Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

Հաւատքդ որքա՞ն զօրաւոր պիտի ըլլայ

Հաւատքդ որքա՞ն զօրաւոր պիտի ըլլայ

«Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք» (ՅՈՎՀ. 14։1

ԵՐԳ 54 Պէտք է հաւատք ունենանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մենք մեզի ի՞նչ հարցում կրնանք հարցնել։

ԵՐԲԵՄՆ կը մտահոգուի՞ս այն բաներուն նկատմամբ, որոնք մօտ օրէն պիտի պատահին, օրինակ՝ սուտ կրօնքի կործանումը, Մագոգի Գոգին յարձակումը եւ Արմագեդոն պատերազմը։ Արդեօք դուն քեզի կը հարցնե՞ս. ‘Պիտի կարենա՞մ հաւատարիմ մնալ, երբ այս վախազդու դէպքերը տեղի ունենան’։ Յիսուսի խօսքերը կրնան քեզի օգնել։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սրտերնիդ չխռովի. . . հաւատացէք» (Յովհ. 14։1)։ Այո, զօրաւոր հաւատքը մեզի պիտի օգնէ որ տոկանք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ապագային։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, որպէսզի ապագայ փորձութիւններուն տոկանք, նկատի առնելով թէ այսօր ի՛նչ կ’ընենք, երբ հանդիպինք բաներու, որոնք մեր հաւատքը կը փորձեն։ Այսպէս ընելով, կրնանք տեսնել թէ ի՛նչ բանի մէջ մեր հաւատքը տկար է։ Ամէն անգամ որ փորձութեան մը տոկանք, մեր հաւատքը աւելի կը զօրանայ։ Եւ ասիկա պիտի օգնէ, որ ապագայ փորձութիւններու տոկանք։ Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք չորս պարագաներ, որոնք ցոյց տուին, թէ Յիսուսի աշակերտները աւելի հաւատքի պէտք ունէին։ Ետքը պիտի տեսնենք, թէ այսօր ինչպէ՛ս կրնանք նոյնանման խնդիրներու տոկալ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք պատրաստուիլ ապագայ դէպքերուն համար։

ՀԱՒԱՏԱԼ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՊԷՏՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՅ

Երբ նիւթական նեղութիւն քաշենք, մեր հաւատքը կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք Թագաւորութեան շահերուն վրայ (տե՛ս պարբ. 3-6)

3. Մատթէոս 6։30, 33–ի համաձայն, Յիսուս հաւատքի նկատմամբ ի՞նչ կէտ ըսաւ։

3 Բնական է որ հայր մը ուզէ իր ընտանիքին ուտելիք, հագուելիք եւ բնակարան ապահովել։ Բայց ասիկա ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ատեններ, մեր հաւատակիցները գործերնին կը կորսնցնեն, եւ հակառակ անոր որ շատ ջանք կը թափեն, չեն կրնար ուրիշ գործ մը գտնել։ Իսկ ուրիշներ կը մերժեն գործ մը, քանի որ քրիստոնեաները չեն կրնար զայն ընել։ Այսպիսի պարագաներու, պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենանք, որ Եհովան մեր ընտանիքին պէտք եղածը պիտի ապահովէ։ Յիսուս ասիկա ըսաւ իր աշակերտներուն Լերան քարոզին մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 6։30, 33)։ Եթէ համոզուած ըլլանք, որ Եհովան մեզ պիտի չլքէ, պիտի կարենանք կեդրոնանալ Թագաւորութեան շահերուն վրայ։ Եւ մինչ կը տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, իրեն աւելի պիտի մօտենանք ու մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։

4-5. Ի՞նչ բան ընտանիքի մը օգնեց, որ նիւթական պէտքեր ապահովելու նկատմամբ իրենց ունեցած մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլեն։

4 Նկատի առ Վենեզուելլայի մէջ ընտանիք մը, որ Եհովայի օգնութիւնը շօշափեց, երբ մտահոգութիւններ ունէր իր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ։ Անցեալին, Քասթրօ ընտանիքը իր ապրուստը կը ճարէր աշխատելով իր ունեցած ագարակին մէջ։ Ետքը, զինեալ մարդիկ իրենց ագարակը առին եւ զիրենք վռնտեցին։ Հայրը՝ Միկէլ կ’ըսէ. «Այժմ կ’աշխատինք պզտիկ արտի մը մէջ, որ ուրիշին կը պատկանի։ Օրս կը սկսիմ Եհովային աղօթելով, որ մեզի տայ այդ օրուան մեր պէտքը»։ Կեանքը դժուար է այս ընտանիքին համար, բայց լման հաւատք ունենալով, որ Եհովան կրնա՛յ իրենց առօրեայ պէտքերը հոգալ, Քասթրօ ընտանիքը կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կ’ըլլայ եւ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցի։ Անոնք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը դնեն իրենց կեանքին մէջ, եւ Եհովան իրենց պէտք եղածը կը հայթայթէ։

5 Այս դժուար ժամանակներուն, Միկէլ եւ իր կինը՝ Եուրայ, կեդրոնացան թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց հոգ կը տանէր։ Ատեններ, ան հաւատակիցներ կը գործածէր, որպէսզի նիւթական օգնութիւն տար կամ Միկէլին օգնէր որ գործ գտնէր։ Ատեններ ալ մասնաճիւղը կը գործածէր, որպէսզի ընտանիքին կարգ մը պէտքերը ապահովէր։ Ան բնա՛ւ զիրենք չլքեց։ Այսպիսով, անոնց հաւատքը զօրացաւ։ Անոնց մեծ աղջիկը՝ Յօսըլինը, Եհովայի օգնութեան մասնայատուկ օրինակ մը պատմելէ ետք, ըսաւ. «Կը զգացուիմ տեսնելով Եհովայի ձեռքը մեր կեանքին մէջ։ Ան իմ բարեկամս է եւ վստահ եմ, որ ինծի միշտ պիտի օգնէ»։ Ան աւելցուց. «Այն փորձութիւնները, որոնք ունեցանք, մեզ պատրաստեցին ապագայ աւելի մեծ փորձութիւններու համար»։

6. Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել, երբ դրամական նեղութիւն կը քաշես։

6 Քեզի համար դժուար ժամանակ է, երբ դրամական նեղութիւն կը քաշես։ Բայց տակաւին կրնաս այդ ժամանակը գործածել, հաւատքդ զօրացնելու համար։ Եհովային աղօթելէ ետք, կարդա՛ Յիսուսին խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Մատթէոս 6։25-34–ի մէջ, եւ անոնց վրայ խոկա՛։ Եւ նկատի առ փորձառութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ Եհովան նիւթական պէտքերը կը հայթայթէ անոնց՝ որոնք զբաղած կը մնան աստուածպետական գործունէութիւններով (Ա. Կոր. 15։58)։ Այսպէս ընելով, վստահութիւնդ պիտի աւելնայ, թէ երկնաւոր Հայրդ ինչպէս ուրիշներուն օգնեց նոյնանման պարագաներու մէջ, քեզի ալ պիտի օգնէ։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ են պէտքերդ եւ գիտէ ինչպէ՛ս զանոնք հայթայթէ։ Երբ Եհովայի օգնութիւնը շօշափես, հաւատքդ աւելի պիտի զօրանայ, եւ այսպէս պիտի կարենաս տոկալ աւելի մեծ փորձութիւններու ապագային (Ամբ. 3։17, 18

ՀԱՒԱՏՔԸ Կ’ՕԳՆԷ ԼՈՒՐՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱԼՈՒ

Զօրաւոր հաւատք ունենալը կրնայ մեզի օգնել, որ զօրաւոր փոթորիկներու կամ փոթորկանման դժուարութիւններու տոկանք (տե՛ս պարբ. 7-11)

7. Մատթէոս 8։23-26–ի համաձայն, մեծ փոթորիկ մը ինչպէ՞ս աշակերտներուն հաւատքը փորձեց։

7 Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւով կը ճամբորդէին, մեծ փոթորիկ մը եւ ալեկոծութիւն եղաւ։ Յիսուս այդ դէպքը գործածեց, որպէսզի իր աշակերտներուն սորվեցնէ, թէ աւելի զօրաւոր հաւատքի պէտք ունէին (կարդա՛ Մատթէոս 8։23-26)։ Յիսուս կը քնանար, երբ նաւը սկսաւ ջուրով լեցուիլ։ Աշակերտները զինք արթնցուցին եւ խնդրեցին որ զիրենք ազատէ։ Այն ատեն, Յիսուս ազնուօրէն հարցուց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Աշակերտները վախնալու տեղ, պէտք էր գիտակցէին որ Եհովան լիովին կրնար Յիսուսը եւ զիրենք պաշտպանել որեւէ վնասէ։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Զօրաւոր հաւատք ունենալը կրնայ մեզի օգնել, որ զօրաւոր փոթորիկներու կամ փոթորկանման դժուարութիւններու տոկանք։

8-9. Էնելի հաւատքը ինչպէ՞ս փորձուեցաւ, եւ ի՞նչ բան իրեն օգնեց։

8 Նկատի առ Էնելի փորձառութիւնը, որ ամուրի քոյր մըն է Բորթօ Ռիքոյի մէջ։ Անոր փորձութիւնը բառացի փոթորիկ մըն էր, եւ անկէ դուրս եկաւ աւելի զօրաւոր հաւատքով։ Փորձութիւնը սկսաւ 2017–ին, երբ Մարիա ոլորամրրիկը Էնելի տունը քանդեց եւ պատճառ եղաւ նաեւ որ ան իր գործը կորսնցնէ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ դժուար օրերուն ընթացքին մտահոգ եղայ, բայց սորվեցայ Եհովային վստահիլ աղօթքներ ընելով եւ թոյլ չտալ մտահոգութեան, որ զիս անդամալոյծ ընէ»։

9 Էնել կ’ըսէ, որ հնազանդութիւնն ալ իրեն օգնեց որ իր խնդիրներուն տոկայ։ Ան կ’ըսէ. «Կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն հետեւիլը օգնեց, որ հանդարտ մնամ։ Եհովան եղբայրներն ու քոյրերը գործածեց ինծի օգնելու համար։ Անոնք զիս քաջալերեցին եւ ինծի պէտք եղած անհրաժեշտ բաները տուին»։ Ան կ’աւելցնէ. «Եհովան խնդրածէս շա՜տ աւելին տուաւ ինծի, եւ հաւատքս մեծապէս զօրացաւ»։

10. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կը տառապիս շատ դժուար խնդիրի մը պատճառաւ։

10 Կեանքիդ մէջ մեծ փոթորիկ մը կը դիմագրաւե՞ս։ Թերեւս կը տառապիս բնական աղէտի մը պատճառաւ, կամ լուրջ հիւանդութիւն մը ունիս, որ քեզ շատ կ’ընկճէ եւ չես գիտեր ի՛նչ ընել։ Երբեմն մտահոգ կ’ըլլաս, բայց թոյլ մի՛ տար մտահոգութեան, որ քեզ ետ պահէ Եհովային վստահելէ։ Իրեն դիմէ ջերմեռանդ աղօթքներով։ Եւ հաւատքդ զօրացուր՝ խոկալով այն ժամանակներուն վրայ, երբ Եհովան քեզի օգնեց (Սաղ. 77։11, 12)։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան բնա՛ւ քեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ,– ո՛չ հիմա, ոչ ալ ապագային։

11. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք հնազանդիլ առաջնորդութիւն առնողներուն։

11 Ուրիշ ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ փորձութիւններու տոկաս։ Ինչպէս Էնել ըսաւ՝ հնազանդութիւնը։ Վստահէ անոնց, որոնց Եհովան եւ Յիսուսը կը վստահին։ Ատեններ, առաջնորդութիւն առնողները թերեւս ուղղութիւններ տան, որոնք մեզի տրամաբանական չեն թուիր։ Բայց Եհովան պիտի օրհնէ մեր հնազանդութիւնը։ Թէ՛ իր Խօսքը եւ թէ իր հաւատարիմ ծառաներուն փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ հնազանդութիւնը կեանքեր կը փրկէ (Ել. 14։1-4. Բ. Մն. 20։17)։ Ուստի, այդ օրինակներուն վրայ խոկա՛, քանի որ այդպէս ընելով աւելի վճռական պիտի դառնաս, որ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային կազմակերպութեան կարգադրութիւններուն հետ համագործակցիս (Եբ. 13։17)։ Այսպէս, պիտի չվախնաս գալիք մեծ նեղութենէն (Առ. 3։25

ՀԱՒԱՏՔԸ Կ’ՕԳՆԷ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱԼՈՒ

Եթէ յարատեւ Եհովայի աղօթենք, մեր հաւատքը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ըստ Ղուկաս 18։1-8–ի, ի՞նչ կապ կայ հաւատք ունենալուն եւ անարդարութեան տոկալուն միջեւ։

12 Յիսուս գիտէր, որ անարդարութիւնը իր աշակերտներուն հաւատքը պիտի փորձէր։ Անոնց օգնելու համար, որ անարդարութեան տոկան, առակ մը պատմեց։ Ան խօսեցաւ այրիի մը մասին, որ անարդար դատաւորի մը շարունակ աղաչեց, որ իր իրաւունքը պաշտպանէ։ Այրին վստահ էր, որ իր յարատեւ աղաչանքները ի վերջոյ արդիւնք պիտի տային։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովան անարդար չէ։ Ուստի, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն» (կարդա՛ Ղուկաս 18։1-8)։ Ապա աւելցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք [«այսպիսի», ՆԱ] հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Երբ անարդարութենէ կը տառապինք, պէտք է փաստենք մեր համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ, թէ մենք ալ այրիին զօրաւոր հաւատքը ունինք։ Այսպիսի հաւատք ունենալով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովան մի՛շտ մեզի պիտի օգնէ։ Նաեւ պէտք է հաւատանք, թէ աղօթքը մեծ զօրութիւն ունի։ Եւ երբեմն մեր աղօթքները կրնան պատասխանուիլ այնպիսի կերպերով, որ չէինք ակնկալեր։

13. Աղօթքը ինչպէ՞ս օգնեց ընտանիքի մը, որ անարդարութեան զոհ գացած էր։

13 Նկատի առ Վերօ անունով քրոջ մը փորձառութիւնը, որ կ’ապրի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ։ Օր մը զինեալներ իրենց գիւղին վրայ յարձակեցան, եւ Վերոն, Վկայ չեղող ամուսինը եւ 15 տարեկան աղջիկը ստիպուեցան փախչիլ։ Ճամբան անցարգելի մը հանդիպեցան, ուր զինեալները զիրենք կեցուցին եւ սպառնացին մեռցնել։ Վերոն սկսաւ լալ եւ իր աղջիկը փորձեց զինք հանդարտեցնել, բարձրաձայն աղօթելով եւ իր աղօթքին մէջ կրկին անգամ Եհովայի անունը գործածելով։ Աղօթքը վերջացնելէ ետք, զինեալներու պետը աղջկան հարցուց. «Ո՞վ քեզի աղօթել սորվեցուց»։ Ան պատասխանեց. «Մամա՛ս, գործածելով տիպար աղօթքը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 6։9-13–ի մէջ»։ Պետը ըսաւ. «Ծնողքիդ հետ խաղաղութեամբ գնա՛ եւ թող Եհովա Աստուածդ քեզ պաշտպանէ»։

14. Ի՞նչ բան կրնայ մեր հաւատքը փորձել, եւ ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ տոկանք։

14 Այսպիսի փորձառութիւններէ կը սորվինք, որ բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք թէ աղօթքը որքա՜ն կարեւոր է։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ աղօթքներդ շուտով կամ տպաւորիչ կերպով չեն պատասխանուիր։ Յիսուսի առակին մէջի այրիին պէս, շարունակէ աղօթել, վստահ ըլլալով որ Եհովան քեզ պիտի չլքէ, եւ յարմար ժամանակին ու որոշ կերպով մը քու աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ։ Շարունակէ աղօթքով սուրբ հոգին խնդրել (Փլպ. 4։13)։ Եւ յիշէ որ մօտ օրէն, Եհովան քեզ պիտի օրհնէ այնպիսի կերպով մը, որ պիտի մոռնաս անցեալի բոլոր նեղութիւնները։ Երբ Եհովայի օգնութեամբ փորձութիւններու կը տոկաս, ա՛լ աւելի պիտի կարենաս ապագայ փորձութիւններու տոկալ (Ա. Պետ. 1։6, 7

ՀԱՒԱՏՔԸ Կ’ՕԳՆԷ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ

15. Մատթէոս 17։18, 19–ի համաձայն, Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ դժուարութիւն ունեցան։

15 Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, թէ հաւատքը իրենց պիտի օգնէր դժուարութիւններ յաղթահարելու (կարդա՛ Մատթէոս 17։18, 19)։ Առիթով մը, անոնք չկրցան դեւ մը հանել, հակառակ անոր որ նախապէս կրցած էին։ Ի՞նչ էր խնդիրը։ Յիսուս բացատրեց, թէ անոնք աւելի հաւատքի պէտք ունէին։ Եւ ըսաւ որ եթէ բաւարար հաւատք ունենային, պիտի կարենային յաղթահարել նոյնիսկ այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք լեռի չափ մեծ կ’երեւէին։ Ներկայիս, թերեւս մենք ալ ունենանք այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք յաղթահարելը կրնայ անկարելի թուիլ։

Երբ մեծ վիշտ ունենանք, հաւատքը պիտի օգնէ որ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնանք (տե՛ս պարբ. 16)

16. Հաւատքը ինչպէ՞ս օգնեց Կէյտիին, որ իր մեծ վիշտին տոկայ։

16 Նկատէ քոյր Կէյտիի օրինակը, որ Կուաթեմալայի մէջ կ’ապրի։ Անոր ամուսինը՝ Էտին, ոճրագործներու կողմէ սպաննուեցաւ, երբ ժողովէ մը տուն կը վերադառնային։ Կէյտիի հաւատքը ինչպէ՞ս իրեն օգնեց, որ այս մեծ վիշտին տոկայ։ Ան կ’ըսէ. «Աղօթքը ինծի օգնեց, որ բեռս Եհովային վրայ ձգեմ, ինչ որ ինծի խաղաղութիւն տուաւ։ Եհովան ինծի հոգ տարաւ ընտանիքիս եւ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ։ Ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը վիշտս թեթեւցուց եւ օգնեց որ օրը օրին ապրիմ, առանց վաղուան նկատմամբ շատ մտահոգուելու։ Այս փորձառութենէն սորվեցայ, որ ապագային ի՛նչ տեսակ փորձութիւն ալ ունենամ, պիտի կարենամ անոր տոկալ՝ Եհովայի, Յիսուսի եւ կազմակերպութեան օգնութեամբ»։

17. Ի՞նչ կրնանք ընել, երբ լեռնանման խնդիրի մը առջեւ գտնուինք։

17 Թերեւս սուգի մէջ ես, քանի որ սիրելիներէդ մէկը մահացած է։ Այդ պարագային, յարութեան յոյսին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր, կարդալով Աստուածաշունչին մէջ յիշուած յարութեան պատմութիւնները։ Կամ թերեւս շա՜տ տխուր ես, քանի որ ընտանիքի անդամներէդ մէկը վտարուած է։ Այդ պարագային, սերտէ՝ դուն քեզի փաստելու համար, թէ Աստուծոյ կրթելու կերպը լաւագոյն կերպն է։ Ի՛նչ խնդիր ալ որ ունիս, զայն առիթ նկատէ, որ հաւատքդ զօրացնես։ Աղօթքով սիրտդ Եհովային պարպէ։ Մի՛ մեկուսանար. հապա ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտի՛կ մնա (Առ. 18։1)։ Մասնակցէ այնպիսի գործունէութիւններու, որոնք քեզի կ’օգնեն որ տոկաս, նոյնիսկ եթէ ատոնք պիտի ընես արցունք թափելով (Սաղ. 126։5, 6)։ Շարունակէ ժողովներու երթալ, քարոզել եւ Աստուածաշունչը կարդալ։ Եւ միշտ մտածէ այն հոյակապ օրհնութիւններուն մասին, որ Եհովան կը խոստանայ ապագային քեզի տալ։ Մինչ կը տեսնես, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ, իրեն հանդէպ հաւատքդ ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ։

«ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՒԵԼՑՈՒՐ»

18. Եթէ տեսնես հաւատքիդ մէջ տկարութիւն մը, ի՞նչ կրնաս ընել։

18 Եթէ անցեալի կամ ներկայի փորձութիւնները ցոյց տուին հաւատքիդ մէջ տկարութիւն մը, մի՛ ընկճուիր։ Ասիկա առիթ սեպէ որ հաւատքդ զօրացնես։ Խնդրէ այն ինչ որ Յիսուսի առաքեալները խնդրեցին, ըսելով. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։5)։ Նաեւ մտածէ այս յօդուածին մէջ նկատի առնուած օրինակներուն մասին։ Միկէլի եւ Եուրայի պէս, յիշէ այն բոլոր ժամանակները, երբ Եհովան քեզի օգնեց։ Վերոյի աղջկան եւ Էնելի պէս, Եհովային սրտանց աղօթէ, մանաւանդ երբ մեծ խնդիր մը ունիս։ Եւ Կէյտիի պէս, գիտակցէ թէ Եհովան կրնայ ընտանիքին կամ հաւատակիցներուն միջոցաւ պէտք եղած օգնութիւնը տալ։ Երբ Եհովային թոյլ տաս, որ քեզի օգնէ որ ներկայ փորձութիւններուդ տոկաս, աւելի վստահ պիտի ըլլաս որ ան քեզի պիտի օգնէ որ տոկաս որեւէ փորձութեան, որ ապագային թերեւս ունենաս։

19. Յիսուս ի՞նչ վստահութիւն ունէր, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

19 Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց, որ տեսնեն մարզեր, որոնց մէջ աւելի հաւատքի պէտք ունէին։ Բայց ան բնա՛ւ կասկած չունէր, որ անոնք Եհովայի օգնութեամբ պիտի կարենային ապագայ փորձութիւններու տոկալ (Յովհ. 14։1. 16։33)։ Ասկէ զատ, ան վստահ էր որ զօրաւոր հաւատքը մեծ բազմութեան մը պիտի օգնէր, որ մեծ նեղութենէն վերապրի (Յայտ. 7։9, 14)։ Դուն ալ պիտի ըլլա՞ս այդ մեծ բազմութեան մէջ։ Եհովայի օգնութեամբ պիտի ըլլաս, եթէ հիմա ամէն առիթ օգտագործես, որ հաւատքդ զօրացնես (Եբ. 10։39

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

^ պարբ. 5 Մենք անհամբեր կը սպասենք, որ այս չար աշխարհը վերջ գտնէ։ Սակայն, ատեններ թերեւս հարց կու տանք, որ արդեօք մեր հաւատքը պէտք եղածին պէս զօրաւոր պիտի ըլլա՞յ, որպէսզի կարենանք մինչեւ վերջ տոկալ։ Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք փորձառութիւններ եւ գործնական կէտեր, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մեր հաւատքը զօրացնենք։