Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

Հանդարտ մնա՛ ու Եհովային վստահէ

Հանդարտ մնա՛ ու Եհովային վստահէ

2021–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (ԵՍԱ. 30։15

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Դաւիթ թագաւորին պէս, մեզմէ ոմանք թերեւս ի՞նչ հարցնեն։

ԲՈԼՈՐՍ կ’ուզենք հանդարտ եւ խաղաղ կեանք վարել։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կը սիրէ մտահոգուիլ։ Սակայն, երբեմն շատ հոգեր կ’ունենանք։ Անոր համար, Եհովայի ծառաներէն ոմանք թերեւս հարցնեն այն նոյն հարցումը, որ Դաւիթ թագաւոր Եհովային հարցուց. «Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով» (Սաղ. 13։2

2. Ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Թէեւ բոլորս երբեմն կը մտահոգուինք, բայց շատ բան կրնանք ընել մեր մտահոգութիւնը թեթեւցնելու համար։ Յօդուածին մէջ, նա՛խ պիտի նշենք կարգ մը բաներ, որոնք մեզ կը մտահոգեն։ Ետքը, պիտի քննարկենք վեց բաներ, որոնք կրնանք ընել հանդարտ մնալու համար, մինչ խնդիրներ կը դիմագրաւենք։

Ի՞ՆՉԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌԵԼ

3. Ի՞նչ բաներ մեզ կը մտահոգեն, եւ կրնա՞նք անոնց արգելք ըլլալ։

3 Շատ բաներ կրնան մեզի մտահոգութիւն պատճառել, եւ մենք բան մը չենք կրնար ընել որ զանոնք արգիլենք։ Օրինակ, չենք կրնար արգիլել, որ ուտելիքի, հագուելիքի կամ տուներուն գինը բարձրանալէ դադրի. ոչ ալ կրնանք բան մը ընել, որ մեր գործակիցները կամ դասընկերները ետեւ–ետեւի մեզ չփորձեն, որ անպարկեշտ կամ անբարոյ արարք մը գործենք։ Եւ չենք կրնար մեր շրջանին մէջ ոճիրը կեցնել։ Այս խնդիրներէն կը տառապինք, քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի սկզբունքներով չեն առաջնորդուիր։ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածը, գիտէ թէ «աշխարհի հոգեր»ուն պատճառաւ կարգ մը մարդիկ Եհովայի պիտի չծառայեն (Մատ. 13։22, ԱԾ. Ա. Յովհ. 5։19)։ Ուստի, չենք զարմանար որ աշխարհը ճնշիչ պարագաներով լեցուն է։

4. Թերեւս ինչպէ՞ս հակազդենք ճնշիչ պարագաներու։

4 Կրնանք մեր խնդիրներով այնքա՛ն մտահոգուիլ, որ ուրիշ որեւէ բանի մասին չմտածենք։ Օրինակ, թերեւս մտահոգուինք, որ մեր շահած դրամը բաւարար չըլլայ մեր պէտքերը ապահովելու։ Կամ ալ թերեւս մտահոգուինք, որ պիտի հիւանդանանք եւ գործի պիտի չկարենանք երթալ, կամ թէ նոյնիսկ մեր գործը պիտի կորսնցնենք։ Նաեւ, թերեւս մեզ մտահոգէ այն գաղափարը, որ երբ փորձուինք Աստուծոյ օրէնքը կտրել, տեղի տանք։ Ասկէ զատ, Սատանան մօտ ատենէն իր ազդեցութեան տակ եղողները պիտի մղէ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակին. անոր համար թերեւս մտահոգուինք, թէ այդ յարձակումին ինչպէ՛ս պիտի հակազդենք։ Թերեւս հարց տանք. ‘Սխա՞լ է որ այսպիսի բաներով մտահոգուիմ’։

5. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք»։

5 Գիտենք որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք» (Մատ. 6։25)։ Ասիկա կը նշանակէ՞, թէ մեզմէ կ’ակնկալէ որ չմտահոգուինք ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Անշուշտ ոչ։ Միտքդ բեր, որ անցեալին Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք մտահոգուեցան, բայց Եհովայի հաճութիւնը չկորսնցուցին (Գ. Թագ. 19։4. Սաղ. 6։3) *։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մեզ կը մխիթարէր։ Ան չուզեց, որ կեանքի հոգերով այնքա՛ն տարուինք, որ Եհովայի ծառայելը մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը չըլլայ։ Ուստի, երբ մտահոգուինք, ի՞նչ կրնանք ընել (տե՛ս « Ի՞նչ ընել» շրջանակը)։

ՎԵՑ ԲԱՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵՆ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՆԱԼՈՒ

Տե՛ս պարբերութիւն 6 *

6. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն, ի՞նչը կրնայ մեզ հանդարտեցնել։

6 1) Յաճախ աղօթէ։ Ճնշումի տակ եղող քրիստոնեաները կրնան հանգստանալ, երբ սրտագին աղօթքով Եհովայի կը դիմեն (Ա. Պետ. 5։7)։ Եհովան աղօթքիդ կրնայ պատասխանել, քեզի տալով «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Եհովան մեր անհանգստացնող մտածումները կը հանդարտեցնէ իր զօրաւոր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Գաղ. 5։22

7. Երբ կ’աղօթենք, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

7 Երբ Եհովային կ’աղօթես, սիրտդ բաց իրեն։ Իրեն ըսէ թէ խնդիրը ի՛նչ է, եւ ատոր նկատմամբ զգացումներդ բացատրէ։ Եթէ կարելի է խնդիրը լուծել, իրմէ իմաստութիւն խնդրէ որ գիտնաս ի՛նչ ընել, եւ զօրութիւն՝ որ զայն ընես։ Իսկ եթէ խնդիրը լուծելու համար ձեռքէդ բան մը չի գար, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որ մտահոգութեամբ չջախջախուիս։ Երբ մասնայատուկ կերպով կ’աղօթես, ժամանակի ընթացքին աւելի յստակ կը դառնայ Եհովայի պատասխանը։ Եթէ աղօթքիդ պատասխանը անմիջապէս չառնես, մի՛ յանձնուիր։ Եհովան կ’ուզէ որ թէ՛ մասնայատուկ կերպով աղօթես եւ թէ շարունակ աղօթես (Ղուկ. 11։8-10

8. Մեր աղօթքներուն մէջ ի՞նչ պէտք է պարփակենք։

8 Երբ աղօթքով հոգերդ Եհովային կը յայտնես, անպայման շնորհակալական խօսքեր ալ ըսէ։ Լաւ է որ մեր ունեցած օրհնութիւնները նկատի առնենք, նոյնիսկ երբ շատ դժուար պարագաներու մէջ ենք։ Եթէ երբեմն տագնապալից զգացումներդ չես կրնար բառերով արտայայտել, յիշէ որ Եհովան աղօթքիդ պիտի պատասխանէ, նոյնիսկ եթէ միայն ըսես. ‘Հաճիս օգնէ’ (Բ. Մն. 18։31. Հռով. 8։26

Տե՛ս պարբերութիւն 9 *

9. Ինչպէ՞ս կարելի է իսկական ապահովութիւն ունենալ։

9 2) Եհովայի իմաստութեան ապաւինէ։ Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Յուդայի ժողովուրդը վախցաւ որ ասորեստանցիները իրենց վրայ յարձակին։ Անոնք չուզելով որ ասորեստանցիները իրենց վրայ իշխեն, հեթանոս եգիպտացիներուն դիմեցին օգնութեան համար (Եսա. 30։1, 2)։ Եհովան զիրենք զգուշացուց, որ եգիպտացիներուն ապաւինիլը աղէտի պիտի առաջնորդէր (Եսա. 30։7, 12, 13)։ Եսայիի միջոցաւ, Եհովան ժողովուրդին ըսաւ, որ ինչպէ՛ս կրնային իսկական ապահովութիւն ունենալ։ Ան ըսաւ. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (Եսա. 30։15բ

10. Ո՞ր պարագաներուն կրնանք ցոյց տալ, թէ Եհովային կը վստահինք։

10 Ո՞ր պարագաներուն կրնանք ցոյց տալ, թէ Եհովային կը վստահինք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։ Ենթադրենք որ քեզի կ’առաջարկուի աւելի լաւ վճարումով գործ մը, բայց ատիկա կը պահանջէ որ յաւելեալ ժամեր աշխատիս, եւ հոգեւոր ռութինդ պիտի խանգարէ։ Կամ ենթադրենք որ գործատեղիիդ մէջ մէկը ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ունի քեզի հանդէպ, բայց Աստուծոյ մկրտուած ծառայ մը չէ։ Կամ սեպենք թէ ընտանիքիդ անդամներէն մէկը քեզի կ’ըսէ. «Կա՛մ ես, կամ Աստուածդ»։ Այս պարագաներէն իւրաքանչիւրը կը պահանջէ, որ դժուար որոշում մը առնես, բայց Եհովան քեզի պէտք եղած ուղղութիւնը պիտի տայ (Մատ. 6։33. 10։37. Ա. Կոր. 7։39)։ Հարցումը այն է, որ Եհովայի ուղղութեան պիտի վստահիս եւ զայն պիտի գործադրե՞ս։

Տե՛ս պարբերութիւն 11 *

11. Աստուածաշունչի ո՞ր պատմութիւնները կրնանք սերտել, որպէսզի հանդարտ մնանք հակառակութեան դիմաց։

11 3) Սորվէ լաւ եւ գէշ օրինակներէ։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ որքա՜ն կարեւոր է, որ հանդարտ մնանք եւ Եհովային վստահինք։ Այս պատմութիւնները կարդացած ատեն, նկատէ թէ ի՛նչը Աստուծոյ ծառաներուն օգնեց, որ հանդարտ մնան խիստ հակառակութեան դիմաց։ Օրինակ, երբ հրէական գերագոյն ատեանը առաքեալներուն հրամայեց, որ քարոզելէ դադրին, անոնք չվախցան, հապա քաջաբար ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։ Նոյնիսկ ծեծուելէ ետք, անոնք խուճապի չմատնուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէին թէ Եհովան իրենց հետ էր եւ իրենց կը հաճէր։ Անոր համար, շարունակեցին բարի լուրը քարոզել (Գործք 5։40-42)։ Նոյնպէս, երբ Ստեփանոս աշակերտը սպաննուելու վրայ էր, ան այնքա՛ն խաղաղ մնաց, որ ‘անոր երեսը հրեշտակի երեսի պէս էր’ (Գործք 6։12-15)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ վստահ էր որ Եհովան իրեն կը հաճէր։

12. Ա. Պետրոս 3։14 եւ 4։14–ի համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ երբ հալածուինք։

12 Առաքեալները ուղղակի փաստ ունէին, որ Եհովան իրենց հետ էր։ Ան իրենց տուած էր հրաշքներ ընելու կարողութիւնը (Գործք 5։12-16. 6։8)։ Մեր պարագան նոյնը չէ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ սիրալիրօրէն մեզ կը վստահեցնէ, որ երբ արդարութեան համար հալածուինք, ան մեզի կը հաճի եւ իր հոգին մեզի հետ է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։14. 4։14)։ Ուստի, փոխանակ մտահոգուելու թէ ապագային ի՛նչ պիտի ընենք, երբ խստօրէն հալածուինք, պէտք է հիմա մեր ամէն կարելին ընենք, որ մեր վստահութիւնը աւելցնենք, թէ Եհովան կրնա՛յ մեզի թիկունք կանգնիլ ու մեզ ազատել։ Առաջին դարու աշակերտներուն պէս, պէտք է վստահինք Յիսուսի խոստումին. «Ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները»։ Ան այս երաշխիքը տուաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (Ղուկ. 21։12-19)։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար, որ Եհովան իր յիշողութեան մէջ կը պահէ ամենափոքր մանրամասնութիւնները իր ծառաներուն մասին, որոնք հաւատարմաբար կը մեռնին։ Եւ այդ գիտութեան հիման վրայ, իրենց յարութիւն պիտի տայ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ, երբ նկատի կ’առնենք այն անհատներուն փորձառութիւնները, որոնք չկրցան հանդարտ մնալ ու Եհովային վստահիլ։

13 Նաեւ կրնանք սորվիլ այն անհատներուն փորձառութիւններէն, որոնք չկրցան հանդարտ մնալ ու Եհովային վստահիլ։ Այդ գէշ օրինակները սերտելը մեզի պիտի օգնէ, որ չկրկնենք անոնց ըրած սխալները։ Օրինակ, Յուդայի Ասա թագաւորը Եհովային ապաւինեցաւ, երբ հսկայ բանակ մը իրեն դէմ պատերազմելու եկաւ, եւ Եհովան իրեն յաղթանակ տուաւ (Բ. Մն. 14։9-12)։ Սակայն ետքը, երբ Իսրայէլի Բաասա թագաւորը շա՜տ աւելի փոքր բանակով իրեն դէմ պատերազմելու եկաւ, Ասա Եհովայի չապաւինեցաւ որ զինք փրկէ, հապա ասորիներուն դրամ տուաւ որ իրեն օգնեն (Բ. Մն. 16։1-3)։ Իսկ երբ իր կեանքին վերջաւորութեան լուրջ հիւանդութիւն մը ունեցաւ, օգնութեան համար Եհովային չդիմեց (Բ. Մն. 16։12

14. Ասայի սխալներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Սկիզբը, Ասա Եհովային դիմեց, երբ խնդիրներու առջեւ գտնուեցաւ։ Բայց ետքը, օգնութեան համար Եհովայի չապաւինեցաւ, հապա նախընտրեց իր խնդիրները անձամբ լուծել։ Ասորիներու օգնութեան դիմելու Ասայի ծրագիրը թերեւս շատ գործնական երեւցաւ։ Բայց կարճատեւ յաջողութիւն ունեցաւ։ Եհովան մարգարէի մը միջոցաւ իրեն ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ» (Բ. Մն. 16։7)։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ չմտածենք թէ մեր խնդիրները կրնանք անձամբ լուծել, առանց Եհովայի ուղղութիւնը խնդրելու Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Նոյնիսկ երբ արագօրէն որոշում պէտք է առնենք, պէտք է հանդարտօրէն Եհովայի ապաւինինք, եւ ան մեզի պիտի օգնէ ճիշդ որոշումը առնելու։

Տե՛ս պարբերութիւն 15 *

15. Աստուածաշունչը կարդացած ատեն ի՞նչ կրնանք ընել։

15 4) Համարներ գոց սորվէ։ Երբ Աստուածաշունչին մէջ հանդիպիս համարներու, որոնք ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ հանդարտ մնանք եւ Եհովային վստահինք, փորձէ զանոնք գոց սորվիլ։ Որպէսզի կարենաս այդ մէկը ընել, թերեւս օգտակար ըլլայ եթէ համարները բարձրաձայն կարդաս կամ զանոնք գրի առնես եւ յաճախ վերաքաղ ընես։ Եհովան Յեսուին պատուիրեց, որ Օրէնքի գիրքը կանոնաւորաբար ցած ձայնով կարդայ, որպէսզի իմաստութեամբ վարուի։ Իր կարդացածը նաեւ պիտի օգնէր որ չվախնայ, հապա քաջութիւնը ունենայ Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդելու (Յես. 1։8, 9)։ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը համարներ կրնան քեզի օգնել, որ հանդարտ մնաս այն պարագաներուն, երբ բնական է որ մտահոգուիս կամ վախնաս (Սաղ. 27։1-3. Առ. 3։25, 26

Տե՛ս պարբերութիւն 16 *

16. Եհովան ինչպէ՞ս ժողովքը կը գործածէ մեզի օգնելու, որ հանդարտ մնանք եւ իրեն վստահինք։

16 5) Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցէ։ Եհովան մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը գործածէ մեզի օգնելու, որ հանդարտ մնանք եւ իրեն վստահինք։ Ժողովներուն մէջ, կ’օգտուինք դասախօսութիւններէն, ներկաներուն պատասխաններէն, եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր ունեցած շինիչ խօսակցութիւններէն (Եբ. 10։24, 25)։ Նաեւ մեծապէս կը քաջալերուինք, երբ մեր մտահոգութիւնները կը պատմենք մեր մտերիմ բարեկամներուն։ Բարեկամի մը «աղէկ խօսքը» կրնայ մեր մտահոգութիւնը թեթեւցնել (Առ. 12։25

Տե՛ս պարբերութիւն 17 *

17. Եբրայեցիս 6։19–ի համաձայն, Թագաւորութեան յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ հաստատ պահել, երբ դժուար պարագաներ ունենանք։

17 6) Յոյսդ զօրացուր։ Թագաւորութեան յոյսը ‘անշարժ խարիսխ մըն է մեր անձին’, որ մեզ հաստատ կը պահէ, երբ դժուար պարագաներ կամ մտահոգիչ մտածումներ ունենանք (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։19)։ Խոկա՛ Եհովայի խոստումին մասին ապագայի մը նկատմամբ, երբ մարդիկ մտահոգուելիք բա՛ն մը պիտի չունենան (Եսա. 65։17)։ Դուն քեզ երեւակայէ խաղաղ նոր աշխարհին մէջ, ուր ճնշիչ պարագաներ գոյութիւն պիտի չունենան (Միք. 4։4)։ Կրնաս յոյսդ նաեւ զօրացնել, երբ ուրիշներուն կը պատմես նոր աշխարհին մասին։ Քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ ամէն կարելիդ ըրէ։ Այսպիսով, ‘յոյսդ մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի մնայ’ (Եբ. 6։11, ՆԹ

18. Ապագային ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եւ ի՞նչ կրնանք ընել։

18 Մինչ այս չար աշխարհին վերջը կը մօտենայ, աւելի խնդիրներ պիտի ունենանք, որոնք կրնան մտահոգութիւն պատճառել։ 2021–ի տարուան համարը կրնայ մեզի օգնել, որ նեղութիւնները դիմագրաւենք եւ հանդարտ մնանք՝ ոչ թէ մեր զօրութեամբ, հապա Եհովայի վստահելով։ Տարուան ընթացքին, թող որ մեր ըրածներով ցոյց տանք, թէ կը հաւատանք Եհովայի խոստումին. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (Եսա. 30։15

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է

^ պարբ. 5 2021–ի տարուան համարը ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ Եհովային վստահինք, մինչ ճնշիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք հիմա՛ եւ ապագային։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ գործնական կերպերով կրնանք գործադրել տարուան համարին խրատը։

^ պարբ. 5 Հաւատարիմ եղբայրներէն եւ քոյրերէն ոմանք չափազանց կը մտահոգուին կամ խուճապի կը մատնուին։ Այս տեսակ մտահոգութիւն առողջապահական լուրջ խնդիր մըն է, եւ Յիսուս անոր մասին չէր խօսեր։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 1) Օրուան ընթացքին, քոյր մը սրտանց կ’աղօթէ իր մտահոգութիւններուն մասին։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 2) Երբ գործէն դադար կ’առնէ, Աստուածաշունչը կը կարդայ իմաստութիւն ձեռք ձգելու համար։

^ պարբ. 67 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 3) Ան կը խոկայ Աստուածաշունչին մէջ նշուած լաւ եւ գէշ օրինակներուն վրայ։

^ պարբ. 69 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 4) Սառնարանին վրայ կը դնէ քաջալերական համար մը, որ կ’ուզէ գոց սորվիլ։

^ պարբ. 71 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 5) Ծառայութեան ընթացքին, լաւ ընկերակցութիւն կը վայելէ։

^ պարբ. 73 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 6) Իր յոյսը կը զօրացնէ՝ ապագային մասին մտածելով։