Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3

Եհովան քեզի կ’օգնէ որ յաջողիս

Եհովան քեզի կ’օգնէ որ յաջողիս

«Տէրը Յովսէփին հետ էր... ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր» (ԾՆ. 39։2, 3

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. ա) Ինչո՞ւ չենք զարմանար, որ փորձութիւններ ունինք։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

 ՈՐՊԷՍ Եհովայի ծառաները, մենք չենք զարմանար, երբ փորձութիւններ կ’ունենանք։ Գիտենք որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ‘շատ նեղութիւն կրելով կրնանք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել’ (Գործք 14։21)։ Նաեւ գիտենք որ մեր խնդիրները լիովին պիտի չլուծուին, մինչեւ որ նոր աշխարհին մէջ ապրինք, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտ. 21։4

2 Եհովան մեզ փորձութիւններէ չի պաշտպաներ։ Բայց կ’օգնէ որ անոնց տոկանք։ Տե՛ս թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ ըսաւ Հռոմի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ Ան նա՛խ ըսաւ, թէ ինք եւ ուրիշ եղբայրներ ի՛նչ փորձութիւններէ կ’անցնէին։ Ետքը գրեց. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց» (Հռով. 8։35-37)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Եհովան կրնա՛յ քեզի յաջողութիւն տալ, նոյնիսկ երբ փորձութիւնը դեռ կը շարունակուի։ Տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յովսէփին յաջողութիւն տուաւ եւ ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։

ԵՐԲ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԱՆԱԿՆԿԱԼՕՐԷՆ ՓՈԽՈՒԻՆ

3. Յովսէփին կեանքը ինչպէ՞ս անակնկալօրէն փոխուեցաւ։

3 Յակոբ շատ յստակ դարձուց, որ իր տղան Յովսէփը շատ կը սիրէր (Ծն. 37։3, 4)։ Անոր համար, Յակոբին միւս տղաները Յովսէփին նախանձեցան։ Եւ երբ առիթը գտան, զինք ծախեցին մադիանացի վաճառականներու։ Այդ վաճառականները Յովսէփը տարին Եգիպտոս, որ իր ապրած տեղէն հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու էր։ Եւ զինք ծախեցին փարաւոնին պաշտօնեաներէն մէկուն՝ Պետափրէսին։ Յովսէփի կեանքը որքա՜ն արագ փոխուեցաւ։ Ան իր հօր շատ սիրելի զաւակի դիրքէն մէկ անգամէն իջաւ եգիպտացիի մը ստրուկի դիրքին (Ծն. 39։1

4. Ինչպէ՞ս կրնանք Յովսէփին պէս դժուարութիւն մը ունենալ։

4 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժող. 9։11)։ Ատեններ կ’ունենանք փորձութիւններ, որոնք ամէն մարդ կ’ունենայ (Ա. Կոր. 10։13)։ Կամ թերեւս չարչարուինք, պարզապէս քանի որ Յիսուսին աշակերտներն ենք։ Օրինակ, կրնան մեզ ծաղրել, մեզի հակառակիլ, կամ նոյնիսկ մեզ հալածել՝ մեր հաւատքին համար (Բ. Տիմ. 3։12)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ դժուարութիւնդ, Եհովան կրնա՛յ քեզի յաջողութիւն տալ։ Ան ինչպէ՞ս Յովսէփին յաջողութիւն տուաւ։

Եհովան Յովսէփին յաջողութիւն տուաւ, նոյնիսկ երբ ան Եգիպտոսի մէջ ծախուեցաւ Պետափրէսին ստրուկը ըլլալու (տե՛ս պարբ. 5)

5. Պետափրէս Յովսէփին յաջողութեան նկատմամբ ի՞նչ նկատեց (Ծննդոց 39։2-6

5 Կարդա՛ Ծննդոց 39։2-6։ Պետափրէս նկատեց թէ Յովսէփ շատ խելացի եւ աշխատասէր երիտասարդ մըն էր։ Եւ գիտէր թէ ինչո՛ւ այդպէս էր։ Պետափրէս տեսաւ որ «Տէրը [Յովսէփին] հետ է եւ թէ ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր» b։ Ի վերջոյ, այդ եգիպտացին Յովսէփը իր անձնական ծառան ըրաւ։ Ան նաեւ զինք իր ամբողջ տան վրայ պատասխանատու դրաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Պետափրէսին վիճակը բարելաւուեցաւ։

6. Թերեւս Յովսէփ իր պարագային նկատմամբ ի՞նչ զգաց։

6 Փորձէ պարագան տեսնել Յովսէփի տեսանկիւնէն։ Ան ամէնէն շատ ի՞նչ բան կ’ուզէր։ Պետափրէսին գնահատութիւնն ու վարձատրութի՞ւնը։ Աւելի հաւանական է որ Յովսէփ կ’ուզէր ազատ ըլլալ եւ իր հօր վերադառնալ։ Ի վերջոյ, չնայած Պետափրէսի տունին մէջ իր ունեցած բոլոր առանձնաշնորհումներուն, Յովսէփ տակաւին հեթանոս տիրոջ մը ստրուկն էր։ Եհովան Պետափրէսը չմղեց որ Յովսէփը ազատ արձակէ։ Եւ Յովսէփի պարագան դեռ աւելի գէշ պիտի դառնար։

ԵԹԷ ՊԱՐԱԳԱՆ ԱՒԵԼԻ ԳԷՇ ԴԱՌՆԱՅ

7. Ի՞նչ կերպով Յովսէփի պարագան ա՛լ աւելի գէշ դարձաւ (Ծննդոց 39։14, 15

7 Ինչպէս որ Ծննդոց գրքին 39–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, Պետափրէսի կինը Յովսէփը հաւնեցաւ եւ կրկին անգամ զինք ճնշեց որ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Ամէն անգամ Յովսէփ մերժեց։ Վերջապէս կինը այնքա՛ն ջղայնացաւ, որ ըսաւ, թէ Յովսէփ փորձած էր զինք բռնաբարել (կարդա՛ Ծննդոց 39։14, 15)։ Երբ Պետափրէս ասիկա լսեց, Յովսէփը բանտը նետեց եւ ան հոն քանի մը տարի անցուց (Ծն. 39։19, 20)։ Բանտը ի՞նչ տեսակ տեղ մըն էր։ «Գուբ» թարգմանուած եբրայերէն բառը՝ որ Յովսէփ գործածեց, կը նշանակէ «փոս», ցոյց տալով որ Յովսէփին շուրջը մութ էր եւ ինք անյոյս կը զգար (Ծն. 40։15)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ որոշ ժամանակ մը Յովսէփին ոտքերը կապեցին եւ անոր վիզը երկաթ անցուցին (Սաղ. 105։17, 18)։ Յովսէփի պարագան ա՛լ աւելի գէշ դարձաւ։ Սկիզբը ան ստրուկ էր, որուն կը վստահէին, բայց հիմա դարձաւ բանտարկեալ մը։

8. Նոյնիսկ եթէ փորձութիւն մը գէշ դառնայ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

8 Հետդ եղա՞ծ է, որ նեղացուցիչ պարագայի մը մէջ եղած ես եւ պարագադ աւելի գէշ դարձած է, հակառակ աղօթքներուդ։ Այդպէս կրնա՛յ ըլլալ։ Սատանային իշխած աշխարհին մէջ, Եհովան արգելք չըլլար որ փորձութիւններ ունենանք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Բայց կրնաս մէկ բանէ վստահ ըլլալ. Եհովան շատ լաւ տեղեակ է թէ ինչերէ՛ կ’անցնիս, եւ քեզ կը հոգայ (Մատ. 10։29-31. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Ասկէ զատ, ան խոստացած է. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5)։ Եհովան կրնայ քեզի օգնել տոկալու, նոյնիսկ երբ պարագադ անյոյս թուի։ Տեսնե՛նք թէ այս մէկը ինչպէ՛ս պատահեցաւ Յովսէփին։

Եհովան Յովսէփին հետն էր, նոյնիսկ երբ ան բանտն էր եւ բոլոր բանտարկեալներուն վրայ պատասխանատու դրուեցաւ (տե՛ս պարբ. 9)

9. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովան Յովսէփին հետ էր, երբ ան բանտարկուած էր (Ծննդոց 39։21-23

9 Կարդա՛ Ծննդոց 39։21-23։ Նոյնիսկ բանտարկութեան դժուար հանգրուանին, Եհովան Յովսէփին յաջողութիւն տուաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ժամանակի ընթացքին Յովսէփ բանտապետին վստահութիւնն ու յարգանքը շահեցաւ, ինչպէս Պետափրէսի պարագային եղած էր։ Շատ չանցած, բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր», այսինքն Յովսէփին հանդէպ լման վստահութիւն ունէր։ Հիմա Յովսէփ զբաղելիք գործ մը ունէր։ Ասիկա անակնկալ փոփոխութիւն մըն էր։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ այդպիսի պատասխանատուութիւն վստահուեցաւ բանտարկեալի մը, որ մեղադրուեցաւ փարաւոնին մէկ պաշտօնեային կինը բռնաբարելուն համար։ Ասիկա միայն մէկ կերպով կարելի է բացատրել։ Ծննդոց 39։23–ը կ’ըսէ. «Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր»։

10. Բացատրէ թէ ինչո՞ւ Յովսէփ թերեւս չզգաց որ ամէն բանի մէջ կը յաջողէր։

10 Նորէն փորձէ պարագան Յովսէփին տեսանկիւնէն դիտել։ Սխալ կերպով մեղադրուելէ եւ բանտարկուելէ ետք, քու կարծիքովդ, ան զգա՞ց թէ ամէն բանի մէջ կը յաջողէր։ Յովսէփ ամէնէն շատ ի՞նչ կ’ուզէր։ Արդեօք ան կ’ուզէր որ բանտապետը իրեն լաւ աչքո՞վ նայէր։ Աւելի հաւանական է որ Յովսէփ կ’ուզէր արդարացուիլ եւ ազատ արձակուիլ։ Ան նոյնիսկ ուրիշ բանտարկեալէ մը,– որ ազատ պիտի արձակուէր,– խնդրեց որ իրեն համար փարաւոնին խօսի, որպէսզի այդ նեղացուցիչ բանտէն դուրս հանուի (Ծն. 40։14)։ Բայց այդ մարդը մէկ կտոր փարաւոնին չխօսեցաւ։ Այդ պատճառով Յովսէփ դեռ երկու տարի ալ բանտը մնաց (Ծն. 40։23. 41։1, 14)։ Բայց Եհովան շարունակեց իրեն յաջողութիւն տալ։ Ինչպէ՞ս։

11. Եհովան Յովսէփին ի՞նչ յատուկ կարողութիւն տուաւ, եւ ատիկա ի՞նչ դեր ունեցաւ Եհովային նպատակը կատարելուն մէջ։

11 Երբ Յովսէփ բանտն էր, Եհովան Եգիպտոսի թագաւորին երկու մտահոգեցնող երազներ տուաւ։ Փարաւոն շատ ուզեց գիտնալ, թէ անոնք ի՛նչ կը նշանակէին։ Երբ գիտցաւ որ Յովսէփ կարողութիւնը ունէր երազներ մեկնաբանելու, զինք կանչեց։ Եհովայի օգնութեամբ, Յովսէփ երազները մեկնաբանեց, եւ փարաւոն տպաւորուեցաւ այն գործնական խրատով, որ իրեն տուաւ։ Երբ փարաւոն տեսաւ թէ Եհովան այս երիտասարդին հետ էր, զինք նշանակեց որ ամբողջ Եգիպտոսի մէջ ուտելիք ապահովէ (Ծն. 41։38, 41-44)։ Ետքը, խիստ սով մը եղաւ, որմէ ազդուեցաւ ոչ միայն Եգիպտոսը, հապա նաեւ Քանանը, ուր Յովսէփին ընտանիքը կ’ապրէր։ Հիմա Յովսէփ կրնար իր ընտանիքը ազատել եւ այսպէս պահպանել այն սերունդը, որմէ Մեսիան պիտի գար։

12. Ի՞նչ կերպերով Եհովան Յովսէփին յաջողութիւն տուաւ։

12 Մտածէ Յովսէփի կեանքին հետաքրքրական դէպքերուն մասին։ Ո՞վ Պետափրէսը մղեց, որ նկատէ Յովսէփը՝ պարզ ստրուկ մը։ Ո՞վ բանտապետը մղեց, որ լաւ աչքով նայի Յովսէփին՝ բանտարկեալի մը։ Ո՞վ մտահոգեցնող երազներ տուաւ փարաւոնին եւ Յովսէփին կարողութիւնը տուաւ, որ անոնք մեկնաբանէ։ Ո՞վ փարաւոնը մղեց, որ Յովսէփը նշանակէ Եգիպտոսի մէջ մարդոց ուտելիք ապահովելու (Ծն. 45։5)։ Յստակ է որ Եհովա՛ն Յովսէփին ամէն բանի մէջ յաջողութիւն տուաւ։ Վերջաւորութեան, Եհովան Յովսէփի եղբայրներուն չար ծրագիրը օգտագործեց որպէսզի իր նպատակը կատարէ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԵԶԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

13. Եհովան մեզի հետ եղած ամէն մէկ դէպքի կը միջամտէ՞. բացատրէ։

13 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովսէփի պատմութենէն։ Եհովան մեզի հետ եղած ամէն մէկ դէպքի կը միջամտէ՞։ Ան մեր կեանքին մէջ ամէն մէկ դէպք այնպէս մը կ’ուղղէ՞, որ գէշ բաները լաւ բանի դառնան։ Ո՛չ։ Այդ գաղափարը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չէ (Ժող. 8։9. 9։11)։ Բայց մէկ բանէ վստահ ենք։ Երբ փորձութեան մը մէջ ենք, Եհովան անկէ տեղեակ է եւ կը լսէ երբ իր օգնութեան կը դիմենք (Սաղ. 34։15. 55։22. Եսա. 59։1)։ Ատկէ զատ, Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ յաջողութեամբ տոկանք դժուարութիւններու։ Ինչպէ՞ս։

14. Դժուարութիւններու ատեն, Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։

14 Կերպերէն մէկը, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ, յաճախ ճիշդ ժամանակին մխիթարութիւն ու քաջալերութիւն տալն է (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Այդպէս պատահեցաւ Էզիզ անունով եղբօր մը, որ Թուրքմենիստանի մէջ երկու տարի բանտարկուեցաւ իր հաւատքին համար։ Եղբայրը կը պատմէ. «Դատիս օրը եղբայր մը ինծի ցուցուց Եսայի 30։15–ը, որ կ’ըսէ. ‘Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ’։ Այս համարը ինծի օգնեց, որ հանդարտ մնամ եւ ամէն բանի մէջ Եհովային ապաւինիմ։ Այս համարին մասին մտածելը ամբողջ բանտարկութեանս ժամանակամիջոցին ինծի օգնեց»։ Կրնա՞ս յիշել անգամ մը, երբ Եհովան քեզ մխիթարած ու քաջալերած է, երբ ամէնէն շատ ատոր պէտք ունէիր։

15-16. Ի՞նչ կը սորվիս Թորիի փորձառութենէն։

15 Յաճախ միայն դժուարութիւն մը անցնելէն ետք է, որ ետեւ նայելով կը տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի օգնած է։ Թորի անունով քրոջ մը հետ այդպէս եղաւ։ Իր տղան՝ Մեյսընը վեց տարի քաղցկեղ ունեցաւ եւ մեռաւ։ Խօսք չ’ուզեր որ Թորիին սիրտը կտոր–կտոր եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Չէի կրնար երեւակայել, թէ այսպիսի ցաւալի բան մը ինծի հետ պիտի պատահէր որպէս մայր»։ Ան կ’աւելցնէ. «Վստահ եմ ուրիշ ծնողներ ալ կը համաձայնին, որ աւելի լաւ է որ մե՛նք չարչարուինք, քան թէ մեր զաւակին չարչարանքը տեսնենք»։

16 Թէեւ Թորին շատ տխուր էր տեսնելով իր տղուն չարչարանքը, բայց ետքը ան մտածեց թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով իրեն օգնեց որ տոկայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ կը մտածեմ տղուս հիւանդութեան ամբողջ հանգրուանին մասին, կը տեսնեմ Եհովային ձեռքը։ Օրինակ, նոյնիսկ երբ Մեյսըն շա՛տ հիւանդ էր եւ չէր կրնար այցելուներ տեսնել, եղբայրներ ու քոյրեր երկու ժամ կը քշէին հիւանդանոց գալու համար։ Հիւանդանոցին մէջ միշտ կար մէկը, որ պատրաստ էր մխիթարելու։ Ասկէ զատ, եղբայրներն ու քոյրերը նիւթական գետնի վրայ ալ ամէն բան կ’ապահովէին մեզի։ Նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն, միշտ ունէինք մեզի պէտք եղածը»։ Եհովան Թորիին տուաւ այն ինչ որ պէտք էր, որպէսզի կարենար տոկալ, եւ նոյնը ըրաւ Մեյսընին համար (տե՛ս « Եհովան մեզի տուաւ ճիշդ ինչ որ պէտք ունէինք» շրջանակը)։

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ՀԱՄՐԷ

17-18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ տեսնենք եւ գնահատենք Եհովային օգնութիւնը փորձութիւններու ատեն (Սաղմոս 40։5

17 Կարդա՛ Սաղմոս 40։5։ Լեռը մագլցողին նպատակն է հասնիլ լերան գագաթը։ Բայց ճամբուն վրայ շատ մը առիթներ ունի կենալու եւ տեսարանը վայելելու։ Նոյն կերպով ժամանակ տուր որ կանոնաւորաբար կենաս ու մտածես, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի յաջողութիւն կու տայ, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնիս։ Ամէն մէկ օրուան վերջաւորութեան դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ կերպով Եհովային օրհնութիւնը տեսայ այսօր։ Թէեւ փորձութիւնս դեռ չվերջացաւ, Եհովան ինչպէ՞ս ինծի կ’օգնէ որ տոկամ’։ Տե՛ս գոնէ մէկ օրհնութիւն մը, որ Եհովան քեզի տուած է քեզի յաջողութիւն տալու համար։

18 Թերեւս կ’աղօթես որ փորձութիւնդ վերջանայ, եւ ատիկա հասկնալի ու տեղին է (Փլպ. 4։6)։ Բայց պէտք է նաեւ հիմա՛ մեր վայելած օրհնութիւններէն տեղեակ ըլլանք։ Ի վերջոյ, Եհովան կը խոստանայ որ մեզ պիտի զօրացնէ եւ պիտի օգնէ որ տոկանք։ Ուրեմն, բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն իրողութիւնը, որ Եհովան քեզի թիկունք կը կանգնի։ Այսպէս, պիտի տեսնես թէ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ յաջողիս, նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն, ինչպէս Յովսէփին օգնեց (Ծն. 41։51, 52

ԵՐԳ 27 Եհովայի կողմը դիրք բռնէ

a Երբ դժուար փորձութենէ մը կ’անցնինք, թերեւս չմտածենք որ Եհովան մեզի կ’օգնէ։ Թերեւս մտածենք որ Եհովային օգնութիւնը պիտի տեսնենք, միայն երբ փորձութիւնը վերջանայ։ Բայց Յովսէփի կեանքին մէջ եղած դէպքերը մեզի շատ կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն։ Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ յաջողինք, նոյնիսկ երբ փորձութիւններու մէջ ենք։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

b Աստուածաշունչը միայն քանի մը համարներու մէջ կը նկարագրէ Յովսէփի ստրկութեան ատեն եղած սկիզբի փոփոխութիւնները, բայց անոնք թերեւս պատահեցան քանի մը տարիներու ընթացքին։