Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ»

«Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ»

ԶՈՀԵՐԸ շատոնց ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը եղած են։ Իսրայէլացիները կենդանիներ զոհեցին, իսկ քրիստոնեաները միշտ հանրածանօթ եղած են «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելով։ Կան նաեւ ուրիշ զոհեր, որոնց Աստուած նոյնպէս կը հաճի (Եբ. 13։15, 16)։ Այդ զոհերը ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ կը բերեն։ Նկատի առնենք որոշ օրինակներ։

Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ ծառաներէն մէկը՝ Աննան սրտանց կը փափաքէր տղայ մը ունենալ, բայց յղանալու կարող չէր։ Աղօթեց Եհովային եւ իրեն խոստացաւ, որ եթէ տղայ մը ունենայ, ‘զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրէ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’ (Ա. Թագ. 1։10, 11)։ Ժամանակի ընթացքին ան յղացաւ եւ տղայ մը ծնաւ, որ Սամուէլ կոչուեցաւ։ Երբ Սամուէլ կաթէ կտրուեցաւ, Աննան իր խոստումին համաձայն զինք խորանը տարաւ։ Եհովան օրհնեց Աննան իր անձնազոհ ոգիին համար. ան ուրիշ հինգ պզտիկներ ալ ունեցաւ, իսկ Սամուէլ եղաւ մարգարէ եւ Սուրբ Գիրքին գրողներէն մէկը (Ա. Թագ. 2։21

Աննային եւ Սամուէլին պէս, քրիստոնեաները այսօր առանձնաշնորհում ունին իրենց կեանքը գործածելու Արարիչին ծառայելու համար։ Յիսուս խոստացաւ որ որեւէ զոհողութիւն որ կ’ընենք, որպէսզի Եհովան պաշտենք, առատօրէն պիտի վարձատրուի (Մար. 10։28-30

Առաջին դարուն, Այծեմնիկ անունով քրիստոնեայ կին մը իր «բարի գործերով ու ողորմութիւններով» հանրածանօթ էր. ուրիշներուն օգնելու համար շատ զոհողութիւններ կ’ընէր։ Բայց, ցաւօք սրտի, ան «հիւանդացաւ ու մեռաւ»։ Ժողովքը շատ նեղուեցաւ։ Երբ աշակերտները լսեցին, որ Պետրոս նոյն շրջանին մէջն էր, անոր աղաչեցին որ անմիջապէս գայ։ Երեւակայէ անոնց ուրախութիւնը երբ Պետրոս եկաւ եւ Այծեմնիկը յարուցանեց. առաջին անգամն էր, որ առաքեալ մը մէկու մը յարութիւն կու տար (Գործք 9։36-41)։ Աստուած չէր մոռցած Այծեմնիկին զոհերը (Եբ. 6։10)։ Անոր առատաձեռնութեան պատմութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ պահուեցաւ՝ որպէս հոյակապ օրինակ մը, որուն կրնանք հետեւիլ։

Պօղոս առաքեալ նոյնպէս իր ժամանակէն ուրիշներուն կու տար եւ հոգատարութիւն կը ցուցնէր, մեզի հիանալի օրինակ ձգելով։ Կորնթոսի մէջ եղող իր քրիստոնեայ եղբայրներուն գրեց. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար» (Բ. Կոր. 12։15)։ Ան փորձառաբար սորվեցաւ, որ ուրիշներուն համար զոհուելով ոչ միայն անձնապէս ուրախ կ’ըլլայ, այլեւ,– ինչ որ աւելի կարեւոր է,– Եհովային օրհնութիւնն ու հաճութիւնը կ’ունենայ (Գործք 20։24, 35

Անկասկած Եհովան կ’ուրախանայ երբ մեր ժամանակն ու կորովը կը գործածենք, որ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղենք եւ հաւատակիցներուն օգնենք։ Բայց արդեօք կրնա՞նք ուրիշ կերպերով քարոզչութեան թիկունք կանգնիլ։ Անշո՛ւշտ։ Կրնանք Աստուած պատուել կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելով։ Կազմակերպութիւնը ատոնք կը գործածէ համաշխարհային քարոզչութեան գործին համար, մէջը ըլլալով միսիոնարներուն եւ միւս յատուկ լիաժամ ծառաներուն նիւթապէս օժանդակելը։ Ատկէ զատ, կամաւոր նուիրատուութիւններն են, որ կարելի կը դարձնեն հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ պատրաստելն ու թարգմանելը, աղէտներու ատեն շտապ օժանդակութիւնը, եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ օրհնեալ կ’ըլլայ «աղէկ աչք ունեցողը» կամ առատաձեռն եղողը։ Ասկէ զատ, երբ մեր ստացուածքէն Եհովային կ’ընծայենք, կը պատուենք զինք (Առ. 3։9. 22։9