Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ մտածումիդ կ’ազդէ

Ո՞վ մտածումիդ կ’ազդէ

«Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը» (ՀՌՈՎ. 12։2

ԵՐԳԵՐ. 69, 57

1, 2. ա) Յիսուս ի՞նչ պատասխանեց, երբ Պետրոս ըսաւ որ ինքզինք չարչարանքներէն խնայէ (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Յիսուս ինչո՞ւ այդպէս պատասխանեց։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ աշակերտները իրենց ականջներուն չհաւատացին։ Յիսուս ըսաւ որ մօտ ատենէն պիտի տառապէր ու մեռնէր, մինչ իրենք կը կարծէին թէ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պիտի վերահաստատէր։ Պետրոս առաքեալը առաջինն էր որ խօսեցաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատ. 16։21-23. Գործք 1։6

2 Այդպէս ըսելով, Յիսուս յստակ դարձուց որ Եհովայի մտածումը տարբեր է այս աշխարհի մտածումէն, որ Սատանայի իշխանութեան տակ է (Ա. Յովհ. 5։19)։ Պետրոս զինք քաջալերեց որ ունենայ այն անձնասէր կեցուածքը, որ աշխարհին մէջ շատեր ունին, բայց ինք գիտէր որ իր Հօր մտածումը տարբեր էր։ Եհովան կ’ուզէր որ ինք պատրաստուէր այն տառապանքին եւ մահուան, որոնք իր առջեւն էին։ Յիսուսի պատասխանը յստակօրէն ցուցուց, որ աշխարհի մտածումը մերժեց եւ Եհովայի մտածումը ընդունեց։

3. Ինչո՞ւ դժուար է Եհովային մտածումը ընդունիլը։

3 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Եհովայի՞ն պէս կը մտածենք, թէ ոչ այս աշխարհի մարդոց պէս։ Որպէս քրիստոնեաներ, կը ջանանք Եհովայի հաճած բաները ընել։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մտածումին մասին։ Կը ջանա՞նք Եհովային պէս մտածել, այսինքն՝ իր աչքով նայիլ հարցերուն։ Ասիկա ընելու համար շատ ջանք պէտք է թափենք։ Անդին, ջանք չ’ուզեր աշխարհի մարդոց պէս մտածելը, քանի որ աշխարհի հոգին մեր չորս կողմն է (Եփ. 2։2)։ Ասկէ զատ, աշխարհի մտածումը կրնայ գրաւիչ ըլլալ, քանի որ շատ անգամ մեր հաշւոյն կու գայ։ Ինչպէս կը տեսնենք, դժուար է Եհովային պէս մտածելը, բայց շատ դիւրին է աշխարհին պէս մտածելը։

4. ա) Ի՞նչ կը պատահի եթէ ձգենք որ աշխարհը մեր մտածումին ազդէ։ բ) Այս յօդուածը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի։

4 Եթէ ձգենք որ աշխարհը մեր մտածումին ազդէ, շատ հաւանաբար անձնասէր դառնանք եւ ուզենք անձամբ որոշել, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ (Մար. 7։21, 22)։ Ասոր համար, կարեւոր է որ Աստուծոյ մտածումը ունենանք, եւ ոչ թէ մարդոց մտածումը։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։ Նկատի պիտի առնենք որ Եհովային աչքով հարցերուն նայիլը կաշկանդիչ չէ, հապա օգտակար է։ Նաեւ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք այս աշխարհի մտածումէն չազդուիլ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք որոշ հարցերու մէջ Եհովայի տեսակէտը գիտնալ եւ իրեն պէս մտածել։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՄՏԱԾՈՒՄԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է

5. Ոմանք ինչո՞ւ չեն սիրեր որ մէկը իրենց ազդէ։

5 Ոմանք չեն ուզեր որ ոեւէ մէկը իրենց մտածումին ազդէ։ Անոնք կ’ըսեն. «Խելքս գլուխս է»։ Հաւանաբար ըսել կ’ուզեն, որ իրենք անձամբ իրենց որոշումները կ’առնեն եւ թէ ասոր իրաւունքը ունին։ Անոնք չեն ուզեր որ մէկը զիրենք ղեկավարէ կամ ճնշէ որ ուրիշներու պէս ըլլան *։

6. ա) Եհովան մեզի ի՞նչ ազատութիւն կու տայ։ բ) Այս ազատութիւնը անսահմա՞ն է։

6 Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովայի մտածումը ունենալ չի նշանակեր թէ անձնական կարծիք չենք կրնար ունենալ։ Բ. Կորնթացիս 3։17–ն կ’ըսէ. «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ Եհովան մեզի ազատութիւն կու տայ, որ մեր յատուկ անձնաւորութիւնը ունենանք։ Կրնանք մեր նախընտրութիւնները եւ հետաքրքրութիւնները ունենալ։ Եհովան այսպէ՛ս ստեղծած է մեզ։ Բայց չենք կրնար անսահման ազատութիւն ունենալ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։16)։ Երբ ճիշդի եւ սխալի հարց ըլլայ, Եհովան կ’ուզէ որ իր Խօսքը գործածենք, որպէսզի իր մտածումը մեզ առաջնորդէ։ Ասիկա կաշկանդի՞չ է, թէ ոչ օգտակար է։

7, 8. Եհովային աչքով հարցերուն նայիլը կաշկանդի՞չ է. օրինակ մը տուր։

7 Օրինակով մը յստակացնենք։ Ծնողները կը ջանան իրենց զաւակներուն արժանիքներ սորվեցնել։ Կը սորվեցնեն պարկեշտ, աշխատասէր եւ փափկանկատ ըլլալ։ Ասիկա կաշկանդիչ չէ։ Ընդհակառակը, այսպիսով ծնողները իրենց զաւակները կը պատրաստեն, որ յաջող կեանք մը ունենան որպէս անկախ չափահասներ։ Երբ զաւակները մեծնան եւ սկսին առանձին ապրիլ, ազատ պիտի ըլլան անձամբ ընտրութիւններ ընելու։ Եթէ ընտրեն իրենց ծնողքին սորվեցուցած արժանիքներուն համաձայն ապրիլ, շատ հաւանաբար առնեն այնպիսի որոշումներ, որոնց համար յետագային պիտի չզղջան։ Այսպիսով, շատ մը խնդիրներէ եւ մտահոգութիւններէ հեռու պիտի մնան։

8 Եհովան լաւ ծնողի մը նման կ’ուզէ, որ իր զաւակները գոհացուցիչ կեանք մը ունենան (Եսա. 48։17, 18)։ Ասոր համար, մեզի կը սորվեցնէ հիմնական սկզբունքներ, բարոյական վարքի եւ մարդոց հետ ինչպէ՛ս վարուելու նկատմամբ։ Ան մեզ կը պատուիրէ, որ իր մտածելակերպը ունենանք եւ իր արժանիքներուն համաձայն ապրինք։ Ասիկա կաշկանդիչ չէ, հապա՝ մեզ աւելի իմաստուն կ’ընէ եւ կ’օգնէ որ աւելի լաւ որոշումներ առնենք (Սաղ. 92։5. Առ. 2։1-5. Եսա. 55։9)։ Այսպէս, տակաւին պիտի ունենանք մեր նախընտրութիւնները, բայց պիտի առնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք մեզի ուրախութիւն պիտի տան (Սաղ. 1։2, 3)։ Եհովային մտածումը ունենալով շա՜տ կ’օգտուինք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՄՏԱԾՈՒՄԸ ԳԵՐԱԴԱՍ Է

9, 10. Ի՞նչը կը փաստէ թէ Եհովայի մտածումը աւելի գերադաս է քան՝ աշխարհի մտածումը։

9 Ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ կ’ուզենք որ մեր մտածումը Եհովայի մտածումին պէս ըլլայ, այն է թէ իր մտածումը շատ աւելի գերադաս է քան՝ աշխարհի մտածումը։ Աշխարհը խրատներ կու տայ բարոյական վարքի, ինչպէ՛ս ուրախ ընտանիք մը ունենալու, ինչպէ՛ս յաջող գործ ունենալու, եւ այլ հարցերու նկատմամբ։ Բայց այդ խրատներուն մեծամասնութիւնը Եհովայի մտածումին համապատասխան չէ։ Օրինակ, շատ անգամ աշխարհը կը քաջալերէ, որ մարդիկ միայն իրենց շահերուն ետեւէն երթան, եւ սեռային անբարոյութիւնը ընդունելի նկատեն։ Նաեւ ատեններ կ’ենթադրէ որ ամուսնացած զոյգերը աւելի ուրախ կ’ըլլան, եթէ բաժնուին կամ ամուսնալուծուին չնչին պատճառներու համար։ Այդ խրատները Սուրբ Գիրքին հակառակ են։ Բայց արդեօք աշխարհի խրատներէն ոմանք մեր ժամանակներուն աւելի՞ գործնական են քան՝ Սուրբ Գիրքի խրատները։

10 Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» (Մատ. 11։19, ՆԱ)։ Թէեւ աշխարհը բաւական յառաջացած է արուեստագիտութեան մէջ, բայց չէ կրցած լուծել այն մեծ խնդիրները, որոնք մեր երջանկութեան արգելք կ’ըլլան, ինչպէս՝ պատերազմը, ցեղապաշտութիւնը եւ ոճիրը։ Ասկէ զատ, աշխարհը սեռային անբարոյութիւնը ընդունելի կը նկատէ։ Բայց շատեր կը համաձայնին, որ ատիկա ընտանիքներ կը քանդէ, հիւանդութիւններ կը պատճառէ եւ ուրիշ հետեւանքներ ունի։ Անդին, այն քրիստոնեաները որոնք Եհովայի մտածումը ընդունած են, աւելի ուրախ ընտանիքներ ունին, աւելի առողջ են եւ աշխարհի չորս կողմը իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւններ ունին (Եսա. 2։4. Գործք 10։34, 35. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ասիկա չի՞ ցուցներ որ Եհովայի մտածումը աւելի գերադաս է քան՝ աշխարհի մտածումը։

11. Ո՞վ ազդեց Մովսէսի մտածումին, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

11 Անցեալին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները գիտէին, որ իր մտածումը գերադաս է։ Օրինակ, թէեւ Մովսէս «եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը» դաստիարակուեցաւ, բայց գիտէր որ իսկական իմաստութիւնը Եհովայէն կու գայ (Գործք 7։22. Սաղ. 90։12)։ Ասոր համար, ան Եհովայէն խնդրեց. ‘Ինծի ցուցուր քու ճամբադ’ (Ել. 33։13)։ Որովհետեւ ան ձգեց որ Եհովայի մտածումը իրեն ազդէ, Եհովան զինք հիանալի կերպով գործածեց, որ Իր նպատակը իրագործէ, եւ զինք պատուեց՝ նշելով որ հոյակապ հաւատք ունէր (Եբ. 11։24-27

12. Պօղոս ինչի՞ն հիման վրայ որոշում կ’առնէր։

12 Պօղոս առաքեալ խելացի եւ ուսեալ անձ մըն էր, եւ առնուազն երկու լեզու գիտէր՝ եբրայերէն եւ յունարէն (Գործք 5։34. 21։37, 39. 22։2, 3)։ Բայց աշխարհային իմաստութիւնը մերժեց եւ Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ որոշումներ առաւ (կարդա՛ Գործք 17։2. Ա. Կորնթացիս 2։6, 7, 13)։ Այս պատճառով, Պօղոս շատ յաջող ծառայութիւն մը ունեցաւ, եւ կը սպասէր վարձատրութեան մը, որ յաւիտեան պիտի տեւէր (Բ. Տիմ. 4։8

13. Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։

13 Եհովայի մտածումը անկասկած աշխարհի մտածումէն գերադաս է։ Եթէ Իր չափանիշներուն հետեւինք, իսկապէս ուրախ եւ յաջող պիտի ըլլանք։ Բայց Եհովան մեզ չի ստիպեր որ իրեն պէս մտածենք, ոչ ալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կամ երէցները կը ստիպեն որ այդպէս ընենք (Մատ. 24։45. Բ. Կոր. 1։23)։ Իւրաքանչիւրս պատասխանատուութիւն ունինք, որ մեր մտածումը յարմարցնենք Եհովայի մտածումին։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ՔԵԶԻ ԱԶԴԷ

14, 15. ա) Ինչի՞ վրայ պէտք է խոկանք, որպէսզի Եհովային պէս մտածենք։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգենք որ աշխարհային գաղափարները մեր միտքը մտնեն. օրինակով մը յստակացուր։

14 Հռովմայեցիս 12։2–ը կ’ըսէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ Այս համարը մեզի կը սորվեցնէ, որ առանց նկատի առնելու թէ ճշմարտութիւնը գիտնալէն առաջ ի՛նչը կ’ազդէր մեր մտածումին, մենք կրնա՛նք մեր մտածումները ճշդել եւ սկսիլ Եհովային պէս մտածել։ Ճիշդ է որ մեր մտածումը որոշ չափով ազդուած է ժառանգական ազդակներէն եւ մեր կեանքի փորձառութիւններէն, բայց մեր միտքը ճկուն է եւ կրնայ շարունակել փոխուիլ, նայած թէ ի՛նչ բանի մասին կը մտածենք։ Եթէ Եհովայի մտածումին վրայ խոկանք, պիտի կարենանք ըմբռնել, որ իր տեսակէտները միշտ ճիշդ են։ Այսպիսով, պիտի ուզե՛նք իր աչքով նայիլ հարցերուն։

15 Բայց որպէսզի մեր միտքը նորոգենք եւ Եհովային պէս մտածենք, պէտք է այլեւս ‘չկերպարանինք այս աշխարհին կերպարանքովը’։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է այլեւս չդիտենք, չկարդանք եւ մտիկ չընենք որեւէ բան, որ Եհովայի մտածումին հակառակ է։ Ասոր կարեւորութիւնը տեսնելու համար, նկատի առ ուտելիքին օրինակը։ Մէկը որ կ’ուզէ աւելի առողջ ըլլալ, թերեւս որոշէ աւելի լաւ ուտելիքներ ուտել։ Բայց ասիկա ի՞նչ օգուտ ունի, եթէ միեւնոյն ատեն հոտած ուտելիքներ ալ ուտէ։ Նմանապէս, Եհովայի մտածումը սորվելու մեր ջանքերը պարապի կ’երթան, եթէ մեր միտքը կ’ապականենք աշխարհային գաղափարներով։

16. Մենք մեզ ի՞նչ բանէ պէտք է պաշտպանենք։

16 Կրնա՞նք լման հեռու մնալ աշխարհի մտածումէն։ Ո՛չ։ Որոշ չափով պիտի ենթարկուինք կարգ մը աշխարհային գաղափարներու, քանի որ չենք կրնար բառացիօրէն աշխարհէն ելլել (Ա. Կոր. 5։9, 10)։ Նոյնիսկ քարոզելու ատեն, սխալ գաղափարներ եւ հաւատալիքներ պիտի լսենք։ Ճիշդ է որ չենք կրնար սխալ գաղափարներէ լման հեռու մնալ, բայց պէտք չունինք ատոնց մասին մտածելու կամ զանոնք ընդունելու։ Պէտք է Յիսուսին պէս անմիջապէս մերժենք այն կարծիքները, որոնք Սատանային նպատակին կը ծառայեն։ Նաեւ կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, անտեղիօրէն չենթարկուելով աշխարհի մտածումին (կարդա՛ Առակաց 4։23

17. Ինչպէ՞ս կրնանք անտեղիօրէն չենթարկուիլ աշխարհի մտածումին։

17 Օրինակ, երբ մտերիմ բարեկամներ կը զատենք, պէտք է ուշադիր ըլլանք։ Սուրբ Գիրքը զգուշացում կու տայ, որ եթէ մտերմանանք անհատներու հետ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր, անոնց մտածելակերպը պիտի որդեգրենք (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։12, 32, 33)։ Նաեւ պէտք է ուշադրութեամբ զատենք մեր ժամանցը։ Երբ մերժենք այն ժամանցները, որոնք կը քաջալերեն բարեշրջութեան տեսութիւնը, բռնութիւնը կամ անբարոյութիւնը, մեր միտքը չի թունաւորուիր այն գաղափարներով, որոնք «Աստուծոյ գիտութեանը դէմ» են (Բ. Կոր. 10։5

Մեր զաւակներուն կ’օգնե՞նք որ վնասակար ժամանցները մերժեն (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

18, 19. ա) Ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք աշխարհային այն գաղափարներէն, որոնց անուղղակիօրէն կ’ենթարկուինք։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՞ւ։

18 Նաեւ պէտք է նկատենք եւ մերժենք աշխարհային այն գաղափարները, որոնց անուղղակիօրէն կ’ենթարկուինք։ Օրինակ, հեռատեսիլէն լուր մը կրնայ այնպէս մը ներկայացուիլ, որ քաղաքական որոշ գաղափարի մը թիկունք կը կանգնի։ Իսկ հաղորդուած կարգ մը պատմութիւններ կը քաջալերեն այնպիսի նպատակներ եւ իրագործումներ, որ աշխարհը կը սիրէ։ Կարգ մը ֆիլմեր եւ գիրքեր յառաջ կը մղեն այն գաղափարները, թէ մէկու մը անձը կամ ընտանիքը ամէն բանէ աւելի կարեւոր է, եւ այնպէս մը կը ձեւացնեն որ ատոնք տրամաբանական, գրաւիչ եւ ճիշդ են։ Բայց այդպիսի գաղափարներ կ’անտեսեն Սուրբ Գիրքը, որ կ’ըսէ թէ մենք եւ մեր ընտանիքը իրապէս ուրախ կ’ըլլանք, միայն եթէ Եհովան ամէն բանէ աւելի սիրենք (Մատ. 22։36-39)։ Նաեւ պզտիկներու կարգ մը պատմութիւններ կրնան տակէ–տակ պզտիկները մղել, որ անբարոյ վարքը ընդունին։

19 Ասիկա ըսել չէ որ շինիչ ժամանց ունենալը սխալ է։ Բայց պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Աշխարհային գաղափարները կը զատորոշե՞մ, նոյնիսկ եթէ ինծի անուղղակիօրէն հրամցուին։ Պզտիկներս եւ իմ անձս կը պաշտպանե՞մ որոշ կարդացուելիք նիւթերէ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներէ։ Պզտիկներուս կ’օգնե՞մ որ Եհովային տեսակէտը գիտնան, որպէսզի չազդուին իրենց տեսած կամ լսած աշխարհային գաղափարներէն’։ Եթէ Աստուծոյ մտածումին եւ աշխարհի մտածումին միջեւ եղած տարբերութիւնը ըմբռնենք, «այս աշխարհին կերպարանքովը» պիտի չկերպարանինք։

Ո՞Վ Կ’ԱԶԴԷ ՔԵԶԻ ՀԻՄԱ

20. Ո՞ր աղբիւրը կ’ազդէ մեզի։

20 Պէտք է յիշենք որ տեղեկութիւններ առնելու երկու գլխաւոր աղբիւրներ կան՝ մէկը Եհովան է, իսկ միւսը՝ Սատանան եւ իր աշխարհը։ Ո՞վ քեզի կ’ազդէ։ Ա՛ն, որմէ տեղեկութիւններ կը ստանաս։ Եթէ աշխարհային գաղափարներ ընդունինք, աշխարհը մեր մտածումին պիտի ազդէ եւ պիտի սկսինք անձնասիրաբար մտածել եւ գործել։ Ասոր համար շատ կարեւոր է, որ ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ բաներ կը դիտենք, կը կարդանք, մտիկ կ’ընենք եւ կը մտածենք։

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Այս յօդուածին մէջ տեսանք, որ Եհովայի մտածումը ունենալու համար պէտք է գէշ ազդեցութիւններէն հեռու մնանք։ Նաեւ պէտք է Աստուծոյ մտածումներուն վրայ խոկանք, այն նպատակով որ զանոնք մերը ընենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։

^ պարբ. 5 Իրողութիւնը այն է, թէ նոյնիսկ ամէնէն անկախ անձերը որոշ չափով ուրիշներէն կ’ազդուին, թէ՛ մեծ եւ թէ պզտիկ բաներու մէջ։ Օրինակ՝ երբ կեանքին ծագումին մասին կը մտածեն կամ երբ կ’որոշեն թէ ի՛նչ պիտի հագնին։ Բայց կրնանք զատել թէ ո՛վ կ’ուզենք որ մեզի ազդէ։