Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

Սկսածդ ամբողջացուր

Սկսածդ ամբողջացուր

«Լաւ կ’ըլլայ որ ձեր սկսածը ամբողջացնէք» (Բ. ԿՈՐ. 8։11, ՆԹ

ԵՐԳ 70 Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան թոյլ կու տայ որ ի՞նչ ընենք։

ԵՀՈՎԱՆ մեզի թոյլ կու տայ, որ մեր կեանքի ընթացքը որոշենք։ Ան մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս լաւ որոշումներ առնել, եւ երբ զինք հաճեցնող որոշումներ կ’առնենք, մեզի կ’օգնէ յաջողելու (Սաղ. 119։173)։ Աստուածաշունչին իմաստուն խրատները ո՛րքան աւելի գործադրենք, ա՛յնքան աւելի լաւ որոշումներ կ’առնենք (Եբ. 5։14

2. Որոշում մը առնելէ ետք, թերեւս ի՞նչ դժուարութիւն ունենանք։

2 Սակայն, նոյնիսկ երբ լաւ որոշում առնենք, թերեւս դժուարութիւն ունենանք մեր սկսածը ամբողջացնելու։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ. երիտասարդ եղբայր մը կ’որոշէ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալ։ Քանի մը շաբաթ կը կարդայ, բայց ետքը որոշ պատճառով մը կը դադրի։ Քոյր մը կ’որոշէ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, բայց ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականը կրկին անգամ կը յետաձգէ։ Երէցներու մարմին մը միաձայն որոշում կ’առնէ աւելի հովուական այցելութիւններ ընել, բայց ամիսներ կ’անցնին առանց բան մը ընելու։ Այս տարբեր պարագաներուն մէջ կը տեսնենք նոյնանման կէտ մը. անհատները որոշումներ առին, բայց չգործադրեցին։ Նման դժուարութիւն ունեցան Կորնթոսի քրիստոնեաները։ Քննարկենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կը սորվինք։

3. Կորնթացիները ի՞նչ որոշում առին, բայց ի՞նչ պատահեցաւ։

3 Շուրջ Ք.Ե. 55–ին, կորնթացիները կարեւոր որոշում մը առին։ Անոնք տեղեկացան, թէ Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի մէջ գտնուող եղբայրները նեղութիւններէ ու աղքատութենէ կը տառապէին եւ թէ ուրիշ ժողովքներ դրամ կը հաւաքէին անոնց օգնելու։ Ազնիւ եւ առատաձեռն ըլլալով, անոնք ուզեցին նուիրատուութիւն ընել եւ Պօղոս առաքեալին հարցուցին, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգնել։ Ան ժողովքին ուղղութիւններ տուաւ եւ Տիտոսը նշանակեց, որ եղած նուիրատուութիւնները հաւաքէ (Ա. Կոր. 16։1. Բ. Կոր. 8։6)։ Սակայն, քանի մը ամիս ետք, Պօղոս իմացաւ, թէ կորնթացիները իրենց որոշումը չէին գործադրած։ Առ ի արդիւնք, իրենց նուէրը հաւանաբար պատրաստ պիտի չըլլար Երուսաղէմ ղրկուելու միւս ժողովքներուն նուիրատուութիւններուն հետ (Բ. Կոր. 9։4, 5

4. Ինչպէս որ Բ. Կորնթացիս 8։7, 10, 11–ին մէջ նշուած է, Պօղոս կորնթացիները քաջալերեց որ ի՞նչ ընեն։

4 Կորնթացիները լաւ որոշում առած էին, եւ Պօղոս զիրենք գովեց իրենց զօրաւոր հաւատքին եւ առատաձեռնութիւն ցոյց տալու անկեղծ փափաքին համար։ Բայց ան նաեւ ստիպուեցաւ զիրենք քաջալերել, որ իրենց սկսածը ամբողջացնեն (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։7, 10, 11)։ Անոնց փորձառութենէն կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներ կրնան դժուարութիւն ունենալ լաւ որոշում մը գործադրելու։

5. Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

5 Կորնթացիներուն պէս, թերեւս դժուար ըլլայ մեր ըսածը ընելը։ Ինչո՞ւ։ Անկատարութեան պատճառով թերեւս պարզապէս կը ձգձգենք։ Կամ, չակնկալուած դէպքեր թերեւս անկարելի դարձնեն, որ մեր որոշածը կատարենք (Ժող. 9։11. Հռով. 7։18)։ Ի՞նչ բաներ կրնանք ընել, լաւ որոշում մը առնելու կամ առնուած որոշում մը ետ աչքէ անցընելու համար։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր սկսածը ամբողջացնելու մէջ աւելի ազդու ըլլալ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԼԱՒ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵԼ

6. Թերեւս ե՞րբ հարկ կ’ըլլայ որոշում մը փոփոխութեան ենթարկել։

6 Կարգ մը կարեւոր որոշումներ բնա՛ւ պիտի չփոխենք։ Օրինակ, Եհովայի ծառայելու մեր որոշումին կը կառչինք եւ վճռած ենք մեր կողակիցին հաւատարիմ մնալ (Մատ. 16։24. 19։6)։ Սակայն ուրիշ որոշումներ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պարագաները կը փոխուին։ Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել, որ լաւագոյն որոշումները առնենք։

7. Աղօթքով ի՞նչ բան պէտք է խնդրենք եւ ինչո՞ւ։

7 Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ։ Եհովան Յակոբոսը ներշնչեց, որ գրէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ» (Յակ. 1։5)։ Բոլորս ալ ‘իմաստութեան պակաս ունինք’ այս կամ այն մարզին մէջ։ Ուստի, Եհովային ապաւինէ թէ՛ որոշում առնելու ատեն եւ թէ որոշումդ ետ աչքէ անցընելու ատեն։ Այդպիսով, Եհովան քեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու։

8. Որոշում մը առնելէ առաջ, ի՞նչ փնտռտուք պէտք է ընենք։

8 Լաւ փնտռտուք ըրէ։ Աստուծոյ Խօսքին դիմէ, Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակութիւնները կարդա՛ եւ խօսէ անհատներու հետ, որոնց կը վստահիս (Առ. 20։18)։ Այս բոլորը կարեւոր է ընել նախքան որոշելդ՝ որ գործդ փոխես, ուրիշ շրջան փոխադրուիս կամ ի՛նչ ուսում առնես, որպէսզի կարենաս ծախսերդ ծածկելով ծառայութիւնդ շարունակել։

9. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք, եթէ մեր անձին հետ անկեղծ ըլլանք։

9 Շարժառիթներդ վերլուծէ։ Մեր «շարժառիթները» կարեւոր են Եհովային համար (Առ. 16։2, ՆԱ)։ Ան կ’ուզէ, որ ամէն բանի մէջ անկեղծ ըլլանք։ Ուստի երբ որոշումներ կ’առնենք, կ’ուզենք մեր շարժառիթներուն նկատմամբ անկեղծ ըլլալ մեր անձին ե՛ւ ուրիշներուն հետ։ Եթէ լիովին անկեղծ չըլլանք, հաւանական է որ դժուարութիւն ունենանք մեր որոշումին կառչելու։ Օրինակ, երիտասարդ եղբայր մը կ’որոշէ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Սակայն ժամանակ մը ետք, պահանջուած ժամերը դժուարութեամբ կ’ապահովէ եւ այլեւս ծառայութենէն հաճոյք չ’առներ։ Թերեւս ան խորհած էր, որ ռահվիրայ ըլլալու իր գլխաւոր շարժառիթն է՝ Եհովան հաճեցնել։ Սակայն, կրնա՞յ ըլլալ որ իր բուն շարժառիթն էր՝ իր ծնողները կամ ուրիշ անձ մը հաճեցնել։

10. Փոփոխութիւն մը ընելու համար, ի՞նչ բանի հարկ կայ։

10 Մտածէ Աստուածաշունչի աշակերտի մը մասին, որ կ’որոշէ ծխելը դադրեցնել։ Առաջին մէկ–երկու շաբաթը չծխելու իր պայքարին մէջ կը յաջողի, բայց ետքը տեղի կու տայ։ Սակայն ի վերջոյ կը յաջողի ծխելը դադրեցնել։ Եհովայի հանդէպ իր սէրը եւ զինք հաճեցնելու իր փափաքը օգնեցին սովորութիւնը յաղթահարելու (Կող. 1։10. 3։23

11. Ինչո՞ւ պէտք է մասնայատուկ նպատակակէտեր ունենաս։

11 Մասնայատուկ նպատակակէտեր ունեցիր։ Եթէ նպատակակէտերդ մասնայատուկ են, աւելի հաւանական է որ սկսածդ ամբողջացնես։ Օրինակ, թերեւս որոշած ես Աստուածաշունչը աւելի յաճախ կարդալ։ Բայց եթէ մասնաւոր յայտագիր մը չդնես, պիտի չկարենաս որոշումդ գործադրել *։ Ուրիշ օրինակ մը. ժողովքի մը երէցները կ’որոշեն աւելի յաճախ հովուական այցելութիւններ ընել, բայց ժամանակը կ’անցնի եւ անոնց որոշումը թուղթի վրայ մելան կը մնայ։ Յաջողելու համար, այսպիսի հարցումներ կրնային հարցնել. «Ցանկ մը պատրաստա՞ծ ենք թէ ո՛ր եղբայրներն ու քոյրերը աւելի պէտք ունին մեր այցելութեան։ Որոշա՞ծ ենք իւրաքանչիւրին ե՛րբ պիտի այցելենք»։

12. Թերեւս հարկ ըլլայ որ ի՞նչ ընենք, եւ ինչո՞ւ։

12 Իրապաշտ եղիր։ Մեզմէ ոեւէ մէկը իր ուզած բոլոր բաները ընելու ժամանակը, միջոցները կամ ուժը չունի։ Անոր համար իրապաշտ եւ տրամաբանական եղիր։ Առած որոշումդ փոփոխութեան ենթարկէ, երբ կ’անդրադառնաս որ չես կրնար զայն իրագործել (Ժող. 3։6)։ Սակայն, սեպէ որ որոշումդ աչքէ անցուցիր, զայն ճշդեցիր եւ կը զգաս որ կրնաս զայն կատարել։ Այժմ նկատի առ հինգ քայլեր, որոնք կրնան քեզի օգնել սկսածդ ամբողջացնելու։

ՔԱՅԼԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ Կ’ՕԳՆԵՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԴ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ

13. Ինչպէ՞ս կրնաս որոշումդ կատարելու համար պէտք եղած ուժը ստանալ։

13 Աղօթքով ոյժ խնդրէ, որպէսզի գործի լծուիս։ Աստուած կրնայ իր սուրբ հոգիով քեզի պէտք եղած ուժը տալ, որպէսզի գործի լծուիս ու որոշումդ կատարես (Փլպ. 2։13)։ Շարունակէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել, նոյնիսկ եթէ թուի թէ աղօթքդ անպատասխան կը մնայ։ Յիսուս ըսաւ. «[Սուրբ հոգին] խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկ. 11։9, 13

14. Առակաց 21։5–ին նշած սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ որոշումդ գործադրես։

14 Ծրագիր մը պատրաստէ (կարդա՛ Առակաց 21։5)։ Որեւէ ձեռնարկ ծրագիր կը պահանջէ։ Նոյնպէս, երբ որոշում մը կ’առնես, նշէ թէ ի՛նչ մասնայատուկ քայլերու պիտի դիմես, զայն ի գործ դնելու համար։ Երբ բարդ նպատակակէտի մը կ’ուզես հասնիլ, զայն վերածէ պարզ գործերու, ինչ որ կ’օգնէ որ ճնշուած ու ծանրաբեռնուած չզգաս։ Եւ իւրաքանչիւր պարզ գործ կատարելով պիտի գնահատես յառաջդիմութիւնդ։ Պօղոս կորնթացիները քաջալերեց, որ դրամ մէկ կողմ դնեն «ամէն մէկշաբթի», փոխանակ մինչեւ իր գալը սպասելու եւ անկէ ետք ջանալու նուիրատուութիւններ հաւաքել (Ա. Կոր. 16։2

15. Ծրագիր մը դնելէ ետք, ի՞նչ կրնաս ընել։

15 Եթէ ծրագիրդ գրի առնես, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զայն կատարես (Ա. Կոր. 14։40)։ Օրինակ, երէցներու մարմինին ուղղութիւն տրուած է՝ նշանակել երէց մը, որպէսզի արձանագրէ երէցներուն առած բոլոր որոշումները, որո՛նք զանոնք պիտի կատարեն եւ ե՛րբ պիտի ամբողջացնեն։ Այս ուղղութեան հետեւող երէցները աւելի հաւանական է որ իրենց որոշումները գործադրեն (Ա. Կոր. 9։26)։ Դուն ալ կրնաս նոյնը ընել ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Օրինակ, կրնաս իւրաքանչիւր օր ընելիքներու ցանկ մը պատրաստել եւ զանոնք կարեւորութեան համեմատ դասաւորել։ Ասիկա կ’օգնէ որ ոչ միայն սկսածդ ամբողջացնես, հապա նաեւ քիչ ժամանակուան մէջ շատ բան ընես։

16. Որոշումդ գործադրելու համար ի՞նչ բան անհրաժեշտ է, եւ Հռովմայեցիս 12։11–ը ասոր ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի։

16 Ջանադիր եղիր։ Ծրագրիդ համաձայն վարուելու եւ սկսածդ ամբողջացնելու համար ջանք պէտք է թափես (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։11)։ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ, որ ‘միտք դնէ’ աւելի լաւ ուսուցիչ դառնալու եւ ‘միշտ ատոր մէջ կենայ’ (կամ յարատեւէ)։ Այս խրատը կրնանք ուրիշ հոգեւոր նպատակակէտերու ալ կիրարկել (Ա. Տիմ. 4։13, 16

17. Եփեսացիս 5։15, 16–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ծրագրածը ընենք։

17 Ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16Որոշէ այն ժամանակը, երբ որոշածդ պիտի ընես, եւ անոր կառչէ։ Մի՛ սպասեր ամէնէն նպաստաւոր ժամանակին. անիկա հաւանաբար պիտի չգայ (Ժող. 11։4)։ Զգոյշ եղիր, որ թոյլ չտաս նուազ կարեւոր բաներուն որ խլեն այն ժամանակն ու ուժը, որոնց պէտք ունիս աւելի կարեւոր բաները ընելու համար (Փլպ. 1։10)։ Եթէ կարելի է, ընտրէ պահ մը, երբ ուրիշներ հաւանաբար քեզ պիտի չխանգարեն։ Ուրիշներուն ըսէ, որ կեդրոնանալու պէտք ունիս։ Հեռաձայնդ մարէ եւ ե–նամակներդ կամ ընկերային ցանցերը ուրիշ ատեն ստուգէ *։

18-19. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ չյանձնուիս երբ արգելքներու հանդիպիս։

18 Արդիւնքին վրայ կեդրոնացիր։ Որոշումիդ արդիւնքը կը նմանի ճամբորդութեան մը նպատակատեղին։ Եթէ իրապէս կ’ուզես որոշեալ վայրը հասնիլ, պիտի շարունակես երթալ, նոյնիսկ եթէ ճամբայ մը փակ է եւ պէտք է ուրիշ ճամբայ բռնես։ Նոյնպէս, եթէ մեր որոշումին արդիւնքին վրայ կեդրոնանանք, դիւրութեամբ պիտի չյանձնուինք, երբ արգելքներու հանդիպինք (Գաղ. 6։9

19 Լաւ որոշումներ առնելը եւ զանոնք գործադրելը դիւրին չեն։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, կրնաս քեզի պէտք եղած իմաստութիւնը եւ ուժը ձեռք ձգել, որպէսզի սկսածդ ամբողջացնես։

ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ

^ պարբ. 5 Կը զղջա՞ս առած կարգ մը որոշումներուդ համար։ Կամ, երբեմն դժուարութիւն կ’ունենա՞ս լաւ որոշումներ առնելու եւ ապա գործադրելու։ Յօդուածը քեզի պիտի օգնէ, որ այդ խնդիրները յաղթահարես եւ սկսածդ ամբողջացնես։

^ պարբ. 11 Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ծրագիրդ ընելու համար, կրնաս գործածել «Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր»ը, որ մատչելի է jw.org® կայքին մէջ։ Տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ։

^ պարբ. 17 Ժամանակը գործածելու նկատմամբ յաւելեալ առաջարկներու համար, տե՛ս «Աւելի ժամանակ ստեղծելու 20 կերպեր» յօդուածը Զարթի՛ր–ի ապրիլ 2010 թիւին մէջ (անգլերէն)։