Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Ո՞վ էին այն բարերարները, որոնց մասին Յիսուս խօսեցաւ իր մահուան նախորդող գիշերը, եւ ինչո՞ւ այդպէս կը կոչուէին։
Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս խրատեց իր առաքեալները, որ իրենց հաւատակիցներուն մէջ երեւելի դիրքի մը չձգտին։ Անոնց ըսաւ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք» (Ղուկ. 22։25, 26)։
Ո՞վ էին Յիսուսի նշած բարերարները։ Քանդակագրութիւնները, դրամները եւ գրութիւնները կը յայտնեն, թէ յոյներուն եւ հռոմայեցիներուն քով սովորական էր հռչակաւոր մարդիկը եւ կառավարիչները պատուել՝ զանոնք բարերար կոչելով։ Այս տիտղոսը կը տրուէր, քանի որ անոնք հանրութեան համար արժէքաւոր բան մը ըրած էին։
Կարգ մը թագաւորներ կրեցին բարերար տիտղոսը։ Անոնց մէջ էին եգիպտացի երկու կառավարիչներ՝ Պտղոմէոս Գ. Բարերար (Ք.Ա. շուրջ 247-222) եւ Պտղոմէոս Ը. Բարերար Բ. (Ք.Ա. շուրջ 147-117)։ Հռոմայեցի կառավարիչներ՝ Յուլիոս կայսր (Ք.Ա. 48-44) եւ Օգոստոս (Ք.Ա. 31–Ք.Ե. 14) նոյնպէս այդ տիտղոսը կրեցին, ինչպէս նաեւ՝ Հրէաստանի թագաւոր Մեծն Հերովդէսը։ Հաւանաբար, Հերովդէս այդ պատիւին արժանացաւ, երբ սովի ատեն ցորեն բերաւ իր երկիրը, եւ կարիքաւորներուն հագուստներ ապահովեց։
Ըստ գերմանացի աստուածաշնչագէտ Ատոլֆ Տայսմանի, բարերար տիտղոսին գործածութիւնը լայնատարած էր։ Ան ըսաւ. «Քանդակագրութիւններու մէջ, քիչ ժամանակ տրամադրելով՝ դիւրութեամբ կարելի է [այս տիտղոսը] հարիւր անգամ գտնել»։
Արդեօք Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ աշակերտներուն ըսաւ. «Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք»։ Ըսել ուզե՞ց որ շուրջի մարդոց բարօրութեամբ պէտք չէ հետաքրքրուին։ Բնա՛ւ։ Ըստ երեւոյթին, Յիսուս իր միտքին մէջ ունէր առատաձեռնութեան ետին եղող շարժառիթը։
Յիսուսի օրերուն, հարուստները կը ձգտէին լաւ համբաւ ձեռք ձգել՝ ամփիթատրոնի մէջ հանդէսներու եւ խաղերու երաշխաւորող ըլլալով, պարտէզներ եւ տաճարներ շինելով եւ նման գործունէութիւններու թիկունք կանգնելով։ Բայց անոնց նպատակն էր՝ ծափահարութիւններ շահիլ, հռչակ կամ քուէ ձեռք ձգել։ «Թէեւ կան իսկական առատաձեռնութեան օրինակներ, բայց ընդհանրապէս նուիրատուներուն գլխաւոր շարժառիթը քաղաքական շահն էր», կը նշէ աշխատասիրութիւն մը։ Յիսուս քաջալերեց որ իր հետեւորդները մերժէին այս փառասէր եւ անձնակեդրոն ոգին։
Քանի մը տարի ետք, Պօղոս առաքեալ շեշտեց՝ տալուն մէջ ճիշդ շարժառիթը ունենալու մասին այս կարեւոր ճշմարտութիւնը։ Ան Կորնթոսի մէջ իր հաւատակիցներուն գրեց. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կոր. 9։7)։