Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային արդարութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ

Եհովային արդարութիւնն ու ողորմութիւնը ընդօրինակէ

«Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ» (ԶԱՔ. 7։9

ԵՐԳԵՐ. 21, 69

1, 2. ա) Յիսուս ի՞նչ կը զգար Աստուծոյ Օրէնքին նկատմամբ։ բ) Դպիրներն ու փարիսեցիները ինչպէ՞ս սխալ կերպով կը ներկայացնէին Օրէնքը։

ՅԻՍՈՒՍ կը սիրէր Մովսիսական օրէնքը։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ այդ Օրէնքը իր Հօր՝ Եհովային կողմէն էր, որ իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր Անձն էր։ Սաղմոս 40։8–ին մէջ, Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ որ Յիսուս խորապէս պիտի սիրէր օրէնքը. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով փաստեց, թէ Աստուծոյ Օրէնքը կատարեալ է, օգտակար է եւ անպայման պիտի կատարուի (Մատ. 5։17-19

2 Ուրեմն Յիսուս որքա՜ն նեղուեցաւ երբ տեսաւ, որ դպիրներն ու փարիսեցիները սխալ կերպով կը ներկայացնէին իր Հօր Օրէնքը։ Ճիշդ է որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հնազանդէին ամէնէն պզտիկ մանրամասնութիւններուն, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք», բայց խնդիր մը կար։ Յիսուս ըսաւ. «Կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» (Մատ. 23։23)։ Փարիսեցիները Օրէնքին իմաստին չէին նայեր եւ իրենք–զիրենք կը տեսնէին ուրիշներուն վրայ։ Բայց Յիսուս ըմբռնած էր Օրէնքին ոգին եւ ամէն մէկ պատուիրանին մէջ յայտնուող Աստուծոյ յատկութիւնները։

3. Այս յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

3 Որպէս քրիստոնեաներ, մենք Մովսիսական օրէնքին տակ չենք (Հռով. 7։6)։ Բայց Եհովան ինչո՞ւ Օրէնքը պահեց իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ան չ’ուզեր որ Օրէնքին պզտիկ մանրամասնութիւններուն կախուինք, հապա կ’ուզէ որ ըմբռնենք եւ գործադրենք ատոր «ծանր ծանր բաները», այսինքն՝ Օրէնքին ետին եղող սկզբունքները։ Օրինակ՝ ի՞նչ սկզբունքներ կը սորվինք ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութենէն։ Նախորդ յօդուածը խօսեցաւ, որ ի՛նչ դասեր կը սորվինք փախստականին առնելիք քայլերէն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ այս կարգադրութիւնը ի՛նչ կը սորվեցնէ մեզի Եհովային մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Երեք հարցումներու պատասխանները պիտի առնենք. ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ Եհովային ողորմութիւնը, Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի կեանքին, այս կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կը յայտնէ Եհովային կատարեալ արդարութիւնը։ Ամէն մէկ պարագային, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս երկնաւոր Հօրդ նմանիլ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։1

ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ Ո՛ՒՐ ԸԼԼԱԼԸ ՑՈՒՑՈՒՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

4, 5. ա) Փախստական մը ի՞նչ դիւրութեամբ կրնար հասնիլ ապաստանի քաղաք մը, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։

4 Եհովան այնպէս մը կարգադրեց վեց ապաստանի քաղաքներուն տեղերը, որ փախստականին համար դիւրին ըլլար հոն հասնիլը։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ, որ Յորդանան գետին երկու կողմն ալ երեք քաղաք զատեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի փախստականը կարենար արագօրէն եւ դիւրութեամբ հասնիլ (Թւ. 35։11-14)։ Այդ վեց քաղաքներուն տանող ճամբաները միշտ լաւ վիճակի մէջ կը պահուէին (Բ. Օր. 19։3)։ Ըստ հրէական աւանդութեան, այդ ճամբաներուն վրայ նշաններ դրուած էին, որպէսզի փախստականին օգնեն այդ քաղաքները հասնելու։ Որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքներ կային, պատահմամբ մարդ սպաննողը պէտք չունէր օտար երկիր մը փախչելու, ուր վտանգ կար որ սկսէր չաստուածներ պաշտել։

5 Ասոր մասին մտածէ. Եհովան պատուիրած էր որ դիտմամբ սպաննողները մեռցուին, բայց նաեւ շատ առիթ տուաւ որ պատահմամբ սպաննողը ստանայ ողորմութիւն, կարեկցութիւն եւ պաշտպանութիւն։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը գրեց. «Ամէն բան կարելի եղածին չափ յստակ, պարզ եւ դիւրին կը պահուէր»։ Աստուած անսիրտ դատաւոր մը չէ, որ կը ջանայ իր ծառաները պատժել, հապա՝ «մեծ է ողորմութիւնով» (Եփ. 2։4

6. Փարիսեցիները կ’ընդօրինակէի՞ն Եհովային ողորմութիւնը. բացատրէ։

6 Բայց փարիսեցիները չէին ուզեր ուրիշներուն ողորմիլ։ Օրինակ, հրէական աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ անոնք չէին ներեր այն անհատին, որ երեք անգամէ աւելի նոյն սխալը ըրած էր։ Յիսուս առակ մը պատմեց, որպէսզի ցուցնէ թէ անոնց կեցուածքը որքա՜ն սխալ էր։ Առակին մէջի փարիսեցին մաքսաւորի մը քով կ’աղօթէր. «Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս»։ Փարիսեցիները ինչո՞ւ բնա՛ւ պէտքը չէին տեսներ ուրիշներուն ողորմելու։ Քանի որ իրենց աչքին՝ անոնք ո՛չ մէկ արժէք ունէին (Ղուկ. 18։9-14

Այնպիսի անձ մը եղիր, որ ուրիշները դիւրութեամբ կրնան քեզմէ ներողութիւն խնդրել (տե՛ս պարբերութիւն 4-8)

7, 8. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովան ընդօրինակել, երբ մէկը քեզի դէմ մեղանչէ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է խոնարհ ըլլանք, որպէսզի կարենանք ուրիշներուն ներել։

7 Եհովայի՛ն նմանէ, եւ ոչ թէ փարիսեցիներուն։ Կարեկի՛ց եղիր (կարդա՛ Եփեսացիս 4։32)։ Այնպիսի անձ մը եղիր, որ ուրիշները դիւրութեամբ կրնան քեզմէ ներողութիւն խնդրել (Ղուկ. 17։3, 4)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Շուտով եւ դիւրութեամբ կը ներե՞մ ուրիշներուն, նոյնիսկ եթէ շատ անգամներ ինծի դէմ սխալ գործեն։ Սրտանց կը ջանա՞մ խաղաղութիւն ընել այն անձին հետ, որ զիս նեղացուցած է կամ վիրաւորած է’։

8 Որպէսզի կարենանք ներել, պէտք է խոնարհ ըլլանք։ Փարիսեցիները չէին ուզեր ներել, քանի որ իրենք–զիրենք կը տեսնէին ուրիշներու վրայ։ Բայց մենք որպէս քրիստոնեաներ պէտք է ‘մեր անձէն լաւ սեպենք’ ուրիշները (Փլպ. 2։3)։ Ջանք պիտի թափե՞ս որ Եհովային նմանիս եւ խոնարհութեամբ վարուիս։ Եթէ խոնարհ ըլլանք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ուրիշները մեզմէ ներողութիւն խնդրեն եւ մենք ներենք իրենց։ Ողորմութեամբ վարուելու մէջ արագ եղիր, եւ նեղուելու մէջ՝ կամաց (Ժող. 7։8, 9

ԿԵԱՆՔԸ ՅԱՐԳԷ՛, ԵՒ ‘ԱՐԵԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՍ’

9. Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն ցուցուց, թէ մարդուն կեանքը սուրբ է։

9 Ապաստանի քաղաքներուն նպատակներէն մէկն էր, որ իսրայէլացիները անմեղ արեան պարտական չըլլան (Բ. Օր. 19։10)։ Եհովան կեանքը կը սիրէ եւ սպանութիւնը կ’ատէ (Առ. 6։16, 17)։ Քանի որ ան արդար եւ սուրբ է, թեթեւի չ’առներ նոյնիսկ պատահաբար եղած սպանութիւնը։ Ճիշդ է որ անգիտակցաբար սպաննողին հետ ողորմութեամբ կը վարուէին, բայց նախ ան պէտք էր իր հարցը ծերերուն բացատրէր, եւ եթէ դատէին որ սպանութիւնը իրապէս անգիտակցաբար պատահած էր, այն ատեն պէտք էր ապաստանի քաղաքը մնար մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր։ Ան թերեւս իր ամբողջ կեանքը հոն անցընէր։ Այս լուրջ հետեւանքները բոլոր իսրայէլացիներուն ցուցուցին, որ մարդուն կեանքը սուրբ է։ Որպէսզի յարգէին իրենց կեանք Տուողը, պէտք էր ուրիշներուն կեանքը վտանգի տակ չդնէին։

10. Ըստ Յիսուսին, դպիրներն ու փարիսեցիները ինչպէ՞ս ցուցուցին որ ո՛չ մէկ յարգանք ունէին կեանքին հանդէպ։

10 Դպիրներն ու փարիսեցիները Եհովային հակառակն էին։ Ո՛չ մէկ յարգանք ունէին ուրիշներուն կեանքին հանդէպ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք» (Ղուկ. 11։52)։ Անոնք պէտք էր Աստուծոյ Խօսքը բացատրէին ժողովուրդին եւ օգնէին, որ յաւիտենական կեանքը շահին։ Բայց արգելք կ’ըլլային ժողովուրդին, որ հետեւին Յիսուսին՝ «կենաց Առաջնորդը», եւ այսպիսով զիրենք կ’առաջնորդէին յաւիտենական կործանումի (Գործք 3։15)։ Անոնք հպարտ ու անձնասէր էին եւ հոգերնին չէր մարդոց կեանքը։ Ասիկա որքա՜ն անգութ ու անխիղճ բան մըն էր։

11. ա) Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցուցուց որ Եհովային աչքով կը նայէր կեանքին։ բ) Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ Պօղոսին պէս նախանձախնդիր ըլլանք ծառայութեան մէջ։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք նմանիլ Եհովային եւ ոչ թէ դպիրներուն ու փարիսեցիներուն։ Պէտք է կեանքի պարգեւը յարգենք եւ գնահատենք։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ըրաւ՝ Թագաւորութեան բարի լուրը տալով կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։ Այս պատճառով կրնար ըսել. «Անպարտ եմ ամենուն արիւնէն» (կարդա՛ Գործք 20։26, 27)։ Բայց ասիկա չըրաւ պարզապէս առ ի պարտականութիւն կամ որպէսզի յանցաւոր չզգայ։ Ան քարոզեց, քանի որ մարդիկը կը սիրէր եւ անոնց կեանքը արժէքաւոր էր իր աչքին (Ա. Կոր. 9։19-23)։ Մենք ալ պէտք է Եհովային աչքով նայինք կեանքին։ Ան կ’ուզէ որ «ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։ Իրեն նմանելու համար պէտք է մարդիկը սիրենք։ Ողորմութիւն ունենալը պիտի մղէ մեզ, որ աւելի նախանձախնդրութեամբ քարոզենք եւ աւելի ուրախութիւն գտնենք ատոր մէջ։

12. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ կարեւոր կը սեպէ ապահովութիւնը։

12 Որպէսզի Եհովային աչքով նայինք կեանքին, նաեւ պէտք է կարեւոր նկատենք մեր կամ ուրիշներուն ապահովութիւնը։ Պէտք է միշտ ապահովութեամբ քշենք կամ աշխատինք, մէջը ըլլալով՝ երբ պաշտամունքի վայր մը կ’երթանք, կը շինենք կամ կը նորոգենք։ Բնա՛ւ դրամը կամ ժամանակ շահիլը աւելի կարեւոր մի՛ սեպեր քան՝ ապահովութիւնն ու առողջութիւնը։ Մեր արդար Աստուածը միշտ ճիշդը կ’ընէ, եւ մենք կ’ուզենք իրեն նմանիլ։ Մանաւանդ երէցները պէտք է ուշադիր ըլլան թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն ապահովութեան (Առ. 22։3)։ Եթէ երէց մը քեզի յիշեցնէ ապահովութեան որոշ օրէնքներ ու չափանիշներ, իրեն մտիկ ըրէ (Գաղ. 6։1)։ Եհովայի՛ն աչքով նայէ կեանքին, եւ ‘արեան պարտական պիտի չըլլաս’։

‘ԱՅՍ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԵՄԱՏ ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԸՐԷ’

13, 14. Իսրայէլացի ծերերը ինչպէ՞ս կրնային Եհովային արդարութիւնը ընդօրինակել։

13 Եհովան իսրայէլացի ծերերուն պատուիրեց, որ իր արդարութիւնը ընդօրինակեն։ Նախ, ծերերը պէտք էր բոլոր իրողութիւնները հաստատէին։ Նաեւ պէտք էր նկատի առնէին մեռցնողին շարժառիթը, կեցուածքը եւ նախկին վարքն ու բարքը, որպէսզի որոշէին թէ պէտք է ողորմին կամ ոչ։ Անոնք պէտք էր մէջտեղ հանէին, որ փախստականը ինչո՛ւ մարդ մեռցուց. զինք կ’ատէ՞ր եւ իր նպատա՞կն էր մեռցնել (կարդա՛ Թուոց 35։20-24)։ Իսկ որպէսզի մեռցնողին յանցաւոր ըլլալը փաստուէր, պէտք էր առնուազն երկու վկաներ իրեն դէմ վկայութիւն տային (Թւ. 35։30

14 Գիտնալէ ետք թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած էր, ծերերը պէտք էր ոչ միայն պատահածը նկատի առնէին, այլ նաեւ փախստականին ինչպիսի անձ մը ըլլալը։ Պէտք էր խորատես ըլլային, այսինքն՝ կարենային հարցին խորը տեսնել, ոչ միայն դուրսէն երեւցածը։ Ամէնէն աւելի, անոնք սուրբ հոգիին պէտք ունէին, որպէսզի կարենային Եհովային նմանիլ. խորատեսութեամբ, ողորմութեամբ եւ արդարութեամբ վարուիլ (Ել. 34։6, 7

15. Յիսուս եւ փարիսեցիները ի՞նչ տարբեր կերպերով կը նայէին մեղաւորներուն։

15 Փարիսեցիները միայն կը կեդրոնանային մեղաւորին ըրածին վրայ, եւ ոչ թէ անոր ինչպիսի անձ մը ըլլալուն վրայ։ Երբ անոնք տեսան թէ Յիսուս Մատթէոսին տունը ճաշ կ’ուտէր, իր աշակերտներուն հարցուցին. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան» (Մատ. 9։9-13)։ Արդեօք Յիսուս մեղաւորներուն սխալներուն աչք կը գոցէ՞ր։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան կ’ուզէր որ անոնք զղջան։ Ասոր վրայ շատ կը կեդրոնանար իր քարոզչութեան մէջ (Մատ. 4։17)։ Ան նկատեց թէ այս ‘մաքսաւորներէն ու մեղաւորներէն’ գոնէ մի քանին կ’ուզէին փոխուիլ։ Անոնք պարզապէս ուտելու համար չէին եկած Մատթէոսին քով, հապա՝ Յիսուսին «ետեւէն կ’երթային» կամ կը հետեւէին (Մար. 2։15)։ Ցաւօք սրտի, փարիսեցիներուն մեծամասնութիւնը Յիսուսին աչքով չէր նայեր այսպիսի անձերու։ Զանոնք մեղաւոր կը կոչէին, եւ իրենց կարծիքով՝ անոնցմէ յոյս չկար։ Անոնք որքա՜ն տարբեր էին Եհովայէն, որ արդար ու գթասիրտ է։

16. Դատական յանձնախումբը կը ջանայ ի՞նչ գիտնալ։

16 Այսօր ալ, երէցները պէտք է նմանին Եհովային, որ «կը սիրէ իրաւունքը» (Սաղ. 37։28)։ Նախ, անոնք պէտք է ‘աղէկ մը քննեն ու հարցուփորձեն’, որպէսզի փաստեն թէ մեղք մը գործուած է կամ ոչ։ Եթէ մեղք մը գործուած է, անոնք Սուրբ Գիրքին ուղղութեան պիտի հետեւին, որպէսզի որոշեն ի՛նչ ընել (Բ. Օր. 13։12-14)։ Երբ դատական յանձնախումբի մը մէջ ծառայեն, պէտք է ուշադրութեամբ որոշեն, որ լուրջ մեղք գործողը իրապէս զղջացած է կամ ոչ։ Միշտ յայտնի չ’ըլլար որ մեղաւորը զղջացած է կամ ոչ։ Զղջումին մէջ պարփակուած է՝ թէ մեղաւորը ի՛նչ աչքով կը նայի իր ըրածին, ի՛նչ կեցուածք ունի եւ իր սրտին վիճակը ի՛նչ է (Յայտ. 3։3)։ Մեղաւորը պէտք է զղջայ, որպէսզի ողորմութիւն ստանայ *։

17, 18. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան գիտնալ որ անհատը սրտանց զղջացած է (տե՛ս բացման նկարը)։

17 Եհովան եւ Յիսուսը կրնան սիրտերը կարդալ, բայց երէցները չեն կրնար։ Եթէ երէց ես, ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ անհատը իրապէս զղջացած է։ Առաջին, աղօթքով իմաստութիւն եւ խորատեսութիւն խնդրէ (Գ. Թագ. 3։9)։ Երկրորդ, գործածէ Աստուծոյ Խօսքը եւ հաւատարիմ ծառային կողմէ լոյս տեսած հրատարակութիւնները, որպէսզի քեզի օգնեն «աշխարհի տրտմութիւնը» զանազանելու «Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւն»էն, որ անկեղծ զղջումն է (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ զղջացողները եւ չզղջացողները, եւ խոկա՛ անոնց զգացումներուն, կեցուածքին եւ վարուելակերպին վրայ։

18 Երրորդ, ջանք թափէ որ մեղաւորին ինչպիսի անձ ըլլալը տեսնես։ Նկատի առ անոր ենթահողը, շարժառիթը եւ պարագաները։ Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ, որ քրիստոնէական ժողովքին գլուխը՝ Յիսուս «իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (Եսա. 11։3, 4)։ Ո՛վ երէցներ, Յիսուս ձեզ նշանակած է, որ իր ժողովքին հոգ տանիք, եւ ձեզի պիտի օգնէ, որ արդարութեամբ եւ ողորմութեամբ դատէք (Մատ. 18։18-20)։ Շա՜տ ուրախ ենք որ ունինք երէցներ, որոնք մեզի հոգ կը տանին։ Խորապէս կը գնահատենք իրենց ջանքերը, որ մեզի օգնեն իրարու հետ արդարութեամբ եւ ողորմութեամբ վարուելու։

19. Ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութենէն ո՞ր դասը կը ծրագրես գործադրել։

19 Մովսիսական օրէնքին մէջ կայ՝ «գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը»։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ Եհովային եւ իր արդար սկզբունքներուն մասին (Հռով. 2։20)։ Օրէնքին մէջ նկարագրուած ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը երէցներուն կը սորվեցնէ, որ «արդար դատաստան» ընեն, իսկ մեր բոլորին կը սորվեցնէ, որ ‘ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ’ (Զաք. 7։9)։ Ճիշդ է որ Օրէնքին տակ չենք, բայց Եհովան չէ փոխուած։ Տակաւին արդարութիւնն ու ողորմութիւնը կարեւոր են իր աչքին։ Մեզի համար առանձնաշնորհում է այսպիսի Աստուած պաշտելը։ Թող որ իր յատկութիւնները ընդօրինակենք եւ ապահովութիւն ու պաշտպանութիւն գտնենք իր քով։

^ պարբ. 16 Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 2006 թիւին մէջ, էջ 30 (անգլերէն)։