Եհովային պէս կը վարուի՞ս կիներուն հետ
ՄԵՆՔ՝ տղամարդիկս, առանձնաշնորհումը ունինք ծառայելու շատ մը հաւատարիմ կիներու հետ։ Մենք կը սիրենք եւ կը գնահատենք այս հաւատարիմ եւ ծանր աշխատող քոյրերը a։ Ուրեմն, եղբայրներ, ջանացէք անոնց հետ ազնուութեամբ, իրաւունքով եւ յարգանքով վարուիլ։ Բայց քանի որ անկատար ենք, երբեմն ասիկա ընելը դիւրին չէ։ Եւ կարգ մը եղբայրներ ասոր մէջ շատ աւելի դժուարութիւն ունին։
Ոմանք մեծցած են մշակոյթներու մէջ, ուր տղամարդիկ ցած աչքով կը նային կիներուն։ Օրինակ, Պոլիվիայի մէջ ապրող Հանս անունով շրջանային տեսուչ մը, կ’ըսէ. «Ոմանք մեծցած են մշակոյթներու մէջ, ուր պզտիկ տարիքէն իրենց մտքին մէջ արմատ կապած է այն գաղափարը, որ կիները աւելի ցած են տղամարդոցմէ»։ Թայուանի մէջ ապրող Շանշիան անունով երէց մը, կ’ըսէ. «Ուր որ ես կ’ապրիմ, շատ մը էրիկմարդիկ կը կարծեն որ կիները պէտք չէ իրենց քիթը մտցնեն էրիկմարդոց գործին մէջ։ Եթէ էրիկմարդ մը բանի մը շուրջ կնոջ մը կարծիքը տայ, ընկերները իր վրան կը խնդան»։ Կան տղամարդիկ ալ, որոնք կիներուն հանդէպ իրենց այս կեցուածքը ցոյց կու տան ուրիշ կերպերով։ Օրինակ, անոնք կիներուն մասին անեկդոտներ կը պատմեն։
Ուրախ ենք, որ մէկը ինչ մշակոյթի մէջ ալ մեծցած ըլլայ, կրնա՛յ փոխուիլ եւ սորվիլ որ կիները աւելի ցած չեն տղամարդոցմէ (Եփ. 4։22-24)։ Տղամարդը ասիկա կրնայ ընել Եհովային օրինակին հետեւելով։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս կը վարուի կիներուն հետ, եղբայրները ինչպէ՛ս կրնան սորվիլ Եհովային պէս վարուիլ կիներուն հետ, եւ երէցները ինչպէ՛ս կրնան քոյրերը յարգելու մէջ ուրիշներուն օրինակ ըլլալ։
ԵՀՈՎԱՆ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ
Եհովան մեզի օրինակ է կիներուն հետ ինչպէ՛ս վարուելու մէջ։ Որպէս կարեկից հայր, ան իր բոլոր զաւակները կը սիրէ (Յովհ. 3։16)։ Հաւատարիմ քոյրերը իրեն համար արժէքաւոր զաւակներ են։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով կը պատուէ կիները։
Աստուած զատողութիւն չի դներ։ Եհովան տղամարդիկն ու կիները իր պատկերով ստեղծեց (Ծն. 1։27)։ Ան տղամարդիկը աւելի խելացի չստեղծեց, ոչ ալ կիներէն աւելի ձիրքեր տուաւ անոնց։ Ան տղամարդիկը կիներէն աւելի չի նախընտրեր (Բ. Մն. 19։7)։ Ան երկուքն ալ նոյն մտային կարողութեամբ ստեղծեց, որպէսզի Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները հասկնան եւ իր աղուոր յատկութիւնները ընդօրինակեն։ Եհովան հաւասարապէս կ’արժեւորէ այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք իրեն հանդէպ հաւատք ունին։ Ան երկուքին ալ տուած է երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը, կամ երկնքի մէջ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու յոյսը (Բ. Պետ. 1։1)։ Յստակ է որ Եհովան զատողութիւն չի դներ տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ։
Աստուած անոնց մտիկ կ’ընէ։ Եհովան հետաքրքրուած է կիներու զգացումներով եւ մտահոգութիւններով։ Օրինակի համար, Ան Ռաքէլի եւ Աննայի աղօթքները լսեց եւ անոնց պատասխանեց (Ծն. 30։22. Ա. Թագ. 1։10, 11, 19, 20)։ Եհովան նաեւ Աստուածաշունչը գրողները ներշնչեց որ գրեն տղամարդոց մասին, որոնք կիներուն մտիկ ըրին։ Օրինակի համար, երբ Եհովան Աբրահամին ըսաւ որ իր կնոջ Սառային մտիկ ընէ, ան հնազանդեցաւ (Ծն. 21։12-14)։ Դաւիթ թագաւորը Աբիգիային մտիկ ըրաւ, եւ նոյնիսկ զգաց, որ Եհովան է որ Աբիգիան ղրկած էր որ իրեն խօսի (Ա. Թագ. 25։32-35)։ Յիսուս ալ, որ կատարեալ կերպով իր հօրը յատկութիւնները ցոյց կու տայ, իր մօր՝ Մարիամին մտիկ ըրաւ (Յովհ. 2։3-10)։ Այս օրինակները կը շեշտեն թէ, Եհովան կիներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ՝ անոնց մտիկ ընելով։
Աստուած կը վստահի անոնց։ Օրինակ, Եհովան վստահեցաւ Եւային, որպէսզի Ադամին հետ միասին երկրին հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Այսպիսով, ան ցոյց տուաւ որ Եւան կը նկատէր ո՛չ թէ իր ամուսինէն՝ Ադամէն ցած մէկը, հապա՝ օգնական մը։ Եհովան նաեւ վստահեցաւ Դեբօրա եւ Ողդա մարգարէուհիներուն, որպէսզի խրատ տան ժողովուրդին, մէջը ըլլալով՝ թագաւոր մը եւ քահանայ մը (Դատ. 4։4-9. Դ. Թագ. 22։14-20)։ Ներկայիս ալ, Եհովան քրիստոնեայ կիներուն վստահած է որ իր գործը կատարեն։ Այս հաւատարիմ քոյրերը կը ծառայեն որպէս հրատարակիչներ, ռահվիրաներ եւ միսիոնարներ։ Անոնք կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահներ եւ մասնաճիւղեր ծրագրելու, շինելու եւ հոգ տանելու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք կը ծառայեն Բեթէլներու մէջ, ուրիշներ՝ թարգմանութեան գրասենեակներու։ Մեր քոյրերը մեծ բանակի մը պէս են, որ Եհովան կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար (Սաղ. 68։11, ԱԾ)։ Յստակօրէն, Եհովան կիները տկար կամ անկարող չի նկատեր։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՍՈՐՎԻԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԷՍ ՎԱՐՈՒԻԼ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Եղբայրներ, որպէսզի տեսնենք թէ մենք Եհովային պէս կը վարուի՞նք քոյրերուն հետ կամ ոչ, պէտք է անկեղծօրէն քննենք մեր մտածելակերպն ու գործերը։ Ասոր մէջ օգնութեան պէտք ունինք։ Ճիշդ ինչպէս որ Ք. ճառագայթի (X-ray) գործիքը մէկու մը սրտի առողջապահական վիճակը ցոյց կու տայ, նոյնպէս անկեղծ բարեկամ մը եւ Աստուծոյ խօսքը մեզի կ’օգնեն, որ տեսնենք եթէ Եհովային աչքով կը նայի՞նք կիներուն կամ ոչ։ Այս երկուքէն օգտուելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
Անկեղծ բարեկամի մը հարցուր (Առ. 18։17)։ Լաւ կ’ըլլայ որ վստահելի, ազնիւ եւ հաւասարակշռուած բարեկամի մը հարցնես ասանկ հարցումներ. «Քու կարծիքովդ, քոյրերուն հետ ինչպէ՞ս կը վարուիմ։ Արդեօք անոնք կը զգա՞ն որ ես զիրենք կը յարգեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ անոնց հետ աւելի լաւ կերպով վարուիլ»։ Եթէ բարեկամդ քեզի ըսէ, որ որոշ բաներու մէջ պէտք է բարելաւուիս, դուն քեզ մի պաշտպաներ, հապա ջանք ըրէ որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես։
Աստուծոյ խօսքը սերտէ։ Աստուծոյ խօսքը սերտելը ամէնէն լաւ կերպն է, որ մեր մտածելակերպն ու գործերը քննենք եւ տեսնենք թէ մեր քոյրերուն հետ լաւ կերպով կը վարուի՞նք կամ ոչ (Եբ. 4։12)։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, հոն կը տեսնենք որ կային տղամարդիկ, որոնք կիները յարգեցին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ մտածենք թէ մե՛նք ինչպէս կը վարուինք կիներուն հետ։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքի համարները իրարու հետ բաղդատելը մեզի կ’օգնէ, որ միայն մէկ համարի վրայ չկեդրոնանանք՝ կիներուն հանդէպ մեր սխալ կարծիքը փաստելու համար, հապա՝ քանի մը համարներ նկատի առնենք։ Օրինակ, Ա. Պետրոս 3։7–ի համաձայն, կիները պէտք է «տկար անօթի պէս» յարգուին b։ Ասիկա ըսել է՞, որ կիները տղամարդոցմէ աւելի ցած են կամ աւելի քիչ խելացութիւն կամ կարողութիւններ ունին։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Երբ Պետրոսի խօսքը բաղդատես Գաղատացիս 3։26-29–ի հետ, կը տեսնես որ Եհովան ոչ միայն տղամարդիկը, հապա կիներն ալ ընտրած է, որ Յիսուսի հետ իշխեն երկնքի մէջ։ Երբ Աստուծոյ խօսքը սերտենք եւ անկեղծ բարեկամի մը կարծիքը առնենք թէ մենք ինչպէ՛ս կը վարուինք կիներուն հետ, կրնանք սորվիլ քոյրերուն տալ այն յարգանքը, որուն արժանի են։
ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՅԱՐԳԵՆ ՔՈՅՐԵՐԸ
Ժողովքին եղբայրները կրնան լաւ երէցներու օրինակէն ալ սորվիլ, թէ քոյրերուն հետ ինչպէս յարգանքով վարուին։ Երէցները ինչպէ՞ս քոյրերուն հանդէպ յարգանք ցոյց տալու մէջ օրինակ կ’ըլլան։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր։
Երէցները կը գովեն քոյրերը։ Պօղոս առաքեալը երէցներուն համար լաւ օրինակ մըն է։ Հռոմի ժողովքին գրած իր նամակին մէջ, ան գովեց կարգ մը քոյրեր (Հռով. 16։12)։ Կրնա՞ս երեւակայել այս քոյրերը ո՛րքան ուրախացան, երբ Պօղոսին նամակը ժողովքին մէջ ամէնուն առջեւ կարդացուեցաւ։ Նմանապէս, երէցները առատապէս կը գովեն քոյրերը իրենց լաւ յատկութիւններուն եւ այն բաներուն համար, որոնք Եհովային համար կ’ընեն։ Ասիկա քոյրերուն կը զգացնէ ո՛րքան յարգուած եւ գնահատուած են։ Ատեններ, երէցի մը քաջալերական խօսքերը ճի՛շդ ժամանակին կու գան, եւ կ’օգնեն որ քոյրերը շարունակեն Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել (Առ. 15։23)։
Երէցները ջանք կ’ընեն, որ մասնայատուկ բաներու համար գովեն քոյրերը։ Ինչո՞ւ։ Ճեսիքա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մենք կ’ուրախանանք, երբ եղբայրները մեզի ըսեն՝ ‘վարձքդ կատար’։ Շատ կը քաջալերուինք երբ եղբայրները մասնայատուկ բանի մը համար մեզ գովեն։ Օրինակ, երբ մեր զաւակներուն կը սորվեցնենք, որ ժողովին հանդարտօրէն նստին եւ մտիկ ընեն, կամ երբ ժամանակ կը տրամադրենք, որ մեր դասը ժողովի բերենք»։ Երբ
երէցները մասնայատուկ բաներու համար կը գովեն քոյրերը, պատճառ կ’ըլլան որ քոյրերը զգան թէ ժողովքին մէջ իրենց պէտք կայ եւ թէ արժեւորուած են։Երէցները քոյրերուն մտիկ կ’ընեն։ Խոնարհ երէցները գիտեն, որ իրենք միակը չեն որ լաւ գաղափարներ ունին։ Անոնք քոյրերէն կը խնդրեն որ թելադրութիւններ տան, եւ երբ քոյրերը խօսին, ուշադրութեամբ անոնց մտիկ կ’ընեն։ Այսպէս, երէցները կը քաջալերեն քոյրերը եւ նոյն ատեն իրենք ալ ասկէ կ’օգտուին։ Ինչպէ՞ս։ Բեթէլին մէջ ծառայող Հերարտօ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Նկատած եմ, որ երբ քոյրերէն գաղափար ուզեմ, ատիկա ինծի կ’օգնէ որ ընելիքս աւելի լաւ կերպով ընեմ։ Քանի որ անոնք շատ անգամ եղբայրներէն աւելի աշխատած կ’ըլլան որոշ գործի մը մէջ»։ Ժողովքին մէջ, շատ մը քոյրեր կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ, այս պատճառաւ թաղամասին մէջի մարդոց մասին շատ բաներ գիտեն։ Պրայըն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Քոյրերը աղուոր յատկութիւններ եւ ձիրքեր ունին, որոնց կազմակերպութիւնը պէտք ունի։ Ուրեմն, օգտուինք անոնց փորձառութենէն»։
Իմաստուն երէցները շուտով չեն անտեսեր քոյրերուն թելադրութիւնները։ Ինչո՞ւ։ Էտուարտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Քրոջ մը կարծիքը եւ փորձառութիւնը կրնան եղբօր մը օգնել, որ հարց մը տարբեր անկիւնէ դիտէ, եւ ուրիշներուն զգացումները աւելի լաւ հասկնայ» (Առ. 1։5)։ Նոյնիսկ եթէ երէց մը քրոջ տուած թելադրութիւնը չգործադրէ, տակաւին կրնայ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել անոր գաղափարներուն եւ թելադրութիւններուն համար։
Երէցները կը մարզեն քոյրերը։ Իմաստուն երէցներ առիթներ կը փնտռեն որ քոյրերը մարզեն։ Օրինակի համար, անոնք քոյրերուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս դաշտի ծառայութեան ժողովները վարել, եթէ մկրտուած եղբայր մը հոն ներկայ չէ։ Անոնք քոյրերը կը մարզեն, որ մեծ գործիքներ կամ մեքենաներ աշխատցնեն, որպէսզի անոնք կարենան մեր կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցող շինարարական եւ նորոգութեան ծրագիրներու մասնակցիլ։ Իսկ Բեթէլներու մէջ, տեսուչները քոյրեր մարզած են, որպէսզի հոգ տանին նորոգութիւններու, գնումներու, հաշիւներու եւ համակարգիչի վրայ յայտագիրներ պատրաստելու։ Երբ երէցները քոյրերը մարզեն, անոնք ցոյց կու տան որ քոյրերը կը նկատեն կարող եւ վստահելի անձեր։
Շատ մը քոյրեր երէցներէն ստացած իրենց մարզումը կը գործածեն ուրիշներուն օգտակար դառնալու համար։ Օրինակ, կարգ մը քոյրեր շինարարութեան մէջ իրենց ստացած մարզումին միջոցաւ ուրիշներուն կ’օգնեն, որ իրենց տուները նորոգեն բնական աղէտէ մը ետք։ Ուրիշներ, հանրային վկայութեան մէջ իրենց ստացած մարզումը կը գործածեն, որպէսզի ուրիշ քոյրեր մարզեն։ Քոյրերը ի՞նչ կը զգան երէցներէն ստացած իրենց մարզումին նկատմամբ։ Ճենիֆըր անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութեան մասնակցեցայ, տեսուչ մը ժամանակ տրամադրեց որ ինծի մարզում տայ եւ գովեց իմ աշխատանքս։ Իրեն հետ աշխատիլը հաճելի էր, քանի որ ինծի զգացուց որ արժեւորուած եւ վստահելի եմ»։
ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՈՐՊԷՍ ՔՈՅՐԵՐ ՎԱՐՈՒԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Մենք հաւատարիմ քոյրերը կը սիրենք եւ անոնց հետ կը վարուինք ինչպէս Եհովան կը վարուի անոնց հետ (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Մենք պատիւ կը զգանք եւ հպարտ ենք որ անոնց հետ կը ծառայենք կողք–կողքի։ Նաեւ շատ կ’ուրախանանք, երբ անոնք կը զգան մեր սէրը։ Վանեսսա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Շատ շնորհակալ եմ Եհովային, որ կը պատկանիմ իր կազմակերպութեան, որ լեցուն է եղբայրներով, որոնք զիս կը քաջալերեն»։ Թայուանէն քոյր մը կ’ըսէ. «Շատ շնորհակալ եմ որ Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը այսքան արժէք կու տան կիներուն եւ անոնց զգացումներուն։ Ասիկա իմ հաւատքս կը զօրացնէ եւ կը ձգէ որ աւելի գնահատեմ Եհովային կազմակերպութեան մաս կազմելու առանձնաշնորհումը»։
Եհովան որքա՜ն հպարտ կը զգայ այն հաւատարիմ տղամարդոցմով, որոնք իրեն պէս կը սիրեն ու կը յարգեն կիները (Առ. 27։11)։ Սկովտիայէն եղող Պենճըմըն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Աշխարհին մէջ, շատ մը տղամարդիկ կիները բնաւ չեն յարգեր։ Ասոր համար, երբ կիները Թագաւորութեան սրահը մտնեն, կ’ուզենք որ զգան որ հոն տարբեր բան մը կայ»։ Թող որ մեր ամէն կարելին ընենք, որ Եհովային նմանինք եւ մեր սիրելի քոյրերուն տանք այն սէրն ու յարգանքը, որոնց արժանի են (Հռով. 12։10)։
a Այս յօդուածին մէջ, ‘քոյրեր’ բառը միշտ կ’ակնարկէ հոգեւոր քոյրերու եւ ոչ թէ մարմնաւոր քոյրերու։
b ‘Տկար անօթ’ արտայայտութեան մասին աւելի բացատրութիւն ստանալու համար, տե՛ս «Տկար անօթի մը արժէքը» յօդուածը (արաբ.), Դիտարան–ի 15 մայիս 2006 թիւին մէջ։ Եւ «Իմաստուն ուղղութիւն՝ ամոլներուն» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 մարտ 2005 թիւին մէջ։