Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի մտածումները կ’որդեգրե՞ս

Եհովայի մտածումները կ’որդեգրե՞ս

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։2

ԵՐԳԵՐ. 64, 125

1, 2. Մինչ կը շարունակենք յառաջդիմել, ի՞նչ կը սորվինք. օրինակով մը յստակացուր։

ՊԶՏԻԿ մը նուէր կը ստանայ։ Ծնողքը իրեն կ’ըսէ. «Շնորհակալ եմ, ըսէ՛»։ Պզտիկը կը հնազանդի պարզապէս քանի որ իրեն այդպէս ըսուեցաւ։ Բայց մինչ կը մեծնայ, կը սկսի հասկնալ թէ իր ծնողքը ինչո՛ւ համոզուած է, թէ կարեւոր է որ երախտապարտ ըլլայ ուրիշներուն ըրած լաւ բաներուն համար։ Այսպիսով, ան ինքն իրմէ սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ ուրիշներուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երախտապարտութիւնը ի՛ր մտածումին մէկ մասը դարձաւ։

2 Նմանապէս, երբ սկսանք ճշմարտութիւնը ճանչնալ, տեսանք որ կարեւոր է որ Եհովայի հիմնական պատուէրներուն հնազանդինք։ Բայց մինչ կը շարունակենք յառաջդիմել, աւելի կը սորվինք Եհովայի մտածումին մասին, այսինքն՝ ի՛նչ կը սիրէ, ի՛նչ չի սիրեր եւ ի՛նչ աչքով կը նայի հարցերուն։ Երբ նոյն կերպով տրամաբանենք, եւ ձգենք որ Եհովայի մտածումը ազդէ մեր ընտրութիւններուն եւ գործերուն, Իր մտածումները մեր մտածումները կ’ընենք։

3. Ինչո՞ւ Եհովային պէս մտածելը կրնայ դժուար ըլլալ։

3 Թէեւ հաճոյք կ’առնենք Եհովայի մտածումը սորվելէն, բայց ատեններ դիւրին չ’ըլլար որ իրեն պէս մտածենք, քանի որ անկատար ենք։ Օրինակ, թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ հասկնալ Եհովայի տեսակէտը որոշ բաներու նկատմամբ, ինչպէս՝ բարոյական մաքրութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, քարոզչութիւնը եւ արեան սխալ գործածութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Եհովայի մտածումները որդեգրել։ Եւ ասիկա ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ, որ ճիշդը ընենք թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ ՄԵՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ Կ’ԸՆԵՆՔ

4. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուիլ’։

4 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։2։ Հոս, Պօղոս առաքեալ կը նկարագրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի սորվինք Եհովային պէս մտածել։ Ան ըսաւ որ պէտք է այլեւս ‘չկերպարանինք այս աշխարհին կերպարանքովը’։ Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք որ ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է աշխարհային գաղափարները եւ կեցուածքները մերժենք։ Բայց Պօղոս նաեւ ըսաւ որ պէտք է ‘մեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուինք’։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք, Իր մտածումները հասկնանք, ատոնց վրայ խոկանք եւ ջանք թափենք որ Աստուծոյ մտածումը ունենանք։

5. Բացատրէ թէ ի՛նչ տարբերութիւն կայ կարդալուն եւ սերտելուն միջեւ։

5 Սերտելը հարեւանցի կարդալ չէ, ոչ ալ ուսումնասիրութեան հարցումներու պատասխաններուն տակ գիծ քաշել է։ Երբ կը սերտենք, կը մտածենք թէ մեր կարդացածը ինչպէ՛ս կը յայտնէ, թէ Եհովան ո՛վ է, ի՛նչ կ’ընէ եւ ինչպէ՛ս կը մտածէ։ Կը ջանանք հասկնալ, թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ըսէ որ որոշ բան մը ընենք կամ որոշ բան մը չընենք։ Նաեւ կը մտածենք թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք մեր կեանքին եւ մտածելակերպին մէջ։ Անշուշտ, չենք կրնար բոլո՛ր այս բաներուն վրայ խոկալ ամէն անգամ որ պիտի սերտենք։ Բայց կ’օգտուինք երբ ժամանակ կը տրամադրենք,– թերեւս իւրաքանչիւր սերտելու նիստին կէս ժամանակը,– որպէսզի մեր կարդացածին վրայ խոկանք (Սաղ. 119։97. Ա. Տիմ. 4։15

6. Ի՞նչ կը պատահի երբ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկանք։

6 Երբ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկանք, հիանալի բան մը կը պատահի։ Ի՞նչ։ Մենք մեզ կը համոզենք որ Եհովայի մտածումը կատարեալ է։ Կը սկսինք ի՛ր աչքով նայիլ հարցերուն եւ կը համաձայնինք իր տեսակէտին։ Այսպիսով, մեր միտքը կը նորոգուի եւ կը սկսինք նոր կերպով մտածել։ Եւ աստիճանաբար Եհովայի մտածումները մեր մտածումները կ’ընենք։

ՄԵՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ Կ’ԱԶԴԵՆ ՄԵՐ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ

7, 8. ա) Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ նիւթական բաները (տե՛ս բացման նկարները)։ բ) Եթէ Եհովային տեսակէտը ընդունինք, մեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

7 Մեր մտածումները մեր գործերուն կ’ազդեն (Մար. 7։21-23. Յակ. 2։17)։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք, որպէսզի այս կէտը յստակացնենք։ Օրինակ մը կը գտնենք Աւետարաններուն մէջ, որ մեզի կը ցուցնէ թէ Եհովան նիւթական բաները ինչպէ՛ս կը նկատէ։ Ան Յովսէփը եւ Մարիամը զատեց որ իր Որդին մեծցնեն, թէեւ անոնք շատ դրամ չունէին (Ղեւ. 12։8. Ղուկ. 2։24)։ Երբ Յիսուս ծնաւ, Մարիամ զինք «մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար» (Ղուկ. 2։7)։ Եթէ Եհովան ուզէր, կրնար կարգադրել որ Յիսուս շատ աւելի լաւ տեղ մը ծնէր։ Բայց իրեն համար ամէնէն կարեւոր բանը այն էր, որ Յիսուս հոգեւոր միջավայրի մը մէջ մեծնար։

8 Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի նիւթական բաներուն։ Կարգ մը ծնողներ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները լաւագոյն նիւթական բաները ունենան, նոյնիսկ եթէ ասիկա անոնց հոգեւորութեան հաշւոյն պիտի ըլլայ։ Բայց յստակ է թէ Եհովան մեծագոյն կարեւորութիւնը կու տայ հոգեւոր բաներուն։ Այս մարզին մէջ Եհովային տեսակէտը ընդունա՞ծ ես։ Քու գործե՛րդ ի՞նչ կը յայտնեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5

9, 10. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել, որ ուրիշները գայթակղեցնելու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ունինք։

9 Ուրիշ օրինակ մըն է, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ գայթակղութիւն պատճառող անհատը։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր» (Մար. 9։41)։ Այս խօսքը շատ զօրաւոր է։ Եւ քանի որ Յիսուս ճիշդ իր Հօր պէս է, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան բնա՛ւ չի հաճիր, երբ մէկը գայթակղեցնէ Յիսուսի հետեւորդներէն մէկը (Յովհ. 14։9

10 Ուրիշները գայթակղեցնելու նկատմամբ Եհովայի եւ Յիսուսի տեսակէտը ունի՞նք։ Մեր գործերը ի՞նչ կը յայտնեն։ Օրինակ, թերեւս որոշ հագուածք մը կամ յարդարանք մը կը սիրենք։ Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ գիտնանք, որ մեր ընտրութիւնը կրնայ ուրիշներուն նեղութիւն տալ կամ անբարոյ ցանկութիւն արթնցնել։ Հաւատակիցներուն հանդէպ մեր սէրը մեզ պիտի մղէ՞, որ հագուելակերպի մեր նախընտրութիւնները մէկ կողմ դնենք (Ա. Տիմ. 2։9, 10

11, 12. Եթէ Եհովային ատածը ատենք եւ ինքնազսպում ունենանք, ինչպէ՞ս մենք մեզ կը պաշտպանենք։

11 Ահա երրորդ օրինակ մը. Եհովան անարդարութիւնը կ’ատէ (Եսա. 61։8)։ Ճիշդ է որ ան գիտէ թէ ատեններ դժուար է որ ճիշդը ընենք, քանի որ անկատար ենք, բայց մեզի կը պատուիրէ որ իրեն պէս ատենք անարդարութիւնը (կարդա՛ Սաղմոս 97։10)։ Եթէ խոկանք թէ Եհովան ինչո՛ւ գէշ բաները կ’ատէ, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ իրեն պէս հարցերուն նայինք, եւ աւելի ոյժ պիտի տայ որ գէշ բաներ չընենք։

12 Եթէ սորվինք չար բաները ատել, ատիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ գիտնանք թէ որոշ բաներ սխալ են, նոյնիսկ եթէ Սուրբ Գիրքը մասնաւոր բան մը չ’ըսեր ատոնց մասին։ Օրինակ, կայ անբարոյ պար մը, որ երթալէն աւելի սովորական կը դառնայ աշխարհին մէջ։ Այդ պարին ընթացքին, վճարուած պարող մը, որ ընդհանրապէս կիսամերկ կ’ըլլայ, սեռային շարժումներ կ’ընէ մինչ ուրիշի մը գիրկը նստած է։ Ոմանք կը կարծեն որ այդ պարը սխալ չէ, քանի որ սեռային յարաբերութիւն ունենալ չէ *։ Բայց Եհովային կարծիքը նո՞յնն է։ Յիշէ թէ ան ամէն տեսակ չարութիւն կ’ատէ։ Ուրեմն, թող որ ինքնազսպում զարգացնենք եւ Եհովային ատած բաները ատենք, որպէսզի հեռու մնանք որեւէ բանէ որ չար է (Հռով. 12։9

ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ՄՏԱԾԷ ԱՊԱԳԱՅ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

13. Ինչո՞ւ հիմակուընէ պէտք է մտածենք, որ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի հարցերուն։

13 Երբ կը սերտենք, պէտք է մտածենք թէ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի հարցերուն, քանի որ ասիկա մեզի կրնայ օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Այսպիսով, եթէ գտնուինք պարագայի մը մէջ, ուր պէտք է շուտով որոշում առնենք, օդէն պիտի չիյնանք (Առ. 22։3)։ Նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն կարգ մը օրինակներ։

14. Ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփէն։

14 Երբ Պետափրէսի կինը փորձեց Յովսէփը հրապուրել, ան շուտով մերժեց զինք։ Յստակ է որ ան նախապէս մտածած էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ ամուսնութիւնը (կարդա՛ Ծննդոց 39։8, 9)։ Յովսէփ Պետափրէսի կնոջ ըսաւ. «Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Եհովային տեսակէտը որդեգրած էր։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Ի՞նչ կ’ընես եթէ գործակիցդ սկսի քեզի մտերմութիւն ցուցնել, կամ եթէ մէկը բջիջային հեռաձայնով սեռի մասին երկտող մը կամ բաց նկար մը ղրկէ *։ Եհովային հաւատարիմ մնալը աւելի դիւրին կ’ըլլայ, եթէ նախապէս քննած ենք թէ այսպիսի հարցերու նկատմամբ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է ու զայն ընդունած ենք եւ որոշած ենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հաւատարիմ մնալ երեք եբրայեցիներուն պէս։

15 Նաեւ նկատի առ Սեդրաքին, Միսաքին եւ Աբեդնագովին օրինակը։ Երբ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իրենց հրամայեց, որ իր շինած ոսկի արձանը պաշտեն, անոնք կտրուկ կերպով մերժեցին։ Անոնց տուած յստակ պատասխանը ցուցուց, որ նախապէս մտածած էին թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ Եհովային հաւատարիմ մնային (Ել. 20։4, 5. Դան. 3։4-6, 12, 16-18)։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Ի՞նչ կ’ընես եթէ գործատէրդ քեզմէ խնդրէ, որ նուիրատուութիւն ընես տօնակատարութեան մը, որ սուտ կրօնքին հետ կապ ունի։ Փոխանակ սպասելու որ այդպիսի պարագայ մը ծագի, լաւ կ’ըլլայ որ հիմակուընէ խոկաս թէ Եհովան այսպիսի հարցերու ի՛նչ աչքով կը նայի։ Յետագային, եթէ այդպիսի պարագայի մը մէջ գտնուիս, քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ ճիշդ բանը ըսես ու ընես, ինչպէս որ երեք եբրայեցիները ըրին։

Պրպտում ըրի՞ր, օրինական բժշկական փաստաթուղթ մը լեցուցի՞ր եւ բժիշկիդ հետ խօսեցա՞ր (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Եհովայի մտածումը յստակօրէն հասկնալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ առողջապահական ստիպողական պարագայի մը նախապատրաստուինք։

16 Եհովայի մտածումին վրայ խոկալը նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ իրեն հաւատարիմ մնանք, եթէ առողջապահական ստիպողական պարագայ մը ունենանք։ Ճիշդ է որ լման վճռած ենք որ մերժենք ամբողջական արեան կամ ատոր չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն մէկուն փոխներարկումը, բայց կան արեան հետ կապ ունեցող գործընթացներ, որոնք կը պահանջեն որ քրիստոնեան անձնական որոշում առնէ, հիմնուելով Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ (Գործք 15։28, 29)։ Ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը, որ որոշենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք։ Հիւանդանոցի՞ն մէջ, ուր թերեւս ցաւերու մէջ ըլլանք եւ մեր վրայ ճնշում ըլլայ որ արագ որոշում առնենք։ Վստահաբար ո՛չ։ Հի՛մա է ժամանակը որ պրպտում ընենք, օրինական առողջապահական փաստաթուղթ մը լեցնենք, որ յստակօրէն մեր ուզածը կը յայտնէ, եւ մեր բժիշկին հետ խօսինք *։

17-19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հի՛մա գիտնանք Եհովային տեսակէտը որոշ հարցերու նկատմամբ. օրինակ մը տուր։

17 Նաեւ մտածէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս անմիջապէս պատասխանեց Պետրոսին, երբ իրեն ըսաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յստակ է թէ Յիսուս նախապէս շատ խոկացած էր իրեն նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին վրայ եւ իր կեանքին ու մահուան մասին եղող մարգարէութիւններուն վրայ։ Այս գիտութիւնը ոյժ տուաւ իրեն, որ Եհովային հաւատարիմ մնայ եւ իր կեանքը զոհէ մեզի համար (կարդա՛ Մատթէոս 16։21-23

18 Ներկայիս, Աստուած կ’ուզէ որ մենք իր բարեկամները ըլլանք եւ մեր լաւագոյնը ընենք բարի լուրը քարոզելու մէջ (Մատ. 6։33. 28։19, 20. Յակ. 4։8)։ Բայց ոմանք թերեւս լաւ միտումով փորձեն մեր կեդրոնացումը շեղեցնել, ինչպէս որ Պետրոս ըրաւ Յիսուսին նկատմամբ։ Օրինակ, թերեւս գործատէրդ քեզի առաջարկէ աւելի դրամ շահիլ, բայց դուն գիտես որ ատոր համար պէտք է աւելի ժամեր աշխատիս, եւ թէ աւելի քիչ ժամանակ պիտի ունենաս ժողովներուն կամ քարոզչութեան համար։ Կամ եթէ դպրոց կ’երթաս, ենթադրէ որ ուսուցիչները քեզի առիթ կու տան որ ուրիշ տեղ մը փոխադրուիս, որպէսզի յաւելեալ ուսում ստանաս։ Այդ վայրկեանին պիտի գիտնա՞ս թէ ի՛նչ պէտք է ընես։ Մի՛ սպասեր որ այդպիսի բան մը պատահի, որպէսզի աղօթես, պրպտում ընես, եւ ընտանիքիդ ու երէցներուն հետ խօսիս ատոր մասին։ Այդ բաները հիմա ըրէ, որպէսզի գիտնաս թէ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի այդպիսի բաներու, եւ իր մտածումները որդեգրէ։ Այսպիսով, եթէ օր մը օրանց այդպիսի առաջարկ մը ստանաս, քեզ պիտի չհրապուրէ։ Միայն քեզի պիտի մնայ որ գործադրես նախապէս առած որոշումդ, որ կեդրոնացած պիտի մնաս Եհովայի ծառայութեան վրայ։

19 Հաւանաբար միտքդ կու գան ուրիշ պարագաներ, որոնք կրնան անակնկալօրէն ծագիլ։ Անշուշտ, չենք կրնար ամէն մէկ պարագայ ենթադրել եւ ատոր համար նախապատրաստուիլ։ Բայց եթէ մեր անձնական ուսումնասիրութեան ատեն խոկանք Եհովայի մտածումին վրայ, աւելի հաւանականութիւն պիտի ըլլայ որ մեր սերտածը յիշենք եւ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զայն կիրարկել այն պարագային, որուն մէջ կը գտնուինք։ Ուրեմն, երբ կը սերտենք, քննենք թէ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է որոշ հարցերու նկատմամբ, զայն որդեգրենք, եւ մտածենք թէ ինչպէ՛ս պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՄՏԱԾՈՒՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ՔԵԶԻ ՀԻԱՆԱԼԻ ԱՊԱԳԱՅ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ

20, 21. ա) Նոր աշխարհին մէջ ինչո՞ւ մեր ազատութիւնը պիտի վայելենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք հի՛մա ուրախ ըլլալ։

20 Բոլորս անհամբեր կը սպասենք նոր աշխարհին։ Մեր մեծամասնութիւնը յոյս ունի, որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրի։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, պիտի ազատինք բոլոր այն ցաւերէն եւ չարչարանքներէն, որ այս աշխարհին մէջ կը քաշենք։ Անշուշտ, տակաւին պիտի շարունակենք ազատ կամք ունենալ։ Իւրաքանչիւր անձ որոշումներ պիտի առնէ ըստ իր նախընտրութիւններուն եւ փափաքներուն։

21 Անշուշտ, մեր ազատութիւնը անսահման պիտի չըլլայ։ Հեզերը պիտի շարունակեն Եհովայի օրէնքներուն եւ մտածումին հիման վրայ որոշումներ առնել։ Եւ ասիկա մեծ ուրախութիւն եւ առատ խաղաղութիւն պիտի բերէ (Սաղ. 37։11)։ Մինչ այդ, հիմա կրնանք կեանքէն հաճոյք առնել, Եհովայի մտածումները որդեգրելով։

^ պարբ. 12 Պարագային իրողութիւններէն կախեալ ըլլալով, ասիկա կրնայ սեռային անբարոյութիւն համարուիլ, եւ պէտք կ’ըլլայ որ երէցները դատական յանձնախումբ մը կազմեն։ Այս պարին մասնակցող քրիստոնեան պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրէ (Յակ. 5։14, 15

^ պարբ. 14 Բջիջային հեռաձայնով սեռի մասին երկտող մը կամ բաց նկարներ կամ վիտէօներ ղրկելը կրնայ պահանջել, որ դատական յանձնախումբ կազմուի։ Կարգ մը պարագաներուն, իշխանութիւնները սեռային օրինազանցներ նկատած են այն պատանիները, որոնք այսպիսի բաներ ըրած են։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Սեռի մասին տասը հարցումներու պատասխանները» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2011 թիւին մէջ, էջ 7։ Կամ, «Հեռաձայնով սեռային նիւթեր ղրկելու մասին ինչպէ՞ս կրնաս պատանի զաւակիդ հետ խօսիլ» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի նոյեմբեր 2013 թիւին մէջ, էջ 4-5 (անգլերէն)։

^ պարբ. 16 Սուրբ Գիրքի սկզբունքները քննարկուած են մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք», էջ 215-218։