Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սորվեցանք բնա՛ւ Եհովային «ո՛չ» չըսել

Սորվեցանք բնա՛ւ Եհովային «ո՛չ» չըսել

ՓՈԹՈՐԿԱՀՈՎԷ մը ետք, գետը լեցուած էր ցեխով եւ մեծ քարերով։ Պէտք էր գետին միւս կողմը անցնէինք, բայց կատաղի ջուրերը կամուրջը քանդած էին։ Ամուսինս՝ Հարվին, ես եւ ամիս լեզուի թարգմանիչ մը վախցած էինք եւ անօգնական կը զգայինք։ Մինչ միւս կողմը եղբայրները մտահոգութեամբ մեզ կը դիտէին, սկսանք գետը կտրել։ Նա՛խ, մեր պզտիկ ինքնաշարժը անկէ քիչ մը աւելի մեծ բեռնակառքի մը ետեւը դրինք։ Ինքնաշարժը պարաններով կամ շղթաներով չէր կապուած։ Ատոր համար, բեռնակառքը պէտք էր կամաց–կամաց անցնէր արագահոս գետէն։ Կը թուէր թէ տեղ մը պիտի չհասնէինք, բայց անդադար Եհովային աղօթելով կրցանք ապահովութեամբ գետը կտրել։ Այդ դէպքը պատահեցաւ 1971–ին։ Մենք Թայուանի արեւելեան ափն էինք, մեր ծննդավայրերէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու։ Ձեզի պատմեմ մեր պատմութիւնը։

ՍՈՐՎԵՑԱՆՔ ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԵԼ

Հարվին չորս եղբայրներու մէջ անդրանիկն էր։ Իր ընտանիքը ճշմարտութիւնը ընդունեց 1930–ականներուն Միտլէնտ Ճընքշընի մէջ, Արեւմտեան Աւստրալիա, երբ երկիրը աղքատութեան մէջ էր։ Հարվին սկսաւ Եհովան սիրել եւ 14 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Շուտով ան սորվեցաւ աստուածպետական նշանակումներ չմերժել։ Անգամ մը պատանի Հարվիէն խնդրուեցաւ ժողովի մը ընթացքին Դիտարան–ը կարդալ, բայց ան մերժեց, խորհելով թէ որակեալ չէ։ Եղբայրը Հարվիին ըսաւ. «Երբ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ մէկը քեզմէ խնդրէ որ բան մը ընես, իր կարծիքով որակեալ ես ատիկա ընելու» (Բ. Կոր. 3։5

Ես, մայրս ու մեծ քոյրս Անգլիոյ մէջ ճշմարտութիւնը ընդունեցինք։ Հայրս բաւական ետք ճշմարտութիւնը ընդունեց, բայց սկիզբը կը հակառակէր։ Ես ինը տարեկանիս մկրտուեցայ, հակառակ անոր որ ան չէր ուզեր։ Նպատակակէտ դրի որ ռահվիրայ ըլլամ եւ ետքը միսիոնար։ Բայց հայրս թոյլ պիտի չտար որ ռահվիրայ ըլլամ, մինչեւ որ չափահաս դառնամ, այսինքն՝ 21 տարեկան ըլլամ։ Միտք չունէի այդքան սպասել։ Ուստի, երբ միայն 16 տարեկան էի, իր արտօնութեամբ Աւստրալիա փոխադրուեցայ մեծ քրոջս քով, որ հոն գաղթած էր։ Վերջապէս, երբ 18 տարեկան եղայ, ռահվիրայութեան սկսայ։

Մեր ամուսնութեան օրը, 1951–ին

Աւստրալիոյ մէջ Հարվիին ծանօթացայ։ Երկուքս ալ կը փափաքէինք միսիոնար ըլլալ։ 1951–ին ամուսնացանք։ Երկու տարի միասին ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, մեզմէ խնդրուեցաւ շրջանային գործին մասնակցիլ։ Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ մեր շրջանը շատ մեծ էր, անոր համար յաճախ երկար ճամբաներ կը կտրէինք, անցնելով չոր ու առանձնացած վայրերէ։

ՄԵՐ ԵՐԱԶԸ Կ’ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ

Գաղաադի շրջանաւարտութիւն Եանգի Սթատիումին մէջ, 1955–ին

1954–ին, հրաւէր ստացանք Գաղաադի դպրոցին 25–րդ դասարանը յաճախելու։ Միսիոնար ըլլալու մեր երազը պիտի իրականանար։ Նաւով Նիւ Եորք հասանք եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան խիտ դասընթացքի սկսանք։ Այդ ծրագրին մաս կը կազմէր սպաներէն լեզուն սորվիլ, բայց Հարվիին համար ատիկա դժուար էր, քանի որ չէր կրնար սպաներէնով ռ տառը հնչել։

Դասընթացքին ատեն, ուսուցիչները յայտարարեցին, որ անոնք որոնք հետաքրքրուած են Ճափոնի մէջ նշանակում ստանալով, կրնան իրենց անունները տալ, որ ճափոներէն լեզուն սորվին։ Մենք որոշեցինք թոյլ տալ, որ Եհովայի կազմակերպութի՛ւնը ընտրէ մեր նշանակումը։ Անկէ քիչ ետք, Ալպերթ Շրոտըր՝ Գաղաադի ուսուցիչներէն մէկը, տեղեկացաւ որ մեր անունները չէինք տուած։ Մեզի ըսաւ. «Քիչ մը աւելի մտածեցէք ատոր մասին»։ Երբ դեռ մեր անունները չէինք տուած, եղբայր Շրոտըր ըսաւ. «Միւս ուսուցիչները եւ ես ձեր անունները արձանագրած ենք։ Տեսէք եթէ կրնաք ճափոներէն սորվիլ»։ Հարվին դիւրութեամբ սորվեցաւ այս լեզուն։

1955–ին Ճափոն հասանք, երբ միայն 500 հրատարակիչներ կային ամբողջ երկրին մէջ։ Հարվին 26 տարեկան էր, իսկ ես՝ 24։ Նշանակուեցանք Քոպէ քաղաքին մէջ, ուր չորս տարի ծառայեցինք։ Ետքը, շա՜տ ուրախացանք, երբ ետ շրջագայական գործին նշանակուեցանք, եւ Նըկոյիա քաղաքին մօտ ծառայեցինք։ Շա՜տ սիրեցինք ամէն ինչ որ կապ ունէր մեր նշանակումին հետ. եղբայրները, ուտելիքը, բնութիւնը։ Բայց շատ չանցած, նորէն առիթը ունեցանք, որ «ո՛չ» չըսենք Եհովային։

ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ ՆՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

Հարվին ու ես ուրիշ միսիոնարներու հետ Քոպէի մէջ, Ճափոն, 1957–ին

Երեք տարի շրջագայական գործին մասնակցելէ ետք, Ճափոնի մասնաճիւղը մեզի հարցուց եթէ կ’ուզենք Թայուանի բնիկ ամիս ցեղի մարդոց քարոզել։ Այդ ցեղէն եղող կարգ մը եղբայրներ հաւատուրաց դարձած էին, եւ Թայուանի մասնաճիւղը պէտք ունէր ճափոներէն լեզուն լաւ գիտցող եղբօր մը, որ օգնէր հաւատուրացութեան վերջ դնելու *։ Կը սիրէինք Ճափոնի մէջ մեր գործը, անոր համար դժուար էր այս որոշումը առնել։ Բայց Հարվին սորված էր նշանակում մը բնաւ չմերժել, ուստի համաձայնեցանք երթալ։

Թայուան ժամանեցինք նոյեմբեր 1962–ին։ Հոն 2271 հրատարակիչներ կային, որոնց մեծամասնութիւնը ամիս ցեղին կը պատկանէր։ Բայց նա՛խ պէտք էր չինարէն սորվէինք։ Ունէինք միայն մէկ գիրք եւ ուսուցչուհի մը, որ անգլերէն չէր խօսեր, բայց եւ այնպէս լեզուն սորվեցանք։

Թայուան հասնելէ քիչ ետք, Հարվին նշանակուեցաւ որպէս մասնաճիւղի ծառայ։ Որովհետեւ մասնաճիւղը պզտիկ էր, Հարվին կրնար մէկ շաբաթ իր գրասենեակի գործերը ընել, եւ երեք շաբաթ ծառայել ամիս եղբայրներուն հետ։ Ան նաեւ ատեն–ատեն ծառայեց որպէս նահանգային տեսուչ, որուն պատասխանատուութիւններէն էր՝ համաժողովներուն ընթացքին դասախօսութիւններ տալ։ Հարվին կրնար դասախօսութիւնները ճափոներէնով տալ եւ ամիս եղբայրները պիտի հասկնային։ Բայց կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած էր, որ կրօնական ժողովները միայն չինարէնով ըլլային։ Ուստի Հարվին դասախօսութիւնները չինարէնով տուաւ, զայն լաւ չգիտնալով հանդերձ, իսկ եղբայր մը ամիս լեզուին թարգմանեց։

Այդ ատեն, Թայուանը պատերազմական դրութեան մէջ էր, անոր համար եղբայրները պէտք էր արտօնագիրներ ձեռք ձգէին համաժողովներ ունենալու համար։ Արտօնագիր ստանալը դիւրին չէր, եւ յաճախ ժամանակ կ’առնէր, որ ոստիկանութիւնը արտօնագիր տար։ Եթէ համաժողովի շաբաթը հասնէր եւ տակաւին արտօնագիր չէինք ստացած, Հարվի ոստիկանատան մէջ կը նստէր, մինչեւ որ տային։ Եւ որովհետեւ օտարի մը սպասելը ոստիկանատան մէջ զիրենք ամօթով կը ձգէր, անոնք շուտով արտօնագիրը կը յանձնէին։

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԼԵՌ ՄԱԳԼՑԻԼՍ

Թայուանի մէջ քարոզելու կ’երթանք, գետ մը կտրելով

Այն շաբաթներուն ընթացքին, որ եղբայրներուն հետ էինք, ընդհանրապէս մէկ ժամէ աւելի կը քալէինք՝ լեռներ մագլցելով եւ գետերու մէջէն անցնելով։ Կը յիշեմ առաջին անգամը՝ երբ լեռ մագլցեցայ։ Արագօրէն նախաճաշելէ ետք, առտուան 5։30–ին պաս մը առինք ու գացինք հեռաւոր գիւղ մը, ետքը լայն գետէ մը անցանք եւ դժուարութեամբ լեռ մը բարձրացանք։ Վերելքը այնքա՛ն դժուար էր, որ առջեւէս մագլցող եղբօր ոտքերը աչքիս մակարդակին էին։

Այդ առտու, Հարվին տեղացի եղբայրներու հետ ծառայեց, իսկ ես մինակս վկայեցի պզտիկ գիւղի մը մէջ, ուր մարդիկ ճափոներէն կը խօսէին։ Ժամը մէկի ատեն, զգացի պիտի մարիմ, քանի որ քանի մը ժամէ ի վեր չէի կերած։ Երբ Հարվիին հանդիպեցայ, ան առանձին էր ու հաւու երեք հաւկիթ ունէր, որոնք պարբերաթերթերու փոխարէն առած էր։ Ուտելու կերպը ինծի ցոյց տուաւ, հաւկիթին երկու կողմերը ծակելով եւ ծծելով։ Թէեւ տեսածս ախորժակս չբացաւ, բայց մէկ հատը փորձեցի ուտել։ Ո՞վ պիտի ուտէր երրորդ հաւկիթը։ Անշո՛ւշտ ես, քանի որ Հարվին պիտի չկարենար զիս շալկելով լեռնէն վար իջնել, եթէ անօթութենէս մարէի։

ԱՆՍՈՎՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԵՒ ԼՈԳՆԱԼՍ

Շրջանային համաժողովի մը առիթով, տարօրինակ փորձառութիւն մը ունեցայ։ Մենք կը մնայինք եղբօր մը տունը, որ Թագաւորութեան սրահի մը ճիշդ քովն էր։ Որովհետեւ ամիս ցեղի մարդոց համար լոգնալը շատ կարեւոր է, շրջանային տեսուչին կինը մեր լոգանքին համար պատրաստութիւններ տեսաւ։ Հարվին, զբաղած ըլլալով, խնդրեց որ նա՛խ ես լոգնամ։ Լոգանքի համար կը գործածուէին երկու դոյլեր, մէկը պաղ ջուրով լեցուած, իսկ միւսը՝ տաք ջուրով, եւ պարապ տաշտ մը։ Շատ անակնկալի եկայ, երբ տեսայ որ շրջանային տեսուչին կինը այս երեքը դրած էր տան բակը, որ կարելի էր դիւրութեամբ տեսնել Թագաւորութեան սրահէն, ուր եղբայրները համաժողովին համար պատրաստութիւններ կը տեսնէին։ Քրոջմէն խնդրեցի որ վարագոյր մը տայ, բայց ինծի թափանցիկ փլասթիք բերաւ։ Մտածեցի տան ետեւի կողմը լոգնալ, բայց հոն սագեր կային, որ պատրաստ էին խածնելու։ Ես ինծի ըսի. ‘Եղբայրները այնքա՛ն զբաղած են, որ պիտի չնկատեն լոգնալս։ Եւ եթէ չլոգնամ, հիւրընկալները պիտի վիրաւորուին։ Ընեմ վերջանամ’։ Եւ այդպէս ալ ըրի։

Ամիս ցեղի մարդոց յատուկ առիթներու տարազը հագած ենք

ԱՄԻՍ ՑԵՂԻ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարվի նկատեց, որ ամիս եղբայրները հոգեւորապէս չէին յառաջդիմեր, քանի որ գրել–կարդալ չէին գիտեր եւ իրենց լեզուով հրատարակութիւններ չունէին։ Որովհետեւ ամիս լեզուն վերջերս սկսած էր լատինական գիրերով գրուիլ, գործնական թուեցաւ եղբայրներուն սորվեցնել, որ իրենց լեզուով կարդան։ Ասիկա հսկայական գործ մըն էր, բայց ի վերջոյ եղբայրները կրցան Եհովայի մասին սերտել իրենց լեզուով։ Ամիս լեզուով հրատարակութիւններ մատչելի դարձան 1960–ականներու վերջաւորութեան, իսկ 1968–ին Դիտարան–ը սկսաւ հրատարակուիլ այդ լեզուով։

Սակայն, կառավարութիւնը չէր ուզեր որ չինարէն լեզուով չեղող հրատարակութիւններ բաշխենք։ Ուստի, խնդիրներ չստեղծելու համար, ամիս լեզուով Դիտարան–ը տարբեր–տարբեր ձեւերով հրատարակուեցաւ։ Օրինակ, որոշ ժամանակ մը, Դիտարան–ին մէջ նոյն յօդուածը թէ՛ մանտարինով էր եւ թէ ամիսով։ Ատիկա այն տպաւորութիւնը կը ձգէր, որ մենք պարբերաթերթը կը գործածէինք տեղացիներուն չինարէն սորվեցնելու համար։ Անկէ ի վեր, Եհովայի կազմակերպութիւնը ամիս լեզուով շատ մը հրատարակութիւններ հայթայթած է, այս թանկարժէք մարդոց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելու համար (Գործք 10։34, 35

ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

1960–ականներու եւ 1970–ականներու ընթացքին, շատ մը ամիս եղբայրներ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն չէին ապրեր։ Աստուածաշունչի սկզբունքները լիովին չըմբռնելով, ոմանք անբարոյ կեանք կը վարէին, կը գինովնային կամ ծխախոտ եւ փուփալի հունտ կը գործածէին։ Հարվին շատ մը ժողովքներ այցելեց, ջանալով եղբայրներուն օգնել, որ հասկնան թէ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է այս հարցերուն շուրջ։ Այդ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին էր, որ սկիզբը նշուած փորձառութիւնը ունեցանք։

Խոնարհ եղբայրներ պատրաստ էին փոփոխութիւններ մտցնելու, բայց ցաւօք սրտի, ուրիշ շատեր պատրաստ չէին, եւ Թայուանի մէջ 20 տարիներու ընթացքին հրատարակիչներուն թիւը աւելի քան 2450–էն իջաւ մօտ 900–ի։ Եղածը շատ նեղացուցիչ էր։ Բայց գիտէինք, որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չօրհնէր անմաքուր կազմակերպութիւն մը (Բ. Կոր. 7։1)։ Ի վերջոյ, ժողովքները սխալ սովորութիւններէ մաքրուեցան, եւ Եհովայի օրհնութիւնով, այժմ Թայուանի մէջ կան աւելի քան 11,000 հրատարակիչներ։

1980–ականներէն սկսեալ, տեսանք որ ամիս լեզուն գործածող ժողովքներուն հոգեւոր վիճակը կը բարելաւուէր, եւ Հարվին կրնար աւելի ժամանակ տրամադրել չինացիներուն։ Ան շատ ուրախ էր, որ քանի մը քոյրերու ամուսիններուն օգնեց Եհովայի վկայ դառնալու։ Կը յիշեմ որ ըսաւ, թէ որքա՜ն հրճուեցաւ, երբ այդ տղամարդոցմէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով Եհովային աղօթեց։ Ես ալ ուրախ եմ, որ շատերու օգնած եմ որ Եհովային մօտենան։ Նոյնիսկ ուրախութիւնը ունեցած եմ Թայուանի մասնաճիւղին մէջ ուս–ուսի ծառայելու նախկին Աստուածաշունչի աշակերտներէս մէկուն տղուն եւ աղջկան հետ։

ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Հիմա կողակիցս հետս չէ։ Մեր ամուսնութեան վրայ գրեթէ 59 տարի անցած էր, երբ մէկ հատիկ Հարվիս մեռաւ 1 յունուար 2010–ին, քաղցկեղէ տառապելէ ետք։ Ան շուրջ վեց տասնամեակ լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուց։ Մինչեւ այսօր զինք խենթի պէս կը կարօտնամ։ Բայց որքա՜ն ուրախ եմ, որ իրեն հետ ծառայեցի երկու հիանալի երկիրներու մէջ՝ այն օրերուն, երբ քարոզչութեան թափ կը տրուէր։ Մենք սորվեցանք խօսիլ,– Հարվիին պարագային՝ նաեւ գրել,– ասիական երկու դժուար լեզուներ։

Քանի մը տարի ետք, Կառավարիչ մարմինը որոշեց, որ յառաջացած տարիքիս պատճառով աւելի լաւ է որ Աւստրալիա վերադառնամ։ Առաջին մտածումս էր. ‘Չեմ ուզեր Թայուանէն հեռանալ’։ Բայց Հարվին ինծի սորվեցուց, որ բնա՛ւ «ո՛չ» չըսեմ Եհովայի կազմակերպութեան, ուստի միտք չունէի «ո՛չ» ըսել։ Ետքը, տեսայ այդ որոշումին իմաստուն ըլլալը։

Ուրախ եմ, որ Բեթէլի մէջ ճափոներէն եւ չինարէն լեզուները կը գործածեմ շրջագայութիւններ վարելու համար

Ներկայիս, շաբթուան մէջ Աւստրալասիայի մասնաճիւղին մէջ կը ծառայեմ, իսկ շաբաթավերջին տեղական ժողովքի մը հետ կը քարոզեմ։ Ուրախ եմ, որ Բեթէլին մէջ ճափոներէն եւ չինարէն լեզուները կը գործածեմ շրջագայութիւններ վարելու համար։ Մինչ այդ, խանդավառութեամբ կը սպասեմ Եհովայի խոստացած յարութեան։ Գիտեմ որ ան պիտի յիշէ Հարվին, որ սորվեցաւ բնա՛ւ «ո՛չ» չըսել իրեն (Յովհ. 5։28, 29

^ պարբ. 14 Թէեւ ներկայիս Թայուանի պաշտօնական լեզուն չինարէնն է, բայց տասնամեակներ շարունակ ճափոներէնն էր։ Ուստի Թայուանի մէջ շատ մը ցեղեր տակաւին ճափոներէն կը խօսէին։