Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46

Քա՛ջ եղիր. Եհովան օգնականդ է

Քա՛ջ եղիր. Եհովան օգնականդ է

«Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (ԵԲ. 13։5

ԵՐԳ 33 Անոնցմէ մի՛ վախնար

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մխիթարէ, երբ կը զգանք որ առանձին ենք կամ մեր խնդիրներով խեղդուած ենք (Սաղմոս 118։5-7

ՕՐԻՆ մէկը առանձին զգացա՞ծ ես. զգացա՞ծ ես թէ մէկը չունիս, որ դժուարութեանդ մէջ քեզի ձեռք տայ։ Եհովայի շատ մը հաւատարիմ ծառաներ այդպէս զգացած են (Գ. Թագ. 19։14)։ Եթէ օր մը դուն ալ այդպէս զգաս, միտքդ բեր Եհովայի խոստումը. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Ասոր համար կրնանք վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբ. 13։5, 6)։ Պօղոս առաքեալ այդ խօսքերը գրեց Հրէաստանի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն, շուրջ Ք.Ե. 61–ին։ Իր խօսքերը մեր միտքը կը բերեն այն զգացումները, որոնք արտայայտուած են Սաղմոս 118։5-7–ին մէջ (կարդա՛

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։

2 Սաղմոսերգուին պէս, Պօղոս իր անձնական փորձառութենէն գիտէր, որ Եհովան իր Օգնականն էր։ Օրինակ, եբրայեցիներուն ուղղած նամակը գրելէն աւելի քան երկու տարի առաջ, Պօղոս վտանգաւոր ճամբորդութեան մը ելած էր փոթորկալից ծովուն մէջ (Գործք 27։4, 15, 20)։ Այդ ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին եւ ատկէ առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն մէջ, Եհովան տարբեր կերպերով միշտ Պօղոսին Օգնականը եղած էր։ Նկատի պիտի առնենք անոնցմէ երեքը։ Ան օգնեց Յիսուսին եւ հրեշտակներուն միջոցաւ, հեղինակաւոր անհատներուն միջոցաւ եւ հաւատակիցներուն միջոցաւ։ Պօղոսի կեանքին մէջ տեղի ունեցած այս դէպքերը քննելը մեր վստահութիւնը պիտի զօրացնէ Եհովայի խոստումին հանդէպ, որ օգնութեան մեր աղաչանքներուն ալ պիտի հասնի։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՈՒ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋՈՑԱՒ

3. Պօղոս թերեւս ի՞նչ մտածեց, եւ ինչո՞ւ։

3 Պօղոս փորձանքի մէջ էր։ Շուրջ Ք.Ե. 56–ին, Երուսաղէմի մէջ, ամբոխ մը զինք քաշելով տարաւ տաճարէն դուրս եւ փորձեց զինք սպաննել։ Յաջորդ օրը, երբ Պօղոսը բերին Սենետրիոնին առջեւ, քիչ մնաց որ թշնամիները զինք բզքտէին (Գործք 21։30-32. 22։30. 23։6-10)։ Այդ պահուն, Պօղոս թերեւս մտածեց. ‘Դեռ որչա՞փ պիտի կարենամ դիմանալ այս վերաբերմունքին’։

4. Յիսուսին միջոցաւ, Եհովան ինչպիսի՞ օգնութիւն տուաւ Պօղոսին։

4 Պօղոս ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։ Անոր ձերբակալութեան յաջորդ գիշերը, «Տէրը»՝ Յիսուս, իր քով կենալով ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես» (Գործք 23։11)։ Այս քաջալերութիւնը ճի՛շդ ժամանակին էր։ Յիսուս Պօղոսը գովեց Երուսաղէմի մէջ իր տուած վկայութեան համար։ Եւ ան խոստացաւ, որ Պօղոս ապահովութեամբ պիտի հասնէր Հռոմ, ուր պիտի շարունակէր վկայութիւն տալ։ Այդ խոստումը ստանալէ ետք, Պօղոս զգացած ըլլալու էր, թէ իր հօր գրկին մէջ ապահովութեամբ նստած պզտիկ մըն էր։

Ծովուն մէջ հսկայ փոթորիկի մը ընթացքին, հրեշտակ մը Պօղոսը կը վստահեցնէ, որ նաւուն մէջի բոլոր մարդիկը այդ վտանգաւոր ճամբորդութենէն պիտի վերապրին (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Հրեշտակի մը միջոցաւ, Եհովան Պօղոսին ինչպէ՞ս օգնեց (տե՛ս կողքին նկարը)։

5 Պօղոս ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւններէ անցաւ։ Երուսաղէմի դէպքերէն շուրջ երկու տարի ետք, մինչ Պօղոս նաւով Իտալիա կ’ուղղուէր, նաւը այնպիսի զօրաւոր փոթորիկի մը հանդիպեցաւ, որ ճամբորդներն ու նաւաստիները կարծեցին թէ պիտի մեռնին։ Բայց Պօղոս չվախցաւ։ Ինչո՞ւ։ Ան միւս ճամբորդներուն ըսաւ. «Այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ եւ ըսաւ. ‘Մի՛ վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’»։ Եհովան հրեշտակ մը գործածեց, որպէսզի կրկնէ այն խոստումը, որ Յիսուսին միջոցաւ Պօղոսին տուած էր։ Եւ իսկապէս, Պօղոս Հռոմ հասաւ (Գործք 27։20-25. 28։16

6. Յիսուսի ո՞ր խոստումը կրնայ մեզ զօրացնել, եւ ինչո՞ւ։

6 Մենք ի՞նչ օգնութիւն կը ստանանք։ Յիսուս մեզի ալ թիկունք պիտի կանգնի, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոսին թիկունք կանգնեցաւ։ Օրինակ, Յիսուս իր բոլոր հետեւորդներուն կը խոստանայ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Յիսուսին խօսքերը զօրութեան աղբիւր են մեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կան օրեր, երբ դժուար է դիմանալ։ Օրինակ, երբ սիրելի մը մեռնի, պէտք է դիմանանք այդ ցաւին ոչ միայն քանի մը օր, հապա հաւանաբար տարիներով։ Ուրիշներ պէտք է դիմանան այն դժուարութիւններուն, որոնք ծերութեան հետ կու գան։ Իսկ ոմանք կ’ունենան այնպիսի օրեր, երբ ընկճուածութիւնը կը ջախջախէ զիրենք։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր պարագան, մեր պայքարը շարունակելու ուժը կը գտնենք, գիտնալով որ Յիսուս մեզի հետ է «ամէն օր», մէջը ըլլալով մեր կեանքի ամէնէն խաւար օրերը (Մատ. 11։28-30

Հրեշտակները մեզի կ’աջակցին ու կ’առաջնորդեն, մինչ կը քարոզենք (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Յայտնութիւն 14։6–ի համաձայն, Եհովան այսօր մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

7 Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան իր հրեշտակներուն միջոցաւ մեզի կ’օգնէ (Եբ. 1։7, 14)։ Օրինակ, հրեշտակները մեզի կ’աջակցին եւ կ’առաջնորդեն, մինչ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կը քարոզենք «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն» (Մատ. 24։13, 14. կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐԷ

8. Հրամանատարի մը միջոցաւ, Եհովան ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց։

8 Պօղոս ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։ Ք.Ե. 56–ին Յիսուս Պօղոսը վստահեցուց, որ Հռոմ պիտի հասնէր։ Սակայն Երուսաղէմի մէջ կարգ մը հրեաներ իրենց միտքը դրած էին՝ Պօղոսին վրայ յարձակիլ եւ զինք սպաննել։ Երբ հռոմայեցի հրամանատար Կղօդիոս Լիւսիաս իմացաւ անոնց ծրագրին մասին, Պօղոսի օգնութեան հասաւ։ Արագօրէն Կղօդիոս Պօղոսը շատ մը զինուորներով պաշտպանուած ղրկեց Կեսարիա, շուրջ 105 քմ. երկարութեամբ ճամբայով մը։ Կեսարիոյ մէջ, կուսակալ Ֆելիքս կարգադրեց, որ «զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն»։ Պօղոս այժմ ապահով էր՝ իր մահը ծրագրողներէն հեռու (Գործք 23։12-35

9. Կուսակալ Փեստոս Պօղոսին ինչպէ՞ս օգնեց։

9 Երկու տարի ետք, Ք.Ե. 58–ին, Պօղոս դեռ բանտն էր Կեսարիայի մէջ։ Կուսակալ Ֆելիքսին յաջորդած էր Փեստոսը։ Հրեաները փորձեցին Փեստոսը համոզել, որ Պօղոսը Երուսաղէմ բերէր դատուելու համար, բայց ան մերժեց։ Թերեւս կուսակալը տեղեակ էր, որ հրեաները «դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու» (Գործք 24։27–25։5

10. Փեստոս կուսակալը ինչպէ՞ս հակազդեց Պօղոսի խնդրանքին, որ կայսրին կողմէ դատուի։

10 Յետագային, Կեսարիայի մէջ Պօղոսին դատը տեղի ունեցաւ։ Փեստոս, «ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ», Պօղոսին հարցուց. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։ Պօղոս գիտէր, որ Երուսաղէմի մէջ հաւանաբար պիտի սպաննուէր. նաեւ գիտէր թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, որպէսզի իր կեանքը ազատէ, Հռոմ հասնի եւ շարունակէ իր ծառայութիւնը։ Ան ըսաւ. «Կայսրին կը բողոքեմ»։ Փեստոս իր խորհրդականներուն հետ խօսելէ ետք, ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։ Փեստոսին նպաստաւոր որոշումը ազատեց Պօղոսը իր թշնամիներէն։ Ժամանակի ընթացքին, Պօղոս պիտի հասնէր Հռոմ, զինք սպաննել ուզող հրեաներէն շա՜տ հեռու (Գործք 25։6-12

11. Եսայիի ըսած ո՞ր քաջալերական խօսքին վրայ Պօղոս թերեւս խոկաց։

11 Մինչ Պօղոս կը սպասէր, որ դէպի Իտալիա իր ճամբորդութիւնը սկսէր, հաւանաբար խոկաց Եսայի մարգարէին այն ներշնչեալ խօսքին վրայ, որ Եհովայի հակառակորդներուն ըսաւ. «Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. քանզի Աստուած մեզի հետ է» (Եսա. 8։10)։ Պօղոս գիտէր, որ Աստուած իրեն պիտի օգնէր, եւ ասիկա զինք զօրացուցած ըլլալու էր գալիք փորձութիւններուն համար։

Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ Եհովան կրնայ հեղինակաւոր անհատները մղել, որ իր ծառաները պաշտպանեն (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Յուլիոս Պօղոսին հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, եւ Պօղոս հաւանաբար ի՞նչ բանի անդրադարձաւ։

12 Ք.Ե. 58–ին, Պօղոս իր ճամբորդութիւնը սկսաւ դէպի Իտալիա։ Որովհետեւ ան բանտարկեալ էր, Յուլիոս անունով հռոմէական բանակի հարիւրապետի հսկողութեան տակ դրուեցաւ։ Ատկէ ի վեր, Յուլիոս կրնար Պօղոսին կեանքը անտանելի դարձնել կամ հետը ազնուութեամբ վարուիլ։ Իր իշխանութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գործածէր։ Յաջորդ օրը, երբ քաղաքի մը մօտեցան, «Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ»։ Իսկ յետագային, Յուլիոս նոյնիսկ Պօղոսին կեանքը ազատեց։ Ինչպէ՞ս։ Երբ անոնք նաւաբեկութիւն կրեցին, զինուորները ուզեցին բոլոր բանտարկեալները մեռցնել, որպէսզի չփախչին։ Բայց Յուլիոս զանոնք արգիլեց։ Ինչո՞ւ։ Ան «Պօղոսը ազատել կ’ուզէր»։ Այդ ազնիւ հարիւրապետին արարքներուն մէջ Պօղոս հաւանաբար Եհովայի առաջնորդութիւնը տեսաւ (Գործք 27։1-3, 42-44

Տե՛ս պարբերութիւն 13

13. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ հեղինակաւոր անհատները գործածել։

13 Մենք ի՞նչ օգնութիւն կը ստանանք։ Երբ իր նպատակին համաձայն է, Եհովան կրնայ իր զօրաւոր սուրբ հոգին գործածել, որպէսզի հեղինակաւոր անհատները մղէ իր ուզածը ընելու։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ» (Առ. 21։1)։ Այս առակը ի՞նչ կը նշանակէ։ Մարդիկ կրնան անցք մը բանալ, որպէսզի վտակ մը ուղղեն դէպի իրենց ուզած կողմը։ Նոյնպէս Եհովան կրնայ իր հոգին գործածել, որպէսզի կառավարիչներուն ազդէ, որ ընեն այնպիսի բաներ, որոնք իր նպատակին ի նպաստ են։ Երբ Եհովան այդպէս կ’ընէ, հեղինակաւոր անհատները մղուած կը զգան որոշումներ առնելու, որոնք իր ժողովուրդին կ’օգտեն (համեմատէ՛ Եզրաս 7։21, 25, 26

14. Գործք 12։5–ի համաձայն, որո՞նց համար կրնանք աղօթել։

14 Մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Կրնանք «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար» աղօթել, երբ անոնք որոշումներ պիտի առնեն, որոնք մեր քրիստոնէական կեանքին եւ ծառայութեան կրնան ազդել (Ա. Տիմ. 2։1, 2. Նէ. 1։11)։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, մենք ալ ջերմեռանդօրէն կ’աղօթենք բանտարկեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար (կարդա՛ Գործք 12։5. Եբ. 13։3)։ Ասկէ զատ, կրնանք բանտապահներուն համար աղօթել, որոնք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ կը հսկեն։ Կրնանք Եհովային աղաչել, որ այդպիսի անհատներու միտքին ազդէ, որպէսզի Յուլիոսին պէս մղուին մեր հաւատակիցներուն հետ «մարդասիրութեամբ» վարուելու։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՒԱՏԱԿԻՑՆԵՐԷՆ

15-16. Արիստարքոսին եւ Ղուկասին միջոցաւ, Եհովան ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց։

15 Պօղոս ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ։ Դէպի Հռոմ իր ճամբորդութեան ընթացքին, Պօղոս կրկին անգամ Եհովայէն օգնութիւն ստացաւ իր հաւատակիցներուն ձեռքով։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

16 Պօղոսի երկու հաւատարիմ ընկերակիցները՝ Արիստարքոս ու Ղուկաս, որոշեցին իրեն հետ Հռոմ ճամբորդել *։ Անոնք յօժարաբար իրենց կեանքերը վտանգեցին Պօղոսին հետ ըլլալու համար, թէեւ այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս անոնցմէ ո՛չ մէկը անձամբ վստահեցուց, թէ ապահովաբար Հռոմ պիտի հասնէր։ Միայն աւելի ուշ, այդ դժուար ճամբորդութեան ընթացքին իմացան, որ իրենց կեանքը պիտի պահպանուէր։ Ուստի երբ Արիստարքոս եւ Ղուկաս Կեսարիայի մէջ նաւ ելան, Պօղոս հաւանաբար սրտանց Եհովային աղօթեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այն օգնութեան համար, որ տուաւ այս երկու քաջ հաւատակիցներուն միջոցաւ (Գործք 27։1, 2, 20-25

17. Հաւատակիցներուն միջոցաւ, Եհովան ինչպէ՞ս Պօղոսին օգնեց։

17 Պօղոսի ճամբորդութեան ընթացքին, հաւատակիցները քանի մը անգամ անոր օգնեցին։ Օրինակ, երբ Սիդոնի նաւահանգիստը հասան, Յուլիոս Պօղոսին թոյլ տուաւ, որ «բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի»։ Իսկ ետքը, Պատիողոս քաղաքին մէջ, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները «եղբայրներ գտան, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնան»։ Մինչ այդ վայրերուն մէջ գտնուող քրիստոնեաները Պօղոսի եւ իր ընկերակիցներուն պէտքերը կը հոգային, Պօղոս անկասկած հիւրընկալներուն մեծ ուրախութիւն բերաւ, պատմելով շինիչ փորձառութիւններ (համեմատէ՛ Գործք 15։2, 3)։ Թարմանալէ ետք, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները շարունակեցին ճամբորդութիւնը (Գործք 27։3. 28։13, 14

Պօղոսին պէս, Եհովայի օգնութիւնը կը ստանանք հաւատակիցներուն միջոցաւ (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ, որ Պօղոս Աստուծմէ շնորհակալ ըլլայ եւ սիրտ առնէ։

18 Մինչ Պօղոս քալելով դէպի Հռոմ կ’ուղղուէր, հաւանաբար կը մտածէր այդ քաղաքի ժողովքին երեք տարի առաջ իր գրածին մասին. «Շատ տարիներէ ի վեր խիստ կը փափաքիմ ձեզի գալ» (Հռով. 15։23)։ Սակայն Պօղոսին միտքէն չանցաւ, թէ որպէս բանտարկեալ պիտի գար։ Ան որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էր, երբ տեսաւ Հռոմէն եղբայրներ, որոնք իրեն կը սպասէին ճամբուն վրայ, որպէսզի զինք դիմաւորէին։ «Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ» (Գործք 28։15)։ Նկատի առ, որ Պօղոս եղբայրներուն ներկայութեան համար Աստուծմէ՛ շնորհակալ եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Պօղոս նորէն տեսաւ Եհովայի օգնութեան ձեռքը հաւատակիցներուն միջոցաւ։

Տե՛ս պարբերութիւն 19

19. Ինչպէս գրուած է Ա. Պետրոս 4։10–ին մէջ, Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեր միջոցաւ ուրիշներուն օգնել։

19 Մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Տեղեա՞կ ես ժողովքիդ եղբայրներուն կամ քոյրերուն մասին, որոնք ջախջախուած կը զգան, քանի որ հիւանդ են կամ ուրիշ դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ Կամ թերեւս սիրելի մը կորսնցուցած են մահուան պատճառաւ։ Եթէ իմանանք մէկու մը մասին, որ օգնութեան պէտք ունի, կրնանք Եհովայէն խնդրել, որ մեզի օգնէ որ կարենանք անոր ազնիւ խօսք մը ըսել կամ սիրալիր բան մը ընել։ Մեր խօսքերն ու գործերը կրնան այդ եղբօր կամ քրոջ համար ըլլալ այն քաջալերութիւնը, որուն այդ պահուն շա՜տ պէտք ունի (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։10) *։ Անոնք, որոնց կ’օգնենք, կրնան ետ վստահութեամբ լեցուիլ, թէ իրենց կը կիրարկուի՛ Եհովայի խոստումը. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Ասիկա քեզ պիտի չո՞ւրախացնէր։

20. Ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ ըսել՝ «Տէրը իմ օգնականս է»։

20 Ինչպէս Պօղոսին եւ իր ընկերակիցներուն պատահեցաւ, մեր կեանքի ճամբորդութեան ընթացքին մենք ալ զօրաւոր փոթորիկներէ կ’անցնինք։ Միեւնոյն ատեն, սիրտ կ’առնենք գիտնալով, որ Եհովան մեզի հետ է։ Ան մեզի կ’օգնէ Յիսուսին եւ հրեշտակներուն միջոցաւ։ Նաեւ եթէ իր նպատակին համաձայն է, կրնայ մեզի օգնել հեղինակաւոր անհատներու միջոցաւ։ Եւ ինչպէս մեզմէ շատեր փորձառաբար գիտեն, Եհովան իր սուրբ հոգին կը գործածէ իր ծառաներուն սրտերը մղելու, որ հաւատակիցներուն օգնութեան հասնին։ Անոր համար Պօղոսին պէս, կրնա՛նք վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։6

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ պարբ. 5 Յօդուածը նկատի պիտի առնէ երեք կերպեր, որոնցմով Եհովան Պօղոս առաքեալին օգնեց, որ դժուար պարագաներ դիմագրաւէ։ Մինչ կը քննարկենք թէ անցեալին Եհովան ինչպէ՛ս Օգնական եղած է, մեր վստահութիւնը պիտի զօրանայ, որ այսօր ալ մեզի պիտի օգնէ կեանքի փոթորիկներուն մէջէն անցնելու։

^ պարբ. 16 Արիստարքոս եւ Ղուկաս նախապէս Պօղոսին ճամբորդակիցները եղած էին։ Այս վստահելի տղամարդիկը նաեւ Հռոմի մէջ Պօղոսին հետ մնացին իր բանտարկութեան ընթացքին (Գործք 16։10-12. 20։4. Կող. 4։10, 14