Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը

Եհովային սէրը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ

Եհովային սէրը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ

«Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու» (Ա. ՏԻՄ. 1։15

ՆԻՒԹ

Փրկանքը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կը գնահատենք Եհովային ըրածը։

1. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ուրախացնել։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ սիրած անձիդ կու տաս յատուկ նուէր մը, որ թէ՛ անուշիկ է եւ թէ գործնական է։ Որքա՞ն յուսախաբ կ’ըլլաս, եթէ ան նուէրը բռնէ մէկ կողմ դնէ եւ զայն մոռնայ։ Բայց որքա՜ն կ’ուրախանաս, երբ ան նուէրը գործածէ եւ քեզի շնորհակալութիւն յայտնէ ատոր համար։ Կէտը ի՞նչ է։ Եհովան իր Որդին տուաւ որ մեզի համար մեռնի։ Ուրեմն, Եհովան շա՜տ կ’ուրախանայ, երբ կը ցուցնենք թէ կը գնահատենք այս արժէքաւոր նուէրը եւ իր սէրը, որ զինք մղեց փրկանքը տալու (Յովհ. 3։16. Հռով. 5։7-9

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Բայց թերեւս ժամանակի ընթացքին սկսինք թեթեւի առնել փրկանքը։ Ասիկա կը նմանի նուէրը մէկ կողմ դնելուն, ուր ո՛չ կը տեսնենք զայն, ո՛չ ալ ատոր մասին կը մտածենք։ Որպէսզի ասիկա մեզի հետ չպատահի, պէտք է միշտ մենք մեզի յիշեցնենք, թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար։ Այս յօդուածը ասոր մէջ պիտի օգնէ մեզի։ Պիտի տեսնենք որ փրկանքին միջոցաւ ի՛նչ օրհնութիւններ կը վայելենք հիմա եւ ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք ապագային։ Նաեւ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցուցնել Եհովային սիրոյն հանդէպ, մանաւանդ Յիշատակատօնի շրջանին։

ՀԻՄԱ Ի՛ՆՉ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆՔ

3. Փրկանքին օրհնութիւններէն մէկը ի՞նչ է, որ հիմա կը վայելենք։

3 Մենք Քրիստոսի փրկանքին օրհնութիւնները հիմակուընէ կը վայելենք։ Օրինակ, Եհովան փրկանքին հիման վրայ մեր մեղքերը կը ներէ։ Ան ստիպուած չէ մեզի ներելու, բայց կ’ուզէ՛ մեզի ներել։ Սաղմոս գրողը ասոր նկատմամբ իր գնահատութիւնը արտայայտեց, երգելով. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես» (Սաղ. 86։5. 103։3, 10-13

4. Եհովան փրկանքը որո՞ւ համար տուաւ (Ղուկաս 5։32. Ա. Տիմոթէոս 1։15

4 Ոմանք կը զգան թէ չեն արժեր որ Եհովան իրենց ներէ։ Խօսքին բացը, բոլո՛րս չենք արժեր։ Պօղոս առաքեալ ըմբռնած էր, որ ‘արժանի չէր առաքեալ ըսուելու’։ Բայց ան ըսաւ. «Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ» (Ա. Կոր. 15։9, 10)։ Երբ մեր մեղքերուն համար կը զղջանք, Եհովան մեզի կը ներէ։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ կ’արժենք, հապա քանի որ ինք մեզ կը սիրէ։ Եթէ դուն ալ կը զգաս որ ներուելու արժանի չես, յիշէ որ Եհովան փրկանքը տուաւ ոչ թէ կատարեալ մարդոց համար, հապա՝ զղջացող մեղաւորներուն համար (կարդա՛ Ղուկաս 5։32. Ա. Տիմոթէոս 1։15

5. Եհովան ստիպուա՞ծ է մեզի ներելու. բացատրէ։

5 Ոչ մէկս պէտք է զգայ թէ արժանի է որ Եհովան իրեն ներէ, նոյնիսկ եթէ երկար տարիներ ծառայած է իրեն։ Անշուշտ, Եհովան չի մոռնար բոլոր այն բաները, որ իրեն համար ըրած ենք (Եբ. 6։10)։ Բայց փրկանքը ձրի՛ նուէր մըն է, եւ ոչ թէ՝ մեր ըրածներուն փոխարէն վճարում մը։ Եթէ կը կարծենք որ մեր հաւատարիմ ծառայութեամբ շահա՛ծ ենք Եհովային ներողամտութիւնը, կարծես թէ ըսել կ’ուզենք որ Յիսուս պարապի մեռաւ, քանի որ փրկանքին պէտք չունինք (համեմատէ՛ Գաղատացիս 2։21

6. Պօղոս ինչո՞ւ շատ ջանք թափեց Եհովային ծառայութեան մէջ։

6 Պօղոս գիտէր թէ որքա՛ն ալ ջանք թափէր՝ չէր կրնար Եհովային ներողամտութեան արժանի ըլլալ։ Բայց ան ինչո՞ւ շատ ջանք թափեց Եհովային ծառայութեան մէջ։ Ոչ թէ որպէսզի փաստէ թէ ինք արժանի է Եհովային ներողամտութեան, հապա որպէսզի իր գնահատութիւնը ցուցնէ Եհովային հանդէպ (Եփ. 3։7)։ Մենք ալ Պօղոսին պէս կը շարունակենք նախանձախնդրօրէն ծառայել, ոչ թէ որպէսզի Եհովային ներողամտութիւնը շահի՛նք, հապա՝ որպէսզի մեր գնահատութիւնը ցուցնենք։

7. Փրկանքին միջոցաւ ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւն մը կը վայելենք (Հռովմայեցիս 5։1. Յակոբոս 2։23

7 Ուրիշ մէկ օրհնութիւն մըն ալ կը վայելենք փրկանքին միջոցաւ։ Մենք կրնանք մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալ Եհովային հետ a։ Ինչպէս որ անցեալ յօդուածին մէջ յիշեցինք, երբ ծնանք՝ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւն մը չունէինք։ Բայց փրկանքին միջոցաւ կրնանք ‘Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն’ ունենալ եւ իրեն մօտենալ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։1. Յակոբոս 2։23

8. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային շնորհակալ ըլլանք՝ աղօթելու առանձնաշնորհումին համար։

8 Աղօթելը առանձնաշնորհում մըն է որ կը վայելենք, քանի որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Եհովան կը լսէ ո՛չ միայն այն հանրային աղօթքները, որ իր ծառաները կ’ընեն երբ միասին հաւաքուին, հապա նաեւ՝ ամէն մէկուս անձնական աղօթքները։ Աղօթքը ո՛չ միայն մեր հոգեկանը կը հանգստացնէ եւ մտքի խաղաղութիւն կու տայ, հապա նաեւ՝ Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրացնէ (Սաղ. 65։2. Յակ. 4։8. Ա. Յովհ. 5։14)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր՝ միշտ կ’աղօթէր, քանի որ գիտէր թէ Եհովան իրեն մտիկ կ’ընէ, եւ թէ աղօթքը պիտի օգնէ որ իր Հօր հետ իր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր մնայ (Ղուկ. 5։16)։ Մենք որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Յիսուսին զոհին միջոցաւ կրնանք Եհովային բարեկամները ըլլալ եւ նոյնիսկ իրեն հետ խօսիլ աղօթքով։

ԱՊԱԳԱՅԻՆ Ի՞ՆՉ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆՔ

9. Եհովային հաւատարիմ ծառաները փրկանքին ո՞ր օրհնութիւնը պիտի վայելեն ապագային։

9 Եհովային ծառաները ապագային ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելեն փրկանքին միջոցաւ։ Անոնք յաւիտենական կեանք պիտի ունենան։ Շատեր կը կարծեն որ ասիկա անկարելի է, քանի որ օրէն ի վեր մարդ արարածը կը մեռնի։ Բայց չմոռնանք որ մարդոց նկատմամբ Եհովային բուն նպատակն էր՝ յաւիտեան ապրիլ։ Եթէ Ադամ մեղք չգործէր, յաւիտեան ապրիլը անկարելի պիտի չերեւէր մեր աչքին։ Ճիշդ է որ յաւիտեան ապրիլը խելքէ–մտքէ դուրս է, բայց յիշենք որ Եհովային վճարած գինն ալ խելքէ–մտքէ դուրս է եւ բաւարար է որ մեզի յաւիտենական կեանք տայ (Հռով. 8։32

10. Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ բանի անհամբեր կը սպասեն։

10 Ճիշդ է որ յաւիտենական կեանքը ապագային պիտի վայելենք, բայց Եհովան կ’ուզէ որ հիմակուընէ ատոր մասին մտածենք։ Օծեալները անհամբեր կը սպասեն, որ երկնքի մէջ իմաստալից կեանք մը վայելեն եւ Յիսուսին հետ երկրին վրայ իշխեն (Յայտ. 20։6)։ Իսկ ուրիշ ոչխարները անհամբեր կը սպասեն, որ դրախտային երկրի վրայ ապրին, ուր ո՛չ պիտի ցաւին, ո՛չ ալ պիտի չարչարուին (Յայտ. 21։3, 4)։ Եթէ ուրիշ ոչխարներէն ես եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունիս, մի՛ կարծեր որ ասիկա աւելի քիչ արժէք ունի, քան՝ երկնային յոյսը։ Մարդ արարածը ստեղծուած է որ երկրի՛ վրայ ապրի։ Անոր համար, երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը շա՜տ պիտի ուրախացնէ մեզ։

11-12. Ի՞նչ կարգ մը օրհնութիւններ պիտի վայելենք Դրախտին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

11 Երեւակայէ որ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ Դրախտին մէջ։ Այլեւս հոգ պիտի չընես որ պիտի հիւանդանաս կամ մեռնիս (Եսա. 25։8. 33։24)։ Եհովան սրտիդ փափաքները պիտի տայ քեզի։ Օրինակ, ի՞նչ կ’ուզես սորվիլ նոր աշխարհին մէջ։ Բնագիտութի՞ւն, քիմիաբանութի՞ւն, երաժշտութի՞ւն, գեղարուե՞ստ։ Վստահաբար պէտք պիտի ըլլայ ճարտարապետներու, շինողներու եւ երկրագործներու։ Նաեւ պէտք պիտի ըլլայ ճաշ եփողներու, գործիք շինողներու եւ անուշիկ բնութեան հոգ տանողներու (Եսա. 35։1. 65։21)։ Երբ որ յաւիտենականութիւնը ունենաս, միտքէդ անցած բոլոր բաները ընելու ժամանակ պիտի ունենաս։

12 Որքա՜ն պիտի ուրախանանք, երբ մեր սիրելիները յարութիւն առնեն (Գործք 24։15)։ Նաեւ երեւակայէ թէ որքա՜ն հաճոյքով Եհովային ստեղծագործութիւնը պիտի քննես եւ նոր բաներ պիտի սորվիս իր մասին (Սաղ. 104։24. Եսա. 11։9)։ Ամէնէն աղուորը, պիտի կրնաս առանց յանցաւոր զգալու Եհովան պաշտել։ Վստահաբար, այս օրհնութիւնները բանի մը հետ չես փոխեր, նոյնիսկ՝ «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութեան» հետ (Եբ. 11։25)։ Ատոնք շատ աւելի արժէքաւոր են, քան՝ որեւէ բան որ կրնանք այս աշխարհին մէջ ունենալ։ Միտքդ պահէ թէ օր մը պիտի գայ, որ այս դրախտային երկիրը աչքերովդ պիտի տեսնե՛ս, եւ ոչ թէ միայն պիտի յուսա՛ս որ տեսնես։ Այս բոլորը կարելի դարձաւ, քանի որ Եհովան մեզ այնքա՛ն սիրեց, որ իր Որդին տուաւ մեզի համար մեռնելու։

Դրախտին մէջ ո՞ր օրհնութիւններուն անհամբեր կը սպասես (տե՛ս պարբերութիւն 11-12)


ՑՈՒՑՈՒՐ ՈՐ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՍ ԵՀՈՎԱՅԻՆ

13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցուցնել, որ շնորհակալ ենք իր սիրոյն համար (Բ. Կորնթացիս 6։1

13 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցուցնել, որ շնորհակալ ենք փրկանքին համար։ Ծառայութիւնը առաջին տեղը դնելով մեր կեանքին մէջ (Մատ. 6։33)։ Եհովան Յիսուսը տուաւ, որ մեզի համար մեռնի, «որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։15)։ Իր ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընելով կը ցուցնենք, որ իր ըրածը կը հասկնանք եւ սրտանց կը գնահատենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։1

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ Եհովային ուղղութեան կը վստահինք։

14 Ուրիշ կերպով մըն ալ ցոյց կու տանք մեր գնահատութիւնը։ Իրեն վստահելով եւ իր ուղղութեան հետեւելով։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Եհովային կարծիքը կ’առնենք ամէն անգամ որ որոշում մը պիտի առնենք, օրինակ՝ որքա՞ն պէտք է ուսանինք կամ ի՞նչ գործ պէտք է աշխատինք (Ա. Կոր. 10։31. Բ. Կոր. 5։7)։ Երբ որ Եհովային վստահելով իր ուղղութեան կը հետեւինք, շատ հիանալի բան մը կը պատահի. Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը, իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը եւ մեր յոյսը կը զօրանայ (Հռով. 5։3-5. Յակ. 2։21, 22

15. Յիշատակատօնին ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցուցնել։

15 Երրորդ կերպն է՝ ամէն բան ընել որ Յիշատակատօնի շրջանին մեր գնահատութիւնը ցուցնենք։ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալէ զատ՝ կրնանք ուրիշներ ալ հրաւիրել (Ա. Տիմ. 2։4)։ Հրաւիրած անձերուդ բացատրէ, թէ Յիշատակատօնին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ։ Կրնաս jw.org կայքին վրայ անոնց ցուցնել Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ եւ Յիշէ Յիսուսի մահը վիտէօները։ Երէցները պէտք է ամէն ջանք ընեն, որ անգործունեաները հրաւիրեն։ Երեւակայէ որ թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ որքա՜ն ուրախութիւն կ’ըլլայ, երբ Եհովային կորսուած ոչխարներէն ոմանք իրեն վերադառնան (Ղուկ. 15։4-7)։ Յիշատակատօնին ջանք թափենք, որ ո՛չ միայն իրարու բարեւ տանք, հապա նաեւ՝ նորեկներուն եւ անոնց, որոնք շատոնց ներկայ չեն եղած։ Մենք կ’ուզենք որ անոնք հանգիստ զգան (Հռով. 12։13

16. Ինչո՞ւ պէտք է ջանք թափենք, որ աւելի ծառայութեան ելլենք Յիշատակատօնի շրջանին։

16 Կրնա՞ս Յիշատակատօնի շրջանին աւելի հոգեւոր բաներ ընել։ Ասանկով գնահատութիւնդ ցուցուցած կ’ըլլաս բոլոր բաներուն համար, որ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի համար ըրած են։ Որքա՛ն աւելի ելլենք ծառայութեան, այնքա՛ն աւելի Եհովային ձեռքը պիտի տեսնենք մեր կեանքին մէջ եւ իրեն աւելի պիտի վստահինք (Ա. Կոր. 3։9)։ Ասկէ զատ, Յիշատակատօնին վերաբերեալ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կարդա՛, որ յիշուած է Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ եւ միջշաբաթային ժողովի տետրին մէջ անցած ցուցակին մէջ։ Կրնաս նաեւ Սուրբ Գիրքին այդ հատուածներուն մասին պրպտում ընելով աւելի խորը երթալ։

17. Ի՞նչը կ’ուրախացնէ Եհովան (տե՛ս նաեւ « Ինչպէ՞ս կրնաս ցուցնել որ Եհովային սէրը կը գնահատես» տուփը)։

17 Անշուշտ, թերեւս պարագաներդ չեն ներեր, որ այս յօդուածին մէջ յիշուած բոլոր բաները ընես։ Բայց յիշէ որ Եհովան քու ըրածներդ չի բաղդատեր ուրիշներուն ըրածներուն հետ։ Ան քու սրտիդ մէջինը գիտէ։ Ան կ’ուրախանայ երբ կը տեսնէ, որ սրտանց կը գնահատես իր տուած արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը (Ա. Թագ. 16։7. Մար. 12։41-44

18. Ինչո՞ւ համար շնորհակալ ենք Եհովային եւ Յիսուսին։

18 Միայն փրկանքին միջոցաւ է, որ մեր մեղքերը կը ներուին, Եհովային հետ բարեկամութիւն կ’ունենանք եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը կ’ունենանք։ Միշտ մեր գնահատութիւնը ցուցնենք Եհովային սիրոյն հանդէպ, քանի որ եթէ ան մեզ չսիրէր, այս բոլոր օրհնութիւնները պիտի չունենայինք (Ա. Յովհ. 4։19)։ Նաեւ Յիսուսին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցուցնենք, քանի որ մեզ այնքա՛ն սիրեց որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար (Յովհ. 15։13

ԵՐԳ 154 Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար

a Եհովան իր ծառաներուն ներեց նոյնիսկ Յիսուս իր փրկանքը տալէ առաջ։ Ան ասիկա կրցաւ ընել, քանի որ վստահ էր թէ իր Որդին մինչեւ մահ հաւատարիմ պիտի մնար։ Ասոր համար, Եհովային աչքին՝ կարծես թէ փրկանքը վճարուած էր (Հռով. 3։25