Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քարին վրայ գրուած է. «Եահվէ Սաբաւովթին կողմէ անիծեալ է Հէկէֆը՝ Հէկէվի որդին»

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հին գրութիւն մը ինչպէ՞ս Աստուածաշունչին թիկունք կը կանգնի

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «Աստուածաշնչական երկիրներու թանգարան»ին մէջ, կայ քար մը, որ կը պատկանի Ք.Ա. 700-600 թուականներուն։ Քարը գտած են Իսրայէլի Քեբրոնէն ոչ հեռու գտնուող քարայրի մը մէջ, որ կը գործածուէր որպէս գերեզման։ Քարին վրայ գրուած է. «Եահվէ Սաբաւովթին կողմէ անիծեալ է Հէկէֆը՝ Հէկէվի որդին»։ Այս գրութիւնը ինչպէ՞ս Աստուածաշունչին թիկունք կը կանգնի։ Անիկա ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ Եհովա անունը, որ հին եբրայերէն գիրերով ԵՀՎՀ կը գրուի, աստուածաշնչական ժամանակներուն լաւ ճանչցուած էր ու կը գործածուէր առօրեայ կեանքին մէջ։ Իրականութեան մէջ, քարայրներուն մէջ ուրիշ գրութիւններ ցոյց կու տան, որ հոն հանդիպող ու պահուըտող անհատները յաճախ պատերուն վրայ գրեցին Աստուծոյ անունը, ինչպէս նաեւ՝ անձնական անուններ, որոնք կերպով մը կը պարփակեն Աստուծոյ անունը։

Այդ գրութիւնները մեկնաբանելով, Ճորճիայի համալսարանի դոկտ. Ռէյչըլ Նապուլսի ըսաւ. «ԵՀՎՀ անուան կրկին անգամ գործածուիլը շատ բան կ’ըսէ։ [Սուրբգրային] գրութիւններն ու մարդոց գրածները ցոյց կու տան, որ ԵՀՎՀ–ն Իսրայէլի եւ Յուդայի ժողովուրդին կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունէր»։ Ասիկա Աստուածաշունչին թիկունք կը կանգնի, ուր Աստուծոյ անունը, որ եբրայերէն գիրերով ԵՀՎՀ կը գրուի, հազարաւոր անգամներ կ’երեւնայ։ Յաճախ անձնական անունները Աստուծոյ անունը կը պարփակէին։

Քարին վրայ գրուած «Եահվէ Սաբաւովթ» բառերը կը նշանակեն «զօրքերու Եհովա»։ Այնպէս կ’երեւի թէ ասիկա ցոյց կու տայ, որ ոչ միայն Աստուծոյ անունը, այլեւ «զօրքերու Եհովա» արտայայտութիւնը աստուածաշնչական ժամանակներուն յաճախ կը գործածուէր։ Ասիկա ալ Աստուածաշունչին թիկունք կը կանգնի, ուր «զօրքերու Եհովա» արտայայտութիւնը 283 անգամ նշուած է Եբրայերէն Գրութիւններուն բնագրին մէջ, գլխաւորաբար՝ Եսայիի, Երեմիայի եւ Զաքարիայի գրածներուն մէջ։