Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

Շարունակեցէ՛ք իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալ

Շարունակեցէ՛ք իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալ

«Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն [«հաւատարիմ սէր», ՆԱ] ու գթութիւն թող ընէ» (ԶԱՔ. 7։9

ԵՐԳ 50 Աստուածային սիրոյ օրինակը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալու ի՞նչ կարեւոր պատճառներ ունինք։

ԻՐԱՐՈՒ հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալու կարեւոր պատճառներ ունինք։ Ի՞նչ են ատոնցմէ ոմանք։ Նկատէ թէ այս ներշնչեալ առակները ինչպէ՛ս կը պատասխանեն այդ հարցումին. «Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն։ . . .Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես»։ «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ»։ «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք. . . պիտի գտնէ» (Առ. 3։3, 4. 11։17. 21։21

2 Այս առակները երեք պատճառներ կու տան, թէ ինչո՛ւ պէտք է հաւատարիմ սէր ցոյց տանք։ Առաջին, հաւատարիմ սէր ցոյց տալով Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր կ’ըլլանք։ Երկրորդ, հաւատարիմ սէր ցոյց տալով մե՛նք կ’օգտուինք։ Օրինակ, մնայուն բարեկամութիւններ կ’ունենանք։ Երրորդ, հաւատարիմ սէր ցոյց տալը ապագայ օրհնութիւններ կը բերէ, մէջը ըլլալով յաւիտենական կեանքը։ Ուրեմն, կարեւոր պատճառեր ունինք որ Եհովայի այս յիշեցումին հետեւինք. «Ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ» (Զաք. 7։9

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք չորս հարցումներու պատասխանները. Որո՞նց հանդէպ պէտք է հաւատարիմ սէր ցոյց տանք։ Հռութ գիրքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ հաւատարիմ սիրոյ մասին։ Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ սէր ցոյց տալ։ Ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն անոնք, որոնք հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան։

ՈՐՈ՞ՆՑ ՀԱՆԴԷՊ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ

4. Հաւատարիմ սէր ցոյց տալու մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել (Մարկոս 10։29, 30

4 Նախորդ յօդուածը մեզի օգնեց հասկնալու, թէ Եհովան հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ միայն անոնց հանդէպ, որոնք զինք կը սիրեն ու իրեն կը ծառայեն (Դան. 9։4)։ Մենք կ’ուզենք «Աստուծոյ նմանող [ըլլալ] սիրելի զաւակներու պէս» (Եփ. 5։1)։ Հետեւաբար, կը փափաքինք ջերմ զգացումներ ունենալ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30

5-6. Մարդիկ սովորաբար «հաւատարմութիւն» բառը ինչպէ՞ս կը գործածեն։

5 Վստահաբար, ո՛րքան աւելի հասկնանք թէ հաւատարիմ սէր ի՛նչ կը նշանակէ, ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի կարենանք զայն ցոյց տալ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ։ Որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք թէ ի՛նչ է հաւատարիմ սէրը, զայն բաղդատենք հաւատարմութեան հետ,– ինչպէս որ «հաւատարմութիւն» բառը սովորաբար մարդիկ կը գործածեն։ Նկատի առ օրինակ մը։

 6 Ներկայիս, ընկերութեան մը մէջ երկար տարիներ աշխատողի մը համար կ’ըսեն, որ հաւատարիմ պաշտօնեայ է։ Բայց թերեւս այս բոլոր տարիներուն ընթացքին, ան բնաւ չէ տեսած իր գործատէրը։ Ան թերեւս միշտ համաձայն չէր ընկերութեան որոշումներուն։ Ան ընկերութիւնը չի սիրեր, բայց ուրախ է որ այս գործը իրեն դրամ կը բերէ։ Ան պիտի շարունակէ այս ընկերութեան մէջ աշխատիլ, մինչեւ որ հանգստեան կոչուի, բացի եթէ ուրիշ ընկերութեան մը մէջ իրեն աւելի լաւ գործ մը առաջարկուի։

7-8. ա) Մէկը ի՞նչ պատճառով հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ։ բ) Ինչո՞ւ Հռութ գիրքէն կարգ մը հատուածներ նկատի պիտի առնենք։

7  6–րդ պարբերութեան մէջ բացատրուած «հաւատարմութիւն»ը ինչո՞վ տարբեր է հաւատարիմ սէրէն։ Տարբերութիւնը այն է, որ անհատը ի՞նչ պատճառով ցոյց կու տայ զայն։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ պատճառով հաւատարիմ սէր ցոյց տուին։ Անոնք հաւատարիմ սէր ցոյց տուին ո՛չ թէ քանի որ ստիպուած էին, հապա՝ քանի որ սրտանց կ’ուզէին։ Նկատի առ Դաւիթին օրինակը։ Անոր սիրտը զինք մղեց հաւատարիմ սէր ցոյց տալու իր սիրելի բարեկամին՝ Յովնաթանին հանդէպ, հակառակ անոր որ Յովնաթանի հայրը կ’ուզէր զինք մեռցնել։ Դաւիթ Յովնաթանին մահէն տարիներ ետք, տակաւին շարունակեց անոր որդիին՝ Մեմփիբոսթէին հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տալ (Ա. Թագ. 20։9, 14, 15. Բ. Թագ. 4։4. 8։15. 9։1, 6, 7

8 Հաւատարիմ սիրոյ մասին շատ մը դասեր կրնանք սորվիլ, նկատի առնելով Հռութ գիրքէն կարգ մը հատուածներ։ Ի՞նչ են այդ դասերը եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք մեր ժողովքին մէջ գործադրել *։

ՀՌՈՒԹ ԳԻՐՔԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

9. Նոեմին ինչո՞ւ խորհեցաւ որ Եհովան իրեն կը հակառակէր։

9 Հռութ գիրքին մէջ կը կարդանք Նոեմիին մասին, իր Հռութ հարսին մասին եւ աստուածավախ Բոոսին մասին, որ Նոեմիի ամուսինին ազգական էր։ Իսրայէլի մէջ եղած սովի մը պատճառով, Նոեմին, իր ամուսինը եւ երկու տղաքները Մովաբ փոխադրուեցաւ։ Մովաբի մէջ, Նոեմիի ամուսինը մահացաւ։ Անոր երկու տղաքը ամուսնացան, բայց անոնք ալ մահացան (Հթ. 1։3-5. 2։1)։ Այս փորձանքները պատճառ եղան, որ Նոեմին ա՛լ աւելի յուսահատի։ Ան այնքա՛ն ընկճուեցաւ, որ խորհեցաւ թէ Եհովան իրեն կը հակառակէր։ Նկատէ թէ Աստուծոյ նկատմամբ իր զգացումները ինչպէ՛ս արտայայտեց. «Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։ «Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց» (Հթ. 1։13, 20, 21

10. Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց Նոեմիի դառն խօսքերուն։

10 Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց Նոեմիի դառն խօսքերուն։ Ան իր տխուր ծառային կռնակ չդարձուց։ Ընդհակառակը, ան ցոյց տուաւ որ անոր հետ կը զգար։ Եհովան կը հասկնայ որ «հարստահարութիւնը իմաստունը կը խենթացնէ» (Ժող. 7։7, ԱԾ)։ Այսուհանդերձ, Նոեմին օգնութեան պէտք ունէր, որպէսզի տեսնէր թէ Եհովան իր կողքին էր։ Ան ի՞նչ օգնութիւն տուաւ (Ա. Թագ. 2։8)։ Ան Հռութը մղեց որ Նոեմիին հասնի եւ իրեն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տայ։ Հռութ ուզե՛ց Նոեմիին հանդէպ սէր ցոյց տալ եւ իրեն ազնուօրէն օգնեց, որ շատ չվհատէր եւ գիտնար որ Եհովան զինք տակաւին կը սիրէր։ Ի՞նչ կը սորվինք Հռութի օրինակէն։

11. Ինչո՞ւ ազնիւ եղբայրներն ու քոյրերը նեղութեան մէջ եղողներուն օգնութեան կը հասնին։

11 Հաւատարիմ սէրը մեզ կը մղէ, որ նեղութեան մէջ եղողներուն օգնութեան հասնինք։ Ինչպէս որ Հռութ Նոեմիին կողքին մնաց, ազնիւ եղբայրներ ու քոյրեր պատրաստ են վհատած կամ ընկճուած անհատներու կողքին մնալու։ Անոնք իրենց եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրեն եւ կ’ուզե՛ն իրենց ամէն կարելին ընել անոնց օգնելու համար (Առ. 12։25. 24։10)։ Պօղոս առաքեալ մեզ քաջալերեց, որ այդպէս ընենք, երբ ըսաւ. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք» (Ա. Թես. 5։14

Ընկճուած եղբօր մը կամ քրոջ մը կրնանք օգնել՝ իրեն ականջ տալով (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ընկճուած եղբօր մը կամ քրոջ մը օգնելու ամէնէն ազդու կերպը յաճախ ի՞նչ է։

12 Ընկճուած եղբօր մը կամ քրոջ մը օգնելու ամէնէն ազդու կերպը յաճախ այն է, որ իրեն լսող ականջ դարձնես եւ վստահեցնես որ զինք կը սիրես։ Եհովան կը նկատէ, երբ ազնուաբար կ’օգնես իր թանկագին ոչխարներէն մէկուն (Սաղ. 41։1Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։

Հռութ իր կեսրոջ՝ Նոեմիին, կողքին կը մնայ, մինչ Որփան կը վերադառնայ Մովաբ։ Հռութ Նոեմիին կ’ըսէ. «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ» (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Հռութին որոշումը ինչպէ՞ս տարբեր էր Որփային որոշումէն, եւ Հռութ ինչպէ՞ս հաւատարիմ սէր ցոյց տուաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։

13 Աւելի կը հասկնանք, թէ ի՛նչ ըսել է հաւատարիմ սէր, երբ նկատի կ’առնենք թէ Նոեմիին հետ ի՛նչ պատահեցաւ, իր ամուսինին եւ երկու զաւակներուն մահէն ետք։ Երբ Նոեմին իմացաւ, որ «Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով», որոշեց իր տունը վերադառնալ (Հթ. 1։6)։ Իր երկու հարսերը իրեն հետ ճամբայ ելան։ Բայց ճամբորդութեան ընթացքին, Նոեմին երեք անգամ անոնց ըսաւ, որ Մովաբ վերադառնան։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Կը կարդանք. «Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ» (Հթ. 1։7-14)։ Մովաբ վերադառնալով, Որփան իրմէ ակնկալուածը ըրաւ։ Բայց Հռութ անկէ աւելին ըրաւ։ Ինքն ալ կրնար տուն վերադառնալ, բայց որովհետեւ Նոեմիին հանդէպ հաւատարիմ սէր ունէր, որոշեց անոր հետ մնալ, անոր օգնելու համար (Հթ. 1։16, 17)։ Հռութ որոշեց Նոեմին չձգել, ո՛չ թէ քանի որ պէտք էր այդպէս ընէր, հապա քանի որ ատիկա իր ուզածն էր։ Հռութ իսկական հաւատարիմ սէր ցոյց տուաւ։ Ի՞նչ կը սորվինք անոր ըրածէն։

14. ա) Ներկայիս մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ ընտրութիւն կ’ընեն։ բ) Եբրայեցիս 13։16–ի համաձայն, Աստուած ի՞նչ զոհողութիւններու կը հաճի։

14 Երբ հաւատարիմ սէր ունինք, մեզմէ ակնկալուածէն աւելին կ’ընենք։ Ներկայիս, ինչպէս անցեալին, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ,– նոյնիսկ անոնց հանդէպ, որոնք անձնապէս չեն ճանչնար։ Օրինակ, երբ լսեն որ տեղ մը բնական աղէտ պատահած է, անմիջապէս կ’ուզեն գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան օգնել։ Երբ ժողովքին մէջ մէկը դժուար ժամանակներէ կ’անցնի, առանց երկմտելու այդ անհատին կ’օգնեն գործնական կերպերով։ Անոնք, առաջին դարու մակեդոնացիներուն պէս, իրենցմէ ակնկալուածէն աւելին կ’ընեն։ Անոնք իրենց ժամանակէն ու ստացուածքէն կու տան (Բ. Կոր. 8։3)։ Եհովան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով որ անոնք այսպիսի հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։16

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

15-16. Հռութ ինչպէ՞ս պնդող էր։

15 Կրնանք կարգ մը գեղեցիկ դասեր քաղել, քննելով թէ ինչպէ՛ս Հռութ օգնեց Նոեմիին։ Նկատի առնենք քանի մը հատը։

16 Պնդող եղիր։ Երբ Հռութ առաջարկեց, որ իր կեսուրին հետ Յուդա երթայ, Նոեմին սկիզբը մերժեց։ Բայց Հռութ չյանձնուեցաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Երբ Նոեմի տեսաւ, որ անիկա միտքը դրեր է իրեն հետ երթալ, ա՛լ չխօսեցաւ անոր» (Հթ. 1։15-18

17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ դիւրաւ չյանձնուինք։

17 Ի՞նչ կը սորվինք։ Վհատած անհատներու օգնելու համար համբերութեան պէտք ունինք, բայց պէտք չէ յանձնուինք։ Քոյր մը, որ օգնութեան պէտք ունի, թերեւս սկիզբը մեր օգնութիւնը մերժէ *։ Բայց հաւատարիմ սէրը մեզ պիտի մղէ, որ իրմէ վազ չանցնինք (Գաղ. 6։2)։ Մենք յոյս ունինք, որ ան ի վերջոյ մեր բարեկամութիւնը պիտի ընդունի եւ մեզի թոյլ պիտի տայ, որ զինք վհատութենէն դուրս հանենք։

18. Ի՞նչ բան Հռութին ցաւ պատճառած ըլլալու էր։

18 Մի՛ վիրաւորուիր։ Երբ Նոեմի եւ Հռութ Բեթլեհէմ հասան, Նոեմին հանդիպեցաւ իր նախկին դրացուհիներուն։ Անոնց ըսաւ. «Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց» (Հթ. 1։21)։ Երեւակայէ թէ Հռութ ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, այս խօսքերը լսելով։ Ան իր ամէն կարելին ըրած էր Նոեմիին օգնելու համար։ Անոր հետ լացած էր, զինք մխիթարած էր եւ երկար օրեր անոր հետ քալած էր։ Հակառակ այս բոլորին, Նոեմին ըսաւ. «Տէրը զիս պարապ դարձուց»։ Այս խօսքերով, Նոեմին նոյնիսկ ցոյց չտուաւ, թէ կ’արժեւորէր Հռութին օգնութիւնը, որ իր քով կայնած էր։ Հռութ ի՜նչ մեծ ցաւ զգացած ըլլալու էր։ Հակառակ ասոր, շարունակեց Նոեմիին հետ մնալ։

19. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ վհատած մէկու մը թիկունք կանգնինք։

19 Ի՞նչ կը սորվինք։ Ներկայիս, թերեւս վհատած քոյր մը սկիզբը մեզի հետ վիրաւորական կերպով խօսի,– հակառակ անոր որ շատ ջանք թափած ենք, որ իրեն օգնենք։ Բայց կը փորձենք չվիրաւորուիլ, եւ իր կողքին կը մնանք ու Եհովայէն կը խնդրենք, որ մեզի օգնէ կերպ մը գտնելու որ զինք մխիթարենք (Առ. 17։17

Ներկայիս երէցները ինչպէ՞ս կրնան Բոոսը ընդօրինակել (տե՛ս պարբ. 20-21)

20. Ի՞նչ բան Հռութին պէտք եղած ուժը տուաւ, որ չյանձնուի։

20 Տեղին քաջալերութիւն տուր։ Հռութ Նոեմիին հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տուած էր, բայց հիմա ինք քաջալերութեան պէտք ունէր։ Ուստի, Եհովան Բոոսը մղեց, որ զինք քաջալերէ։ Բոոս Հռութին ըսաւ. «Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։ Այս ջերմ խօսքերը Հռութին սրտին դպան։ Ան պատասխանեց ըսելով. «Դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար» (Հթ. 2։12, 13)։ Բոոսին այս տեղին խօսքերը Հռութին պէտք եղած ուժը տուին, որ չյանձնուի։

21. Ինչպէս որ նկարագրուած է Եսայի 32։1, 2–ի մէջ, հոգատար երէցները ի՞նչ կ’ընեն։

21 Ի՞նչ կը սորվինք։ Անոնք, որոնք ուրիշներու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան, երբեմն իրենք քաջալերութեան պէտք կ’ունենան։ Ինչպէս որ Բոոս վստահեցուց Հռութը, թէ անոր ազնուութիւնը աննկատ չէր մնացած, ուշադիր երէցները այսօր կը գովեն սիրալիր եղբայրներն ու քոյրերը, իրենց մատուցած օգնութեան համար։ Այսպիսի ժամանակայարմար եւ ջերմ գովասանք, եղբայրներուն ու քոյրերուն պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որպէսզի չյանձնուին (կարդա՛ Եսայի 32։1, 2

Ի՞ՆՉ ՕԳՈՒՏՆԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ

22-23. Նոեմիին զգացումները ինչպէ՞ս փոխուեցան, եւ ինչո՞ւ (Սաղմոս 136։23, 26

22 Ժամանակ մը ետք, Բոոս առատաձեռնօրէն ուտելիք հայթայթեց Հռութին եւ Նոեմիին (Հթ. 2։14-18)։ Նոեմին ինչպէ՞ս հակազդեց Բոոսի այս առատաձեռնութեան։ Ան ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց» (Հթ. 2։20ա)։ Նոեմիին զգացումները որքա՜ն փոխուած էին։ Ասկէ առաջ, ան արցունք թափելով ըսած էր. «Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ», բայց հիմա ան ուրախութեամբ ըսաւ. ‘Տէրը իր ողորմութիւնը չկտրեց’։ Նոեմիին զգացումները ինչո՞ւ փոխուեցան։

23 Նոեմին վերջապէս սկսաւ Եհովային ձեռքը տեսնել իր կեանքին մէջ։ Եհովան Հռութը գործածած էր, որ պէտք եղած օգնութիւնը տար ճամբորդութեան ընթացքին դէպի Յուդա (Հթ. 1։16)։ Նոեմին նաեւ հասկցաւ, որ Եհովան Բոոսը գործածած էր, իրեն եւ Հռութին օգնելու համար (Հթ. 2։19, 20բ)։ Ան թերեւս մտածեց. ‘Հիմա կը հասկնամ, որ Եհովան բնաւ զիս չլքեց։ Ան միշտ ինծի հետ էր’ (կարդա՛ Սաղմոս 136։23, 26)։ Նոեմին որքա՜ն երախտապարտ ըլլալու էր, որ Հռութ եւ Բոոս իրմէ վազ չանցան։ Կրնանք երեւակայել, որ երեքն ալ ուրախացան այս հոյակապ արդիւնքով։

24. Ինչո՞ւ կ’ուզենք շարունակել հաւատարիմ սէր ցոյց տալ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ։

24 Հռութ գիրքէն ի՞նչ սորվեցանք հաւատարիմ սիրոյ մասին։ Հաւատարիմ սէրը մեզ կը մղէ, որ վհատած եղբայրներէն ու քոյրերէն դիւրաւ մեր յոյսը չկտրենք։ Անիկա նաեւ մեզ կը մղէ, որ իրենց օգնելու համար զոհողութիւններ ընենք։ Երէցները պէտք է յարմար ժամանակին եւ ջերմօրէն քաջալերեն անոնք, որոնք ուրիշներու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց կու տան։ Երբ կը տեսնենք, թէ օգնութեան պէտք ունեցողները ինչպէ՛ս հոգեւորապէս ետ կը զօրանան, շատ կ’ուրախանանք (Գործք 20։35)։ Սակայն, ի՞նչ է հաւատարիմ սէր ցոյց տալու ամէնէն կարեւոր պատճառը։ Մենք կ’ուզենք ընդօրինակել եւ հաճեցնել Եհովան, որ «առատ է ողորմութիւնով» (Ել. 34։6. Սաղ. 33։22

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Եհովան կ’ուզէ որ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցոյց տանք։ Կրնանք աւելի՛ հասկնալ թէ ի՛նչ է հաւատարիմ սէրը՝ քննելով թէ Աստուծոյ անցեալի ծառաները զայն ինչպէ՛ս ցոյց տուին։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Հռութի, Նոեմիի եւ Բոոսի օրինակէն։

^ պարբ. 8 Այս յօդուածէն լիովին օգտուելու համար, քեզ կը քաջալերենք որ Հռութ գիրքին 1 եւ 2–րդ գլուխները կարդաս։

^ պարբ. 17 Որովհետեւ Նոեմիին օրինակը նկատի կ’առնենք, կը խօսինք օգնութեան պէտք ունեցող քոյրերու մասին։ Բայց այս յօդուածին մէջի կէտերը եղբայրներուն ալ կը կիրարկուին։