Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3

ԵՐԳ 70 Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք

Եհովան ուրախացնող որոշումներ առ

Եհովան ուրախացնող որոշումներ առ

«Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է» (ԱՌ. 9։10

ՆԻՒԹ

Ինչպէ՛ս կրնաս գիտութիւն, հասկացողութիւն եւ խորատեսութիւն գործածել՝ իմաստուն որոշումներ առնելու համար։

1. Բոլորս ի՞նչ դժուարութիւն մը ունինք։

 ԱՄԷՆ ՕՐ պէտք է որոշումներ առնենք։ Կարգ մը որոշումներ աւելի դիւրին կ’ըլլան, օրինակ՝ ի՞նչ նախաճաշ ընել կամ ո՞ր ժամուն պառկիլ։ Իսկ ուրիշ որոշումներ աւելի դժուար կ’ըլլան։ Ատոնք թերեւս կապ ունենան մեր առողջութեան, մեր ուրախութեան, մեր ընտանիքին կամ մեր հոգեւոր կեանքին հետ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր որոշումները լաւ արդիւնքներ ունենան մեզի եւ մեր ընտանիքին համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, կ’ուզենք որ ատոնք Եհովան ուրախացնեն (Հռով. 12։1, 2

2. Ո՞ր քայլերը քեզի պիտի օգնեն, որ իմաստուն որոշումներ առնես։

2 Աւելի հաւանականութիւն կայ որ իմաստուն որոշում մը առնես, եթէ 1) իրողութիւնները գիտնաս, 2) հարցին շուրջ Եհովային կարծիքը առնես եւ 3) առջեւդ եղած ընտրութիւնները կշռես։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ այս քայլերը եւ պիտի տեսնենք որ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի խորատեսութիւն ունենալ (Առ. 2։11

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳԻՏՑԻՐ

3. Օրինակով մը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ իրողութիւնները գիտնաս որոշում մը առնելէ առաջ։

3 Լաւ որոշում մը առնելու առաջին քայլն է՝ իրողութիւնները գիտնալ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Երեւակայէ որ հիւանդ մը բժիշկին կ’երթայ, քանի որ առողջապահական լուրջ հարց մը ունի։ Հիւանդը ինչպէ՛ս բուժելու նկատմամբ բժիշկը որոշում մը կ’առնէ՞, եթէ դեռ հիւանդը չէ քննած կամ հարցումներ չէ հարցուցած անոր։ Անշուշտ ո՛չ։ Դուն ալ աւելի լաւ որոշումներ կ’առնես, եթէ նախ գիտնաս այն իրողութիւնները, որոնք քու պարագայիդ կը կիրարկուին։ Ինչպէ՞ս։

4. Առակաց 18։13–ի համաձայն, ի՞նչ կրնաս ընել որ իրողութիւնները գիտնաս (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Ընդհանրապէս, հարցումներ հարցնելով կրնաս իրողութիւնները գիտնալ։ Օրինակ, հաշուէ թէ հաւաքոյթի մը հրաւիրուած ես։ Պէ՞տք է երթաս կամ ոչ։ Եթէ չես գիտեր թէ ատիկա ի՛նչ տեսակի հաւաքոյթ մըն է, ոչ ալ գիտես հրաւիրողը, պէտք է հրաւիրողին այսպիսի հարցումներ հարցնես. «Հաւաքոյթը ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի ըլլայ։ Քանի՞ հոգի պիտի գայ։ Ո՞վ պիտի հսկէ հաւաքոյթին։ Որո՞նք պիտի գան։ Մարդիկ հաւաքոյթին ի՞նչ պիտի ընեն։ Ալքոլային խմիչքներ պիտի հրամցուի՞ն»։ Ասոնց պատասխանները քեզի պիտի օգնեն, որ իմաստուն որոշում մը առնես (կարդա՛ Առակաց 18։13

Հարցումներ հարցնելով իրողութիւնները գիտցիր (տե՛ս պարբերութիւն 4) a


5. Մէյ մը որ իրողութիւնները գիտցար, ի՞նչ պէտք է ընես։

5 Մէյ մը որ իրողութիւնները գիտցար, բոլորը միասին դրած լաւ մը մտածէ։ Օրինակ, ըսենք թէ գիտցար որ Եհովային սկզբունքներով չապրող անձեր պիտի գան հաւաքոյթին, կամ հոն ալքոլային խմիչքներ պիտի հրամցուին առանց հսկողութեան։ Լաւ, արդեօք կրնա՞յ ըլլալ որ հաւաքոյթը անզուսպ դառնայ (Ա. Պետ. 4։3)։ Անդին, ի՞նչ պիտի ընես, եթէ գիտնաս որ հաւաքոյթը ժողովիդ կամ ծառայութեանդ ժամուն է։ Եթէ բոլոր իրողութիւնները քով քովի դնելով մտածես, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ լաւ որոշում մը առնես։ Բայց ուրիշ քայլ մըն ալ պէտք է առնես։ Թէեւ գիտես թէ քու կարծիքդ ի՛նչ է այս նիւթին մասին, բայց նաեւ նկատի առ որ Եհովային կարծիքը ի՛նչ է (Առ. 2։6

ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ ԱՌ

6. Յակոբոս 1։5–ին համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք։

6 Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իր կարծիքը հասկնալու։ Եհովան կը խոստանայ, որ մեզի իմաստութիւն պիտի տայ՝ գիտնալու համար թէ որոշ որոշում մը զինք պիտի ուրախացնէ կամ ոչ։ Ան «ամենուն առատապէս [իմաստութիւն] կու տայ ու չի նախատեր» (կարդա՛ Յակոբոս 1։5

7. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային կարծիքը գիտնալ. բացատրէ։

7 Մէյ մը որ Եհովայէն օգնութիւն խնդրես, տես թէ ան ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէ։ Օրինակով մը բացատրենք։ Եթէ ճամբորդութեան ատեն կորսուիս, թերեւս տեղացիէ մը օգնութիւն խնդրես։ Բայց արդեօք պատասխանը առնելէ առաջ գլուխդ կ’առնես–կ’երթա՞ս։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոր ուշի–ուշով մտիկ կ’ընես։ Նոյնպէս, երբ Եհովայէն իմաստութիւն խնդրես, փորձէ տեսնել թէ իր պատասխանը ի՛նչ է։ Ինչպէ՞ս։ Տեսնելով թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր օրէնքներն ու սկզբունքները կը կիրարկուին քու պարագայիդ։ Օրինակ, երբ կը մտածես թէ պէ՞տք է քիչ առաջ յիշուած հաւաքոյթին երթաս, կրնաս նկատի առնել որ Սուրբ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ հետեւեալներուն նկատմամբ՝ անզուսպ հաւաքոյթներ, գէշ ընկերակցութիւններ եւ թէ ինչո՛ւ պէտք է հոգեւոր բաները անձնական նախընտրութիւններէն աւելի առաջ դնենք (Մատ. 6։33. Հռով. 13։13. Ա. Կոր. 15։33

8. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ փնտռած տեղեկութիւններդ գտնելու համար օգնութեան պէտք ունենաս (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Բայց ատեններ օգնութեան պէտք կ’ունենաս, որ փնտռած տեղեկութիւններդ գտնես։ Թերեւս փորձառու եղբօրմէ կամ քրոջմէ խրատ ուզես։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ նաեւ անձամբ պրպտում ընես։ Լեցուն տեղեկութիւններ կան մեր սերտելու գործիքներուն մէջ, օրինակ՝ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար։ Յիշէ որ նպատակդ է՝ Եհովան ուրախացնող որոշում մը առնել։

Հարցին շուրջ Եհովային կարծիքը առ (տե՛ս պարբերութիւն 8) b


9. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր որոշումը Եհովան պիտի ուրախացնէ (Եփեսացիս 5։17

9 Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր որոշումը Եհովան պիտի ուրախացնէ։ Նախ պէտք է Եհովան լաւ ճանչնանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար [«հասկացողութիւն», ՆԱ] է» (Առ. 9։10)։ Երբ գիտնանք Եհովային յատկութիւնները, նպատակը եւ սիրած ու չսիրած բաները, կարողութիւն կ’ունենանք ամէն բան աւելի լաւ հասկնալու։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովային մասին գիտցածներուս հիման վրայ ի՞նչ որոշում կրնամ առնել, որ զինք ուրախացնեմ’ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։17

10. Ինչո՞ւ համար Սուրբ Գիրքին սկզբունքները աւելի կարեւոր են, քան՝ ընտանեկան սովորութիւնները կամ մեր մշակոյթին սովորութիւնները։

10 Ատեններ, Եհովան ուրախացնելու համար կը ստիպուինք մեզի մօտիկ անձեր յուսախաբ ընել։ Օրինակ, կարգ մը ծնողներ լաւ նպատակով կը պնդեն, որ իրենց աղջիկը ամուսնանայ հարուստ մէկու մը հետ, հակառակ անոր որ ան հոգեւորապէս զօրաւոր չէ։ Բնական է որ անոնք ուզեն որ իրենց աղջիկը հանգիստ կեանք մը ապրի, բայց ո՞վ իրեն պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Եհովայի՛ն կարծիքը ի՞նչ է։ Մատթէոս 6։33–ը կը պատասխանէ։ Հոն, Յիսուս քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ‘առաջ խնդրեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը’։ Ճիշդ է որ մեր ծնողքը եւ շրջանակը կը յարգենք, բայց մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ Եհովայի՛ն սիրտը ուրախացնելն է։

ԱՌՋԵՒԴ ԵՂԱԾ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՇՌԷ

11. Ո՞ր յատկութիւնը քեզի պիտի օգնէ, որ առջեւդ եղած ընտրութիւնները կշռես (Փիլիպպեցիս 1։9, 10

11 Մէյ մը որ գիտցար թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կապ ունին որոշումիդ հետ, պէտք է լաւ կշռես առջեւդ եղած ընտրութիւնները (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։9, 10)։ Հոս յիշուած «իմաստութիւն»ը կամ «խորատեսութիւնը» (ՆԱ) քեզի պիտի օգնէ, որ ըմբռնես թէ ամէն մէկ ընտրութեան արդիւնքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ։ Ատեններ որոշելը դիւրին կ’ըլլայ, ատեններ ալ՝ խրթին։ Խորատեսութիւնը քեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնես, նոյնիսկ խրթին պարագաներու մէջ։

12-13. Խորատեսութիւնը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ գործի նկատմամբ իմաստուն որոշում մը առնես։

12 Այս պարագան երեւակայէ։ Գործ կը փնտռես, որ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանիս։ Առջեւդ գործի երկու ընտրութիւններ կան։ Ամէն մէկուն մասին բոլոր իրողութիւնները գիտցած ես (ի՞նչ տեսակի գործ է, քանի՞ ժամ է, որքա՞ն ժամանակ կը տեւէ գործի հասնիլը)։ Նաեւ կը տեսնես որ երկուքն ալ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն համաձայն են։ Թերեւս մէկը միւսէն աւելի կը նախընտրես, քանի որ այդ գործին տեսակը աւելի կը սիրես կամ քանի որ ամսականը աւելի է։ Բայց պէտք է ուրիշ բաներ ալ նկատի առնեն որոշում առնելէ առաջ։

13 Օրինակ, գործը ժողովի ժամո՞ւն է։ Ատիկա պիտի գողնա՞յ այն ժամանակէն, որ կը տրամադրես ընտանիքիդ զգացական եւ հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանելու համար։ Այսպիսի հարցումներ հարցնելը քեզի պիտի օգնէ, որ «աւելի կարեւոր բաները» աւելի առաջ դնես, քան՝ նիւթական շահը (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Երբ որ Եհովային պաշտամունքը եւ ընտանիքիդ պէտքերը աւելի առաջ դնես, պիտի կրնաս առնել որոշում մը, որ Եհովային օրհնութիւնը պիտի ունենայ։

14. Խորատեսութիւնը եւ սէրը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն, որ ուրիշները չգայթակղեցնենք։

14 Խորատեսութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ մտածենք թէ մեր որոշումը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել ուրիշներուն։ Չենք ուզեր մէկու մը «գայթակղութեան» պատճառ ըլլալ (Փլպ. 1։10)։ Ասիկա կարեւոր է, երբ մեր հագուելակերպին եւ տեսքին նկատմամբ որոշումներ կ’առնենք։ Օրինակ, մենք թերեւս կը սիրենք որոշ կերպով մը հագուիլ ու զարդարուիլ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեր հագուելակերպը կը նեղացնէ ուրիշը, ըլլա՛յ ժողովքէն ներս կամ դուրս։ Խորատեսութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ անոնց զգացումները յարգենք։ Սէրը կը ձգէ որ մեր «ընկերին» օգուտը փնտռենք եւ չափազանցութեան չերթանք (Ա. Կոր. 10։23, 24, 32. Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Այսպիսով, պիտի առնենք որոշում մը, որ ցոյց կու տայ թէ մենք կը սիրենք ու կը յարգենք ուրիշները։

15. Ի՞նչ պէտք է ծրագրես մեծ որոշում մը առնելէ առաջ։

15 Եթէ մեծ որոշում մը պիտի առնես, մտածէ թէ ատիկա քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ բան մը ընելէ առաջ ‘հաշուենք ծախսը’ (Ղուկ. 14։28, ԱԾ)։ Ուրեմն, նկատի առ թէ որքա՛ն ժամանակ եւ նիւթական պէտք է տրամադրես եւ ջանք թափես, որպէսզի որոշումդ յաջողցնես։ Կարգ մը պարագաներու, թերեւս ընտանիքիդ անդամներուն հետ խօսիս, որպէսզի տեսնէք թէ ամէն մէկդ ի՛նչ պէտք է ընէ որ որոշումը յաջողի։ Այսպէս ծրագրելը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Ասիկա կրնայ մէջտեղ հանել, որ պէտք է որոշումիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես կամ լման որոշումդ փոխես։ Եւ երբ որ ընտանիքիդ անդամներուն կարծիքը առնես եւ իրենց մտիկ ընես, անոնք աւելի պատրաստ պիտի ըլլան քեզի օգնելու որ որոշումդ յաջողցնես (Առ. 15։22

ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ ԱՌ ՈՐ ԿՐՆԱՅ ՅԱՋՈՂԻԼ

16. Ո՞ր քայլերը քեզի պիտի օգնեն, որ առնես որոշում մը որ պիտի յաջողի (տե՛ս նաեւ « Ինչպէ՞ս կրնաս իմաստուն որոշումներ առնել» տուփը)։

16 Եթէ մինչեւ հիմա ըսուածները ըրած ես, ուրեմն պատրաստ ես իմաստուն որոշում մը առնելու։ Դուն իրողութիւնները գիտցար եւ նկատի առիր այն սկզբունքները, որոնք քեզի կ’օգնեն Եհովան ուրախացնող որոշում մը առնելու։ Հիմա կրնաս Եհովայէն խնդրել, որ քեզի օգնէ որոշումդ յաջողցնելու։

17. Լաւ որոշումներ առնելու համար ի՞նչ բանի պէտք է վստահիս։

17 Նոյնիսկ եթէ անցեալին շատ մը յաջող որոշումներ առած ես, յիշէ որ լաւ որոշումներ առնելու համար պէտք է Եհովայի՛ն իմաստութեան վստահիս, եւ ոչ թէ՝ քու իմաստութեանդ կամ փորձառութեանդ։ Միայն Եհովա՛ն կրնայ քեզի տալ գիտութիւն, հասկացողութիւն եւ խորատեսութիւն, որոնք երեքն ալ պէտք են՝ իմաստութիւն ունենալու համար (Առ. 2։1-5)։ Եհովան կրնայ քեզի օգնել, որ զինք ուրախացնող որոշումներ առնես (Սաղ. 23։2, 3

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

a ՆԿԱՐ. Երիտասարդ եղբայրներ ու քոյրեր կը խօսին այն հրաւէրին մասին, որ ստացան իրենց հեռաձայնին վրայ։

b ՆԿԱՐ. Եղբայրներէն մէկը պրպտում կ’ընէ՝ հաւաքոյթին երթալու կամ չերթալու մասին որոշում առնելէ առաջ։