Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

Ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածէ

Ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածէ

«Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք» (ԵՓ. 5։15, 16

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հետ ժամանակ անցընել։

 ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ժամանակ անցընել անոնց հետ, որոնք մեր սրտին մօտիկ են։ Ամուսինն ու կինը շատ կը սիրեն իրարու հետ ժամանակ անցընել։ Պատանիները կ’ուրախանան իրենց մտերիմ բարեկամներուն ընկերակցութեամբ։ Եւ բոլորս կ’արժեւորենք այն ժամանակը, որ հաւատակիցներուն հետ կ’անցընենք։ Բայց ամէն բանէ աւելի, կը սիրենք մեր Աստուծոյն հետ ժամանակ անցընել։ Ատիկա կրնանք ընել՝ իրեն աղօթելով, իր Խօսքը կարդալով եւ իր նպատակին ու գեղեցիկ յատկութիւններուն վրայ խոկալով։ Այո, Եհովային հետ մեր անցուցած ժամանակը շա՜տ թանկագին է մեզի համար (Սաղ. 139։17

2. Ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւենք։

2 Թէեւ կը սիրենք Եհովային հետ ժամանակ անցընել, բայց ասիկա ընելը միշտ դիւրին չէ։ Մեր կեանքը խճողուած է, ատոր համար կրնայ դժուար ըլլալ, որ հոգեւոր գործունէութիւններու համար ժամանակ տրամադրենք։ Մեր աշխարհիկ գործը, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները եւ ուրիշ անհրաժեշտ գործունէութիւններ կրնան մեր ժամանակը այնքա՛ն սպառել, որ զգանք թէ ժամանակ չունինք աղօթելու, սերտելու կամ խոկալու։

3. Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեր ժամանակը խլել։

3 Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ կրնայ մեր ժամանակը խլել։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք զբաղիլ այնպիսի բաներով, որոնք ինքնին սխալ չեն, բայց կը գողնան այն ժամանակը, որ կրնանք գործածել Եհովային մօտենալու։ Օրինակ, լաւ է որ ատեն–ատեն ժամանց ունենանք։ Բայց նոյնիսկ լաւ ժամանցը կրնայ մեր ժամանակէն այնքա՛ն առնել, որ քիչ ժամանակ կը մնայ հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Պէտք է յիշենք, որ ժամանցը ամենակարեւոր բանը չէ մեր կեանքին մէջ (Առ. 25։27. Ա. Տիմ. 4։8

4. Ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ որոշենք, թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ բան ամէնէն կարեւորն է։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյն կերպով գործածել այն ժամանակը, որ Եհովային հետ կ’անցընենք, եւ ինչպէ՛ս ասիկա ընելով օգուտներ կը քաղենք։

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԷ. ՈՐՈՇԷ ԹԷ Ի՛ՆՉ ԵՆ ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐԸ

5. Եփեսացիս 5։15-17–ի խրատը նկատի առնելը ինչպէ՞ս կրնայ պատանիի մը օգնել, որ լաւագոյն կեանքը ընտրէ։

5 Ընտրէ լաւագոյն կեանքը։ Պատանիները յաճախ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս իրենց կեանքը լաւագոյն կերպով գործածեն։ Մէկ կողմէն, ուսուցիչներ ու Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներ թերեւս զիրենք քաջալերեն, որ համալսարան երթան, եւ այսպէս լաւ գործ ունենան ու շատ դրամ շահին։ Եթէ այդպէս ընեն, շա՜տ ժամանակ պիտի կորսնցնեն։ Միւս կողմէ, Վկայ եղող ծնողներ ու բարեկամներ թերեւս զիրենք քաջալերեն, որ իրենց կեանքը անցընեն Եհովային ծառայելով։ Ի՞նչը կրնայ օգնել Եհովան սիրող պատանիի մը, որ լաւագոյն որոշումը առնէ։ Ան կրնայ օգտուիլ Եփեսացիս 5։15-17–ն կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով (կարդա՛)։ Այս համարները կարդալէ ետք, պատանին կրնայ ինքն իրեն հարցնել. ‘Ի՞նչ է «Տէրոջը կամքը»։ Ո՞ր ընտրութիւնը Զինք պիտի հաճեցնէ։ Ի՞նչ որոշում առնելը ինծի պիտի օգնէ, որ ժամանակս լաւագոյն կերպով գործածեմ’։ Յիշէ որ «օրերս չար են» եւ այս աշխարհը, որ Սատանային իշխանութեան տակ է, շատ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէ։ Իմաստութիւն է մեր կեանքը գործածել այնպիսի կերպով մը, որ կը ձգէ որ Եհովան մեզմով ուրախանայ։

6. Մարիամ ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ, եւ ատիկա ինչո՞ւ իմաստուն ընտրութիւն էր։

6 Որոշէ թէ ի՛նչը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ ընտրենք սխալ չեղող երկու բաներէն միայն մէկը։ Ասիկա կը տեսնենք, նկատի առնելով թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս այցելեց Մարիամին ու Մարթային։ Մարթան շատ ուրախ ըլլալով որ Յիսուս իր հիւրն էր, սկսաւ ճոխ ճաշ մը պատրաստել։ Բայց Մարիամ Յիսուսի ոտքերուն քով նստաւ եւ անոր խօսքերը մտիկ ըրաւ։ Մարթային ըրածը սխալ չէր, բայց Յիսուս ըսաւ որ Մարիամ «աղէկ բաժինը ընտրեց» (Ղուկ. 10։38-42)։ Ժամանակի ընթացքին, Մարիամ թերեւս մոռցաւ թէ այդ օրը ի՛նչ ճաշեցին, բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան բնա՛ւ չմոռցաւ, թէ Յիսուսէն ի՜նչ բաներ սորվեցաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ Մարիամ արժեւորեց այն ժամանակը, որ Յիսուսին հետ անցուց, նոյնպէս մենք կ’արժեւորենք այն ժամանակը, որ Եհովային հետ կ’անցընենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԱՆՑՈՒՑԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԵՐՊՈՎ ԳՈՐԾԱԾԷ

7. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ աղօթենք, սերտենք եւ խոկանք։

7 Ի մտի ունեցիր որ աղօթելը, սերտելը եւ խոկալը մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Աղօթելով՝ կը խօսինք մեր երկնաւոր Հօր հետ, որ մեզ շատ կը սիրէ (Սաղ. 5։7)։ Երբ Աստուածաշունչը կը սերտենք, Աստուծմէ կը սորվինք, որ ամէն իմաստութեան Աղբիւրն է (Առ. 2։1-5)։ Իսկ երբ կը խոկանք, կը մտածենք իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին եւ կը յիշենք այն հոյակապ բաները, որ մեզի եւ ամբողջ մարդկութեան համար պիտի ընէ։ Ասիկա մեր ժամանակը գործածելու ամենալաւ կերպն է։ Բայց ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ ասիկա ընենք։

Կրնա՞ս հանդարտ պահ մը գտնել սերտելու համար (տե՛ս պարբ. 8-9)

8. Ի՞նչ դաս կը սորվինք Յիսուսէն, երբ 40 օր անցուց անապատին մէջ։

8 Եթէ կարելի է, ընտրէ հանդարտ տեղ մը։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Իր երկրային ծառայութիւնը չսկսած, ան 40 օր անցուց անապատին մէջ (Ղուկ. 4։1, 2)։ Այդ հանդարտ վայրին մէջ, Յիսուս կրնար Եհովային աղօթել եւ խոկալ, թէ իր Հայրը ի՛նչ նպատակով զինք երկիր ղրկեց։ Ասիկա անկասկած Յիսուսին օգնեց, որ նախապատրաստուի գալիք փորձութիւններուն համար։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսին օրինակէն օգտուիլ։ Եթէ ընտանիքդ մեծ է, թերեւս դիւրին չէ որ տան մէջ հանդարտ տեղ մը գտնես։ Այս պարագային, փնտռէ յարմար տեղ մը տունէն դուրս։ Ժիւլին այս մէկը կ’ընէ, երբ կ’ուզէ աղօթքով Եհովային հետ ժամանակ անցընել։ Ան եւ իր ամուսինը Ֆրանսայի մէջ պզտիկ տան մը մէջ կ’ապրին, եւ իրեն համար դժուար է առանձնանալ ու կեդրոնանալ։ Ան կը բացատրէ. «Ատոր համար, ամէն օր տունէն պարտէզ կ’երթամ, եւ հոն կրնամ առանձին ըլլալ, կեդրոնանալ եւ իրապէս Եհովային հետ խօսիլ»։

9. Հակառակ շա՜տ զբաղած ըլլալուն, Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը կ’արժեւորէր։

9 Յիսուս ամէն օր շա՜տ զբաղած էր։ Մեծ բազմութիւններ տեղէ տեղ իր ետեւէն կ’երթային եւ իր ժամանակէն կ’առնէին։ Առիթով մը, «բոլոր քաղաքը դուռը ժողվուեր էր», զինք տեսնելու համար։ Հակառակ ասոր, Յիսուս ժամանակ տրամադրեց՝ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան հոգ տանելու համար։ Առտուն՝ արշալոյսէն շատ առաջ, ան գնաց «անապատ մը», կամ ամայի տեղ մը, ուր կրնար իր Հօր հետ ժամանակ անցընել (Մար. 1։32-35

10-11. Մատթէոս 26։40, 41–ի համաձայն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ի՞նչ ընեն, բայց ի՞նչ պատահեցաւ։

10 Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս նորէն փնտռեց հանդարտ տեղ մը, ուր կրնար խոկալ եւ աղօթել։ Ան ընտրեց Գեթսեմանիի պարտէզը (Մատ. 26։36)։ Այդ առիթով, ան իր աշակերտներուն կարեւոր բան մը ըսաւ աղօթքին մասին։

11 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ։ Երբ անոնք Գեթսեմանիի պարտէզը հասան, թերեւս կէս գիշերը անց էր։ Յիսուս առաքեալներէն խնդրեց որ ‘արթուն մնան’, եւ գնաց աղօթելու (Մատ. 26։37-39)։ Բայց մինչ ան կ’աղօթէր, անոնք քունի անցան։ Երբ տեսաւ որ կը քնանան, անոնց ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք» (կարդա՛ Մատթէոս 26։40, 41)։ Ան գիտակցեցաւ, որ անոնք մեծ ճնշումի տակ էին եւ յոգնած էին։ Ան կարեկից գտնուելով ըսաւ, որ «մարմինը տկար է»։ Յիսուս երկու անգամ եւս գնաց աղօթելու, իսկ աշակերտները աղօթելու տեղ քնացան (Մատ. 26։42-45

Կրնա՞ս աղօթելու համար ժամանակ մը ընտրել, երբ շատ յոգնած չես (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ չենք կրնար աղօթել, քանի որ կը զգանք թէ շատ ճնշուած ենք կամ շատ յոգնած ենք։

12 Ընտրէ յարմար ժամանակը։ Երբեմն թերեւս կը զգանք որ չենք կրնար աղօթել, քանի որ շատ ճնշուած ենք կամ շատ յոգնած ենք։ Եթէ ասիկա քեզի պատահած է, ի՞նչ կրնաս ընել։ Ոմանք, որոնք սովորաբար Եհովային կ’աղօթէին օրուան վերջաւորութեան, օգտուեցան երբ սկսան աղօթել աւելի կանուխ ատեն մը։ Ուրիշներ անդրադարձան, որ կրնան աւելի լաւ կեդրոնանալ, երբ կ’աղօթեն ու իրենց մարմինը որոշ դիրքի մէջ է, ինչպէս՝ նստիլ կամ ծունկի վրայ գալ։ Իսկ եթէ չես կրնար աղօթել, քանի որ շատ մտահոգ ես կամ շատ ընկճուած ես, ըսէ Եհովային թէ ինչպէ՛ս կը զգաս։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ մեր գթասիրտ Հայրը պիտի հասկնայ (Սաղ. 139։4

Կրնա՞ս ժողովներու ընթացքին մէսըճներու եւ ե–նամակներու չպատասխանել (տե՛ս պարբ. 13-14)

13. Ելեկտրոնային սարքերը ինչպէ՞ս կրնան Եհովային հետ մեր անցուցած ժամանակը խանգարել։

13 Միտքդ թող չցրուի երբ կը սերտես։ Աղօթելը միակ կերպը չէ, որով կրնանք Եհովայի հետ մեր կապը զօրացնել։ Իր Խօսքը սերտելը եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալը կրնան մեզի օգնել, որ իրեն մօտենանք։ Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով գործածել այն ժամանակը, որ կ’անցընես սերտելու ատեն եւ ժողովներուն մէջ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ բան կեդրոնացումս կը խանգարէ ժողովներուն ընթացքին կամ սերտելու ատեն’։ Կրնա՞յ ըլլալ որ սմարթֆոնիդ կամ ուրիշ ելեկտրոնային սարքի մը միջոցաւ քեզի կու գայ հեռաձայն, ե–նամակ կամ մէսըճ։ Ներկայիս, միլիառաւոր մարդիկ այս օգտակար գործիքները ունին։ Կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն, որ երբ կը փորձենք կեդրոնանալ, սմարթֆոնին մեր մօտ ըլլալը բաւարա՛ր է որ մեր միտքը ցրուի։ Հոգեբանութեան փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Չես կեդրոնանար ըրած գործիդ վրայ։ Միտքդ ուրի՛շ տեղ է»։ Համաժողովները սկսելէ առաջ, յաճախ մեզի կ’ըսուի, որ մեր ելեկտրոնային սարքերը այնպիսի վիճակի մէջ դնենք, որ ուրիշները չխանգարեն։ Կրնա՞նք նոյնը ընել, երբ առանձին ենք, որպէսզի ելեկտրոնային սարքերը չխանգարեն մեզ եւ Եհովային հետ մեր անցուցած ժամանակը։

14. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ որ կեդրոնանանք։

14 Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ կեդրոնանաս։ Երբ կը նկատես որ միտքդ կը ցրուի, մինչ կը սերտես կամ ժողովի մը ներկայ ես, Եհովայի օգնութիւնը խնդրէ։ Եթէ մտահոգ ես, կրնայ դիւրին չըլլալ որ հոգերդ մէկ կողմ դնես եւ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանաս, բայց կարեւոր է որ այս մէկը ընես։ Ուստի, աղօթքով Աստուծոյ խաղաղութիւնը խնդրէ, որ պիտի պաշտպանէ ոչ միայն սիրտդ, այլ նաեւ մտային կարողութիւններդ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑԸՆԵԼՈՎ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

15. Եհովային հետ ժամանակ անցընելու օգուտներէն մէկը ի՞նչ է։

15 Եթէ ժամանակ տրամադրես որ Եհովային խօսիս, իրեն մտիկ ընես եւ իր մասին մտածես, շա՜տ պիտի օգտուիս։ Ինչպէ՞ս։ Նա՛խ, աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնես։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ «իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» (Առ. 13։20)։ Ուստի, մինչ ժամանակ կ’անցընես իմաստութեան Աղբիւրին՝ Եհովային հետ, աւելի իմաստուն պիտի ըլլաս։ Աւելի լաւ պիտի հասկնաս, թէ ինչպէ՛ս կրնաս զինք ուրախացնել եւ չառնել որոշումներ, որոնք զինք կը ցաւցնեն։

16. Եհովային հետ ժամանակ անցընելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ աւելի լաւ ուսուցիչներ ըլլանք։

16 Երկրորդ, աւելի լաւ ուսուցիչ պիտի ըլլաս։ Երբ Աստուածաշունչի դաս մը ունինք, մեր ամենակարեւոր նպատակակէտերէն մէկն է՝ աշակերտին օգնել որ Եհովային մօտենայ։ Որքա՛ն աւելի աղօթենք մեր երկնաւոր Հօր եւ իրմէ սորվինք, այնքա՛ն աւելի զինք պիտի սիրենք եւ կարող պիտի ըլլանք մեր աշակերտին սորվեցնել որ զինք սիրէ։ Նկատի առ Յիսուսի օրինակը։ Ան իր Հայրը նկարագրեց այնպիսի՛ ջերմ ու սիրալիր խօսքերով, որ իր հաւատարիմ հետեւորդները մղուեցան Եհովան սիրելու (Յովհ. 17։25, 26

17. Աղօթելը եւ սերտելը ինչպէ՞ս կ’օգնեն, որ մեր հաւատքը զօրացնենք։

17 Երրորդ, հաւատքդ պիտի զօրանայ։ Նկատէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ Աստուծմէ կը խնդրես, որ քեզ առաջնորդէ, մխիթարէ կամ թիկունք կանգնի։ Ամէն անգամ որ Եհովան աղօթքներուդ կը պատասխանէ, իրեն հանդէպ հաւատքդ կը զօրանայ (Ա. Յովհ. 5։15)։ Անձնական սերտողութիւնն ալ կրնայ հաւատքդ զօրացնել. յիշէ որ «հաւատքը կու գայ լսելէն» (Հռով. 10։17, ԱԾ)։ Սակայն, զօրաւոր հաւատք մշակելու համար, չի բաւեր միայն գիտութիւն առնել։ Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք։

18. Սաղմոս գրողին փորձառութիւնը գործածելով, բացատրէ թէ ինչո՛ւ պէտք է խոկանք։

18 Մեր սորվածին վրայ պէտք է խոկանք։ Նկատի առ 77–րդ սաղմոսը գրողին փորձառութիւնը։ Ան նեղացած էր խորհելով, թէ ինք եւ միւս իսրայէլացիները Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած էին։ Իր մտահոգութիւնը զինք արթուն կը պահէր գիշերը (համար 2-8)։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Եհովային ըսաւ. «Բոլոր գործերուդ մասին պիտի խորհրդածեմ, եւ արարքներուդ վրայ պիտի խոկամ» (համար 12, ԱԾ)։ Թէեւ սաղմոս գրողը շատ լաւ գիտէր, թէ Եհովան անցեալին Իր ժողովուրդին համար ի՛նչ ըրած էր, բայց հարց տուաւ. «Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ, միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը» (համար 9)։ Սաղմոս գրողը խոկաց Եհովայի գործերուն վրայ եւ այն իրողութեան վրայ, թէ անցեալին ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տուած էր (համար 11)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան համոզուեցաւ, թէ Եհովան Իր ժողովուրդը պիտի չլքէր (համար 15)։ Նոյն կերպով, հաւատքդ ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ, երբ խոկաս թէ Եհովան իր ժողովուրդին համար ի՛նչ ըրած է եւ անձնապէս քեզի համար ի՛նչ ըրած է։

19. Ուրիշ ի՞նչ կերպով պիտի օգտուինք, երբ Եհովային հետ ժամանակ կ’անցընենք։

19 Չորրորդ, եւ ամենակարեւորը, Եհովային հանդէպ սէրդ պիտի աւելնայ։ Սէրը, միւս բոլոր յատկութիւններէն աւելի քեզ պիտի մղէ, որ Եհովային հնազանդիս, զինք հաճեցնելու համար զոհողութիւններ ընես եւ որեւէ փորձութեան տոկաս (Մատ. 22։37-39. Ա. Կոր. 13։4, 7. Ա. Յովհ. 5։3)։ Այո, ամէնէն թանկագին բանը որ ունինք՝ Եհովային հետ մեր մտերիմ բարեկամութիւնն է (Սաղ. 63։1-8

20. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային հետ անցուցած ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածել։

20 Յիշէ որ աղօթելը, սերտելը եւ խոկալը մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Յիսուսին պէս, փնտռէ հանդարտ պահեր, որպէսզի Եհովային հետ ժամանակ անցընես։ Թոյլ մի՛ տար, որ բան մը ձգէ որ միտքդ ցրուի։ Եհովայէն խնդրէ, որ քեզի օգնէ որ կեդրոնանաս, երբ հոգեւոր գործունէութիւններու կը մասնակցիս։ Եթէ հիմա ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածես, Եհովան մեծապէս քեզ պիտի վարձատրէ եւ պիտի վայելես յաւիտենական կեանքը իր նոր աշխարհին մէջ (Մար. 4։24

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

^ Եհովան մեր լաւագոյն Բարեկամն է։ Մենք կ’արժեւորենք իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը, եւ կ’ուզենք զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Անձ մը ճանչնալը ժամանակ կ’առնէ, եւ նոյնն է պարագան երբ կ’ուզենք Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը աւելի զարգացնել։ Ներկայիս, մեր կեանքը խճողուած է, ուստի ինչպէ՞ս կրնանք ժամանակ գտնել, որ մեր երկնաւոր Հօր աւելի մօտենանք, եւ ասիկա ընելով ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղենք։