Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել, որ Քրիստոսի պատուէրները պահեն

Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել, որ Քրիստոսի պատուէրները պահեն

‘Գացէ՛ք աշակերտեցէք, սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի’ (ՄԱՏ. 28։19, 20

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մատթէոս 28։18-20–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ պատուէր տուաւ։

ՅԻՍՈՒՍ մեռելներէն յարութիւն առնելէ ետք, երեւցաւ իր աշակերտներուն, որոնք Գալիլիոյ մէջ հաւաքուած էին։ Իրենց ըսելիք կարեւոր բան մը ունէր։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Իր խօսքերը արձանագրուած են Մատթէոս 28։18-20–ի մէջ (կարդա՛

2. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Աշակերտելու Յիսուսի պատուէրը այսօր ալ կը կիրարկուի Աստուծոյ իւրաքանչիւր ծառային։ Ուստի, նկատի առնենք երեք հարցումներ, որոնք կապ ունին Յիսուսի տուած նշանակումին հետ։ Առաջին, Աստուծոյ պատուէրները նոր աշակերտներուն սորվեցնելէ զատ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Երկրորդ, ժողովքին բոլոր հրատարակիչները ինչպէ՞ս կրնան Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Երրորդ, ինչպէ՞ս կրնանք անգործունեայ հաւատակիցներուն օգնել, որ նորէն աշակերտելու գործին մասնակցին։

ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԷՔ ԱՆՈՆՑ ՈՐ ՊԱՀԵՆ

3. Յիսուս իր տուած պատուէրին մէջ ի՞նչ մասնաւոր ուղղութիւններ պարփակեց։

3 Յիսուսի տուած ուղղութիւնները յստակ են։ Պէտք է իր պատուիրած բաները մարդոց սորվեցնենք։ Բայց կարեւոր կէտ մը կայ, որ պէտք չէ անտեսենք։ Յիսուս չըսաւ. ‘Սորվեցուցէք անոնց այն բոլոր բաները, որ ես ձեզի պատուիրեցի’, հապա ըսաւ. «Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ Յիսուսի այդ մասնաւոր ուղղութեան հետեւելու համար, պէտք է Աստուածաշունչի աշակերտին սորվեցնենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընէ ատիկա (Գործք 8։31)։ Ինչո՞ւ։

4. Ի՞նչ կը նշանակէ պատուէր մը պահել. օրինակ մը տուր։

4 Պատուէր մը ‘պահել’ կը նշանակէ անոր հնազանդիլ։ Օրինակով մը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մէկու մը սորվեցնել, որ Յիսուսի պատուիրած բաները պահէ, կամ անոնց հնազանդի։ Ինքնաշարժ քշել սորվեցնող մը իր աշակերտին ինչպէ՞ս կը սորվեցնէ, որ երթեւեկի օրէնքները պահէ։ Ան նա՛խ օրէնքները կը բացատրէ։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ կ’ընէ, աշակերտին սորվեցնելու համար ինչպէ՛ս այդ օրէնքներուն հնազանդիլ։ Ան աշակերտը ինքնաշարժ քշելու կը տանի եւ անոր ուղղութիւններ կու տայ, մինչ աշակերտը իր սորվածը կը գործադրէ։ Այս օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

5. ա) Յովհաննէս 14։15 եւ Ա. Յովհաննէս 2։3–ի համաձայն, մեր աշակերտներուն ի՞նչ պէտք է սորվեցնենք որ ընեն։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտին օգնել, որ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրէ։

5 Երբ ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, իրենց կը սորվեցնենք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Բայց պէտք է աւելին ընենք. անոնց սորվեցնենք, որ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ գործադրեն իրենց սորվածները (կարդա՛ Յովհաննէս 14։15. Ա. Յովհաննէս 2։3)։ Կրնանք մեր օրինակով աշակերտին ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Աստուածաշունչի հիմնական սկզբունքները գործադրել դպրոցին մէջ, գործատեղիին մէջ կամ ժամանցի ընթացքին։ Կրնանք մեր կեանքէն դէպք մը պատմել, ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ուղղութեան հետեւելով պաշտպանուեցանք կամ կրցանք իմաստուն որոշում առնել։ Աշակերտին ներկայութեան, կրնանք Եհովային աղօթել, որ սուրբ հոգին զինք առաջնորդէ (Յովհ. 16։13

6. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ աշակերտներուն կը սորվեցնենք, որ Յիսուսի պատուէրները պահեն։

6 Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ աշակերտներուն կը սորվեցնենք, որ Յիսուսի պատուէրները պահեն։ Պէտք է անոնց օգնենք, որ աշակերտելու փափաքը զարգացնեն։ Կարգ մը աշակերտներու համար, քարոզելու գաղափարը ջղագրգռութիւն կը պատճառէ։ Անոր համար պէտք է համբերութեամբ այնպիսի ուղղութիւն տանք, որ աստիճանաբար իրենց հասկացողութիւնը պիտի աւելցնէ, իրենց սրտին պիտի դպչի եւ զիրենք գործի պիտի մղէ։ Ի՞նչ կրնանք ընել աշակերտներուն օգնելու, որ բարի լուրը քարոզելու փափաքը ունենան։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտի մը օգնել, որ բարի լուրին մասին ուրիշներուն խօսելու փափաքը զարգացնէ։

7 Կրնանք մեր Աստուածաշունչի աշակերտին այսպիսի հարցումներ հարցնել. «Թագաւորութեան պատգամը ընդունելով կեանքդ ինչպէ՞ս բարեփոխուած է։ Կը կարծե՞ս որ ուրիշներ ալ պէտք ունին այս պատգամը լսելու։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնց օգնել» (Առ. 3։27. Մատ. 9։37, 38)։ Աշակերտին ցոյց տուր այն թերթիկները, որոնք մաս կը կազմեն Ուսուցանելու գործիքներու տուփին, եւ ձգէ որ զատէ այն թերթիկները, որոնք իր կարծիքով իր ազգականներուն, բարեկամներուն կամ գործակիցներուն հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնեն։ Թերթիկներէն որոշ քանակ մը տուր աշակերտին։ Միասին փորձ ըրէք, թէ ինչպէ՛ս կրնայ թերթիկ մը փափկանկատօրէն ներկայացնել։ Եւ երբ աշակերտդ ընդունուի որպէս չմկրտուած հրատարակիչ, անշուշտ կ’ուզես իրեն հետ ըլլալ առաջնորդութիւն տալու համար (Ժող. 4։9, 10. Ղուկ. 6։40

ԺՈՂՈՎՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՆ

8. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ մեր աշակերտները զօրաւոր սէր մշակեն Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ (տե՛ս նաեւ « Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ աշակերտին սէրը խորացնել» շրջանակը)։

8 Յիշէ որ Յիսուս մեզի ուղղութիւն տուաւ, որ ուրիշներուն սորվեցնենք ‘պահել այն բոլոր բաները, որ ինք պատուիրեց’։ Ատիկա վստահաբար կը պարփակէ մեծագոյն երկու պատուէրները՝ Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել, որոնք սերտօրէն կապ ունին քարոզելու եւ աշակերտելու գործին հետ (Մատ. 22։37-39)։ Կապը ի՞նչ է։ Քարոզչութեան մասնակցելու գլխաւոր մղումն է՝ Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ մեր սէրը։ Հասկնալի է, որ կարգ մը աշակերտներու համար քարոզելու գաղափարն իսկ կրնայ վախ պատճառել։ Բայց կրնանք զիրենք վստահեցնել, որ Եհովայի օգնութեամբ պիտի կարենան կամաց–կամաց յաղթահարել մարդոց հանդէպ վախը (Սաղ. 18։1-3. Առ. 29։25, ՆԱ)։ Յօդուածին ընկերակցող շրջանակը կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ բաներ կրնանք ընել աշակերտին օգնելու, որ Աստուած աւելի՛ սիրէ։ Ասկէ զատ, ժողո՛վքը ի՞նչ կրնայ ընել, նոր աշակերտներուն օգնելու որ ա՛լ աւելի սէր ցոյց տան։

9. Քշել սորվող անհատը ի՞նչ կերպերով արժէքաւոր դասեր կը սորվի։

9 Նորէն մտածէ քշել սորվող անհատին օրինակին մասին։ Մինչ կը քշէ եւ սորվեցնողը իր կողքին է, ան ի՞նչ կերպերով կը սորվի։ Քշել սորվեցնողին մտիկ ընելով եւ ուրիշ զգոյշ վարորդներ դիտելով։ Օրինակ, թերեւս սորվեցնողը ուշադրութեան յանձնէ վարորդ մը, որ խճողումին մէջ ազնուօրէն առիթ կու տայ, որ ուրիշ ինքնաշարժ մը իր առջեւը անցնի։ Կամ թերեւս ցոյց տայ ուրիշ վարորդ մը, որ քաղաքավարօրէն իր ինքնաշարժին լոյսը կը թեթեւցնէ, որպէսզի միւս վարորդներուն նեղութիւն չտայ։ Աշակերտը այսպիսի օրինակներէ արժէքաւոր դասեր կը սորվի, որ կրնայ գործադրել քշելու ատեն։

10. Ի՞նչ բան Աստուածաշունչի աշակերտին պիտի օգնէ, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։

10 Նոյնպէս Աստուածաշունչի աշակերտ մը, որ կը սկսի կեանքի ճամբան բռնել, կը սորվի ոչ միայն իր ուսուցիչէն, հապա նաեւ Եհովայի ուրիշ ծառաներու լաւ օրինակներէն։ Ուստի, ի՞նչ բան աշակերտներուն մեծապէս պիտի օգնէ, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլը։ Ինչո՞ւ։ Ժողովներու ընթացքին իրենց ստացած աստուածաշնչական ուղղութիւնը իրենց գիտութիւնը պիտի աւելցնէ, իրենց հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ պիտի օգնէ որ Աստուած աւելի սիրեն (Գործք 15։30-32)։ Ասկէ զատ, ժողովներուն մէջ, ուսուցիչը կրնայ աշակերտը ծանօթացնել եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք նոյնանման պարագաներէ կ’անցնին։ Աշակերտը սէր ի գործ դնելու ի՞նչ օրինակներ կրնայ տեսնել ժողովքին մէջ։

11. Աշակերտը թերեւս ի՞նչ օրինակներ տեսնէ ժողովքին մէջ, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան իրեն ազդել։

11 Նկատի առ հետեւեալ պարագաները։ Աշակերտ մը, որ առանձին ծնող է, կը նկատէ քոյր մը, որ նոյն պարագան ունի։ Աշակերտը շատ կ’ազդուի, երբ կը տեսնէ, թէ քոյրը որքա՜ն ջանք կը թափէ, որ Թագաւորութեան սրահ գայ իր պզտիկներուն հետ։ Ուրիշ աշակերտ մը, որ ծխելը կեցնելու պայքար կը մղէ, կը ծանօթանայ հրատարակիչի մը, որ նոյն պայքարէն յաղթական դուրս եկած է։ Ան աշակերտին կ’ըսէ, որ ինչպէ՛ս Եհովան երթալով աւելի սիրելը զինք մղեց անոր պատուէրներուն հնազանդելու (Բ. Կոր. 7։1. Փլպ. 4։13)։ Հրատարակիչին պատմութիւնը մտիկ ընելէ ետք, աշակերտին վստահութիւնը կ’աւելնայ, երբ ան իրեն կ’ըսէ. «Դո՛ւն ալ կրնաս ծխելը կեցնել»։ Աշակերտ եղող երիտասարդուհիի մը աչքին կը զարնէ պատանի քոյր մը, որ շատ ուրախ կ’երեւնայ Եհովային ծառայելով։ Ուստի, կ’ուզէ գիտնալ թէ ի՛նչ բան քոյրը ուրախ կը դարձնէ։

12. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ դեր ունի Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու մէջ։

12 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտները կը սկսին ծանօթանալ հաւատարիմ հրատարակիչներու, անոնց օրինակէն կը սորվին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուած եւ ընկերը սիրելու Քրիստոսի պատուէրը պահել (Յովհ. 13։35. Ա. Տիմ. 4։12)։ Ասկէ զատ, ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, աշակերտը կրնայ սորվիլ այն հրատարակիչներէն, որոնք իր պարագաներուն նմանող պարագաներ ունին։ Աշակերտը այսպիսի օրինակներէ կը սորվի, թէ պիտի կարենա՛յ ընել այն փոփոխութիւնները, որոնք իրմէ պահանջուած են Քրիստոսի աշակերտը դառնալու համար (Բ. Օր. 30։11)։ Ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կրնայ կերպով մը օգնել, որ Աստուածաշունչի աշակերտը հոգեւորապէս յառաջդիմէ (Մատ. 5։16)։ Անձնապէս ինչպէ՞ս կը քաջալերես Աստուածաշունչի աշակերտները, որոնք ժողովներու կու գան։

ԱՆԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՆՔ, ՈՐ ՆՈՐԷՆ ՔԱՐՈԶԵՆ

13-14. Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ իր ընկճուած առաքեալներուն հետ։

13 Կ’ուզենք մեր անգործունեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ աշակերտելու Քրիստոսի պատուէրը նորէն կատարեն։ Իր ընկճուած առաքեալներուն հետ Յիսուսի վարուած կերպէն կը գիտնանք ի՛նչ ընել այսօր։

14 Յիսուսի երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, երբ իր մեռնելու ժամը կը մօտենար, իր «բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան» (Մար. 14։50. Յովհ. 16։32)։ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, երբ անոնք ժամանակաւորապէս տկարացած էին։ Յարութիւն առնելէ քիչ ետք, ան կարգ մը կիներու ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք [որ յարութիւն առի]» (Մատ. 28։10ա)։ Ան առաքեալներէն իր յոյսը չկտրեց։ Թէեւ զինք լքած էին, բայց ան տակաւին զիրենք կոչեց «եղբայրներս»։ Եհովային պէս, Յիսուս ողորմած ու ներող է (Դ. Թագ. 13։23

15. Ի՞նչ կը զգանք անոնց հանդէպ, որոնք ծառայելէ դադրած են։

15 Նոյնպէս մենք խորապէս հետաքրքրուած ենք անոնցմով, որոնք ծառայելէ դադրած են։ Անոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, եւ զիրենք շա՜տ կը սիրենք։ Մինչեւ հիմա կը յիշենք այն սիրոյ գործերը, որ անցեալին ըրին. անոնցմէ ոմանք տասնամեակներ շարունակ (Եբ. 6։10)։ Մենք զիրենք շա՜տ կարօտցած ենք (Ղուկ. 15։4-7)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, ի՞նչ կերպերով կրնանք անոնց հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը յայտնել։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անգործունեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը յայտնել։

16 Զիրենք ջերմօրէն հրաւիրէ։ Կերպերէն մէկը, որով Յիսուս իր ընկճուած առաքեալները քաջալերեց, զիրենք ժողովի մը հրաւիրելն էր (Մատ. 28։10բ. Ա. Կոր. 15։6)։ Մենք ալ ներկայիս կրնանք անգործունեաները քաջալերել, որ ժողովներու գան։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ զիրենք մէկ անգամէ աւելի հրաւիրենք։ Եւ երբ գան, ուրախութեամբ պիտի լեցուինք, ինչպէս որ Յիսուս ուրախութեամբ լեցուեցաւ, երբ աշակերտները իր հրաւէրին ընդառաջեցին (Մատ. 28։16. համեմատէ՛ Ղուկաս 15։6

17. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ անգործունեայ անհատ մը ժողովի գայ։

17 Զիրենք սրտանց ողջունէ։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հանդիպեցաւ, իրենց զգացուց, որ բարի եկած են. նախաձեռնութիւնը առաւ իրենց հետ խօսելու (Մատ. 28։18)։ Ի՞նչ պիտի ընենք, երբ անգործունեայ եղբայր մը կամ քոյր մը Թագաւորութեան սրահ գայ։ Պէտք է նա՛խ մենք իրեն մօտենանք եւ սրտանց ողջունենք։ Սկիզբը թերեւս հոգ ընենք, թէ ի՛նչ պիտի խօսինք։ Կրնանք առանց զինք նեղ կացութեան մատնելու, պարզապէս ըսել, որ շա՛տ ուրախ ենք որ զինք տեսանք։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք անգործունեայ հրատարակիչները քաջալերել։

18 Զիրենք անկեղծօրէն քաջալերէ։ Յիսուսին աշակերտները հաւանաբար անկարող զգացին ամբողջ աշխարհին մէջ քարոզելու։ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց, ըսելով. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ» (Մատ. 28։20Իր այդ խօսքերը աշակերտներուն ազդեցի՞ն։ Այո՛։ Շատ չանցած, անոնք «չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ» (Գործք 5։42)։ Անգործունեայ հրատարակիչներն ալ պէտք ունին քաջալերուելու։ Նորէն քարոզելու գաղափարը թերեւս իրենց առջեւ լեռի պէս երեւնայ։ Կրնանք զիրենք վստահեցնել, որ առանձին պիտի չքարոզեն։ Երբ պատրաստ ըլլան, կրնանք իրենց հետ ծառայութեան ելլել։ Անկասկած մեր տուած օգնութիւնը պիտի գնահատեն, երբ կը սկսին նորէն քարոզել։ Երբ անգործունեաները մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը նկատենք եւ իրենց այդպէս կը զգացնենք, անոնք կրնան ետ գործունեայ դառնալ եւ ամբողջ ժողովքը կ’ուրախանայ։

Կ’ՈՒԶԵՆՔ ՄԵԶԻ ՎՍՏԱՀՈՒԱԾ ԳՈՐԾԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԵԼ

19. Սրտանց կը փափաքինք ի՞նչ ընել, եւ ինչո՞ւ։

19 Մինչեւ ե՞րբ պէտք է շարունակենք աշակերտել։ Մինչեւ աշխարհին վերջը (Մատ. 28։20)։ Պիտի կարենա՞նք մինչեւ այն ատեն քարոզել եւ աշակերտել։ Մենք վճռած ենք այդ մէկը ընել։ Ուրախութեամբ մեր ժամանակը, կորովը եւ դրամը կը տրամադրենք գտնելու անոնք, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդպէս ընելով, Յիսուսի օրինակին հետեւած կ’ըլլանք։ Ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34. 17։4)։ Մենք ալ սրտանց կը փափաքինք կատարել, կամ ամբողջացնել, այն գործը որ մեզի վստահուած է (Յովհ. 20։21)։ Եւ կը փափաքինք որ ուրիշներ, մէջը ըլլալով անգործունեաները, շարունակեն մեզի հետ այս գործը ընել (Մատ. 24։13

20. Փիլիպպեցիս 4։13–ի համաձայն, ինչո՞ւ կրնա՛նք կատարել Յիսուսի պատուիրած գործը։

20 Ճիշդ է որ Յիսուսի պատուէրը կատարելը դժուար է, բայց մենք այս գործը առանձին չենք ըներ։ Յիսուս խոստացաւ որ մեզի հետ պիտի ըլլայ։ Մենք աշակերտելու նշանակումը կը կատարենք որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ (Ա. Կոր. 3։9)։ Անոր համար, կրնանք զայն կատարել։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում եւ մեծ ուրախութիւն է այս նշանակումը կատարել եւ ուրիշներուն ալ օգնել որ նոյնը ընեն (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13

ԵՐԳ 139 Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին

^ պարբ. 5 Յիսուս իր հետեւորդներուն ուղղութիւն տուաւ, որ աշակերտներ պատրաստեն եւ անոնց օգնեն, որ պահեն այն բոլոր բաները, որոնք ինք պատուիրեց։ Յօդուածը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսի տուած ուղղութիւններուն հետեւիլ։ Տեղեկութիւնները մասամբ հիմնուած են յօդուածի մը վրայ, որ լոյս տեսաւ Դիտարան–ի 1 յուլիս 2004 թիւին մէջ, էջ 25-29։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Դասը վարող քոյրը աշակերտին կը բացատրէ, թէ ի՛նչ բաներ պէտք է ընէ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը աւելցնելու համար։ Ետքը, աշակերտը իր ստացած երեք առաջարկները կը գործադրէ։