ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի լալէն
«Յիսուս լացաւ» (ՅՈՎՀ. 11։35)։
ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-3. Ի՞նչ պարագաներ թերեւս պատճառ ըլլան, որ Եհովայի ծառաները լան։
ՎԵՐՋԻՆ անգամ ե՞րբ լացիր։ Ատեն–ատեն ուրախութեան արցունքներ կը թափենք։ Բայց ընդհանրապէս կու լանք երբ տխուր ենք. օրինակ՝ երբ մեր սիրելիներէն մէկը կը մեռնի։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրող Լօրիլէյ անունով քոյր մը գրեց. «Ատեններ աղջիկիս մահը զիս այնքա՛ն կը ցաւցնէր, որ կը զգայի թէ բա՛ն մը չէր կրնար զիս մխիթարել։ Այդ պահերուն, հարց կու տայի թէ կոտրած սիրտս ինչպէ՛ս պիտի կարենար տոկալ» *։
2 Ուրիշ պատճառներով ալ կրնանք լալ։ Ճափոնի մէջ, Հիրօմի անունով ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Երբեմն կը տխրիմ, քանի որ այն մարդոց որ կը քարոզեմ, անտարբեր կը գտնուին։ Ատեններ, աչքերս լեցուած՝ աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը կը խնդրեմ, որպէսզի գտնեմ անհատ մը, որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ»։
3 Երբեմն դուն ալ նոյն զգացումները կ’ունենա՞ս։ Մեզմէ շատեր կ’ունենան (Ա. Պետ. 5։9)։ Կ’ուզենք ‘ուրախութեամբ Տէրոջ ծառայել’, բայց թերեւս իրեն կը ծառայենք արցունքներով, քանի որ սուգի մէջ ենք, ընկճուած ենք կամ կ’անցնինք պարագայէ մը, որ մեր հաւատարմութիւնը կը փորձէ (Սաղ. 6։6. 100։2)։ Այսպիսի պարագաներու, ի՞նչ կրնանք ընել։
4. Յօդուածին մէջ, ի՞նչ կէտերու մասին պիտի խօսինք։
4 Կրնանք Յիսուսի օրինակէն սորվիլ։ Ատեններ, ինքն ալ այնքա՛ն զգացուեցաւ, որ «լացաւ» (Յովհ. 11։35. Ղուկ. 19։41. 22։43, 44. Եբ. 5։7)։ Նկատի առնենք որ Յիսուս ի՛նչ առիթներով լացաւ եւ ատոնցմէ ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, երբ գտնուինք պարագայի մը մէջ, որ կը ձգէ որ լանք։
ԱՆ ԼԱՑԱՒ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
5. Յովհաննէս 11։32-36–էն ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսին մասին։
5 Ք.Ե. 32–ի ձմրան, Յիսուսի մտերիմ բարեկամ Ղազարոսը հիւանդացաւ ու մեռաւ (Յովհ. 11։3, 14)։ Ան երկու քոյրեր ունէր՝ Մարիամն ու Մարթան, որոնք ջախջախուած էին իր մահուան պատճառաւ։ Յիսուս այս ընտանիքը շատ կը սիրէր, անոր համար Ղազարոսի մեռնելէն ետք անոնց գիւղը գնաց։ Երբ Մարթան լսեց որ Յիսուս կու գայ, վազեց որ զինք դիմաւորէ։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ զգացումներով ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ» (Յովհ. 11։21)։ Անկէ քիչ ետք, երբ Յիսուս տեսաւ, որ Մարիամը եւ ուրիշներ կու լան, ինքն ալ «լացաւ» (կարդա՛ Յովհաննէս 11։32-36)։
6. Յիսուս ինչո՞ւ այդ առիթով լացաւ։
6 Յիսուս ինչո՞ւ այդ առիթով լացաւ։ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գիրքը կը պատասխանէ. «Իր բարեկամին՝ Ղազարոսին մահը եւ անոր քոյրերուն սգալը պատճառ եղան, որ Յիսուս ‘խռովի ու լայ’» *։ Յիսուս թերեւս մտածեց, թէ իր սիրելի բարեկամը ի՜նչ ցաւ քաշեց հիւանդութեան ընթացքին եւ ի՜նչ զգաց, երբ գիտակցեցաւ որ մեռնելու վրայ էր։ Նաեւ Յիսուս վստահաբար ազդուեցաւ, երբ տեսաւ Մարիամի ու Մարթայի տակնուվրայ վիճակը։ Եթէ մտերիմ բարեկամ մը կամ ազգական մը մահով կորսնցուցած ես, անկասկած նոյնանման զգացումներ ունեցած ես։ Այս դէպքէն կրնաս երեք դասեր սորվիլ։
7. Յիսուսի լալը իր բարեկամներուն համար, մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
7 Եհովան զգացումներդ կը հասկնայ։ Յիսուս իր Հօր «բուն պատկեր»ն է (Եբ. 1։3)։ Եւ երբ լացաւ, ցոյց տուաւ իր Հօր զգացումները (Յովհ. 14։9)։ Եթէ սիրելիներէդ մէկը մեռած է, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան թէ՛ կը նկատէ խոր վիշտդ եւ թէ կը ցաւի քեզի համար։ Ան կ’ուզէ կոտրած սիրտդ բուժել (Սաղ. 34։18. 147։3)։
8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս մեր սիրելիներուն յարութիւն պիտի տայ։
8 Յիսուս կ’ուզէ սիրելիներուդ յարութիւն տալ։ Յիսուս լալէ առաջ Մարթան վստահեցուց. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Եւ Մարթան Յիսուսին հաւատաց (Յովհ. 11։23-27)։ Ան Եհովայի հաւատարիմ ծառայ ըլլալով, գիտէր որ անցեալին Եղիա եւ Եղիսէ մարգարէները մեռած անհատներու յարութիւն տուին (Գ. Թագ. 17։17-24. Դ. Թագ. 4։32-37)։ Ան նաեւ հաւանաբար լսած էր Յիսուսի կատարած յարութիւններուն մասին (Ղուկ. 7։11-15. 8։41, 42, 49-56)։ Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ, որ մեռած սիրելիներդ նորէն պիտի տեսնես։ Իր վշտացած բարեկամները մխիթարելու ատեն Յիսուսի լալը կը փաստէ, որ ինք սրտանց կ’ուզէ յարութիւն տալ։
9. Յիսուսը ընդօրինակելով, ինչպէ՞ս կրնաս օգնել սգաւորներուն. օրինակ մը տուր։
9 Կրնաս սգաւորներուն օգնել։ Յիսուս ոչ միայն Մարիամին ու Մարթային հետ լացաւ, հապա նաեւ անոնց մտիկ ըրաւ եւ մխիթարական խօսքեր ըսաւ։ Մենք ալ կրնանք նոյն կերպով վարուիլ սգաւորներուն հետ։ Աւստրալիոյ մէջ ապրող Տան անունով երէց մը կ’ըսէ. «Կինս կորսնցնելէ ետք, օգնութեան պէտք ունէի։ Քանի մը զոյգեր գիշեր–ցերեկ պատրաստ էին քովս գալու միայն ինծի մտիկ ընելու համար։ Անոնք ձգեցին որ վիշտս արտայայտեմ եւ նեղ կացութեան չմատնուեցան երբ կու լայի։ Նաեւ գործնական կերպով օգնեցին։ Օրինակ, ինքնաշարժս լուացին, շուկայէն գնումներ ըրին եւ ճաշ եփեցին, երբ չէի կրնար այս պարտականութիւնները ընել։ Եւ յաճախ ինծի հետ աղօթեցին։ Անոնք ցոյց տուին, որ իսկական բարեկամներ եւ ‘նեղութեան ատենուան համար ծնած’ եղբայրներ են» (Առ. 17։17)։
ԱՆ ԼԱՑԱՒ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՐ
10. Ի՞նչ դէպք մը նկարագրուած է Ղուկաս 19։36-40–ի մէջ։
10 Ք.Ե. 33–ի նիսան 9–ին, Յիսուս Երուսաղէմ եկաւ։ Երբ քաղաքը պիտի մտնէր, շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին, զինք ընդունելով որպէս իրենց Թագաւորը։ Վստահաբար ուրախ առիթ մըն էր (կարդա՛ Ղուկաս 19։36-40)։ Ուստի, իր աշակերտները չակնկալեցին ի՛նչ որ ետքը տեղի ունեցաւ։ Ան «երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ»։ Արցունքոտ աչքերով ան ըսաւ, թէ ապագային ի՜նչ գէշ բաներ պիտի պատահէին Երուսաղէմի բնակիչներուն (Ղուկ. 19։41-44)։
11. Յիսուս ինչո՞ւ Երուսաղէմի բնակիչներուն համար լացաւ։
11 Յիսուսին սիրտը կը ցաւէր, քանի որ գիտէր որ թէեւ ջերմ ընդունելութիւն ստացաւ, բայց հրեաները ընդհանուր առմամբ արդէն ցոյց տուած էին, որ Թագաւորութեան պատգամին պիտի չընդառաջէին։ Ուստի, Երուսաղէմը պիտի կործանէր եւ ողջ մնացող հրեաները գերութեան պիտի տարուէին (Ղուկ. 21։20-24)։ Ցաւօք սրտի, Յիսուսին ըսածը եղաւ. հրեաներուն մեծամասնութիւնը զինք մերժեց։ Ներկայիս, շրջանիդ մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը պատգամիդ ինչպէ՞ս կը հակազդէ։ Եթէ քիչեր քեզի ականջ կու տան, ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսի լալէն։ Տե՛ս ուրիշ երեք դասեր։
12. Մարդոց համար Յիսուսի լալը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
12 Եհովան մարդոցմով հետաքրքրուած է։ Յիսուսի արցունքները մեզի կը յիշեցնեն, թէ Եհովային համար որքա՜ն կարեւոր են մարդիկը։ «Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Ներկայիս, ցոյց կու տանք թէ մարդիկը կը սիրենք, երբ կը շարունակենք մեր անձնազոհ ջանքերը թափել, որ Թագաւորութեան բարի լուրը անոնց սրտին հասցնենք (Մատ. 22։39)։
13-14. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ մարդոց կը կարեկցէր, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք այդ յատկութիւնը զարգացնել։
13 Յիսուս ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ։ Ան ցոյց տուաւ որ մարդիկը կը սիրէր, ամէն առիթ օգտագործելով որ իրենց սորվեցնէ (Ղուկ. 19։47, 48)։ Ան այդպէս ըրաւ, քանի որ անոնց կը կարեկցէր։ Ատեններ, այնքա՛ն շատ մարդիկ ուզեցին իր խօսքերը լսել, որ ինքն ու իր աշակերտները «հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել» (Մար. 3։20)։ Իսկ երբ տղամարդ մը ուզեց գիշերով Յիսուսին հետ խօսիլ, ան պատրաստ էր իրեն հետ տեսնուելու (Յովհ. 3։1, 2)։ Ճիշդ է որ Յիսուսի մտիկ ընող մարդոց մեծամասնութիւնը իր աշակերտները չդարձան, բայց բոլորն ալ լման վկայութիւն ստացան։ Մենք ալ կ’ուզենք բոլորին առիթ տալ, որ բարի լուրը լսեն (Գործք 10։42)։ Այս նպատակին հասնելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ մեր քարոզելու կերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք։
14 Պատրաստ եղիր պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու։ Եթէ տարբեր ժամանակներու մէջ չքարոզենք, թերեւս չհանդիպինք անհատներու, որոնք պատրաստ են բարի լուրը մտիկ ընելու։ Մաթիլտա անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Ամուսինս եւ ես կը փորձենք մարդոց քարոզել տարբեր ժամանակներու մէջ։ Առտու կանուխ առեւտրական շրջանի մէջ կը քարոզենք։ Կէսօրին, երբ շատերը ճամբաները կ’ըլլան, կը գործածենք հրատարակութիւններու սայլակները։ Իսկ երեկոյեան աւելի մարդիկ կը գտնենք իրենց տուներուն մէջ»։ Ուրեմն, փոխանակ կառչելու յայտագիրի մը, որ մեզի յարմար է, պէտք է պատրաստ ըլլանք քարոզելու այն ժամանակներուն, երբ աւելի հաւանական է որ մարդոց հանդիպինք։ Եթէ այդպէս ընենք, վստահաբար Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։
ԱՆ ԼԱՑԱՒ ԻՐ ՀՕՐ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
15. Ղուկաս 22։39-44–ի համաձայն, Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին գիշերը ի՞նչ պատահեցաւ։
15 Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզը գնաց։ Հոն, իր սիրտը պարպեց Եհովային առջեւ (կարդա՛ Ղուկաս 22։39-44)։ Այդ դժուար պահերուն, Յիսուս «սաստիկ գոչումով ու արցունքով. . . աղաչանք մատուցանեց» (Եբ. 5։7)։ Ան ինչի՞ մասին աղօթեց։ Զօրութիւն խնդրեց, որպէսզի Եհովային հաւատարիմ մնայ եւ անոր կամքը կատարէ։ Եհովան իր Որդիին սրտագին աղօթքը լսեց եւ հրեշտակ մը ղրկեց զինք զօրացնելու համար։
16. Յիսուս ինչո՞ւ նեղացած էր, երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ կ’աղօթէր։
16 Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուս աղօթելու ատեն լացաւ, անկասկած քանի որ նեղութիւն քաշեց այն գաղափարին պատճառաւ, թէ պիտի նկատուէր Աստուծոյ հայհոյիչ։ Ան նաեւ գիտակից էր որ շատ կարեւոր է որ հաւատարիմ մնայ եւ իր Հօր անունը պաշտպանէ։ Եթէ նեղացուցիչ պարագայէ մը կ’անցնիս, որ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնդ կը փորձէ, ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսի լալէն։ Նկատի առ յաւելեալ երեք դասեր։
17. Եհովան Յիսուսի սրտագին աղօթքներուն պատասխանեց. ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Իր մասին։
17 Եհովան աղաչանքներդ մտիկ կ’ընէ։ Ան մտիկ ըրաւ Յիսուսի անկեղծ խնդրանքները։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի բուն մտահոգութիւնն էր՝ իր Հօր հաւատարիմ մնալ եւ անոր անունը պաշտպանել։ Եթէ մեր մտահոգութիւնն է՝ Եհովային հաւատարիմ մնալ եւ իր անունը պաշտպանել, ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ եւ մեզի պիտի օգնէ (Սաղ. 145։18, 19)։
18. Յիսուս ի՞նչ կերպերով կարեկից բարեկամի մը պէս է։
18 Յիսուս զգացումներդ կը հասկնայ։ Երբ մտահոգ ու տխուր ենք, որքա՜ն կ’ուրախանանք կարեկից բարեկամի մը տուած մխիթարութեամբ, մանաւանդ եթէ ան նոյնանման դժուարութիւններէ անցած է։ Յիսուս այսպիսի բարեկամ մըն է։ Ան գիտէ ի՛նչ ըսել է տկար ըլլալ եւ օգնութեան պէտք ունենալ։ Ան մեր տկարութիւնները կը հասկնայ եւ վստահաբար «պէտք եղած ատեն» մեզի պիտի օգնէ (Եբ. 4։15, 16)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ընդունեց հրեշտակի մը օգնութիւնը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, նոյնպէս մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք ընդունելու Եհովայի տուած օգնութիւնը՝ հրատարակութեան մը, վիտէոյի մը կամ դասախօսութեան մը միջոցաւ, ինչպէս նաեւ երէցի մը կամ ուրիշ հասուն բարեկամի մը քաջալերական այցելութեան միջոցաւ։
19. Ինչպէ՞ս կրնաս զօրութիւն ստանալ. օրինակ մը տուր։
19 Եհովան քեզի իր խաղաղութիւնը պիտի տայ։ Ան ինչպէ՞ս քեզ պիտի զօրացնէ։ Երբ աղօթենք, պիտի ստանանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Եհովային տուած խաղաղութիւնը մեր սիրտը կը հանդարտեցնէ եւ կ’օգնէ որ յստակօրէն մտածենք։ Նկատէ թէ Լուզ անունով քոյր մը ինչպէ՛ս այս մէկը շօշափեց։ Ան կ’ըսէ. «Յաճախ շատ մինակ կը զգամ։ Ատեններ այդ զգացումը կը ձգէ որ մտածեմ, թէ Եհովան զիս չի սիրեր։ Բայց երբ ատիկա պատահի, անմիջապէս Եհովային կը պատմեմ, թէ ի՛նչ կը զգամ։ Աղօթելը ինծի կ’օգնէ, որ աւելի լաւ զգամ»։ Ինչպէս որ Լուզի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, աղօթելով կրնանք խաղաղութիւն գտնել։
20. Յիսուսի լալէն ի՞նչ դասեր սորվեցանք։
20 Յիսուսի լալէն ի՜նչ մխիթարիչ ու գործնական դասեր կրնանք սորվիլ։ Մեր ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ սգաւոր բարեկամներուն օգնական ըլլանք եւ վստահութիւն ունենանք, որ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի պիտի օգնեն, երբ սիրելի մը կորսնցնենք։ Կը մղուինք կարեկցութեամբ քարոզելու եւ սորվեցնելու, քանի որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս այս գեղեցիկ յատկութիւնը ցոյց կու տան։ Իսկ մխիթարական է գիտնալ, որ Եհովան եւ իր սիրելի Որդին մեր զգացումները կը հասկնան, մեր տկարութիւններուն կը կարեկցին եւ կ’ուզեն մեզի օգնել որ տոկանք։ Թող շարունակենք մեր սորվածը գործադրել մինչեւ այն օրը, երբ Եհովան իր գեղեցիկ խոստումը կատարէ՝ մեր ‘աչքերէն բոլոր արցունքները սրբելով’ (Յայտ. 21։4)։
ԵՐԳ 82 Քրիստոսին պէս հեզ ըլլանք
^ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, որ Յիսուս ատեններ արցունք թափեց։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք երեք առիթներ, որոնց մէջ Յիսուս լացաւ, եւ պիտի տեսնենք թէ ատոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։
^ Կարգ մը անուններ փոխուած են։
^ Տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 69 (անգլ.)։
^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս մղուեցաւ Մարիամն ու Մարթան մխիթարելու։ Նոյնը կրնանք ընել անոնց, որոնք սիրելիներ կը կորսնցնեն։
^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս պատրաստ էր գիշերով Նիկոդէմոսին սորվեցնելու։ Նոյնպէս մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք անհատներու հետ Աստուածաշունչը սերտելու իրենց յարմար եղող ժամանակին։
^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս աղօթքով զօրութիւն խնդրեց, Եհովային հաւատարիմ մնալու համար։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք, երբ փորձութեան մէջ ենք։