կ’ընենք (Մատ. 5։37. Ղուկ. 16։10)։ Երբ օգնութեան կարիք ունեցողները գիտնան, թէ մեզի կրնան վստահիլ, իսկապէս կը մխիթարուին։ Քոյր մը պատճառը կը բացատրէ. «Աւելորդ հոգ չես ըներ, թէ արդեօք օգնութիւն առաջարկող անհատը իր խոստացածը պիտի կատարէ՛ կամ ոչ»։

10. Առակաց 18։24–ի համաձայն, որո՞նք մխիթարութեան աղբիւր են։

10 Նեղութիւն դիմագրաւող կամ յուսախաբ եղող անհատները յաճախ կը մխիթարուին, իրենց սիրտը վստահելի բարեկամի մը բանալով (կարդա՛ Առակաց 18։24)։ Իր տղան վտարուելէ ետք, Պիճէյ յուսախաբ եղաւ։ Ան ըսաւ. «Պէտք ունէի որ զգացումներս վստահելի անձի մը յայտնէի»։ Քարլոսը իր գործած սխալի մը պատճառով ժողովքային առանձնաշնորհում մը կորսնցուց, որ շատ կ’արժեւորէր։ Ան կ’ըսէ. «Պէտք ունէի ‘ապահով ապաստանարանի մը’, ուր կրնայի ազատօրէն արտայայտուիլ՝ առանց վախնալու որ քննադատուիմ»։ Քարլոսին համար այդ ապահով ապաստանարանն էին երէցները, որոնք օգնեցին որ իր խնդիրը յաղթահարէ։ Ան նաեւ մխիթարուեցաւ, գիտնալով որ երէցները խոհեմ եւ գաղտնապահ են։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահելի բարեկամ ըլլալ։

11 Վստահելի եւ գաղտնեկից բարեկամ ըլլալու համար, պէտք է համբերատար ըլլանք։ Երբ Ժաննայի ամուսինը զինք լքեց, ան մխիթարութիւն գտաւ՝ իր զգացումները յայտնելով մտերիմ բարեկամներուն։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք համբերութեամբ ինծի մտիկ ըրին, թէեւ հաւանաբար նոյն բաները կը կրկնէի»։ Դուն ալ կրնաս լաւ բարեկամ ըլլալ՝ լաւ մտիկ ընող ըլլալով։

ՄԱՐԿՈՍԻ ՆՄԱՆ՝ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ

Մարկոսի ազնիւ արարքները Պօղոսին օգնեցին որ տոկայ, եւ մենք կրնանք մեր եղբայրներուն օգնել նեղութիւններու ժամանակ (տե՛ս պարբերութիւն 12-14) *

12. Ո՞վ էր Մարկոսը, եւ ինչպէ՞ս յօժարակամ ոգի դրսեւորեց։

12 Մարկոս, որ նաեւ Յովհաննէս կը կոչուէր, հրեայ քրիստոնեայ մըն էր Երուսաղէմէն։ Իր ազգականը Բառնաբաս ճանչցուած միսիոնար մըն էր (Կող. 4։10)։ Այնպէս կ’երեւի որ Մարկոսի ընտանիքը նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ էր, բայց Մարկոս նիւթական բաները իր կեանքին մէջ առաջին տեղը չդրաւ։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին յօժարակամ ոգի դրսեւորեց, եւ ուրիշներուն ծառայելով ուրախ էր։ Օրինակ, մինչ Պօղոս առաքեալ եւ Պետրոս առաքեալ իրենց պատասխանատուութիւնները կը կատարէին, Մարկոս իրենց կողքին ծառայեց, հաւանաբար իրենց ֆիզիքական պէտքերը հոգալով (Գործք 13։2-5. Ա. Պետ. 5։13)։ Պօղոս Մարկոսը նկարագրեց որպէս ‘Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ իրեն գործակից’ ու «զօրավիգ» (Կող. 4։10, 11, ՆԱ, ստորանիշ)։

13. Բ. Տիմոթէոս 4։11–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Պօղոս Մարկոսի հաւատարիմ ծառայութիւնը արժեւորեց։

13 Մարկոս Պօղոսի մտերիմ բարեկամներէն մէկը դարձաւ։ Օրինակ, երբ Պօղոս վերջին անգամ Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, շուրջ Ք.Ե. 65–ին, ան Տիմոթէոսին գրեց իր երկրորդ նամակը։ Անոր մէջ Տիմոթէոսէն խնդրեց, որ Հռոմ գայ եւ Մարկոսը իրեն հետ բերէ (Բ. Տիմ. 4։11)։ Անկասկած Պօղոս կ’արժեւորէր Մարկոսի հաւատարիմ ծառայութիւնը, անոր համար խնդրեց որ այդ լուրջ ժամանակին Մարկոս իրեն հետ ըլլայ։ Մարկոս գործնական կերպերով Պօղոսին օգնեց, թերեւս ուտելիք մատակարարելով կամ գրելու համար պիտոյքներ ապահովելով։ Պօղոսի ստացած օգնութիւնն ու քաջալերութիւնը հաւանաբար օգնեց, որ մինչեւ մահապատիժի ենթարկուիլը տոկայ։

14-15. Գործնական կերպերով ուրիշներուն օգնելու մասին ի՞նչ կը սորվինք Մատթէոս 7։12–էն։

14 Կարդա՛ Մատթէոս 7։12։ Երբ դժուար պահերէ կ’անցնինք, որքա՜ն կ’արժեւորենք անոնք՝ որոնք գործնական կերպերով կ’օգնեն։ Ռայըն, որուն հայրը արկածի մը պատճառաւ մահացաւ, կ’ըսէ. «Երբ կը տառապիս, շատ մը առօրեայ բաներ ընելը անկարելի կը թուի։ Գործնական օգնութիւնը,– նոյնիսկ եթէ չնչին ըլլայ,– մեծապէս կը մխիթարէ»։

15 Եթէ ուշադիր ըլլանք եւ ջանանք մեր եղբայրներուն պարագաները նկատել, հաւանաբար պիտի գտնենք իրենց օգնելու գործնական կերպեր։ Օրինակ, քոյր մը նախաքայլը առաւ՝ նախապէս նշուած Փիթըրին ու Քաթրենին օգնելու, որ բոլոր բժշկական ժամադրութիւններուն երթան։ Որովհետեւ Փիթըր ու Քաթրեն չէին կրնար ինքնաշարժ քշել, քոյրը յայտագիր մը պատրաստեց, որ թոյլ տուաւ որ ժողովքէն կամաւորներ կարենան ապահովել զոյգին երթեւեկը։ Այս կարգադրութիւնը զոյգին օգնե՞ց։ Քաթրեն կ’ըսէ. «Զգացինք որ բեռ մը մեր ուսերէն իջաւ»։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն մխիթարութիւնը, որ կրնաս ուրիշներուն տալ նոյնիսկ պարզ բայց գործնական բաներ ընելով։

16. Մխիթարելու նկատմամբ ի՞նչ կարեւոր կէտ կը սորվինք Մարկոսի օրինակէն։

16 Մարկոս վստահաբար զբաղած քրիստոնեայ մըն էր։ Ան աստուածպետական ծանր նշանակումներ ունէր, մէջը ըլլալով՝ իր անունը կրող Աւետարանը գրել։ Բայց եւ այնպէս, Մարկոս ժամանակ տրամադրեց Պօղոսը մխիթարելու, եւ Պօղոս ազատ զգաց Մարկոսէն խնդրելու որ իրեն օգնէ։ Էնճըլան, որ վայրագ ոճիրի մը պատճառով իր ընտանիքին մէկ անդամը կորսնցուց, գնահատեց զինք մխիթարողներուն ցուցաբերած նոյնանման յօժարակամութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ հաւատակիցները անկեղծօրէն կ’ուզեն օգնել, իրենք զիրենք մատչելի կը դարձնեն։ Անոնք չեն տնտնար ու չեն տատամսիր»։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս մէկը, որ պատրաստ է իր հաւատակիցները գործնական կերպով մխիթարելու’։

ՎՃՌԵՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԽԻԹԱՐԵԼ

17. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ի վրայ խոկալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մղել մխիթարութիւն տալու։

17 Դիւրին է գտնել եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք մխիթարութեան պէտք ունին։ Թերեւս նոյնիսկ կրնանք գործածել այն նոյն քաջալերական միտքերը, որոնցմով ուրիշներ մեզ մխիթարած են։ Նինօ անունով քոյր մը, որուն մեծ մայրը մահացաւ, կ’ըսէ. «Եհովան կրնայ մեր միջոցաւ ուրիշները մխիթարել, եթէ թոյլ տանք որ մեզ գործածէ» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Նախապէս նշուած Ֆրէնսեսը կ’ըսէ. «Բ. Կորնթացիս 1։4–ի խօսքը ճշմարիտ է։ Մեր ստացած մխիթարութիւնը կրնա՛նք ուրիշներուն փոխանցել»։

18. ա) Ինչո՞ւ թերեւս ոմանք վախնան մխիթարելու։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք յաջողապէս ուրիշները մխիթարել. օրինակ մը տուր։

18 Պէտք է նախաքայլը առնենք ուրիշներուն օգնելու, նոյնիսկ եթէ կը վախնանք։ Օրինակ, թերեւս վախնանք որ չգիտնանք ի՛նչ ըսել կամ ի՛նչ ընել անհատի մը, որ նեղացուցիչ պարագայի մէջ է։ Փոլ անունով երէց մը կը յիշէ այն ջանքերը, որոնք ուրիշներ ըրին, իր հօր մահէն ետք։ Ան կ’ըսէ. «Կ’ըմբռնէի թէ իրենց համար դիւրին չէր ինծի մօտենալ։ Չէին գիտեր ի՛նչ ըսել։ Բայց կը գնահատէի մխիթարելու եւ քաջալերելու իրենց փափաքը»։ Նոյնպէս, զօրաւոր երկրաշարժէ մը ետք, Թէճոն անունով եղբայր մը ըսաւ. «Անկեղծօրէն կ’ըսեմ, թէ չեմ յիշեր իւրաքանչիւր կարճ հաղորդագրութիւն, որ հաւատակիցները ինծի ղրկեցին երկրաշարժին յաջորդող օրերուն, բայց կը յիշե՛մ որ անոնք հոգատար էին, քանի որ կ’ուզէին վստահ ըլլալ որ ապահով եմ»։ Մենք ալ ազդու մխիթարողներ կ’ըլլանք, եթէ ցոյց տանք, որ տառապեալ անհատները կը հոգանք։

19. Ինչո՞ւ վճռած ես մեծ մխիթարութեան աղբիւր ըլլալ։

19 Մինչ այս աշխարհի վերջին աւելի կը մօտենանք, վիճակները պիտի վատթարանան եւ կեանքը ա՛լ աւելի պիտի դժուարանայ (Բ. Տիմ. 3։13)։ Ասկէ զատ, քանի որ ժառանգուած մեղքին եւ մեր անկատարութեան պատճառաւ խնդիրներ կը դիմագրաւենք, միշտ մխիթարութեան պէտք պիտի ունենանք։ Պօղոս առաքեալ կրցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարմօրէն տոկալ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ իր հաւատակիցներէն մխիթարութիւն ստացաւ։ Թող որ ըլլանք՝ Արիստարքոսի նման հաւատարիմ, Տիւքիկոսի նման վստահելի եւ Մարկոսի նման՝ պատրաստ ուրիշներուն ծառայելու։ Այդպէս ընելով, կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ հաւատքի մէջ հաստատ մնան (Ա. Թես. 3։2, 3

^ պարբ. 5 Պօղոս առաքեալ իր կեանքին ընթացքին շա՜տ մը դժուարութիւններէ անցաւ։ Նեղութիւններու ժամանակ, որոշ հաւատակիցներ զինք մեծապէս մխիթարեցին։ Նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ յատկութիւններ օգնեցին, որ այս հաւատակիցները լաւ մխիթարողներ ըլլան։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործնական կերպերով զիրենք ընդօրինակել։

^ պարբ. 5 Առակաց 17։17 (ՆԱ). «Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած»։

^ պարբ. 5 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Արիստարքոս եւ Պօղոս միասնաբար նաւաբեկութեան հանդիպեցան։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տիւքիկոսին վստահուեցաւ Պօղոսի նամակները ժողովքներուն տանիլ։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մարկոս գործնական կերպերով Պօղոսին օգնեց։