Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Եհովան զիս չմոռցաւ»

«Եհովան զիս չմոռցաւ»

Կ’ԱՊՐԻՄ հարաւամերիկեան Կայանա երկրի Օրիէլլա կոչուող՝ բնիկ հնդիկներու գիւղին մէջ, որուն բնակչութիւնը շուրջ 2000 է։ Գիւղը մեկուսացած է. հոն կրնաս հասնիլ միայն պզտիկ օդանաւով կամ նաւով։

Ծնայ 1983–ին։ Պզտիկութեանս առաջին տարիները բնականօրէն ընթացան, բայց երբ տասը տարեկան էի, սկսայ ամբողջ մարմնիս մէջ սուր ցաւեր ունենալ։ Շուրջ երկու տարի ետք, առտու մը արթնցայ եւ չկրցայ քալել։ Հակառակ որ շատ փորձեցի, ոտքերս անշարժ մնացին։ Այդ օրէն ի վեր, անգամ մըն ալ չքալեցի։ Հիւանդութիւնս նաեւ պատճառ դարձաւ, որ աճումս կենայ։ Այսօր տակաւին մարմինս պզտիկի մարմնին պէս է։

Քանի մը ամիս էր, որ տան մէջ արգելափակուած էի, երբ երկու Եհովայի վկաներ մեզի այցելեցին։ Երբ այցելուներ գային, սովորաբար կը պահուըտէի, բայց այդ օրը թոյլ տուի, որ երկու կիները հետս խօսին։ Երբ Դրախտին նիւթը ըրին, յիշեցի այն ինչ որ լսած էի շուրջ հինգ տարեկանիս։ Այն ատեն, Ճեթրօ անունով միսիոնար մը ամիսը մէկ անգամ Սուրինամէն մեր գիւղը կու գար եւ հօրս հետ Աստուածաշունչը կը սերտէր։ Ան ինծի հետ ազնուութեամբ կը վարուէր, եւ ես զինք շատ կը հաւնէի։ Ատկէ զատ, մեծ ծնողներս զիս իրենց հետ Վկաներուն կարգ մը ժողովներուն կը տանէին, որոնք տեղի կ’ունենային մեր գիւղին մէջ։ Ուստի երբ երկու կիներէն մէկը, որուն անունը Ֆլորանս էր, հարցուց եթէ կ’ուզէի աւելին գիտնալ, պատասխանեցի՝ «այո»։

Ֆլորանս վերադարձաւ իր ամուսինին՝ Ճըսթըսին հետ, եւ երկուքը միասին սկսան ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Երբ նկատեցին, որ կարդալ չէի գիտեր, սորվեցուցին կարդալ։ Ժամանակ մը ետք, սկսայ մինակս կարդալ։ Օր մը, զոյգը ինծի ըսին, որ նշանակուեցան ծառայելու Սուրինամի մէջ։ Ցաւօք սրտի, Օրիէլլայի մէջ չկար մէկը, որ կրնար հետս սերտողութիւնը շարունակել։ Բայց ուրախ եմ, որ Եհովան զիս չմոռցաւ։

Շատ չանցած, Ֆլոյտ անունով ռահվիրայ մը փոխադրուեցաւ Օրիէլլա, եւ խրճիթէ խրճիթ ծառայելու ատեն ինծի հանդիպեցաւ։ Երբ հետս խօսեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու մասին, ժպտեցայ։ Ինծի հարցուց. «Ինչո՞ւ կը ժպտիս»։ Իրեն ըսի, որ արդէն սերտած եմ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը, եւ սկսած էի սերտել Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը *։ Իրեն բացատրեցի թէ ինչո՛ւ սերտողութիւնը կեցաւ։ Ֆլոյտ Գիտութիւն գիրքին մնացեալ մասը հետս սերտեց, բայց ետքը ինքն ալ ուրիշ տեղ ծառայելու նշանակուեցաւ։ Կրկին մնացի առանց Աստուածաշունչի ուսուցիչի։

Սակայն 2004–ին, Կրէնվիլ եւ Ճոշուա անունով երկու մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցան Օրիէլլա։ Անոնք խրճիթէ խրճիթ կը քարոզէին եւ զիս գտան։ Երբ հարցուցին, եթէ կ’ուզեմ սերտել, ժպտեցայ։ Իրենցմէ խնդրեցի, որ Գիտութիւն գիրքը սկիզբէն հետս սերտեն։ Կ’ուզէի տեսնել, եթէ նոյն բաները ինծի պիտի սորվեցնէին։ Կրէնվիլ ինծի ըսաւ, որ գիւղին մէջ ժողովներ կան։ Թէեւ տունէն մօտաւորապէս տասը տարի չէի ելած, բայց ուզեցի ներկայ գտնուիլ։ Ուստի Կրէնվիլ քովս եկաւ, զիս հաշմանդամի կառքին մէջ դրաւ ու քշեց դէպի Թագաւորութեան սրահը։

Ժամանակի ընթացքին, Կրէնվիլ զիս քաջալերեց որ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մասնակցիմ։ Ան ըսաւ. «Անկարող ես, բայց կրնաս խօսի՛լ։ Օր մը հանրային դասախօսութիւն պիտի տաս. խօսքս յիշէ»։ Անոր քաջալերական խօսքերը ինծի վստահութիւն տուին։

Սկսայ Կրէնվիլին հետ քարոզչութեան մասնակցիլ։ Սակայն գիւղի խորտուբորտ ճամբաները յարմար չէին հաշմանդամի կառքը քշելու համար։ Հետեւաբար, Կրէնվիլէն խնդրեցի որ զիս ձեռնակառքի մը մէջ դնէ եւ այդպէս քշէ։ Այդ գաղափարը յաջողեցաւ։ Ապրիլ 2005–ին մկրտուեցայ։ Շուտով, եղբայրները զիս մարզեցին, որ հրատարակութիւններուն եւ Թագաւորութեան սրահի ձայնային սարքերուն հոգ տանիմ։

Ցաւօք սրտի, 2007–ին հայրս մահացաւ նաւի արկածով։ Մեր ընտանիքը ցնցուեցաւ։ Կրէնվիլ մեզի հետ աղօթեց եւ Աստուածաշունչէն մխիթարական միտքեր բաժնեց։ Երկու տարի ետք, ջախջախուեցանք ուրիշ ցաւալի դէպքի մը պատճառով. այս անգամ նաւի արկածով Կրէնվիլը մահացաւ։

Մեր պզտիկ սգացող ժողովքը առանց երէցի մնաց եւ ունէր միայն մէկ օգնական ծառայ։ Կրէնվիլին մահը զիս շատ տրտմեցուց, քանի որ թանկագին բարեկամս էր։ Ան հաւատարմօրէն հոգաց հոգեւոր ու ֆիզիքական պէտքերս։ Իր մահուան յաջորդող ժողովին, նշանակուած էի Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան յօդուածը կարդալու։ Կրցայ կարդալ միայն առաջին երկու պարբերութիւնները, բայց ետքը սկսայ լալ եւ աչքերս ծով դարձան։ Ստիպուեցայ բեմէն իջնել։

Քիչ մը թարմացայ, երբ ուրիշ ժողովքէ եղբայրներ Օրիէլլա եկան, որպէսզի մեզի օգնեն։ Նաեւ, մասնաճիւղը Քօճոն ղրկեց, որ մասնաւոր ռահվիրայ էր։ Շա՜տ ուրախացայ, երբ մայրս եւ պզտիկ եղբայրս սկսան սերտել եւ մկրտուեցան։ Յետագային, մարտ 2015–ին նշանակուեցայ որպէս օգնական ծառայ։ Ժամանակ մը ետք, առաջին հանրային դասախօսութիւնս տուի։ Այդ օրը, ժպիտը երեսիս եւ արցունքը աչքերուս՝ երախտագիտութեամբ միտքս բերի տարիներ առաջ Կրէնվիլի ըսած խօսքերը. «Օր մը հանրային դասախօսութիւն պիտի տաս. խօսքս յիշէ»։

JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրները դիտելով, տեղեակ եղած եմ իմ պարագայիս պէս պարագաներ ունեցող հաւատակիցներուս մասին։ Անոնք հակառակ իրենց անկարողութիւններուն, արդիւնաբեր եւ ուրախ կեանք կը վարեն։ Իսկ գալով ինծի, տակաւին կան բաներ, որ կրնամ ընել։ Դեռ ունեցած ամբողջ ուժս Եհովային տալու փափաքը զիս մղած է, որ կանոնաւոր ռահվիրայ դառնամ։ Եւ շա՜տ անակնկալ լուր մը առի սեպտեմբեր 2019–ին. իմացայ որ նշանակուած եմ ծառայելու որպէս երէց, շուրջ 40 հրատարակիչ ունեցող մեր ժողովքին մէջ։

Շատ շնորհակալ եմ սիրելի եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք ինծի հետ սերտեցին եւ օգնեցին, որ ծառայութիւնս կատարեմ։ Ամէն բանէ առաջ, շատ երախտապարտ եմ, որ Եհովան զիս չմոռցաւ։

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, բայց այժմ սպառած է։