Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 4

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

Փրկանքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ

Փրկանքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ

«Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։9

ՆԻՒԹ

Փրկանքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին աղուոր յատկութիւններուն մասին։

1. Ինչո՞ւ կ’օգտուինք, երբ ամէն տարի ներկայ կ’ըլլանք Յիսուսին մահուան Յիշատակատօնին։

 ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ կը համաձայնիս, որ փրկանքը շատ արժէքաւոր նուէր մըն է (Բ. Կոր. 9։15)։ Դուն կրնաս Եհովային մօտիկ բարեկամը ըլլալ, քանի որ Յիսուս մեզի համար մեռաւ։ Նաեւ կրնաս յաւիտեան ապրելու առիթը ունենալ։ Շատ պատճառներ ունինք որ մեր գնահատութիւնը ցուցնենք Եհովային, որ փրկանքը տուաւ քանի որ մեզ շատ կը սիրէ (Հռով. 5։8)։ Եւ որպէսզի մենք շարունակենք փրկանքը գնահատել եւ բնա՛ւ թեթեւի չառնենք, Յիսուս մեզմէ խնդրեց որ իր մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք (Ղուկ. 22։19, 20

2. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

2 Այս տարի, Յիշատակատօնը պիտի տօնենք շաբաթ, 12 ապրիլ 2025–ին։ Վստահաբար բոլորս կը ծրագրենք ատոր ներկայ ըլլալ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մէկս Յիշատակատօնի շրջանին ժամանակ տրամադրենք, որ խոկանք a թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ փրկանքը մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ հասկնալու, որ փրկանքը ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ եւ մենք ինչպէ՛ս կրնանք ատոր նկատմամբ մեր գնահատութիւնը ցուցնել։

ՓՐԿԱՆՔԸ ՄԵԶԻ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

3. Մէկ մարդու մը մահը ինչպէ՞ս կրնար միլիոնաւորներ ազատել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Փրկանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովան արդար է (Բ. Օր. 32։4)։ Ինչպէ՞ս։ Պահ մը մտածէ։ Մենք անհնազանդ Ադամին պատճառով ժառանգեցինք մեղքը, որ մահուան կ’առաջնորդէ (Հռով. 5։12)։ Որպէսզի Եհովան մեզ ազատէ մեղքէն ու մահէն, Յիսուսը ղրկեց որ փրկանքը տայ։ Բայց մէկ կատարեալ մարդու մը զոհը ինչպէ՞ս կրնար միլիոնաւոր մարդիկ ազատել։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան» (Հռով. 5։19. Ա. Տիմ. 2։6)։ Ուրիշ խօսքով, մէկ անհնազանդ կատարեալ մարդ պատճառ դարձաւ, որ բոլորս մեղաւոր ըլլանք ու մեռնինք, եւ մէկ հնազանդ կատարեալ մարդ մը պէտք եղաւ որ մեզ ատոնցմէ ազատէ։

Մէկ մարդ պատճառ դարձաւ, որ մեղքի եւ մահուան գերի ըլլանք։ Անդին՝ մէկ մարդ մեզ ատոնցմէ ազատեց (տե՛ս պարբերութիւն 3)


4. Եհովան ինչո՞ւ պարզապէս չձգեց, որ Ադամին սերունդէն հնազանդ եղողները յաւիտեան ապրին։

4 Յիսուս իրապէս պէտք ունէ՞ր մեռնելու որ մեզ ազատէ։ Եհովան չէ՞ր կրնար պարզապէս ձգել, որ Ադամին սերունդէն հնազանդ եղողները յաւիտեան ապրին։ Թերեւս մեզի պէս անկատար մարդոց համար ասիկա տրամաբանական երեւի։ Բայց եթէ Եհովան ասիկա ընէր, արդարութեամբ վարուած պիտի չըլլար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա պիտի նշանակէր որ Եհովան անտեսեց Ադամին անհնազանդութիւնը։

5. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան միշտ ճիշդ եղածը պիտի ընէ։

5 Ասկէ զատ, եթէ Եհովան փրկանքը չկարգադրէր եւ ձգէր որ Ադամին անկատար սերունդը յաւիտեան ապրէր, այս պարագային Եհովան իր իսկ չափանիշները յարգած պիտի չըլլար։ Ասոր համար ալ, հաւանաբար մարդիկ պիտի սկսէին մտածել, որ արդեօք Եհովան ուրիշ բաներու մէ՞ջ ալ պիտի չյարգէր իր չափանիշները եւ իր խոստումները։ Բայց մենք հիմա ասոր հոգը չենք առներ, քանի որ Եհովան արդարութեամբ վարուեցաւ, հակառակ անոր որ ասիկա իրեն սուղի նայեցաւ։ Ան իր Որդին զոհեց։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան միշտ ճիշդ եղածը պիտի ընէ։

6. Փրկանքը ուրիշ ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային մասին (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10

6 Փրկանքը ո՛չ միայն մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ Եհովան արդար է, հապա նաեւ՝ թէ ան որքա՜ն խոր սէր ունի մեզի հանդէպ (Յովհ. 3։16. կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Եհովան ո՛չ միայն կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք, հապա նաեւ‵ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք։ Նկատի առ որ երբ Ադամ մեղք գործեց, Եհովան զինք Իր ընտանիքէն դուրս վռնտեց։ Ասոր համար, բոլորս երբ ծնանք՝ Եհովային ընտանիքին մաս չկազմեցինք։ Բայց քանի որ փրկանքը վճարուեցաւ, Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ եւ առիթ կու տայ, որ ամէն անձ որ իրեն կը հաւատայ ու կը հնազանդի, օր մը իր ընտանիքին մաս կազմէ։ Նոյնիսկ հիմա կրնանք մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալ թէ՛ Եհովային եւ թէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Եհովան իրապէ՛ս մեզ կը սիրէ (Հռով. 5։10, 11

7. Յիսուսին չարչարանքը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ հասկնալու, թէ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ մեզ։

7 Եթէ կենանք ու մտածենք որ փրկանքը որքա՜ն սուղի նայեցաւ Եհովային, աւելի լաւ կը հասկնանք թէ ան որքա՜ն կը սիրէ մեզ։ Սատանան կ’ըսէ որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները իրեն հաւատարիմ չեն մնար, եթէ դժուարութեան առջեւ ըլլան։ Ասոր համար, Եհովան ձգեց որ Յիսուս իր մեռնելէն առաջ չարչարուի, որպէսզի փաստէ թէ Սատանային ըսածը ճիշդ չէ (Յոբ 2։1-5. Ա. Պետ. 2։21)։ Եհովան իր աչքերովը տեսաւ, որ կրօնական հակառակորդները ինչպէ՛ս Յիսուսին վրայ խնդացին, զինուորները ինչպէ՛ս զինք մտրակեցին ու ցիցի վրայ գամեցին։ Եհովան տեսաւ ինչպէ՛ս իր սիրելի որդին չարչարուելով մեռաւ (Մատ. 27։28-31, 39)։ Եհովան զօրութիւնը ունէր որ անմիջապէս կեցնէր ասիկա։ Օրինակ, երբ հակառակորդներ ըսին. «[Աստուած] հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ», Եհովան կրնար ասիկա վայրկեանական ընել (Մատ. 27։42, 43)։ Բայց եթէ ընէր, փրկանքը պիտի չվճարուէր եւ մեր առջեւը յոյս մը պիտի չունենայինք։ Ասոր համար է որ Եհովան արտօնեց որ իր Որդին չարչարուի իր մահէն առաջ։

8. Եհովան ցաւեցա՞ւ, երբ իր Որդիին չարչարանքը տեսաւ. բացատրէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Ճիշդ է որ Եհովան Յիսուսին չարչարանքը չկեցուց, բայց ասիկա ըսել չէ որ ան զգացումներ չունի։ Մենք զգացումներ ունինք, քանի որ ի՛ր պատկերով ստեղծուած ենք։ Ուրեմն Եհովա՛ն ալ զգացումներ ունի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Եհովան կը ‘սրդողի’ եւ կը ‘նեղանայ’ (Սաղ. 78։40, 41)։ Լաւ, Եհովան որքա՞ն նեղացաւ, երբ իր Որդիին չարչարանքը տեսաւ։ Նկատի առ Աբրահամին ու Իսահակին փորձառութիւնը։ Եհովան Աբրահամէն խնդրեց, որ իր մէկ հատիկ տղան զոհէ (Ծն. 22։9-12. Եբ. 11։17-19)։ Աբրահամին զգացումները որքա՜ն իրար անցած ըլլալու էին, մինչ կը պատրաստուէր իր տղան դանակով մեռցնելու։ Երեւակայէ որ Եհովան որքա՜ն աւելի ցաւ քաշած ըլլալու էր, երբ տեսաւ որ անհաւատ մարդիկ կը չարչարեն ու կը մեռցնեն իր Որդին (տե՛ս jw.org կայքին վրայ Անոնց հաւատքը ընդօրինակել. Աբրահամ (Մաս 2) վիտէոն (արաբ.))։

Եհովան շատ ցաւեցաւ, երբ իր Որդիին չարչարանքը տեսաւ (տե՛ս պարբերութիւն 8)


9. Հռովմայեցիս 8։32, 38, 39–էն ի՞նչ կը սորվիս Եհովային սիրոյն մասին։

9 Փրկանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ մէկը չկայ որ մեզ Եհովային չափ կը սիրէ. ո՛չ մեր ընտանիքը, ո՛չ ալ մեր ամենամտերիմ ընկերը (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։32, 38, 39)։ Եհովան նոյնիսկ մեր անձէն աւելի կը սիրէ մեզ։ Դուն կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ։ Եհովան ա՛լ աւելի կ’ուզէ։ Կ’ուզե՞ս մեղքերդ ներուին։ Եհովան ա՛լ աւելի կ’ուզէ։ Միակ բաները որ Եհովան քեզմէ կը խնդրէ այն է, որ փրկանքը գնահատես, եւ իրեն հաւատաս ու հնազանդիս։ Փրկանքը իրապէս ալ շատ արժէքաւոր նուէր մըն է, որ Եհովային խոր սէրը կը ցուցնէ։ Մենք այս սիրոյն մասին ա՛լ աւելի պիտի սորվինք նոր աշխարհին մէջ (Ժող. 3։11

ՓՐԿԱՆՔԸ ՄԵԶԻ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՍԻՆ

10. ա) Յիսուս ի՞նչ բանով մը մտահոգ էր։ բ) Յիսուս ի՞նչ կերպերով սրբացուց Եհովային անունը (տե՛ս նաեւ « Յիսուսին հաւատարմութիւնը սրբացուց Եհովային անունը» տուփը)։

10 Յիսուսին համար շատ կարեւոր է, որ ուրիշները լաւ գաղափար առնեն իր Հօր մասին (Յովհ. 14։31)։ Յիսուս մտահոգ էր, որ եթէ որպէս հայհոյիչ սպաննուէր, իր Հօր անունին անարգանք պիտի բերէր։ Ասոր համար աղօթեց. «Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի» (Մատ. 26։39)։ Բայց քանի որ Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց, ան կրցաւ իր Հօր անունը սրբացնել։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս ցուցուց, որ մարդիկը շատ կը սիրէ (Յովհաննէս 13։1

11 Փրկանքը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, որ Յիսուս շատ հետաքրքրուած է մարդոցմով, մանաւանդ՝ իր աշակերտներով (Առ. 8։31. կարդա՛ Յովհաննէս 13։1)։ Օրինակ, Յիսուս գիտէր որ երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին շատ մը դժուարութիւններէ պիտի անցնէր եւ նոյնիսկ չարչարուելով պիտի մեռնէր։ Բայց ան իր նշանակումը առ ի պարտականութիւն չըրաւ, հապա՝ սրտանց։ Ան ամբողջ սրտով քարոզեց, սորվեցուց եւ ուրիշներուն օգնեց։ Նոյնիսկ իր մահուան օրը ժամանակ տրամադրեց, որ իր առաքեալներուն ոտքերը լուայ, անոնց սորվեցնէ եւ զանոնք քաջալերէ ու մխիթարէ (Յովհ. 13։12-15)։ Նոյնիսկ երբ ցիցին վրայ ցաւ կը քաշէր, ան իր քովի ոճրագործին յոյս տուաւ եւ Յովհաննէսէն խնդրեց որ իր մօրը հոգ տանի (Ղուկ. 23։42, 43. Յովհ. 19։26, 27)։ Յստակ է, որ ո՛չ միայն Յիսուսին մահը ցուցուց իր խոր սէրը, հապա նաեւ՝ իր ապրած ամբողջ կեանքը։

12. Յիսուս ի՞նչ իմաստով կը շարունակէ մեզի համար զոհողութիւններ ընել։

12 Ճիշդ է որ Յիսուս «մէկ անգամ» մեռաւ, բայց ան կը շարունակէ մեզի համար զոհողութիւններ ընել (Հռով. 6։10)։ Օրինակ, ան կը շարունակէ ջանք թափել, որ մենք վայելենք բոլոր այն բաները, որոնք փրկանքին միջոցաւ կարելի դարձան։ Նկատէ թէ ան ի՛նչ բաներով զբաղած է հիմա։ Ան կը ծառայէ իբրեւ մեր Թագաւորը, Քահանայապետը եւ ժողովքին գլուխը (Ա. Կոր. 15։25. Եփ. 5։23. Եբ. 2։17)։ Ան ունի նշանակում, որ օծեալները եւ մեծ բազմութիւնը հաւաքէ, եւ այս գործը վերջ պիտի գտնէ մեծ նեղութիւնը վերջանալէ առաջ (Մատ. 25։32. Մար. 13։27)։ Ան նաեւ հաւատարիմ ծառային միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կու տայ մեզի այս վերջին օրերուն ընթացքին (Մատ. 24։45)։ Եւ ան իր Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին պիտի շարունակէ մեզի համար լաւ բաներ ընել։ Ուրեմն, Եհովան Յիսուսը տուաւ ո՛չ միայն մեզի համար մեռնելու համար, հապա նաեւ՝ մեզի համար շատ մը ուրիշ բաներ ընելու համար։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՆՈՐ ԲԱՆԵՐ ՍՈՐՎԻԼ

13. Խոկալը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ Եհովային եւ Քրիստոսին սիրոյն մասին սորվիս։

13 Որքա՛ն աւելի խոկաս թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար, այնքա՛ն աւելի բաներ կը սորվիս իրենց սիրոյն մասին։ Օրինակ, այս տարի՝ Յիշատակատօնի շրջանին կրնաս կարդալ Աւետարան մը կամ աւելի։ Մի՛ փորձեր մէկ անգամէն շատ գլուխներ կարդալ։ Հապա՝ կամաց կարդայ եւ տես թէ ուրիշ ի՛նչ պատճառներ ունինք, որ Եհովան եւ Յիսուսը սիրենք։ Եւ անպայման սորվածներդ ուրիշներուն պատմէ։

14. Պրպտումը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ շարունակենք սորվիլ փրկանքին եւ ուրիշ նիւթերու մասին (Սաղմոս 119։97) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Եթէ երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ես, թերեւս կը մտածես որ արդեօք կարելի՞ է, որ նոր բաներ սորվիս արդէն մեր լաւ գիտցած նիւթերուն մասին, օրինակ՝ Աստուծոյ արդարութիւնը, իր սէրը եւ փրկանքը։ Իրականութիւնը այն է, որ միշտ սորվելիք նոր բաներ ունինք այսպիսի նիւթերու մասին։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնաս ընել։ Կարդա՛ եւ սերտէ մեր հրատարակութիւններուն մէջի լեցուն տեղեկութիւնները։ Եթէ դժուարութիւն ունենաս կարդացածդ հասկնալու, պրպտում ըրէ։ Ետքը, օրուան ընթացքին խոկա՛ սերտածիդ վրայ եւ թէ ի՛նչ սորվեցար Եհովային, Յիսուսին եւ քեզի հանդէպ իրենց սիրոյն մասին (կարդա՛ Սաղմոս 119։97

Նոյնիսկ եթէ երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, տակաւին կրնանք մեր գնահատութիւնը աւելցնել փրկանքին հանդէպ (տե՛ս պարբերութիւն 14)


15. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք նոր տեղեկութիւններ փնտռել։

15 Մի՛ յուսահատիր եթէ նոր կամ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը չգտնես ամէն անգամ որ կարդաս կամ պրպտում ընես։ Երեւակայէ որ դուն հանքի մը մէջ ոսկի կը փնտռես։ Ընդհանրապէս, շատ ժամեր եւ օրեր կ’առնէ, որ մէկը կտոր մը ոսկի գտնէ։ Բայց ան կը շարունակէ փնտռել, քանի որ ոսկիին ամէն մէկ պզտիկ կտորը շատ արժէքաւոր է։ Ա՛լ ուր մնաց Սուրբ Գիրքէն մեր սորված նոր ճշմարտութիւնները. ատոնք ոսկիէն շա՜տ աւելի արժէքաւոր են (Սաղ. 119։127. Առ. 8։10)։ Ուրեմն, համբերութիւն ունեցի՛ր եւ շարունակէ՛ Սուրբ Գիրքը կարդալ ու նոր տեղեկութիւններ փնտռել (Սաղ. 1։2

16. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։

16 Մինչ կը սերտես, տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս սորվածներդ գործադրել։ Օրինակ, Եհովային արդարութիւնը ընդօրինակէ՝ մարդոց միջեւ զատողութիւն չդնելով։ Իր Հօր եւ մարդոց հանդէպ Յիսուսին սէրը ընդօրինակէ՝ պատրաստ ըլլալով որ Եհովային անունին համար չարչարուիս եւ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ օգնելու համար զոհողութիւններ ընես։ Նաեւ Յիսուսը ընդօրինակէ՝ ուրիշներուն քարոզելով, որպէսզի անոնք ալ առիթը ունենան Եհովային ըրածներուն մասին սորվելու եւ փրկանքին հաւատալու։

17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

17 Որքա՛ն աւելի հասկնանք եւ գնահատենք փրկանքը, այնքա՛ն աւելի պիտի սիրենք Եհովան եւ իր Որդին, եւ իրենք ալ իրենց կարգին աւելի պիտի սիրեն մեզ (Յովհ. 14։21. Յակ. 4։8)։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները գործածենք, որ փրկանքին մասին աւելի սորվինք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ փրկանքը ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ եւ մենք ինչպէ՛ս կրնանք ցուցնել, որ կը գնահատենք Եհովային սէրը։

ԵՐԳ 50 Աստուածային սիրոյ օրինակը

a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Խոկալ» ըսել է՝ նիւթի մը մասին մտածել եւ աւելի մանրամասնութիւններ գիտնալ, ատիկա աւելի լաւ հասկնալու համար։