Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր»

«Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր»

«Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։ Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը» (ԱՌ. 23։23

ԵՐԳԵՐ. 113, 114

1, 2. ա) Մեզի համար ամէնէն արժէքաւոր բանը ի՞նչ է։ բ) Ո՞ր ճշմարտութիւնները կ’արժեւորենք, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս բացման նկարները)։

ՔԵԶԻ համար ամէնէն արժէքաւոր բանը ի՞նչ է։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մեզի համար ամէնէն արժէքաւոր բանը՝ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնն է, եւ զայն բնա՛ւ ուրիշ բանով չենք փոխարիներ։ Նաեւ կ’արժեւորենք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը, քանի որ կարելի կը դարձնէ որ Եհովային բարեկամները ըլլանք (Կող. 1։9, 10

2 Եհովան մեր Մեծ Ուսուցիչն է եւ մեզի բազմաթիւ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Մեզի կը սորվեցնէ իր անուան կարեւորութեան մասին եւ իր հիանալի յատկութիւններուն մասին։ Կը տեղեկացնէ թէ մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ իր Որդին զոհեց մեզի համար։ Նաեւ մեզի կը սորվեցնէ մեսիական Թագաւորութեան մասին, եւ օծեալներուն կու տայ երկնային յոյսը, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ուն՝ երկրային Դրախտին յոյսը (Յովհ. 10։16)։ Մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք։ Մենք կ’արժեւորենք այս ճշմարտութիւնները, քանի որ մեզի կ’օգնեն որ Ստեղծիչին մօտենանք եւ իմաստալից կեանք մը ունենանք։

3. Եհովան մեզմէ կը պահանջէ՞ որ ճշմարտութեան համար դրամ վճարենք։

3 Եհովան առատաձեռն Աստուած է։ Ան նոյնիսկ իր սիրելի Որդիին կեանքը որպէս նուէր տուաւ մեզի։ Երբ տեսնէ որ մէկը ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, իրեն կ’օգնէ զայն գտնելու։ Ան մեզմէ բնա՛ւ չի պահանջեր որ դրամ վճարենք ճշմարտութիւնը սորվելու համար։ Անգամ մը, Սիմոն անունով մարդ մը ուզեց Պետրոս առաքեալին դրամ վճարել, որպէսզի հեղինակութիւն ստանայ սուրբ հոգին ուրիշներուն տալու համար։ Պետրոս յանդիմանեց զինք, ըսելով. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի» (Գործք 8։18-20)։ Լաւ, ի՞նչ կը նշանակէ՝ «ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ» արտայայտութիւնը։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԽՈՒ ԱՌՆԵԼ»

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք ճշմարտութեան մասին։

4 Կարդա՛ Առակաց 23։23։ Ջանք կը պահանջէ որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվինք։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ զոհողութիւն ընելու ատոր համար։ Եւ ‘ճշմարտութիւնը ծախու առնելէ’ ետք,– այսինքն ձեռք ձգելէ ետք,– պէտք է զգոյշ ըլլանք որ զայն ‘չծախենք’, այսինքն չձգենք։ Քննարկենք թէ ի՛նչ ըսել է ճշմարտութիւնը «ծախու առնել» եւ որքա՛ն պէտք է վճարենք ատոր համար։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի պիտի օգնեն, որ աւելի արժեւորենք ճշմարտութիւնը եւ աւելի վճռենք զայն ‘չծախել’։ Պիտի տեսնենք որ ճշմարտութիւնը որեւէ բանէ աւելի արժէքաւոր է։

5, 6. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք առանց դրամի ծախու առնել ճշմարտութիւնը. օրինակով մը բացատրէ։ բ) Ճշմարտութիւնը ի՞նչ օգուտներ ունի։

5 Եթէ բան մը ձրի է, ասիկա չի նշանակեր որ ո՛չ մէկ բան պիտի տանք ատոր փոխարէն։ Առակաց 23։23–ին մէջ «ծախու առնել» թարգմանուած եբրայերէն բառը նաեւ կրնայ նշանակել՝ «ձեռք ձգել»։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ կը ցուցնեն, որ անհատը պէտք է ջանք թափէ կամ բան մը տայ, որպէսզի փոխարէնը արժէքաւոր բան մը առնէ։ Ճշմարտութիւնը ծախու առնելու գաղափարը յստակացնելու համար նկատի առնենք օրինակ մը։ Ենթադրենք որ խանութ մը կը ծանուցանէ թէ պանանները ձրի են։ Կրնա՞նք ակնկալել որ պանանները մեր սեղանին վրայ ըլլան, եթէ մենք չերթանք չբերենք զանոնք։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ ատոնք ձրի են, բայց պէտք է ջանք թափենք եւ ժամանակ տրամադրենք որ այդ խանութը երթանք։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը ծախու առնելու համար պէտք չունինք դրամ տալու, բայց պէտք է ջա՛նք թափենք որ զայն ձեռք ձգենք։

6 Կարդա՛ Եսայի 55։1-3։ Եհովային ըսածը մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը ծախու առնել։ Այս համարներուն մէջ, Եհովան իր խօսքերը կը նմանցնէ ջուրի, կաթի եւ գինիի։ Ճշմարտութիւնը կը թարմացնէ մեզ, ճիշդ ինչպէս որ գաւաթ մը պաղ ջուրը կը թարմացնէ ծարաւ անհատը։ Նաեւ, Եհովային խօսքերը մեզ կը զօրացնեն ու հոգեւորապէս կ’աճեցնեն, ճիշդ ինչպէս որ կաթը կը զօրացնէ ու կ’աճեցնէ մանուկը։ Եհովային խօսքերը նաեւ գինիին կը նմանին։ Ինչպէ՞ս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ գինին անհատը կ’ուրախացնէ (Սաղ. 104։15)։ Ուրեմն, երբ Եհովան մեզի կ’ըսէ որ ‘գինի ծախու առնենք’, կարծես թէ մեզ կը վստահեցնէ որ երբ իր ուղղութիւններուն հետեւինք, ուրախ պիտի ըլլանք (Սաղ. 19։8)։ Ան այս գեղեցիկ համեմատութիւնները կը գործածէ, որպէսզի մեզի օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք երբ ճշմարտութիւնը սորվինք եւ գործադրենք։ Իսկ մեր թափած ջանքը կը նմանի այն գումարին, որ կը վճարենք։ Հիմա նկատի առնենք թէ ի՛նչ հինգ բաներէ թերեւս վազ անցնինք՝ ճշմարտութիւնը ծախու առնելու համար։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐԷ ՎԱԶ ԱՆՑԱԾ ԵՍ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԽՈՒ ԱՌՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

7, 8. ա) Ինչո՞ւ ժամանակ կը պահանջէ որ ճշմարտութիւնը սորվինք։ բ) Երիտասարդուհի մը ի՞նչ զոհողութիւններ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

7 Ժամանակ։ Ամէն անհատ, որ ճշմարտութիւնը ծախու կ’առնէ, պէտք է այս գինը վճարէ։ Ժամանակ կը պահանջէ որ Թագաւորութեան պատգամը մտիկ ընենք, Սուրբ Գիրքը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները կարդանք, Աստուածաշունչը սերտենք Եհովայի վկաներուն հետ եւ ժողովներուն նիւթերը պատրաստենք ու ժողովներուն ներկայ ըլլանք։ Պէտք է այս ժամանակը ‘ծախու առնենք’ աւելի քիչ կարեւորութիւն ունեցող բաներէն (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։ Որքա՞ն ժամանակ պիտի առնէ որ Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները սորվինք։ Ասիկա մեր պայմաններէն կախեալ է։ Եհովային իմաստութեան, ճամբաներուն եւ գործերուն մասին գիտութիւնը սահման չունի (Հռով. 11։33Դիտարան–ին առաջին թիւը ճշմարտութիւնը նմանցուց «համեստ պզտիկ ծաղիկ»ի եւ ըսաւ. «Ճշմարտութեան միայն մէկ ծաղիկով մի՛ բաւարարուիք։ Եթէ մէկ հատը բաւարար ըլլար, այսքան այլազանութիւն ստեղծուած չէր ըլլար։ Միշտ քաղելու նայեցէք, շարունակեցէ՛ք աւելին փնտռել»։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ճշմարտութեան ծաղկեփունջս որքա՞ն մեծ է’։ Նոյնիսկ եթէ յաւիտեան ապրինք, միշտ պիտի ըլլան աւելի բաներ, որ կրնանք Եհովային մասին սորվիլ։ Ներկայիս, կարեւորը այն է որ մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք, որպէսզի ճշմարտութիւններ ծախու առնենք մեր պայմաններուն ներած չափով։ Նկատի առ թէ անձ մը ինչպէ՛ս ասիկա ըրաւ։

8 Մարիքօ * անունով ճափոնցի երիտասարդուհի մը Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցաւ, որպէսզի ուսում ստանայ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Օր մը, ռահվիրայ քոյր մը իր դուռը զարկաւ եւ բարի լուրը տուաւ իրեն։ Թէեւ Մարիքոն որոշ կրօնքի մը կը պատկանէր, բայց սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել քրոջ հետ։ Այնքա՛ն սիրեց իր սորվածները, որ քրոջմէն խնդրեց որ շաբաթը երկու անգամ սերտէ։ Անմիջապէս սկսաւ ժողովներու երթալ, հակառակ որ շատ խճողուած յայտագիր մը ունէր. դասընթացքներ կ’առնէր եւ կիսաժամ գործ մը կ’աշխատէր։ Ան նաեւ կարգ մը ժամանցներ դադրեցուց, որպէսզի աւելի ժամանակ ունենար ճշմարտութիւնը սորվելու։ Այս զոհողութիւնները ընելը իրեն օգնեց, որ շուտով հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Ան մէկ տարի չանցած՝ մկրտուեցաւ, եւ վեց ամիս ետք՝ 2006–ին, ռահվիրայութեան սկսաւ եւ մինչեւ հիմա ռահվիրայ է։

9, 10. ա) Ճշմարտութիւնը ծախու առնելը ինչպէ՞ս կ’ազդէ նիւթական բաներու նկատմամբ մեր կեցուածքին։ բ) Կին մը ի՞նչ բանէ վազ անցաւ, եւ ի՞նչ կը զգայ իր որոշումին նկատմամբ։

9 Նիւթական շահեր։ Ճշմարտութիւնը սորվելու համար թերեւս պէտք ըլլայ, որ շահաբեր գործէ մը կամ ասպարէզէ մը վազ անցնինք։ Օրինակ, Պետրոսը եւ Անդրէասը ձկնորս էին, բայց երբ Յիսուս զիրենք հրաւիրեց որ իր աշակերտները ըլլան, իրենց ձկնորսութեան գործը ձգեցին (Մատ. 4։18-20)։ Ասիկա չի նշանակեր որ երբ ճշմարտութիւնը ճանչնաս, պէտք է գործդ ձգես–երթաս։ Մէկը պէտք է աշխատի եւ իր ընտանիքին հոգ տանի (Ա. Տիմ. 5։8)։ Բայց շատ անգամ, երբ մէկը ճշմարտութիւնը ճանչնայ, պէտք կ’ըլլայ որ նիւթական բաներու նկատմամբ իր կեցուածքը փոխէ, եւ ըմբռնէ թէ կեանքին մէջ իրապէս ի՛նչը կարեւոր է։ Յիսուս ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք. . . հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը» (Մատ. 6։19, 20)։ Մարիա անունով կին մը ասիկա ըրաւ։

10 Մարիան պզտիկութենէն կը սիրէր կոլֆ խաղալ։ Բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ան երթալէն աւելի զարգացուց իր ձիրքը եւ սկսաւ այնքա՛ն լաւ խաղալ, որ իրեն առիթ տրուեցաւ համալսարան ձրի երթալու։ Մարիային կեանքին նպատակն էր՝ վարպետ խաղցող մը ըլլալ եւ լեցուն դրամ շահիլ։ Ետքը, ան սկսաւ Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրել։ Ան իր սորվածները սիրեց եւ սկսաւ զանոնք գործադրել իր կեանքին մէջ։ Ան ըսաւ. «Որքա՛ն Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հիման վրայ նայէի հարցերուն եւ ապրէի կեանքս, այնքան աւելի ուրախ կ’ըլլայի»։ Մարիան անդրադարձաւ որ իրեն համար դժուար պիտի ըլլար կեդրոնանալ թէ՛ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ եւ թէ նիւթական շահերու վրայ (Մատ. 6։24)։ Ան որոշեց վազ անցնիլ վարպետ խաղցող մը ըլլալու իր նպատակէն եւ հարստութենէն ու համբաւէն, որպէսզի ճշմարտութիւնը ծախու առնէր։ Մարիան այժմ ռահվիրայութիւն կ’ընէ եւ կ’ըսէ որ «ամէնէն ուրախ եւ իմաստալից կեանքը ունի»։

11. Երբ ճշմարտութիւնը ընդունինք, թերեւս ի՞նչ պատահի մեր ունեցած կարգ մը փոխյարաբերութիւններուն։

11 Ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններ։ Երբ սկսինք Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածները գործադրել, մեր բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները կրնան փոխուիլ։ Ասոր պատճառը յայտնի կ’ըլլայ Յիսուսին աղօթքին մէջ. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ «Սրբէ՛ զանոնք» կրնայ նաեւ նշանակել՝ «զատէ զանոնք»։ Երբ ճշմարտութիւնը ընդունինք, աշխարհէն կը զատուինք, քանի որ մեր չափանիշները կը փոխուին։ Կը սկսինք Սուրբ Գիրքին չափանիշներով ապրիլ։ Թէեւ չենք ուզեր բաժանումներ պատճառել, բայց թերեւս կարգ մը բարեկամներ եւ ազգականներ ինքզինքնին հեռացնեն մեզմէ կամ նոյնիսկ հակառակին մեր նոր հաւատքին։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատ. 10։36)։ Բայց Յիսուս նաեւ խոստացաւ, որ ի՛նչ գին ալ վճարենք ճշմարտութեան համար, մեր ստացած շահը շատ աւելի պիտի ըլլայ (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30

12. Հրեայ մարդ մը ի՞նչ գին վճարեց ճշմարտութեան համար։

12 Արոն անունով գործի մարդ մը հրեայ ըլլալով պզտիկութենէն սորված էր, որ Աստուծոյ անունը պէտք չէ գործածուի։ Բայց ան ճշմարտութեան ծարաւ ունէր։ Օր մը, Վկայ մը իրեն ցուցուց որ եթէ ձայնաւորներ աւելցնէ՝ եբրայերէնով Աստուծոյ անուան չորս բաղաձայններուն վրայ, ատիկա կրնայ հնչուիլ որպէս «Եհովա»։ Ան ա՛յնքան ուրախացաւ, որ ժողովարան գնաց ռաբբիներուն պատմելու ասոր մասին։ Ան կը կարծէր որ անոնք պիտի ուրախանային Աստուծոյ անուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալով։ Բայց անոնք թքնեցին վրան եւ զինք վտարեցին։ Արոնին ընտանիքն ալ իրեն դէմ ելաւ, բայց ան չձգեց որ ասիկա արգելք ըլլայ որ Եհովային մասին աւելին գիտնայ։ Ան Եհովայի վկայ եղաւ եւ Եհովային համարձակօրէն ծառայեց մինչեւ կեանքին վերջը։ Մենք ալ կրնանք ակնկալել, որ ուրիշներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները փոխուին, երբ ճշմարտութիւնը ճանչնանք։

13, 14. Երբ ճշմարտութիւնը ճանչնանք, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք մեր մտածելակերպին եւ վարքին մէջ. օրինակ մը տուր։

13 Անմաքուր մտածումներ եւ վարք։ Երբ ճշմարտութիւնը ընդունինք եւ սկսինք Սուրբ Գիրքին բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր մտածելակերպը եւ վարքը փոխելու։ Պետրոս գրեց. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա. . . սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. Պետ. 1։14, 15)։ Անցեալին, անբարոյ Կորնթոս քաղաքին մարդոց համար ճշմարտութինը ծախու առնել կը նշանակէր՝ իրենց ապրելակերպին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ներկայիս ալ շատեր այդպիսի փոփոխութիւններ կ’ընեն, որպէսզի ճշմարտութիւնը ծախու առնեն։ Պետրոս այս բանը նկարագրեց, երբ գրեց. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք» (Ա. Պետ. 4։3

14 Տեվին եւ Ճէզմին տարիներէ ի վեր գինեմոլ էին։ Թէեւ Տեվին վարպետ հաշուապահ էր, բայց ո՛չ մէկ գործ կրնար պահել իր մոլութեան պատճառով։ Իսկ Ճէզմին ճանչցուած էր իր վայրագութեամբ եւ ջղայնութեամբ։ Օր մը, երբ Ճէզմին գինով–գինով կը քալէր ճամբան, երկու միսիոնար Վկաներու հանդիպեցաւ։ Միսիոնար զոյգը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեց անոր։ Բայց երբ յաջորդ շաբաթ անոնց այցելեցին, թէ՛ Ճէզմինը եւ թէ Տեվինը գինով էին։ Անոնք չէին ակնկալեր որ միսիոնարները ժամադրութիւնը լուրջի պիտի առնէին ու իրենց տունը գային։ Յաջորդ անգամին, վիճակը տարբեր էր։ Երկուքն ալ սրտանց ուզեցին Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սորվիլ եւ շուտով սկսան իրենց սորվածները գործադրել։ Երեք ամսուան մէջ, որոշեցին խմիչքը կեցնել եւ յետագային օրինապէս ամուսնացան։ Իրենց ըրած փոփոխութիւնները իրենց գիւղին մէջ շատերու աչքին զարկին, եւ անոնք ալ սկսան Սուրբ Գիրքը սերտել։

15. Ի՞նչ է ամէնէն դժուար փոփոխութիւններէն մէկը, որ պէտք է ընենք ճշմարտութեան համար, եւ ինչո՞ւ։

15 Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, որոնք Աստուած չեն հաճեցներ։ Ամէնէն դժուար փոփոխութիւններէն մէկը, որ պէտք է ընենք այն է, թէ պէտք է վազ անցնինք այն սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն, որոնք Եհովան չեն հաճեցներ։ Ոմանց համար տակաւին դժուար կ’ըլլայ ատոնցմէ վազ անցնիլը, նոյնիսկ գիտնալէ ետք թէ ատոնց նկատմամբ Եհովային տեսակէտը ի՛նչ է։ Անոնք հոգ կ’ընեն որ իրենց ընտանիքը, գործակիցները կամ բարեկամները ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն։ Վիճակը կրնայ աւելի լարուած ըլլալ մանաւանդ երբ սովորութիւնը կապ ունի՝ մեռած ազգականները պատուելու արարողութիւններուն հետ (Բ. Օր. 14։1)։ Ուրիշներուն քաջ կեցուածքը մեզի կրնայ օգնել, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։ Նկատի առ թէ առաջին դարուն, Եփեսոսի կարգ մը բնակիչները ի՛նչ համարձակ բան մը ըրին։

16. Եփեսոսի մէջ ոմանք ի՞նչ զոհողութիւն ըրին։

16 Եփեսոսի մէջ կախարդութիւնը սովորական էր։ Կախարդութեամբ զբաղողները ի՞նչ ըրին երբ քրիստոնեայ դարձան։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։ Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար» (Գործք 19։19, 20)։ Այս զոհողութիւնը սուղի նայեցաւ այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն, բայց Եհովան օրհնեց զանոնք։

17. ա) Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնցմէ թերեւս վազ անցած ենք ճշմարտութեան համար։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

17 Ճշմարտութեան համար ի՞նչ գին վճարած ես։ Բոլորս ժամանակ կը տրամադրենք, որ ճշմարտութեան ծաղիկները քաղենք։ Ասկէ զատ, ոմանք հարստանալէ վազ կ’անցնին։ Ոմանց փոխյարաբերութիւնները կը փոխուին։ Շատեր պէտք է իրենց մտածելակերպին եւ վարքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Իսկ ուրիշներ պէտք է վազ անցնին սովորութիւններէ եւ աւանդութիւններէ, որոնք Եհովան չեն հաճեցներ։ Ի՛նչ գին ալ վճարենք, համոզուած ենք որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը ատկէ շատ աւելի արժէքաւոր է։ Ճշմարտութիւնը կարելի կը դարձնէ, որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք, ինչ որ ամէնէն արժէքաւոր բանն է մեր կեանքին մէջ։ Երբ մտածենք բոլոր այն օրհնութիւններուն մասին, որ ճշմարտութիւնը կը բերէ, դժուար է որ երեւակայենք թէ մէկը ճշմարտութիւնը «կը ծախէ»։ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ճշմարտութիւնը ծախել, իսկ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք որ այդ մեծ սխալը չգործենք։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 8 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։