Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

Եհովային փառք բեր

Եհովային փառք բեր

2025–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը» (ՍԱՂ. 96։8

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային տալ իրեն վայել փառքը։

1. Այսօր շատեր ինչի՞ վրայ կը կեդրոնանան։

 ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱ՞Ծ ես որ այսօր շատեր ուրիշներէն աւելի իրենց անձով հետաքրքրուած են։ Օրինակ, ոմանք ընկերային ցանցերը կը գործածեն, որ ինքզինքնին ցուցնեն եւ իրենց ըրածներով հպարտանան։ Բայց քիչեր են, որ կ’ուզեն Եհովա Աստուծոյ փառք բերել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ի՛նչ ըսել է Եհովային փառք բերել եւ ինչո՛ւ պէտք է իրեն փառք բերենք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային տալ իրեն վայել փառքը եւ ան ինչպէ՛ս իր անունը պիտի փառաւորէ մօտ ատենէն։

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՓԱՌՔ ԲԵՐԵԼ

2. Եհովան ինչպէ՞ս իր փառքը ցուցուց Սինա լերան մօտ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

2 Փառքը ի՞նչ է։ Սուրբ Գիրքին մէջ, «փառք» բառը ցոյց կու տայ բանի մը որքա՛ն փառաւոր եւ հիանալի ըլլալը։ Եգիպտոսէն ազատելէն միայն քանի մը օր ետք, Եհովան իսրայէլացիներուն ցուցուց իր որքա՜ն փառաւոր եւ հզօր ըլլալը։ Երեւակայէ ասիկա. միլիոնաւոր իսրայէլացիներ հաւաքուած են Սինա լերան մօտ, որպէսզի լսեն թէ Եհովան ի՛նչ ըսելիք ունի իրենց։ Թանձր ամպ մը կը ծածկէ լեռը։ Յանկարծ, ամէն կողմ մուխով կը լեցուի եւ մեծ երկրաշարժ մը կ’ըլլայ։ Կայծակներ եւ որոտումներ կ’ըլլան եւ բարձր փողի ձայն մը կը լսուի (Ել. 19։16-18. 24։17. Սաղ. 68։8)։ Իսրայէլացիները որքա՜ն տպաւորուած ըլլալու էին Եհովային փառքով։

Սինա լերան մօտ Եհովան հզօր կերպով իր փառքը ցուցուց իսրայէլացիներուն (տե՛ս պարբերութիւն 2)


3. Ի՞նչ ըսել է Եհովային փառք բերել։

3 Բայց, արդեօք մարդիկ կրնա՞ն փառք բերել Եհովային։ Այո՛։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ, երբ ուրիշներուն կը պատմենք իր մեծ զօրութեան եւ հիանալի յատկութիւններուն մասին։ Նաեւ, երբ իրեն պատիւ կու տանք բոլոր այն բաներուն համար, որ իր օգնութեամբ կ’ընենք (Եսա. 26։12)։ Ասոր մէջ մեզի շատ լաւ օրինակ մըն է Դաւիթ թագաւորը։ Երբ ան իսրայէլացիներուն առջեւ կ’աղօթէր, Աստուծոյ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է»։ Երբ ան իր աղօթքը վերջացուց, «բոլոր ժողովուրդը. . . Տէր Աստուածը օրհնեցին» (Ա. Մն. 29։11, 20

4. Յիսուս ինչպէ՞ս փառք բերաւ Եհովային։

4 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր Հօրը փառք բերաւ՝ ուրիշներուն ըսելով որ ինք իր Հօ՛ր ուժով էր որ հրաշքներ կ’ընէր (Մար. 5։18-20)։ Ան Եհովային մասին իր ըսածներով եւ մարդոց հետ իր վարուելակերպով ալ Եհովային փառք բերաւ։ Օրինակ, օր մը, Յիսուս ժողովարանին մէջ կը սորվեցնէր եւ հոն կար կին մը, որ 18 տարիէ ի վեր դիւահար էր։ Դեւ մը պատճառ դարձած էր, որ ան կուզ ըլլայ եւ չկրնայ շիտակ կայնիլ։ Ասիկա որքա՜ն ցաւալի էր։ Յիսուս կնոջ հետ զգաց։ Ան կնոջ մօտեցաւ եւ մեղմութեամբ ըսաւ. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։ Ետքը, Յիսուս իր ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ ան վայրկեանական շտկուեցաւ ու «փառք կու տար Աստուծոյ», քանի որ զինք առողջացուցած էր (Ղուկ. 13։10-13)։ Մենք ալ այս կնոջ պէս պատճառներ ունինք, որ Եհովային փառք տանք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՓԱՌՔ ԿԸ ԲԵՐԵՆՔ

5. Ի՞նչ պատճառներ ունինք որ Եհովան յարգենք։

5 Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ զինք շատ կը յարգենք։ Շատ մը պատճառներ ունինք որ զինք յարգենք։ Եհովան Ամենակարող է եւ անսահման զօրութիւն ունի (Սաղ. 96։4-7)։ Ան շատ իմաստուն է եւ ասիկա յայտնի է իր ստեղծած բաներուն մէջ։ Ան մեզի տուած է մեր կեանքը եւ ամէն ինչ որ պէտք ունինք ողջ մնալու համար (Յայտ. 4։11)։ Ան «հաւատարիմ» է (Յայտ. 15։4, ՆԱ)։ Ան ամէն բանի մէջ կը յաջողի եւ միշտ իր խոստումներուն տէրը կ’ելլէ (Յես. 23։14)։ Ասոր համար, Երեմիա մարգարէն Եհովային մասին ըսաւ. «Ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ քեզի նման մէ՛կը չկայ» (Եր. 10։6, 7)։ Ուրեմն, շատ պատճառներ ունինք, որ մեր երկնաւոր Հայրը յարգենք։ Բայց Եհովան ոչ միայն մեր յարգանքին արժանի է, հապա նաեւ մեր սիրոյն։

6. Ինչո՞ւ Եհովան կը սիրենք։

6 Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ զինք շատ կը սիրենք։ Ան այնքան աղուոր յատկութիւններ ունի, որ չենք կրնար զինք չսիրել։ Օրինակ, մեզի կ’ողորմի եւ մեր վրայ կը գթայ (Սաղ. 103։13. Եսա. 49։15)։ Մեզի հետ կը զգայ։ Երբ ցաւինք, մեզի հետ կը ցաւի (Զաք. 2։8)։ Ան կ’օգնէ որ իրեն մօտենանք եւ իր բարեկամը ըլլանք (Սաղ. 25։14. Գործք 17։27)։ Խոնարհ է։ Ան ‘կը խոնարհի, որ աղքատը փոշիէն վեր վերցնէ ու տնանկը աղբանոցէն բարձրացնէ’ (Սաղ. 113։6, 7)։ Ասոր համար, ամէնքս կ’ուզենք մեր հզօր Աստուածը փառաւորել (Սաղ. 86։12

7. Ի՞նչ յատուկ բանի մը առիթը ունինք։

7 Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ կ’ուզենք որ ուրիշներ զինք գիտնան։ Շատեր Եհովային մասին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան Եհովային մասին շատ գէշ սուտեր խօսելով մարդոց միտքը կուրցուցած է (Բ. Կոր. 4։4)։ Ան մարդիկը համոզած է որ Եհովան ոխակալ է, մեզմով հետաքրքրուած չէ եւ պատճառ կ’ըլլայ որ մարդիկ չարչարուին։ Բայց մենք իրականութիւնը գիտենք եւ առիթը ունինք որ ուրիշներուն օգնենք հասկնալու, թէ Եհովան որքա՜ն հիանալի Աստուած մըն է (Եսա. 43։10Սաղմոս 96–ը կը կեդրոնանայ Եհովային փառք բերելուն վրայ։ Այս սաղմոսէն պիտի սորվինք, որ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային տալ իրեն վայել փառքը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՏԱԼ ԻՐԵՆ ՎԱՅԵԼ ՓԱՌՔԸ

8. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովային փառք կը բերենք (Սաղմոս 96։1-3

8 Կարդա՛ Սաղմոս 96։1-3։ Կրնանք Եհովային փառք բերել՝ իրեն մասին խօսելով ուրիշներուն։ Այս համարներուն մէջ Եհովային ժողովուրդին կ’ըսուի, որ ‘երգեն Տէրոջը’, ‘օրհնեն անոր անունը’, ‘անոր փրկութիւնը քարոզեն’ եւ ‘անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեն’։ Մենք այս կերպերով կրնանք մեր երկնաւոր Հօր փառք բերել։ Անցեալին, Եհովային ծառաները ուրիշներուն սրտանց պատմեցին Եհովային աղուոր յատկութիւններուն մասին եւ բոլոր այն լաւ բաներուն մասին, որ իրենց համար ըրած էր (Դան. 3։16-18. Գործք 4։29)։ Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնը ընել։

9-10. Էնճըլինային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Նկատի առ Էնճըլինա a անունով քրոջ մը փորձառութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի։ Ան քաջութեամբ Եհովային անունը պաշտպանեց այն ընկերութեան մէջ, ուր նոր սկսած էր աշխատիլ։ Ան հրաւիրուեցաւ ժողովի մը, ուր բոլոր նոր պաշտօնեաներէն խնդրուած էր, որ իրենք իրենց մասին տեղեկութիւններ տան միւսներուն։ Էնճըլինան որոշեց նկարներ ցուցնել, որ բացատրէ թէ ինք որքա՜ն ուրախ կեանք մը ունի որպէս Եհովայի վկայ։ Բայց իր կարգը գալէն առաջ, ուրիշ պաշտօնեայ մը ինքն իր մասին ըսաւ, որ Եհովայի վկայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած էր։ Ան սկսաւ մեր հաւատալիքներուն վրայ խնդալ։ Էնճըլինան կ’ըսէ. «Սիրտս սկսաւ շատ արագ զարնել։ Բայց ես ինծի ըսի. ‘Չեմ կրնար լուռ կենալ։ Պէ՛տք է Եհովային անունը պաշտպանեմ’»։

10 Երբ պաշտօնեան իր խօսքը վերջացուց, Էնճըլինան կարճ աղօթք մը ըրաւ իր մտքէն։ Ետքը, ազնուութեամբ ըսաւ անոր. «Ես ալ մեծցած եմ Եհովայի վկայ ընտանիքի մը մէջ եւ մինչեւ այսօր Վկայ եմ»։ Լարուած վիճակ մը կար, բայց Էնճըլինան հանդարտ մնաց, մինչ յարգանքով իր հաւատալիքները կը պաշտպանէր եւ կը ցուցնէր նկարներ, որոնց մէջ իր բարեկամներուն հետ ուրախութեամբ կը ծառայէր Եհովային (Ա. Պետ. 3։15)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Երբ Էնճըլինան իր ներկայացումը վերջացուց, պաշտօնեան արդէն հանդարտած էր։ Ան նոյնիսկ սկսաւ պատմել իր յիշատակները, երբ Եհովայի վկաներուն կ’ընկերակցէր։ Էնճըլինան կ’ըսէ. «Եհովան կ’արժէ՛ որ իր անունը պաշտպանենք։ Ինծի համար ասիկա պատիւ մըն է»։ Մենք ալ պատիւը ունինք Եհովային փառք բերելու, նոյնիսկ երբ ուրիշներ չեն յարգեր զինք։

Կրնանք Եհովային փառք բերել մեր խօսքերով (տե՛ս պարբերութիւն 9-10) b


11. Եհովային ծառաները պատմութեան ընթացքին ինչպէ՞ս գործադրած են Սաղմոս 96։8–ին սկզբունքը։

11 Կարդա՛ Սաղմոս 96։8։ Մեր նիւթական բաներով կրնանք Եհովային փառք բերել։ Եհովային ծառաները միշտ այս կերպով պատուած են զինք (Առ. 3։9)։ Օրինակ, իսրայէլացիները դրամ եւ ուրիշ արժէքաւոր բաներ տուին տաճարը շինելու եւ ատոր հոգ տանելու համար (Դ. Թագ. 12։4, 5. Ա. Մն. 29։3-9)։ Յիսուսին կարգ մը աշակերտները «իրենց ստացուածք»էն տուին, որ Յիսուսին եւ իր առաքեալներուն պէտքերը ապահովեն (Ղուկ. 8։1-3)։ Իսկ երբ առաջին դարուն կարգ մը քրիստոնեաներ նեղութիւն քաշեցին սովին պատճառով, ուրիշ շրջաններու մէջ ապրող եղբայրներ ու քոյրեր անոնց դրամ ղրկեցին (Գործք 11։27-29)։ Այսօր մենք ալ կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելով Եհովային փառք կը բերենք։

12. Մեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս փառք կը բերեն Եհովային (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Նկատի առ միայն մէկ փորձառութիւն, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս Եհովային փառք կը բերենք մեր նուիրատուութիւններով։ 2020–ին, Զիմպապուէի մէջ չորութիւն եղաւ որ երկար ժամանակ տեւեց։ Վտանգ կար որ միլիոնաւորներ սովէն մեռնէին, մէջը ըլլալով Փրիսքա անունով քոյր մը։ Հակառակ ասոր, Փրիսքան շարունակեց սովորականին պէս ծառայութեան ելլել ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, նոյնիսկ հողը հերկելու եղանակին։ Իր դրացիները վրան կը խնդային եւ կ’ըսէին. «Անօթի պիտի մեռնիս»։ Փրիսքան համոզումով կը պատասխանէր. «Եհովան իր ծառաները բնաւ երեսի վրայ չի ձգեր»։ Անկէ քիչ ետք, Փրիսքան մեր կազմակերպութենէն ուտելիք եւ ուրիշ պէտքեր ստացաւ։ Ատոնք մեր նուիրատուութիւններով ապահովուեցան։ Ասիկա տպաւորեց Փրիսքային դրացիները, եւ անոնք իրեն ըսին. «Իրա՛ւ, Աստուած քեզ երեսի վրայ չի ձգեր։ Մենք կ’ուզենք քու Աստուածդ ճանչնալ»։ Անոնցմէ եօթն սկսան մեր ժողովներուն ներկայ ըլլալ։

Կրնանք Եհովային փառք բերել մեր նիւթական բաներով (տե՛ս պարբերութիւն 12) c


13. Մեր վարքը ինչպէ՞ս կրնայ փառք բերել Եհովային (Սաղմոս 96։9

13 Կարդա՛ Սաղմոս 96։9, ստորանիշ։ Մեր վարքով կրնանք Եհովային փառք բերել։ Եհովային տաճարին մէջ ծառայող քահանաները պէտք էր որ ֆիզիքապէս մաքուր ըլլային (Ել. 40։30-32)։ Մենք ալ պէտք է ոչ միայն ֆիզիքապէս, հապա՝ վարքով ալ մաքուր ըլլանք (Սաղ. 24։3, 4. Ա. Պետ. 1։15, 16)։ Պէտք է շատ ջանք թափենք, որ «հին անձնաւորութիւնը» հանենք եւ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնինք։ Այսինքն՝ պէտք է վազ անցնինք անմաքուր մտածելակերպէն ու գործերէն, եւ սորվինք Եհովային պէս մտածել ու գործել եւ իր աղուոր յատկութիւնները ունենալ (Կող. 3։9, 10, ՆԱ)։ Նոյնիսկ ամէնէն անբարոյ եւ վայրագ անձերը կրնան Եհովային օգնութեամբ փոխուիլ եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։

14. Ճէքին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Նկատի առ Ճէք անունով վայրագ եւ վտանգաւոր անձի մը փորձառութիւնը։ Զինք Սատանայ կը կոչէին։ Ան այնքա՛ն ոճիրներ գործած էր, որ մահապատիժ ստացած էր։ Բայց մինչեւ որ մահապատիժին ժամանակը գայ, Ճէքը ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել եղբօր մը հետ, որ իր գտնուած բանտը կ’այցելէր։ Ճէքը կրցաւ իր հին անձնաւորութիւնը հանել եւ ժամանակ մը ետք մկրտուեցաւ։ Ան այնքա՛ն փոխուեցաւ, որ իր մահապատիժին օրը՝ կարգ մը բանտապահներու աչքերը լեցուեցան, երբ մնաս բարով կ’ըսէին իրեն։ Բանտին մէջ աշխատող քսանապետ մը ըսաւ. «Ճէքը այստեղի ամենագէշ անձերէն մէկն էր։ Հիմա ամենալաւ անձերէն մէկն է»։ Իր մահապատիժին յաջորդ շաբաթը, այն եղբայրները որոնք բանտ եկած էին ժողովը վարելու համար, ծանօթացան բանտարկեալի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կ’ըլլար ժողովին։ Ան ինչո՞ւ որոշած էր գալ։ Ան Ճէքին ըրած փոփոխութիւններով տպաւորուած էր եւ կ’ուզէր գիտնալ որ ի՛նչ պէտք էր ընէր, որ Եհովան պաշտէր։ Յստակ է որ մեր վարքը կրնայ մեր երկնաւոր Հօր փառք բերել (Ա. Պետ. 2։12

Կրնանք Եհովային փառք բերել մեր վարքով (տե՛ս պարբերութիւն 14) d


ԵՀՈՎԱՆ ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՓԱՌԱՒՈՐԷ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ

15. Եհովան մօտ օրէն ինչպէ՞ս լման պիտի փառաւորէ իր անունը (Սաղմոս 96։10-13

15 Կարդա՛ Սաղմոս 96։10-13։ Սաղմոս 96–ին այս վերջին համարները ցոյց կու տան, որ Եհովան արդար Դատաւոր ու Թագաւոր է։ Ան մօտ օրէն ինչպէ՞ս պիտի փառաւորէ իր անունը։ Արդարութիւն բերելով։ Մօտ ատենէն, ան Մեծ Բաբելոնը պիտի կործանէ, քանի որ ատիկա անարգանք բերած է Եհովային անունին (Յայտ. 17։5, 16. 19։1, 2)։ Մեծ Բաբելոնին կործանումը տեսնողներէն ոմանք թերեւս սկսին մեզի հետ Եհովան պաշտել։ Վերջապէս, Արմագեդոնին, Եհովան Սատանային բոլոր աշխարհը պիտի կործանէ եւ մէջտեղէն վերցնէ զինք ատողները եւ իր մասին սուտ խօսողները։ Բայց ան պիտի փրկէ զինք սիրողներն ու իրեն հնազանդողները եւ փառք բերողները (Մար. 8։38. Բ. Թես. 1։6-10)։ Քրիստոսին Հազարամեայ իշխանութենէն ետք ըլլալիք վերջին փորձէն ետք, Եհովան իր անունը լման սրբացուցած պիտի ըլլայ (Յայտ. 20։7-10)։ Այդ ժամանակ, «երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Ամբ. 2։14

16. Ի՞նչ բանի մէջ կ’ուզես ամէն կարելիդ ընել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ, երբ երկրի վրայ ամէն մարդ Եհովային պիտի տայ իրեն վայել փառքը։ Բայց մինչ այդ, մենք կրնանք մեր ամէն կարելին ընել, որ Եհովային տանք իրեն վայել փառքը։ Այս կարեւոր պատասխանատուութիւնը շեշտելու համար, Կառավարիչ մարմինը Սաղմոս 96։8–ն զատած է, որ մեր տարուան համարը ըլլայ. «Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը»։

Ի վերջոյ, երկրի վրայ ամէն մարդ Եհովային պիտի տայ իրեն վայել փառքը (տե՛ս պարբերութիւն 16)

ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b ՆԿԱՐ. Էնճըլինային փորձառութեան ցուցադրութիւնը։

c ՆԿԱՐ. Փրիսքային փորձառութեան ցուցադրութիւնը։

d ՆԿԱՐ. Ճէքին փորձառութեան ցուցադրութիւնը։