ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2
Դասեր այն աշակերտէն, որ «Յիսուսին սիրելի էր»
«Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։7)։
ԵՐԳ 3 «Աստուած սէր է»
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Աստուծոյ սէրը ինչպիսի՞ զգացում կու տայ քեզի։
«ԱՍՏՈՒԱԾ սէր է», գրեց Յովհաննէս առաքեալ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Այդ պարզ նախադասութիւնը մեզի կը յիշեցնէ հիմնական ճշմարտութիւն մը. Աստուած, որ կեանքի Աղբիւրն է, նաեւ սիրոյ Աղբիւրն է։ Եհովան մեզ կը սիրէ՛։ Անոր սէրը մեզի կու տայ ապահովութեան, ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացում։
2. Մատթէոս 22։37-40–ի համաձայն, որո՞նք են երկու ամենամեծ պատուիրանները եւ ինչո՞ւ երկրորդին թերեւս դժուար ըլլայ հնազանդիլ։
2 Սիրելը քրիստոնեաներուն կամքին ձգուած հարց մը չէ։ Ատիկա պատուիրան է (կարդա՛ Մատթէոս 22։37-40)։ Երբ Եհովան լաւ ճանչնանք, առաջին պատուիրանին հնազանդիլը մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ։ Ի վերջոյ, Եհովան կատարեալ է. ան հոգատար է եւ մեզի հետ մեղմութեամբ կը վարուի։ Բայց թերեւս դժուար ըլլայ երկրորդ պատուիրանին հնազանդիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեզի ամէնէն մօտ եղող ընկերներն են, անկատար են։ Ատեններ, կրնան իրենց խօսքով կամ գործով հոգատարութիւն եւ սէր ցոյց չտալ։ Եհովան ասոր գիտակից է, անոր համար Աստուածաշունչի գրողներէն ոմանք ներշնչեց, որ գրի առնեն մասնայատուկ խրատներ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պէտք է իրար սիրենք։ Այդ գրողներէն մէկը Յովհաննէսն էր (Ա. Յովհ. 3։11, 12)։
3. Յովհաննէս ի՞նչ բան շեշտեց։
3 Իր գրածներուն մէջ, Յովհաննէս շեշտեց, որ քրիստոնեաները պէտք է սէր ցոյց տան։ Իր Աւետարանին մէջ, Յովհաննէս «սէր» եւ «սիրել» բառերը աւելի յաճախ գործածեց, քան միւս երեք աւետարանագիրները՝ միասին առնուած։ Ան շուրջ 100 տարեկան էր, երբ գրեց իր անունը կրող Աւետարանը եւ Ա. Յովհ. 4։10, 11)։ Սակայն, ժամանակ առաւ, որ Յովհաննէս այդ դասը սորվի։
երեք նամակները։ Այդ ներշնչեալ արձանագրութիւնները կը յայտնեն, թէ սէրը պէտք է ազդէ ամէն բանի, որ քրիստոնեան կ’ընէ (4. Յովհաննէս ուրիշներուն հանդէպ մի՞շտ սէր ցոյց կու տար։
4 Յովհաննէս, երբ երիտասարդ էր, միշտ չէր որ սէր ցոյց կու տար։ Օրինակ, առիթով մը Յիսուս եւ իր աշակերտները կը ճամբորդէին դէպի Երուսաղէմ՝ Սամարիայէն անցնելով։ Սամարիայի մէկ գիւղին մարդիկը մերժեցին զիրենք հիւրասիրել։ Յովհաննէս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան եւ իր եղբայրը՝ Յակոբոս, Յիսուսի հարցուցին, եթէ կրնան երկնքէն կրակ իջեցնել, որ գիւղին բոլոր բնակիչները բնաջնջեն (Ղուկ. 9։52-56)։ Իսկ ուրիշ առիթով մը, Յովհաննէս միւս առաքեալներուն հանդէպ սէր ցոյց չտուաւ։ Ան եւ Յակոբոս իրենց մայրը համոզեցին, որ Յիսուսէն խնդրէ, որ Թագաւորութեան մէջ իրենց երեւելի դիրք տայ։ Երբ միւս առաքեալները իմացան անոնց ըրածին մասին, շա՜տ բարկացան (Մատ. 20։20, 21, 24)։ Սակայն հակառակ Յովհաննէսի բոլոր թերութիւններուն, Յիսուս զինք կը սիրէր (Յովհ. 21։7)։
5. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննենք։
5 Այս յօդուածին մէջ, պիտի քննենք Յովհաննէսին օրինակը եւ կարգ մը բաներ, որ ան գրեց սիրոյ մասին։ Պիտի սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Նաեւ պիտի սորվինք կարեւոր կերպի մը մասին, որով ընտանիքի գլուխը կրնայ փաստել, որ իր ընտանիքը կը սիրէ։
ՍԷՐԸ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՅԱՅՏՆԻ Կ’ԸԼԼԱՅ
6. Եհովան ինչպէ՞ս յայտնեց իր սէրը մեզի հանդէպ։
6 Յաճախ սէր ըսելով, մեր միտքը կու գայ ջերմ զգացում մը, որ ազնիւ խօսքերով կ’արտայայտուի։ Բայց սէրը իսկական կ’ըլլայ, երբ գործերով կը փաստուի (համեմատէ՛ Յակոբոս 2։17, 26)։ Օրինակ մը առնենք։ Եհովան մեզ կը սիրէ (Ա. Յովհ. 4։19)։ Եւ իր սէրը կ’արտայայտէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած գեղեցիկ խօսքերով (Սաղ. 25։10. Հռով. 8։38, 39)։ Բայց նաեւ իր ըրածներուն շնորհիւ համոզուած ենք, որ մեզ կը սիրէ։ Յովհաննէս գրեց. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա. Յովհ. 4։9)։ Եհովան թոյլ տուաւ, որ իր սիրելի Որդին չարչարուի եւ մեռնի մեզի համար (Յովհ. 3։16)։ Որեւէ կասկած կրնա՞յ ըլլալ, որ Եհովան մեզ իրապէս կը սիրէ։
7. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի մեզի հանդէպ իր սէրը փաստէ։
7 Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ Յովհ. 13։1. 15։15)։ Սակայն ան փաստեց, թէ իր աշակերտներուն եւ մեզի հանդէպ խոր սէր ունի, ոչ միայն խօսքերով, հապա՝ գործերով ալ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 15։13)։ Երբ կը խոկանք մեզի համար Եհովայի եւ Յիսուսի ըրածին մասին, պէտք է մղուինք ի՞նչ ընելու։
իրենց հանդէպ գուրգուրանք ունէր (8. Ըստ Ա. Յովհաննէս 3։18–ի, ի՞նչ պէտք է ընենք։
8 Մենք կը փաստենք, որ Եհովան ու Յիսուսը կը սիրենք, երբ իրենց հնազանդինք (Յովհ. 14։15. Ա. Յովհ. 5։3)։ Եւ Յիսուս մասնաւորաբար պատուիրեց, որ իրար սիրենք (Յովհ. 13։34, 35)։ Պէտք է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը արտայայտենք ոչ միայն խօսքերով, հապա նաեւ գործերով (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։18)։ Յատկապէս ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր սէրը փաստենք։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐԴ ՍԻՐԷ
9. Սէրը Յովհաննէսը մղեց որ ի՞նչ ընէ։
9 Յովհաննէս կրնար իր հօր հետ մնալ եւ դրամ շահիլ, իրենց ընտանեկան գործը՝ ձկնորսութիւնը, շարունակելով։ Բայց ան իր կեանքին մնացեալ երկար տարիները տրամադրեց ուրիշներուն օգնելու, որ Եհովայի ու Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ Յովհաննէսին ընտրած կեանքը դիւրին չէր։ Ան հալածուեցաւ, եւ առաջին դարուն վերջաւորութեան երբ ծեր էր՝ աքսորուեցաւ (Գործք 3։1. 4։1-3. 5։18. Յայտ. 1։9)։ Նոյնիսկ երբ Յիսուսի մասին քարոզելուն համար բանտարկուած էր, Յովհաննէս ուրիշներուն մասին կը մտածէր։ Օրինակ, երբ Պատմոս կղզիին վրայ էր, Յայտնութիւն գիրքը գրի առաւ եւ զայն ղրկեց ժողովքներուն, որպէսզի գիտնան «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Ետքը, հաւանաբար երբ Պատմոսէն ազատ արձակուեցաւ, գրեց իր Աւետարանը՝ Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին։ Ան նաեւ երեք նամակներ գրեց, իր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք Յովհաննէսի անձնազոհ կեանքին ընթացքը ընդօրինակել։
10. Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել, որ մարդիկը կը սիրես։
10 Մարդոց հանդէպ սէրդ կրնաս փաստել՝ կեանքիդ մէջ ըրած ընտրութիւններովդ։ Սատանայի աշխարհը կ’ուզէ, որ ամբողջ ժամանակդ ու կորովդ քու անձիդ տրամադրես, ձգտելով դրամ շահիլ կամ անուն վաստկիլ։ Ատոր հակառակը, աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան անձնազոհ քարոզիչները կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ կու տան, որ բարի լուրը քարոզեն ու մարդոց օգնեն Եհովային մօտենալու։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց ամբողջ ժամանակը կու տան քարոզելու ու սորվեցնելու գործին։
11. Ինչպէ՞ս շատ մը հաւատարիմ հրատարակիչներ կը փաստեն, որ Եհովան եւ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրեն։
11 Շատ մը հաւատարիմ քրիստոնեաներ ամբողջ օրը կ’աշխատին, որ իրենց ընտանիքին պէտքերը հոգան։ Ասով հանդերձ, այս հաւատարիմ հրատարակիչները իրենց կրցածին չափ թիկունք կը կանգնին Աստուծոյ կազմակերպութեան։ Օրինակ, ոմանք աղէտէ տուժածներուն կ’օգնեն, ուրիշներ շինարարական ծրագիրներու կը մասնակցին, եւ բոլորը կրնան համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընել։ Անոնք այս բաները կ’ընեն, քանի որ Աստուած եւ իրենց ընկերը կը սիրեն։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը կը փաստենք ամէն շաբաթ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուելով եւ անոնց մասնակցելով։ Ժողովներու կ’երթանք, հակառակ անոր որ կրնանք յոգնած ըլլալ։ Պատասխաններ կու տանք, թէեւ կրնանք ջղագրգիռ ըլլալ։ Եւ թէեւ բոլորս մեր անձնական խնդիրները ունինք, բայց ժողովէն առաջ կամ ետք ուրիշները կը քաջալերենք Եբ. 10։24, 25)։ Որչա՜փ շնորհակալ ենք այն գործին համար, որ մեր հաւատակիցները կ’ընեն։
(12. Ուրիշ ի՞նչ կերպով Յովհաննէս իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ իր սէրը փաստեց։
12 Յովհաննէս իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ իր սէրը փաստեց ոչ միայն զիրենք գովելով, հապա նաեւ խրատ տալով։ Օրինակ, իր նամակներուն մէջ, զիրենք գովեց իրենց հաւատքին ու լաւ գործերուն համար, բայց նաեւ լրջօրէն խրատեց մեղքի նկատմամբ (Ա. Յովհ. 1։8–2։1, 13, 14)։ Նմանապէս, պէտք է մեր հաւատակիցները գովենք անոնց ըրած լաւ բաներուն համար։ Բայց եթէ մէկը սխալ կեցուածք կամ գէշ սովորութիւն մը կը զարգացնէ, կրնանք սէր ցոյց տալ՝ փափկանկատօրէն իրեն ըսելով պէտք եղածը։ Քաջութիւն կ’ուզէ, որ բարեկամ մը սրբագրենք, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ իսկական բարեկամները իրար կը սրեն, կամ՝ կը սրբագրեն (Առ. 27։17)։
13. Ի՞նչ պէտք չէ ընենք։
13 Ատեններ, կը փաստենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք՝ չընելով կարգ մը բաներ։ Օրինակ, դիւրին–դիւրին չենք վիրաւորուիր իրենց ըսածէն։ Նկատի առ դէպք մը, որ պատահեցաւ Յիսուսի երկրային կեանքի վերջաւորութեան։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ, որ կեանք ստանալու համար պէտք է իր մարմինը ուտեն եւ արիւնը խմեն (Յովհ. 6։54-58)։ Սա խօսքը աշակերտները այնքա՛ն ցնցեց, որ շատեր զինք լքեցին, բայց ոչ իր իսկական բարեկամները, մէջը ըլլալով Յովհաննէս։ Անոնք հաւատարմօրէն իրեն հետ մնացին։ Թէեւ Յիսուսի ըսածը չհասկցան եւ հաւանաբար զարմացան, բայց չվիրաւորուեցան, խորհելով թէ իր ըսածը սխալ էր։ Փոխարէնը, իրեն վստահեցան՝ գիտնալով որ ճշմարտութիւնը ըսաւ (Յովհ. 6։61, 67-70)։ Որչա՜փ կարեւոր է, որ դիւրաւ չվիրաւորուինք մեր բարեկամներուն ըսածներէն։ Ատոր տեղը, իրենց առիթ տանք, որ սխալ հասկացողութիւնները յստակացնեն (Առ. 18։13. Ժող. 7։9)։
14. Ինչո՞ւ պէտք չէ թոյլ տանք, որ ատելութիւնը մեր սրտին մէջ արմատ կապէ։
14 Յովհաննէս նաեւ մեզ յորդորեց չատել մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Եթէ այդ խրատին չհետեւինք, Սատանային առիթ կու տանք որ մեզ կառավարէ (Ա. Յովհ. 2։11. 3։15)։ Այսպէս պատահեցաւ ոմանց, Ք.Ե. առաջին դարուն վերջաւորութեան։ Սատանան ամէն ջանք կ’ընէր, որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ատելութիւն տարածէր ու եղբայրները իրարմէ բաժնէր։ Երբ Յովհաննէս իր նամակները գրեց, Սատանայի ոգին ցուցաբերող կարգ մը մարդիկ արդէն ժողովքէն ներս սպրդած էին։ Օրինակ, Դիոտրեփէս ժողովքի մը մէջ լուրջ բաժանումներ կը պատճառէր (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Ան կառավարիչ մարմինի շրջագայող ներկայացուցիչներուն հանդէպ անյարգալից էր։ Ան նոյնիսկ փորձեց ժողովքէն վռնտել այն անհատները, որոնք կը հիւրասիրէին անոնք, որ ինք չէր հաւներ։ Ի՜նչ մեծամիտ կեցուածք։ Սատանան տակաւին կատաղաբար կը փորձէ Աստուծոյ ժողովուրդը բաժնել ու տկարացնել։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք, որ ատելութիւնը մեզ իրարմէ հեռացնէ։
ԸՆՏԱՆԻՔԴ ՍԻՐԷ
15. Ընտանիքին գլուխը ի՞նչ պէտք է իր միտքը պահէ։
15 Կերպերէն մէկը, որով ընտանիքի գլուխը կը փաստէ, որ իր ընտանիքը կը սիրէ, անոնց նիւթական պէտքերը հոգալն է (Ա. Տիմ. 5։8)։ Սակայն պէտք է իր միտքը պահէ, որ նիւթական պէտքերը հոգեւոր պէտքերուն տեղը չեն առներ (Մատ. 5։3)։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը, որ օգտակար է ընտանիքի գլուխին համար։ Յովհաննէսի Աւետարանին համաձայն, մինչ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր, իր ընտանիքին մասին կը մտածէր։ Այն ատեն, Յովհաննէս Յիսուսի մօր հետ ցիցին մօտ կեցած էր։ Հակառակ անոր, որ մահուան չարչարանքը կը կրէր, Յիսուս Յովհաննէսէն խնդրեց, որ Մարիամին հոգ տանի (Յովհ. 19։26, 27)։ Յիսուս եղբայրներ ու քոյրեր ունէր, որոնք վստահաբար Մարիամի ֆիզիքական պէտքերը պիտի հոգային, բայց այնպէս կ’երեւի թէ այն ատեն տակաւին աշակերտներ չէին դարձած։ Անոր համար, ան ուզեց վստահ ըլլալ, որ Մարիամի թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր պէտքերը պիտի գոհացուէին։
16. Յովհաննէս ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը շալկէր։
16 Յովհաննէս ծանր պատասխանատուութիւններ կը շալկէր։ Որպէս առաքեալներէն մէկը, ան քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առաւ։ Եթէ ամուսնացած էր, պէտք էր վստահ ըլլար, որ թէ՛ իր ընտանիքին նիւթական պէտքերը կը հոգար եւ թէ անոնց հոգեւոր պէտքերը չէր անտեսեր (Ա. Կոր. 9։5)։ Այսօր ընտանիքի գլուխը ի՞նչ դաս կրնայ քաղել։
17. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ընտանիքի գլուխը իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը հոգայ։
17 Եղբայր մը, որ ընտանիքի գլուխ է, կրնայ Եփ. 6։5, 6. Տիտ. 2։9, 10)։ Եւ իր ժողովքին մէջ կրնայ պատասխանատուութիւններ ունենալ, ինչպէս՝ հովուական գործը եւ քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելը։ Միեւնոյն ատեն, կարեւոր է որ ան կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտէ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ։ Անոնք խորապէս պիտի գնահատեն զիրենք ֆիզիքապէս, զգացականօրէն ու հոգեւորապէս առողջ պահելու իր ջանքերը (Եփ. 5։28, 29. 6։4)։
ծանր պատասխանատուութիւններ շալկել։ Օրինակ, ան իր աշխարհիկ գործին մէջ պէտք է աշխատասէր ըլլայ, որ իր վարքը Եհովայի անուան փառք բերէ (‘ԻՄ ՍԻՐՈՅՍ ՄԷՋ ԿԵՑԷՔ’
18. Յովհաննէս ի՞նչ բանէ վստահ էր։
18 Յովհաննէս ճոխ փորձառութիւններով լեցուն ու երկար կեանք մը ունեցաւ։ Ան տարբեր տեսակի դժուարութիւններ դիմագրաւեց, որոնք կրնային իր հաւատքը տկարացնել։ Բայց ան միշտ իր լաւագոյնը ըրաւ, որ Յիսուսի պատուէրներուն հնազանդի, որոնցմէ էր՝ իր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել։ Առ ի արդիւնք, Յովհաննէս վստահ էր, որ Եհովան ու Յիսուս զինք կը սիրէին եւ պէտք եղած ուժը պիտի տային, որպէսզի որեւէ դժուարութիւն յաղթահարէր (Յովհ. 14։15-17. 15։10. Ա. Յովհ. 4։16)։ Սատանայի կամ իր աշխարհի ըրած ո՛չ մէկ բանը կրնար պատճառ դառնալ, որ Յովհաննէս սէր չզգար ու չարտայայտէր։
19. Ա. Յովհաննէս 4։7–ն կը յորդորէ որ ի՞նչ ընենք, եւ ինչո՞ւ։
19 Յովհաննէսին պէս, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որուն վրայ կ’իշխէ Սատանան, որ ատելութեամբ լեցուած է (Ա. Յովհ. 3։1, 10)։ Թէեւ ան կ’ուզէ, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելէ դադրինք, բայց պիտի չյաջողի, եթէ մենք իրեն թոյլ չտանք։ Թող որ վճռենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել, մեր սէրը խօսքերով արտայայտել եւ զայն գործերով փաստել։ Այն ատեն, ուրախ պիտի ըլլանք, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասն ենք եւ մեր կեանքը իրապէս արժէք պիտի ունենայ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
^ պարբ. 5 Շատ հաւանաբար Յովհաննէս առաքեալն էր, որ Սուրբ Գիրքը կը կոչէ՝ «այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր» (Յովհ. 21։7)։ Ուստի նոյնիսկ երիտասարդութեան, ան հիանալի յատկութիւններ ունենալու էր։ Տարիներ ետք, Եհովան զինք գործածեց, որ սիրոյ մասին բաւական բաներ գրէ։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ անոր գրածներէն ոմանք եւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ իր օրինակէն։
^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Բազմազբաղ ընտանիքի գլուխը աղէտէ տուժածներուն կ’օգնէ, համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւններ կ’ընէ եւ ուրիշները կը հրաւիրէ, որ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ ընտանեկան պաշտամունքի մասնակցին։