Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրախութեամբ երգէ

Ուրախութեամբ երգէ

«Բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը» (ՍԱՂ. 147։1

ԵՐԳԵՐ. 9, 138

1. Երգելը կ’օգնէ որ ի՞նչ ընենք։

ԱՆԳԱՄ ՄԸ, հռչակաւոր երգագիր մը ըսաւ. «Բառերը կը ձգեն որ մտածումներ ունենաս։ Երաժշտութիւնը կը ձգէ որ զգացում մը զգաս։ Բայց երգը կը ձգէ որ թէ՛ մտածես եւ թէ զգաս»։ Մեր երգերուն միջոցաւ կը փառաբանենք եւ մեր սէրը կ’արտայայտենք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային։ Անոնք կը ձգեն որ իրեն աւելի մօտենանք։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ երգելը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ մաքուր պաշտամունքին մէջ, չնայած թէ առանձին կ’երգենք կամ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։

2, 3. ա) Ոմանց կարծիքը ի՞նչ է ժողովքին հետ բարձրաձայն երգելուն մասին։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Սակայն ի՞նչ կ’ըսես ժողովքին հետ բարձրաձայն երգելուն մասին։ Կ’ամչնա՞ս երգելու։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, տղամարդիկը կը քաշուին ուրիշներուն առջեւ երգելու։ Այս կեցուածքը կրնայ ամբողջ ժողովքին ազդել, մանաւանդ եթէ երէցները քաշուին երգելու, կամ ալ ուրիշ գործունէութիւններ ընեն մինչ ժողովքը կ’երգէ (Սաղ. 30։12

3 Երգելը Եհովայի պաշտամունքին մէկ մասն է։ Ասոր համար, վստահաբար չենք ուզեր փախցնել ժողովին այս մասը, կամ ալ մեր տեղէն ելլել երգելու ընթացքին։ Այս պատճառով, բոլորս պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ աչքով կը նայիմ ժողովներուն մէջ երգելուն։ Ի՞նչ կրնամ ընել եթէ կը քաշուիմ ուրիշներուն առջեւ երգելու։ Եւ ինչպէ՞ս կրնամ զգացումով երգել’։

ԵՐԳԵԼԸ ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ ՈՒՆԻ

4, 5. Իսրայէլին մէջ ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած էին տաճարին մէջ երգելու նկատմամբ։

4 Պատմութեան ընթացքին, Եհովային հաւատարիմ ծառաները երաժշտութիւնը գործածած են որպէսզի զինք փառաբանեն։ Հետաքրքրական է որ երբ իսրայէլացիները հաւատարմօրէն կը ծառայէին Եհովային, երգելը իրենց պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն էր։ Օրինակ, երբ Դաւիթ տաճարին ծառայութիւնը կը կազմակերպէր, 4000 ղեւտացիներ նշանակեց որ երաժշտութեամբ փառաբանեն Եհովան։ Անոնցմէ 288 հոգի «հանճարեղ» եւ վարպետ երգողներ էին (Ա. Մն. 23։5. 25։7

5 Երաժշտութիւնը եւ երգելը շատ կարեւոր տեղ ունէին տաճարին բացման օրը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին. . . Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ»։ Ասիկա որքա՜ն հաւատք զօրացնող առիթ մը ըլլալու էր (Բ. Մն. 5։13, 14. 7։6

6. Նէեմիան երգելու ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրաւ երբ Երուսաղէմի կառավարիչն էր։

6 Երբ Նէեմիան իսրայէլացիները կազմակերպեց որ Երուսաղէմի պարիսպները շինեն, նաեւ կազմակերպեց որ ղեւտացիները երգեն ու նուագեն։ Իսկ երբ պարիսպներուն բացումը եղաւ, երաժշտութիւնն ու երգերը աւելի ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Այդ առիթին, Նէեմիան «գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս» նշանակեց, որոնք պարիսպին վրայ հակառակ ուղղութեամբ քալեցին եւ իրարու միացան տաճարին մօտ։ Անոնց ձայնը մինչեւ հեռու տեղերը լսուեցաւ (Նէ. 12։27, 28, 31, 38, 40, 43)։ Անկասկած, Եհովային համար հաճելի էր տեսնել, որ իր ծառաները խանդավառութեամբ երգելով զինք կը փառաբանէին։

7. Յիսուս ինչպէ՞ս ցուցուց որ երգելը կարեւոր դեր պիտի ունենար քրիստոնեաներուն պաշտամունքին մէջ։

7 Յիսուսի օրերուն, երաժշտութիւնը շարունակեց ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ կարեւոր դեր խաղալ։ Մտածէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ մարդկային պատմութեան ամէնէն կարեւոր օրուան մէջ։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Տէրունական ընթրիքը ընելէ ետք, բոլորը փառաբանութեան երգեր երգեցին Եհովային (կարդա՛ Մատթէոս 26։30

8. Առաջին քրիստոնեաները ի՞նչ լաւ օրինակ ձգեցին՝ երգերով Աստուած փառաբանելու մէջ։

8 Առաջին դարու քրիստոնեաները լաւ օրինակ դարձան՝ երգերով Աստուած փառաբանելու մէջ։ Անոնք տաճար չէին երթար, հապա՝ անձնական տուներու մէջ Եհովան կը պաշտէին։ Թէեւ այդ տուները տաճարէն շատ աւելի պարզ էին, բայց քրիստոնեաները տակաւին նախանձախնդրութեամբ կ’երգէին։ Պօղոս առաքեալ իր քրիստոնեայ եղբայրներուն ըսաւ. ‘Սորվեցուցէք իրարու եւ խրատեցէք զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով, շնորհակալութեամբ երգելով Աստուծոյ՝ ձեր սիրտերուն մէջ’ (Կող. 3։16, ԱԾ)։ Մեր երգարանին երգերը իրապէս ‘հոգեւոր երգեր են, որոնք պէտք է շնորհակալութեամբ երգուին’։ Ատոնք մաս կը կազմեն այն հոգեւոր սնունդին, որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կու տայ (Մատ. 24։45

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԳԵԼ

9. ա) Ոմանք ինչո՞ւ կը քաշուին ժողովներուն եւ համաժողովներուն ընթացքին երգելու։ բ) Ինչպէ՞ս պէտք է փառաբանութեան երգեր երգենք Եհովային, եւ որո՞նք պէտք է առաջնորդութիւնը առնեն ասոր մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։

9 Ի՞նչ պատճառներով կրնայ ըլլալ որ քաշուիս երգելու։ Թերեւս երգելու սովորութիւնը չկայ ընտանիքիդ կամ մշակոյթիդ մէջ։ Կամ ալ թերեւս յուսախաբ կ’ըլլաս կամ երգելու կ’ամչնաս, երբ ձայնդ բաղդատես այն վարպետ երգիչներուն ձայնին հետ, որոնց մտիկ կ’ընես ռատիոյին կամ հեռատեսիլին միջոցաւ։ Բայց բոլորս ունինք Եհովային փառաբանութեան երգեր երգելու պատասխանատուութիւնը։ Ուրեմն, երգարանդ բարձր բռնէ, գլուխդ բարձրացուր եւ սրտանց երգէ (Եզր. 3։11. կարդա՛ Սաղմոս 147։1)։ Այսօր, շատ մը Թագաւորութեան սրահներ ունին պաստառներ, որոնք մեր երգերուն բառերը կը ցուցնեն, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ երգելու։ Նաեւ հետաքրքրական է որ այլեւս Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցի յայտագրին մէջ կայ Թագաւորութեան երգեր երգելը։ Ասիկա կը ցուցնէ որ որքա՜ն կարեւոր է որ երէցները ժողովներուն ընթացքին երգելու մէջ առաջնորդութիւն առնեն։

10. Ի՞նչ պէտք է յիշենք եթէ կը վախնանք բարձրաձայն երգելու։

10 Ոմանք բարձրաձայն երգելու կը վախնան, քանի որ կը կարծեն որ իրենց ձայնը սուր պիտի ըլլայ կամ ուրիշներուն հաճելի պիտի չըլլայ։ Բայց պէտք է մտքերնիս պահենք որ երբ կը խօսինք՝ «շատ յանցանքներ կ’ընենք», բայց տակաւին կը շարունակենք խօսիլ (Յակ. 3։2)։ Ուրեմն, պէտք չէ ձգենք որ մեր անկատար ձայնին պատճառով փառաբանութեան երգեր չերգենք Եհովային։

11, 12. Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի լաւ երգել։

11 Թերեւս կը քաշուինք երգելու, քանի որ չենք գիտեր ինչպէ՛ս երգել։ Բայց աւելի լաւ երգելու համար կրնանք կարգ մը պարզ բաներ ընել *։

12 Եթէ սորվիս ճիշդ կերպով շունչ առնել, կրնաս աւելի զօրաւոր եւ բարձր երգել։ Ճիշդ ինչպէս որ ելեկտրականութիւնը ոյժ կու տայ լամբին, շունչ առնելը ոյժ կու տայ ձայնիդ երբ կը խօսիս կամ կ’երգես։ Պէտք է երգես նոյն ձայնի բարձրութեամբ որ կը խօսիս, կամ նոյնիսկ ա՛լ աւելի բարձր (տե՛ս Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին առաջարկները, էջ 181-184, «Շիտակ կերպով շնչեցէք» ենթավերնագրին տակ)։ Սուրբ Գիրքը նոյնիսկ ատեններ Եհովայի ծառաներուն կ’ըսէ, որ ‘ուրախութեա՛մբ աղաղակեն’ երբ փառաբանութեան երգեր կ’երգեն (Սաղ. 81։1

13. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի ինքնավստահութեամբ երգել։

13 Հետեւեալը փորձէ ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին կամ երբ առանձին ես. երգարանին մէջէն զատէ ամէնէն շատ սիրած երգերէդ մէկը, եւ զօրաւոր ու ինքնավստահ ձայնով բարձրաձայն կարդա՛ ատոր բառերը։ Ետքը, նոյն բարձր ձայնով երգին մէկ հատուածին բոլոր բառերը մէկ շունչով ըսէ։ Ապա, նոյն զօրաւոր ձայնով հատուածը երգէ (Եսա. 24։14)։ Այսպիսով, ձայնդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ երգելու ատեն, ինչ որ լաւ բան մըն է։ Ասկէ մի՛ վախնար, ոչ ալ ամչցիր։

14. ա) Ուրիշ ի՞նչ բան կ’օգնէ որ մեր ձայնը զօրաւոր ելլէ (տե՛ս « Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ երգել» շրջանակը)։ բ) Ձայնի խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու համար ո՞ր առաջարկները գործնական կը գտնես։

14 Որպէսզի ձայնդ զօրաւոր ելլէ, պէտք է սովորական խօսելէդ աւելի լայն բանաս բերանդ։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ զգաս որ ձայնդ տկար է կամ ալ բարձր թոն ունի։ Կրնաս կարդալ տրուած առաջարկները՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին մէջ, էջ 184, «Մասնայատուկ խնդիրներ յաղթահարել» շրջանակը։

ՍՐՏԱՆՑ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԵՐ ԵՐԳԷ

15. ա) 2016–ի տարեկան ժողովին ի՞նչ յայտարարութիւն եղաւ։ բ) Երգարանը ի՞նչ կարգ մը պատճառներով վերանայուեցաւ։

15 Ամէն ով որ ներկայ էր 2016–ի «Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան» տարեկան ժողովին, շատ ուրախացաւ երբ Կառավարիչ մարմինի անդամ եղբայր Սթիվըն Լէթ յայտարարեց, որ նոր երգարան մը լոյս պիտի տեսնէ՝ Ուրախութեամբ երգենք Եհովային վերնագիրով։ Եղբայր Լէթ բացատրեց որ երգարանին վերանայումի պատճառներէն մէկն է, որ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը վերանայուեցաւ։ Այս պատճառով, երգերուն մէջէն հանուեցան այն արտայայտութիւնները, որոնք այլեւս չկան Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ։ Նաեւ քարոզչութեան եւ փրկանքին մասին երգեր աւելցուեցան։ Ասկէ զատ, Կառավարիչ մարմինը ուզեց որ տոկուն երգարան մը հրատարակէ, քանի որ մեր պաշտամունքին մէջ շատ կը գործածենք զայն։ Այսպիսով, երգարանին կողքը կը նմանի Նոր աշխարհի թարգմանութեան կողքին։

16, 17. Նոր երգարանին մէջ ուրիշ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղան։

16 Որպէսզի դիւրին ըլլայ երգարանը գործածելը, երգերը նիւթերու համաձայն շարուած են։ Օրինակ, առաջին 12 երգերը Եհովային մասին են, յաջորդ 8 երգերը Յիսուսին եւ փրկանքին մասին են, եւ այլն։ Իսկ գիրքին սկիզբը նիւթերու ցանկ մը կայ։ Օրինակի համար, ասիկա կ’օգնէ որ եղբայր մը իր հանրային դասախօսութեան համար երգ մը զատէ։

17 Կարգ մը երգերու բառերը փոխուեցան, որպէսզի երգերը աւելի յստակ դառնան, եւ այսպիսով բոլորը կարենան սրտանց երգել։ Նաեւ հանուեցան այն բառերը, որոնք այլեւս անգլերէն լեզուին մէջ շատ չեն գործածուիր։ Եւ յարմար էր որ «Guard Your Heart» վերնագիրը ըլլայ՝ «We Guard Our Hearts»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ մէկը այս երգը երգէր, կարծես թէ դիմացինին հրաման կու տար։ Ասիկա թերեւս նեղը կը դնէր մեր ժողովներուն եւ համաժողովներուն ներկայ եղող նորեկները, հետաքրքրուող անհատները, պատանիները եւ քոյրերը։ Այս պատճառով, վերնագիրը եւ բառերը փոխուեցան։

Երգելու փորձ ըրէք ընտանեկան պաշտամունքին ատեն (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ինչո՞ւ պէտք է սորվինք նոր երգարանին երգերը (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

18 Ուրախութեամբ երգենք Եհովային երգարանին շատ մը երգերը աղօթքի կը նմանին։ Այս երգերը քեզի կ’օգնեն որ զգացումներդ արտայայտես Եհովային։ Ուրիշ երգեր մեզ կը մղեն «սիրոյ եւ բարեգործութեան» (Եբ. 10։24)։ Մեր փափաքն է վարժուիլ մեր երգերուն եղանակներուն, ռիթմերուն եւ բառերուն։ Ասոր համար, կրնաս jw.org կայքին մէջ մտիկ ընել երգերուն ձայնագրութիւնները։ Եթէ երգելու փորձ ընես տունը, կրնաս սորվիլ ինքնավստահութեամբ եւ սրտանց երգել *։

19. Ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս բոլորը կրնան պաշտել Եհովան։

19 Յիշէ թէ երգելը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։ Ատիկա զօրաւոր կերպ մըն է որ Եհովային ցուցնենք, թէ զինք կը սիրենք եւ շնորհակալ ենք իր բոլոր ըրածներուն համար (կարդա՛ Եսայի 12։5)։ Երբ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ երգենք, ուրիշներն ալ պիտի քաջալերուին որ ինքնավստահութեամբ երգեն։ Ժողովքին մէջ բոլորը,– ըլլան պատանի, տարեց կամ նորեկ,– կրնան այս կերպով Եհովան պաշտել։ Ուրեմն, մի՛ քաշուիր սրտանց երգելու։ Գործադրէ սաղմոսերգուին ըսածը. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը» (Սաղ. 96։1

^ պարբ. 11 Գիտնալու համար թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կրնաս աւելի լաւ երգել, տե՛ս դեկտեմբեր 2014–ի ամսական յայտագիրը՝ JW Հեռատեսիլի կայանին մէջ (վիտէոյի բաժին՝ ՄԵՐ ՍԹԻՒՏԻՈՅԷՆ

^ պարբ. 18 Համաժողովներուն իւրաքանչիւր նիստ կը սկսի տասը վայրկեան տեւող երաժշտական ներկայացումով։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ խանդավառուինք երգելու եւ պատրաստուինք յայտագիրը մտիկ ընելու։ Ասոր համար, երբ երաժշտութիւնը սկսի, պէտք է բոլորս մեր տեղը նստինք եւ պատրաստ ըլլանք մտիկ ընելու։