ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4
ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս
Եհովան վրադ կը գուրգուրայ
«Եհովան շատ գուրգուրանք ունի» (ՅԱԿ. 5։11, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Եհովային սէրը մեզ իրեն կը մօտեցնէ, կը վերանորոգէ, նաեւ կը զգացնէ որ մենք ապահով ենք ու մեզի լաւ հոգ կը տարուի։
1. Երբ Եհովային մասին մտածես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։
ԵՐԲ Եհովային մասին մտածես, զինք ինչպէ՞ս կ’երեւակայես։ Երբ իրեն աղօթես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Թէեւ Եհովան չենք տեսներ, բայց Աստուածաշունչը զինք տարբեր կերպերով կը նկարագրէ։ Եհովան կոչուած է՝ «արեւ ու վահան», ինչպէս նաեւ «մաշող կրակ» (Սաղ. 84։11. Եբ. 12։29)։ Աստուածաշունչի գրողներէն մէկը՝ Եզեկիէլ, տեսիլքի մը մէջ, Աստուծոյ ներկայութիւնը նմանցուց «շափիւղայ քարի», փայլուն մետաղի եւ «ծիածանի» (Եզեկ. 1։26-28)։ Այս նկարագրութիւններէն ոմանք մեզ կրնան լաւ տպաւորել կամ ալ վախցնել։
2. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ ոմանք Եհովային չկրնան մօտենալ։
2 Թերեւս մեզմէ ոմանց համար դժուար է հաւատալ որ Եհովան մեզ կը սիրէ, քանի որ զինք չենք տեսներ, կամ ալ քանի որ անցեալին շատ չարչարուած ենք։ Թերեւս ալ չենք ունեցած հայր մը որ մեզ սիրած է։ Եհովան այս զգացումները կը հասկնայ եւ գիտէ թէ ասոնք ինչպէ՛ս կ’ազդեն մեր վրայ։ Եւ մեզի օգնելու համար, ան իր Խօսքին մէջ իր գեղեցիկ անձնաւորութիւնը նկարագրած է։
3. Ինչո՞ւ Եհովային սէրը մանրամասնօրէն պէտք է քննարկենք։
3 Եհովան նկարագրող լաւագոյն բառը սէրն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան ի՛նչ որ ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ։ Անոր սէրը այնքա՛ն ջերմ է, այնքա՛ն՝ զօրաւոր, որ ան այդ սէրը ցոյց կու տայ նոյնիսկ զինք չսիրողներուն հանդէպ (Մատ. 5։44, 45)։ Այս յօդուածին մէջ մանրամասնօրէն նկատի պիտի առնենք Եհովան եւ իր սէրը։ Որքա՛ն աւելի Աստուծոյ մասին սորվինք, այնքա՛ն աւելի զինք պիտի սիրենք։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ՇԱՏ ԿԸ ՍԻՐԷ
4. Եհովային գուրգուրանքը ի՞նչ զգացումներ կ’արթնցնէ մէջդ (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 «Եհովան շատ գուրգուրանք ունի» (Յակ. 5։11, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքին մէջ Եհովան ինքզինք կը նմանցնէ գուրգուրացող մօր մը (Եսա. 66։12, 13)։ Պահ մը երեւակայէ որ մայր մը ինչպէ՛ս սիրալիր կերպով հոգ կը տանի իր պզտիկին։ Ան նրբութեամբ զինք կը խաղցնէ իր գիրկին մէջ եւ մեղմ ու հանդարտ ձայնով մը կը խօսի իրեն։ Երբ պզտիկը լայ կամ ցաւ ունենայ, մայրը շուտով կը հոգայ իր պէտքերը։ Երբ մենք ալ նեղութեան մէջ ըլլանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Սաղմոս գրող մը ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19)։
5. Եհովային հաւատարիմ սէրը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար։
5 Եհովան «հաւատարիմ է» եւ ան մեզմէ վազ չանցնիր երբ կը սխալինք (Բ. Օր. 32։4)։ Անցեալին, իսրայէլացիները քանի՜ անգամներ յուսախաբ ըրին Եհովան, բայց երբ կը զղջային, Եհովան զանոնք կը վստահեցնէր որ կը սիրէր զիրենք։ Ան ըսաւ. «Իմ առջեւս պատուական եղար, պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի» (Եսա. 43։4, 5)։ Եհովան չէ փոխուած։ Մենք միշտ կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ կը սիրէ։ Նոյնիսկ եթէ անցեալին լուրջ սխալներ ըրած ենք, Եհովան մեզ երեսի վրայ չի ձգեր։ Երբ զղջանք եւ իրեն վերադառնանք, պիտի տեսնենք որ ան դեռ մեզ կը սիրէ եւ «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7)։ Ասիկա մեզ կը թարմացնէ եւ կը նորոգէ, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ (Գործք 3։19, 20)։
6. Զաքարիա 2։8–ը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
6 Կարդա՛ Զաքարիա 2։8։ Հոս Եհովան մեզ կը նմանցնէ իր աչքին բիբին։ Աչքը զգայուն եւ արժէքաւոր անդամ մըն է մեր մարմնին մէջ։ Ուրեմն, կարծես թէ Եհովան կ’ըսէ՝ ‘Ո՛վ ժողովուրդս, ան որ ձեզի վնաս կը հասցնէ, կարծես թէ վնաս կը հասցնէ բանի մը, որ ինծի համար շատ արժէքաւոր է’։ Քանի որ Եհովան մեզ կը սիրէ, շուտով կը հասկնայ մեր զգացումները եւ շատ կ’ուզէ մեզ պաշտպանել։ Երբ նեղուած ըլլանք, մեզի հետ կը նեղուի։ Ասոր համար, կրնանք վստահութեամբ աղօթել եւ ըսել. «Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛» (Սաղ. 17։8)։
7. Ինչո՞ւ պէտք է մեր վստահութիւնը զօրացնենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ։
7 Եհովան կ’ուզէ որ համոզուած ըլլանք, թէ ան ամէն մէկս կը սիրէ։ Բայց ան գիտէ որ ատեններ թերեւս կասկածինք որ ան մեզ կը սիրէ, քանի որ անցած ենք կամ հիմա կ’անցնինք գէշ պարագաներէ։ Հիմա նկատի պիտի առնենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’արտայայտէ իր սէրը՝ Յիսուսին, օծեալներուն եւ մեզի հանդէպ, որպէսզի մեր վստահութիւնը զօրացնենք, որ Ան մեզ կը սիրէ։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՐ ՍԷՐԸ Կ’ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ
8. Յիսուս ինչո՞ւ համոզուած էր, որ իր հայրը զինք կը սիրէ։
8 Եհովան եւ իր որդին Յիսուսը իրարու հետ միլիառաւոր տարիներ անցուցած են։ Չկայ մէկը որ այսքա՛ն երկար ժամանակ անցուցած է մէկու մը հետ։ Ասոր պատճառով, իրենք իրարու շատ մօտիկ են եւ իրար շատ կը սիրեն։ Մատթէոս 17։5–ին մէջ կը տեսնենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս իր սէրը արտայայտեց Յիսուսին հանդէպ։ Եհովան կրնար պարզապէս ըսել. ‘Ատիկա է, որուն հաւներ եմ’։ Բայց ան ուզեց որ մենք գիտնանք, թէ որքա՛ն կը սիրէ Յիսուսը, եւ անոր համար ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս»։ Եհովան Յիսուսով հպարտ էր, մանաւանդ քանի որ ան պատրաստ էր իր կեանքը տալու ուրիշներուն համար (Եփ. 1։7)։ Եւ Յիսուս կասկած չունէր որ իր հայրը զինք կը սիրէ, քանի որ կը զգար ատիկա։ Ան քանի մը առիթներով ըսաւ որ ինք վստահ էր, որ իր հայրը զինք կը սիրէ (Յովհ. 3։35. 10։17. 17։24)։
9. Ո՞ր արտայայտութիւնը կը նկարագրէ, որ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ օծեալները. բացատրէ (Հռովմայեցիս 5։5)։
9 Եհովան նաեւ իր սէրը կ’արտայայտէ օծեալներուն հանդէպ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։5)։ Նկատի առ համարին մէջ գործածուած «Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է» արտայայտութիւնը։ Աստուածաշունչի բառարան մը այս արտայայտութիւնը նկարագրելով կ’ըսէ, որ Աստուծոյ սէրը «գետի մը պէս մեր վրան կը հոսի»։ Ասիկա մեր մտքին մէջ կը տպաւորէ, որ Եհովան որքա՛ն շատ կը սիրէ օծեալները։ Անոնք գիտեն որ Աստուծոյ կողմէ սիրուած են (Յդ. 1, ՆԱ)։ Յովհաննէս առաքեալ օծեալներուն զգացումները արտայայտելով գրեց. «Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք» (Ա. Յովհ. 3։1)։ Լաւ, Եհովան միայն օծեալնե՞րը կը սիրէ։ Ո՛չ։ Ան իր սէրը արտայայտած է բոլորիս հանդէպ։
10. Քեզի հանդէպ Եհովային սիրոյն մեծագոյն փաստը ի՞նչ է։
10 Եհովային սէրը ամէնէն շատ փաստող բանը փրկանքն է։ Փրկանքին միջոցաւ Եհովան ոեւէ մէկէ աւելի սէր ցոյց տուած է մարդոց հանդէպ (Յովհ. 3։16. Հռով. 5։8)։ Եհովան թոյլ տուաւ որ իր թանկարժէք որդին բոլոր մարդկութեան համար մեռնի, որպէսզի մեր մեղքերը ներուին եւ իր բարեկամները դառնանք (Ա. Յովհ. 4։10)։ Որքա՛ն աւելի Եհովային եւ Յիսուսին վճարած գինին վրայ խոկանք, այնքա՛ն աւելի կը հասկնանք, թէ անոնք որքա՛ն կը սիրեն ամէն մէկս (Գաղ. 2։20)։ Փրկանքը չվճարուեցաւ պարզապէս քանի որ Եհովային արդարութիւնը կը պահանջէր ատիկա, հապա անիկա սիրոյ նուէր մըն է, որուն միջոցաւ Եհովան փաստած է, թէ մեզ կը սիրէ՝ զոհելով իրեն համար ամէնէն թանկագին եղող անձը՝ Յիսուսը։ Եհովան ձգեց որ իր Որդին մեզի համար չարչարուի ու մեռնի։
11. Երեմիա 31։3–էն ի՞նչ կը սորվինք։
11 Ինչպէս որ տեսանք, Եհովան իր սէրը իր մէջը չի պահեր, հապա՝ կ’արտայայտէ (կարդա՛ Երեմիա 31։3)։ Եհովան մեզ իրեն քաշած է, քանի որ մեզ կը սիրէ (համեմատէ՛ Բ. Օրինաց 7։7, 8)։ Չկայ բա՛ն մը եւ չկայ մէ՛կը, որ կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն (Հռով. 8։38, 39)։ Լաւ, Եհովային սէրը քու մէջդ ի՞նչ զգացումներ կ’արթնցնէ։ Կարդա՛ Սաղմոս 23 եւ տես թէ Եհովային սէրն ու գուրգուրանքը ինչպէ՛ս ազդեցին Դաւիթին եւ ինչպէ՛ս կրնան ազդել մեզի։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԷՐԸ ՄԷՋԴ Ի՞ՆՉ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ Կ’ԱՐԹՆՑՆԷ
12. Սաղմոս 23–ը ինչպէ՞ս կ’ամփոփես։
12 Կարդա՛ Սաղմոս 23։1-6։ Այս սաղմոսին մէջ, Դաւիթ վստահ էր որ Եհովան զինք կը սիրէ եւ իրեն հոգ կը տանի։ Ան իր եւ Եհովային միջեւ իր յարաբերութիւնը կը նկարագրէ եւ Եհովան կը կոչէ իր Հովիւը։ Դաւիթ ապահով զգաց, քանի որ Եհովան զինք կ’առաջնորդէր, եւ լիովին վստահեցաւ Եհովային։ Ան գիտէր թէ Եհովան իր կեանքին բոլոր օրերուն ընթացքին զինք պիտի սիրէր։ Ան ինչո՞ւ այսքան վստահ էր։
13. Դաւիթ ինչո՞ւ վստահ էր որ Եհովան իրեն հոգ պիտի տանէր։
13 «Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։ Դաւիթ զգաց որ Եհովան միշտ լաւ հոգ կը տանի իր բոլոր պէտքերուն։ Ասկէ զատ, Դաւիթ գիտէր որ Եհովան իր բարեկամն է եւ իրմով ուրախ է։ Ասոր համար Դաւիթ վստահ էր, որ Եհովան պիտի շարունակէր իր պէտքերուն հոգ տանիլ, ի՛նչ որ ալ պատահէր ապագային։ Դաւիթին այս վստահութիւնը իրեն օգնեց որ չմտահոգուի, հապա՝ ուրախ եւ գոհունակ ըլլայ (Սաղ. 16։11)։
14. Թերեւս Եհովան ինչպէ՞ս մեզի սիրալիր կերպով հոգ տանի։
14 Երբ մեր կեանքին մէջ գէշ բաներ պատահին, Եհովան սիրալիր կերպով հոգ կը տանի մեզի։ Քլերը a, որ 20 տարիէ աւելի ծառայած է Բեթէլին մէջ, անօգնական զգաց երբ իր ընտանիքը ետեւ–ետեւի խնդիրներ ունեցաւ։ Նախ, իր հայրը կաթուած մը անցուց։ Ետքը, իր քոյրերէն մէկը վտարուեցաւ։ Ասիկա չի բաւեր, իր ընտանիքին գործը ձախող գնաց, եւ վրան ալ տուներնին կորսնցուցին։ Եհովան ինչպէ՞ս իրենց հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ցոյց տուաւ։ Քլերը կ’ըսէ. «Եհովան իմ ընտանիքիս բոլոր պէտքերը օրը օրին հոգաց։ Շատ անգամներ ան մեզի պէտք եղածէն աւելի տուաւ։ Երբեմն կը մտածեմ այն վայրկեաններուն մասին, երբ Եհովային սէրը իմ մորթիս վրայ զգացի, եւ ատոնք ինծի համար արժէքաւոր ժամանակներ են եւ կ’օգնեն որ շարունակեմ տոկալ դժուար ժամանակներուն»։
15. Դաւիթ ինչո՞ւ նորոգուած զգաց (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 «Հոգիս կը նորոգէ»։ Ատեններ, Դաւիթ ընկճուած կը զգար այնքա՛ն որ խնդիրներ ու նեղութիւններ ունէր (Սաղ. 18։4-6)։ Բայց Եհովային սէրն ու գուրգուրանքը կը նորոգէր ու կը թարմացնէր զինք։ Եհովան իր յոգնած բարեկամը կը տանէր «խոտաւէտ արօտներ» եւ «հանդարտ ջուրերու քով»։ Ասոր համար, Դաւիթին ուժը նորոգուեցաւ եւ ան կրցաւ ուրախութեամբ Եհովային ծառայել (Սաղ. 18։28-32)։
16. Եհովային սէրը ինչպէ՞ս քեզ նորոգած է։
16 Նոյնպէս այսօր, երբ կեանքի նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները կը դիմագրաւենք, Եհովային սիրոյն եւ հաւատարմութեան պատճառաւ է որ ‘չենք անհետանար’ (Ող. 3։22, ԱԾ. Կող. 1։11)։ Նկատի առ Ռէյչիլի օրինակը։ Երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակի ընթացքին ամուսինը թէ՛ զինք եւ թէ Եհովան ձգեց–գնաց, ան բոլորովին քանդուած զգաց։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ իրեն համար։ Ռէյչըլ կ’ըսէ. «Եհովան զգացուց որ սիրուած եմ։ Ան զիս լաւ բարեկամներով շրջապատեց, որոնք հետս ժամանակ անցուցին, ճաշ բերին, քաջալերական մէսըճներ եւ համարներ ղրկեցին, ժպտացին ինծի եւ միշտ յիշեցուցին որ Եհովան ինծի հոգ կը տանի։ Շարունակ Եհովային շնորհակալ եմ, որ ինծի այս մեծ եւ սիրով լեցուն ընտանիքը տուաւ»։
17. Դաւիթ ինչո՞ւ չարէն չէր վախնար։
17 «Չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես»։ Շատ անգամ Դաւիթին կեանքը վտանգի տակ էր, քանի որ ան շատ մը զօրաւոր թշնամիներ ունէր։ Բայց Եհովային սէրը զինք ապահով եւ պաշտպանուած զգացուց։ Դաւիթ կը զգար որ Եհովան միշտ իրեն հետ էր, եւ ասիկա զինք հանգստացուց։ Ասոր համար, Դաւիթ սաղմոսի մը մէջ ըսաւ. «[Եհովան] իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց» (Սաղ. 34։4)։ Ճիշդ է որ Դաւիթ շատ անգամ կը վախնար, բայց Եհովային սէրը իր վախերէն աւելի զօրաւոր էր։
18. Երբ վախնաս, Եհովային սէրը ինչպէ՞ս կրնայ քեզ զօրացնել։
18 Երբ վախնալիք պարագաներէ կ’անցնինք, գիտնալը որ Եհովան մեզ կը սիրէ կրնայ մեզ զօրացնել։ Սուզի անունով ռահվիրայ քոյր մը կը նկարագրէ, թէ ինքը եւ իր ամուսինը ի՛նչ զգացին, երբ իրենց տղան անձնասպան եղաւ. «Երբ կեանքիդ մէջ շատ ցնցիչ դէպք մը պատահի, ասիկա վրադ շատ գէշ կերպով կ’ազդէ եւ բոլորովին յուսահատ կը դարձնէ։ Բայց Եհովային սէրն ու գուրգուրանքը մեզի զգացուց, որ մենք ապահով եւ պաշտպանուած ենք»։ Նախապէս յիշուած Ռէյչըլը կ’ըսէ. «Գիշեր մը երբ շատ տխուր կը զգայի, մտահոգ էի եւ կը վախնայի, բարձրաձայն Եհովային աղօթեցի։ Ճիշդ այդ վայրկեանին Եհովան սիրտս հանգստացուց եւ հանդարտեցուց, ինչպէս որ մայր մը իր զաւկին կ’ընէ։ Անկէ ետք, ես քունի անցայ։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ այդ վայրկեանը»։ Թասոս անունով երէց մը չորս տարի բանտ պառկեցաւ, քանի որ մերժեց բանակին միանալ։ Ան ինչպէ՞ս Եհովային սէրն ու գուրգուրանքը վայելեց։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան իմ բոլոր պէտքերուս աւելիով հոգ տարաւ։ Ասիկա իրեն հանդէպ իմ վստահութիւնս շատ զօրացուց։ Ասկէ զատ, իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Եհովան ինծի ուրախութիւն տուաւ, հակառակ անոր որ կը գտնուէի շատ գէշ միջավայրի մը մէջ։ Ասիկա ինծի օգնեց որ տեսնեմ, թէ որքա՛ն աւելի Եհովային վստահիմ, այնքա՛ն աւելի ինծի հանդէպ իր սէրը պիտի զգամ։ Ատոր համար, մինչ տակաւին բանտն էի, սկսայ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ»։
ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅԴ ՄՕՏԵՑԻՐ
19. ա) Մեր աղօթքները ինչպէ՞ս կ’ազդուին, երբ գիտնանք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ բ) Եհովային սիրոյն մասին ըսուած ո՞ր խօսքերը սրտիդ կը դպչին (տե՛ս « Եհովային ջերմ սէրը արտայայտող խօսքեր, որոնք մեր սրտին կը դպչին» տուփը)։
19 Մինչեւ հիմա մեր նկատի առած փորձառութիւնները կը փաստեն, որ Եհովան՝ սիրոյ Աստուածը՝ մեզի հետ է (Բ. Կոր. 13։11)։ Ան մեր ամէն մէկովս հետաքրքրուած է։ Մենք համոզուած ենք որ ինք մեզ ‘իր սիրով պատած է’ (Սաղ. 32։10)։ Որքա՛ն աւելի խոկանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր սէրը արտայայտած է մեզի հանդէպ, այնքա՛ն աւելի մօտիկ կը զգանք իրեն։ Մենք կրնանք առանց քաշուելու իրեն աղօթել եւ ըսել, որ որքա՜ն պէտք ունինք իր սիրոյն։ Կրնանք մեր բոլոր հոգերը իրեն պատմել, քանի որ վստահ ենք որ մեզ կը հասկնայ եւ սրտանց կ’ուզէ մեզի օգնել (Սաղ. 145։18, 19)։
20. Եհովային սէրը ինչպէ՞ս մեզ իրեն աւելի կը մօտեցնէ։
20 Ճիշդ ինչպէս որ պաղ օրուան մը ընթացքին կրակին տաքութիւնը մեզ իրեն կը մօտեցնէ, նոյնպէս ալ Եհովային ջերմ սէրը մեզ իրեն կը մօտեցնէ։ Թէեւ Եհովային սէրը կրակի պէս շատ զօրաւոր է, բայց ատոր մէջը գուրգուրանք կայ։ Ուրեմն, ուրախացի՛ր քանի որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ թող որ բոլորս ալ գնահատելով իր այս սէրը, ըսենք. «Ես Տէրը կը սիրեմ» (Սաղ. 116։1, ԱԾ)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Ինչպէ՞ս կը նկարագրես Եհովային սէրը։
-
Ինչո՞ւ կրնաս համոզուած ըլլալ որ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ։
-
Եհովային սէրը ի՞նչ զգացումներ կ’արթնցնէ մէջդ։
ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։