Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

«Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի»

«Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի»

2022–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի» (ՍԱՂ. 34։10ԱԾ

ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Դաւիթ նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն զգաց, թէ իրեն ‘ո՛չ մէկ բարիք կը պակսէր’ (տե՛ս պարբ. 1-3) *

1. Դաւիթ ի՞նչ դժուար պարագայի մը մէջ էր։

 ԴԱՒԻԹ կը փախչէր իր կեանքը ազատելու համար։ Իսրայէլի զօրաւոր թագաւորը՝ Սաւուղ, իր միտքը դրած էր զինք մեռցնել։ Երբ Դաւիթ ուտելիքի պէտք ունեցաւ, Նոբ քաղաքին մէջ Աքիմելէք քահանայէն միայն հինգ հաց խնդրեց (Ա. Թագ. 21։1, 3)։ Ետքը, ինքն ու իր մարդիկը քարայրի մը մէջ պահուըտեցան (Ա. Թագ. 22։1)։ Ի՞նչ եղաւ, որ Դաւիթ այս պարագային մէջ գտնուեցաւ։

2. Սաւուղ ինչպէ՞ս ինքզինք վտանգաւոր վիճակի մէջ դրաւ (Ա. Թագաւորաց 23։16, 17

2 Սաւուղ կը նախանձէր Դաւիթին, քանի որ ան ժողովուրդին կողմէ սիրուած էր եւ զինուորական յաղթանակներ կը տանէր։ Սաւուղ նաեւ գիտէր, որ իր անհնազանդութեան պատճառաւ, Եհովան զինք մերժեց որպէս Իսրայէլի թագաւոր եւ ընտրեց Դաւիթը, որպէսզի գահը ժառանգէ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 23։16, 17)։ Սաւուղին ձեռքին տակ մեծ բանակ կար եւ շատեր իր կողքին էին, ուստի Դաւիթ ստիպուեցաւ փախչիլ։ Արդեօք Սաւուղ իրապէ՞ս մտածեց, որ կրնար Դաւիթի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ձախողեցնել (Եսա. 55։11)։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր, բայց վստահ ենք որ Սաւուղ ինքզինք վտանգաւոր վիճակի մէջ դրաւ, քանի որ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը հակառակին, միշտ կը պարտուին։

3. Դաւիթ ի՞նչ կը զգար, հակառակ իր դժուար պարագաներուն։

3 Դաւիթ՝ թագաւոր ըլլալու ետեւէ չէր։ Եհովա՛ն զինք ընտրեց, որ թագաւոր ըլլայ (Ա. Թագ. 16։1, 12, 13)։ Սաւուղ Դաւիթը կ’ատէր ու զինք իր թշնամին կը սեպէր։ Բայց Դաւիթ Եհովան չմեղադրեց այդ վտանգաւոր վիճակին մէջ ըլլալուն համար, ոչ ալ գանգատեցաւ, երբ ստիպուեցաւ քիչ ուտելիք ուտել եւ քարայրին մէջ պահուըտիլ։ Ընդհակառակը, թերեւս այդ քարայրին մէջ եղած ատեն էր, որ Եհովան փառաբանող երգը գրեց, որմէ առնուած է այս յօդուածին գլխաւոր համարը. «Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի» (Սաղ. 34։10, ԱԾ

4. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ կարեւոր են։

4 Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն շատեր երբեմն բաւարար ուտելիք կամ կեանքի ուրիշ անհրաժեշտ բաներ չեն ունենար *։ Ասիկա մասնաւորաբար պատահած է վերջին համավարակին ընթացքին։ Եւ ո՛րքան աւելի մօտենանք մեծ նեղութեան, ա՛յնքան աւելի պարագաները պիտի դժուարանան (Մատ. 24։21)։ Այս իրողութիւնները ի մտի ունենալով, պատասխանենք չորս հարցումներու. Ի՞նչ կերպով Դաւիթին ‘ո՛չ մէկ բարիք պակսեցաւ’։ Ինչո՞ւ պէտք է սորվինք մեր ունեցածով գոհունակ ըլլալ։ Ինչէ՞ն կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան մեզ պիտի հոգայ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք հիմակուընէ ապագային համար նախապատրաստուիլ։

«ԵՍ ԲԱՆԻ ՄԸ ԿԱՐՕՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՄ»

5-6. Սաղմոս 23։1-6–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Դաւիթ ի՛նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Աստուծոյ ծառաներուն «ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի»։

5 Դաւիթ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ Եհովայի ծառաներուն «ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի»։ Կրնանք գաղափար մը առնել, նկատի առնելով նոյնանման արտայայտութիւն մը, որ Դաւիթ յիշեց Սաղմոս 23–ին մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 23։1-6)։ Դաւիթ այդ սաղմոսը կը սկսի այս խօսքով. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։ Սաղմոսին մնացեալ մասին մէջ, Դաւիթ կը յիշէ բաներ, որոնք իրապէս կարեւոր են, ինչպէս՝ այն լաւ բաները, որոնք Եհովան իրեն կու տայ որպէս իր Հովիւը։ Եհովան զինք «արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ», եւ թէ՛ լաւ ատեն ու թէ գէշ ատեն օգնութեան կը հասնի։ Դաւիթ կը գիտակցի, որ Եհովայի «խոտաւէտ արօտներու»ն մէջ իր կեանքը առանց խնդիրներու պիտի չըլլայ։ Ան ատեններ պիտի ընկճուի, կարծես թէ «մահուան շուքի ձորին մէջ» կը պտըտի, եւ թշնամիներ պիտի ունենայ։ Բայց Եհովան իր Հովիւը ըլլալով, ան ‘չարէն պիտի չվախնայ’։

6 Այսպիսով կ’առնենք պատասխանը այս հարցումին. Ի՞նչ կերպով Դաւիթին ‘ո՛չ մէկ բարիք պակսեցաւ’։ Ան ունէր ամէն բան, որ իրեն պէտք էր Եհովային մօտիկ մնալու համար։ Եւ իր ուրախութիւնը նիւթական բաներէ կախեալ չէր։ Ան Եհովայի տուածով գոհունակ էր։ Իրեն համար ամենակարեւոր բանն էր՝ Եհովայի օրհնութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ունենալ։

7. Ղուկաս 21։20-24–ի համաձայն, առաջին դարուն՝ Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները ի՞նչ դժուար պարագաներ դիմագրաւեցին։

7 Դաւիթի խօսքերէն կրնանք տեսնել, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ նիւթական բաներու հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։ Անշուշտ կրնանք մեր ստացուածքները վայելել, բայց պէտք չէ զանոնք ամենակարեւոր բաները սեպենք մեր կեանքին մէջ։ Առաջին դարուն, Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները այս կէտը ըմբռնեցին (կարդա՛ Ղուկաս 21։20-24)։ Յիսուս զիրենք զգուշացուցած էր, որ ժամանակ մը պիտի գար, երբ Երուսաղէմը ‘չորս կողմէն զօրքերով պիտի շրջապատուէր’։ Երբ ատիկա տեղի ունենար, անոնք պէտք էր ‘լեռները փախչէին’։ Այսպէս պիտի ազատէին, բայց իրենց ետին շա՜տ բաներ պիտի ձգէին։ Տարիներ առաջ, Դիտարան–ը այս կերպով բացատրեց. «Անոնք դաշտեր ու տուներ լքեցին, նոյնիսկ առանց իրենց ինչքերը հաւաքելու իրենց տուներէն։ Եհովայի պաշտպանութեան ու պահպանութեան ապաւինելով, անոնք իր պաշտամունքը կարեւոր նկատուած որեւէ բանէ առաջ դրին»։

8. Առաջին դարուն, Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։

8 Այդ քրիստոնեաներուն փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Դիտարան–ը շարունակեց ըսել. «Նիւթական բաներու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը պիտի փորձուի. արդեօք մեզի համար անոնք ամենակարեւոր բանե՞րն են, թէ ոչ՝ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնողներուն համար եղած փրկութեան աւելի կարեւորութիւն կու տանք։ Այո, մեր փախչիլը թերեւս կարգ մը նեղութիւններ ու զրկանքներ պատճառէ մեզի։ Հարկ եղածը ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք, ինչպէս ըրին առաջին դարուն մեր համանմանները, որոնք Հրէաստանէն. . . փախան» *։

9. Եբրայեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը քեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ։

9 Պահ մը երեւակայէ, թէ այդ քրիստոնեաներուն համար որքա՜ն դժուար ըլլալու էր գրեթէ ամէն բան իրենց ետին ձգել եւ նոր կեանք մը սկսիլ նոր վայրի մը մէջ։ Պէտք էր հաւատք ունենային, որպէսզի վստահէին, թէ Եհովան իրենց պէտք եղածը իրենց պիտի տար։ Այս ուղղութեամբ կար բան մը, որ կրնար իրենց օգնել։ Հռոմայեցիները Երուսաղէմը պաշարելէ հինգ տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն արժէքաւոր խրատ մը տուաւ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’. այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’» (Եբ. 13։5, 6)։ Անկասկած, անոնք՝ որոնք հռոմէական պաշարումէն առաջ Պօղոսի խրատին ականջ տուին, կրցան աւելի դիւրաւ յարմարիլ իրենց նոր կեանքին, որ աւելի պարզ էր։ Անոնք վստահ էին, որ Եհովան իրենց հիմնական պէտքերը պիտի ապահովէր։ Պօղոսի խօսքերէն մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պէտք եղածը պիտի տայ։

«ԱՆՈՆՑՄՈՎ ԲԱՒԱԿԱՆԱՆԱՆՔ»

10. Պօղոս մեզի կ’ըսէ իր սորված ո՞ր դասը։

10 Պօղոս Տիմոթէոսին նոյնանման խրատ մը տուաւ, ինչ որ մեզի ալ կը կիրարկուի։ Ան գրեց. «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք» (Ա. Տիմ. 6։8)։ Ասիկա կը նշանակէ՞, որ չենք կրնար ունենալ համով ճաշ, լաւ տուն կամ նոր հագուստներ։ Պօղոս ատիկա ըսել չուզեց, հապա ըսել ուզեց որ պէտք է բաւարարուինք այն նիւթական բաներով, որ ունինք (Փլպ. 4։12)։ Ատիկա Պօղոսին սորված դասն էր։ Մեր ունեցած ամէնէն արժէքաւոր բանը՝ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնն է, եւ ոչ թէ որեւէ նիւթական բան որ ունինք (Ամբ. 3։17, 18

Երբ իսրայէլացիները անապատին մէջ 40 տարի պտըտեցան, ‘բանի մը պակասութիւն չքաշեցին’։ Կրնա՞նք հիմա մեր ունեցածով գոհունակ ըլլալ (տե՛ս պարբ. 11) *

11. Գոհունակութեան մասին ի՞նչ դաս կը սորվինք Մովսէսի խօսքերէն, որ իսրայէլացիներուն ըսաւ։

11 Ինչ որ մենք պէտք կը սեպենք, պայման չէ որ Եհովան ալ զայն պէտք սեպէ։ Նկատի առ թէ Մովսէս իսրայէլացիներուն ի՛նչ ըսաւ, անապատին մէջ 40 տարի անցընելէ ետք. «Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր» (Բ. Օր. 2։7)։ Այդ 40 տարիներուն ընթացքին, Եհովան իսրայէլացիներուն մանանայ տուաւ, որ ուտեն։ Բնաւ չմաշեցան անոնց հագուստները, որ հագած էին երբ Եգիպտոսէն ելան (Բ. Օր. 8։3, 4)։ Թէեւ կրնայ ըլլալ որ ոմանք մտածեցին, թէ Եհովային հայթայթածը բան մը չէր, բայց Մովսէս իսրայէլացիներուն յիշեցուց, թէ իրենց ամէն պէտք եղածը ունէին։ Եհովան պիտի ուրախանայ, եթէ սորվինք գոհունակ ըլլալ։ Ան կ’ուզէ որ գնահատենք նոյնիսկ այն պարզ բաները, որ մեզի կու տայ. զանոնք օրհնութիւն սեպենք եւ անոնց համար շնորհակալ ըլլանք։

ՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՅ

12. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ Դաւիթ Եհովայի՛ն ապաւինեցաւ եւ ոչ թէ իր անձին։

12 Դաւիթ գիտէր, որ Եհովան հաւատարիմ է ու խորապէս հոգ կը տանի անոնց, որոնք Զինք կը սիրեն։ Թէեւ իր կեանքը վտանգի տակ էր երբ կը յօրինէր 34–րդ սաղմոսը, Դաւիթ հաւատքի աչքով տեսաւ, որ «Տիրոջ հրեշտակը» իր կողքին ‘պահակ կանգնած էր’ (Սաղ. 34։7, ՆԹ)։ Թերեւս Դաւիթ Եհովայի հրեշտակը կը նմանցնէր զինուորի մը, որ դաշտին մէջ բանակած է եւ իր աչքերը միշտ բաց են թշնամիին վրայ։ Թէեւ Դաւիթ պատերազմի մարդ էր եւ Եհովան խոստացած էր որ թագաւոր պիտի ըլլար, ան թշնամիին յաղթելու համար, չապաւինեցաւ պարսատիկ կամ սուր գործածելու իր կարողութեան (Ա. Թագ. 16։13. 24։13)։ Ան Եհովայի ապաւինեցաւ, վստահ ըլլալով որ հրեշտակը ‘աստուածավախ մարդիկը’ կ’ազատէ։ Անշուշտ մենք չենք ակնկալեր հրաշքով պաշտպանուիլ, բայց գիտենք թէ ան որ Եհովային կ’ապաւինի, մնայուն վնաս պիտի չկրէ։

Մեծ նեղութեան ընթացքին, Մագոգի Գոգին զօրքերը թերեւս փորձեն մեր տուներուն մէջ մեր վրայ յարձակիլ։ Բայց կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով, որ Յիսուս եւ իր հրեշտակները անոնց ըրածը պիտի տեսնեն ու մեզ պիտի պաշտպանեն (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Երբ Մագոգի Գոգը յարձակի, ինչո՞ւ անպաշտպան պիտի երեւինք, եւ ինչո՞ւ պէտք չէ վախնանք (տե՛ս կողքին նկարը)։

13 Մօտ ապագային, մեր վստահութիւնը՝ որ Եհովան կրնա՛յ մեզ պաշտպանել, պիտի փորձուի։ Երբ Մագոգի Գոգը,– աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը,– Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակի, այնպէս մը պիտի թուի որ մեր կեանքը վտանգի տակ է։ Այն ատեն պէտք է համոզուած ըլլանք, որ Եհովան կրնա՛յ եւ պիտի՛ ազատէ մեզ։ Յարձակողներուն աչքին, մենք անպաշտպան ոչխարներու պէս պիտի երեւինք (Եզեկ. 38։10-12)։ Որովհետեւ զէնք պիտի չունենանք եւ պատերազմի համար մարզուած պիտի չըլլանք, անոնք մեզ դիւրին որս պիտի նկատեն։ Պիտի չտեսնեն ինչ որ մենք հաւատքի աչքով կը տեսնենք՝ բազմաթիւ հրեշտակներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին չորս կողմը բանակած են, որպէսզի մեզ պաշտպանեն։ Ի՜նչ անակնկալ մը կը սպասէ անոնց, երբ երկնային բանակները մեզ պաշտպանելու համար սկսին պատերազմիլ (Յայտ. 19։11, 14, 15

ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ

14. Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ապագային համար նախապատրաստուինք։

14 Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ապագային համար նախապատրաստուինք։ Ամէն բանէ առաջ, պէտք է նիւթական բաներու հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք, քանի որ օր մը պիտի ստիպուինք անոնցմէ վազ անցնիլ։ Նաեւ պէտք է մեր ունեցածով գոհունակ ըլլանք եւ շատ ուրախ ըլլանք, որ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Ո՛րքան աւելի ճանչնանք Եհովան, ա՛յնքան աւելի պիտի համոզուինք, որ կրնա՛յ մեզ պաշտպանել, երբ Մագոգի Գոգը յարձակի։

15. Դաւիթի կեանքին մէջ ի՞նչ դէպքեր պատահած էին, որոնցմէ սորված էր թէ Եհովան միշտ իրեն պիտի օգնէր։

15 Նկատի առ թէ ի՛նչ բան Դաւիթին օգնեց եւ մեզի ալ կրնայ օգնել, որ փորձութիւններու համար նախապատրաստուինք։ Դաւիթ ըսաւ. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ» (Սաղ. 34։8)։ Այդ խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ, թէ Դաւիթ ինչո՛ւ վստահ էր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Ան յաճախ Եհովային ապաւինեցաւ եւ Ան բնաւ զինք յուսախաբ չըրաւ։ Երբ Դաւիթ պատանի էր եւ պէտք էր հսկայ Գողիաթին դէմ կռուէր, այդ զօրաւոր ռազմիկին ըսաւ. «Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ» (Ա. Թագ. 17։46)։ Յետագային, երբ Դաւիթ Սաւուղ թագաւորին ծառայութիւն կ’ընէր, Սաւուղ փորձեց կրկին անգամ զինք մեռցնել։ Բայց ‘Տէրը Դաւիթին հետ էր’ (Ա. Թագ. 18։12)։ Որովհետեւ Դաւիթ անցեալին Եհովայի օգնութիւնը շօշափած էր, ան վստահ էր որ իր խնդիրներուն մէջ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։

16. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ‘ճաշակել’ ու տեսնել, թէ Եհովան բարի է։

16 Ո՛րքան աւելի Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրենք, ա՛յնքան աւելի վստահութիւն պիտի ունենանք, որ Եհովան մեզ պիտի ազատէ ապագային։ Ատեններ, որոշ պարագաներու մէջ կը գտնուինք, որոնք կը պահանջեն որ զօրաւոր հաւատք ունենանք եւ պատրաստ ըլլանք Եհովային ապաւինելու. օրինակ, երբ պէտք ըլլայ որ գործատէրէն խնդրենք արձակուրդ, որպէսզի ներկայ գտնուինք համաժողովի մը, կամ խնդրենք որ գործի յայտագիրը փոխէ, որպէսզի կարենանք բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալ եւ ծառայութեան ա՛լ աւելի մասնակցիլ։ Սեպենք որ գործատէրը մեր խնդրանքը մերժեց եւ մեր գործը կորսնցուցինք։ Հաւատք ունի՞նք, թէ Եհովան բնա՛ւ մեզ պիտի չձգէ եւ միշտ մեզի պէտք եղածը պիտի տայ (Եբ. 13։5)։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներէն շատեր կրնան պատմել փորձառութիւններ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իրենց օգնեց, երբ իր օգնութեան շատ պէտք ունէին։ Եհովան հաւատարիմ է։

17. 2022–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ տեղին է։

17 Եհովան մեր կողմը ըլլալով, պէտք չունինք գալիք օրերէն վախնալու։ Մեր Աստուածը մեզ պիտի չլքէ այնքան ատեն որ իր շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։ Կառավարիչ մարմինը, որպէս 2022–ի տարուան համար, ընտրած է Սաղմոս 34։10–ը. «Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի» (ԱԾ), որպէսզի մեզի յիշեցնէ, թէ պէտք է գալիք դժուար օրերուն համար հիմակուընէ պատրաստուինք եւ պէտք է վստահ ըլլանք որ Եհովան բնա՛ւ մեզ պիտի չլքէ։

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ 2022–ի տարուան համարը առնուած է Սաղմոս 34։10–էն. «Տէրը փնտռողներուն ո՛չ մէկ բարիք պիտի պակսի» (ԱԾ)։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն շատեր նիւթապէս քիչ բան ունին։ Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ անոնց ‘ո՛չ մէկ բարիք կը պակսի’։ Եւ այս համարին իմաստը հասկնալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ գալիք դժուար ժամանակներուն համար նախապատրաստուինք։

^ Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 2014 թիւին մէջ։

^ Տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 1999 թիւը, էջ 25-26։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Նոյնիսկ երբ Սաւուղ թագաւորէն փախչելու համար քարայրի մը մէջ պահուըտած էր, Դաւիթ կը գնահատէր ինչ որ Եհովան իրեն տուած էր։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, Եհովան որպէս ուտելիք անոնց տուաւ մանանան եւ չձգեց որ անոնց հագուստները մաշին։