ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2
Յիսուսի եղբօրմէն սորվէ
«Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ» (ՅԱԿ. 1։1)։
ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Նկարագրէ Յակոբոսի ընտանիքը։
ՅԱԿՈԲՈՍ՝ Յիսուսի եղբայրը, մեծցաւ հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիքի մը մէջ *։ Իր ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ, Եհովան շա՜տ կը սիրէին եւ իրենց լաւագոյնը ըրին, որ իրեն ծառայեն։ Յակոբոս յաւելեալ առանձնաշնորհում մըն ալ ունէր. իր մեծ եղբայրը խոստացեալ Մեսիան պիտի ըլլար։ Ի՜նչ մասնաւոր պատիւ մըն էր Յակոբոսին համար, որ այս ընտանիքին կը պատկանէր։
2. Յակոբոս ի՞նչ պատճառներ ունէր իր մեծ եղբօրմով հիանալու։
2 Յակոբոս շա՜տ պատճառներ ունէր իր մեծ եղբօրմով հիանալու (Մատ. 13։55)։ Օրինակ, Յիսուս այնքա՛ն լաւ գիտէր Սուրբ Գրութիւնները, որ 12 տարեկանին Երուսաղէմի մէջ գտնուող ուսեալ ծերերը զարմացուց (Ղուկ. 2։46, 47)։ Յակոբոս թերեւս Յիսուսին հետ ատաղձագործութիւն ըրաւ։ Այդ պարագային, ան իր եղբայրը լաւ ճանչնալու առիթը ունեցած էր։ Նաթան Հ. Նոր յաճախ կ’ըսէր. «Անձի մը մասին շա՜տ բան կը գիտնաս, երբ իրեն հետ կ’աշխատիս» *։ Յակոբոս ալ անպայման նկատած ըլլալու էր, թէ «Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով» (Ղուկ. 2։52)։ Անոր համար թերեւս մտածենք, որ Յակոբոս Յիսուսի առաջին աշակերտներէն պիտի ըլլար։ Բայց չեղաւ։
3. Երբ Յիսուս սկսաւ իր ծառայութիւնը, Յակոբոս ինչպէ՞ս հակազդեց։
3 Երկրի վրայ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, Յակոբոս իր աշակերտներէն մէկը չեղաւ (Յովհ. 7։3-5)։ Իրականութեան մէջ, թերեւս Յակոբոս այն ազգականներէն մէկն էր, որոնք կարծեցին թէ Յիսուս «խելագարեր է» (Մար. 3։21, ՆԹ)։ Եւ բան մը չկայ, որ ցոյց կու տայ թէ Յակոբոս իր մօր հետ ներկայ էր, երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ մեռաւ (Յովհ. 19։25-27)։
4. Ի՞նչ դասեր նկատի պիտի առնենք։
4 Յետագային, Յակոբոս Յիսուսին հաւատաց եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէց եղաւ։ Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք երկու դասեր, որոնք կրնանք Յակոբոսէն սորվիլ. 1) ինչո՞ւ պէտք է խոնարհ մնանք, եւ 2) ինչպէ՞ս կրնանք ազդու ուսուցիչներ ըլլալ։
ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ ՊԷՍ ԽՈՆԱ՛ՐՀ ՄՆԱ
5. Յակոբոս ինչպէ՞ս ընդառաջեց, երբ Յիսուս իրեն երեւցաւ։
5 Յակոբոս ե՞րբ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդ եղաւ։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, «երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն» (Ա. Կոր. 15։7)։ Այդ հանդիպումէն ետք, ան Յիսուսի աշակերտը եղաւ, եւ ներկայ էր երբ Երուսաղէմի մէջ առաքեալները վերնատան մը մէջ կը սպասէին խոստացեալ սուրբ հոգիին (Գործք 1։13, 14)։ Յետագային, ան ծառայեց որպէս առաջին դարու կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը (Գործք 15։6, 13-22. Գաղ. 2։9)։ Իսկ Ք.Ե. 62–էն առաջ, ան ներշնչումով օծեալ քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց։ Անոր գրածը կ’օգտէ մեզի այսօր, ըլլա՛յ մեր յոյսը երկնային կամ երկրային (Յակ. 1։1)։ Առաջին դարու պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, Յակոբոս մահապատիժի ենթարկուեցաւ քահանայապետ Անանիոսի հրամանով։ Յակոբոս մինչեւ իր մահը Եհովայի հաւատարիմ մնաց։
6. Յակոբոս ի՞նչ կերպով իր օրուան կրօնական առաջնորդներէն տարբեր էր։
6 Յակոբոս խոնարհ էր։ Ինչո՞ւ այդպէս կրնանք ըսել։ Նկատի առ թէ ան ի վերջոյ Յիսուսին ինչպէ՛ս հակազդեց եւ թէ կրօնական առաջնորդները ինչպէ՛ս հակազդեցին։ Երբ Յակոբոս յստակօրէն տեսաւ, թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, այդ մէկը խոնարհաբար ընդունեց։ Բայց Երուսաղէմի գլխաւոր քահանաները այդպէս չըրին։ Օրինակ, անոնք չկրցան ուրանալ, թէ Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուած էր։ Եւ փոխանակ ընդունելու, որ Յիսուս Եհովայի ներկայացուցիչն էր, ուզեցին զինք ու Ղազարոսը մեռցնել (Յովհ. 11։53. 12։9-11)։ Ետքը, երբ Յիսուս ինք յարութիւն առաւ, փորձեցին ատիկա մարդոցմէ պահել (Մատ. 28։11-15)։ Այդ կրօնական առաջնորդներուն հպարտութիւնը պատճառ եղաւ որ Մեսիան մերժեն։
7. Ինչո՞ւ պէտք չէ հպարտ ըլլանք։
7 Դասը. հպարտ մի՛ ըլլար եւ սորվելու պատրաստ եղիր։ Ինչպէս որ հիւանդութիւնը կրնայ դժուարացնել, որ սիրտը հանգիստ աշխատի, նոյնպէս հպարտութիւնը կրնայ կարծրացնել այլաբանական սիրտը, այսինքն՝ կրնայ դժուարացնել, որ Եհովայի ուղղութեան հնազանդինք։ Փարիսեցիները իրենց սիրտը այնքա՛ն կարծրացուցին, որ չընդունեցին յստակ փաստը, թէ Յիսուս Աստուծոյ հոգին ունէր եւ Աստուծոյ Որդին էր (Յովհ. 12։37-40)։ Անոնց հպարտութիւնը վտանգաւոր էր, քանի որ իրենց յաւիտենական ապագային ազդեց (Մատ. 23։13, 33)։ Որքա՜ն կարեւոր է, որ շարունակենք թոյլ տալ Աստուծոյ Խօսքին եւ հոգիին, որ մեր անձնաւորութիւնը կաղապարեն եւ ազդեն մեր մտածելակերպին ու որոշումներուն (Յակ. 3։17)։ Որովհետեւ Յակոբոս խոնարհ էր, պատրաստ էր Եհովայէն սորվելու։ Եւ ինչպէս որ պիտի տեսնենք, իր խոնարհութեան շնորհիւ վարպետ ուսուցիչ եղաւ։
ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ ՊԷՍ ՎԱՐՊԵՏ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՂԻՐ
8. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ վարպետ ուսուցիչներ ըլլանք։
8 Յակոբոս աշխարհիկ շատ ուսում չառաւ։ Իր օրուան կրօնական առաջնորդները անկասկած զինք «տգէտ ու առանց ուսման» մէկը կը նկատէին, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն պէս (Գործք 4։13)։ Բայց ան սորվեցաւ վարպետ ուսուցիչ ըլլալ, եւ այս մէկը յայտնի է իր գրած գիրքէն։ Յակոբոսին պէս, թերեւս մենք ալ քիչ ուսում ստացած ենք։ Հակառակ ատոր, Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութեան եւ իր կազմակերպութեան տուած մարզումին շնորհիւ, կրնա՛նք լաւ ուսուցիչներ ըլլալ։ Նկատի առնենք որպէս ուսուցիչ Յակոբոսի ձգած օրինակը եւ տեսնենք, թէ իրմէ ի՛նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
9. Նկարագրէ Յակոբոսի սորվեցնելու կերպը։
9 Յակոբոս չգործածեց դժուար բառեր կամ խրթին բացատրութիւններ։ Ատոր համար, իր գիրքը կարդացողները գիտցան թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին եւ ինչպէ՛ս։ Օրինակ, նկատի առ այն պարզ կերպը, որով Յակոբոս քրիստոնեաներուն սորվեցուց, թէ պէտք է պատրաստ ըլլան անարդարութիւն կրելու առանց դժգոհելու։ Ան գրեց. «Համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11)։ Նկատէ թէ Յակոբոս իր ըսածը հիմնեց Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։ Ան Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ եղբայրներուն օգնեց, որ տեսնեն թէ Եհովան միշտ կը վարձատրէ անոնք, որոնք Յոբին պէս իրեն հաւատարիմ կ’ըլլան։ Ան այս կէտը սորվեցուց՝ գործածելով պարզ բառեր եւ տրամաբանութիւն։ Այսպէս ուշադրութիւն հրաւիրեց, ոչ թէ իր վրայ, հապա Եհովային վրայ։
10. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք սորվեցնելու ատեն Յակոբոսը ընդօրինակել։
10 Դասը. պատգամդ պարզ պահէ եւ Աստուծոյ Խօսքէն սորվեցուր։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ, ոչ թէ ուրիշներուն ցուցնել թէ մե՛նք որքան շատ գիտենք, հապա ցոյց տալ թէ Եհովա՛ն որքան շատ գիտէ եւ թէ իրենցմով որքա՜ն հետաքրքրուած է (Հռով. 11։33)։ Այդ նպատակին կրնանք հասնիլ, մեր սորվեցուցածները միշտ Աստուածաշունչին վրայ հիմնելով։ Օրինակ, փոխանակ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն ըսելու, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընէինք եթէ իրենց տեղը ըլլայինք, պէտք է օգնենք որ իրենք Աստուածաշունչի օրինակներուն վրայ խոկան եւ հասկնան, թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէ ու ի՛նչ կը զգայ։ Այն ատեն պիտի մղուին իրենց սորվածը գործադրելու, քանի որ կ’ուզեն Եհովա՛ն հաճեցնել, եւ ոչ թէ մեզ։
11. Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ խնդիրներ ունէին, եւ Յակոբոս ի՞նչ խրատ տուաւ (Յակոբոս 5։13-15)։
11 Յակոբոս իրապաշտ էր։ Իր նամակէն յայտնի է որ գիտէր, թէ իր հաւատակիցները ի՛նչ խնդիրներ ունէին, եւ իրենց յստակ ուղղութիւն տուաւ թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին։ Օրինակ, կարգ մը քրիստոնեաներ տրուած խրատը արագօրէն չէին գործադրեր (Յակ. 1։22)։ Ոմանք աչառութեամբ կը վարուէին (Յակ. 2։1-3)։ Իսկ ուրիշներ ալ անզուսպ լեզու ունէին (Յակ. 3։8-10)։ Թէեւ այդ քրիստոնեաները լուրջ խնդիրներ ունէին, բայց Յակոբոս յոյս ունէր, որ անոնք կրնային փոխուիլ։ Ան իր խրատները ազնիւ եւ ուղղակի կերպով տուաւ, ինչպէս նաեւ քաջալերեց յաւելեալ օգնութիւն խնդրել երէցներէն (կարդա՛ Յակոբոս 5։13-15)։
12. Ինչպէ՞ս կրնանք դրական մնալ, երբ մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն կ’օգնենք։
12 Դասը. իրապաշտ ու դրական եղիր։ Շատեր, որոնց հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, թերեւս դժուարութիւն ունենան անոր տուած խրատները գործադրելու (Յակ. 4։1-4)։ Թերեւս իրենց հետ ժամանակ առնէ, որ գէշ յատկութիւններէն ձերբազատուին եւ անոնց տեղ քրիստոնէավայել յատկութիւններ մշակեն։ Յակոբոսը ընդօրինակելով, պէտք է քաջութիւնը ունենանք մեր աշակերտներուն ըսելու, թէ ի՛նչ բան պէտք է փոխեն։ Նաեւ պէտք է դրական մնանք, վստահելով որ Եհովան խոնարհ մարդիկը իրեն պիտի քաշէ եւ անոնց զօրութիւնը պիտի տայ այդ փոփոխութիւնները իրենց կեանքին մէջ ընելու (Յակ. 4։10)։
13. Ինչպէս որ Յակոբոս 3։2–ը ցոյց կու տայ, Յակոբոս ի՞նչ բանի գիտակից էր։
13 Յակոբոս իր անձին հանդէպ ճիշդ տեսակէտը պահպանեց։ Ան չսեպեց, որ միւս քրիստոնեաներէն աւելի լաւ էր, քանի որ Յիսուսի եղբայրն էր կամ քանի որ կարեւոր նշանակումներ ունէր։ Ան իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Իմ սիրելի՛ եղբայրներս» (Յակ. 1։16, 19. 2։5)։ Եւ այն տպաւորութիւնը չտուաւ, թէ կատարեալ էր։ Փոխարէնը, ինքզինք պարփակեց, երբ ըսաւ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (կարդա՛ Յակոբոս 3։2)։
14. Ինչո՞ւ պէտք է ընդունինք, որ սխալներ կ’ընենք։
14 Դասը. յիշէ որ բոլորս մեղաւորներ ենք։ Պէտք չէ մտածենք, որ մենք կերպով մը մեր աշակերտներէն աւելի լաւ ենք։ Ինչո՞ւ։ Եթէ մեր աշակերտին այն տպաւորութիւնը տանք, որ մենք սխալներ չենք ըներ, ան կրնայ ընկճուիլ, մտածելով թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայ Աստուծոյ բոլոր պահանջները ընել։ Բայց եթէ անկեղծօրէն ընդունինք, որ մեզի համար միշտ դիւրին չէ եղած Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրել, եւ բացատրենք թէ Եհովան մեզի օգնած է, որ մեր կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք, մեր աշակերտին պիտի օգնենք տեսնելու, թէ ինքն ալ կրնայ Եհովային ծառայել։
15. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես Յակոբոսին գործածած օրինակները (Յակոբոս 3։2-6, 10-12)։
15 Յակոբոս գործածեց սրտին դպչող օրինակներ։ Անկասկած սուրբ հոգին իրեն օգնեց, բայց նաեւ շատ հաւանաբար գիտցաւ ինչպէ՛ս սորվեցնել, սերտելով իր մեծ եղբօր՝ Յիսուսի, տուած օրինակները։ Իր նամակին մէջ իր գործածած օրինակները պարզ են, եւ անոնցմէ քաղուելիք դասերը յստակ են (կարդա՛ Յակոբոս 3։2-6, 10-12)։
16. Ինչո՞ւ պէտք է լաւ օրինակներ գործածենք։
16 Դասը. լաւ օրինակներ գործածէ։ Երբ գործածես օրինակներ, որոնք տեղին են, մարդիկ ոչ միայն կը լսեն այն դասը, որ կ’ուզես իրենց սորվեցնել, հապա նաեւ կրնան զայն իրենց մտքին մէջ երեւակայել։ Եւ իրենց երեւակայածը կրնայ իրենց օգնել, որ Աստուածաշունչի կարեւոր ճշմարտութիւնները յիշեն։ Յիսուս լաւ օրինակներ գործածելու մէջ վարպետ էր, եւ իր եղբայրը՝ Յակոբոս, զինք ընդօրինակեց։ Նկատի առնենք Յակոբոսի գործածած օրինակներէն մէկը եւ տեսնենք, թէ անիկա ինչո՛ւ լաւ օրինակ մըն է։
17. Յակոբոս 1։22-25–ի մէջ արձանագրուած օրինակը ինչո՞ւ շատ լաւ է։
17 Կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25։ Հայելիի օրինակը կարգ մը պատճառներով շատ լաւ է։ Յակոբոսի սորվեցուցած կէտը այն է, թէ որպէսզի Աստուծոյ Խօսքէն օգտուինք, չի բաւեր միայն զայն կարդալը, հապա պէտք է մեր կարդացածը գործադրենք։ Եղբայրները դիւրաւ կրնային երեւակայել մարդ մը, որ հայելիին կը նայի։ Յիմարութիւն պիտի ըլլար, եթէ ան տեսնէր թերութիւն մը եւ անոր նկատմամբ բան մը չընէր։ Նմանապէս, յիմարութիւն է Աստուծոյ Խօսքը կարդալ, անձնաւորութեան մէջ փոխելիք բան մը նկատել եւ ատոր նկատմամբ բան մը չընել։
18. Օրինակ մը գործածելու ատեն, ի՞նչ երեք բաներ պէտք է ընենք։
18 Օրինակներ գործածելու ատեն, Յակոբոսին պէս երեք բաներ ըրէ. 1) Վստահ եղիր որ օրինակդ սորվեցուցած կէտիդ կը յարմարի։ 2) Գործածէ օրինակ մը, որ քեզի մտիկ ընողը կրնայ դիւրաւ հասկնալ։ 3) Օրինակէն քաղուելիք դասը յստակ դարձուր։ Եթէ քեզի համար դժուար է յարմար օրինակներ գտնել, գործածէ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ը (արաբ.)։ «Օրինակներ» ենթավերնագրին տակ, շատ մը օրինակներ պիտի գտնես։ Բայց յիշէ, որ օրինակները միքրոֆոնի պէս են, այն իմաստով որ անոնք սորվեցուցած կէտդ պիտի շեշտեն։ Անոր համար, միայն կարեւոր կէտերուն համար օրինակներ գործածէ։ Եւ անկասկած սորվեցնելու մեր կարողութիւնները բարելաւելու բուն պատճառն է՝ ոչ թէ մեր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, հապա կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել, որ Եհովայի ուրախ ընտանիքին մէկ մասը ըլլան։
19. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ մեր հոգեւոր ընտանիքը կ’արժեւորենք։
19 Յակոբոս կատարեալ եղբայր մը ունէր, բայց մենք չունինք։ Սակայն, ունինք հոգեւոր մեծ ընտանիք մը, որուն հետ Եհովային ծառայելու պատիւը ունինք։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք՝ անոնց հետ ընկերակցելով, անոնցմէ սորվելով, եւ միասնաբար քարոզելով ու աշակերտելով։ Երբ Յակոբոսի օրինակին հետեւինք՝ մեր կեցուածքին, վարքին եւ սորվեցնելու կերպին մէջ, Եհովային փառք կը բերենք եւ անկեղծ մարդոց կ’օգնենք, որ մեր սիրելի երկնաւոր Հօր մօտենան։
ԵՐԳ 78 Երկայնամտութիւն
^ Յակոբոս Յիսուսին հետ նոյն տունին մէջ մեծցաւ։ Ան այդ ժամանակ Աստուծոյ կատարեալ Որդին աւելի լաւ ճանչցաւ, քան մարդոց մեծամասնութիւնը։ Ան առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին սիւներէն մէկը եղաւ։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի եղբօր կեանքէն եւ սորվեցուցածներէն։
^ Այս յօդուածին մէջ, Յակոբոսին պիտի ակնարկենք որպէս Յիսուսի եղբայրը։ Ան Յիսուսին խորթ եղբայրն էր, եւ իր անունը կրող գիրքը գրեց։
^ Նաթան Հ. Նոր Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամն էր։ Ան իր երկրային ընթացքը աւարտեց 1977–ին։
^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յակոբոս գործածեց պզտիկ կրակի օրինակը,– բան մը, որ մարդիկ դիւրաւ պիտի հասկնային,– որպէսզի բացատրէ, թէ լեզուն չզսպելը որքա՜ն վտանգաւոր է։