Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Եթովպիացի պաշտօնեան ինչպիսի՞ կառքի մէջ էր, երբ Փիլիպպոս իրեն մօտեցաւ

ԱՅՍ դէպքին մէջ «կառք» թարգմանուած բառը կրնայ ակնարկել քանի մը տեսակ կառքերու (Գործք 8։28, 29, 38)։ Բայց այնպէս կ’երեւի թէ եթովպիացին պատերազմի կամ մրցումի համար գործածուող պզտիկ կառքի մը մէջ չէր, հապա՝ աւելի մեծ կառքի մը մէջ։ Տեսնենք կարգ մը պատճառներ։

Եթովպիացին բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն էր, որ երկար ճամբայ կտրած էր։ Ան «Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան [էր], որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր» (Գործք 8։27)։ Անցեալի Եթովպիան իր մէջ կ’ընդգրկէր՝ ներկայ Սուտանը եւ Եգիպտոսի հարաւէն մաս մը։ Թէեւ եթովպիացին հաւանաբար նոյն կառքով չըրաւ իր լման ճամբորդութիւնը, բայց մտքերնիս ունենանք որ ան իր հետ շատ պայուսակներ բերած ըլլալու էր իր այս երկար ճամբորդութեան համար։ Առաջին դարուն գործածուած կառքերէն ոմանք չորս անիւով էին եւ անոնց վրան գոց կ’ըլլար։ Գործք Առաքելոց գիրքին մասին բացատրութիւն տուող աղբիւրի մը համաձայն, «այս տեսակ կառքերը աւելի տեղ ունէին պայուսակներու եւ ուրիշ ապրանքներու համար, անոնց հետ երկար ճամբորդութիւններ ընելը աւելի հանգիստ էր եւ թերեւս ալ՝ աւելի դիւրին (Acts—An Exegetical Commentary

Եթովպիացին կը կարդար, երբ Փիլիպպոս իրեն մօտեցաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ [եթովպիացին] Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար» (Գործք 8։30)։ Ճամբորդութեան կառքերը արագ չէին ըլլար։ Եւ ասիկա կրնար առիթ տալ եթովպիացիին որ կարդայ, իսկ Փիլիպպոսին ալ՝ որ վազելով անոր կառքին հասնի։

Եթովպիացին «աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի» (Գործք 8։31)։ Մրցումի յատուկ կառքի մը մէջ, մարդիկ պէտք էր ոտքի կենային։ Բայց ճամբորդութեան յատուկ կառքի մը մէջ, շատ հաւանաբար նստելու տեղ կար թէ՛ եթովպիացիին եւ թէ Փիլիպպոսին։

Թէ՛ պատմական փաստերու եւ թէ Գործք 8–րդ գլուխին խօսքերուն համաձայն, վերջերս մեր հրատարակութիւններուն մէջի նկարները ցոյց կու տան, որ եթովպիացի պաշտօնեան մեծ կառքի մը մէջ նստած է եւ ոչ թէ՝ պզտիկ պատերազմի կամ մրցումի յատուկ կառքի մը մէջ։