ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3
ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք
Եհովան քեզի պիտի օգնէ դժուար ժամանակներուն
«[Եհովան] քու ժամանակներուդ հաստատութիւնն է» (ԵՍԱ. 33։6, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Ի՞նչ կրնանք ընել, որ Եհովային տուած օգնութենէն օգտուինք դժուարութիւններու ատեն։
1-2. Եհովային հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենան։
ԳԷՇ դէպքերը կրնան մէկու մը կեանքը մէկ օրուան մէջ փոխել։ Օրինակ, օր մը Լուիս a անունով հաւատարիմ եղբայր մը գիտցաւ որ քաղցկեղ ունի։ Բժիշկը իրեն ըսաւ, որ միայն քանի մը ամիս պիտի ապրի։ Մոնիքան եւ իր ամուսինը հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած զոյգ մըն էին։ Օր մը, Մոնիքան գիտցաւ որ իր ամուսինը, որ երէց մըն է, տարիներէ ի վեր գաղտնի մեղք կը գործէր։ Իսկ Օլիվիա անունով ամուրի քոյր մը ստիպուեցաւ իր տունը ձգել–երթալ, քանի որ գիտցաւ որ շատ զօրաւոր փոթորիկ մը պիտի գար։ Երբ վերադարձաւ, տեսաւ որ փոթորիկը լման քանդած էր իր տունը։ Մէկ խօսքով, այս անհատներուն կեանքը մէկ օրէն միւսը լման փոխուեցաւ։ Քեզի հետ ալ այսպիսի բան մը պատահա՞ծ է, որ մէկէն կեանքդ տակնուվրայ ըրած է։
2 Թէեւ Եհովային հաւատարիմ ծառաներն ենք, մենք ալ ուրիշներուն պէս դժուարութիւններ եւ հիւանդութիւններ կ’ունենանք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ ժողովուրդը ատողներուն կողմէ կը հալածուինք։ Թէեւ Եհովան արգելք չ’ըլլար, որ մենք այսպիսի դժուարութիւններ ունենանք, բայց ան կը խոստանայ մեզի օգնել (Եսա. 41։10)։ Իր օգնութեամբ, մենք կրնանք ուրախ մնալ, ճիշդ որոշումներ առնել եւ իրեն հաւատարիմ մնալ, նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս կերպեր, որոնց միջոցաւ Եհովան մեզի կ’օգնէ մեր դժուար ժամանակներուն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ մենք ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի իր տուած օգնութենէն օգտուինք։
ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՊԱՀՊԱՆԷ
3. Երբ մեզի հետ ցաւալի բան մը պատահի, թերեւս ի՞նչ զգանք։
3 Դժուարութիւնը։ Երբ մեզի հետ ցաւալի բան մը պատահի, թերեւս զգանք որ մեր խելքը տեղը չէ եւ դժուար է որ որոշումներ առնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չափէ դուրս ցաւ կը զգանք եւ կը մտահոգուինք։ Թերեւս այնպէս մը զգանք որ չորս կողմերնիս մշուշ է եւ չենք գիտեր ո՛ր ճամբան պիտի բռնենք։ Տե՛ս թէ նախապէս նշուած երկու քոյրերը ի՛նչ զգացին դժուարութեան ժամանակ։ Օլիվիան կ’ըսէ. «Տունս փոթորիկին պատճառով քանդուելէն վերջ, կորսուած եւ տակնուվրայ զգացի»։ Իսկ Մոնիքան իր ամուսինին դաւաճանութեան մասին կ’ըսէ. «Ես միայն յուսախաբ չեղայ, հապա զգացի որ մէկը դանակ մտցուց սրտիս։ Նոյնիսկ առօրեայ գործերս չէի կրնար ընել։ Չէի երեւակայեր, որ օրին մէկը տունս գլխուս պիտի փլէր»։ Լաւ, երբ տակնուվրայ զգանք, Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։
4. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ մեզի։
4 Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ Ան կը խոստանայ մեզի տալ այն խաղաղութիւնը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կոչուած է «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Այս խաղաղութիւնը սրտի եւ մտքի այն հանգստութիւնն ու հանդարտութիւնն է, որ կը զգանք երբ Եհովային բարեկամներն ենք։ Այս խաղաղութիւնը «ամէն մտքէ վեր է», այսինքն՝ ատիկա մեր երեւակայածէն աւելի հոյակապ է։ Օրինակ, օր մը օրանց Եհովային ջերմ աղօթք մը ընելէ ետք զարմանալիօրէն խաղաղութիւն զգացա՞ծ ես մէջդ։ Ատիկա «Աստուծոյ խաղաղութիւնն» է։
5. Աստուծոյ խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս մեր սրտերը ու մտքերը կը պահպանէ։
5 Նոյն համարը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը «պիտի պահպանէ», կամ՝ պաշտպանէ, «ձեր սրտերը ու մտքերը»։ «Պահպանել» թարգմանուած յունարէն բառը, զինուորական բառ մըն էր եւ կը գործածուէր նկարագրելու համար այն զինուորները, որոնք քաղաք մը կը պաշտպանէին թշնամիներէն։ Քաղաքին բնակիչները խաղաղութեամբ կը քնանային, գիտնալով որ քաղաքին դռներուն առջեւ պահակներ դրուած են։ Նոյնպէս ալ երբ Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր սիրտը ու միտքը պահպանէ, մենք հանդարտ կը զգանք, գիտնալով որ ապահով ձեռքերու մէջ ենք (Սաղ. 4։8)։ Նոյնիսկ եթէ մեր պարագան անմիջապէս չփոխուի, տակաւին որոշ խաղաղութիւն մը կը զգանք, ինչպէ՛ս որ Սամուէլին մայրը՝ Աննան զգաց (Ա. Թագ. 1։16-18)։ Եւ երբ այդ հանդարտութիւնը զգանք, մեր խելքը աւելի լաւ կ’աշխատի եւ իմաստուն որոշում առնելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ։
6. Ի՞նչ կրնանք ընել, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունենանք (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Երբ նեղութեան մէջ ես, ‘պահակները’ կանչէ, այսինքն՝ շարունակէ աղօթել մինչեւ որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը զգաս (Ղուկ. 11։9. Ա. Թես. 5։17)։ Նախապէս յիշուած Լուիսը կը բացատրէ, որ ինքը եւ իր կինը՝ Անան, ի՛նչ ըրին երբ գիտցան, որ ինքը միայն քանի մը ամիս պիտի ապրի։ Ան ըսաւ. «Ասանկ ժամանակներուն, շատ դժուար է առողջութեան եւ ուրիշ բաներու մասին որոշումներ առնելը։ Բայց աղօթքը մեզի շատ օգնեց, որ խաղաղութիւն ունենանք»։ Լուիսը եւ իր կինը ըսին, որ միշտ ջերմ աղօթքներ կ’ընէին, եւ Եհովայէն կը խնդրէին որ իրենց տայ մտքի խաղաղութիւն, հանդարտութիւն եւ իմաստութիւն, որ լաւ որոշումներ առնեն։ Անոնք իրենց մորթին վրայ զգացին Եհովային օգնութիւնը։ Եթէ նեղութեան մէջ ես, անդադար աղօթք ըրէ, եւ դուն ալ պիտի զգաս Եհովային խաղաղութիւնը, որ քու սիրտդ ու միտքդ կը պահպանէ (Հռով. 12։12)։
ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՀԱՍՏԱՏ ՊԻՏԻ ՊԱՀԷ
7. Երբ դժուարութիւն մը ունենանք, թերեւս ի՞նչ զգանք։
7 Դժուարութիւնը։ Երբ դժուարութենէ մը անցնինք, մեր զգացումները, մտածումները եւ արարքները թերեւս հաւասարակշռուած չըլլան։ Կրնանք զգալ որ մեր զգացումները ալիքներու պէս մեզ ասդին–անդին կը զարնեն։ Նախապէս նշուած Անան ըսաւ, թէ Լուիսին մահէն ետք տարբեր–տարբեր զգացումներ ունեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ պարապութիւն զգայի, կը սկսէի ես իմ վրաս խղճալ։ Երբեմն ալ կը ջղայնանայի, քանի որ Լուիսը ձգեց–գնաց»։ Ասկէ զատ, Անան առանձին կը զգար եւ կը յոգնէր, քանի որ ատեններ որոշումներ պիտի առնէր, որոնք նախապէս Լուիսը կ’առնէր։ Երբեմն ալ կը զգար որ ծովուն մէջտեղը փոթորիկի բռնուած է։ Եհովա Աստուած ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ այսպիսի զգացումներու մէջ ընկղմած ենք։
8. Ինչպէս որ Եսայի 33։6–ին մէջ յիշուած է, Եհովան ի՞նչ բանի նկատմամբ մեզ կը վստահեցնէ։
8 Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ Ան մեզ կը վստահեցնէ, որ մեզ հաստատ պիտի պահէ։ Եսայի 33։6–ը (ՆԱ) ասիկա յստակ կը դարձնէ, ուր կ’ըսէ որ Եհովան «քու ժամանակներուդ հաստատութիւնն է»։ Երբ փոթորիկ ելլէ, նաւը կը սկսի աջ ու ձախ օրօրուիլ։ Ասոր համար, կարգ մը նաւեր հաստատ մնալու համար, ջուրին տակ թեւի նման բաներ ունին իրենց երկու կողմերը։ Ատոնք կ’օգնեն որ նաւը շատ չօրօրուի եւ նաւուն մէջ եղողները աւելի ապահով ու հանգիստ զգան։ Բայց շատ անգամ այս թեւերը արդիւնք տալու համար, նաւը պէտք է շարունակ շարժումի մէջ ըլլայ։ Նոյն կերպով, Եհովան ալ մեզ հաստատ պիտի պահէ, եթէ մենք ալ շարունակենք հաւատարմօրէն իրեն ծառայել դժուարութիւններու ընթացքին։
9. Մեր փնտռտուքի գործիքները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել, որ մեր հաւասարակշռութիւնը պահենք (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
9 Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Երբ զգացական փոթորիկի մը մէջ ես, լաւագոյնդ ըրէ որպէսզի հոգեւոր ռութինդ պահես։ Թերեւս չկրնաս առաջուան չափ գործունեայ ըլլալ, բայց յիշէ որ Եհովան մեր կարողութենէն աւելին չ’ակնկալեր մեզմէ (համեմատէ՛ Ղուկաս 21։1-4)։ Ասկէ զատ, անձնական ուսումնասիրութեան եւ խոկալու համար կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան շատ օգտակար սուրբգրային տեղեկութիւններ կու տայ, որպէսզի մեզի օգնէ մեր հաւասարակշռութիւնը պահելու։ Քեզի պէտք եղածը գտնելու համար, կրնաս հետեւեալ գործիքներէն օգտուիլ. օրինակ, JW Library® էփը, Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ (արաբ.) եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութիւնները։ Նախապէս յիշուած Մոնիքան կ’ըսէ, որ երբ զգար թէ զգացական փոթորիկ մը կը մօտենար, անմիջապէս կը դիմէր մեր փնտռտուքի գործիքներուն որպէսզի խրատ ստանար։ Օրինակ, կը փնտռէր «բարկութիւն», «դաւաճանութիւն» կամ «հաւատարմութիւն» բառերը։ Ետքը կը սկսէր անոնց մասին կարդալ, մինչեւ որ հանգիստ զգար։ Ան կ’ըսէ. «Երբ սկսէի պրպտել, սկիզբը ջղագրգիռ կ’ըլլայի, բայց մինչ կը կարդայի, կը զգայի թէ Եհովան ինծի փաթթուկ կ’ընէր։ Կամաց–կամաց անդրադարձայ, որ Եհովան իմ բոլոր տարբեր–տարբեր զգացումներս կը հասկնայ եւ ինծի կ’օգնէ»։ Եհովային տուած այս օգնութիւնը կրնայ քեզի՛ ալ օգնել, որպէսզի փոթորիկէն դուրս գալով հանդարտ ջուրերու մէջ լողաս (Սաղ. 119։143, 144)։
ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱՑՆԷ
10. Շատ ցնցիչ դէպքէ մը ետք, թերեւս ինչպէ՞ս զգանք։
10 Դժուարութիւնը։ Երբ մեզի հետ շատ ցնցիչ բան մը պատահի, թերեւս օրեր ըլլան որ տկար զգանք եւ մեր տրամադրութիւնը քանդուած ըլլայ։ Թերեւս զգանք այն վիրաւորուած մարզիկին պէս, որ ժամանակին շատ արագ կը վազէր, բայց հիմա կաղալով կը քալէ։ Կրնայ ըլլալ որ այլեւս մեզի համար դժուար ըլլայ ընել բաներ, որ ժամանակին շատ դիւրաւ կ’ընէինք։ Կամ թերեւս ալ նոյնիսկ փափաքը չունենանք ընելու բաներ, որ ժամանակին հաճոյքով կ’ընէինք։ Կրնայ ըլլալ որ Եղիային պէս ոտքի կենալու ոյժ չունենանք եւ միայն ուզենք պառկիլ (Գ. Թագ. 19։5-7)։ Լաւ, երբ տկար զգանք, Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ ընել։
11. Եհովան ուրիշ ի՞նչ կերպով մեզի կ’օգնէ (Սաղմոս 94։18)։
11 Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ Եհովան կը խոստանայ մեզ զօրացնել (կարդա՛ Սաղմոս 94։18)։ Ճիշդ ինչպէ՛ս որ վիրաւոր մարզիկ մը շարժելու համար մէկու մը օգնութեան պէտք ունի, մենք ալ Եհովային ծառայութեան մէջ գործունեայ մնալու համար թերեւս օգնութեան պէտք ունենանք։ Այսպիսի ժամանակներուն Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, ըսելով. «Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսա. 41։13)։ Դաւիթ թագաւոր այս օգնութիւնը վայելեց։ Երբ ան դժուարութիւններ ունեցաւ եւ թշնամիները իրեն դէմ ելան, ան Եհովային ըսաւ. «Քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց» (Սաղ. 18։35)։ Բայց Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը զօրացնէ։
12. Երբ տկար կը զգանք, Եհովան թերեւս որուն միջոցաւ մեզի օգնէ։
12 Եհովան շատ անգամ ուրիշներուն միջոցաւ մեզ կը զօրացնէ։ Օրինակ, անգամ մը երբ Դաւիթ տկար կը զգար, իր բարեկամը՝ Յովնաթանը՝ իրեն այցելեց եւ զինք զօրացուց ու քաջալերեց (Ա. Թագ. 23։16, 17)։ Նմանապէս, Եհովան Եղիսէին միջոցաւ գործնական կերպով օգնեց Եղիային (Գ. Թագ. 19։16, 21. Դ. Թագ. 2։2)։ Այսօր ալ Եհովան կրնայ մեր ընտանիքին, ընկերներուն կամ երէցներուն միջոցաւ մեզ զօրացնել։ Բայց երբ ընկճուած զգանք, թերեւս նախընտրենք մինակ մնալ։ Ասիկա բնական զգացում մըն է։ Լաւ ի՞նչ կրնանք ընել, որ Եհովային օգնութիւնը ստանանք։
13. Եհովային տուած զօրութենէն օգտուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ամէն ջանք ըրէ որ չառանձնանաս։ Երբ առանձնանանք, շատ անգամ կը կեդրոնանանք միայն մեր անձին եւ մեր խնդիրներուն վրայ։ Եւ ասիկա կրնայ մեր առնելիք որոշումներուն ազդել (Առ. 18։1)։ Անշուշտ, բոլորս ալ ատեններ կ’ուզենք առանձին մնալ, մանաւանդ երբ շատ գէշ պարագաներէ կ’անցնինք։ Բայց եթէ երկար ժամանակ առանձնանանք, ասիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ մերժենք այդ միջոցը, որով Եհովան կ’ուզէ մեզ զօրացնել։ Ուրեմն, որքա՛ն ալ գէշ ըլլայ այդ պարագան որմէ կ’անցնինք, ընդունէ՛ երբ ընտանիքդ, բարեկամներդ եւ երէցներդ ուզեն քեզի օգնել։ Անդրադարձի՛ր որ Եհովան անոնց միջոցաւ քեզ կը զօրացնէ (Առ. 17։17. Եսա. 32։1, 2)։
ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՄԽԻԹԱՐԷ
14. Ի՞նչ բաներ թերեւս մեզ վախցնեն։
14 Դժուարութիւնը։ Թերեւս օրեր ըլլան որ վախնանք։ Սուրբ Գիրքի օրերուն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները անցան պարագաներէ, երբ իրենց թշնամիներուն կամ ուրիշ բաներու պատճառով վախցան (Սաղ. 18։4. 55։1, 5)։ Ներկայիս, մենք ալ թերեւս հակառակութեան հանդիպինք դպրոցին մէջ, գործին մէջ, մեր ընտանիքին կողմէ կամ կառավարութեան կողմէ։ Թերեւս նոյնիսկ մեր կեանքը վտանգի տակ ըլլայ առողջապահական հարցի մը պատճառով։ Այսպիսի ժամանակներու, թերեւս պզտիկի մը պէս մեր վախէն դողդողանք։ Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։
15. Սաղմոս 94։19–ին համաձայն, Եհովան մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ։
15 Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ Ան մեզ կը մխիթարէ եւ կը հանդարտեցնէ (կարդա՛ Սաղմոս 94։19)։ Այս սաղմոսը թերեւս մեր միտքը բերէ պզտիկ աղջիկ մը, որ փոթորիկին ձայնէն կը վախնայ եւ չի կրնար պառկիլ։ Հայրը անոր սենեակը կը մտնէ, զինք իր թեւերուն մէջ կ’առնէ մինչեւ որ աղջիկը քունի անցնի։ Թէեւ փոթորիկը տակաւին կը շարունակուի, բայց իր հօր թեւերուն մէջ ըլլալը զինք ապահով կը զգացնէ եւ կը հանգստացնէ։ Մենք ալ երբ վախնալիք նեղութիւններէ անցնինք, թերեւս զգանք թէ պէտք ունինք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ իր թեւերուն մէջ առնէ մինչեւ որ հանդարտինք։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Եհովային տուած մխիթարութենէն օգտուինք։
16. Ի՞նչ կրնաս ընել որ Եհովային մխիթարութենէն օգտուիս (Տե՛ս նաեւ նկարը)։
16 Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Միշտ Եհովային հետ ժամանակ անցուր՝ իրեն աղօթելով եւ իր Խօսքը կարդալով (Սաղ. 77։1, 12-14)։ Եթէ ասիկա սովորութիւն դարձնես, հազիւ որ սթրես զգաս, շատ հաւանաբար շուտով քու երկնաւոր Հօրմէդ օգնութիւն պիտի խնդրես։ Իրեն ըսէ քու վախերդ եւ մտահոգութիւններդ։ Ձգէ որ իր Խօսքին միջոցաւ քեզի հետ խօսի եւ քեզ մխիթարէ (Սաղ. 119։28)։ Թերեւս ժամանակի ընթացքին տեսնես, որ Աստուածաշունչին կարգ մը գիրքերը քեզ շատ կը մխիթարեն երբ կը վախնաս։ Օրինակ, թերեւս քաջալերուիս կարդալով Յոբ, Սաղմոսաց եւ Առակաց գիրքերը, ինչպէս նաեւ՝ Մատթէոս 6–րդ գլուխին մէջ Յիսուսին խօսքերը։ Երբ Եհովային աղօթես եւ իր Խօսքը կարդաս, Եհովային կողմէ պիտի մխիթարուիս։
17. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
17 Կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր կեանքի ամենագէշ ժամանակներուն, Եհովան մեր կողքին պիտի ըլլայ եւ բնաւ մեզ առանձին պիտի չձգէ (Սաղ. 23։4. 94։14)։ Ան կը խոստանայ մեզ պահպանել, հաստատ պահել, զօրացնել եւ մխիթարել։ Եհովային մասին խօսելով Եսայի 26։3–ը կ’ըսէ. «Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, վասն զի քեզի կը յուսայ»։ Ուրեմն, Եհովային վստահէ եւ ամէն բան ըրէ, որպէսզի իր օգնութենէն օգտուիս։ Եթէ ասիկա ընես, նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն պիտի զօրանաս։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Մանաւանդ ե՞րբ Եհովայի օգնութեան պէտք կ’ունենանք։
-
Նեղութեան ժամանակներուն Եհովան ի՞նչ չորս կերպերով մեզի կ’օգնէ։
-
Եհովային օգնութենէն օգտուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։