Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3

Մեծ բազմութիւնը կը փառաբանէ Աստուած եւ Քրիստոս

Մեծ բազմութիւնը կը փառաբանէ Աստուած եւ Քրիստոս

«Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին» (ՅԱՅՏ. 7։10

ԵՐԳ 99 Գովե՛նք երկրագունդի նոր Թագաւորը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. 1935–ին, համաժողովի մը ընթացքին տրուած դասախօսութիւն մը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ երիտասարդի մը վրայ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ մը 18 տարեկան էր, երբ 1926–ին մկրտուեցաւ։ Իր ծնողքը Աստուածաշունչի Աշակերտներ էին, ինչպէս որ Եհովայի վկաները ճանչցուած էին այդ ժամանակ։ Անոնք երեք տղայ եւ երկու աղջիկ ունէին, որոնք այնպէս մը մեծցուցին, որ Եհովա Աստուծոյ ծառայեն եւ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակեն։ Ինչպէս էր պարագան այդ ատենուան բոլոր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն, այս հաւատարիմ երիտասարդը ամէն տարի Տէրունական ընթրիքին՝ կը մասնակցէր հացին ու գինիին։ Սակայն, ապագայի նկատմամբ իր յոյսը ամբողջովին փոխուեցաւ, երբ մտիկ ըրաւ «Մեծ բազմութիւնը» խորագրով պատմական դասախօսութիւնը։ Այդ դասախօսութիւնը Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ տուաւ 1935–ին, համաժողովի մը ընթացքին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ, ԱՄՆ։ Այդ համաժողովին, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ իմացան։

2. Եղբայր Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը ի՞նչ հետաքրքրաշարժ ճշմարտութիւն մը յայտնեց։

2 Եղբայր Ռատըրֆորտ իր դասախօսութեան մէջ բացատրեց, թէ որո՛նք կը կազմեն Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութիւն»ը։ Մինչեւ այն ատեն, Աստուածաշունչի Աշակերտները կը կարծէին թէ այս խումբը երկինքին մէջ պիտի ապրէր, բայց Յիսուսին հետ պիտի չթագաւորէր, քանի որ նուազ հաւատարիմ էր։ Եղբայր Ռատըրֆորտ Աստուածաշունչը գործածելով բացատրեց, թէ մեծ բազմութիւնը չէ ընտրուած երկինքի մէջ ապրելու համար, հապա թէ անոնք Քրիստոսի ուրիշ ոչխարներն * են, որոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին եւ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Յայտ. 7։14)։ Յիսուս խոստացաւ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» (Յովհ. 10։16)։ Այս ոչխարանման անհատները Եհովայի հաւատարիմ Վկաներն են, որոնք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին (Մատ. 25։31-33, 46)։ Տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս այս հոգեւոր լոյսը Եհովայի ժողովուրդէն շատերու կեանքը փոխեց, մէջը ըլլալով այդ երիտասարդ եղբայրը (Սաղ. 97։11. Առ. 4։18

ՆՈՐ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ՓՈԽԵՑ

3-4. 1935–ի համաժողովին, հազարաւորներ ի՞նչ բանի անդրադարձան, եւ ինչո՞ւ։

3 Այդ համաժողովին ոգեւորիչ պահը այն էր, երբ դասախօսը ներկաներուն հարցուց. «Անոնք՝ որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, կը հաճի՞ն ոտքի ելլել»։ Ականատես մը ըսաւ, որ շուրջ 20,000 ներկաներուն կէսէն աւելին ոտքի ելան։ Ետքը, եղբայր Ռատըրֆորտ յայտարարեց. «Ահաւասի՛կ մեծ բազմութիւնը»։ Եւ բոլոր ներկաները ուրախութեամբ բուռն ծափահարեցին։ Ոտքի կեցողները գիտակցեցան, որ չէին ընտրուած երկինքի մէջ ապրելու համար։ Յստակօրէն հասկցան որ Աստուծոյ հոգիով չէին օծուած։ Յաջորդ օրը, 840 անհատներ մկրտուեցան որպէս Եհովայի վկայ, որոնց մեծամասնութիւնը ուրիշ ոչխարներէն էր։

4 Այդ դասախօսութենէն ետք, նախապէս նշուած երիտասարդը եւ ուրիշ հազարաւորներ դադրեցան Տէրունական ընթրիքին ընթացքին հացին ու գինիին մասնակցելէ։ Եղբայր մը խոնարհաբար շատերու զգացումը արտայայտեց, երբ ըսաւ. «1935–ի Յիշատակատօնին, վերջին անգամ ըլլալով խորհրդանիշներուն մասնակցեցայ։ Անդրադարձայ որ երկնային յոյսը իմ մէջս չարթնցաւ Եհովայի կողմէ՝ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ. ես յոյսը ունիմ երկրի վրայ ապրելու եւ զայն դրախտի վերածելու գործին մասնակցելու» (Հռով. 8։16, 17. Բ. Կոր. 1։21, 22)։ Անկէ ի վեր, մեծ բազմութենէն եղողներուն թիւը աւելցած է, եւ անոնք օծեալ մնացորդին * հետ կ’աշխատին։

5. Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ անոնք, որոնք դադրած են Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելէ։

5 Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ անոնք, որոնք 1935–էն ետք Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելէ դադրեցան։ Իսկ ան ի՞նչ կը մտածէ մկրտուած Վկայի մը մասին, որ Տէրունական ընթրիքին ընթացքին անկեղծօրէն կը մասնակցի հացին ու գինիին, բայց ետքը կ’անդրադառնայ թէ չէ օծուած (Ա. Կոր. 11։28)։ Ոմանք խորհրդանիշներուն մասնակցած են, քանի որ իրենց յոյսը սխալ հասկցած են։ Բայց եթէ իրենց սխալին գիտակցին, մասնակցելէ դադրին եւ շարունակեն հաւատարմաբար Եհովային ծառայել, ան վստահաբար զիրենք ուրիշ ոչխարներէն պիտի նկատէ։ Անոնք թէեւ հացին ու գինիին չեն մասնակցիր, բայց կը շարունակեն Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ, քանի որ խորապէս կը գնահատեն ինչ որ Եհովան եւ Յիսուսը իրենց համար ըրած են։

ՅԱՏՈՒԿ ՅՈՅՍ ՄԸ

6. Յիսուս հրեշտակներուն պատուիրած է որ ի՞նչ ընեն։

6 Քանի որ մեծ նեղութիւնը հասնելիք է, քաջալերական պիտի ըլլայ նկատի առնելը, թէ Յայտնութիւն 7–րդ գլուխը ի՛նչ կ’ըսէ օծեալ քրիստոնեաներուն եւ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան մասին։ Յիսուս հրեշտակներուն կը պատուիրէ, որ շարունակեն կործանման չորս հովերը բռնել։ Անոնք պէտք չէ այդ հովերը երկրի վրայ արձակեն, մինչեւ որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները կնքուին, այսինքն Եհովայի վերջնական հաճութիւնը ստանան (Յայտ. 7։1-4)։ Որպէս վարձատրութիւն իրենց հաւատարմութեան համար, Քրիստոսի օծեալ եղբայրները երկինքի մէջ իրեն հետ թագաւորներ եւ քահանաներ կ’ըլլան (Յայտ. 20։6)։ Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները շա՜տ պիտի ուրախանան, երբ տեսնեն թէ 144,000 օծեալները իրենց երկնային վարձատրութիւնը կը ստանան։

Մեծ բազմութիւնը՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած, Աստուծոյ փառաւոր աթոռին ու Գառնուկին առջեւ կեցած են (տե՛ս պարբ. 7)

7. Ինչպէս որ Յայտնութիւն 7։9, 10–ին մէջ նշուած է, Յովհաննէս տեսիլքի մէջ որո՞նք տեսաւ, եւ անոնք ի՞նչ կ’ընէին (տե՛ս կողքին նկարը)։

7 Այս 144,000 թագաւորներուն ու քահանաներուն մասին խօսելէ ետք, Յովհաննէս շատ ոգեւորիչ բան մը կը տեսնէ. «մեծ բազմութիւն մը» Արմագեդոնէն կը վերապրի։ Առաջին խումբին հակառակը, այս երկրորդ խումբը շա՜տ աւելի մեծ է եւ անոր մաս կազմողներուն թիւը յայտնի չէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Անոնք «ճերմակ հանդերձներ հագած» են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք ինքզինքնին «անարատ» պահած են Սատանայի աշխարհէն, եւ թէ Աստուծոյ ու Քրիստոսի հաւատարիմ մնացած են (Յակ. 1։27)։ Անոնք կը բացագանչեն, ըսելով թէ փրկուած են Եհովայի եւ Յիսուսի՝ Աստուծոյ Գառնուկին, ըրածին շնորհիւ։ Նաեւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած են, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ուրախութեամբ Յիսուսը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը (համեմատէ՛ Յովհաննէս 12։12, 13

8. Յայտնութիւն 7։11, 12–ը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովայի երկնային ընտանիքին մասին։

8 Կարդա՛ Յայտնութիւն 7։11, 12։ Երկինքին մէջ եղողները ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ կը տեսնեն մեծ բազմութիւնը։ Յովհաննէս կը տեսնէ, թէ երբ մեծ բազմութենէն եղողները կ’երեւնան, Եհովայի ամբողջ երկնային ընտանիքը ուրախութեամբ կը լեցուի եւ Աստուած կը փառաբանէ։ Անոնք որքա՜ն պիտի հրճուին, տեսնելով այս տեսիլքին կատարումը, երբ մեծ բազմութիւնը մեծ նեղութենէն վերապրի։

9. Յայտնութիւն 7։13-15–ի համաձայն, մեծ բազմութենէն եղողները ներկայիս ի՞նչ կ’ընեն։

9 Կարդա՛ Յայտնութիւն 7։13-15։ Յովհաննէս գրեց, որ մեծ բազմութիւնը ‘իրենց հանդերձները լուացած են ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Եհովային առջեւ մաքուր խիղճ եւ արդար կեցուածք ունին (Եսա. 1։18)։ Անոնք նուիրուած ու մկրտուած քրիստոնեաներ են, որոնք Յիսուսի զոհին հանդէպ զօրաւոր հաւատք եւ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն ունին (Յովհ. 3։36. Ա. Պետ. 3։21)։ Անոր համար, Աստուած իրենց կը հաճի եւ կրնան իրեն ‘ծառայել ցերեկ ու գիշեր’ հոս՝ երկրի վրայ։ Անոնք քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մեծ մասը նախանձախնդրօրէն կը կատարեն, եւ այսպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը իրենց շահերէն առաջ կը դնեն (Մատ. 6։33. 24։14. 28։19, 20

Ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը ուրախութեամբ մեծ նեղութենէն դուրս կու գայ (տե՛ս պարբ. 10)

10. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչ բանէ վստահ է, եւ ո՞ր խոստումին կատարումը պիտի տեսնէ։

10 Մեծ բազմութիւնը, որոնք մեծ նեղութենէն կը վերապրին, վստահ են որ Աստուած պիտի շարունակէ իրենց հոգ տանիլ, քանի որ «աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ» իրենց վրայ։ Այն խոստումը, որուն ուրիշ ոչխարները երկար ատենէ ի վեր սպասած են, վերջապէս պիտի կատարուի. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտ. 21։3, 4

11-12. ա) Յայտնութիւն 7։16, 17–ի համաձայն, մեծ բազմութիւնը ապագային ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի ստանայ։ բ) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ կրնան ընել Յիշատակատօնին, եւ ի՞նչ բան զիրենք կը մղէ ատիկա ընելու։

11 Կարդա՛ Յայտնութիւն 7։16, 17։ Ճիշդ հիմա, Եհովայի ժողովուրդէն ոմանք անօթի են, քանի որ դրամ չունին ուտելիք գնելու, կամ ալ քաղաքային խռովութեան եւ պատերազմի պատճառաւ։ Ուրիշներ իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են։ Բայց մեծ բազմութենէն եղողները շատ ուրախ են, որ այս աշխարհի կործանումէն վերապրելէ ետք, միշտ ֆիզիքական եւ հոգեւոր առատ սնունդ պիտի ունենան։ Երբ Եհովան Սատանայի չար աշխարհը կործանէ, մեծ բազմութիւնը պիտի պաշտպանուի այրող «տաքութեան» նմանող իր բարկութենէն, որ ազգերուն վրայ պիտի թափէ։ Մեծ նեղութիւնը վերջ գտնելէ ետք, Յիսուս երկրի վրայ ապրողները պիտի առաջնորդէ դէպի «կենդանի ջուրեր»ը, այսինքն իրենց պիտի օգնէ որ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ Պահ մը մտածէ. մեծ բազմութիւնը ի՜նչ հոյակապ յոյս ունի։ Երկրի վրայ ապրած միլիառաւոր մարդոց հետ բաղդատած, անոնք բնա՛ւ պիտի չմեռնին (Յովհ. 11։26

12 Ուրիշ ոչխարները հիանալի յոյս մը ունին, որուն համար շնորհակալ են Եհովայէն եւ Յիսուսէն։ Անոնք չեն ընտրուած երկինքի մէջ ապրելու համար, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ Եհովայի համար նուազ արժէքաւոր են։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ ուրիշ ոչխարները կրնան Աստուած եւ Քրիստոս փառաբանել։ Ատիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ Տէրունական ընթրիքին ներկայ գտնուիլ։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ՍՐՏԱՆՑ ՓԱՌԱԲԱՆԷ

Յիշատակատօնին հրամցուած հացն ու գինին մեզի կը յիշեցնեն, որ Յիսուս մեր տեղը մեռաւ, որպէսզի կեանք ունենանք (տե՛ս պարբ. 13-15)

13-14. Ինչո՞ւ օծեալ մնացորդը եւ ուրիշ ոչխարները պէտք է Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։

13 Վերջին տարիներուն, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող ամէն հազար անհատէն գրեթէ մէկը կը մասնակցի հացին ու գինիին։ Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը չունի խորհրդանիշներուն մասնակցող։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունի։ Ուրեմն, ինչո՞ւ Տէրունական ընթրիքին ներկայ կը գտնուին։ Այն նոյն պատճառով որ մարդիկ բարեկամի մը հարսանիքին ներկայ կը գտնուին. անոնք կ’ուզեն ամուսնացող զոյգին ցոյց տալ, որ զիրենք կը սիրեն եւ իրենց թիկունք կը կանգնին։ Նոյնպէս, ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան, որպէսզի ցոյց տան թէ Քրիստոսը եւ օծեալները կը սիրեն ու անոնց թիկունք կը կանգնին։ Ինչպէս նաեւ կ’ուզեն ցոյց տալ, թէ կը գնահատեն Յիսուսի զոհը, որ կարելի կը դարձնէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը։

14 Ուրիշ կարեւոր պատճառ մը այն է, որ կ’ուզեն հնազանդիլ Յիսուսի պատուէրին։ Երբ Յիսուս այս յատուկ ընթրիքը հաստատեց, իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. Կոր. 11։23-26)։ Ուստի, կը շարունակեն Տէրունական ընթրիքին ներկայ գտնուիլ այնքան ատեն որ երկրի վրայ տակաւին օծեալ քրիստոնեաներ կան։ Եւ անոնք բոլոր մարդիկը Յիշատակատօնին կը հրաւիրեն։

15. Յիշատակատօնին, ինչպէ՞ս կրնանք փառաբանել Աստուած եւ Քրիստոս։

15 Յիշատակատօնին, առիթը ունինք Աստուած եւ Քրիստոս երգով ու աղօթքով փառաբանելու։ Այս տարի պիտի ունկնդրենք «Քեզի համար Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ըրածը գնահատէ՛» խորագրով դասախօսութիւնը։ Անիկա պիտի օգնէ որ աւելի երախտապարտ ըլլանք Եհովային եւ Քրիստոսին։ Հացն ու գինին հրամցուելու ատեն, պիտի յիշենք թէ անոնք ի՛նչ կը խորհրդանշեն. Յիսուսի մարմինն ու արիւնը։ Պիտի յիշենք, թէ Եհովան թոյլ տուաւ որ իր Որդին մեր տեղը մեռնի, որպէսզի կեանք ունենանք (Մատ. 20։28)։ Ամէն ով որ մեր երկնաւոր Հայրը եւ իր Որդին կը սիրէ, պիտի ուզէ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ։

ԵՀՈՎԱՅԷՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՂԻՐ ԻՐ ՏՈՒԱԾ ՅՈՅՍԻՆ ՀԱՄԱՐ

16. Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ կերպերով իրարու կը նմանին։

16 Օծեալները Աստուծոյ աչքին աւելի արժէքաւոր չեն՝ քան ուրիշ ոչխարները։ Ան երկու խումբերը նոյնչափ կը սիրէ։ Ի վերջոյ, ան օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները գնելու համար, նոյն գինը վճարեց. իր սիրելի Որդիին կեանքը։ Երկու խումբերուն միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ անոնք տարբեր յոյսեր ունին։ Երկուքն ալ պէտք է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հաւատարիմ մնան (Սաղ. 31։23)։ Եւ յիշէ որ Եհովան իւրաքանչիւր անհատի,– ըլլայ օծեալ կամ ուրիշ ոչխար,– կու տայ ա՛յնքան սուրբ հոգի, ո՛րքան ան պէտք ունի։

17. Օծեալ մնացորդը ի՞նչ բանի չորս աչքով կը սպասէ։

17 Օծեալ քրիստոնեաները երկնային յոյսով չեն ծնիր, հապա Աստուած է որ այդ յոյսը իրենց սրտին մէջ կը դնէ։ Անոնք իրենց յոյսին մասին կը մտածեն, կ’աղօթեն եւ կը սպասեն որ այդ վարձատրութիւնը ստանան երկինքին մէջ։ Անոնք նոյնիսկ չեն կրնար երեւակայել, թէ երկինքին մէջ ի՛նչ տեսակ մարմին պիտի ունենան (Փլպ. 3։20, 21. Ա. Յովհ. 3։2)։ Բայց չորս աչքով կը սպասեն որ Եհովան, Յիսուսը եւ հրեշտակները տեսնեն։ Անոնք շա՜տ կը փափաքին միւս օծեալներուն հետ ըլլալ երկնային Թագաւորութեան մէջ։

18. Ուրիշ ոչխարներուն ի՞նչ ապագայ կը սպասէ։

18 Ուրիշ ոչխարները մեծապէս կ’արժեւորեն այն յոյսը, որ մարդ արարածին մէջ դրուած է. երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ (Ժող. 3։11)։ Անոնք կ’ուզեն, որ մէկ վայրկեան առաջ գայ այն օրը, երբ ամբողջ մոլորակը դրախտի պիտի վերածեն, իրենց տուները պիտի շինեն, իրենց պարտէզները պիտի տնկեն եւ իրենք ու իրենց զաւակները կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն (Եսա. 65։21-23)։ Անհամբեր կը սպասեն, որ երկիրը շրջին՝ լեռները, անտառները եւ ծովերը տեսնեն, եւ Եհովային ամբողջ ստեղծագործութիւնը սերտեն։ Բայց ամէն բանէ աւելի, ուրախ են որ Եհովայի հետ իրենց կապը երթալով աւելի պիտի զօրանայ։

19. Յիշատակատօնը իւրաքանչիւրիս ի՞նչ առիթ կու տայ, եւ այս տարի ե՞րբ զայն պիտի տօնենք։

19 Եհովան ապագային նկատմամբ հոյակապ յոյս մը տուած է իր իւրաքանչիւր նուիրուած ծառային (Եր. 29։11)։ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը յատուկ առիթ մըն է, որուն ընթացքին մեզմէ ամէն մէկը կրնայ փառաբանել Աստուած եւ Քրիստոս՝ իրենց ամէն ըրածին համար, որպէսզի մենք անվերջ կեանք մը վայելենք։ Յիշատակատօնը անկասկած ամէնէն կարեւոր առիթն է, որուն համար ճշմարիտ քրիստոնեաները կը հաւաքուին։ Անիկա տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 մարտ 2021–ին, արեւամուտէն ետք։ Այս տարի շատեր պիտի կարենան ներկայ գտնուիլ, քանի որ որոշ չափով պաշտամունքի ազատութիւն ունին։ Ուրիշներ ներկայ պիտի ըլլան, թէեւ հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Ոմանք բանտին մէջ Յիշատակատօնը պիտի տօնեն։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, թող որ իւրաքանչիւրս յիշենք, որ Եհովան, Յիսուսը, հրեշտակները եւ յարութիւն առած օծեալները վերէն կը դիտեն։ Եւ կը մաղթենք որ իւրաքանչիւր ժողովք, խումբ եւ անհատ հիանալի Յիշատակատօն մը վայելէ։

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

^ պարբ. 5 27 մարտ 2021–ը Եհովայի վկաներուն համար յատուկ օր մըն է։ Այդ երեկոն, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնենք։ Ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըլլայ այն խումբէն, որ Յիսուս կոչեց «ուրիշ ոչխարներ»։ Այդ խումբին մասին ի՞նչ հետաքրքրական ճշմարտութիւն մը յայտնուեցաւ 1935–ին։ Ուրիշ ոչխարներուն ի՞նչ հոյակապ բան կը սպասէ մեծ նեղութենէն ետք։ Եւ անոնք Յիշատակատօնը տօնելով ինչպէ՞ս կրնան Աստուած եւ Քրիստոս փառաբանել։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Ուրիշ ոչխարներ»ուն մէջ կան անոնք՝ որոնք վերջին օրերուն ընթացքին հաւաքուած են։ Անոնք Քրիստոսին կը հետեւին, եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին։ «Մեծ բազմութիւն»ը ուրիշ ոչխարներէն անոնք են, որոնք ողջ պիտի ըլլան, երբ Քրիստոս մեծ նեղութեան ընթացքին մարդկութիւնը դատէ, եւ պիտի վերապրին մեծ նեղութենէն։

^ պարբ. 4 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Մնացորդ» բառը կ’ակնարկէ այն օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք տակաւին երկրի վրայ ողջ են, եւ որոնք Տէրունական ընթրիքին ընթացքին հացին ու գինիին կը մասնակցին։