ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 44
Եհովայի հաւատարիմ սէրը կը գնահատե՞ս
«Եհովայի հաւատարիմ սէրը յաւիտեան կը մնայ» (ՍԱՂ. 136։1, ՆԱ)։
ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ ի՞նչ ընենք։
ԵՀՈՎԱՆ ուրախութիւն կը գտնէ հաւատարիմ սէր ցոյց տալուն մէջ (Ով. 6։6)։ Եւ ան կ’ուզէ, որ իր ծառաներն ալ ուրախութիւն գտնեն։ Միքիա մարգարէին միջոցաւ, մեր Աստուածը մեզ կը քաջալերէ որ սիրենք հաւատարիմ սէրը (Միք. 6։8, ՆԱ, ստորանիշ)։ Սակայն, որպէսզի կարենանք ատիկա ընել, նա՛խ պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ ըսել է հաւատարիմ սէր։
2. Ի՞նչ է հաւատարիմ սէրը։
2 Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, «հաւատարիմ սէր» թարգմանուած արտայայտութիւնը բնագրին մէջ կը հանդիպի շուրջ 230 անգամ։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ, «հաւատարիմ սէր» արտայայտութիւնը ընդհանրապէս թարգմանուած է որպէս «ողորմութիւն»։ Ուստի, այս եւ յաջորդ յօդուածներուն համարներուն մէջ «ողորմութիւն» բառը կը նշանակէ «հաւատարիմ սէր»։ Լաւ, ի՞նչ ըսել է հաւատարիմ սէր։ Եթէ մէկը հաւատարիմ սէր ունի, ան ուրիշ անհատ մը այնքա՛ն կը սիրէ, որ պիտի շարունակէ զինք սիրել եւ հաւատարմօրէն իր կողքին պիտի մնայ։ Այս յատկութիւնը յաճախ կը գործածուի, խօսելով մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մասին, բայց նաեւ կրնայ ցոյց տալ մարդոց միջեւ եղած սէրը։ Եհովան հաւատարիմ սէր ցոյց տալուն մէջ ամէնէն լաւ օրինակն է։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ մարդոց հանդէպ։ Իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մենք՝ Եհովայի ծառաներս, կրնանք իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալով՝ զինք ընդօրինակել։
ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԻՐՈՎ ԱՌԱՏ Է
3. Եհովան ինքզինք ինչպէ՞ս Մովսէսին ներկայացուց։
3 Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելլելէն շատ չանցած, Եհովան Ել. 34։6, 7)։ Այս գեղեցիկ խօսքերով, Եհովան Մովսէսին շատ յատուկ բան մը յայտնեց իր հաւատարիմ սիրոյն մասին։ Ի՞նչ է ատիկա։
Մովսէսին ինքզինք ներկայացուց, յայտնելով իր անունն ու յատկութիւնները։ Ան ըսաւ. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (4-5. ա) Եհովան ինքզինք ինչպէ՞ս նկարագրեց։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
4 Եհովան ինքզինք նկարագրեց ոչ թէ պարզապէս որպէս մէկը, որ հաւատարիմ սէր ունի, հապա՝ որ առատ է հաւատարիմ սիրով։ Այս նկարագրութիւնը Աստուածաշունչին մէջ վեց անգամ ալ կը հանդիպի (Թւ. 14։18. Նէ. 9։17. Սաղ. 86։15. 103։8. Յվլ. 2։13. Յովն. 4։2)։ Ամէն անգամ, այդ նկարագրութիւնը միայն Եհովայի մասին է եւ ոչ թէ մարդոց։ Աչքառու չէ՞, որ Եհովան այդչափ կը շեշտէ հաւատարիմ սիրոյ իր յատկութիւնը։ Ուրեմն, կը տեսնենք, որ Եհովան հաւատարիմ սէրը կարեւոր կը նկատէ *։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Դաւիթ թագաւոր այս զգացումները արտայայտեց. «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի. . . Ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։ Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին» (Սաղ. 36։5, 7)։ Դաւիթին պէս, մենք ալ խորապէս կը գնահատե՞նք Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը։
5 Աւելի հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է հաւատարիմ սէրը, երկու հարցումներ նկատի առնենք. Եհովան որո՞նց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։ Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Եհովան մեզի հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։
ԵՀՈՎԱՆ ՈՐՈ՞ՆՑ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ
6. Եհովան որո՞նց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։
6 Եհովան որո՞նց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։ Աստուածաշունչը կը խօսի շատ մը բաներու մասին, որ կրնանք սիրել. օրինակ՝ «երկրագործութիւնը», «գինին ու իւղը», «խրատ»ը, «գիտութիւն»ը եւ «իմաստութիւն»ը (Բ. Մն. 26։10. Առ. 12։1. 21։17. 29։3)։ Սակայն, հաւատարիմ սէր բնաւ ցոյց չի տրուիր առարկաներու կամ գաղափարներու հանդէպ. հապա միայն մարդոց հանդէպ։ Բայց Եհովան ամէն մարդու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց չի տար։ Ան զայն ցոյց կու տայ միայն անոնց հանդէպ, որոնք իրեն հետ յատուկ փոխյարաբերութիւն ունին։ Մեր Աստուածը իր բարեկամներուն հաւատարիմ է։ Ան անոնց նկատմամբ հիանալի նպատակ մը ունի եւ զիրենք սիրելէ պիտի չդադրի։
7. Եհովան ամբողջ մարդկութեան հանդէպ ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուաւ։
Յովհ. 3։1, 16. Մատ. 5։44, 45)։
7 Եհովան ամբողջ մարդկութեան հանդէպ սէր ցոյց տուած է։ Յիսուս Նիկոդէմոս անունով մարդու մը ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը [մարդկութիւնը], մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (8-9. ա) Եհովան ինչո՞ւ իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։ բ) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
8 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Եհովան իր հաւատարիմ սէրը ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որոնք իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունին, այսինքն՝ իր ծառաները։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Դաւիթ թագաւորի եւ Դանիէլ մարգարէի ըսածներէն։ Օրինակ՝ Դաւիթ ըսաւ. «Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ»։ Նաեւ ըսաւ. «Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է»։ Իսկ Դանիէլ ըսաւ. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես» (Սաղ. 36։10. 103։17. Դան. 9։4)։ Այս ներշնչեալ խօսքերը կը յայտնեն, որ Եհովան իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ, քանի որ անոնք զինք կը ճանչնան, իրմէ կը վախնան, զինք կը սիրեն եւ իր պատուիրանքները կը պահեն։ Եհովան իր հաւատարիմ սէրը ցոյց կու տայ միայն անոնց հանդէպ, որոնք ճիշդ կերպով զինք կը պաշտեն։
9 Երբ դեռ չէինք սկսած Եհովային ծառայել, կը ստանայինք այն նոյն սէրը, որ Եհովան ընդհանուր առմամբ մարդկութեան հանդէպ ցոյց կու տայ (Սաղ. 104։14)։ Սակայն որպէս իր ծառաները, նաեւ իր հաւատարիմ սէրէն կ’օգտուինք։ Եհովան իր ծառաները կը վստահեցնէ. «Իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ» (Եսա. 54։10)։ Եւ ինչպէս Դաւիթ իր կեանքին մէջ տեսաւ, ‘Տէրը կը զատորոշէ իրեն նուիրուած մարդը’ (Սաղ. 4։3, ԱԾ)։ Ասիկա գիտնալով՝ պէտք է փափաքինք ի՞նչ ընել։ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ» (Սաղ. 107։43)։ Այժմ, նկատի առնենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովայի ծառաները իր հաւատարիմ սէրէն կ’օգտուին։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՏԷ
10. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք գիտնալով, որ Եհովայի հաւատարիմ սէրը յաւիտենական է (Սաղմոս 31։7)։
10 Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը յաւիտեան կը մնայ։ Այս կարեւոր գաղափարը Սաղմոս 136–ին մէջ 26 անգամ յիշուած է։ Առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» (Սաղ. 136։1)։ 2–էն 26–րդ համարներուն մէջ կը գտնենք «անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» կրկներգը։ Մինչ կը կարդանք այս սաղմոսը, կը տպաւորուինք այն շատ մը կերպերով, որոնցմով Եհովան շարունակ իր հաւատարիմ սէրը ցոյց կու տայ։ «Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է» կրկներգը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ չի փոխուիր։ Շա՜տ քաջալերական է գիտնալ, որ Եհովան իր ծառաներէն շուտով իր ձեռքերը չի լուար։ Ընդհակառակը, երբ ան կը սկսի սիրել մէկը, որ իրեն կը ծառայէ, զինք չի ձգեր, մանաւանդ երբ ան նեղութեան մէջ է։ Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Գիտնալը, որ Եհովան մեր կողքին կը մնայ, մեզի կու տայ այն ուրախութիւնն ու ուժը, որոնց պէտք ունինք, որպէսզի մեր նեղութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ շարունակենք կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել (կարդա՛ Սաղմոս 31։7)։
11. Սաղմոս 86։5–ի համաձայն, ի՞նչը Եհովան կը մղէ որ ներէ։
11 Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ, որ ներող ըլլայ։ Երբ Եհովան կը նկատէ որ մեղաւոր մը զղջացած է եւ իր մեղաւոր ընթացքը մերժած է, հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ որ ներող ըլլայ։ Դաւիթ Եհովայի մասին ըսաւ. «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։8-11)։ Դաւիթ իր դառն փորձառութենէն գիտէր, թէ որքա՜ն ծանր է յանցաւոր խղճմտանքին բեռը։ Բայց ան նաեւ գիտցաւ, որ Եհովան «ներող» է։ Ի՞նչը Եհովան կը մղէ որ ներէ։ Պատասխանը գրուած է Սաղմոս 86։5–ին մէջ (կարդա՛)։ Ինչպէս Դաւիթ ըսաւ իր աղօթքին մէջ, Եհովան կը ներէ, քանի որ առատ է հաւատարիմ սիրով անոնց հանդէպ, որոնք ներում կը խնդրեն։
12-13. Եթէ մեր անցեալի սխալները մեզ կ’ընկճեն, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ։
12 Երբ մեղք կը գործենք, տեղին է եւ նոյնիսկ լա՛ւ է գէշ զգալ մեր ըրածին համար։ Ատիկա
կրնայ մեզ մղել, որ զղջանք եւ քայլեր առնենք, որ մեր սխալները սրբագրենք։ Սակայն Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք միշտ յանցաւոր կը զգան իրենց անցեալի մեղքերուն պատճառով։ Անոնք տակաւին կը մտածեն, որ Եհովան բնա՛ւ իրենց պիտի չներէ, որքա՛ն ալ զղջացած ըլլան։ Կրնաս այդպէս չզգալ, եթէ հասկնաս որ Եհովան իրապէս կ’ուզէ իր հաւատարիմ սէրը ցոյց տալ քեզի հանդէպ։13 Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Հակառակ մեր անկատարութիւններուն, կրնա՛նք ուրախութեամբ եւ մաքուր խղճմտանքով ծառայել Եհովային։ Ասիկա կարելի է, քանի որ «անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Երբ գործուած մեղքի մը պատճառով ընկճուած ես, միտքդ բեր որ Եհովան պատրաստ է եւ կ’ուզէ՛ ներել զղջացող մեղաւորին։ Նկատի առ, թէ ինչպէ՛ս Դաւիթ հաւատարիմ սէրը եւ ներումը իրարու հետ կը կապէ։ Ան գրեց. «Որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները» (Սաղ. 103։11, 12)։ Իրաւ, Եհովան պատրաստ է ‘առատապէս ներելու’ (Եսա. 55։7)։
14. Դաւիթ ինչպէ՞ս նկարագրեց այն կերպը, որով Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը մեզ կը պաշտպանէ։
14 Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը հոգեւորապէս կը պաշտպանէ։ Դաւիթ Եհովային աղօթելով ըսաւ. «Դուն ես իմ ապաստանարանս։ Նեղութենէն զիս պիտի պահես։ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ . . .[Հաւատարիմ] սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը» (Սաղ. 32։7, 10)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քաղաք մը պարիսպով շրջապատուած կ’ըլլար, որ բնակիչները իրենց թշնամիէն կը պաշտպանէր։ Եհովայի հաւատարիմ սէրը պարիսպի մը նման՝ մեզ կը պաշտպանէ որեւէ բանէ, որ կրնայ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը տկարացնել։ Դեռ աւելին, Եհովայի հաւատարիմ սէրը զինք կը մղէ, որ մեզի մօտենայ (Եր. 31։3)։
15. Եհովայի հաւատարիմ սէրը ինչպէ՞ս կը նմանի ապաւէնի եւ պարիսպի։
15 Դաւիթ ուրիշ պատկերաւոր խօսքով մըն ալ նկարագրեց այն պաշտպանութիւնը, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը վայելէ։ Ան գրեց. «Իմ պաշտպանս Աստուած է, իմ ողորմութեանս Աստուածը»։ Ան նաեւ Եհովայի մասին ըսաւ. «Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, իմ ապաւէնս ու փրկիչս, իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ» (Սաղ. 59։17. 144։2)։ Դաւիթ ինչո՞ւ Եհովայի հաւատարիմ սէրը նմանցուց ապաւէնի եւ պարիսպի։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք, այնքան ատեն որ Եհովայի ծառաներն ենք, ան մեզի պէտք եղած պաշտպանութիւնը պիտի տայ, որ իրեն հետ մեր թանկարժէք փոխյարաբերութիւնը պահպանենք։ Նման խօսքեր կը կարդանք Սաղմոս 91–ին մէջ։ Այդ սաղմոսը գրողը ըսաւ. «Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է’» (Սաղ. 91։1-3, 9, 14)։ Մովսէս ալ նման պատկերաւոր խօսք մը գործածեց (Սաղ. 90։1)։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Մովսէս ուրիշ գեղեցիկ բաղդատութիւն մը ըրաւ։ Ան գրեց. «Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են» (Բ. Օր. 33։27)։ Այս խօսքէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մասին։
16. Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ (Սաղմոս 136։23)։
16 Երբ Եհովան մեր ապաւէնն է, ապահով կը զգանք։ Բայց տակաւին կ’ըլլան օրեր, երբ անտրամադիր կ’ըլլանք եւ այդ վիճակը կ’երկարի։ Այդպիսի պարագաներու, Եհովան մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ (կարդա՛ Սաղմոս 136։23)։ Մեր ինկած վիճակին մէջ, Եհովան քնքշութեամբ իր բազուկներով մեզ վեր պիտի հանէ եւ պիտի օգնէ, որ ետ ոտքի կենանք (Սաղ. 28։9. 94։18)։ Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Գիտնալը որ միշտ կրնանք Աստուծոյ ապաւինիլ, մեզի կ’օգնէ երկու կերպերով։ Առաջին, ո՛ւր որ ալ ապրինք, գիտենք որ Եհովան մեզ միշտ պիտի պաշտպանէ։ Երկրորդ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը խորապէս մեզ կը հոգայ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐԸ ՄԵԶԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ
17. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ (Սաղմոս 33։18-22)։
17 Ինչպէս տեսանք, երբ փորձութեան մէջ ենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, որ իրեն հաւատարիմ մնանք (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Երեմիա մարգարէն ըսաւ. «Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ» (Ող. 3։22)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան պիտի շարունակէ մեզի հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է» (կարդա՛ Սաղմոս 33։18-22)։
18-19. ա) Ի՞նչ բան սորվեցանք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
18 Ի՞նչ բան սորվեցանք։ Երբ դեռ չէինք սկսած Եհովային ծառայել, կը ստանայինք այն նոյն սէրը, որ Եհովան ընդհանուր առմամբ մարդկութեան հանդէպ ցոյց կու տայ։ Բայց իր ծառաները ըլլալով, նաեւ կ’օգտուինք իր հաւատարիմ սէրէն։ Այդ սէրը Եհովան կը մղէ, որ իր զօրաւոր բազուկներով մեզի փաթթուկ ընէ։ Ան միշտ մեզ իրեն մօտիկ պիտի պահէ եւ մեզի նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Ան կ’ուզէ որ իր բարեկամները ըլլանք յաւիտեա՛ն (Սաղ. 46։1, 2, 7)։ Ուստի ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւենք, Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի իրեն հաւատարիմ մնանք։
19 Տեսանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ իր ծառաներուն հանդէպ։ Եւ կ’ակնկալէ, որ մենք ալ հաւատարիմ սէր ցոյց տանք իրարու հանդէպ։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Յաջորդ յօդուածը այս կարեւոր նիւթը պիտի քննարկէ։
ԵՐԳ 85 Եհովայի կողմէ առատ վարձատրութիւն
^ պարբ. 5 Այս եւ յաջորդ յօդուածները նկատի պիտի առնեն հաւատարիմ սէր յատկութիւնը։ Այս յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն. Ի՞նչ ըսել է հաւատարիմ սէր։ Եհովան որո՞նց հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ եւ զայն ստացողները անկէ ինչպէ՞ս կ’օգտուին։
^ պարբ. 4 Աստուծոյ առատ հաւատարիմ սիրոյն գաղափարը սուրբգրային ուրիշ համարներու մէջ ալ կ’անցնի (տե՛ս Նէեմիա 13։22. Սաղմոս 69։13. 106։7. եւ Ողբք 3։32)։
^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովան իր սէրը ցոյց կու տայ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ, մէջը ըլլալով՝ իր ծառաները։ Խումբ մը մարդոց վերեւ դրուած նկարները ցոյց կու տան կարգ մը կերպեր, որոնցմով Աստուած իր սէրը կ’արտայայտէ։ Ամէնէն կարեւոր կերպը այն է, որ ան իր Որդին՝ Յիսուսը, տուաւ որ մեզի համար մեռնի։
^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովան յատուկ կերպով կը վարուի անոնց հետ, որոնք իր ծառաները կը դառնան եւ փրկանքի կարգադրութեան կը հաւատան։ Անոնք կը ստանան թէ՛ Աստուծոյ սէրը, որ ցոյց կու տայ բոլոր մարդկութեան հանդէպ, եւ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը, որ ցոյց կու տայ միայն իր ծառաներուն հանդէպ։ Անոնցմէ ոմանք պատկերուած են։