Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

Ինչո՞ւ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք

Ինչո՞ւ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (ՂՈՒԿ. 22։19

ԵՐԳ 148 Քու անգին Որդիդ տուիր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Մանաւանդ ե՞րբ է որ մահացած սիրելի մը կը յիշենք։ բ) Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը ի՞նչ հաստատեց։

 ՄԵՐ սիրելիներուն մահուան վրայ որքա՛ն ալ երկար ժամանակ անցած ըլլայ, տակաւին զիրենք կը յիշենք։ Եւ անոնց մասին կը մտածենք, մանաւանդ իրենց մահուան թուականին։

2 Ամէն տարի, աշխարհի չորս կողմը մենք եւ ուրիշ միլիոնաւորներ կը հաւաքուինք մեր շատ սիրած մէկ անհատին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մահուան թուականին (Ա. Պետ. 1։8)։ Մենք կը հաւաքուինք յիշելու համար այն անձը, որ իր կեանքը փրկանք տուաւ, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն ու մահէն (Մատ. 20։28)։ Եւ Յիսուս ի՛նք ուզեց, որ իր հետեւորդները իր մահը յիշեն։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, ան յատուկ ընթրիք մը հաստատեց եւ պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկ. 22։19) *։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղողներէն քիչեր երկնային յոյս ունին։ Բայց երկրային յոյս ունեցող միլիոնաւորներ ալ ներկայ կ’ըլլան։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ պատճառներով երկու խումբերն ալ ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ներկայ ըլլալով ի՛նչ օգուտներ կը քաղենք։ Նա՛խ տեսնենք, թէ օծեալները ի՛նչ կարգ մը պատճառներով ներկայ կ’ըլլան։

ՕԾԵԱԼՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐԿԱՅ Կ’ԸԼԼԱՆ

4. Յիշատակատօնին ընթացքին, օծեալները ինչո՞ւ հացէն կ’ուտեն ու գինիէն կը խմեն։

4 Ամէն տարի, օծեալները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան որպէս խորհրդանիշներուն մասնակցողներ։ Ինչո՞ւ յարմար է որ անոնք հացէն ուտեն ու գինիէն խմեն։ Պատասխանը առնելու համար, նկատի առ թէ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերը ի՛նչ պատահեցաւ։ Պասեքի ընթրիքէն ետք, Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց։ Ան հացն ու գինին իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հրամցուց եւ անոնց ըսաւ, որ անկէ ուտեն ու խմեն։ Յիսուս անոնց խօսեցաւ երկու ուխտերու մասին. նոր ուխտը եւ Թագաւորութեան ուխտը (Ղուկ. 22։19, 20, 28-30) *։ Այս երկու ուխտերը առաքեալներուն եւ ուրիշ քիչերու կարելի դարձուցին, որ երկինքին մէջ թագաւորներ ու քահանաներ ըլլան (Յայտ. 5։10. 14։1)։ Միայն օծեալ մնացորդը *, որ այս երկու ուխտերուն մէջ է, կրնայ Յիշատակատօնին ընթացքին հացէն ուտել ու գինիէն խմել։

5. Օծեալները իրենց տրուած յոյսին նկատմամբ ի՞նչ բանի կը գիտակցին։

5 Օծեալները Յիշատակատօնին նաեւ ներկայ կ’ըլլան, քանի որ իրենց առիթ կու տայ, որ իրենց յոյսին վրայ խոկան։ Եհովա Աստուած իրենց հոյակապ յոյս մը տուած է. երկինքի մէջ անմահ կեանք ունենալ, Յիսուս Քրիստոսին հետ ծառայել եւ Եհովա Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելել (Ա. Կոր. 15։51-53. Ա. Յովհ. 3։2)։ Օծեալները կը գիտակցին, որ իրենց հրաւէր տրուած է, որ երկինքին մէջ այս առանձնաշնորհումները ունենան։ Բայց որպէսզի երկինք երթան, պէտք է մինչեւ մահ հաւատարիմ մնան (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Անոնք շա՜տ կ’ուրախանան, երբ կը խոկան իրենց երկնային յոյսին վրայ (Տիտ. 2։13)։ Իսկ գալով «ուրիշ ոչխարներ»ուն, անոնք ի՞նչ կարգ մը պատճառներով Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան (Յովհ. 10։16

ՈՒՐԻՇ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐԿԱՅ Կ’ԸԼԼԱՆ

6. Ուրիշ ոչխարները ինչո՞ւ ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան։

6 Ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան, ոչ թէ որպէս խորհրդանիշներուն մասնակցողներ, հապա որպէս դիտողներ։ 1938–ին, երկրային յոյս ունեցողները առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցան Յիշատակատօնին։ Դիտարան–ի 1 մարտ 1938 թիւը ըսաւ. «Շատ յարմար է որ ուրիշ ոչխարները այս ժողովին ներկայ ըլլան եւ դիտեն ի՛նչ որ տեղի կ’ունենայ։ Իրենք ալ պէտք է այս առիթով ուրախանան»։ Ճիշդ ինչպէս որ հարսանիքի հիւրերը ուրախ կ’ըլլան հարսանիքին ներկայ ըլլալով, նոյնպէս ուրիշ ոչխարները ուրախ կ’ըլլան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով որպէս դիտողներ։

7. Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը ինչպէ՞ս ուրիշ ոչխարներուն կ’օգտէ։

7 Ուրիշ ոչխարներն ալ իրենց յոյսին վրայ կը խոկան։ Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը կը բացատրէ ի՛նչ որ Քրիստոս եւ 144,000 իշխանակիցները պիտի ընեն հաւատարիմ մարդոց համար, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Անոնք երկիրը դրախտի պիտի վերածեն եւ հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասցնեն։ Յիշատակատօնին ներկայ եղող միլիոնաւորներ ուրախութեամբ կ’երեւակայեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ապագայ կատարումը, ինչպէս՝ անոնք որոնք արձանագրուած են Եսայի 35։5, 6. 65։21-23 եւ Յայտնութիւն 21։3, 4–ի մէջ։ Իրենք զիրենք եւ իրենց սիրելիները երեւակայելով այդ նոր աշխարհին մէջ, անոնք իրենց յոյսը կը զօրացնեն եւ կը վճռեն Եհովային շարունակ ծառայել (Մատ. 24։13. Գաղ. 6։9

8. Ի՞նչ պատճառով ալ ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան։

8 Նկատէ թէ ի՛նչ պատճառով ալ ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան։ Անոնք կ’ուզեն ցոյց տալ, թէ օծեալները կը սիրեն եւ անոնց թիկունք կը կանգնին։ Աստուածաշունչը մարգարէացաւ, որ օծեալներուն եւ երկրային յոյս ունեցողներուն միջեւ մտերիմ կապ մը պիտի ըլլար։ Քննարկենք քանի մը օրինակներ։

9. Զաքարիա 8։23–ի մարգարէութիւնը ի՞նչ կէտ կը յայտնէ։

9 Կարդա՛ Զաքարիա 8։23։ Այս մարգարէութիւնը գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ, թէ ուրիշ ոչխարները ի՛նչ կը զգան օծեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ «Հրեայ եղող մարդ» եւ «ձեզի» բառերը կ’ակնարկեն նոյն խումբին՝ օծեալ մնացորդին (Հռով. 2։28, 29)։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ»ը կը ներկայացնեն ուրիշ ոչխարները։ Անոնք օծեալներուն «քղանցքը» կը բռնեն,– այսինքն՝ անոնց հաւատարմօրէն կը կառչին,– մաքուր պաշտամունքին մէջ անոնց միանալով։ Ուրեմն բնական է, որ ուրիշ ոչխարները օծեալներուն հետ ներկայ ըլլան Յիշատակատօնին, որպէսզի անոնց հետ իրենց ունեցած մտերիմ կապը ցոյց տան։

10. Եզեկիէլ 37։15-19, 24, 25–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։

10 Կարդա՛ Եզեկիէլ 37։15-19, 24, 25։ Եհովան այս մարգարէութիւնը կատարեց, թոյլ տալով որ օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները իրարու հետ միութեամբ աշխատին։ Մարգարէութիւնը կը յիշէ երկու փայտեր։ Երկնային յոյս ունեցողները «Յուդայի» փայտին պէս են (Յուդան այն ցեղն է, որմէ Իսրայէլի թագաւորները կ’ընտրուէին), իսկ երկրային յոյս ունեցողները «Եփրեմի» փայտին պէս են *։ Եհովան այս երկու խումբերը պիտի միացնէր, որպէսզի «մէկ փայտ» ըլլային։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք միութեամբ կը ծառայեն մէկ Թագաւորի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ առաջնորդութեան ներքեւ։ Ամէն տարի, օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան ոչ թէ որպէս երկու խումբեր, հապա որպէս «մէկ հօտ», որ «մէկ հովիւ» ունի (Յովհ. 10։16

11. Մատթէոս 25։31-36, 40–ի մէջ յիշուած «ոչխարներ»ը գլխաւորաբար ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնին Քրիստոսի եղբայրներուն։

11 Կարդա՛ Մատթէոս 25։31-36, 40։ Առակին մէջի «ոչխարներ»ը կը ներկայացնեն երկրային յոյս ունեցող արդարները վերջին օրերուն մէջ, այսինքն՝ ուրիշ ոչխարները։ Անոնք հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին Քրիստոսի եղբայրներուն, գլխաւորաբար անոնց օգնելով որ կատարեն իրենց ծանր պատասխանատուութիւնը, որ է՝ ամբողջ աշխարհի մէջ քարոզել ու աշակերտել (Մատ. 24։14. 28։19, 20

12-13. Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ կերպերով ալ Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կը կանգնին։

12 Ամէն տարի, Յիշատակատօնէն քանի մը շաբաթ առաջ, ուրիշ ոչխարները ցոյց կու տան որ Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կը կանգնին, լիովին մասնակցելով համաշխարհային արշաւի մը, որուն միջոցաւ հետաքրքրուած անհատները Յիշատակատօնին կը հրաւիրեն (տե՛ս « Յիշատակատօնի շրջանին համար առաջուընէ կը ծրագրե՞ս» շրջանակը)։ Անոնք նաեւ վստահ կ’ըլլան, որ Յիշատակատօնին համար ամէն բան պատրաստ է, նոյնիսկ եթէ իրենց ժողովքին մէջ օծեալ մը չկայ։ Ուրիշ ոչխարները շա՜տ կ’ուրախանան, երբ այսպիսի կերպերով Քրիստոսի եղբայրներուն կ’աջակցին։ Անոնք գիտեն թէ Յիսուս կը սեպէ, որ այն ինչ որ իր օծեալ եղբայրներուն կ’ընեն, իրեն ըրած կ’ըլլան (Մատ. 25։37-40

13 Ուրիշ ի՞նչ պատճառներով բոլորս՝ ըլլանք օծեալ կամ ոչ, Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԲՈԼՈՐՍ ԱԼ ՆԵՐԿԱՅ Կ’ԸԼԼԱՆՔ

14. Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս մեզի հանդէպ մեծ սէր ցոյց տուած են։

14 Շնորհակալ ենք մեզի հանդէպ Եհովայի եւ Յիսուսի ցուցաբերած սիրոյն համար։ Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը շա՜տ մը կերպերով ցոյց տուած է։ Բայց մեծագոյն կերպը այն է, որ իր թանկագին Որդին ղրկեց, որպէսզի մեզի համար չարչարուի ու մեռնի (Յովհ. 3։16)։ Յիսուս իր մեծ սէրը յայտնեց, յօժարելով որ մեզի համար իր կեանքը զոհէ (Յովհ. 15։13)։ Մենք բնա՛ւ չենք կրնար հատուցանել Եհովային եւ Յիսուսին իրենց ցոյց տուած սիրոյն փոխարէն։ Բայց կրնանք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել, մեր առօրեայ ապրելակերպով (Կող. 3։15)։ Եւ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք, որպէսզի իրենց սիրոյն մասին մտածենք եւ իրենց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք։

15. Ինչո՞ւ թէ՛ օծեալները եւ թէ ուրիշ ոչխարները փրկանքը մեծապէս կ’արժեւորեն։

15 Մեծապէս կ’արժեւորենք փրկանքը (Մատ. 20։28)։ Օծեալները շատ կ’արժեւորեն փրկանքը, քանի որ իրենց երկնային հոյակապ յոյսը կարելի կը դարձնէ։ Որովհետեւ անոնք Քրիստոսի փրկանքին կը հաւատան, Եհովան զիրենք արդարացուցած է եւ որդեգրած է որպէս իր զաւակները (Հռով. 5։1. 8։15-17, 23)։ Ուրիշ ոչխարներն ալ շատ շնորհակալ են փրկանքին համար։ Որովհետեւ անոնք Քրիստոսի փրկանքին կը հաւատան, Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք ունին, կրնան իրեն սուրբ ծառայութիւն մատուցանել եւ յոյս ունին, որ «մեծ նեղութենէն» դուրս գան (Յայտ. 7։13-15)։ Ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով, օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ցոյց կու տան, որ փրկանքը մեծապէս կ’արժեւորեն։

16. Ուրիշ ի՞նչ պատճառով Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք։

16 Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալու ուրիշ պատճառ մը այն է, որ կ’ուզենք Յիսուսին հնազանդիլ։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, ամէն մէկս կ’ուզէ հնազանդիլ այն պատուէրին, որ Յիսուս տուաւ երբ Յիշատակատօնը հաստատեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. Կոր. 11։23, 24

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲՈԼՈՐՍ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ ՆԵՐԿԱՅ ԸԼԼԱԼՈՎ

17. Յիշատակատօնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային աւելի մօտենանք։

17 Եհովային աւելի կը մօտենանք (Յակ. 4։8)։ Ինչպէս որ տեսանք, Յիշատակատօնը մեզի առիթ կու տայ, որ մտածենք այն յոյսին մասին, որ Եհովան մեզի տուած է, եւ խոկանք այն մեծ սիրոյն մասին, որ մեզի հանդէպ ցոյց տուած է (Եր. 29։11. Ա. Յովհ. 4։8-10)։ Այսպէս ընելով, Եհովային հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ եւ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ (Հռով. 8։38, 39

18. Յիսուսի օրինակին վրայ խոկալը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

18 Կը մղուինք Յիսուսը ընդօրինակելու (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիշատակատօնէն ճիշդ առաջ, կը կեդրոնանանք Յիսուսի կեանքին վերջին շաբթուան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ իր մահուան ու յարութեան վրայ։ Ետքը, Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի սէրը մեզի հանդէպ (Եփ. 5։2. Ա. Յովհ. 3։16)։ Երբ կը կարդանք ու կը խոկանք Յիսուսի անձնազոհ օրինակին մասին, կը մղուինք ‘այնպէս քալելու՝ ինչպէս անիկա քալեց’ (Ա. Յովհ. 2։6

19. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։

19 Աւելի կը վճռենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ (Յդ. 20, 21)։ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնանք, երբ ամէն բան կ’ընենք որ իրեն հնազանդինք, իր անունը սրբացնենք եւ իր սիրտը ուրախացնենք (Առ. 27։11. Մատ. 6։9. Ա. Յովհ. 5։3)։ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալով, աւելի կը վճռենք ամէն մէկ օր ապրիլ այնպէս մը, որ կարծես Եհովային կ’ըսենք. ‘Կ’ուզեմ յաւիտեա՛ն սիրոյդ մէջ մնալ’։

20. Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալու ի՞նչ կարեւոր պատճառներ ունինք։

20 Մեր յոյսը ըլլա՛յ յաւիտեան ապրիլ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ, Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալու կարեւոր պատճառներ ունինք։ Այդ առիթին, կը յիշենք մեր շատ սիրած անձին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մահը։ Բայց ամէն բանէ առաջ, կը յիշենք սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւնը. Եհովան իր Որդին տուաւ որպէս փրկանք։ Այս տարի, Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022–ին, արեւամուտէն ետք։ Որովհետեւ Եհովան եւ իր Որդին շա՜տ կը սիրենք, այդ օրը ո՛չ մէկ բան աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ քան՝ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալը։

ԵՐԳ 108 Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար

^ Մեր յոյսը ըլլա՛յ ապրիլ երկինքի մէջ կամ դրախտային երկրի վրայ, կ’ուզենք ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ սուրբգրային ի՛նչ պատճառներով Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլանք եւ անկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

^ Այս խօսքը նաեւ թարգմանուած է՝ «Ըրէ՛ք ասիկա՝ իմ յիշատակիս համար» (ԱԾ

^ Նոր ուխտին եւ Թագաւորութեան ուխտին մասին աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս «Քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլաք» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 2014 թիւին մէջ, էջ 15-17։

^ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Օծեալ մնացորդ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք երկրի վրայ տակաւին ողջ են։

^ Եզեկիէլ 37–րդ գլուխին մէջի երկու փայտերուն մարգարէութեան մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի յուլիս 2016 թիւին մէջ։