Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

Շարունակէ գուրգուրանք զարգացնել

Շարունակէ գուրգուրանք զարգացնել

«Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։10

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ներկայիս ինչպէ՞ս կը տեսնենք, որ միլիոնաւոր ընտանիքներու մէջ քիչ սէր կայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն շատեր իրենց ընտանիքի անդամներուն հանդէպ քիչ սէր պիտի ունենային (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Ներկայիս, այդ մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք։ Օրինակ, միլիոնաւոր ընտանիքներ բաժնուած են ամուսնալուծումի պատճառաւ, որուն հետեւանքով ծնողները իրարմէ բարկացած են, իսկ զաւակները կը զգան թէ սիրուած չեն։ Եւ նոյնիսկ ընտանիքներ, որոնք մէկ տանիքի տակ կ’ապրին, կրնան իրարու հանդէպ օտարի պէս ըլլալ։ Ընտանեկան խրատատու մը կ’ըսէ. «Մաման, պապան ու պզտիկները կապ չունին իրարու հետ, հապա կապուած են համակարգիչի պաստառին, թապլեթին, սմարթֆոնին կամ վիտէօ խաղերու։ Թէեւ այս ընտանիքները նոյն տունին մէջ կ’ապրին, բայց իրար հազիւ կը ճանչնան»։

2-3. ա) Հռովմայեցիս 12։10–ի համաձայն, որո՞նց հանդէպ պէտք է գուրգուրանք ունենանք։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Մենք չենք ուզեր այս աշխարհի շատ մը մարդոց պէս դառնալ, որոնք սէր չունին (Հռով. 12։2)։ Փոխարէնը, կ’ուզենք գորով կամ գուրգուրանք զարգացնել ոչ միայն մեր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ, հապա նաեւ՝ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Ի՞նչ է գուրգուրանքը։ Այս բառը կը նկարագրէ մտերիմ ընտանիքի անդամներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ բարեկամութիւնը։ Այս տեսակ սէր պէտք է զարգացնենք մեր հոգեւոր ընտանիքին՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, հանդէպ։ Երբ գուրգուրանք ցոյց տանք, միութիւն կ’ըլլայ, որ ճշմարիտ պաշտամունքի կարեւոր մէկ մասն է (Միք. 2։12

3 Որպէսզի կարենանք գուրգուրանք զարգացնել եւ զայն ցոյց տալ, տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Եհովայէն եւ իր կարգ մը ծառաներէն։

ԵՀՈՎԱՆ «ԲԱԶՄԱԳՈՒԹ» Է

4. Յակոբոս 5։11–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի սիրոյն խորութիւնը ըմբռնենք։

4 Աստուածաշունչը Եհովայի գեղեցիկ յատկութիւնները կը յայտնէ։ Օրինակ, կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Այս նկարագրութիւնը մեզ իրեն կը մօտեցնէ։ Նաեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «բազմագութ» է (կարդա՛ Յակոբոս 5։11)։ Այս գեղեցիկ համարը կ’արտայայտէ մեզի հանդէպ Եհովայի խոր ու քնքուշ զգացումները։

5. Եհովան ինչպէ՞ս ողորմութիւն ցոյց կու տայ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

5 Նկատէ թէ Յակոբոս 5։11–ին մէջ, Եհովայի բազմագութ ըլլալը կը կապուի անոր ուրիշ մէկ յատկութեան հետ, որ մեզ իրեն կը մօտեցնէ. ողորմութիւն (Ել. 34։6)։ Կերպ մը, որով Եհովան մեզի հանդէպ ողորմութիւն ցոյց կու տայ՝ մեզի ներելն է, երբ կը սխալինք (Սաղ. 51։1)։ Աստուածաշունչի մէջ նշուած «ողորմութիւն» բառը ներելէն աւելին կը պարփակէ։ Ողորմութիւնը զօրաւոր զգացում մըն է, որ անհատի մը սրտէն կը բխի, երբ դժուարութեան մէջ գտնուող մէկը կը տեսնէ եւ կը մղուի անոր օգնելու։ Եհովան կ’ըսէ, թէ մեզի օգնելու իր փափաքը աւելի զօրաւոր է՝ քան մայրական զգացումը (Եսա. 49։15)։ Երբ փորձանքի մը մէջ ենք, Եհովայի ողորմութիւնը զինք կը մղէ որ մեր օգնութեան հասնի (Սաղ. 37։39. Ա. Կոր. 10։13)։ Մենք ալ կրնանք ողորմութիւն ցոյց տալ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ներելով եւ ոխ չպահելով, երբ մեզ յուսախաբ կ’ընեն (Եփ. 4։32)։ Եւ ողորմութիւն ցոյց տալու ուրիշ կարեւոր կերպ մըն է՝ անոնց թիկունք կանգնիլ, երբ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Երբ սէրը մեզ կը մղէ, որ ուրիշներուն ողորմինք, ընդօրինակած կ’ըլլանք գուրգուրանքի ամէնէն մեծ օրինակը՝ Եհովան (Եփ. 5։1

«ՅՈՎՆԱԹԱՆԻՆ ՍԻՐՏԸ ԴԱՒԻԹԻՆ ՍՐՏԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԵՑԱՒ»

6. Յովնաթան ու Դաւիթ իրարու հանդէպ ինչպէ՞ս գուրգուրանք ցոյց տուին։

6 Աստուածաշունչը կը պատմէ անկատար մարդոց մասին, որոնք գուրգուրանք ցոյց տուին։ Նկատի առ Յովնաթանին եւ Դաւիթին օրինակը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա» (Ա. Թագ. 18։1)։ Դաւիթ օծուած էր, որ Սաւուղին յաջորդէր որպէս թագաւոր։ Ժամանակի ընթացքին, Սաւուղ Դաւիթին նախանձեցաւ եւ փորձեց զինք սպաննել։ Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթանը, իր հօր թիկունք չկանգնեցաւ այդ չարամիտ ծրագրին մէջ։ Յովնաթան ու Դաւիթ իրարու խօսք տուին, որ միշտ բարեկամներ մնան եւ իրարու աջակցին (Ա. Թագ. 20։42

Տարիքի տարբերութիւնը արգելք չեղաւ, որ Յովնաթան ու Դաւիթ մտերիմ բարեկամներ ըլլան (տե՛ս պարբ. 6-9)

7. Ո՞ր իրողութիւնը կրնար արգելք ըլլալ, որ Յովնաթան ու Դաւիթ բարեկամներ դառնային։

7 Յովնաթանին ու Դաւիթին ջերմ կապուածութիւնը աւելի աչքառու է, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք կարգ մը իրողութիւններ, որոնք կրնային իրենց բարեկամութեան արգելք ըլլալ։ Օրինակ, Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր։ Ան կրնար խորհիլ, թէ կարելի չէր բարեկամ դառնալ մէկու մը, որ իրմէ աւելի երիտասարդ էր եւ շատ փորձառութիւն չունէր։ Սակայն ան Դաւիթը ցած աչքով չդիտեց, հապա անոր հանդէպ խոր յարգանք ունէր։

8. Քու կարծիքովդ, Յովնաթան ինչո՞ւ լաւ բարեկամ էր Դաւիթին։

8 Յովնաթան կրնար Դաւիթին նախանձիլ։ Սաւուղ թագաւորին որդին ըլլալով, ան կրնար պնդել, թէ գահը ժառանգելու իրաւունքը ունէր (Ա. Թագ. 20։31)։ Բայց ան խոնարհ էր ու Եհովային հաւատարիմ էր։ Անոր համար, ամբողջովին թիկունք կանգնեցաւ Եհովայի այն որոշումին, որ Դաւիթ պիտի ըլլար յաջորդ թագաւորը։ Յովնաթան նաեւ Դաւիթին հաւատարիմ էր, նոյնիսկ երբ այս մէկը Սաւուղին բարկութիւնը գրգռեց (Ա. Թագ. 20։32-34

9. Յովնաթան Դաւիթը մրցակից նկատե՞ց. բացատրէ։

9 Որովհետեւ Յովնաթան Դաւիթին հանդէպ ջերմ կապուածութիւն ունէր, զինք մրցակից չնկատեց։ Ան հմուտ աղեղնաւոր ու քաջ զինուոր էր։ Ան եւ իր հայրը՝ Սաւուղ, ճանչցուած էին որպէս՝ «արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ» ու «առիւծներէն աւելի զօրաւոր» (Բ. Թագ. 1։22, 23)։ Ուստի Յովնաթան կրնար իր անձնական քաջագործութիւններով պարծենալ։ Սակայն ան ո՛չ մրցակցութեան ոգի ունէր, ոչ ալ նախանձոտ էր։ Ընդհակառակը, ան Դաւիթով կը զմայլէր իր քաջ ըլլալուն ու Եհովային ապաւինելուն համար. չէ՞ որ Գողիաթը մեռցնելէն ետքն էր, որ Յովնաթան զինք սիրեց իր անձին պէս։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի գուրգուրանք ցոյց տալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԱՅՍՕՐ

10. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մէկզմէկ պինդ սիրել’։

10 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, որ ‘մէկզմէկ պի՛նդ սիրենք’ (Ա. Պետ. 1։22)։ Եհովան մեզի իր օրինակը ձգած է։ Անոր սէրը այնքա՜ն զօրաւոր է, որ եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք, բան մը չի կրնար այդ կապը կտրել (Հռով. 8։38, 39)։ «Պինդ» թարգմանուած յունարէն բառը այն գաղափարը կու տայ, որ մէկը մեծ ջանքեր կը թափէ, որ սէր ցոյց տայ։ Ատեններ դիւրին չ’ըլլար, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Երբ ուրիշներ մեզ կը նեղացնեն, պէտք է շարունակենք «սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալ, ջանալ Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։1-3)։ Որպէսզի կարենանք «խաղաղութեան կապը» պահել, պէտք է աչք խփենք եղբայրներուն թերութիւններուն։ Պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ մեր եղբայրները նկատենք այնպէս, ինչպէս Եհովան կը նկատէ (Ա. Թագ. 16։7. Սաղ. 130։3

Եւոդիան եւ Սիւնտիքը խրատ ստացան, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան. բան մը, որ ատեններ դիւրին չ’ըլլար հաւատակիցի մը հետ (տե՛ս պարբ. 11)

11. Ինչո՞ւ գուրգուրանք ցոյց տալը ատեններ կրնայ դժուար ըլլալ։

11 Միշտ դիւրին չէ գուրգուրանք ցոյց տալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, մանաւանդ երբ գիտակից ենք անոնց թերութիւններուն։ Այնպէս կ’երեւի, թէ այս էր պարագան առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն։ Օրինակ, Եւոդիան եւ Սիւնտիքը հաւանաբար խնդիր չունէին «[Պօղոսին] հետ աշխատելու»՝ բարի լուրը քարոզելու գործին մէջ։ Բայց պատճառով մը, անոնք դժուարութիւն ունէին իրարու հետ լեզու գտնելու։ Անոր համար, Պօղոս զիրենք յորդորեց, որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով» (Փլպ. 4։2, 3

Երիտասարդ եւ տարիքով աւելի մեծ երէցները կրնան իրարու հետ սերտ բարեկամութիւն զարգացնել (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ գուրգուրանք զարգացնել։

12 Ինչպէ՞ս կրնանք ներկայիս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ գուրգուրանք զարգացնել։ Երբ մեր հաւատակիցները աւելի լաւ կը ճանչնանք, աւելի դիւրին կ’ըլլայ զիրենք հասկնալ եւ իրենց հանդէպ գուրգուրանք զարգացնել։ Տարիքն ու ենթահողը պէտք չէ արգելք ըլլան։ Մի՛ մոռնար, որ Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր, սակայն անոր հետ բարեկամութիւն մշակեց։ Կրնա՞ս հետաքրքրուիլ անհատով մը, որ քեզմէ աւելի մեծ է՝ կամ պզտիկ է։ Այդպէս ընելով ցոյց պիտի տաս, որ ամբո՛ղջ ‘եղբայրութիւնը կը սիրես’ (Ա. Պետ. 2։17

Տե՛ս պարբերութիւն 12 *

13. Ինչո՞ւ կարելի չէ, որ ժողովքին մէջ բոլորին հաւասարապէս մօտիկ զգանք։

13 Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ջերմ կապուածութիւն զգալը կը նշանակէ՞, որ ժողովքին մէջ բոլորին հետ հաւասարապէս մտերիմ պիտի ըլլանք։ Ո՛չ. ատիկա կարելի բան մը չէ։ Բնական է ոմանց աւելի մօտիկ զգալ՝ քան ուրիշներու, քանի որ նոյն հետաքրքրութիւնները ունինք։ Յիսուս իր բոլոր առաքեալները «բարեկամ» անուանեց, բայց մասնայատուկ կապուածութիւն ունէր Յովհաննէսին հանդէպ (Յովհ. 13։23. 15։15. 20։2)։ Սակայն Յովհաննէսին հետ աւելի լաւ կերպով չվարուեցաւ, քան միւսներուն հետ։ Օրինակ, երբ Յովհաննէս եւ իր եղբայրը՝ Յակոբոս, Յիսուսէն խնդրեցին, որ իրենց երեւելի դիրք տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ, անոնց ըսաւ. «Իմ աջ եւ ձախ կողմս նստեցնելու իրաւունքը իմս չէ» (Մար. 10։35-40, ՆԹ)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պէտք չէ մեր մտերիմ բարեկամներուն հետ աւելի լաւ կերպով վարուինք՝ քան ուրիշներուն հետ (Յակ. 2։3, 4)։ Այդպէս վարուիլը կրնայ բաժանումներ պատճառել, ինչ որ տեղ չունի քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Յդ. 17-19

14. Փիլիպպեցիս 2։3–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ չջանանք ուրիշներէն լաւ ըլլալ։

14 Երբ իրարու գուրգուրանք ցոյց տանք, ժողովքը մրցակցութեան ոգիէն պաշտպանած պիտի ըլլանք։ Յիշէ որ Յովնաթան չփորձեց Դաւիթին հետ մրցակցիլ գահին համար։ Բոլորս կրնանք Յովնաթանին օրինակին հետեւիլ։ Ժողովքին մէջ գործակիցներդ մրցակից մի՛ նկատեր անոնց կարողութիւններուն համար, հապա՝ «խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։3)։ Միտքդ պահէ որ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ բան մը ընել ժողովքին համար։ Խոնարհ մնալով, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ լաւ բաներ պիտի նկատենք եւ անոնց հաւատարմութեան օրինակէն պիտի օգտուինք (Ա. Կոր. 12։21-25

15. Թանիայի եւ իր ընտանիքին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

15 Երբ անակնկալ դժուարութիւններու կը հանդիպինք, Եհովան մեզ կը մխիթարէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցոյց տուած գուրգուրանքին եւ մատուցած գործնական օգնութեան միջոցաւ։ Նկատի առ թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ընտանիքի մը ի՛նչ պատահեցաւ։ Անոնք կը մասնակցէին 2019–ի «Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» խորագրով միջազգային համաժողովներէն մէկուն։ Շաբաթ օրուան յայտագիրէն ետք, երբ իրենց պանդոկը կ’ուղղուէին, մեծ արագութեամբ ընթացող ինքնաշարժ մը իրենց ինքնաշարժին զարնուեցաւ։ Թանիան, որ երեք զաւակներու մայր է, կը պատմէ. «Մեզմէ մէկը չվնասուեցաւ, բայց երբ ինքնաշարժէն ելանք, ցնցուած էինք։ Ճամբուն միւս կողմը, մէկը մեզի ձեռքով նշան կ’ընէր, որ իր ինքնաշարժը երթայինք՝ ապահով ըլլալու համար։ Ան մեր եղբայրներէն մէկն էր, որ նոյնպէս համաժողովէն կը վերադառնար։ Եւ ան միակը չէր, որ կեցաւ մեզի օգնելու։ Շուէտէն եղող հինգ պատուիրակներ նոյնպէս կեցան։ Քոյրերը ինծի եւ աղջիկիս ջերմօրէն փաթթուկ ըրին, որուն շա՜տ պէտք ունէինք։ Զիրենք վստահեցուցի որ լաւ էինք, բայց չէին ուզեր երթալ։ Մեզի հետ մնացին նոյնիսկ բժշկական օգնութիւնը հասնելէ ետք, եւ վստահ եղան որ պէտք եղածը ունէինք։ Այս դժուար կացութեան ամէն մէկ պահուն Եհովայի սէրը զգացինք։ Այս փորձառութիւնը եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը զօրացուց եւ Եհովայի հանդէպ մեր սէրն ու գնահատանքը աւելցուց»։ Կը յիշե՞ս պարագայ մը, երբ օգնութեան պէտք ունէիր եւ հաւատակից մը քեզի հանդէպ ջերմ գուրգուրանք ցոյց տուաւ։

16. Իրարու ջերմ գուրգուրանք ցոյց տալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

16 Պահ մը մտածէ, թէ արդիւնքը ի՛նչ կ’ըլլայ երբ իրարու ջերմ գուրգուրանք ցոյց կու տանք։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց նեղութեան մէջ կը մխիթարենք։ Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը կը զօրացնենք։ Կը փաստենք, որ Յիսուսին աշակերտներն ենք, ինչ որ անկեղծ սիրտ ունեցող անհատները դէպի ճշմարիտ պաշտամունքը կը քաշէ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, փառք կը բերենք ‘գթութեան Հօր եւ ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’՝ Եհովային (Բ. Կոր. 1։3)։ Թող որ բոլո՛րս շարունակենք գուրգուրանք զարգացնել եւ զայն ցոյց տալ։

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Յիսուս ըսաւ, որ իր աշակերտները պիտի ճանչցուէին իրարու հանդէպ ունեցած սիրով։ Բոլորս կը ջանանք այդ սէրը ցոյց տալ։ Մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը կրնանք զօրացնել, գուրգուրանք զարգացնելով. այսպիսի սէր կ’ըլլայ ընտանիքի անդամներու միջեւ, որոնք իրարու հետ մտերիմ են։ Յօդուածը պիտի օգնէ, որ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ գուրգուրանք զարգացնենք եւ պահպանենք։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Փորձառու երէցէն սորված երիտասարդ երէցը կը խօսի։ Միւս նկարին մէջ, տարիքով աւելի մեծ երէցը երիտասարդ երէցն ու իր կինը կը հիւրընկալէ իր տունին մէջ։