Քաղցրութիւն. թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով
ՈՐՔԱ՜Ն լաւ կը զգանք երբ մէկը քաղցրութեամբ վարուի մեզի հետ։ Կը զգանք որ մեզմով հետաքրքրուած է։ Եւ քանի որ բոլորս երախտապարտ կ’ըլլանք, երբ ուրիշներ քաղցր կը գտնուին մեզի հանդէպ, տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս գեղեցիկ յատկութիւնը զարգացնել։
Քաղցր անհատը անկեղծօրէն կը հետաքրքրուի ուրիշներով, եւ ասիկա իր խօսքերով ու գործերով կը ցուցնէ։ Ան պարզապէս քաղաքավար մէկը չէ, հապա՝ քաղցր կը գտնուի քանի որ ուրիշները կը սիրէ եւ անոնց կը կարեկցի։ Ասկէ զատ, քաղցրութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Եհովան կ’ուզէ որ քաղցր ըլլանք, ուստի նկատի առնենք թէ Ան եւ իր Որդին ինչպէ՛ս քաղցրութեամբ վարուած են եւ ինչպէ՛ս կրնանք իրենց օրինակին հետեւիլ։
ԵՀՈՎԱՆ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՔԱՂՑՐ Է
Եհովան քաղցր եւ նկատառու է բոլորի՛ն հանդէպ, մէջը ըլլալով ‘ապերախտներն ու չարերը’ (Ղուկ. 6։35)։ Օրինակ, Եհովան «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։45)։ Այսպիսով, նոյնիսկ անոնք որոնք չեն ընդունիր որ Եհովան Ստեղծիչն է, իր քաղցրութենէն կ’օգտուին եւ կրնան որոշ չափով ուրախ ըլլալ իրենց կեանքին մէջ։
Ասկէ զատ, Եհովան հիանալի կերպով քաղցր գտնուեցաւ Ադամին ու Եւային հանդէպ։ Անոնք մեղք գործելէն ետք, «թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին»։ Բայց Եհովան գիտէր որ Եդեմի պարտէզէն դուրս ապրելու համար, անոնք պէտք պիտի ունենային հագուստներու, որոնք կրնային պաշտպանել զիրենք, քանի որ երկիրը անիծուած էր եւ ‘փուշով ու տատասկով’ լեցուն էր։ Ան քաղցր գտնուելով՝ անոնց «կաշիէ հանդերձներ» շինեց (Ծն. 3։7, 17, 18, 21)։
Թէեւ Եհովան «թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն» հանդէպ քաղցր է, բայց նամանաւանդ իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ կ’ուզէ քաղցրութեամբ վարուիլ։ Օրինակ, Զաքարիա մարգարէին օրերուն, հրեշտակ մը մտահոգ էր, քանի որ Երուսաղէմի տաճարին վերաշինութիւնը կեցած էր։ Եհովան հրեշտակին մտահոգութիւնները մտիկ ըրաւ եւ անոր «բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով» պատասխանեց (Զաք. 1։12, 13)։ Եհովան նոյն կերպով վարուեցաւ Եղիա մարգարէին հետ։ Անգամ մը, Եղիան այնքան ընկճուած էր որ Եհովայէն խնդրեց որ զինք մեռցնէ։ Եհովան ցուցուց որ անոր զգացումներով հետաքրքրուած էր, եւ այս պատճառով հրեշտակ մը ղրկեց զինք զօրացնելու համար։ Ան նաեւ զինք վստահեցուց որ մինակ չէր։ Այդ քաղցր խօսքերէն ետք եւ պէտք եղած օգնութիւնը ստանալէ ետք, Եղիան կրցաւ իր նշանակումը շարունակել (Գ. Թագ. 19։1-18)։ Սակայն, Եհովայի ծառաներուն մէջ ո՞վ լաւագոյն կերպով ընդօրինակած է Իր հիանալի քաղցրութիւնը։
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏ ՔԱՂՑՐ ԷՐ
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր քաղցրութեամբ եւ նկատառութեամբ ճանչցուած էր։ Ան բնա՛ւ խիստ կամ բռնակալ չէր։ Ան կարեկցութեամբ ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ. . . վասն զի իմ լուծս քաղցր է» (Մատ. 11։28-30)։ Եւ քանի որ ան շատ քաղցր էր, մարդիկ իր ետեւէն կ’երթային ուր որ երթար։ Յիսուս կը խղճար անոնց վրայ, ուտելիք կ’ապահովէր, անոնց հիւանդները կը բժշկէր եւ իր Հօր մասին «շատ բաներ» կը սորվեցնէր (Մար. 6։34. Մատ. 14։14. 15։32-38)։
Յիսուս կը հասկնար մարդոց զգացումները եւ քաղցրութեամբ ու նկատառութեամբ կը վարուէր անոնց հետ։ Նոյնիսկ անյարմար պարագային, ան քաղցրութեամբ կ’օգնէր ոեւէ մէկուն, որ իրեն կու գար (Ղուկ. 9։10, 11)։ Օրինակ, ան չյանդիմանեց այն կինը, որ հակառակ որ ըստ Օրէնքին անմաքուր էր, իր հանդերձին դպաւ, յուսալով որ արիւնահոսութենէն բժշկուի (Ղեւ. 15։25-28)։ Ան նկատեց որ կինը կը վախնար, եւ խղճաց անոր վրայ, քանի որ 12 տարի տառապած էր։ Անոր ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա՛ խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ» (Մար. 5։25-34)։ Քաղցրութեան ի՜նչ հիանալի օրինակ մը։
ՔԱՂՑՐ ԱՆՀԱՏԸ ԿԸ ՄՂՈՒԻ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ
Մեր քննարկած օրինակներուն մէջ տեսանք, որ քաղցր անհատը քայլեր կ’առնէ ուրիշներուն օգնելու համար։ Յիսուս ասոր կարեւորութիւնը շեշտեց բարի սամարացիին առակին մէջ։ Թէեւ սամարացիներուն եւ հրեաներուն միջեւ թշնամութիւն կար, սամարացին խղճաց այն հրեայ մարդուն վրայ, որ կողոպտուած, ծեծուած եւ կիսամեռ ձգուած էր ճամբուն վրայ։ Սամարացիին քաղցրութիւնը զինք մղեց, որ օգնէ վիրաւոր մարդուն։ Ան անոր վէրքերը մաքրեց եւ զինք պանդոկ մը տարաւ։ Ան նաեւ պանդոկապետին դրամ տուաւ, որպէսզի անոր հոգ տանի, եւ նոյնիսկ ըսաւ որ պատրաստ էր յաւելեալ ծախսերն ալ վճարելու (Ղուկ. 10։29-37)։
Քաղցրութիւնը մեզ կը մղէ որ ուրիշները քաջալերենք եւ նկատառու ըլլանք՝ ոչ միայն մեր գործերով, հապա նաեւ մեր խօսքերով։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (Առ. 12։25)։ Երբ քաղցրութիւնն ու բարութիւնը մեզ մղեն որ քաջալերական խօսքեր ըսենք ուրիշներուն, անոնք աւելի լաւ պիտի զգան *։ Մեր քաղցր խօսքերը պիտի ցուցնեն, որ անոնցմով հետաքրքրուած ենք, եւ այսպիսով անոնց համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելը (Առ. 16։24)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՂՑՐ ԸԼԼԱԼ
Բոլորս կարողութիւն ունինք քաղցր ըլլալու, քանի որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք (Ծն. 1։27)։ Օրինակ, Յուլիոս անունով հռոմայեցի հարիւրապետը, որ պատասխանատու էր Պօղոս առաքեալը Հռոմ տանելու, «մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի» (Գործք 27։3)։ Յետագային, երբ Պօղոս եւ ուրիշներ նաւաբեկութիւն կրեցին, Մելիտէի բնակիչները «մարդասիրութիւն» ցուցուցին անոնց, եւ նոյնիսկ կրակ վառեցին որ անոնք տաքնան (Գործք 28։1, 2)։ Անոնց ըրածը գովելի է։ Բայց քաղցր ըլլալ չի նշանակեր ատեն–ատեն քաղցրութեամբ վարուիլ, հապա՝ մի՛շտ։
Որպէսզի լիովին Եհովան հաճեցնենք, քաղցրութիւնը պէտք է միշտ մեր անձնաւորութեան եւ ապրելակերպին մէկ մասը ըլլայ։ Այս պատճառով, Եհովան մեզի կ’ըսէ որ քաղցրութիւնը ‘հագնի՛նք’ (Կող. 3։12)։ Բայց քաղցրութեամբ վարուիլը միշտ դիւրին չէ։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս քանի որ ամչկոտ ենք, ինքնավստահութիւն չունինք կամ քիչ մը անձնասէր ենք։ Կամ թերեւս մեզի համար դժուար է քաղցր գտնուիլ անոնց հանդէպ, որոնք գէշ կը վարուին մեզի հետ։ Բայց եթէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրենք եւ ջանանք Եհովան ընդօրինակել, ան կրնայ մեզի օգնել որ իրապէս քաղցր ըլլանք (Ա. Կոր. 2։12)։
Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր մարզերուն մէջ պէտք է աւելի քաղցր ըլլանք։ Մենք մեզի հարցնենք. ‘Կարեկցութեամբ մտիկ կ’ընե՞մ ուրիշներուն։ Կը նկատե՞մ որ անոնք ի՛նչ օգնութեան պէտք ունին։ Վերջին անգամ ե՞րբ էր որ քաղցրութեամբ վարուեցայ մէկու մը հետ, որ ընտանիքիս մէկ անդամը չէ կամ մտերիմ բարեկամս չէ’։ Ետքը, նպատակակէտեր դնենք, ինչպէս՝ աւելի լաւ ճանչնալ մեր շուրջինները, մանաւանդ ժողովքի անդամները։ Այսպիսով, կրնանք գիտնալ թէ անոնք ի՛նչ խնդիրներ կամ պէտքեր ունին։ Նաեւ, ուրիշներուն քաղցրութիւն ցուցնենք այն կերպերով, որոնք կ’ուզենք որ անոնք մեզի ցուցնեն (Մատ. 7։12)։ Ասկէ զատ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք, եւ ան պիտի օրհնէ մեր ջանքերը որ քաղցր ըլլանք (Ղուկ. 11։13)։
ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊՈՒՐԷ
Երբ Պօղոս առաքեալ կը նշէր որ ի՛նչ բաներ զինք լաւ քարոզիչ մը դարձուցին, «քաղցրութիւն»ն ալ նշեց (Բ. Կոր. 6։3-6)։ Մարդիկ կը սիրէին զինք, քանի որ անոնց անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցնէր քաղցր խօսքերով ու գործերով (Գործք 28։30-32)։ Նմանապէս, մեր քաղցրութիւնը կրնայ ուրիշները մղել ճշմարտութիւնը ճանչնալու։ Եթէ քաղցր ըլլանք բոլորի՛ն հանդէպ, մէջը ըլլալով անոնք որոնք մեզի հետ գէշ կը վարուին, կրնանք անոնց սրտին դպչիլ եւ թերեւս իրենց կեցուածքը փոխեն (Հռով. 12։20)։ Ժամանակի ընթացքին, կրնայ ըլլալ որ անոնք ուզեն Սուրբ Գիրքին մասին սորվիլ։
Դրախտին մէջ, բոլորը իրարու հետ քաղցրութեամբ պիտի վարուին։ Յարութիւն առնողներն ալ ուրիշներուն քաղցրութիւնը պիտի համտեսեն։ Ասիկա վստահաբար զիրենք պիտի մղէ որ իրենք ալ քաղցր ըլլան։ Այդ ատեն, այն անհատը որ քաղցր չէ եւ չ’ուզեր ուրիշներուն օգնել, թոյլ պիտի չտրուի որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրի։ Միայն անոնք՝ որոնք սիրալիր եւ քաղցր են, յաւիտեան պիտի ապրին Դրախտին մէջ (Սաղ. 37։9-11)։ Ատիկա ի՜նչ ապահով եւ խաղաղ աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ Բայց առաջ որ այդ հոյակապ ժամանակը գայ, հիմա ինչպէ՞ս կ’օգտուինք քաղցր ըլլալով։
ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ողորմած [«Քաղցր», ՆԱ] մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ» (Առ. 11։17)։ Մարդիկ քաղցր անհատը կը սիրեն եւ ընդհանրապէս իրենք ալ քաղցրութեամբ կը վարուին անոր հետ։ Յիսուս ըսաւ. «Այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկ. 6։38)։ Ուրեմն, քաղցր անձը դիւրութեամբ մնայուն բարեկամներ կը գտնէ։
Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի ժողովքի անդամներուն ըսաւ. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու» (Եփ. 4։32)։ Ժողովքը զօրաւոր եւ միացած կ’ըլլայ, երբ ժողովքին մէջ բոլորը քաղցր եւ կարեկից են։ Անոնք բնա՛ւ խիստ խօսքեր չեն ըսեր, չեն քննադատեր, չեն բամբասեր կամ ուրիշները չեն վիրաւորեր, նոյնիսկ կատակով։ Ընդհակառակը, անոնք կը ջանան իրենց խօսքերով օգնել եւ քաջալերել ուրիշները (Առ. 12։18)։ Այսպիսով, ժողովքը ուրախութեամբ Եհովային կը ծառայէ։
Ինչպէս որ տեսանք, քաղցրութիւնը յայտնի կ’ըլլայ թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով։ Երբ քաղցրութեամբ վարուինք, կ’ընդօրինակենք մեր սիրալիր եւ առատաձեռն Աստուածը՝ Եհովան (Եփ. 5։1)։ Ասիկա մեր ժողովքները կը զօրացնէ եւ ուրիշները կը մղէ, որ Եհովային ծառայեն։ Ուրեմն, թող որ մեր ամէն կարելին ընենք, որ ուրիշները տեսնեն թէ Եհովայի վկաները քաղցր են։
^ պարբ. 13 Բարութեան մասին պիտի խօսինք այս յօդուածաշարքին յաջորդ յօդուածին մէջ։