Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2

ԵՐԳ 87 Հիմա մէկ մարմին ենք

Ամուսիննե՛ր, սիրեցէք ու յարգեցէք ձեր կինը

Ամուսիննե՛ր, սիրեցէք ու յարգեցէք ձեր կինը

«Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները» (Ա. ՊԵՏ. 3։7

ՆԻՒԹ

Ամուսին մը ինչպէս կրնայ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով սիրել ու յարգել իր կինը։

1. Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է որ Եհովան ամուսնութիւնը հիմնեց։

 ԵՀՈՎԱՆ ուրախ Աստուած է եւ կ’ուզէ որ մենք ալ ուրախ ըլլանք (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ)։ Ան մեզի շատ մը նուէրներ տուած է, որ կեանքէն հաճոյք առնենք (Յակ. 1։17)։ Նուէրներէն մէկն է՝ ամուսնութիւնը։ Երբ մարդ մը ու կին մը ամուսնանան, խօսք կու տան որ իրար պիտի սիրեն ու յարգեն։ Անոնք կրնան շատ ուրախ ըլլալ, երբ իրարու հետ իրենց կապը զօրաւոր պահեն (Առ. 5։18

2. Շատ մը ամուսիններ ինչպէ՞ս կը վարուին իրենց կիներուն հետ։

2 Ցաւօք սրտի, այսօր շատ մը զոյգեր կը մոռնան այն խոստումը, որ ըրին իրենց ամուսնութեան օրը։ Ասոր համար, անոնք ուրախ չեն։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան վերջին տեղեկագրութիւններէն մէկը կ’ըսէ, որ շատ մը ամուսիններ՝ ֆիզիքապէս, խօսքով եւ զգացականօրէն գէշ կերպով կը վարուին իրենց կնոջ հետ։ Անոնցմէ ոմանք ուրիշներուն առջեւ կը յարգեն իրենց կինը, բայց տունը՝ անոր հետ լաւ կերպով չեն վարուիր։ Շատ մը ամուսիններ ալ պոռնկագրութիւն կը դիտեն եւ ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ իրենց կինը ուրախ չըլլայ։

3. Կարգ մը ամուսիններ ինչո՞ւ գէշ կերպով կը վարուին իրենց կնոջ հետ։

3 Կարգ մը ամուսիններ ինչո՞ւ այսպէս կը վարուին։ Թերեւս անոնց հայրը վայրագ մէկը եղած է, եւ ասոր համար կը կարծեն որ ասիկա բնական բան մըն է։ Ուրիշներ ազդուած են իրենց շուրջիններէն, որոնք ունին այն սխալ կարծիքը, թէ ամուսին մը պէտք է իր ուժը գործածէ, որ իր կնոջ ցուցնէ թէ ինք տունին էրիկմարդն է։ Ուրիշներ չեն սորված ինչպէ՛ս զսպել իրենց զգացումները, օրինակ՝ իրենց ջղայնութիւնը։ Ոմանք ալ միշտ պոռնկագրութիւն կը դիտեն, ինչ որ կրնայ ձգել որ անոնք մտածեն, թէ կիները եղած են որ գլխաւորաբար իրենց սեռային ցանկութիւնները գոհացնեն։ Ասոնցմէ զատ, տեղեկագրութիւնները կը ցուցնեն, որ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը աւելի շատցուցած է այս խնդիրները։ Անշուշտ, բոլոր այս պատճառները իրաւունք չեն տար ամուսինին, որ գէշ կերպով վարուի իր կնոջ հետ։

4. Եհովային ծառայող ամուսինները ի՞նչ բանի պէտք է ուշադիր ըլլան, եւ ինչո՞ւ։

4 Եհովային ծառայող ամուսինները պէտք է ուշադիր ըլլան, որ այս աշխարհի մարդոց աչքով չնային իրենց կնոջ a։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ մէկու մը մտածելակերպը շատ անգամ կ’ազդէ իր ըրածներուն։ Պօղոս առաքեալ Հռոմի օծեալ քրիստոնեաները զգուշացուց, որ ‘չկերպարանին այս աշխարհին կերպարանքովը’ (Հռով. 12։1, 2)։ Երբ Պօղոս անոնց գրեց, արդէն որոշ ժամանակ մը անցած էր այդտեղի ժողովքին հիմնուելուն։ Բայց Պօղոսին ըսածէն կը հասկնանք, որ անոնցմէ ոմանք դեռ կ’ազդուէին աշխարհին սովորութիւններէն եւ մտածելակերպէն։ Անոր համար, Պօղոս զանոնք քաջալերեց որ իրենց մտածելակերպն ու վարուելակերպը փոխեն։ Այս խրատը այսօր ալ կը կիրարկուի Եհովային ծառայող ամուսիններուն։ Ցաւօք սրտի, ոմանք այս աշխարհին մտածելակերպէն ազդուած են եւ նոյնիսկ իրենց կնոջ հետ լաւ կերպով չեն վարուած b։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսին մը ինչպէ՞ս վարուի իր կնոջ հետ։ Պատասխանը կը գտնենք այս յօդուածին գլխաւոր համարին մէջ։

5. Ա. Պետրոս 3։7–ին համաձայն, ամուսին մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի իր կնոջ հետ։

5 Կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։7։ Եհովան ամուսիններուն կը պատուիրէ, որ յարգեն իրենց կինը։ Իր կինը յարգող ամուսին մը ազնիւ եւ սիրալիր կերպով կը վարուի անոր հետ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ամուսին մը ինչպէ՛ս կրնայ իր կինը յարգել։ Բայց նախ նկատի պիտի առնենք, որ ամուսին մը ի՛նչ կերպով բնաւ պէտք չէ վարուի իր կնոջ հետ։

ՄԻ՛ ԸՆԵՐ ԲԱՆ ՄԸ ՈՐ ԿՆՈՋԴ ԿԸ ՎՆԱՍԷ

6. Եհովան ի՞նչ կը զգայ այն ամուսիններուն հանդէպ, որոնք ֆիզիքական վնաս կը հասցնեն իրենց կնոջ (Կողոսացիս 3։19

6 Ֆիզիքական վնաս հասցնել։ Եհովան կ’ատէ վայրագ անձերը (Սաղ. 11։5)։ Ան մանաւանդ կ’ատէ որ ամուսին մը վայրագութեամբ վարուի իր կնոջ հետ (Մաղ. 2։16. կարդա՛ Կողոսացիս 3։19)։ Ըստ մեր գլխաւոր համարին՝ Ա. Պետրոս 3։7–ին, եթէ ամուսին մը իր կնոջ հետ լաւ չվարուի, Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը կը վնասուի։ Եհովան թերեւս նոյնիսկ իր աղօթքները մտիկ չընէ։

7. Եփեսացիս 4։31, 32–ին համաձայն, ամուսինները ի՞նչ ոճով պէտք չէ խօսին (տե՛ս նաեւ «Բացատրութիւն»)։

7 Խօսքերով վիրաւորել։ Կարգ մը ամուսիններ կը պոռան–կը կանչեն իրենց կնոջ վրայ եւ վիրաւորական խօսքեր կ’ըսեն անոր։ Բայց Եհովան կ’ատէ «բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն» c (կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32)։ Ան ամէն բան կը լսէ։ Եհովային համար կարեւոր է, որ ամուսին մը ինչպէ՛ս կը խօսի իր կնոջ հետ, նոյնիսկ իրենց տան մէջ։ Այն ամուսինը որ կոշտութեամբ կը խօսի իր կնոջ հետ, ո՛չ միայն իր ամուսնութեան վնաս կը հասցնէ, հապա նաեւ՝ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութեան (Յակ. 1։26

8. Եհովան ի՞նչ կը զգայ պոռնկագրութեան նկատմամբ, եւ ինչո՞ւ։

8 Պոռնկագրութիւն դիտել։ Եհովան կ’ատէ պոռնկագրութիւնը։ Ասոր համար, անմաքուր բաներ դիտող ամուսին մը վնաս կը հասցնէ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան եւ անարգած կ’ըլլայ իր կինը d։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսինը իր կնոջ հաւատարիմ ըլլայ ո՛չ միայն գործով, հապա նաեւ՝ մտքով։ Յիսուս ըսաւ որ այն մարդը, որ ցանկութեամբ կը նայի ուրիշ կնոջ մը, արդէն «իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ» (Մատ. 5։28, 29) e։

9. Եհովան ինչո՞ւ կ’ատէ որ ամուսին մը սեռային գետնի վրայ լաւ չվարուի իր կնոջ հետ։

9 Սեռային գետնի վրայ չարաչար գործածել կինը կամ անոր խիղճին հակառակ եղող սեռային բան մը ուզել անկէ։ Եհովան կ’ատէ երբ որ ամուսինը անձնասիրութեամբ կը վարուի իր կնոջ հետ եւ անոր լաւութիւնը չի փնտռեր։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսին մը սիրէ եւ գուրգուրայ իր կնոջ վրայ (Եփ. 5։28, 29)։ Լաւ, եթէ ամուսին մը արդէն իր կնոջ հետ լաւ չի վարուիր կամ պոռնկագրութիւն կը դիտէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ իր մտածելակերպը փոխել եւ ճիշդը ընել։

ԱՄՈՒՍԻՆ ՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ԻՐ ԳԷՇ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼ

10. Յիսուսին օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ամուսիններուն։

10 Ի՞նչը կրնայ ամուսինին օգնել, որ իր գէշ վարուելակերպը փոխէ։ Ան կրնայ ջանք թափել որ Յիսուսին նմանի։ Ճիշդ է որ Յիսուս չամուսնացաւ, բայց ամուսին մը կրնայ նկատի առնել որ ան ինչպէ՛ս կը վարուէր իր աշակերտներուն հետ եւ կրնայ Յիսուսէն սորվիլ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի իր կնոջ հետ (Եփ. 5։25)։ Օրինակ, նկատէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը վարուէր ու կը խօսէր իր առաքեալներուն հետ։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս կը վարուէր իր առաքեալներուն հետ։

11 Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով կը վարուէր։ Ան բնա՛ւ խիստ եւ իշխող չէր։ Թէեւ անոնցմէ աւելի զօրաւոր էր, բայց իր զօրութիւնը չէր գործածեր, որ իրմէ վախնային կամ տկար զգային։ Ընդհակառակը, Յիսուս խոնարհութեամբ անոնց կը ծառայէր (Յովհ. 13։12-17)։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մատ. 11։28-30)։ Յիսուս հեզ էր։ Հեզութիւնը տկարութիւն չէ։ Հեզ անձը զօրութիւնը ունի ինքզինք զսպելու։ Երբ մէկը իր ջղայնութիւնը գրգռէ, ան հանդարտ կը մնայ եւ իր զգացումները կը զսպէ։

12. Յիսուս ինչպէ՞ս կը խօսէր մարդոց հետ։

12 Յիսուս իր խօսքերով կը հանգստացնէր եւ կը քաջալերէր ուրիշները։ Ան խստութեամբ չէր խօսեր իր հետեւորդներուն հետ (Ղուկ. 8։47, 48)։ Նոյնիսկ երբ իր հակառակորդները զինք կը վիրաւորէին եւ կը փորձէին ջղայնացնել, ան «փոխարէնը չէր նախատեր» (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Ատեններ, Յիսուս նոյնիսկ լուռ կը մնար, փոխանակ սուր խօսքեր ըսելու (Մատ. 27։12-14)։ Յիսուս շատ աղուոր օրինակ է ամուսիններուն համար։

13. Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ իր կնոջ յարիլ (Մատթէոս 19։4-6) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Յիսուս ամուսիններուն ըսաւ, որ իրենց կնոջ հաւատարիմ մնան։ Ան իր Հօր խօսքը մէջբերելով ըսաւ, որ ամուսին մը պէտք է ‘իր կնոջ յարի’ (կարդա՛ Մատթէոս 19։4-6)։ Հոս, «յարիլ» թարգմանուած յունարէն բայը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «փակիլ»։ Ուրեմն, ամուսինի մը ու իր կնոջ միջեւ եղած ամուսնական կապը պէտք է ա՛յնքան զօրաւոր ըլլայ, որ կարծես թէ անոնք իրարու փակած են։ Եթէ անոնց կապը կտրուի, երկո՛ւքն ալ կը վնասուին։ Իր կնոջ հետ այսպիսի կապ մը ունեցող ամուսինը պոռնկագրութիւն չի դիտեր, ի՛նչ տեսակի ալ ըլլայ ատիկա։ Ան շուտով իր աչքերը կը դարձնէ, որ ատոնք «սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղ. 119։37)։ Ան նոյնիսկ իր աչքերուն հետ ուխտ կ’ընէ, որ ցանկութեամբ չնայի իր կնոջմէ զատ մէկու մը (Յոբ 31։1

Հաւատարիմ ամուսին մը կը մերժէ պոռնկագրութեան նայիլ (տե՛ս պարբերութիւն 13) g


14. Իր կնոջ հետ գէշ կերպով վարուող ամուսինը ի՞նչ քալեր պէտք է առնէ, որ Եհովային եւ իր կնոջ հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէ։

14 Այն ամուսինը, որ իր կնոջ հետ ֆիզիքապէս գէշ կերպով կը վարուի կամ խօսքով կը վիրաւորէ զինք, պէտք է ուրիշ քայլեր ալ առնէ որ թէ՛ Եհովային եւ թէ՛ իր կնոջ հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէ։ Ան ի՞նչ պէտք է ընէ։ Առաջին, ան պէտք է անդրադառնայ որ լուրջ խնդիր մը ունի եւ չի կրնար ատիկա Եհովայէն պահել։ Եհովան ամէն բան կը տեսնէ ու կը լսէ (Սաղ. 44։21. Ժող. 12։14. Եբ. 4։13Երկրորդ, ան պէտք է իր սխալ վարուելակերպին վերջ տայ եւ փոխուի (Առ. 28։13Երրորդ, ան պէտք է իր կնոջ եւ Եհովային առջեւ ընդունի թէ որքա՜ն վիրաւորած է զիրենք եւ ներողութիւն խնդրէ անոնցմէ (Գործք 3։19)։ Ան նաեւ պէտք է Եհովային աղաչէ, որ թէ՛ իրեն փափաք տայ փոխուելու եւ թէ՛ իրեն օգնէ որ իր մտածումները, ինչպէս նաեւ խօսքերն ու ըրածները զսպէ (Սաղ. 51։10-12. Բ. Կոր. 10։5. Փլպ. 2։13Չորրորդ, ան պէտք է իր աղօթքներուն համաձայն գործէ եւ ամէն բան ընէ, որ ատէ ամէն տեսակի վայրագութիւն ու վիրաւորական խօսքեր (Սաղ. 97։10Հինգերորդ, ան պէտք է շուտով ժողովքի երէցներէն օգնութիւն ուզէ (Յակ. 5։14-16Վեցերորդ, ան պէտք է ծրագրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, որպէսզի նոյն սխալները չընէ ապագային։ Ամուսին մը որ պոռնկագրութիւն կը դիտէ, պէտք է նո՛յն այս քայլերը առնէ։ Եւ Եհովան պիտի օրհնէ իր ջանքերը որ ան փոխուի (Սաղ. 37։5)։ Բայց բաւարար չէ որ ամուսին մը ա՛յլեւս գէշ կերպով չվարուի իր կնոջ հետ։ Ան նաեւ պէտք է սորվի, թէ ի՛նչ կերպերով կրնայ իր կինը սիրել ու յարգել։ Տեսնենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԿԻՆԴ ՍԻՐԵԼ ՈՒ ՅԱՐԳԵԼ

15. Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ գուրգուրանք ցուցնել իր կնոջ։

15 Գուրգուրանք ցուցուր։ Ուրախ ամուսնութիւն վայելող կարգ մը եղբայրներ սովորութիւն դարձուցած են, որ ամէն օր ձեւով մը իրենց կնոջ ցուցնեն որ զինք որքա՜ն կը սիրեն (Ա. Յովհ. 3։18)։ Ամուսին մը կրնայ պզտիկ բաներով իր սէրը ցուցնել իր կնոջ, օրինակ՝ իր ձեռքը բռնելով կամ իրեն փաթթուկ ընելով։ Ան կրնայ անոր մէսըճ մը ղրկել եւ ըսել՝ «Քեզ կարօտցայ», կամ հարցնել՝ «Օրդ ինչպէ՞ս է մինչեւ հիմա»։ Ատեն–ատեն, ան կրնայ քարտով մը իր սէրը արտայայտել։ Ամուսին մը այս կերպերով կրնայ սէր ու յարգանք ցուցնել իր կնոջ եւ զօրացնել իր ամուսնութիւնը։

16. Ամուսինը ինչո՞ւ պէտք է գովէ իր կինը։

16 Գնահատանքդ ցուցուր։ Իր կինը յարգող ամուսինը, զայն կը քաջալերէ եւ անոր տրամադրութիւնը բարձրացնող բաներ կ’ըսէ անոր։ Օրինակ, անոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն բաներուն համար, որ իրեն համար կ’ընէ (Կող. 3։15)։ Կին մը սիրտ կ’առնէ, երբ որ իր ամուսինը սրտանց կը գովէ զինք։ Ան ապահով, սիրուած ու յարգուած կը զգայ (Առ. 31։28

17. Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ իր կինը յարգել։

17 Քնքշութեամբ եւ յարգանքով վարուէ։ Իր կինը սիրող ամուսինը արժէք կու տայ իր կնոջ եւ անոր լաւութիւնը կը փնտռէ։ Ան կը սեպէ որ իր կինը նուէր մըն է Եհովայէն (Առ. 18։22. 31։10)։ Ասոր համար, ան իր կնոջ հետ քնքշութեամբ եւ յարգանքով կը վարուի, նոյնիսկ սեռային յարաբերութեան ատեն։ Ան սեռային յարաբերութեան ատեն իր կինը չի ստիպեր ընելու բան մը, որ կինը կը նեղացնէ, անարժէք կը զգացնէ կամ անոր խիղճին հակառակ է f։ Ամուսինն ալ պէտք է ջանք թափէ, որ իր խիղճն ալ Եհովային առջեւ մաքուր ըլլայ այս մարզին մէջ (Գործք 24։16

18. Ամուսինները ի՞նչ բանի մէջ պէտք է միշտ ջանք թափեն (տե՛ս « Կինդ յարգելու չորս կերպեր» տուփը)։

18 Ամուսիննե՛ր, կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ձեր ջանքերը, որ ձեր կինը սիրէք ու յարգէք, թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։ Ասոր համար, միշտ ջանք թափեցէք որ չընէք բան մը որ իրեն վնաս կը հասցնէ։ Ասկէ զատ, ձեր կնոջ հետ քնքշութեամբ վարուեցէք, իր լաւութիւնը փնտռեցէք եւ գուրգուրանք ցոյց տուէք իրեն։ Այսպիսով, անոր զգացնել կու տաք որ զինք կը սիրէք ու կ’արժեւորէք։ Երբ ձեր կինը սիրէք ու յարգէք, պաշտպանած կ’ըլլաք Եհովային հետ ձեր բարեկամութիւնը, որ ամէնէն կարեւոր փոխյարաբերութիւնն է (Սաղ. 25։14

ԵՐԳ 36 «Զայն որ Աստուած միաւորեց»

a Ամուսինները պէտք է կարդան «Եհովային պէս կը վարուի՞ս կիներուն հետ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի յունուար 2024 թիւին մէջ։

b Եթէ ամուսինդ քեզի հետ բռնութեամբ կը վարուի, կ’օգտուիս կարդալով «Ընտանիքի մէջ բռնութեան զոհը գացողներուն օգնութիւն» յօդուածը (արաբ.) «Ուրիշ նիւթեր» յօդուածաշարքին մէջ, jw.org կայքին վրայ եւ JW Library® էփին մէջ։

c ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Հայհոյութիւն» թարգմանուած բառը կ’ակնարկէ գէշ անուններ կախելուն, ծանր խօսքեր ըսելուն եւ միշտ քննադատելուն։ Այսինքն՝ ատիկա կ’ակնարկէ ամէն բանի որ մէկը կ’ըսէ, որպէսզի վիրաւորէ դիմացինը։

d Տե՛ս «Պոռնկագրութիւնը կրնայ ամուսնութիւնդ քանդել» յօդուածը (արաբ.)՝ jw.org կայքին վրայ եւ JW Library էփին մէջ։

e Եթէ ամուսինդ պոռնկագրութիւն կը դիտէ, կ’օգտուիս կարդալով «Երբ կողակիցդ պոռնկագրութիւն կը դիտէ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի օգոստոս 2023 թիւին մէջ։

f Սուրբ Գիրքը մանրամասնութիւններ չի տար, թէ զոյգ մը ի՛նչ բաներ ճիշդ է որ ընեն եւ ի՛նչ բաներ ճիշդ չէ որ ընեն սեռային յարաբերութեան ընթացքին։ Ամուսինն ու կինը պէտք է այնպիսի որոշումներ առնեն, որոնք ցոյց կու տան թէ անոնք կ’ուզեն Եհովան պատուել, իրար հաճեցնել եւ մաքուր խիղճ ունենալ։ Ընդհանուր առմամբ, զոյգ մը այս տեսակի անձնական տեղեկութիւններուն մասին չի խօսիր ուրիշներուն հետ։

g ՆԿԱՐ. Եղբօր մը Վկայ չեղող գործընկերները կը փորձեն իրեն ցուցնել պոռնկագրական պարբերաթերթեր։