Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46

Նոր ամուսնացած զոյգե՛ր, Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնացէ՛ք

Նոր ամուսնացած զոյգե՛ր, Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնացէ՛ք

«Տէրը զօրութիւնս. . . է. իմ սիրտս անոր յուսաց» (ՍԱՂ. 28։7

ԵՐԳ 36 «Զայն որ Աստուած միաւորեց»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ինչո՞ւ նոր ամուսնացած զոյգերը պէտք է Եհովային վստահին (Սաղմոս 37։3, 4)։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵԹԷ ամուսնանալու վրայ էք կամ նոր ամուսնացած էք, վստահաբար ուրախ էք որ պիտի ապրիք այն անհատին հետ, որ շատ կը սիրէք։ Բայց ամուսնութիւնը իր խնդիրները ունի եւ կան առնելիք կարեւոր որոշումներ։ Այն կերպը, որով այդ խնդիրները պիտի լուծէք եւ որոշումներ պիտի առնէք, պիտի ազդէ ձեր ուրախութեան։ Եթէ Եհովային ապաւինիք, իմաստուն որոշումներ պիտի առնէք եւ ուրախ ամուսնութիւն պիտի ունենաք։ Բայց եթէ որոշումներ առած ատեն, Եհովայի կարծիքը հաշուի չառնէք, խնդիրներ պիտի ունենաք եւ ձեր ամուսնութիւնը պիտի տուժէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։3, 4

2 Ճիշդ է որ այս յօդուածը ուղղուած է նոր ամուսնացած զոյգերուն, բայց կը քննարկէ խնդիրներ, որոնք բոլոր ամուսնացած զոյգերը կ’ունենան։ Յօդուածին մէջ պիտի սորվինք Աստուածաշունչին մէջ յիշուած հաւատարիմ այրերէ ու կիներէ։ Անոնցմէ քաղուած դասերը կրնանք գործադրել մեր կեանքին ու ամուսնութեան մէջ։ Նաեւ պիտի սորվինք զոյգերէ, որոնք մեր օրերուն կ’ապրին։

ՆՈՐ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ ԶՈՅԳ ՄԸ ԹԵՐԵՒՍ Ի՞ՆՉ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱՅ

Ի՞նչ որոշումներ կրնան նոր ամուսնացած զոյգը ետ պահել իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելէ (տե՛ս պարբ. 3-4)

3-4. Նոր ամուսնացած զոյգ մը թերեւս ի՞նչ դժուարութիւններ ունենայ։

3 Թերեւս ընտանիքի անդամներ, ազգականներ կամ բարեկամներ զոյգը քաջալերեն, որ «սովորական» կեանք ապրին, այսինքն՝ պզտիկ բերեն, տուն գնեն եւ այդ տունը ապրանքներով լեցնեն։

4 Եթէ զոյգը զգոյշ չըլլայ, այնպիսի որոշումներ պիտի առնէ, որոնց պատճառով կրնայ պարտքերու տակ մտնել։ Այդ պարտքերը գոցելու համար, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը թերեւս ստիպուին երկար ժամեր աշխատիլ։ Ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ այլեւս չկարենան շատ ժամանակ տրամադրել անձնական ուսումնասիրութեան, ընտանեկան պաշտամունքին եւ ծառայութեան։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ ժողովներ փախցնեն, որպէսզի կարենան աւելի դրամ շահիլ կամ իրենց գործը չկորսնցնել։ Այսպէս ընելով, կը զրկուին իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու հոյակապ առիթներէն։

5. Գլաուսի եւ Մարիսայի օրինակէն ի՞նչ կը սորվիք։

5 Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ եթէ մեր կեանքը նիւթական բաներու շուրջ կը դառնայ, ուրախ չենք ըլլար։ Նկատի առէք Գլաուս եւ Մարիսա անունով զոյգի մը փորձառութիւնը *։ Երբ ամուսնացան, երկուքն ալ լիաժամ աշխատեցան որ շատ դրամ եւ ստացուածքներ ունենան։ Բայց անոնք ուրախ չէին զգար։ Գլաուս կ’ըսէ. «Մեզի պէտք եղածէն աւելի նիւթական բաներ ունէինք, սակայն հոգեւոր գետնի վրայ նպատակակէտեր չունէինք։ Մեր կեանքը խճողուած ու ճնշումներով լեցուն էր»։ Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ դուք ալ այսպիսի փորձառութիւն ունիք։ Ուրիշներու լաւ օրինակը նկատի առնելը կրնայ ձեզի օգնել։ Նա՛խ տեսնենք, թէ ամուսինները ի՛նչ կրնան սորվիլ Յովսափատ թագաւորին օրինակէն։

ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԷՍ, ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԵՑԷՔ

6. Յովսափատ ինչպէ՞ս Առակաց 3։5, 6–ը գործադրեց, երբ լուրջ պարագայի մը առջեւ գտնուեցաւ։

6 Ամուսիննե՛ր, ատեններ ձեր պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուած կը զգա՞ք։ Եթէ այո, կրնաք օգտուիլ Յովսափատ թագաւորի օրինակէն։ Ան որպէս թագաւոր պատասխանատուութիւն ունէր ամբողջ ազգին հոգ տանելու։ Ան իր ձեռքէն եկածը ըրաւ, ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Ան Յուդայի քաղաքներուն մէջ բերդեր շինեց եւ աւելի քան 1,160,000 զինուորներ հաւաքեց (Բ. Մն. 17։12-19)։ Բայց ետքը, երբ ամմոնացիները, մովաբացիները եւ Սէիրի լերան բնակիչները իրեն, իր ընտանիքին եւ իր ժողովուրդին սպառնացին, ան Եհովային դիմեց օգնութեան համար (Բ. Մն. 20։1, 2)։ Իր ըրածը Առակաց 3։5, 6–ի խրատին համաձայն էր (կարդա՛)։ Յովսափատի խոր վստահութիւնը իր սիրելի երկնաւոր Հօր հանդէպ յայտնի կ’ըլլայ իր աղօթքին մէջ, որ արձանագրուած է Բ. Մնացորդաց 20։5-12–ի մէջ։ Եհովան ինչպէ՞ս իր աղօթքին պատասխանեց։

7. Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց Յովսափատին աղօթքին։

7 Եհովան ղեւտացի Յազիէլի միջոցաւ պատասխանեց Յովսափատին. «Դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք» (Բ. Մն. 20։13-17)։ Ասիկա վստահաբար պատերազմելու անսովոր կերպ մըն էր։ Բայց այս ուղղութիւնը Եհովայի՛ն կողմէն էր։ Յովսափատ Եհովային լիովին վստահելով ըրաւ այդ մէկը։ Ան առաջին գիծին վրայ դրաւ, ո՛չ թէ փորձառու եւ քաջ զինուորներ, հապա երգողներ։ Եհովան Յովսափատը յուսախաբ չըրաւ, եւ անոր յաղթանակ տուաւ (Բ. Մն. 20։18-23

Նոր ամուսնացած զոյգը կրնայ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանալ՝ Եհովային աղօթելով եւ իր Խօսքը սերտելով (տե՛ս պարբ. 8, 10)

8. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յովսափատի օրինակէն։

8 Ամուսիննե՛ր, կրնաք Յովսափատի օրինակէն սորվիլ։ Դուք պատասխանատուութիւն ունիք ձեր ընտանիքին հոգ տանելու, ատոր համար ծանր կ’աշխատիք ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար։ Երբ լուրջ խնդիրի մը առջեւ գտնուիք, թերեւս խորհիք որ կրնաք առանձին զայն լուծել։ Սակայն, մի՛ ապաւինիք ձեր կարողութիւններուն, հապա Եհովային օգնութիւնը խնդրեցէք, աղօթելով՝ թէ՛ առանձին եւ թէ ձեր կնոջ հետ։ Եհովային ուղղութիւնը փնտռեցէք՝ դիմելով Աստուածաշունչին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն, եւ ձեր գտած խրատը գործադրեցէք։ Ոմանք թերեւս անմտութիւն սեպեն Աստուածաշունչին հիման վրայ ձեր առած որոշումը եւ ըսեն որ դրամը եւ ինչ որ դրամը կը գնէ լաւագոյն ապահովութիւնը կու տայ ձեր ընտանիքին։ Բայց մի՛ մոռնաք Յովսափատին օրինակը։ Ան Եհովային վստահեցաւ եւ իր գործերով ցոյց տուաւ իր վստահութիւնը։ Եհովան զինք չլքեց, ձեզ ալ պիտի չլքէ (Սաղ. 37։28. Եբ. 13։5)։ Զոյգ մը ուրիշ ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի գոհացուցիչ կեանք վայելէ։

ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԵՒ ԻՐ ԿՆՈՋ ՊԷՍ, ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԷՔ

9. Ի՞նչ գիտենք Եսայիին եւ իր կնոջ մասին։

9 Եսայիին եւ իր կնոջ կեանքը կը դառնար Եհովայի ծառայութեան շուրջ։ Ուրկէ՞ գիտենք։ Եսայի մարգարէ էր, եւ թերեւս իր կինն ալ մարգարէական նշանակումներ կը ստանար, քանի որ Աստուածաշունչը իր մասին կ’ըսէ, որ «մարգարէուհի» էր (Եսա. 8։1-4)։ Որպէս զոյգ, անոնք Եհովային պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դրած էին։ Անոնք ի՜նչ հոյակապ օրինակ են այսօրուան զոյգերուն համար։

10. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները սերտելը ինչպէ՞ս կրնայ զոյգի մը օգնել, որ ուզեն իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային։

10 Ներկայիս, ամուսնացած զոյգերը կրնան կեդրոնանալ Եհովային ծառայելու վրայ, իրենց ամէն կարելին ընելով իրենց ծառայութեան մէջ։ Անոնք կրնան Եհովային հանդէպ իրենց վստահութիւնը զօրացնել՝ միասնաբար սերտելով Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները եւ տեսնելով որ անոնք միշտ կը կատարուին (Տիտ. 1։2) *։ Եւ կրնան մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնան որոշ մարգարէութիւններու կատարման մէջ բաժին բերել։ Օրինակ, կրնան մասնակցիլ Յիսուսի ըսած մարգարէութեան կատարման, որ է՝ բարի լուրը քարոզել համայն աշխարհի մէջ, վերջը գալէն առաջ (Մատ. 24։14)։ Զոյգը ո՛րքան աւելի վստահ ըլլան, որ մարգարէութիւնները միշտ կը կատարուին, ա՛յնքան աւելի պիտի ուզեն իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային։

ՊՐԻՍԿԻՂԱՅԻ ՈՒ ԱԿԻՒՂԱՍԻ ՊԷՍ, ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՐԷՔ

11. Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը ի՞նչ կրցան ընել եւ ինչո՞ւ։

11 Երիտասարդ զոյգերը կրնան սորվիլ Պրիսկիղայէն ու Ակիւղասէն. հրեայ զոյգ մը, որ Հռոմի մէջ կ’ապրէր։ Անոնք Յիսուսի մասին բարի լուրը լսած էին եւ քրիստոնեաներ եղած էին։ Անկասկած, անոնք իրենց կեանքէն գոհ էին, բայց շուտով իրենց պարագաները փոխուեցան, երբ Կղօդիոս կայսրը հրամայեց որ բոլոր հրեաները Հռոմէն հեռանան։ Ասիկա նշանակեց, որ իրենց ծանօթ եղող շրջանը ձգեն, նոր տուն գտնեն եւ նոր վայրի մը մէջ իրենց աշխարհիկ գործը սկսին։ Արդեօք այս դժուար պարագաները պատճառ եղա՞ն, որ անոնք Թագաւորութեան շահերը երկրորդական սեպեն։ Ո՛չ։ Կորնթոսի մէջ անոնք ժողովքին օգնական եղան եւ Պօղոս առաքեալի հետ եղբայրները քաջալերեցին։ Ետքը, անոնք ուրիշ քաղաքներ ալ գացին, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կար (Գործք 18։18-21. Հռով. 16։3-5)։ Անոնք իրապէս վայելեցին հաճոյալի կեանք մը։

12. Ինչո՞ւ ամուսնացած զոյգ մը պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնէ։

12 Ներկայիս, զոյգը կրնայ Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը ընդօրինակել, Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով։ Հոգեւոր նպատակակէտերու մասին խօսելու լաւագոյն ժամանակն է՝ ամուսնանալէ առաջ։ Երբ զոյգը միասին հոգեւոր նպատակակէտեր կը դնեն, եւ ջանք կը թափեն որ անոնց հասնին, աւելի առիթներ կ’ունենան Եհովային օգնութիւնը տեսնելու իրենց կեանքին մէջ (Ժող. 4։9, 12)։ Նկատի առէք Ռասըլի եւ Էլիզապէթի փորձառութիւնը։ Ռասըլ կ’ըսէ. «Ամուսնանալէ առաջ, մասնաւորաբար խօսեցանք մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին»։ Էլիզապէթ կ’աւելցնէ. «Այդպէս ըրինք, վստահ ըլլալու համար թէ յետագային երբ որոշումներու առջեւ գտնուինք, ի՛նչ որոշում որ առնենք, արգելք պիտի չըլլայ մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն հասնելու»։ Ռասըլ եւ Էլիզապէթ կրցան Միքրոնեզիա փոխադրուիլ, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կար։

Նոր ամուսնացած զոյգը կրնայ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանալ՝ հոգեւոր նպատակակէտեր դնելով (տե՛ս պարբ. 13)

13. Սաղմոս 28։7–ի համաձայն, երբ Եհովային վստահինք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

13 Ռասըլին եւ Էլիզապէթին պէս, շատ մը զոյգեր իրենց կեանքը պարզացուցած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ տրամադրեն քարոզելու եւ սորվեցնելու։ Երբ զոյգը միասին հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն, եւ ամէն ջանք ընեն որ ատոնց հասնին, աղուոր արդիւնքներ պիտի ունենան։ Անոնք պիտի տեսնեն, թէ Եհովան զիրենք կը հոգայ, Եհովայի հանդէպ իրենց վստահութիւնը պիտի աւելնայ եւ իսկական ուրախութիւն պիտի գտնեն (կարդա՛ Սաղմոս 28։7

ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ ԵՒ ԻՐ ԿՆՈՋ ՊԷՍ, ԵՀՈՎԱՅԻ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՍՏԱՀԵՑԷՔ

14. Պետրոս առաքեալ եւ իր կինը ինչպէ՞ս ցոյց տուին, որ կը վստահէին այն խոստումին, որ արձանագրուած է Մատթէոս 6։25, 31-34–ի մէջ։

14 Ամուսնացած զոյգերը կրնան նաեւ օգտուիլ Պետրոս առաքեալի եւ իր կնոջ օրինակէն։ Յիսուսին ծանօթանալուն վրայ շուրջ վեց ամիսէն մէկ տարի անցնելէ ետք, Պետրոս առաքեալ կարեւոր որոշումի մը առջեւ գտնուեցաւ։ Ան ձկնորսութիւն ընելով իր ընտանիքը կը պահէր։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս զինք հրաւիրեց որ իրեն հետեւի լման ժամանակով, Պետրոս ստիպուած էր հաշուի առնել իր ընտանեկան պարագան (Ղուկ. 5։1-11)։ Ան ընդունեց Յիսուսին հետ քարոզել, ինչ որ իմաստուն որոշում մըն էր։ Եւ կասկած չունինք որ իր կինը իրեն թիկունք կանգնեցաւ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսի յարութենէն ետք, Պետրոսին կինը առնուազն որոշ ժամանակ մը իրեն հետ ճամբորդեց (Ա. Կոր. 9։5)։ Եւ իր օրինակելի քրիստոնեայ կին ըլլալը Պետրոսին խօսքի ազատութիւն տուաւ, որ քրիստոնեայ ամուսիններուն եւ կիներու խրատ տայ (Ա. Պետ. 3։1-7)։ Ուրեմն, յստակ է որ թէ՛ Պետրոս եւ թէ իր կինը Եհովայի խոստումին վստահեցան, թէ իրենց նիւթական պէտքերը պիտի ապահովէր, եթէ Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէին (կարդա՛ Մատթէոս 6։25, 31-34

15. Ի՞նչ կը սորվիք Թիակուին եւ Էսթըրին փորձառութենէն։

15 Եթէ տարիներէ ի վեր ամուսնացած էք, կրնաք շարունակել զօրաւոր փափաք զարգացնել, որ Եհովային աւելի ծառայէք։ Կրնաք օգտուիլ զոյգերու փորձառութիւններէն, որոնք յիշուած են «Անձնուրաց ծառայողներ» յօդուածաշարքին մէջ։ Այս յօդուածները Պրազիլի մէջ ապրող Թիակուին եւ Էսթըրին օգնեցին, որ զօրաւոր փափաք զարգացնեն ծառայելու հոն, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Թիակուն կը բացատրէ. «Երբ կարդալով տեսանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաներուն կ’օգնէ, ուզեցինք մենք ալ իր հոգատարութիւնը մեր կեանքին մէջ զգալ»։ Անոնք ի վերջոյ փոխադրուեցան Փարակուէյ, ուր 2014–էն ի վեր փորթուգալերէն լեզուի դաշտին մէջ կը ծառայեն։ Էսթըր կ’ըսէ. «Ես ու ամուսինս Եփեսացիս 3։20–ի խօսքը շա՜տ կը սիրենք։ Անիկա կրկին անգամ կատարուած է մեր կեանքին մէջ»։ Այս նամակին մէջ Պօղոս կ’ըսէ, որ Եհովան միշտ մեր խնդրածէն աւելին կու տայ մեզի։ Այս խոստումը որքա՜ն ճիշդ է։

Նոր ամուսնացած զոյգը կրնայ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանալ՝ փորձառու զոյգերէն խրատ խնդրելով (տե՛ս պարբ. 16)

16. Երիտասարդ զոյգերը որո՞նց խրատը կրնան խնդրել, երբ կը մտածեն իրենց նպատակակէտերուն մասին։

16 Ներկայիս, երիտասարդ զոյգերը կրնան օգտուիլ Եհովային ապաւինող անհատներու փորձառութենէն։ Կարգ մը զոյգեր տասնեակ տարիներ անցուցած են լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Կրնաք անոնցմէ խրատ խնդրել, երբ կը մտածէք ձեր նպատակակէտերուն մասին։ Ասիկա ուրիշ կերպ մըն է, որով ցոյց կու տաք թէ Եհովային կը վստահիք (Առ. 22։17, 19)։ Երէցներն ալ կրնան ձեզի օգնել, որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնէք եւ անոնց հասնիք։

17. Գլաուսին եւ Մարիսային հետ ի՞նչ պատահեցաւ, եւ իրենց փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

17 Բայց ատեններ, մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու նկատմամբ մեր առած որոշումը մեր յուսացած արդիւնքը չի տար։ Նկատի առէք նախապէս նշուած Գլաուսի եւ Մարիսայի փորձառութիւնը։ Անոնք երեք տարիէ ի վեր ամուսնացած էին, երբ Ֆինլանտա գացին, մասնաճիւղին մէջ կամաւորաբար շինարարական գործին մասնակցելու համար։ Ետքը տեղեկացան, որ կրնային միայն վեց ամիս հոն մնալ։ Սկիզբը յուսախաբ եղան։ Բայց ետքը հրաւիրուեցան արաբերէն լեզուի դասընթացք առնելու, եւ այժմ ուրախ են որ ուրիշ երկրի մը արաբերէն լեզուի դաշտին մէջ կը ծառայեն։ Պատահածին մասին մտածելով, Մարիսան կ’ըսէ. «Կը վախնայի ընելու բան մը, որ ասկէ առաջ չէի ըրած, եւ պէտք էր լիովին Եհովային վստահէի։ Բայց տեսայ որ Եհովան միշտ մեզի օգնեց չակնկալուած կերպերով։ Այս փորձառութիւնը ունենալով, հիմա Եհովային ա՛լ աւելի կը վստահիմ»։ Ինչպէս այս օրինակը ցոյց կու տայ, ո՛վ զոյգեր, կրնաք վստահ ըլլալ, որ Եհովան միշտ ձեզ պիտի վարձատրէ, եթէ իրեն լիովին վստահիք։

18. Զոյգը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի շարունակէ Եհովային վստահիլ։

18 Ամուսնութիւնը Եհովային կողմէ նուէր է (Մատ. 19։5, 6)։ Ան կ’ուզէ որ զոյգերը կեանքը վայելեն (Առ. 5։18)։ Ո՛վ երիտասարդ զոյգեր, քննեցէք թէ ինչպէ՛ս ձեր կեանքը կը գործածէք։ Արդեօք ձեր ամէն կարելին կ’ընէ՞ք որ Եհովային ցոյց տաք, թէ իր տուած պարգեւները որքա՜ն կը գնահատէք։ Եհովային աղօթեցէք, իր Խօսքին մէջ փնտռեցէք սկզբունքներ, որոնք ձեր պարագային կը կիրարկուին, եւ զանոնք գործադրեցէք։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ պիտի ունենաք ուրախ կեանք մը, եթէ Եհովային ծառայելու վրայ կեդրոնանաք։

ԵՐԳ 87 Հիմա մէկ մարմին ենք

^ պարբ. 5 Կարգ մը որոշումներ որ կ’առնենք, կրնան ազդել թէ Եհովայի ծառայութեան որքա՛ն ժամանակ եւ ոյժ պիտի տրամադրենք։ Յատկապէս նոր ամուսնացած զոյգերը որոշումներու առջեւ կը գտնուին, որոնք կրնան մնայուն կերպով իրենց կեանքին ազդել։ Յօդուածը անոնց պիտի օգնէ, որ այսպիսի որոշումներ իմաստութեամբ առնեն, որպէսզի ուրախ ընտանեկան կեանք մը ունենան։

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 10 Օրինակ, կրնաք նկատի առնել «Հետեւեալ մարգարէութիւնները կրնա՞ս բացատրել» շրջանակը, Դիտարան–ի յուլիս 2020 թիւին մէջ, էջ 11։