ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5
«Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ»
«Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ... որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան» (Բ. Կոր. 5։14, 15)։
ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1-2. ա) Թերեւս ի՞նչ զգանք, երբ մտածենք Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
ԵՐԲ մեր սիրելիներէն մէկը մեռնի, զինք շատ կը կարօտնանք։ Սկիզբը թերեւս միայն ցաւ զգանք, երբ մտածենք իր մահէն առաջ եղած հանգրուանին մասին, մանաւանդ եթէ մեր սիրելին կը չարչարուէր։ Բայց ժամանակի ընթացքին, թերեւս սկսինք ուրախ զգալ, երբ մտածենք բանի մը մասին, որ ան մեզի սորվեցուց կամ կերպ մը, որով մեզ քաջալերեց։
2 Նոյնպէս, կը տխրինք երբ Յիսուսին չարչարանքին ու մահուան մասին կը կարդանք։ Մանաւանդ Յիշատակատօնի շրջանին, ժամանակ կու տանք որ իր փրկանքին կարեւորութեան մասին խոկանք (Ա. Կոր. 11։24, 25)։ Բայց նաեւ կ’ուրախանանք մտածելով Յիսուսի բոլոր ըսածներուն ու ըրածներուն մասին, մինչ երկրի վրայ էր։ Նաեւ կը քաջալերուինք մտածելով թէ ան ի՛նչ կ’ընէ հիմա եւ թէ մեզի համար ի՛նչ պիտի ընէ ապագային։ Խոկալով այս բաներուն շուրջ եւ այն սիրոյն շուրջ, որ մեզի հանդէպ ցոյց տուաւ, կը մղուինք մեր գնահատանքը ցոյց տալու գործնական կերպերով, ինչպէս այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻՆՔ
3. Ի՞նչ պատճառներ ունինք փրկանքին հանդէպ գնահատութեամբ լեցուելու։
3 Մեր սիրտը գնահատութեամբ կը լեցուի, երբ մտածենք Յիսուսի կեանքին ու մահուան մասին։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, ան մարդոց սորվեցուց այն օրհնութիւններուն մասին, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի բերէ։ Մենք մեծապէս կ’արժեւորենք Թագաւորութեան այս ճշմարտութիւնները։ Եւ մենք շնորհակալ ենք փրկանքին համար, քանի որ անիկա մեր առջեւ ճամբան կը բանայ, որ Եհովային ու Յիսուսին հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք։ Իսկ Յիսուսին հաւատացողները նաեւ յոյսը ունին յաւիտեան ապրելու եւ իրենց մեռած սիրելիները նորէն տեսնելու (Յովհ. 5։28, 29. Հռով. 6։23)։ Ճիշդ է որ մենք բան մը չենք ըրած որ այս օրհնութիւններուն արժանի ըլլանք, ոչ ալ կրնանք Աստուծոյ եւ Յիսուսին հատուցանել իրենց ըրածին համար (Հռով. 5։8, 20, 21)։ Բայց կրնանք իրենց ցոյց տալ մեր խոր գնահատանքը։ Ինչպէ՞ս։
4. Մարիամ Մագդաղենացին ինչպէ՞ս գնահատանք ցոյց տուաւ իրեն հանդէպ Յիսուսին ըրածին համար (տե՛ս նկարը)։
4 Նկատի առ հրեայ կնոջ մը՝ Մարիամ Մագդաղենացիին օրինակը։ Ան ցաւալի վիճակի մէջ էր. եօթը դեւեր զինք կը չարչարէին։ Ան թերեւս կը զգար որ ճար չունէր։ Երեւակայէ թէ ան որչա՜փ շնորհակալ ըլլալու էր Յիսուսէն, որ զինք այդ դեւերուն ազդեցութենէն ազատեց։ Իր գնահատանքը զինք մղեց, որ Յիսուսին հետեւորդը դառնայ եւ իր ժամանակը, ուժը եւ ստացուածքները գործածէ ծառայութեան մէջ իրեն թիկունք կանգնելու (Ղուկ. 8։1-3)։ Թէեւ Մարիամ խորապէս կը գնահատէր իրեն համար Յիսուսին ըրածը, բայց թերեւս ան տակաւին չէր գիտեր, թէ Յիսուս ապագային իրեն համար անկէ շա՜տ աւելին պիտի ընէր։ Ան իր կեանքը մարդկութեան համար պիտի զոհէր, ‘որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատար’ յաւիտենական կեանք ունենար (Յովհ. 3։16)։ Բայց եւ այնպէս, Մարիամ Յիսուսին հանդէպ իր գնահատանքը ցոյց տուաւ՝ հաւատարիմ մնալով։ Մինչ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ կը չարչարուէր, Մարիամ անոր մօտ կեցած էր՝ զգացական գետնի վրայ օգնելով իրեն եւ ուրիշներուն (Յովհ. 19։25)։ Իսկ երբ Յիսուս մեռաւ, Մարիամ եւ ուրիշ երկու կիներ խունկեր բերին՝ անոր մարմինը գերեզմանը դրուելու համար պատրաստելու (Մար. 16։1, 2)։ Մարիամին հաւատարմութիւնը առատապէս վարձատրուեցաւ։ Ան ուրախացաւ այն պատիւը ունենալով, որ յարութիւն առած Յիսուսը տեսնէ եւ անոր հետ խօսի, մինչդեռ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը այդ առիթը չունեցան (Յովհ. 20։11-18)։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք գնահատանք ցոյց տալ մեզի հանդէպ Եհովային ու Յիսուսին բոլոր ըրածներուն համար։
5 Մենք ալ կրնանք մեր գնահատանքը ցոյց տալ մեզի հանդէպ Եհովային ու Յիսուսին բոլոր ըրածներուն համար՝ մեր ժամանակը, ուժը եւ դրամական միջոցները գործածելով, որպէսզի Եհովային ծառայենք։ Օրինակ, կրնանք օգնել Եհովային պաշտամունքին մէջ գործածուելիք շէնքերը շինելու եւ նորոգելու։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՈՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՍԻՐԵՆՔ
6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ փրկանքը անձնական նուէր մըն է։
6 Երբ մտածենք թէ Եհովան եւ Յիսուսը որքա՜ն մեզ կը սիրեն, մենք ալ մեր կարգին կը մղուինք զիրենք սիրելու (Ա. Յովհ. 4։10, 19)։ Մենք զիրենք ա՛լ աւելի կը սիրենք, երբ կը գիտակցինք, որ Յիսուս յատուկ մեզի համար մեռաւ։ Պօղոս առաքեալ ասոր գիտակցեցաւ եւ իր գնահատանքը արտայայտեց, երբ գաղատացիներուն գրեց, ըսելով. «Աստուծոյ Որդ[ին]... զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Փրկանքին հիման վրայ, Եհովան քեզ իրեն քաշած է, որպէսզի իր բարեկամը ըլլաս (Յովհ. 6։44)։ Քու սիրտդ ուրախութեամբ չի՞ լեցուիր, երբ կը գիտնաս որ Եհովան մէջդ լաւ բան մը տեսած է եւ սուղ գին մը վճարած է, որպէսզի դուն իր բարեկամը սեպուիս։ Ասիկա Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ քու սէրդ չի՞ զօրացներ։ Լաւ կ’ըլլայ, որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Այդ սէրը զիս կը մղէ որ ի՞նչ ընեմ’։
7. Ինչպէս որ նկարին մէջ կը տեսնենք, ինչպէ՞ս կրնանք բոլորս ցոյց տալ որ Եհովան եւ Յիսուսը կը սիրենք (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15. 6։1, 2)։
7 Աստուծոյ եւ Քրիստոսին հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ որ ուրիշները սիրենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15. 6։1, 2)։ Մեր սէրը ցոյց տալու կերպ մըն է նախանձախնդրօրէն քարոզել։ Մենք կը խօսինք բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք։ Եւ մարդոց միջեւ տարբերութիւն չենք դներ իրենց ցեղին, ազգութեան, դրամական վիճակին կամ ընկերային ենթահողին հիման վրայ։ Այսպէս կը վարուինք Եհովային նպատակին համաձայն, որ «բոլոր մարդիկ փրկուին եւ ճշմարտութիւնը գիտնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։
8. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալ։
8 Նաեւ ցոյց կու տանք, որ Աստուած եւ Քրիստոս կը սիրենք՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալով (Ա. Յովհ. 4։21)։ Մենք անոնցմով կը հետաքրքրուինք եւ իրենց կ’օգնենք իրենց փորձութիւններուն ատեն։ Զիրենք կը մխիթարենք, երբ սիրելի մը կորսնցուցած են, իրենց կ’այցելենք, երբ հիւանդ են եւ ամէն ջանք կ’ընենք որ զիրենք քաջալերենք, երբ ընկճուած են (Բ. Կոր. 1։3-7. Ա. Թես. 5։11, 14)։ Շարունակ կ’աղօթենք իրենց համար, քանի որ գիտենք թէ «արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16)։
9. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք սէր ցոյց տալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։
9 Ուրիշ կերպ մը, որով կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալ, այն է որ ջանք ընենք իրար միջեւ եղած խաղաղութիւնը պահելու։ Կ’ուզենք ներելու մէջ Եհովան ընդօրինակել։ Ան ձգեց որ իր Որդին մեռնի մեր մեղքերուն համար, ուրեմն մենք ալ պէտք չէ՞ պատրաստ ըլլանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ներելու, երբ մեզի դէմ մեղք գործեն։ Մենք չենք ուզեր ըլլալ այն չար ծառային պէս, որ Յիսուս յիշեց իր առակներէն մէկուն մէջ։ Նոյնիսկ երբ այս ծառային տէրը ջնջեց իր մեծ պարտքը, ծառան չուզեց ջնջել իր ընկերոջ ունեցած պզտիկ պարտքը (Մատ. 18։23-35)։ Եթէ ժողովքէն մէկու մը հետ սխալ հասկացողութիւն ունեցած ես, կրնա՞ս Յիշատակատօնէն առաջ նախաքայլը առնել իրեն հետ խաղաղութիւն ընելու (Մատ. 5։23, 24)։ Այսպէս ընելով, ցոյց կու տաս որ Եհովան ու Յիսուսը կը սիրես։
10-11. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան սէր ցոյց տալ Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ (Ա. Պետրոս 5։1, 2)։
10 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ Եհովան եւ Յիսուսը կը սիրեն։ Կարեւոր կերպերէն մէկն է Յիսուսին ոչխարներուն պէտքերը հոգալ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։1, 2)։ Յիսուս այս մէկը յստակ դարձուց Պետրոս առաքեալին։ Պետրոս երեք անգամ Յիսուսը ուրանալէ ետք, հաւանաբար կ’ուզէր փաստել, որ զինք կը սիրէր։ Յարութիւն առնելէն ետք, Յիսուս Պետրոսին հարցուց. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Պետրոս պատրաստ էր ամէն բան ընելու, իր Տիրոջ հանդէպ իր սէրը փաստելու համար։ Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհ. 21։15-17)։ Եւ Պետրոս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին քնքշութեամբ հոգ տարաւ Տէրոջ ոչխարներուն, փաստելով որ զինք կը սիրէր։
11 Երէցնե՛ր, Յիշատակատօնի շրջանին, ինչպէ՞ս կրնաք ցոյց տալ որ Պետրոսին ուղղուած Յիսուսի խօսքը ձեզի համար կարեւոր է։ Կրնաք Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ ձեր սէրը ցոյց տալ՝ կանոնաւորաբար հովուական այցելութիւններ ընելով եւ յատուկ ջանք թափելով անգործունեաներուն օգնելու որ Եհովային վերադառնան (Եզեկ. 34։11, 12)։ Կրնաք նաեւ Յիշատակատօնին ներկայ եղող Աստուածաշունչի աշակերտները եւ նորեկները քաջալերել, իրենց զգացնելով որ ուրախ էք զիրենք տեսնելով, մինչ կը յուսաք որ իրենք ալ Յիսուսի հետեւորդները դառնան։
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ՔԱՋ ԸԼԼԱԼՈՒ
12. Ինչո՞ւ քաջութիւն կ’ունենանք, երբ կը մտածենք այն խօսքերուն մասին, որոնք Յիսուս ըսաւ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը (Յովհաննէս 16։32, 33)։
12 Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (կարդա՛ Յովհաննէս 16։32, 33)։ Ի՞նչ բան Յիսուսին օգնեց, որ իր թշնամիներէն չվախնայ եւ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնայ։ Ան Եհովային ապաւինեցաւ։ Գիտնալով որ իր հետեւորդները նման փորձութիւններէ պիտի անցնէին, Յիսուս Եհովայէն խնդրեց որ իր աչքը անոնց վրայ ըլլայ (Յովհ. 17։11)։ Ասիկա ինչո՞ւ մեզի քաջութիւն կու տայ։ Քանի որ Եհովան որեւէ թշնամիէ աւելի զօրաւոր է (Ա. Յովհ. 4։4)։ Իր աչքէն բա՛ն մը չի փախիր։ Մենք համոզուած ենք որ եթէ իրեն ապաւինինք, կրնանք մեր վախերը յաղթահարել եւ քաջ ըլլալ։
13. Արիմաթացի Յովսէփը ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուաւ։
13 Նկատի առ արիմաթացի Յովսէփին օրինակը։ Հրեաները զինք շատ կը յարգէին։ Ան Սենետրիոնի՝ հրէական Գերագոյն ատեանին մէկ անդամն էր։ Բայց ան Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին բնա՛ւ քաջ չէր։ Յովհաննէս ըսաւ որ ան Յիսուսին աշակերտն էր, «բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն» (Յովհ. 19։38)։ Յովսէփ Թագաւորութեան պատգամով հետաքրքրուած էր, բայց ուրիշներէն գաղտնի կը պահէր որ Յիսուսին կը հաւատար։ Վստահաբար, ան կը վախնար որ ընկերութեան մէջ իր բարձր դիրքը կրնար կորսնցնել։ Պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Յիսուսի մեռնելէն ետք, Յովսէփ վերջապէս «համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց» (Մար. 15։42, 43)։ Յովսէփ այլեւս չէր փորձեր ուրիշներէն պահել որ ինք Յիսուսին աշակերտն էր։
14. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ մարդու վախ ունիս։
14 Դուն ալ Յովսէփին պէս մարդու վախ ունի՞ս։ Դպրոցը կամ գործատեղը ատեններ կ’ամչնա՞ս ըսելու որ Եհովայի Վկայ ես։ Կը վախնա՞ս հրատարակիչ ըլլալու կամ մկրտուելու, քանի որ մտահոգ ես թէ ուրիշներ քու մասիդ ի՛նչ պիտի մտածեն։ Մի՛ ձգեր որ այս զգացումները քեզ ետ պահեն ճիշդը ընելէ։ Անկեղծօրէն Եհովային աղօթէ։ Եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի քաջութիւն տայ իր կամքը ընելու։ Մինչ կը տեսնես թէ Եհովան ինչպէ՛ս աղօթքներուդ կը պատասխանէ, ա՛լ աւելի պիտի զօրանաս եւ աւելի քաջ պիտի ըլլաս (Եսա. 41։10, 13)։
ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵՆՔ
15. Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէն ետք, անոնց ուրախութիւնը զիրենք մղեց որ ի՞նչ ընեն (Ղուկաս 24։52, 53)։
15 Յիսուսին աշակերտները շատ տխուր էին, երբ ան մեռաւ։ Դուն քեզ իրենց տեղը դիր։ Անոնք ոչ միայն կորսնցուցին իրենց սիրելի բարեկամը, հապա նաեւ՝ իրենց լման յոյսը (Ղուկ. 24։17-21)։ Բայց երբ Յիսուս իրենց երեւցաւ, իրենց օգնեց հասկնալու թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարեց։ Նաեւ իրենց կարեւոր գործ մը տուաւ (Ղուկ. 24։26, 27, 45-48)։ Երբ 40 օր ետք Յիսուս երկինք ելաւ, աշակերտներուն տխրութիւնը լման գացած էր։ Անոնք շատ ուրախ էին, գիտնալով որ իրենց Տէրը ողջ էր եւ պատրաստ էր իրենց օգնելու, որ իրենց նոր նշանակումը կատարէին։ Եւ այդ ուրախութիւնը զիրենք մղեց, որ շարունակ Եհովան փառաբանեն (կարդա՛ Ղուկաս 24։52, 53. Գործք 5։42)։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին աշակերտները ընդօրինակել։
16 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի աշակերտները ընդօրինակել։ Կրնանք ուրախութիւն գտնել Եհովան պաշտելով ոչ միայն Յիշատակատօնի շրջանին, հապա ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ Օրինակ, շատեր իրենց գործին յայտագիրը փոխած են, որպէսզի կարենան ծառայել, ժողովներու ներկայ ըլլալ եւ կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունք ընել։ Ոմանք նոյնիսկ որոշած են չունենալ նիւթական ստացուածքներ, որոնք ոմանց աչքին կարեւոր են, որպէսզի կարենան ժողովքին աւելի օգտակար ըլլալ կամ ծառայել հոն՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Ճիշդ է որ մենք տոկալու պէտք ունինք, որպէսզի շարունակ Եհովային ծառայենք, բայց ան կը խոստանայ որ մեզ առատապէս պիտի օրհնէ, եթէ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Առ. 10։22. Մատ. 6։32, 33)։
17. Այս Յիշատակատօնի շրջանին ի՞նչ որոշած ես ընել (տե՛ս նկարը)։
17 Անհամբեր կը սպասենք Յիշատակատօնի օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, ապրիլ 4–ին։ Բայց մի՛ սպասեր այդ օրուան որպէսզի մտածես Յիսուսի կեանքին ու մահուան մասին, ինչպէս նաեւ այն սիրոյն մասին, որ ինք ու Եհովան մեզի հանդէպ ցոյց տուած են։ Յիշատակատօնի ամիսներուն, ամէն առիթ օգտագործէ այդպէս ընելու համար։ Օրինակ, ժամանակ տուր կարդալու եւ խոկալու այն դէպքերուն շուրջ, որոնք յիշուած են «Յիսուսին վերջին շաբաթը երկրի վրայ» ցուցակին մէջ, որ կը գտնուի Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին մաս 16–ին մէջ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, փնտռէ Աստուածաշունչի հատուածներ, որոնք գնահատանքդ, սէրդ, քաջութիւնդ եւ ուրախութիւնդ կ’աւելցնեն։ Ետքը մտածէ մասնաւոր կերպերու մասին, որոնցմով կրնաս սրտագին գնահատանքդ ցոյց տալ։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Յիսուս շատ պիտի գնահատէ ամէն բան որ կ’ընես Յիշատակատօնի շրջանին զինք յիշելու համար (Յայտ. 2։19)։
ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»
a Յիշատակատօնի շրջանին, մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ խորապէս մտածենք Յիսուսի կեանքին ու մահուան մասին եւ թէ ինքն ու իր Հայրը ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուին մեզի հանդէպ։ Ասիկա կրնայ մեզ գործի մղել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք գործնական կերպեր, որոնցմով կրնանք ցոյց տալ, թէ փրկանքը կը գնահատենք եւ թէ Եհովան ու Յիսուսը կը սիրենք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մղուիլ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելու, քաջ ըլլալու եւ ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնելու։