Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային վստահէ եւ յաւիտեան ապրէ

Եհովային վստահէ եւ յաւիտեան ապրէ

«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (ԱՌ. 3։5

ԵՐԳԵՐ. 152, 49

1. Ինչո՞ւ բոլորս մխիթարութեան պէտք ունինք։

ԲՈԼՈՐՍ մխիթարութեան պէտք ունինք։ Թերեւս մեր կեանքը լեցուն է հոգերով, յուսախաբութիւններով եւ նեղութիւններով։ Կրնայ ըլլալ որ կը տառապինք, քանի որ հիւանդութիւն մը ունինք, տարիքով կը մեծնանք կամ սիրելի մը կորսնցուցած ենք։ Մեզմէ ոմանք հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Ասկէ զատ, մեր շուրջի մարդիկը երթալէն աւելի վայրագ կը դառնան։ Այս դժուար ժամանակները կը փաստեն որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք եւ թէ ամէն օր ա՛լ աւելի կը մօտենանք նոր աշխարհին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց թերեւս երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասենք, որ Եհովային խոստումները կատարուին, եւ թերեւս մեր դժուարութիւնները երթալէն կը շատնան։ Ո՞ւր կրնանք մխիթարութիւն գտնել։

2, 3. ա) Ամբակումին մասին ի՞նչ գիտենք։ բ) Ինչո՞ւ նկատի պիտի առնենք Ամբակում գիրքը։

2 Նկատի առնենք Ամբակում գիրքը, որպէսզի տեսնենք թէ ո՛ւր կրնանք մխիթարութիւն գտնել։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները շատ մանրամասնութիւններ չեն տար Ամբակումի կեանքին մասին, բայց իր գիրքը իրապէս կը մխիթարէ մեզ։ Ամբակում անունը հաւանաբար կը նշանակէ՝ «Ջերմ ողջագուրում»։ Ասիկա կրնայ ակնարկել Եհովայի ջերմ փաթթուկին, որ իր ծառաները կը մխիթարէ։ Կամ ալ կրնայ ակնարկել այն կերպին, որով Եհովայի ծառաները ամուր կը բռնեն զինք։ Ամբակում Աստուծոյ հետ խօսեցաւ եւ կարգ մը հարցումներ հարցուց։ Եհովան Ամբակումը մղեց որ խօսակցութիւնը գրի առնէ, քանի որ գիտէր որ ատկէ պիտի օգտուէինք (Ամբ. 2։2

3 Ամբակումին եւ Եհովային միջեւ եղած խօսակցութիւնը, միակ բանն է որ Սուրբ Գիրքը կը նշէ այս մարգարէին մասին։ Իր գիրքը այն բաներէն է, որոնք ‘առաջուընէ գրուեցան’ Աստուծոյ Խօսքին մէջ, «որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Անձամբ ինչպէ՞ս կրնանք Ամբակում գիրքէն օգտուիլ։ Ատիկա կրնայ մեզի օգնել հասկնալու թէ ի՛նչ կը նշանակէ Եհովային վստահիլ։ Ամբակումին մարգարէութիւնը նաեւ մեզ կը վստահեցնէ, որ կրնա՛նք մտքի խաղաղութիւն ունենալ, ի՛նչ ալ ըլլան մեր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՂՕԹԷ

4. Ամբակում ինչո՞ւ տխուր էր։

4 Կարդա՛ Ամբակում 1։2, 3։ Ամբակում ապրեցաւ շատ դժուար ժամանակի մը մէջ։ Ան շատ տխուր էր, քանի որ իր շուրջի մարդիկը չար եւ վայրագ էին։ Ան ո՛ւր որ նայէր՝ կը տեսնէր որ իսրայէլացիները իրարու հետ անգթութեամբ եւ անարդարութեամբ կը վարուէին։ Ան կը մտածէր. ‘Այս չարութիւնը ե՞րբ պիտի վերջանայ։ Եհովան ինչո՞ւ այսքան երկար կը սպասէ որ ատոր նկատմամբ բան մը ընէ’։ Ան յուսալքուած զգաց եւ Եհովային աղաչեց որ բան մը ընէ։ Թերեւս Ամբակում սկսած էր մտածել որ Եհովան այլեւս չէր հետաքրքրուած իր ժողովուրդով կամ գործի պիտի չլծուէր։ Օր մը օրանց այդպէս զգացա՞ծ ես։

5. Ի՞նչ կը սորվինք Ամբակում գիրքէն (տե՛ս բացման նկարը)։

5 Արդեօք Ամբակում կորսնցուցա՞ծ էր Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ իր վստահութիւնը։ Անշուշտ ո՛չ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան Եհովայէ՛ն խնդրեց եւ ոչ թէ մարդոցմէ, որ իրեն օգնէ իր խնդիրներուն եւ մտահոգութիւններուն մէջ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ ան իր յոյսը չէր կտրած եւ տակաւին Եհովային կը վստահէր։ Յստակ է թէ ան իրար անցած էր, քանի որ չէր հասկնար թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ուշանար գործի անցնելու եւ թէ ինչո՛ւ կը ձգէր որ ա՛յսքան տառապի։ Եհովան Ամբակումը մղեց որ իր մտահոգութիւնները գրէ, եւ ասիկա մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ. պէտք չէ վախնանք մեր հոգերն ու կասկածները Եհովային ըսելու։ Ան կ’ուզէ որ աղօթքով մեր սիրտը բանանք իր առջեւ (Սաղ. 50։15. 62։8Առակաց 3։5–ը մեզ կը քաջալերէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ Ամբակում շատ հաւանաբար այս խօսքը գիտէր եւ իր կեանքին մէջ գործադրեց։

6. Աղօթելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

6 Ամբակում նախաձեռնութիւնը առաւ որ մօտենայ Եհովային՝ իր վստահելի Բարեկամին եւ Հօր։ Ճիշդ է որ ան մտահոգուեցաւ, բայց չփորձեց ինքն իրեն լուծել հարցը, հապա՝ իր զգացումներուն եւ մտահոգութիւններուն մասին աղօթեց Եհովային։ Ասիկա մեզի լաւ օրինակ մըն է։ Եհովան՝ աղօթք Լսողը, մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ցուցնենք, իրեն աղօթելով մեր հոգերուն մասին (Սաղ. 65։2)։ Ասիկա պիտի ձգէ որ տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Իր ջերմ ողջագուրումը պիտի զգանք, երբ մեզ մխիթարէ եւ առաջնորդէ (Սաղ. 73։23, 24)։ Ան մեզի պիտի օգնէ որ մեր պարագային նկատմամբ իր մտածումները գիտնանք, ինչ ալ ըլլան մեր նեղութիւնները։ Եհովային աղօթելը իրապէս լաւագոյն կերպերէն մէկն է, որ ցուցնենք թէ իրեն կը վստահինք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱԿԱՆՋ ՏՈՒՐ

7. Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Ամբակում իր հոգերը պատմեց իրեն։

7 Կարդա՛ Ամբակում 1։5-7։ Իր հոգերը Եհովային պատմելէ ետք, թերեւս Ամբակում մտածեց որ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէր։ Որպէս սիրալիր եւ հասկացող Հայր, Եհովան զինք չյանդիմանեց անկեղծօրէն գանգատելուն համար։ Ան գիտէր որ Ամբակում յուսախաբ էր եւ կ’աղաչէր որ իրեն օգնէ։ Եհովան իրեն ըսաւ որ մօտ ատենէն ի՛նչ պիտի ընէր անհաւատարիմ հրեաներուն։ Թերեւս Ամբակում առաջին անձն էր, որուն Եհովան յայտնեց որ հրեաներուն պատիժը շատ մօտ էր։

8. Եհովային պատասխանը ինչո՞ւ Ամբակումին ակնկալածին պէս չէր։

8 Եհովան Ամբակումին ցուցուց որ պատրաստ էր գործի անցնելու։ Ան Յուդայի վայրագ եւ չար մարդիկը պիտի պատժէր։ Ըսելով որ ասիկա «ձեր օրերուն մէջ» պիտի կատարուէր, Եհովան ցուցուց որ այդ դատաստանը անկասկած պիտի գործադրուէր, մինչ մարգարէն կամ ժամանակակից իսրայէլացիները ողջ էին։ Եհովային պատասխանը բնա՛ւ Ամբակումին ակնկալածին պէս չէր։ Քաղդէացիները, կամ բաբելոնացիները, անգութ էին եւ աւելի վայրագ էին քան՝ իսրայէլացիները, որոնք գոնէ Եհովային չափանիշները գիտէին։ Լաւ, Եհովան ինչո՞ւ այդ անգութ հեթանոս ազգը պիտի գործածէր, որ իր ժողովուրդը պատժէր։ Ասիկա պիտի աւելցնէր ամբողջ Յուդային տառապանքը։ Եթէ Ամբակումին տեղը ըլլայիր, Եհովային պատասխանը լսելէդ ետք ի՞նչ պիտի զգայիր։

9. Ամբակում ուրիշ ի՞նչ հարցումներ հարցուց։

9 Կարդա՛ Ամբակում 1։12-14, 17։ Թէեւ Ամբակում ըմբռնեց որ Եհովան Բաբելոնը պիտի գործածէր, որպէսզի չար մարդիկը պատժէր, բայց տակաւին շուարած էր։ Հակառակ ասոր, ան խոնարհութեամբ Եհովային ըսաւ որ տակաւին իր «Վէմ»ն էր (Բ. Օր. 32։4, ստորանիշ. Եսա. 26։4)։ Ան համոզուած էր որ Եհովան սիրալիր եւ քաղցր է, եւ այս պատճառով չվախցաւ Եհովային յաւելեալ հարցումներ հարցնելու, ինչպէս՝ Եհովան ինչո՞ւ թոյլ պիտի տայ, որ վիճակները աւել գէշ ըլլան եւ Իր ժողովուրդը աւելի տառապի։ Ան ինչո՞ւ անմիջապէս գործի պիտի չանցնի։ Ամենակալը ինչո՞ւ ‘պիտի լռէ’, մինչ չարութիւնը կը շատնայ։ Ան «Սուրբ»ն է եւ իր «աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են», ուրեմն ինչո՞ւ թոյլ պիտի տայ որ այս բաները պատահին։

10. Ատեններ ինչո՞ւ Ամբակումին պէս կրնանք զգալ։

10 Ատեններ, թերեւս Ամբակումին պէս կը զգանք։ Մենք Եհովային ականջ կու տանք, իրեն կը վստահինք եւ իր Խօսքը կը կարդանք ու կը սերտենք, նաեւ իր խոստումներուն մասին կը լսենք երբ մտիկ կ’ընենք իր կազմակերպութեան սորվեցուցածները։ Բայց թերեւս տակաւին հարցնենք. ‘Մեր տառապանքը ե՞րբ պիտի վերջանայ’։ Ամբակումին առած յաջորդ քայլը դաս մը կը սորվեցնէ մեզի։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՊԱՍԷ

11. Ամբակում ի՞նչ վճռած էր ընել։

11 Կարդա՛ Ամբակում 2։1։ Երբ Ամբակում Եհովային հետ խօսակցեցաւ, մտքի խաղաղութիւն ունեցաւ։ Ասիկա ձգեց որ ան վճռէ շարունակել Եհովային սպասել, որ գործի անցնի։ Ան նոյն կեցուածքը շարունակեց յայտնել, երբ ըսաւ. «Հանգստութեամբ պիտի սպասեմ տագնապի օրուան» (Ամբ. 3։16, ԱԾ)։ Անցեալին, ուրիշներ ալ շարունակեցին Եհովային սպասել որ գործի անցնի, եւ անոնց օրինակը մեզ կը քաջալերէ որ նոյնը ընենք (Միք. 7։7. Յակ. 5։7, 8

12. Ամբակումէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ամբակումի կեցուածքէն։ Առաջին, մեր աղօթքները բնա՛ւ պէտք չէ կեցնենք, ի՛նչ ալ ըլլան մեր խնդիրները։ Երկրորդ, պէտք է ականջ տանք այն բաներուն, որ Եհովան մեզի կ’ըսէ իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Երրորդ, պէտք է համբերութեամբ սպասենք որ Եհովան գործի անցնի, լման վստահ ըլլալով որ իր որոշած ժամանակին մեր խնդիրները պիտի լուծէ եւ մեր գէշ զգացումները պիտի փարատէ։ Եթէ Ամբակումը ընդօրինակենք, մտքի խաղաղութիւն պիտի ունենանք եւ պիտի կարենանք տոկալ։ Մեր յոյսը մեզի պիտի օգնէ, որ համբերենք եւ ուրախ ըլլանք, հակառակ մեր խնդիրներուն։ Մենք վստահ ենք որ մեր երկնաւոր Հայրը գործի պիտի անցնի (Հռով. 12։12

13. Եհովան ինչպէ՞ս Ամբակումը մխիթարեց։

13 Կարդա՛ Ամբակում 2։3։ Վստահաբար Եհովան ուրախ էր որ Ամբակում որոշեց սպասել։ Ամենակալը շատ լաւ գիտէր Ամբակումին ճնշիչ պարագաները, եւ այս պատճառով զինք մխիթարեց եւ սիրալիրօրէն վստահեցուց, որ իր անկեղծ հարցումներուն պատասխանները պիտի առնէր։ Մօտ ատենէն, Ամբակում բոլոր իր մտահոգութիւններէն պիտի հանգստանար։ Աստուած կարծես թէ իրեն կ’ըսէր. «Համբերէ եւ ինծի վստահէ։ Քու աղօթքիդ պիտի պատասխանեմ, նոյնիսկ եթէ զգաս որ կ’ուշանամ»։ Եհովան իրեն յիշեցուց որ արդէն որոշած է ե՛րբ իր խոստումները պիտի կատարէ։ Ասոր համար, զինք քաջալերեց որ շարունակէ սպասել, քանի որ յուսախաբ պիտի չըլլար։

Ինչո՞ւ վճռած ենք Եհովային ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընել (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել դժուարութիւններու ատեն։

14 Մենք ալ պէտք է սպասենք որ Եհովան գործի անցնի։ Նաեւ պէտք է իրեն լաւ ականջ տանք։ Ասիկա պիտի ձգէ որ իրեն վստահինք եւ մտքի խաղաղութիւն ունենանք, հակառակ մեր դժուարութիւններուն։ Յիսուս մեզ քաջալերեց որ չկեդրոնանանք այն ‘ժամերուն եւ ժամանակներուն’ վրայ, որոնք Աստուած տակաւին չէ յայտնած (Գործք 1։7)։ Պէտք է վստահութիւն ունենանք որ Եհովան գիտէ թէ ե՛րբ է լաւագոյն ժամանակը որ գործի անցնի։ Ուրեմն, պէտք չէ յանձնուինք, հապա՝ պէտք է խոնարհ եւ համբերող ըլլանք եւ Աստուծոյ հաւատանք։ Եւ մինչ կը սպասենք, պէտք է մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը ընենք (Մար. 13։35-37. Գաղ. 6։9

ԵՀՈՎԱՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐԵՆ ՎՍՏԱՀՈՂՆԵՐՈՒՆ

15, 16. ա) Ամբակում գիրքին մէջ ի՞նչ խոստումներ կան։ բ) Այդ խոստումները մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն։

15 Եհովան խոստացաւ. «Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի» եւ «երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Ամբ. 2։4, 14)։ Ան յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց, որոնք կը համբերեն եւ իրեն կը վստահին։

16 Ամբակում 2։4–ի խոստումը ա՛յնքան կարեւոր է, որ Պօղոս առաքեալ զայն երեք անգամ մէջբերեց իր նամակներուն մէջ (Հռով. 1։17. Գաղ. 3։11. Եբ. 10։38)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ ունենանք, պիտի տեսնենք Եհովայի խոստումներուն կատարումը, եթէ իրեն վստահինք։ Եհովան կ’ուզէ որ կեդրոնանանք ապագայի նկատմամբ մեր յոյսին վրայ։

17. Եթէ Եհովային վստահինք, մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ։

17 Ամբակում գիրքը զօրաւոր դաս մը կը սորվեցնէ բոլորիս, որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովան կը խոստանայ որ յաւիտենական կեանք պիտի տայ որեւէ արդարի, որ իրեն կը վստահի։ Ուրեմն, շարունակենք իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնել, հակառակ մեր դժուարութիւններուն եւ հոգերուն։ Ամբակումին ուղղուած Եհովային խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն, թէ մեզի պիտի օգնէ եւ փրկէ։ Ան քաղցրութեամբ մեզմէ կը խնդրէ, որ իրեն վստահինք եւ համբերութեամբ սպասենք իր որոշած ժամանակին, երբ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Այդ ժամանակ, երկիրը պիտի լեցուի ուրախ եւ հեզ մարդոցմով, որոնք զինք կը պաշտեն (Մատ. 5։5. Եբ. 10։36-39

ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ

18. Եհովային ըսածները ինչպէ՞ս ազդեցին Ամբակումին։

18 Կարդա՛ Ամբակում 3։16-19։ Եհովային ըսածները շատ ազդեցին Ամբակումին։ Ան խոկաց այն հիանալի բաներուն վրայ, որ Եհովան անցեալին ըրած էր իր ժողովուրդին համար, եւ այսպիսով Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը զօրացաւ։ Ան գիտցաւ որ Եհովան մօտ ատենէն գործի պիտի անցնէր, եւ ասիկա զինք մխիթարեց, հակառակ որ ինք որոշ ժամանակ մը պիտի շարունակէր տառապիլ։ Ամբակում այլեւս կասկածներ չունէր։ Ընդհակառակը, ան այլեւս լման կը հաւատար որ Եհովան զինք պիտի փրկէր։ Ան 18–րդ համարին մէջ ըսաւ բան մը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած ամէնէն շատ վստահութիւն յայտնող արտայայտութիւններէն մէկն է։ Կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն որ ատիկա կը նշանակէ. «Ես Տէրոջմով ուրախանալով պիտի ցատկռտեմ. Աստուծմով ցնծալով պիտի պարեմ»։ Ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը կը բովանդակեն 16–էն 19–րդ համարները։ Եհովան ոչ միայն հիանալի խոստումներ մեզի տուած է, հապա նաեւ մեզ վստահեցուցած է որ շատ մօտ ատենէն զանոնք պիտի կատարէ։

19. Ինչպէ՞ս կրնանք Ամբակումին պէս մխիթարուիլ։

19 Ամբակում գիրքին կարեւոր պատգամը այն է, որ Եհովային վստահինք (Ամբ. 2։4)։ Որպէսզի շարունակենք Եհովային վստահիլ, պէտք է իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնենք։ Ուրեմն, պէտք է 1) շարունակենք աղօթել, Եհովային պատմելով մեր բոլոր մտահոգութիւններուն մասին, 2) լաւ ականջ տանք Եհովայի Խօսքին եւ որեւէ ուղղութեան, որ կը ստանանք իր կազմակերպութեան միջոցաւ, 3) հաւատարմօրէն եւ համբերութեամբ Եհովային սպասենք։ Ամբակում ասիկա ըրաւ։ Թէեւ ան շատ նեղուած էր, երբ Եհովային հետ սկսաւ խօսակցիլ, բայց վերջաւորութեան՝ քաջալերուած եւ ուրախ էր։ Թող որ Ամբակումին օրինակին հետեւինք, որպէսզի մենք ալ զգանք Եհովային հայրական ողջագուրումը։ Ասկէ աւելի մեծ մխիթարութիւն մը չենք կրնար ունենալ այս չար աշխարհին մէջ։