Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

Սուրբ հոգին մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Սուրբ հոգին մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ

«Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (ՓԼՊ. 4։13

ԵՐԳ 71 Աստուծոյ պարգեւը՝ սուրբ հոգին

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ օրը օրին տոկանք. բացատրէ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ կէտեր պիտի քննենք։

«ԵՐԲ մտածեմ այն փորձութեան մասին, որմէ անցայ, կ’անդրադառնամ որ մինակս պիտի չկարենայի անոր դէմ դնել»։ Երբեք այդպիսի բան մը ըսա՞ծ ես։ Մեզմէ շատեր ըսած են։ Թերեւս այդպէս արտայայտուեցար, երբ տեսար ինչպէ՛ս կրցար լուրջ հիւանդութեան մը կամ սիրելիի մը մահուան դիմանալ։ Զգացիր որ կրցար օրը օրին տոկալ միայն քանի որ Եհովայի սուրբ հոգին քեզի տուաւ «սովորականը գերազանցող ուժը» (ՆԱ) (Բ. Կոր. 4։7-9

2 Մենք նաեւ սուրբ հոգիին կ’ապաւինինք, որպէսզի այս չար աշխարհի ազդեցութեան դէմ դնենք (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ասկէ զատ, պէտք է «չար ոգիներուն» դէմ պայքարինք (Եփ. 6։12)։ Այս բոլոր ճնշումները ի մտի ունենալով, նկատի պիտի առնենք երկու կերպեր, որոնցմով սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ։ Ետքը, պիտի քննարկենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի սուրբ հոգիէն լիովին օգտուինք։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՄԵԶԻ ՈՅԺ ԿՈՒ ՏԱՅ

3. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ որ փորձութիւններու տոկանք։

3 Եհովայի սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ ոյժ տալով, որպէսզի կարենանք մեր պատասխանատուութիւնները կատարել, հակառակ փորձութիւններուն։ Պօղոս առաքեալ զգաց, որ հակառակ իր դիմագրաւած փորձութիւններուն, Եհովայի ծառայութեան մէջ յարատեւելու կարողութիւնը ունէր, քանի որ «Քրիստոսին զօրութեան» կ’ապաւինէր (Բ. Կոր. 12։9)։ Իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, Պօղոս ոչ միայն քարոզչութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ, հապա նաեւ աշխատեցաւ որպէսզի իր ծախսերը գոցէ։ Ան Կորնթոսի մէջ, Ակիւղասի ու Պրիսկիղայի տան մէջ մնաց։ Որովհետեւ Պօղոս անոնց պէս վրանագործ էր, կիսաժամ աշխատեցաւ իրենց հետ (Գործք 18։1-4)։ Սուրբ հոգին Պօղոսին տուաւ զօրութիւնը թէ՛ աշխարհիկ գործ ընելու եւ թէ քարոզելու։

4. Բ. Կորնթացիս 12։7-9–ի համաձայն, Պօղոս ի՞նչ խնդիր ունէր։

4 Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 12։7-9։ Այս հատուածին մէջ, Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ նշեց որ «մարմնի խայթոց» ունէր։ Եթէ մորթիդ տակ փուշ մտնէր, շատ ցաւ պիտի քաշէիր։ Ուրեմն Պօղոս ըսել ուզեց, որ անձնական տանջալից նեղութիւն մը ունէր։ Եւ զայն կոչեց «Սատանայի հրեշտակ մը», որ շարունակ զինք ‘կը նեղէր’։ Թերեւս Սատանան կամ իր դեւերը ուղղակիօրէն չպատճառեցին Պօղոսի խնդիրը, կարծես փուշ մը անոր մորթին մէջ մտցնելով։ Սակայն երբ այդ չար ոգիները նկատեցին «խայթոցը» կամ փուշը, թերեւս ուզեցին զայն աւելի խորը մտցնել, Պօղոսի ցաւը աւելցնելով։ Պօղոս ի՞նչ ըրաւ։

5. Եհովան Պօղոսի աղօթքներուն ինչպէ՞ս պատասխանեց։

5 Սկիզբը Պօղոս ուզեց «խայթոց»էն ձերբազատուիլ։ Ան խոստովանեցաւ. «Երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը [Եհովային], որ մէկդի ընէ ինձմէ»։ Թէեւ ան աղօթեց, բայց մարմնի խայթոցը մնաց։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովան Պօղոսի աղօթքներուն չպատասխանեց։ Բնաւ երբեք։ Ան պատասխանեց։ Եհովան խնդիրը չվերցուց, բայց Պօղոսին զօրութիւն տուաւ որ տոկայ։ Եհովան ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի» (Բ. Կոր. 12։8, 9)։ Պօղոս Եհովայի օգնութեամբ կրցաւ իր ուրախութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը պահպանել (Փլպ. 4։4-7

6. ա) Եհովան թերեւս ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն պատասխանէ։ բ) Նշուած համարներուն ո՞ր խոստումները քեզ կը զօրացնեն։

6 Պօղոսի պէս, Եհովայէն երբեք խնդրա՞ծ ես, որ քեզ փորձութենէ մը ազատէ։ Եթէ հակառակ աղերսանքներուդ խնդիրը շարունակուեցաւ,– կամ նոյնիսկ աւելի գէշ եղաւ,– մտահոգուեցա՞ր որ թերեւս Եհովան քեզմով ուրախ չէ։ Եթէ այդ է պարագադ, յիշէ՛ Պօղոսի օրինակը։ Ինչպէս որ Եհովան անոր աղօթքներուն պատասխանեց, վստահաբար քու աղօթքներուդ ալ պիտի պատասխանէ։ Ան թերեւս խնդիրը չվերցնէ։ Բայց սուրբ հոգիին միջոցաւ, քեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ որ տոկաս (Սաղ. 61։3, 4)։ Թերեւս «վար ձգուած» ըլլաս, բայց Եհովան քեզ պիտի չլքէ (Բ. Կոր. 4։8, 9. Փլպ. 4։13

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՄԵԶ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՄՂԷ

7-8. ա) Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպով հովի կը նմանի։ բ) Պետրոս ինչպէ՞ս նկարագրեց սուրբ հոգիին գործունէութիւնը։

7 Ի՞նչ է ուրիշ կերպ մը, որով սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ։ Փոթորկոտ ծովու վրայ նպաստաւոր հովի պէս, սուրբ հոգին փոթորկոտ փորձութիւններու մէջ մեզ յառաջ կը մղէ դէպի Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը։

8 Պետրոս առաքեալ ձկնորս ըլլալով շատ բան գիտէր նաւարկելու մասին։ Ատոր համար, ուշագրաւ է որ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը նկարագրեց արտայայտութեամբ մը, որ ակներեւաբար կապ ունի նաւարկումի հետ։ Ան գրեց. «Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ «Շարժուած» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տարուած» (Բ. Պետ. 1։21

9. Պետրոսի գործածած «շարժուած» բառով ի՞նչ մտապատկեր կը գծուի։

9 Պետրոսի գործածած «շարժուած» բառով ի՞նչ մտապատկեր կը գծուի։ Գործք Առաքելոց գիրքի գրողը՝ Ղուկաս, այդ յունարէն բառին նոյնանման ձեւը գործածեց, նկարագրելու համար նաւ մը, որ հովէն կը ‘քշուի’ (Գործք 27։15, ԱԾ)։ Ըստ ուսումնականի մը, երբ Պետրոս գրեց որ Աստուածաշունչի գրողները հոգիէն ‘շարժուեցան’, ան արտայայտութիւն մը գործածեց, որ մարդոց միտքը պիտի բերէր նաւարկումի գաղափարը։ Պետրոս ըսել կ’ուզէր, թէ ճիշդ ինչպէս որ հովը նաւը կը տանի դէպի իր որոշեալ վայրը, Աստուածաշունչի մարգարէներն ու գրողներն ալ սուրբ հոգիով առաջնորդուեցան իրենց նշանակումը կատարելու համար։ Նոյն ուսումնականը ըսաւ. «Մարգարէները կարծես իրենց առագաստները բացած էին»։ Ուրեմն, Եհովան իր դերը կը կատարէր, տալով «հովը» կամ սուրբ հոգին։ Իսկ Աստուածաշունչի գրողները, իրենց կարգին, սուրբ հոգիին ուղղութեան համաձայն կը գործէին։

ՔԱՅԼ 1. Հոգեւոր գործունէութիւններուն կանոնաւորաբար մասնակցէ

ՔԱՅԼ 2. Այդ հոգեւոր գործունէութիւններուն մէջ լաւագոյնդ ըրէ (տե՛ս պարբերութիւն 11) *

10-11. Ի՞նչ երկու քայլեր պէտք է առնենք, վստահ ըլլալու համար որ սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուինք. օրինակով մը բացատրէ։

10 Անշուշտ ներշնչեալ գրութիւններ ընելու շրջանը շատոնց վերջ գտած է։ Սակայն Եհովան տակաւին սուրբ հոգին կը գործածէ, որ իր ծառաները ուղղէ։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ հոգիէն օգտուիլ։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեզի ինկածը շարունակ կ’ընենք։ Ինչպէ՞ս։

11 Մտածէ այս օրինակին մասին։ Հովէն օգտուելու համար, նաւաստին երկու բան պէտք է ընէ։ Առաջին, պէտք է նաւը հովին ուղղութեան համաձայն դնէ, քանի որ յառաջ պիտի չերթայ, եթէ նաւահանգիստը մնայ։ Երկրորդ, ան պէտք է նաւուն առագաստները ամբողջովին բանայ։ Բայց նաւը պիտի յառաջանայ, միայն եթէ առագաստները հովը բռնեն։ Նոյնպէս մենք Եհովայի ծառայութեան մէջ պիտի տոկանք, միայն եթէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանանք։ Անկէ օգտուելու համար, պէտք է երկու քայլեր առնենք։ Առաջին, պէտք է մենք մեզ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ դնենք, մասնակցելով գործունէութիւններու, որոնք մեզ իր ազդեցութեան տակ կը բերեն։ Երկրորդ, պէտք է մեր առագաստները ամբողջովին բանանք, այդ գործունէութիւններուն մէջ մեր լաւագոյնը ընելով (Սաղ. 119։32)։ Երբ այս քայլերը առնենք, սուրբ հոգին մեզ յառաջ պիտի տանի հակառակութեան եւ փորձութեան ալիքներու ընդմէջէն եւ մեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ շարունակենք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել մինչեւ որ նոր աշխարհը հասնինք։

12. Հիմա ի՞նչ պիտի քննարկենք։

12 Մինչեւ հիմա քննարկեցինք երկու կերպեր, որոնցմով սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ։ Անիկա մեզի զօրութիւն կու տայ եւ կ’օգնէ որ փորձութիւններու դիմաց հաւատարիմ մնանք։ Անիկա նաեւ մեզ յառաջ կը մղէ եւ կ’օգնէ որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն վրայ մնանք։ Հիմա պիտի քննարկենք չորս բաներ, որոնք պէտք է ընենք, որպէսզի սուրբ հոգիէն լիովին օգտուինք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԷՆ ԼԻՈՎԻՆ ՕԳՏՈՒԻԼ

13. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ին համաձայն, Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել, բայց ի՞նչ պէտք է ընենք։

13 Առաջին, Աստուծոյ Խօսքը սերտէ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17Աստուած իր սուրբ հոգին գործածեց, որպէսզի իր մտածումները դնէ գրողներուն մտքին մէջ։ Երբ Աստուածաշունչը կարդանք եւ մեր կարդացածին վրայ խոկանք, Աստուծոյ ուղղութիւնները կը մտնեն մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Այդ ներշնչեալ միտքերը մեզ կը մղեն, որ մեր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակենք (Եբ. 4։12)։ Բայց սուրբ հոգիէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է որ ժամանակ տրամադրենք Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտելու եւ մեր կարդացածին վրայ լրջօրէն մտածելու։ Այսպէս, Աստուծոյ Խօսքը պիտի ազդէ մեր ամէն ըսածին ու ըրածին։

14. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ «հովը կը փչէ»։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովներուն ներկայ գտնուիլ՝ մեր «առագաստները բացած»։

14 Երկրորդ, հաւատակիցներուն հետ Աստուած պաշտէ (Սաղ. 22։22)։ Առումով մը, մեր քրիստոնէական ժողովները առիթներ են, ուր «հովը կը փչէ»։ Եհովայի հոգին ժողովներուն ներկայ է (Յայտ. 2։29)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ երբ հաւատակիցներուն հետ պաշտամունքի համար կը հաւաքուինք, աղօթքով սուրբ հոգին կը խնդրենք, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած Թագաւորութեան երգեր կ’երգենք, եւ մտիկ կ’ընենք սուրբ հոգիէն նշանակուած եղբայրներուն ներկայացուցած աստուածաշնչական խրատները։ Եւ այդ նոյն հոգին քոյրերուն կ’օգնէ որ իրենց բաժինները պատրաստեն ու ներկայացնեն։ Սակայն, սուրբ հոգիէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է ժողովի նիւթերը պատրաստենք եւ պատասխաններ տալով ժողովին մասնակցինք։ Այդպիսով, ժողովներու ներկայ կը գտնուինք՝ մեր «առագաստները բացած»։

15. Սուրբ հոգին ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

15 Երրորդ, քարոզչութեան մասնակցէ։ Երբ քարոզելու եւ սորվեցնելու ատեն Աստուածաշունչը կը գործածես, սուրբ հոգիին թոյլ կու տաս, որ ծառայութեան ընթացքին քեզի օգնէ (Հռով. 15։18, 19)։ Բայց Աստուծոյ հոգիէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիս եւ յաճախ Աստուածաշունչը գործածես։ Իսկ ծառայութիւնդ աւելի իմաստալից դարձնելու կերպ մըն է՝ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին ծառայութեան առաջարկները գործածել։

16. Ի՞նչ է սուրբ հոգին ստանալու ամէնէն ուղղակի կերպը։

16 Չորրորդ, Եհովային աղօթէ (Մատ. 7։7-11. Ղուկ. 11։13)։ Սուրբ հոգին ստանալու ամէնէն ուղղակի կերպն է՝ Եհովայէն զայն խնդրել։ Բա՛ն մը չի կրնար արգելք ըլլալ, որ մեր աղօթքները Եհովային հասնին կամ սուրբ հոգին մեզի հասնի. ո՛չ բանտը, ոչ ալ նոյնիսկ Սատանան (Յակ. 1։17)։ Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք, որպէսզի սուրբ հոգիէն լիովին օգտուինք։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք առակ մը, որ նշուած է միայն Ղուկաս Աւետարանին մէջ *։

ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՂՕԹԷ

17. Ղուկաս 11։5-9, 13–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք աղօթքի մասին։

17 Կարդա՛ Ղուկաս 11։5-9, 13։ Յիսուսի առակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սուրբ հոգին խնդրենք։ Առակին մէջ, մարդը իր ուզածը առաւ իր «թախանձանքին համար» *։ Թէեւ գիշերուան ուշ ժամերն էր, ան չքաշուեցաւ իր բարեկամէն օգնութիւն խնդրելու։ Յիսուս այս առակը ինչպէ՞ս աղօթքին հետ կապեց։ Ան ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ Ուրեմն կը սորվինք, թէ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանալու համար, պէտք է զայն յարատեւ խնդրենք։

18. Յիսուսի առակին համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի տայ սուրբ հոգին։

18 Յիսուսի առակը նաեւ մեզի կ’օգնէ տեսնելու, թէ Եհովան ինչո՛ւ մեզի սուրբ հոգին պիտի տայ։ Առակին մէջի մարդը ուզեց լաւ հիւրընկալ մը ըլլալ։ Ան ուզեց ուտելիք հրամցնել իր հիւրին, որ ուշ գիշերով եկած էր, բայց հրամցնելիք ոչինչ ունէր։ Յիսուս ըսաւ որ դրացին օգնեց, քանի որ ան յարատեւօրէն իրմէ հաց խնդրեց։ Յիսուս այս առակով ի՞նչ սորվեցուց։ Եթէ անկատար մարդ մը յօժար էր իր յամառ դրացիին օգնելու, որքա՜ն աւելի մեր երկնաւոր Հայրը պիտի օգնէ անոնց, որոնք յարատեւօրէն իրմէ սուրբ հոգին կը խնդրեն։ Ուստի կրնանք աղօթել, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի ընդառաջէ մեր աղերսանքին որ սուրբ հոգին ստանանք (Սաղ. 10։17. 66։19

19. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ յաղթական դուրս պիտի գանք։

19 Թէեւ Սատանան անընդհատ մեր վրայ կը յարձակի, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ յաղթական դուրս պիտի գանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սուրբ հոգին երկու կերպերով մեզի կ’օգնէ։ Առաջին, մեզի պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ դժուարութիւնները յաղթահարելու։ Երկրորդ, անիկա այն ուժն է, որ «մեր առագաստները կը լեցնէ», օգնելով որ Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջ երթանք, նոր աշխարհի մէջ կեանքը ի մտի ունենալով։ Թող որ վճռենք սուրբ հոգիին օգնութենէն լիովին օգտուիլ։

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

^ պարբ. 5 Յօդուածը կը բացատրէ, թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել որ տոկանք։ Նաեւ նկատի կ’առնէ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի սուրբ հոգիէն լիովին օգտուինք։

^ պարբ. 16 Ղուկաս միւս աւետարանագիրներէն աւելի ցցուն կ’ընէ, թէ աղօթքը Յիսուսի կեանքին կարեւոր մէկ մասն էր (Ղուկ. 3։21. 5։16. 6։12. 9։18, 28, 29. 18։1. 22։41, 43, 44

^ պարբ. 17 «Թախանձանք». հոս գործածուած յունարէն բառը կրնայ բառացիօրէն թարգմանուիլ «համեստութեան պակաս» կամ «անամօթութիւն»։ Բայց հոս անիկա կը նշանակէ յարատեւ համարձակութիւն կամ պնդում։ Առակին մէջի մարդը չ’ամչնար կամ չի քաշուիր իր պէտքը յարատեւօրէն խնդրելու։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. ՔԱՅԼ 1. Եղբայր մը եւ քոյր մը Թագաւորութեան սրահ կը հասնին։ Հաւատակիցներուն հետ ժողվուելով, անոնք կը մասնակցին առիթի մը, ուր Եհովայի հոգին ներկայ է։ ՔԱՅԼ 2. Անոնք նախապատրաստուած են ժողովին մասնակցելու։ Այս երկու քայլերը կը կիրարկուին նաեւ յօդուածին մէջ նշուած միւս երեք գործունէութիւններուն. Աստուծոյ Խօսքը սերտել, քարոզչութեան մասնակցիլ եւ Եհովային աղօթել։