Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Գծելը կ’օգնէ որ յիշես

Գծելը կ’օգնէ որ յիշես

Թերեւս շատերու պէս քեզի համար ալ դժուար է սերտածդ յիշել։ Բայց նկատա՞ծ ես որ Յիսուսին տուած շատ մը օրինակները շուտով մեր միտքը կու գան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կրնաս ատոնք մտքիդ մէջ երեւակայել, եւ ասիկա կ’օգնէ որ իր ըսածները յիշես։ Նոյն կերպով, եթէ պատկերներով երեւակայես սերտած բաներդ, աւելի պիտի յիշես ատոնք։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Սերտած ժամանակդ նկարներ գծելով։

Շատ անգամ, երբ մարդիկ իրենց սորված նոր բաները գծեն, ատոնք աւելի լաւ կը յիշեն։ Գծելը իրենց կ’օգնէ, որ ո՛չ միայն բառեր հասկնան, հապա նաեւ՝ գաղափարներ եւ նոր կէտեր։ Անոնց գծագրութիւնները խրթին կամ մանրամասն չեն, հապա՝ պարզ։ Եւ փաստուած է որ գծելը մանաւանդ տարիքով մեծերուն կ’օգնէ որ յիշեն։

Յաջորդ անգամ երբ սերտես, փորձէ սորվածներդ գծել։ Թերեւս զարմանաս որ որքա՜ն կը յիշես։