Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհային մտածելակերպին դէմ դիր

Աշխարհային մտածելակերպին դէմ դիր

«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ [աշխարհի] փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով» (ԿՈՂ. 2։8

ԵՐԳԵՐ. 60, 26

1. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ Կողոսայի քրիստոնեաներուն (տե՛ս բացման նկարը)։

ԸՍՏ երեւոյթին, Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն ուղղած իր նամակը գրեց, երբ տակաւին Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, շուրջ Ք.Ե. 60-61–ին։ Անոնց բացատրեց թէ կարեւոր է որ «հոգեւոր հանճար» ունենան, այսինքն՝ Եհովային աչքով նային հարցերուն (Կող. 1։9)։ Ան ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։4, 8)։ Նաեւ բացատրեց որ ինչո՛ւ կարգ մը տարածուած գաղափարներ սխալ են եւ ինչո՛ւ շատեր զանոնք կը սիրեն։ Օրինակ, ատոնք կրնան պատճառ դառնալ, որ անհատը ինքզինք ուրիշներէն աւելի բարձր կամ իմաստուն զգայ։ Պօղոս այս նամակը գրեց, որպէսզի եղբայրներուն օգնէ որ աշխարհային մտածելակերպ չունենան եւ հեռու մնան սխալ սովորութիւններէն (Կող. 2։16, 17, 23

2. Ինչո՞ւ պիտի քննենք աշխարհային կարգ մը գաղափարներ։

2 Աշխարհային մտածելակերպ ունեցող մարդիկ կ’անտեսեն Եհովայի սկզբունքները։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք անոնցմէ ազդուիլ եւ մեր հաւատքը երթալով կրնայ տկարանալ։ Ներկայիս, մեզմէ ո՛չ մէկը պաշտպանուած է աշխարհային մտածելակերպին ազդեցութենէն. հեռատեսիլ կը դիտենք, համացանց կը գործածենք, կ’աշխատինք կամ կ’ուսանինք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս չձգենք որ այդպիսի մտածելակերպ ազդէ մեր մտքին։ Նաեւ պիտի տեսնենք աշխարհային գաղափարներու հինգ օրինակ եւ զանոնք մերժելու կերպեր։

ՊԱՅՄԱ՞Ն Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱԼ

3. Շատ մը մարդիկ ի՞նչ գաղափար կը սիրեն եւ ինչո՞ւ։

3 «Պայման չէ որ Աստուծոյ հաւատամ, որպէսզի լաւ անձ ըլլամ»։ Շատ մը երկիրներու մէջ այսօր մարդիկ այսպէս կ’ըսեն։ Անոնք չեն հաւատար Աստուծոյ, ո՛չ թէ քանի որ քններ են Աստուծոյ գոյութեան հարցը, հապա՝ կը սիրեն ազատ ըլլալու եւ իրենց փափաքները կատարելու գաղափարը (կարդա՛ Սաղմոս 10։4)։ Ուրիշներ կը զգան թէ իմաստուն կ’երեւին, երբ կ’ըսեն՝ «Առանց Աստուծոյ ալ կրնամ լաւ սկզբունքներ ունենալ»։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մէկու մը, որ չի հաւատար Արարիչին գոյութեան։

4 Բայց տրամաբանակա՞ն է մտածել որ Արարիչ մը գոյութիւն չունի։ Փորձելով գիտնալ թէ կեանքը ինչպէ՛ս ծագած է, անհատը թերեւս գիտութիւնը ուսումնասիրէ. բայց կրնայ դիւրին–դիւրին շուարիլ տեղեկութիւններու շատութենէն։ Իրականութեան մէջ պատասխանը պարզ է։ Կրնա՞յ տուն մը առանց շինողի մը մէջտեղ գալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մէկը զայն շինած պէտք է ըլլայ։ Վստահաբար նոյնը կրնանք ըսել երկրի վրայ ապրող բաներուն մասին։ Ամէնէն պարզ բջիջը շատ աւելի բարդ է քան տուն մը։ Բջիջը կրնայ ընել ինչ որ ո՛չ մէկ տուն կրնայ ընել՝ բազմանալ։ Ուրիշ խօսքով, բջիջը կրնայ հարկ եղած տեղեկութիւնները պահել եւ փոխանցել նոր բջիջի մը, որ իր կարգին կրնայ իր նմանը մէջտեղ բերել։ Բջիջները ինչպէ՞ս այս կարողութիւնը ունեցան։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբ. 3։4

5. Ի՞նչ կրնանք ըսել այն գաղափարին մասին, թէ կրնա՛նք գիտնալ թէ ինչն է բարին առանց Աստուծոյ հաւատալու։

5 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել այն գաղափարին մասին, թէ կրնա՛նք գիտնալ թէ ինչն է բարին, նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ չենք հաւատար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուծոյ չհաւատացողները կրնան լաւ սկզբունքներ ունենալ (Հռով. 2։14, 15)։ Օրինակ, անոնք թերեւս յարգեն եւ սիրեն իրենց ծնողները։ Բայց մէկը, որ չի հետեւեր մեր սիրալիր Արարիչին չափանիշներուն, կրնայ շատ սխալ որոշումներ առնել (Եսա. 33։22)։ Շատ մը խելացի մարդիկ այսօր համոզուած են, որ Աստուծոյ օգնութեան պէտքը ունինք, որպէսզի աշխարհին մէջ տիրող սարսափելի վիճակները շտկէ (կարդա՛ Երեմիա 10։23)։ Ուրեմն բնա՛ւ պէտք չէ կարծենք որ լիովին կրնանք գիտնալ թէ ինչն է բարին առանց Աստուծոյ հաւատալու եւ իր չափանիշներուն հետեւելու (Սաղ. 146։3

ՊԱՅՄԱ՞Ն Է ԿՐՕՆՔԻ ՄԸ ՊԱՏԿԱՆԻԼ

6. Շատեր ինչպէ՞ս կը նկատեն կրօնքը։

6 «Առանց կրօնքի ալ կրնաս ուրախ ըլլալ»։ Շատեր կը կարծեն որ կրօնքը ձանձրալի է եւ գործնական արժէք չունի։ Նաեւ շատ մը կրօնքներ դժոխքի մասին կը սորվեցնեն, տասանորդ կը հաւաքեն կամ քաղաքականութիւն կը քարոզեն։ Զարմանալի չէ որ երթալով աւելի շատ մարդիկ կը կարծեն, որ առանց կրօնքի կրնան ուրախ ապրիլ։ Այսպիսիներ կ’ըսեն. «Ես հետաքրքրուած եմ հոգեւոր հարցերով, բայց չեմ ուզեր կրօնքի մը պատկանիլ»։

7. Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս ուրախութիւն կը բերէ։

7 Արդեօք իրապէս կրնա՞նք առանց կրօնքի ուրախ ըլլալ։ Անկասկած անհատը կրնայ ուրախ ըլլալ առանց սուտ կրօնքի, բայց չի կրնար իսկապէս ուրախ ըլլալ եթէ ուրախ Եհովա Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն չունի (Ա. Տիմ. 1։11)։ Եհովային ըրած ամէն բան օգտակար է մարդոց համար։ Իր ծառաներն ալ ուրախ են, քանի որ կը կեդրոնանան ուրիշներուն օգնելու վրայ (Գործք 20։35)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէս ճշմարիտ պաշտամունքը կ’օգնէ որ ընտանիքները ուրախ ըլլան։ Ճշմարիտ պաշտամունքը կը սորվեցնէ որ յարգենք եւ պատուենք մեր կողակիցը, սուրբ նկատենք ամուսնական ուխտը, հեռու մնանք շնութենէն, մեծցնենք յարգալից զաւակներ եւ իրական սէր ցուցնենք։ Ճշմարիտ պաշտամունքը կ’օգնէ որ Եհովայի ժողովուրդը խաղաղութեամբ միասնաբար գործեն ժողովքին մէջ եւ իրարու հանդէպ սէր ցուցնեն (կարդա՛ Եսայի 65։13, 14

8. Ինչպէ՞ս Ղուկաս 11։28–ը կ’օգնէ որ ըմբռնենք, թէ ի՛նչը մարդիկը ուրախ կը դարձնէ։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք վերլուծել, թէ արդեօք ճի՛շդ է այն աշխարհային գաղափարը, թէ անհատը կրնայ ուրախ ըլլալ առանց Աստուծոյ ծառայելու։ Մտածէ այս հարցին շուրջ. ի՞նչը մարդիկը ուրախ կը դարձնէ։ Ոմանք կ’ուրախանան իրենց գործով, մարզախաղով մը կամ զբաղմունքով մը։ Ուրիշներ կը սիրեն իրենց ընտանիքին կամ բարեկամներուն հոգ տանիլ։ Թէեւ այս բաները կը բերեն ուրախութիւն, բայց մեր կեանքը ունի աւելի կարեւոր նպատակ. կենդանիներէն տարբեր ըլլալով կրնանք մեր Արարիչը ճանչնալ եւ հաւատարմօրէն զինք պաշտել։ Ասիկա ընելն է, որ մեզ ուրախ կը պահէ (կարդա՛ Ղուկաս 11։28)։ Օրինակ, շատ կ’ուրախանանք եւ կը քաջալերուինք, երբ եղբայրներով ու քոյրերով մէկտեղ կը հաւաքուինք Եհովան փառաբանելու (Սաղ. 133։1)։ Նաեւ կը վայելենք համաշխարհային եղբայրութիւնը եւ ունինք իմաստալից կենցաղակերպ ու ապագային նկատմամբ հիանալի յոյս։

ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒ

9. ա) Բազմաթիւ մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն սեռային յարաբերութեան մասին։ բ) Աստուած ինչո՞ւ կ’արգիլէ ամուսնութենէ դուրս սեռային յարաբերութիւնը։

9 «Ամուսնութենէ դուրս սեռային յարաբերութիւնը սխալ չէ»։ Մարդիկ թերեւս ըսեն. «Ինչո՞ւ այդչափ խիստ ես։ Վայելէ՛ կեանքդ»։ Բայց Աստուածաշունչը կ’արգիլէ սեռային անբարոյութիւնը (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-8) *։ Եհովան իրաւասու է օրէնքներ սահմանելու, քանի որ ինք մեզ ստեղծած է։ Ան ըսած է որ միայն ամուսնացած տղամարդը եւ կինը կրնան իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Աստուած օրէնքներ տուած է քանի որ մեզ կը սիրէ։ Գիտէ որ եթէ իր տուած օրէնքներուն հետեւինք մեր կեանքը պիտի բարելաւուի։ Նաեւ մեր ընտանիքը պիտի վայելէ սէր, յարգանք եւ ապահովութիւն։ Եհովան պիտի պատժէ զանոնք որ իր օրէնքը կը ճանչնան բայց անոր չեն հնազանդիր (Եբ. 13։4

10. Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ հեռու մնալ սեռային անբարոյութենէ։

10 Աստուծոյ Խօսքը կը սորվեցնէ մեզի, թէ ինչպէս կրնանք հեռու մնալ սեռային անբարոյութենէ։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ինչի կը նայինք։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ։ Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ» (Մատ. 5։28, 29)։ Ուրեմն պէտք չէ պոռնկագրութիւն դիտենք, ոչ ալ անբարոյ բառերով երգեր մտիկ ընենք։ Պօղոս գրեց. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը» (Կող. 3։5)։ Պէտք է նաեւ զսպենք մեր մտածումները եւ խօսքերը (Եփ. 5։3-5

ՊԷ՞ՏՔ Է ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՄԸ ԵՏԵՒԷ ԸԼԼԱՆՔ

11. Ինչո՞ւ թերեւս ուզենք լաւ ասպարէզ ունենալ։

11 «Միայն եթէ լաւ ասպարէզ մը ունենաս՝ ուրախ կ’ըլլաս»։ Մարդիկ թերեւս մեզ քաջալերեն, որ աշխարհային ասպարէզի մը ետեւէ ըլլանք։ Կ’ըսեն՝ եթէ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք այդ նպատակին հասնելու, կրնանք հռչակաւոր, հեղինակաւոր եւ հարուստ ըլլալ։ Եւ քանի որ շատեր այսպէս կը կարծեն, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ մտածենք որ ասպարէզ ունենալը ուրախութեան գաղտնիքն է։

12. Արդեօք լաւ ասպարէզ ունենալը ուրախութեան գաղտնի՞քն է։

12 Ճի՞շդ է որ այն ասպարէզը, որ մեզ հեղինակաւոր ու հռչակաւոր կը դարձնէ, նաեւ մնայուն ուրախութեան կ’առաջնորդէ։ Ո՛չ։ Մտածէ ասոր մասին. Սատանան կ’ուզէր ուրիշները կառավարել եւ հռչակաւոր ըլլալ։ Ձեւով մը իր ուզածին հասաւ, բայց ուրախ չէ, բարկացած է (Մատ. 4։8, 9. Յայտ. 12։12)։ Անդին, մտածէ՝ ի՜նչ ուրախ ենք որ կ’օգնենք ուրիշներուն որ Աստուած ճանչնան եւ ապագայի նկատմամբ հիանալի յոյս մը ձեռք ձգեն։ Աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ ասպարէզ կրնայ այդ մեծ ուրախութիւնը տալ քեզի։ Նաեւ, լաւ ասպարէզ մը ունենալու համար մարդիկ յաճախ կը մրցակցին, յարձակողական կ’ըլլան եւ իրարու կը նախանձին։ Բայց դեռ ներսիդին պարապութիւն կը զգան։ Իրենց բոլոր ջանքերը «հովի համար աշխատանք» են (Ժող. 4։4, ԱԾ, ստորանիշ)։

13. ա) Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք մեր գործին։ բ) Ի՞նչ բան Պօղոսը իրապէս կ’ուրախացնէր։

13 Անշուշտ, պէտք է աշխատինք որ մեր պէտքերը հոգանք։ Եւ սխալ չէ որ մեր սիրա՛ծ գործը աշխատինք։ Բայց մեր աշխարհային գործը պէտք չէ մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատ. 6։24)։ Եհովային ծառայելը եւ ուրիշներուն իր Խօսքը սորվեցնելը ամէնէն մեծ ուրախութիւնը կը պատճառէ։ Պօղոս առաքեալին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ իրապէս այդպէս է։ Երբ երիտասարդ էր, կեդրոնացաւ լաւ ասպարէզ մը ունենալու վրայ։ Բայց իսկական ուրախութիւն գտաւ, երբ տեսաւ թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէս կը փոխէր այն մարդոց կեանքը, որոնց կը քարոզէր (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13, 19, 20)։ Աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ ասպարէզ կրնայ մեզ նոյնքան ուրախացնել որքան Եհովային ծառայելը եւ իրեն մասին ուրիշներուն սորվեցնելը։

Մենք ուրախ կ’ըլլանք, երբ մարդոց կ’օգնենք որ Աստուած ճանչնան (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

ՄԱՐԴԻԿ ԿՐՆԱ՞Ն ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ

14. Ինչո՞ւ շատեր կը համաձայնին այն գաղափարին, որ մարդկութիւնը կրնայ իր խնդիրները լուծել։

14 «Մարդկութիւնը կրնայ իր խնդիրները լուծել»։ Շատեր կը համաձայնին այս գաղափարին։ Ինչո՞ւ։ Եթէ իրապէս այսպէս ըլլար, պէտք պիտի չունենայինք Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ պիտի կարենայինք մեր ուզած բոլոր բաները ընել։ Թերեւս լսած ըլլաս որ ոմանք կ’ըսեն թէ պատերազմը, ոճիրը, հիւանդութիւնները եւ աղքատութիւնը երթալով կը քիչնան։ Ըստ տեղեկագրութեան մը՝ «մարդկութիւնը աւելի լաւ կը դառնայ, քանի որ մարդիկ վճռած են բարելաւել աշխարհը»։ Այս խօսքը ճշմարի՞տ է։ Մարդիկ վերջապէս գիտցա՞ծ են թէ ինչպէ՛ս կրնան լուծել աշխարհի խնդիրները։ Նկատի առնենք կարգ մը իրողութիւններ։

15. Ի՞նչը կը ցուցնէ աշխարհի խնդիրներուն ծանր ըլլալը։

15 Պատերազմներ. Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներուն ընթացքին, աւելի քան 60 միլիոն մարդ մեռան։ Յայտնի է որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք մարդկութիւնը չէ սորված վերջ դնել պատերազմներուն։ 2015–ին, արդէն իսկ 65 միլիոնի հասած էր այն մարդոց թիւը, որոնք ստիպուած իրենց տունէն ելած էին, որպէսզի պատերազմէ կամ հալածանքէ փախչին։ Միայն 2015–ին, շուրջ 12,4 միլիոն մարդ ստիպուած ձգեցին իրենց տունը։ Ոճիր. Կարգ մը երկիրներու մէջ ոճիրի որոշ տեսակներ պակսած են, բայց ուրիշ տեսակներ ալ երթալէն կը շատնան, ինչպէս՝ ելեկտրոնային ոճիր, ընտանեկան բռնութիւն, ահաբեկչութիւն եւ փտածութիւն։ Հիւանդութիւններ. Ճիշդ է՝ մարդիկ գտած են որոշ հիւանդութիւններու դարմանումը։ Բայց ըստ 2013–ի տեղեկագրութեան մը, ամէն տարի 9 միլիոն մարդ՝ 60 տարեկանէն վար, կը մահանան սրտի հիւանդութիւններէ, կաթուածէ, քաղցկեղէ, թոքի հիւանդութիւններէ եւ շաքարախտէ։ Աղքատութիւն. Ըստ Համաշխարհային դրամատան, միայն Ափրիկէի մէջ, ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց թիւը աճած է 280 միլիոնէն 330 միլիոնի՝ 1990-2012 թուականներուն։

16. ա) Ինչո՞ւ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ լուծել մարդկութեան խնդիրները։ բ) Սաղմոսաց եւ Եսայի գրքերուն մէջ Թագաւորութեան ո՞ր օրհնութիւններուն մասին մարգարէացուած է։

16 Անձնասէր մարդիկ կը կառավարեն ներկայիս տնտեսական եւ քաղաքական դրութիւնը։ Յստակ է որ այդպիսի մարդիկ չեն կրնար վերջ դնել պատերազմներուն, ոճիրին, հիւանդութիւններուն եւ աղքատութեան. միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ։ Նկատի առ թէ Եհովան ինչ պիտի ընէ մարդկութեան համար։ Պատերազմներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի վերցնէ պատերազմներուն բոլոր պատճառները, ինչպէս՝ անձնասիրութիւն, փտածութիւն, հայրենասիրութիւն, սուտ կրօնքը եւ նոյնիսկ Սատանան (Սաղ. 46։8, 9Ոճիր. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն միլիոնաւորներու կը սորվեցնէ սիրել եւ վստահիլ իրարու։ Ո՛չ մէկ ուրիշ կառավարութիւն ասիկա կրնայ ընել (Եսա. 11։9Հիւանդութիւններ. Եհովան իր ժողովուրդին պիտի տայ կատարեալ առողջութիւն (Եսա. 35։5, 6Աղքատութիւն. Եհովան վերջ պիտի դնէ աղքատութեան, եւ իր ժողովուրդին վրայ պիտի թափէ ֆիզիքական եւ հոգեւոր օրհնութիւններ։ Այդպիսի կեանք ունենալը աւելի մեծ արժէք ունի քան դրամը (Սաղ. 72։12, 13

‘ԳԻՏՑԷՔ ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՎԱՅԼԷ ՁԵԶԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏԱԼ’

17. Ինչպէ՞ս կրնաս մերժել աշխարհային մտածելակերպը։

17 Եթէ աշխարհային գաղափար մը լսես, որ հաւատքիդ դէմ է, փնտռտուք ըրէ որ գիտնաս թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ այդ նիւթին շուրջ, եւ զայն քննարկէ փորձառու եղբօր կամ քրոջ մը հետ։ Մտածէ թէ ինչո՛ւ մարդիկ ընդունած են այդ գաղափարը, բայց ինչու ճիշդ չէ՛ ատանկ մտածելը։ Գիտցիր թէ ինչպէ՛ս կրնաս մերժել զանիկա։ Վստահաբար կրնանք մեր անձը պաշտպանել աշխարհային մտայնութենէն, եթէ հետեւինք Պօղոսի խրատին. ‘Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ ու գիտցէք թէ ինչպէ՛ս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ’ (Կող. 4։5, 6

^ պարբ. 9 Շատեր չեն գիտեր, որ Սուրբ Գիրքին կարգ մը թարգմանութիւններուն մէջ յիշուած Յովհաննէս 7։53–8։11–ը չկայ բնագրին մէջ։ Այս համարներուն հիման վրայ ոմանք կ’ըսեն, որ միայն մեղք չունեցող անհատը կրնայ դատապարտել շնացողը։ Բայց իսրայէլին տրուած Աստուծոյ օրէնքը նշեց. «Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ պիտի մեռցուին» (Բ. Օր. 22։22