Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս վարժուիլ նոր ժողովքիդ

Ինչպէ՞ս կրնաս վարժուիլ նոր ժողովքիդ

«ՀՈԳՍ առած էր հոս փոխադրուիլը», կ’ըսէ Ալէն *։ «Չէի գիտեր եթէ բարեկամներ պիտի ունենամ կամ ոչ, կամ թէ եղբայրները հետս հանգիստ պիտի զգան կամ ոչ»։ Ալէն փոխադրուած է նոր ժողովքի մը, որ աւելի քան 1400 քմ. հեռու կը գտնուի իր առաջուան ապրած տեղէն։

Եթէ նոր ժողովքի մը փոխադրուած ես, դուն ալ թերեւս մտահոգ ես։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ վարժուիս նոր ժողովքիդ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ասիկա ակնկալածէդ աւելի դժուար ըլլայ։ Անդին, եթէ փոխադրուող մը չես, ինչպէ՞ս կրնաս նոր եկողներուն օգնել որ վարժուին ժողովքին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՎԱՐԺՈՒԻԼ ԵՒ ՅԱՌԱՋ ԵՐԹԱԼ

Նկատի առ այս օրինակը. երբ ծառերը մէկ տեղէն ուրիշ տեղ փոխադրուին, կը ցնցուին։ Երբ մարդիկ ծառ մը հանեն իր տեղէն, իր արմատներուն մեծամասնութիւնը կը կտրեն, որպէսզի փոխադրութիւնը դիւրին ըլլայ։ Երբ ծառը նոր տեղ մը տնկուի, պէտք է շուտով նոր արմատներ նետէ։ Նմանապէս, թերեւս դուն ալ սթրես կը զգաս, քանի որ նոր ժողովքի մը փոխադրուած ես։ Նախկին ժողովքիդ մէջ «արմատ» կապած էիր՝ բարեկամութիւններ հաստատելով եւ հոգեւոր սովորութիւններու վարժուելով։ Հիմա որ նոր միջավայրի մը մէջ ես, պէտք է նոր արմատներ նետես, որպէսզի կարենաս յառաջդիմել։ Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործադրելը։ Նկատի առնենք կարգ մը սկզբունքներ։

Ան որ կանոնաւորաբար կը կարդայ Աստուծոյ Խօսքը, «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղ. 1։1-3

Ճիշդ ինչպէս որ ծառը պէտք է կանոնաւոր կերպով ջուր առնէ որպէսզի առողջ մնայ, քրիստոնեան պէտք է կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքէն սնունդ առնէ, որպէսզի հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։ Ուրեմն, շարունակէ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ կանոնաւորաբար ներկայ եղիր ժողովներուն։ Շարունակէ ընտանեկան պաշտամունք եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու լաւ սովորութիւններդ։ Ինչ որ նախկին ժողովքիդ մէջ կ’ընէիր, որպէսզի Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրաւոր պահես, նոր ժողովքիդ մէջ ալ պէտք է շարունակես ընել։

«Ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի» (Առ. 11։25

Եթէ լիովին մասնակցիս ծառայութեան, աւելի շուտ գործունեայ պիտի դառնաս եւ պիտի վարժուիս ժողովքիդ։ Քեւըն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մեր նոր ժողովքին փոխադրուելէն շատ չանցած՝ ես ու կինս օժանդակ ռահվիրայ եղանք, եւ ասիկա ամէնէն շատ օգնեց մեզի։ Այսպիսով, շուտով ծանօթացանք եղբայրներուն, ռահվիրաներուն եւ թաղամասին»։ Ռաճըր, որ իր առաջուան ապրած տեղէն աւելի քան 1600 քմ. հեռու փոխադրուեցաւ, կ’ըսէ. «Լաւագոյն կերպը որ մէկը նոր ժողովքին վարժուի՝ որքան որ կարելի է ծառայութեան ելլելն է։ Նաեւ երէցներուն գիտցուր որ դուն պատրաստ ես որեւէ կերպով օգտակար դառնալու՝ Թագաւորութեան սրահը մաքրելով, ժողովին ընթացքին մէկու մը տեղը բաժին տալով կամ մէկը ժողովի հասցնելով։ Երբ եղբայրներն ու քոյրերը տեսնեն, որ նորեկը անձնազոհ ոգի ունի, շուտով կը բարեկամանան իրեն հետ»։

«Լայն բացէք ձեր սրտերը» (Բ. Կոր. 6։13

Տարբեր–տարբեր եղբայրներու–քոյրերու հետ մտերմացիր։ Երբ Մէլիսան իր ընտանիքին հետ նոր ժողովքի մը փոխադրուեցաւ, կեդրոնացան նոր բարեկամներ ունենալու վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Ժողովէն առաջ եւ վերջ, սրահին մէջ ժամանակ կ’անցընէինք եղբայրներուն հետ։ Այսպիսով, կը խօսակցէինք եւ ոչ թէ միայն բարեւ կու տայինք եղբայրներուն»։ Ասիկա նաեւ ընտանիքին օգնեց որ աւելի շուտ սորվին եղբայրներուն–քոյրերուն անունները։ Ասկէ զատ, անոնք հիւրասիրութիւն ցուցուցին, ինչ որ զօրացուց իրենց հաստատած նոր բարեկամութիւնները։ Ան կ’աւելցնէ. «Իրարու թիւերը առինք, որպէսզի մեզի ալ լուր տրուի հոգեւոր եւ ուրիշ յայտագիրներու մասին եւ ատոնց մասնակցինք»։

Եթէ նոր մարդոց հետ խօսիլը հոգ է քեզի համար, կրնաս սկիզբը պզտիկ քայլեր առնել։ Օրինակ, ժպտէ՛,– նոյնիսկ եթէ մէջէդ չի գար ժպտիլ։ Ժպիտը պիտի ձգէ որ ուրիշները մօտիկ զգան քեզի, քանի որ «աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ» (Առ. 15։30)։ Ռէյչըլ, որ իր մեծցած տեղէն շատ հեռու տեղ մը փոխադրուեցաւ, կ’ըսէ. «Ես ամչկոտ անձ մըն եմ։ Ատեններ, ինքզինքս կը ստիպեմ որ նոր ժողովքիս եղբայրներուն–քոյրերուն հետ խօսիմ։ Կը փորձեմ խօսիլ անձի մը հետ, որ Թագաւորութեան սրահին մէջ նստած է եւ մէկու մը հետ չի խօսիր։ Այդ անձը թերեւս ինծի չափ ամչկոտ ըլլայ»։ Կրնաս նպատակակէտ դնել որ ամէն ժողովէ առաջ կամ վերջ՝ նոր անձի մը հետ խօսիս։

Անդին, կրնայ ըլլալ որ առաջին քանի մը շաբաթները խանդավառուիս նոր մարդոց ծանօթանալու։ Բայց եթէ այդ խանդավառութիւնը ժամանակի ընթացքին պակսի, պէտք է ջանք թափես որ շարունակես նոր բարեկամներ ունենալ։

Փոխադրուած ծառերը կը ցնցուին, բայց երբ դարձեալ տնկուին, նոր արմատներ կը նետեն

ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԱՌ ՈՐ ՎԱՐԺՈՒԻՍ

Կարգ մը ծառեր միւսներէն աւելի ժամանակ կ’առնեն, որ հաստատ արմատներ կապեն իրենց նոր միջավայրին մէջ։ Նմանապէս, անձէ անձ կը տարբերի, թէ որքան ժամանակ կ’առնէ նոր ժողովքին վարժուիլը։ Եթէ փոխադրուելէդ ետք տակաւին կը պայքարիս որ վարժուիս ժողովքիդ, Սուրբ Գիրքին հետեւեալ սկզբունքները գործադրելը կրնայ քեզի օգնել.

«Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք» (Գաղ. 6։9

Ակնկալածէդ աւելի ժամանակ տուր դուն քեզի որ վարժուիս։ Օրինակ, Գաղաադին մէջ մարզուած շատ մը միսիոնարներ կը փորձեն քանի մը տարի իրենց օտար նշանակումին մէջ մնալ՝ իրենց ծնած երկիրը չայցելել, որպէսզի տեղացի եղբայրներուն կապուին եւ այդտեղի մշակոյթին վարժուին։

Ալեխանտրոն, որ քանի մը անգամ փոխադրուած է, գիտէ թէ նոր ժողովքի մը վարժուիլը ժամանակ կ’առնէ։ Ան կը պատմէ. «Վերջին անգամ որ փոխադրուեցանք, կինս ազդուելով ըսաւ՝ ‘Բոլոր բարեկամուհիներս մեր հին ժողովքին մէջն են’»։ Ալեխանտրոն իրեն յիշեցուց, որ ճիշդ նոյն բանը ըսած էր վերջին անգամ որ փոխադրուեցան՝ երկու տարի առաջ։ Բայց այդ երկու տարուան ընթացքին, կինը հետաքրքրութիւն ցուցուցած էր ուրիշներուն հանդէպ, եւ այսպիսով՝ այն անհատները որոնք իրեն համար օտար էին, իր մտերիմ բարեկամուհիները դարձան։

«Մի՛ ըսեր՝ ‘Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին’, վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ» (Ժող. 7։10

Նոր ժողովքդ մի՛ բաղդատեր նախկինին հետ։ Օրինակ, թերեւս վարժուած չես որ եղբայրները շատ մարդամօտ չըլլան, կամ ալ շատ համարձակ ըլլան, եւ հիմա թերեւս նոր ժողովքիդ եղբայրները այդպէս են։ Կեդրոնացիր անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ, ճիշդ ինչպէս որ կ’ուզես որ անոնք ալ նոյնը ընեն քեզի։ Փոխադրութիւնը կարգ մը նորեկներու ձգած է որ իրենք իրենց հարցնեն. ‘Իրապէս կը սիրե՞մ «ամբողջ եղբայրութիւնը»’ (Ա. Պետ. 2։17, ՆԱ

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկ. 11։9

Շարունակէ աղօթքով օգնութիւն խնդրել։ Տէյվիտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մի՛ փորձեր միայն քու ուժովդ դիմանալ։ Շատ մը բաներ միայն Եհովային օգնութեամբ կրնանք ընել։ Եհովային աղօթէ»։ Սկիզբը նշուած Ռէյչըլ նմանապէս կ’ըսէ. «Եթէ ամուսինս ու ես զգանք որ մեր կապը քիչ մը թոյլ է ժողովքին հետ, մասնայատուկ կերպով Եհովայէն կը խնդրենք՝ ‘Եթէ կ’ընենք բան մը որ թերեւս ուրիշները կը հեռացնէ մեզմէ, հաճիս մեզի գիտցուր’։ Ետքը, կը փորձենք աւելի ժամանակ անցընել եղբայրներուն–քոյրերուն հետ»։

Ո՛վ ծնողներ, եթէ ձեր զաւակները դժուարութիւն կը քաշեն ժողովքին վարժուելու մէջ, անոնց հետ աղօթեցէք այս նիւթին մասին։ Առիթներ ստեղծեցէք որ շինիչ կերպով ընկերակցին եղբայրներուն, եւ այսպիսով կարենան նոր բարեկամներ ունենալ։

ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՀԱՆԳԻՍՏ ԶԳԱՆ

Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի ժողովքիդ նորեկներուն օգնես։ Առաջին օրէն ջանք ըրէ որ իսկական բարեկամ ըլլաս։ Փորձէ երեւակայել թէ եթէ դո՛ւն ըլլայիր նորեկը, ի՞նչ բաներ պիտի ձգէին որ հանգիստ զգաս. այդ բաները ըրէ՛ (Մատ. 7։12)։ Կրնա՞ս նորեկները հրաւիրել ընտանեկան պաշտամունքիդ կամ JW Հեռատեսիլի կայանին ամսական յայտագիրը դիտելու։ Կրնա՞ս անոնց հետ ծառայութեան ելլել։ Եթէ անոնց թեթեւ ճաշի մը հրաւիրես, պիտի չմոռնան հիւրասէր ոգիդ։ Ուրիշ ի՞նչ գործնական կերպերով կրնաս նորեկներուն օգնել։

Քարլոս կ’ըսէ. «Երբ մեր նոր ժողովքը եկանք, քոյր մը մեզի տուաւ խանութներու ցանկ մը, որոնք յարմար գիներով ապրանք կը ծախեն։ Ասիկա մեզի շատ օգնեց»։ Տարբեր կլիմայ ունեցող տեղէ մը եկողներուն համար կարեւոր է որ գիտնան, թէ ի՛նչ պէտք է հագնին իրենց նոր շրջանին օդին համաձայն, ըլլա՛յ տաք, ցուրտ կամ անձրեւոտ։ Նաեւ անոնց կ’օգնես որ աւելի ազդու ըլլան ծառայութեան մէջ, եթէ անոնց ըսես թաղամասի մարդոց պատմութիւնը կամ կրօնական հաւատալիքները։

Կ’ԱՐԺԷ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼԸ

Ալէն, որ սկիզբը նշուած է, մէկ տարի է որ իր նոր ժողովքին մէջ է։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբը, ինքզինքս կը ստիպէի, որ եղբայրներուն–քոյրերուն ծանօթանամ։ Բայց հիմա ընտանիքի պէս ենք, եւ ես ուրախ եմ»։ Ալէն անդրադարձաւ որ փոխադրուելով բարեկամներ չկորսնցուց, հապա՝ նոր բարեկամներ շահեցաւ։ Անոնք շատ հաւանաբար միշտ իր բարեկամները պիտի մնան։

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։